22.
ՍՈՆԱԴԻՆ
Միջոցին
մէջ
կը
թօշնի
Լոյսի
ծաղիկը
թրթռուն.
Ըմպած
մըռայլն
ամպերուն,
Տըխուր
է
ծովն
աշունի:
Ցորեկներուն
կը
հակին
Գորշութիւններն
հոգւոյս
մէջª
Ուր
գիշերուան
երգը
գէ
ջ
Լացաւ
թօնով
մը
մէկին:
Ամայութեան
մը
տրտում
Կու
գայ
ինձ
ցաւն
երբեմնի.
Եւ
երազանքս
անպատում
Կը
կոծկոծի՜,
կ'արիւնի:
Հովը
կ'ոռնայ
խուլօրէն,
Ու
գիշերը
կ'երկարի՜.
Ալիքներու
ժըխորէն
Ու
սարսափէն
խաւարի:
Դալուկ
սիրոյ
մ'աշնային
Կը
կաթէ
դողն
հոգւոյս
մէջ,
Ուր
հուրիներ
կը
նային
Անրջածին,
լուսամէջ:
Բայց
կը
վախնամ
որ
նորէն
Խուսափի՜
լոյսն
երազին,
Ու
մըշուշներ
գաղտօրէն
Վայելքներուս
շուրջ
յածին:
Աղաղակ
մը,
մէջն
հոգւոյս,
Արագօրէն
կը
ձայնէ
Մահուան
պարը
սրտայոյզ,
Մեռա՜ծ
է
կոյսը
ձիւնէ:
Տարփատենչիկ,
զաղփաղփուն ,
Աղջիկն
է
ան
անուրջիս,
Երազունակ
ու
փաղփուն
Հոգին
կանգնած
է
առջիս:
Ու
կը
տեսնեմ
դեռ
շողուն
Փայլը
սրտին
իր
նըսեմ.
Մոգութենէն
աչքերուն
Յափշտակուած
կ'երազեմ…