Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան այս անկման եւ անոր վերակազմութեան շրջանին, ահաւոր էր երկրին քաղաքական կացութիւնը։
       Խաչակրական եօթը արշաւանքներ 1147էն մինչեւ 1270, ձախողած էին իրենց բուն նպատակին մէջ, որ էր Պաղեստինն ու Ասորիքը ազատել իսլամ հարստահարութենէն. այնպէս որ 1291ին իսլամ Եգիպտոս գրաւեց Պտղոմայիսը (=Աքքեա ), եւ վերջ տուաւ խաչակրական տիրապետութեան, որ հազիւ 144 տարի կրցած էր իր զօրութիւնը զգացնել Պաղեստինէն մինչեւ Եդեսիա ։
       Այսօրուան դիւանագիտութեան լեզւով պիտի ըսուէր, Եւրոպա չկրցաւ ազատել Փոքր Ասիոյ -Հայաստան ալ մէջն ըլլալով -քրիստոնէութիւնը իսլամ լուծէն, եւ ընդհակառակն աւելի եւս սրեց անոնց հարստահարիչ ախորժակը։ Այնպէս որ եթէ Ասորիքի, Անատօլուի, ըսենք նաեւ Կիլիկիոյ մէջ գլուխ վերցնող թիւրք ցեղերն ալ աւելցնենք Եգիպտոսի մէլիքներուն վրայ, կրնայ երեւակայուիլ թէ ի՛նչ կը քաշէին ասոնց շահատակութեան դաշտին վրայ սփռուած քրիստոնեայ ժողովուրդներ։
       Ատեն մը, աղէկ գէշ, Բիւզանդիոն իր հովանաւորութեան հմայքով կը պահէր այս երկիրներու քրիստոնէութիւնը։ Բայց ԺԵ. րդ դարու կիսուն, այլեւս համրուած էին այդ մեծազօր կայսրութեան օրերը։
       Մարմարայի հարաւային երկիրներու մէջ կը խմորուէր ապագայ օսմանեան կայսրութիւն մը, որ իր աչքը տնկած էր Բիւզանդիոնի վրայ։ Իսկ Պարսկաստանէն մինչեւ Անատօլու ամէն կողմ ամէն օր կը բուսնէին նոր նոր Ձորապետներ, Շահեր, Փատիշահներ, իրարու դէմ, իսկ ամէնքն ալ քրիստոնէութեան դէմ։
       Ինչպէս տեսանք վերեւ , Ն. Շնորհալի որսի շուներէն հալածեալ այծեամի կը նմանցնէր ինքզինք, որ ստիպուած էր փակուիլ Հռոմկլայ ամրոցին մէջ։
       Այս պատուական Հայրապետը կ՚ըսէ նաեւ թէ այն ատեններ երկրին մէջ քսանչորս ցեղ թիւրք կար, որոնք իսլամական կրօնքով միացած՝ մէկ ճակատ կը կազմէին ընդդէմ քրիստոնէութեան ։
       Եւ գլխաւորապէս քրիստոնեայ ժողովուրդներն էին որ պիտի կշտացնէին այս հարստահարիչ ցեղերու փորը, պիտի գոհացնէին անոնց ասելի եւ անասելի կիրքերը, ի գին իրենց ինչքին եւ պատուին։
       Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականութիւնը, եւ ասոնց գլուխը, Կաթողիկոսութիւնը, քաղաքական այս պայմաններու մէջ է որ պիտի պահէին իրենց ժողովուրդը եւ հոգեւոր իշխանութիւնը։
       Մեծ բարեբախտութիւն կը համարուէր եթէ եկեղեցական կամ աշխարհական կարկառուն դէմքեր հաճելի դառնային այս կամ այն բռնապետին, որ ի շնորհս անոնց՝ թոյլատու վերաբերմունք մը ցոյց կուտային քրիստոնեայ հայութեան։
       Քաղաքային կեանքի կողմէն պէտք է դիտել որ առհասարակ բոլոր քրիստոնեայք, նաեւ Հրեայք, ստրուկ կը համարուէին այդ բռնապետներու ձեռքին տակ։ Անոնց զգեստը տարբեր պիտի ըլլար իսլամներու զգեստէն, կամ իբրեւ նշան՝ սեւ լաթի կտոր մը պիտի կրէին իրենց թեւերուն վրայ՝ ճանչցուելու համար իբրեւ քրիստոնեայ կամ հրեայ. անոնք չէին կրնար ձի նստիլ, էշ պիտի հեծնէին. եկեղեցիներու շինութիւնը կը թոյլատրուէր շատ խիստ պայմաններով. նախ կաշառ, ագահութիւնը գոհացնելու չափով. ապա ճշդիւ որոշուած չափուած ժամանակամիջոց շինութեան, ինչպէս նաեւ շէնքին տեղւոյն՝ սահման եւ բարձրութեան՝ որոշ չափ, եւ այլն. այնպէս որ, եթէ այս տուեալ պայմանները չյարգուէին, շինուածքը կը քանդուէր, եւն. եւն . ։ Եկեղեցիներու շինութեան այս պայմանները գործադրուեցան օսմանեան թիւրքերու քով եւս մինչեւ մեր օրերը։
       Ռուբինեան իշխանութեան անկումը, կը պարտինք Եւրոպայի, եւ իբրեւ հետեւանք ատոր, Հայոց կաթողիկոսութեան նուազումը Կիլիկիոյ մէջ, կը պարտինք, դարձեալ Եւրոպայի կամ պապութեան։
       Արեւելեան վարդապետներ, բարի նախանձով ուզեցին Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ազատել Կիլիկիոյ այլեւս անբաղձալի դարձած միջավայրէն, եւ վերահաստատեցին Էջմիածնի Աթոռը, բայց, ինչպէս որ տեսանք, չհասան իրենց նպատակին. որովհետեւ քաղաքական պայմաններ աւելի նպաստաւոր չէին հո՛ն, իսլամ Պարսկաստանի ազդեցութեան շրջանակին մէջ, ո՛ւր բռնաւորներ կ՚իշխէին, արձակ համարձակ։ Էջմիածին կթան կով մըն էր անոնց համար։ Հայոց հարստութիւնները, պէտք էր լեցուէին մեծ ու փոքր տիրողներու գանձը. Հայոց գեղանի մանչերն ու աղջիկները նոյնպէս պիտի զարդարէին անոնց պալատներն ու կանանոցները։
       Այս է ընդհանուր իրական պատկերը երկրի քաղաքական վիճակին, եւ շեշտենք անգամ մըն ալ, այս վիճակին մէջ է որ թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Էջմիածնի Կաթողիկոսներ պիտի ապրէին եւ պիտի պահէին Հայ ժողովուրդը իր Մայրենի Եկեղեցւոյն մէջ։
       1441էն մինչեւ 1453 Մայիս, 12 տարի միայն կայ, եւ այդ միջոցին մէջ է որ կատարուեցաւ աշխարհի քաղաքական պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէպքերէն մէկը, Կ. Պոլսոյ անկումը, Պրուսայի շրջանակէն խոյացող օսմանցի յաղթականին առջեւ։
       Այս դէպքը նոր դարագլուխ մը բացաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ալ. որովհետեւ Կիլիկիոյ Աթոռին մօտ, պատրիարքական նոր աթոռ մը ստեղծուեցաւ Ֆաթիհի տիրած Մայրաքաղաքին մէջ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք քիչ վարը, անոր իշխանութեան ներքեւ մտնող բոլոր երկիրներու Հայոց համար։
       Օսմանցիք տիրեցին Կ. Պոլսի վրայ, բայց Անատօլուի մէջ մնացին Ձորապետներ, այլեւայլ թիւրք ցեղեր, իրենց անկախ եւ իրերամարտ վիճակին մէջ, եւ մնացին երկա՜ր ատեն, այնպէս որ շատ ժամանակ պէտք եղաւ մինչեւ որ անոնք այս ու այն եղանակաւ եւ պայմաններով մտան իսլամացած Ստամպոլի լուծին ներքեւ։
       Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին շրջանին, 1441-1483, այսինքն Մուսաբէկեանի եւ անոր յաջորդներու ատեն Անատօլու բռնկած էր Ագ- գօյունլու եւ Գարագօյունլու կոչուած ցեղերու կռիւներով։ Յետոյ Ճէլալիներու երկարատեւ շահատակութիւնները լրացուցին անոնց պակասները։ Իսկ Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ ծլող ծաղկող Ձորապետութիւններու արհաւիրքը ծանրացաւ Հայ ժողովուրդին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վրայ։ Ժամանակակից մտքերու վրայ դեռ շատ թարմ են Տօրոսի Խօզան օղլու կոչուած ցեղերու հարստահարութեան պատմութիւնները, անհաւատալի ըսուելու չափ ծանր հարստահարութիւններ, որոնց արունկզակ քմայքին զոհ եղան Աջապահեան Կաթողիկոսներ մա՛նաւանդ։
       Մէկ խօսքով իսլամ Պարսկաստանի սահմաններէն մինչեւ Կիլիկիա, դարձեալ Ն. Շնորհալւոյ բացատրութեամբ, բազմիշխանութիւն մը կը բռնանար, որուն զսպանակն էր իսլամ մոլեռանդութիւնը։
       Օրմանեան Սրբազան այսպէս կը նկարագրէ այն ատենուան արեւելքի եւ արեւմուտքի քաղաքական վիճակը.
       -«Եաղուպ պէկ, Երեւանի կառավարիչը, կամ լաւ եւս ինքնուրոյն իշխանը, ենթարկեալ էր Ճէհանշահի կամ Ջահանշահի, Գարաքօյունլուներու վեհապետին, որ փատիշահ անունը կը կրէր, կեդրոնը հաստատած էր Թավրէզ, եւ իրեն կը հպատակէին Ատրպատական, Պարսկահայք, Վասպուրական, Այրարատ, Սիւնիք, Աղուանք եւ Վրաստան։ Նա 1437ին յաջորդած էր իր եղբօր Իսկէնտէրի, եւ ահարկու եղած՝ շրջանակներուն, որով համեմատաբար հանդարտութիւն կը տիրէր։
       Իսկ Աքքօյունլուներուն վեհապետը կամ սուլտանը Օթման 1435ին սպանուելէն ետքը, իրեն յաջորդած էր որդին Համզա, միշտ կեդրոն ունենալով Միջագետքի մէջ Ամիդ կամ Տիարպէքիր քաղաքը, եւ իշխանութիւնը տարածելով Հայաստանի Ծոփք եւ Աղձնիք եւ Տուրուբերան նահանգներուն վրայ։ Համզայի իշխանութիւնը խիստ եղաւ քրիստոնէից դէմ, մինչեւ իսկ Մկրտիչ Նաղաշ եպիսկոպոսին Օթմանի արտօնութեամբ շինել տուած Ս. Թէոդորոսի կաթողիկէին գմբէթը հրամայեց վար առնել, մինարէներէն աւելի բարձր ըլլալուն համար, եւ Նաղաշ ցաւին չդիմանալով պահ մը Ամիթէ հեռացաւ, եւ Տրապիզոն ու Կ. Պոլիս հանդիպելով անցաւ Կաֆա, եւ հոն մնաց մինչեւ որ Ճիհանկիր սուլտան հօրը յաջորդելով 1443ին, Նաղաշը փնտռեց, դարձուց 1447ին, եւ արտօնեց գմբէթը վերաշինել, զոր տասն օրուան մէջ լրացուցին Ամդեցիք, բոլոր հայաբնակութիւն տիւ եւ գիշեր աշխատելով։
       Գարաքօյունլուներու եւ Աքքօյունլուներու փոխադարձ թշնամութիւնները բոլորովին չդադրեցան, թէպէտեւ հայկական գաւառներու վրայ շատ չծանրացան, եւ տեւեցին մինչեւ որ Ճիհանշահ զօրացաւ եւ իրեն հարկատու ըրաւ Ճիհանկիրը 1461ին։
       Ճիհանշահ դէպ Արեւելք ալ իր իշխանութիւնը ընդարձակած էր, եւ նոր մասերու տիրելով՝ ամբողջ Պարսկաստանը նուաճած էր 1460ին, հանելով զայն Պուսայիտի կամ Ապուսայիտի ձեռքէն, որ 1451ին յաջորդած էր Շահռուհ մեծ ինքնակալին թաթարաց։ Ճիհանշահի իշխանութիւնը ընդհանուր առմամբ նպաստաւոր էր Քրիստոնէից, եւ անկէ օգտուելով տեղի ունեցան այն ներքին շփոթութիւններ, որոնց սկզբնաւորութիւնը տեսանք Կիրակոսի գահընկէցութեամբ։ Կարծես թէ արտաքին շփոթութեանց նուազիլը ներքինները կը քաջալերէր։
       Արեւմտեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ ալ երեք տարբեր տէրութիւններ կ՚իշխէին. Եգիպտացիք եւ Գարամանցիք եւ Օսմանեանք։
       Պաղեստին եւ Ասորիք եւ Կիլիկիա Եգիպտացւոց ձեռքն էին, եւ Սիսն ալ անոնց գերիշխանութեան ներքեւ էր։
       Գարամանցիք Փոքր-Հայքը ունէին տարածուելով դէպի Բարձր-Հայք եւ Պոնտոս։
       Իսկ Փոքր-Ասիան եւ կղզիներ, եւ եւրոպական կողմեր Օսմանեանց ձեռքն էին, որոնց կ՚իշխէին յաջորդաբար երկու զօրաւոր վեհապետներ, Մուրատ Բ. եւ անկէ ետքը Մէհէմմէտ Բ ., որ հօրը գահը ժառանգած էր 1451ին։
       Յունական կայսրութիւնը Կ. Պոլսոյ անձուկ շրջանակին մէջ պարփակուած, վերջին ճգնաժամի օրեր կ՚անցընէր։
       Յովհաննէս Է. Պալէոլոգի, Փլորենտիոյ ժողովով ու Հռոմի հետ միաբանութեամբ ձեռք ձգել յուսացած օգնութիւնը՝ պարապի ելած էր. բայց Յոյներ անկէ զատ ապաւէն մը չունենալով, երբ մէկ կողմէն Կ. Պոլսոյ պարիսպները ամրացնելու կ՚աշխատէին, միւս կողմէն ալ պապական պատուիրակներուն հետ Հոգւոյն Սրբոյ բղխման խնդիրներով կը զբաղէին որ հնար ըլլայ Հռոմը հաճեցնելով լատինական գունդերը օգնութեան բերել։
       Յովհաննէս Է. ի շաւղին վրայ կը քալէր Կոստանդին ԺԳ. Պալէոլոգն ալ, որ եղբօրը յաջորդած էր 1448ին։
       Մէհմէտ Բ. հազիւ գահ բարձրացած, ուզեց վերջին հարուածը տալ հոգվար կայսրութեան, եւ 1453 Մայիս 29ին Կ. Պոլիսը գրաւեց, եւ Ֆաթիհ կամ Յաղթական հռչակուեցաւ. Սուրբ Սոփիայի կաթողիկէին մէջ իսլամական աղօթքը հնչեց, աւերած ու կոտորած պահ մը տիրապետեցին, կայսրն ու պատրիարքը պատնէշներու վրայ ինկան, եւ Օսմանեանց թագաւորութիւնը կայսրութեան բարձրացաւ։
       Արդէն խօսեցանք համակիր յարաբերութեանց վրայ, զորս Թուրքեր եւ Հայեր փոխադարձաբար ունէին եւ կը մշակէին։ Մէհէմմէտ Բ. աւելի ընդարձակած էր իւր տէրութիւնը դէպի Փոքր-Հայք. Գարամանցիները հետզհետէ հարուածած էր, Եգիպտացիներէն ալ քաղաքներ գրաւած էր, որով աւելի շատցեր էին Օսմանեանց հպատակ Հայերը։
       Յունական կայսրութեան անկման հետեւանքներէն մին եղաւ Կ. Պոլիսը մայրաքաղաք հռչակելը, եւ ուզեց անոր մէջ հայկական հոծ գաղթականութիւն մը հաստատել, իբր հակակշռող Յունական բնակչութեան, քրիստոնեաներու դիմաց քրիստոնեաներ դնելով, քանի որ իւր բարձր քաղաքականութիւնը պիտի չներէր իրեն մայրաքաղաքին մէջէն քրիստոնեայ տարրը ջնջելով հաստատուիլ» (Ազգպտմ. էջ 2135-38)։