Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
30. ՑԱՅԳԱՆԿԱՐ
       Համատարած անդորրութեան մը մէջէն,
Կիսաթափանց մըշուշներուն մէջ հալած
Ուրուագիծը տուներու`
Որոնց լայնաքթիթ պատուհաններէն
Կը ժայթքեն
Լոյսի ցայտքեր` տարփագին ծաղիկներուն պըլլըւած:
Ու հեշտոտ ու մարմըրուն
Աղաղակն ալ նըւագներուն լարաւոր
Կը ծաղկեցընեն դիւթանքն անդորրիկ,
Գիշերուան մը երջանիկ:
Ու կ'երկարի՜, կ'երկարի՜
Խմբանկարը տուներուն`
Տարտամօրէն փաթթըւած
Մէջն ապրշում մըշուշին,
Ու լայննալո՜վ, լայննալո՜վ
Դէպ ի ծովափն` որ երկչոտ
Կըսպասէ
Ալիքներու համոյրին:
Ու եզերքէն հանդիպակաց
Ծայրը դալար հրուանդանին,
Ուր վաղուց
Մեռան ճիչերը ցորեկին,
Ծովին փոթ փոթ երանգածուփ թաւիշին վրայ
Միապաղաղ կ'անդրադառնայ
Ուրուանըկարը խուսափուկ
Լոյսի ծըփուն ծաղիկին`
Որ կը ծըլի փողփողուն ծովեզերքի փարոսէն:
Ու դեռ հեռուն,
Քաղաքէն ու բացավայրէն ալ անդին,
Կ'ընդնշմարեմ արտեւանները ցըցուն
Մանիշակէ լեռներուն
Մարմաշի մէջ պլլըւած
Հսկայ հարսեր հեշտամոլ`
Որոնց տարփանքը կըզգաս
Հեռուներէն, հեռուներէ՜ն…
Ու կը լըսեմ վարերէն թեւճակներու նըւագն ալ,
Ջուրերուն վրայ թըրթըռուն,
Ու կը լըսեմ ծաղիկներուն ալ երգը
Աղաղակ մը սիրածուփ`
Սահած ծոցէն դաշտերուն`
Ուր ցաները կը վէտվէտին սիրատարփ:
Ուր երկինքն ալ կը քնանայ,
Կապոյտներու խորհուրդին մէջ երազելով
Վաղորդայններն երջանիկ: