Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ուրեմն ի՞նչ էր 1441ին քաղաքական ազդակը՝ որ երբ Սիսի մէջ կաթողիկոսական Աթոռն ունէր իւր գահակալը, Էջմիածնի մէջ Կիրակոս Վիրապեցին Կաթողիկոս կ՚ընտրուի, եւ այդ թուականէն սկսելով կը վերահաստատուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը իր լուսաւորչահիմն պատուանդանին վրայ։
       Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը վերջացած էր վերջին Լեւոնի միամեայ դժբախտ իշխանութեամբ (1374-75)։ Եգիպտոսի Մելիքները իրենց քաղաքական վրէժխնդրութեան ու կրօնական մոլեռանդութեան բոլոր սարսափը թափած էին առհասարակ Կիլիկիոյ եւ մասնաւորապէս հպարտ Սիսի վրայ, այնպէս որ 1375-1441, յիսուն վաթսուն տարիներու ընթացքին, Մեծն Լեւոնի մայրաքաղաքը անճանաչելի եղած էր աւերներու, ինչպէս նաեւ կոտորածներու եւ մեծազանգուած գաղթումներու հետեւանքով։ Որովհետեւ ժողովուրդը, թշուառութեան, սովի, եւ բռնապետներու ճիրաններէն ճողոպրելու համար ստիպուած էր գաղթել, եւ թափուր գերեզմանի պէս թողուած լքուած է «թագաւոր» բերդաքաղաքը։
       Կաթողիկոսական Աթոռը քաղաքական այս արագ եւ չարաշուք անկումներուն մէջ զերծ չէր կրնար մնալ ատոնց ազդեցութենէն, քանի որ հայ պետութիւն եւ հայ եկեղեցի միասին ապրած, միասին վայելած, եւ միասին տառապած էին։ Բայց հիմայ Եկեղեցին զրկուած էր իրեն հաւատակից քաղաքական ոյժէն, եւ ստիպուած էր կռթնիլ տիրապետող Եգիպտոսի՝ իր կաթողիկոսական հմայքն ու հեղինակութիւնը պահպանելու համար։
       Բայց Կիլիկիոյ մէջ քաղաքական կործանումէ աւելի խորունկ վէրք մը կար, եւ այս վէրքը սկսած էր բացուիլ նոյն իսկ Կիլիկիոյ Պարոնութեան եւ Թագաւորութեան քաղաքական նկատումներուն եւ շահերուն ճնշող ծանրութեան տակ։
       Խաչակրական շարժումին հետեւանքով Կիլիկիոյ դարպասը կը մշակէր լատին, աւելի ճիշդ բառով, պապական քաղաքականութիւն մը։ Չէ՞ որ Պապութիւնը Խաչակրութեան ոգին էր։ Կիլիկիոյ Հայ թագաւորներ ուզեցին ամէն գնով հաճելի ըլլալ Պապութեան, որպէս զի քաղաքական զօրաւոր թիկունք մը ունենան Եւրոպայի մէջ եւ Եւրոպայի առջեւ, ընդդէմ Կիլիկիոյ իսլամ թշնամիներուն, եւ նոյն իսկ իրենց շուրջ հաստատուած խաչակիր կոմսերու եւ իշխաններու դէմ։ Կիլիկիոյ արքունիքին այս հակումն ու միտումը իր զենիթը հասաւ. երբ Լիւզինեան կոչուած հոգւով մարմնով լատին թագաւորներ ժառանգեցին Հեթում Ա. ի գահը եւ Մեծն Լեւոնի թագը։
       Թագաւորութեան շրջանին՝ թագաւորներ եւ կաթողիկոսներ երբեմն համաձայն եւ երբեմն անհամաձայն այս քաղաքականութեան՝ քալած էին, որպէս զի պետութիւնը չվտանգուի եւ եկեղեցին չեղծուի։ Նոյն իսկ ունեցանք կաթողիկոսներ, որ արիաբար ծառացան թագաւորներու այդ սխալ քաղաքականութեան դէմ։ Այս քաջ եւ խելացի կաթողիկոսներու տիպարներն են Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի (1220-1267), Կոստանդին Բ. Կատկուեցի (1286-89), որ աթոռէն իսկ հրաժարեցաւ՝ կրօնաւոր - Հեթում Բ. ի հոգիով լատինացած քաղաքականութեան առջեւ տեղի չտալու համար։ Յակոբ Բ. Անաւարզեցի (1327-1341), կուսակից մը եգիպտական քաղաքականութեան, որ տեղի չտալու համար Լեւոն Դ. ի լատինասիրութեան, հրաժարեցաւ, բայց դարձեալ հրաւիրեցաւ իր աթոռը (1355-59), երբ տեսան որ իրաւունք ունէր Յակոբ Բ. ։
       Այս լատինամերժ կաթողիկոսներուն հակառակ՝ Կիլիկիոյ մէջ ունեցանք բոլորովին լատինամէտ եւ լատինամիտ կաթողիկոսներ, որոնց ամէնէն կարկառուն դէմքն է Գրիգոր Է. Անաւարզեցի (1293-1307), որ հակառակ իր արժանիքներուն, իբրեւ մտքի եւ կրօնքի մարդ, յայտնի լատինասէր մըն էր, եւ արդէն ճիշդ իրեն այդ նկարագրին համար կաթողիկոս եղաւ Հեթում Բ. ի կամքով։ Անաւարզեցիին յաջորդ, եւ անոր գաղափարակից ու գործակից Կոստանդին Գ. Կեսարացին ալ (1307-1322), թէեւ զուրկ Անաւարզեցիի փայլուն կարողութիւններէն, հետեւեցաւ անոր, հետապնդեց Հեթում Բ. ի քաղաքականութիւնը։
       Կոստանդին Կեսարացին, որ արդէն գաղափարակից ու գործակից եղած էր Անաւարզեցւոյն, մեծ թափով ջանաց մշակել պապական քաղաքականութիւնը, այնպէս որ չհանդուրժեցին՝ ինքն եւ Օշին թագաւոր՝ իրենց համամիտ չեղողներուն եւ աքսորներով ուզեցին պարտաւորեցնել զանոնք հետեւիլ իրենց քաղաքականութեան ։
       Մեր նիւիթէն չշեղելու համար չենք մտներ աւելի մանրամասնութիւններու։ Միայն պէտք է լաւ դիտել որ Կիլիկիոյ քաղաքական անկումին զուգընթաց էր Հայոց կաթողիկոսութեան անկումն ալ։
       Այսպէս ուշագրաւ է որ Կիլիկեցիք իսկ չեն հանդուրժեր Գրիգոր Խանձողատի ապիրատ գործերուն եւ 1419-ին գահընկէց կ՚ընեն զայն, եւ անոր տեղ Երուսաղէմի Պատրիարք Գառնեցի Պօղոսը կը բերեն Սիս եւ կաթողիկոս կ՚ընեն ։
       Օրմանեան չափէն աւելի ծանրացած է Խանձողատի անարժանութեան վրայ, ցայտեցնելու համար Աթոռին անկեալ վիճակը (Ազգպտմ. էջ 2038-44). վիճակ մը որու վատթարացման մէջ շահ ունէին Սիսի վրայ տիրող եգիպտացի իսլամ կառավարիչներ։
       Միւս կողմէն, հայ արքունիքին եւ հայ եկեղեցականութեան այնքան մօտիկ շփումովը Խաչակիրներու եւ լատին կղերականութեան հետ, ո՛չ միայն արքունիքը լատինացած էր, այլ նաեւ Հայ եկեղեցին՝ Սիս մայրաքաղաքին մէջ, բայց ոչ բոլոր Կիլիկիոյ մէջ, գունաւորուած էր լատին ծէսով , իսկ Հայ եկեղեցականներու բարքուվարքն ալ փոփոխուած էին։
       Մասնաւորապէս արեւելեան Հայաստանը կամ արեւելեան վարդապետներ, որոնք շփում չունէին լատին քաղաքականութեան եւ կղերականութեան հետ, եւ կը պահէին իրենց խիստ այլամերժ պահպանողականութիւնը, եւ ինչպէս երբեմն՝ Շնորհալիի եւ Գրիգոր Տղայի Յոյներու հետ մշակած միաբանական ձեռնարկին հանդէպ, այս շրջանին ալ՝ դէպի պապականութիւն առնուած մերձեցումի վտանգաւոր քայլերուն հանդէպ՝ բարձրացուցին իրենց դժգոհութեան եւ բողոքի ձայները։ Վասն զի Պապութիւնը իր քաղաքական նպաստները շնորհելու համար Կիլիկիոյ Հայ արքունիքին, ատոր փոխարէն կը պահանջէր Հայ Եկեղեցւոյն լատինացումը։ Բայց փորձը ցոյց տուած էր որ ո՛չ միայն Կիլիկեան թագաւորութիւնը չափազանցօրէն գնահատած էր Պապութեան կողմէ եղած, մա՛նաւանդ ըլլալիք քաղաքական օգնութիւններուն արժէքն ու նշանակութիւնը, այլ նաեւ նոյն իսկ Գրիգոր Անաւարզեցիի նման լատինասէր կաթողիկոսներու ըրած զիջումները եւ մերձեցումները չէին փոխարինած Հայոց ակնկալութիւնները։ Իսկ արեւելեան վարդապետներ միշտ այդ վախը ունէին որ Հայց. Եկեղեցւոյն հարազատ նկարագիրը եղծուելու վտանգին մէջ է ի Կիլիկիա։
       Այս վախը, իր չափազանցեալ ձեւով, սկիզբէն ի վեր մղձաւանջի մը պէս կը ճնշէր Հայաստանի Վարդապետներուն վրայ , որոնք դիտել տանք անգամ մըն ալ, ինչպէս որ բողոքած էին Յունաց հետ ըլլալիք միութեան դէմ, Շնորհալիի եւ յաջորդին ատեն, եւ հիմայ ալ կը բողոքէին լատիններու հետ միանալու ձեռնարկներուն դէմ։ Եւ բողոքին առաջին ռումբը պայթեցուցին Անաւարզեցիի գլխուն , նշանաւոր նամակով մը, Սիւնեաց Եպս. Ստեփանոսի գրչէն, որուն պատճենը հասած է մեզի ։