Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
38. ԿԱՊՈՅՏ ՅԱԾՈՒՄՆԵՐ
       Կը դառնան ժիր կախիլներն իմ ապըրշումէ անրջանքիս,
Ոլորելով դեղին, ճերմակ մահն երբեմնի շերասներուն.
Խըռովանքիս մէջ կըսպասեմ, ո՞ւր, արդեօք ո՜ւր պիտի յանգի
Կոյս ու ծաղիկ երազներուս դեղձան շառափը մարմըրուն:
       Դառն հրճուանքով ես կը դիտեմ խելխօլ շրջպարն այդ դարձդարձիկ,
Գիրկն անդորրիս կիսամըրափ եւ անձկանքիս մէջ ամրափակ,
Տենչ մը դալար բաղեղի պէս կը պլլըւի հոգւոյս բաղձիկ`
Զոր տենդագին կը գալարէր հուր սէրերուն ուժգին պապակ:
       Հապօ՜ն, անցի՜ր, ծըծէ՛ հեշտին համբոյրն անոյշ լելակներուն,
Ու թեւաբախ սուրա հոն` ուր զոյգ մը դաշտեր բիլ սմբուլի
Քեզ կըսպասեն` խնկապատար ցայգուն ցօղովը թաթաւուն,
Իրենց անհուպ միայնութեան մէջ` սըգաւոր ու հեշտալի:
       Շրջանն ըրէ մարմանդներուն ու ծաղկածին հովիտներուն,
Անցիր տըմոյն ըստուերներու մէջ աղօթող անտառներէն,
Գօտի հիւսէ շուրջն ալեւոր քարշեպներուն ու գալարուն
Գետին վըրայ` որ կը վազէ հըռնդալէն ու հեւալէն:
       Անցիր փաղփուն հիւսիսայգին բորբ աչքերու շամանդաղին,
Մինչեւ երդեմն արտօսրազօծ` կանացի բոց հոգիներուն,
Ըսէ կրակոտ նայուածքներուն թէ մանո՜ւկն եմ իրենց խաղին
Ու տար անոնց դողն ըստուերոտ պաղատանքիս իմ մոլորուն:
       Այս իրիկուն, լուռ, անշըշուկ, օրհասին հետ բզզիւններուն,
Ու խաղաղիկ յորձանքին մէջ թռչուններու ցայգանդորրին,
Այս իրիկուն, թե՜լն անուրջիս, գընա՛, անցի՜ր, յուշիկ հեռո՜ւն`
Լուսածըրար երկինքներու ճամբաներէն լայն ու լըռին:
       Խօլ դարձիդ մէջ, գընա՛ պահ մը կայքն ադամանդ աշխարհներուն,
Ժապաւէնիդ վրայ շարելով անոնց արցունքը գունագեղ.
Խորասուզէ ծոպդ ոսկեզօծ` ծովածիծաղ ու թրթըռուն
Քընարին բիլ նայւածքներուն ծփծփանքին մէջ յորդազեղ:
       Ու շնչահատ վազէ մինչեւ միգամածներն ոսկեփոշի,
Ու ցնծագին անցիր անոնց մըշուշապատ շաւիղներէն,
Բայց անոնց բիւր շըլացքներէն քու ճղճիմ հուրքդ երբոր մաշի,
Փութով ինծի՛, փութով ինծի՛, փութով ինծի՜ դարձիր նորէն…