24.
ԱՅԳԵՐԳ
Այգն
է
ծաղիկ
երազով
լի
ու
բալաձիգ`
թեթեւօրէն.
Մըշուշն
անծալ
ջրվէժի
պէս
ամբարտակէն
վար
կը
հոսի.
Իր
չըփոյթին
մէջ
կը
շիկնի
ոսկի
աղջիկն
արշալոյսի,
Այգն
է
ծաղիկ
երազով
լի
ու
բալաձիգ`
թեթեւօրէն:
Երկու
բոցէ
թեւերու
մէջ
ծովանըկարն
է
սխրալի՜.
եւԿապոյտի՜
փառք
ամրափակուած
շրջագիծով
ոսկեդրուագ,
եւ
Ուր
ցնծալից
թեւճակներու
հեշտերգն
ունին
կուր
ու
նաւակ.
Երկու
բոցէ
թեւերու
մէջ
ծովանըկարն
է
սխրալի՜:
Պիտի
ըմպե՜մ
բոցն
արեւին,
ճառագայթի՜
եմ
ծարաւի.
Պիտի
ծըծեմ
բոյրն
առտըւան`
հոգւոյս
համար`
որ
հիւա՜նդ
է.
Հոգւոյս
համար`
որ
կ'երազէր
գգուոտ
ու
մեղմ
շունչն
հարաւի,
Պիտի
ըմպե՜մ
բոցն
արեւին,
ճառագայթի՜
եմ
ծարաւի:
Քիչ
մըն
ալ
դո՛ւն
ժպտէիր,
ա՜հ,
հոգւոյս
համար`
որ
հիւա՜նդ
է.
Նայուածքի
խաղª
որով
դառնայ
աշխարհն
ինծի
ծափ
ու
ծաղիկ,
Տարիներով
իմ
երազս
էր
սիրոյ
գարուն
մը
խաղաղիկ,
Քիչ
մըն
ալ
դո՛ւն
ժպտէիր,
ա՜հ,
հոգւոյս
համար`
որ
հիւա՜նդ
է:
Սէր-Արեւիդ
բոցն
երկարէ
խորերն
հոգւոյս
իմ
պատանի,
Զերթ
արեւին
լեզուակն
ոսկի`
որ
կը
ծըծէ
մըշուշն
այգուն.
Ո՞ւր
է
ճաճանչն,
հուրքը
ջերմին`
որ
մառախուղն
առնէ
տանի,
Սէր-Արեւիդ
բոցն
երկարէ
խորերն
հոգւոյս
իմ
պատանի: