Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այժմ դիտենք միւս կողմը, Երեւանը։- Եթէ Կիլիկիոյ մէջ այլ եւս գոյութիւն չունէր քաղաքական կեանք, եւ հետեւաբար ինքնին կորսուած էր Կաթողիկոսներուն Էջմիածինէն հեռու մնալը արդարացնող կռուանը, եւ եթէ Կիլիկիոյ մէջ Հայց. Եկեղեցին լատինացումի ամբաստանութեան տակ էր արեւելեան վարդապետներու աչքին, անդին Երեւան, ի՞նչ էր Հայոց քաղաքական կացութիւնը, եւ ի՞նչ վիճակի մէջ էր Էջմիածին։
       Շատ պա՛րզ է պատասխանը այս հարցումին -հո՛ն ալ Հայութիւնը բէկ կամ խան ըսուած աւատական պարսիկ բռնաւորներու հարստահարութեան ներքեւ կը ճզմուէր, եւ բոլոր երկիրը կը փճանար տիրապետողներու իրարու դէմ մղած պատերազմներու ներքեւ։ Հայաստանի մէջ Հայոց քաղաքական կեանքը վտանգուած էր այսպէս։ Եկեղեցական տեսակէտէն ալ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը կար հոն, ո՛չ շատ հեռի Էջմիածինէն, եւ կրնար զբաղեցնել Էջմիածինը։ Ուրեմն, ո՛չ մէկ ապահովութիւն եւ ո՛չ մէկ մխիթարական երեւոյթ թէ Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութիւնը պիտի կրնար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ամբողջ եւ անխռով պահել եւ հայրապետական միակ գաւազանի ներքեւ հովուել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյն ժողովուրդը, որ ցրուած էր ի սփիւռս աշխարհի։
       Դժբախտաբար, 1441ին, Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութեան նուիրուած խանդավառ գործունէութեան յաջորդող անմիջական դէպքեր գրեթէ երկու հարիւր տարի շարունակ, այնքան ողբալի ու ամօթալի եղան որ չարդարացուցին արեւելեան վարդապետներու նախանձախնդրութիւնը եւ չպսակեցին Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդական բարեկարգութեան ակնկալութիւնները ։ Վասն զի նոյն իսկ Էջմիածնի վերահաստատեալ Աթոռին կոչուած առաջին կաթողիկոսին ապօրէն ու անիրաւ զրկումը իր պաշտօնէն, առիթ ընծայեց Կիլիկեցիներուն որ Մուսաբէկեան Գրիգոր Կաթողիկոսի վախճանումին հետեւող միայն հինգ տարուան ընդհատումէ մը ետքը, ընտրեն իրենց Կաթողիկոսը, յանձին Եւդոկացի Կարապետի։