9.
ՃԵՐՄԱԿ
ՎԱՐԴԵՐ
Ըսպիտա՜կ
վարդեր,
ըսպիտա՜կ
վարդեր,
Զոր
հովն
անտեսեց
այս
ճամբուն
վըրայ,
Շամբուշ
հովն
աշնան`
որ
կը
դըղրդէր
Մոլեգին`
հողին
ընդերքն
համօրէն:
Ճերմա՜կ
գաղափար,
ճերմա՜կ
գաղափար,
Աշնան
մոլուցքէն
դողահար
հիմակ,
Համբո՜յր
շուշանի,
դիւթանք
ձիւնեղէն,
Փերթ
փերթ
լուսինկայ,
ապրշում
համակ:
Բե՜ր
ինծի
իղձիդ
կաթը
խանդաղատ:
Մենաւո՜ր
վարդեր,
որ
մելամաղձիկ
Մառախուղներուն
մէջ
դեռ
կը
ժպտիք,
Ապրեցէ՜ք
հոգւոյս
մէջ
յաւէրժօրէն: