Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
25. ՄԹՆՇԱՂՆԵՐ
       Վերջալոյսի աղջիկն է իր կուսութեան մէջ քրքում.
Ինչո՜ւ մինակ մընացի երազիս հետ թախծագին.
Թմբիներու բոյրին տակ, նուռիներու ծաղիկին`
Ա՜հ, ինչո՞ւ ես մընացի գիրկն երազին այս տրտում:
       Ո՜վ դուն հիրիկ ծաղկանոյշ, երբ անցար հետ լոյսերուն,
Բան մը փըլաւ հոգւոյս մէջ քայքայումով ողբագին.
Դարձիդ քի՜չ մըն ալ ժպտէ սա՛ լուսաբաղձ հիւանդին`
Որ քիչ առ քիչ կը մեռնի՜ կառչած իր խօլ յոյսերուն…
       Մութը կ'իջնէ հոգւոյս` ուր վաղո՜ւց գիշեր է արդէն.
Ըսպասումի՜ ցայգ` ուր դեռ չըշողաց լո՜յսն երազին.
Հազիւ քիչ մը բոյր ծըծած մոռացումին ես վարդէն
Նորէն քեզի՜ կը դառնամ, ա՜կն արեւիս ոսկեծին:
       Լուսնի պայծառ տիւին տակ պիտի համրեմ անդադար
Բուստէ զարկերն ոգեւոր` առոյգ սիրոյ երազին.
Ա՜հ, քիչ մը լո՜յս, ժըպի՜տ մը` որ կեա՜նք ինծի պիտի տար,
Եւ փարատէր լըքումն` որ կը ծանրանայ իմ ուսին:
       Եկո՜ւր, արդէն կը մըսի՜ն հէք երազներն իմ որբուկ,
Ա՜լ յոգնած եմ անցնելէն կածաններէ մենաւոր,
Անձրեւ կ'իջնէ հոգւոյս մէջ, կըզգամ մահուան սրսըփուք,
Ձեռքս է պարապ մընացեր դատարկին մէջ սըգաւոր: