Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մուսաբէկեանէ ետքը Յովսէփ անուն մէկը կաթողիկոս նշանակուած է Մաղաքիա Դպրի կազմած ցուցակին մէջ, որ ծանօթ չէ մեզի ուրիշ կողմէ։ Ըստ Չամչեանի աշխարհիկ ոք է Յովսէփ, որ նստած է առանց օծումի, եւ ազգը բնաւ չէ ընդունած անոր կաթողիկոսութիւնը (Չամչ. Գ. էջ 485)։
       Իսկ Առաքել Դավրիժեցին 1437-ին Յովսէփ Կթղս. մը կը դնէ իբրեւ յաջորդ Կոստանդին Վահկացիի։ Օրմանեան, թուականները եւ դէպքերը քննելով, կ՚եզրակացնէ «թէ Դավրիժեցիէն Յովսէփի տրուած 1437 թուականը չկրնար երբեք նկատի առնուիլ, իբր Վահկացիին կաթողիկոսութեան վերջը, քանի որ Վահկացիին 1438ին գործելը, եւ 1439ին մեռնիլը հաստատուն վկայութիւններով ճշդուած է։ Իսկ Յովսէփը պէտք է կաթողիկոսութեան թեկնածու, եւ ամէն միջոցները անխտիր գործածող մէկ մը ճանչնալ, որ ամենայն հաւանականութեամբ ոչ իսկ եպիսկոպոս եղած է։ Նա իւր նպատակին հասնելու համար Վահկացիի կեանքին ալ դաւաճանած է, եւ թերեւս բռնի կերպով հայրապետանոցին ալ տիրացած է, բայց Սսոյ հայաբնակութիւնէն ընդունուած չէ, եւ եպիսկոպոսներն ալ օծումը զլացած են, եւ իրենց մէջ միանալով եւ ժողովուրդն ալ թիկունք առնելով, իրենցմէ մէկը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացուցած են։ Այս կերպով անցած է 1439 տարւոյ մնացորդը Վահկացիին մահուանէ ետքը, կատարելապէս անիշխանութեան եւ կաթողիկոսական աթոռին բռնաբարման միջոցը, որուն վրայ հնար չէ ընդունիլ բռնակալ Յովսէփի անունը, որով Յովսէփ Գ . կոչուածը՝ անգոյ կաթողիկոս կը դառնայ» (Ազգպտմ. էջ 2088-89)։
       Օրմանեան, խօսելով նաեւ Մուսաբէկեանի յաջորդին վրայ, կ՚ըսէ. - «Անոնք որ Կիլիկիոյ մասնաւոր աթոռը՝ ոչ թէ Կարապետ Եւդոկացիէ, այլ Գրիգոր Մուսաբէկեանէ կը սիրեն սկսիլ, աթոռին աւելի փայլ մը տալու փափաքով, Մուսաբէկեանի եւ Եւդոկացիին մէջտեղը Յովսէփ Կթղս. մը կը դնեն Մաղաքիա Դպրին յիշատակագրէն քաղելով (ՍԻՍ. էջ 218)։ Այդ Յովսէփը միեւնոյնը պէտք է ըլլայ որ Վահկացիէն ետքն ալ կաթողիկոսական աթոռը ձեռք ձգելու աշխատեցաւ, եւ եթէ առիթ գտաւ իւր ոտնձգութիւնները նորոգել, անշուշտ այլեւս Մուսաբէկեանց չկար, եւ բնական եզրակացութեամբ, եւ ոչ թէ մտացածին կարծիքով, կը հետեւի Մուսաբէկեանցի կամ մեռած եւ կամ տեղը լքած եւ հեռացած ըլլալը։ Մենք դժուարութիւն պիտի չհանէինք սպանութեան պարագան ալ ենթադրել, եւ վեց սպանեալ կաթողիկոսներէն ետքը, եօթներորդ մըն ալ աւելցնել այդ շարքին, ինչ որ Աջին գողութեան կամակից կիլիկեցի եպիսկոպոսներուն նպատակէն օտար պիտի չըլլար » (Անդ, էջ 2118-19)։
       Որչափ խառնակ ու մթին են ժամանակն ու դէպքերը, այնչափ ալ անբաւական են Օրմանեան Սրբազանի ենթադրութիւններն զանոնք պարզելու եւ լուսաբանելու համար։
       Միայն կարելի է ընդունիլ Դավրիժեցիին եւ Մաղաքիա Դպրին նշանակած Յովսէփներն նոյնացնելու ենթադրութիւնը, որով Յովսէփի մը գոյութիւնը կը հաստատուի, բայց չի հաստատուիր անոր կաթողիկոսութիւնը։
       Հետեւաբար 1441էն մինչեւ 1446-47, Եւդոկացի Կարապետին կաթողիկոսութեան սկիզբը հինգ տարիներու միջոց մը կայ։ Մուսաբէկեանը ո՞ւր է այս միջոցին. բացակա՞յ է իր աթոռէն թէ մեռած է։
       Իրեն վերագրեալ նամակը, որ ինչպէս տեսանք, 1450 Սեպտ. 4 թիւը կը կրէ, եթէ իրօք իրենն է , այն ատեն կրնայ ենթադրուիլ որ Մուսաբէկեան բացակայ էր աթոռէն եւ Եգիպտոս կը գտնուէր, եւ իր բացակայութեան միջոցին է որ պատահեցան Յովսէփի խառնակութիւնները, եւ թերեւս Մուսաբէկեան վախճանեցաւ Եգիպտոս (Գահիրէ ), եւ Յովսէփի կաթողիկոսութիւնն ալ մերժուելով, Մուսաբէկեանէն մինչեւ Կարապետ Եւդոկացի հինգ տարիներու միջոցը բացուեցաւ։
       Մուսաբէկեանի վրայ գրելու ատեն դիտել տուինք թէ Ալիշանի գործածած Ժամանակագրութիւնը մէկ տարի պարապութիւն կը դնէ Մուսաբէկեանի եւ Եւդոկացիի միջեւ, փոխանակ հինգի։ Եթէ արժանահաւատ է այդ աղբիւրը, եւ հաւանաբար է՛, այն ատեն պէտք է ըսել որ Ժամանակագիրը ոչ միայն կ՚անգիտանայ Յովսէփի մը գոյութիւնը կամ անոր գայթակղութիւնները, այլ նաեւ Մուսաբէկեանի անմիջական յաջորդ կը նկատէ զԵւդոկացին, որով նաեւ անուղղակի կերպով նշանակած կ՚ըլլայ Մուսաբէկեանի մահուան թուականը, 1451, ինչ որ կը մօտենայ Մուսաբէկեանի վերագրուած նամակի թուականին, 1450 Սեպտ. Եւ այս պարագային, ինչպէս որ դիտել տուինք արդէն, հարկ չի մնար Ժամանակագրին 26 թուականը սրբագրել եւ ընել 36 ըստ Ալիշանի։ Վասն զի, Ժամանակագիրը կ՚ըսէ թէ Եւդոկացին յաջորդեց Մուսաբէկեանի՝ աթոռին մէկ տարի պարապութենէն ետքը եւ 26 տարի կաթողիկոսութիւն ըրաւ եւ վախճանեցաւ. ՋԻԶ =1477 թուին։ Արդ՝ եթէ 1477էն հանենք 26ը, կը մնայ 1451։
       Գալով Եւդոկացի Կարապետին, դժբախտաբար ծանօթ չէ իր ծագումը։ Ժամանակակից Թովմա Մեծոփեցին անցողակի յիշատակութեամբ մը կը բաւականանայ երբ կ՚ամբաստանէ Վիրապեցիի աթոռազրկութեան պատասխանատուներուն գլխաւորը, Հերմոնի վանքին առաջնորդ Կոլոտիկ Յովհաննէս վարդապետը, եւ կ՚ըսէ. - «Դուն, ականջներով խուլ, սպիտակ մօրուք, որ դեղնցած ալ է, գերեզմանի մօտեցած ես, դո՛ւն խափանեցիր Հայոց ուղղափառ աստուածաբանութեան դպրոցները. իսկ Աստուած ազատեց [Աթոռը ] Կիլիկեցիներու Աղթարմայութենէն Լուսաւորչի քահանայապետութեան մէջ մտած արատէն ու բիծէն. - զարատ եւ զբիծն աղթարմայութեան , ի Կիլիկեցւոցն ի քահանայապետութիւն Լուսաւորչին մտեալ - Աղթամարի բանադրանքն ու կապանքը օրհնութեան փոխեց . իսկ դուն ամէնուն բերանը բացիր։ Եւ Կիլիկեցիներ լսեցին քու տգիտութեան լուրը, եւ գտան աշխարհական երեց մը («գտեալ երէց մի աշխարհի ») Կարապետ անունով , որ անոնցմէ ձեռնադրուած էր , նորէն հակառակութեան համար դրին. անէծքներով եւ անուղղայ վարքով նորէն կ՚ուզէին կործանել Հայերը. դուն ասոնց համար դատաստանին օրը ի՞նչ պատասխան պիտի տաս Քրիստոսին (Մեծոփ. էջ 84-85)։
       Ասկէ կը հետեւի թէ Եւդոկացի Կարապետ շուշտակ քահանայ մըն էր, որ եպիսկոպոս եղած է Եւդոկիոյ վրայ, եւ յետոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ ձեռք բերած է։ Եւդոկացի՝ կրնայ նշանակել թէ՛ բնիկ Եւդոկացի, եւ թէ՛ Եպիսկոպոս կամ Առաջնորդ Եւդոկիոյ։
       Իսկ Չամչեան սա՛ տեղեկութիւնները կ՚աւանդէ Եւդոկացիի մասին. - երբ մեռաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, այն է Գրիգոր Մուսաբէկեանց, Սիսէն Կարապետ վարդապետ մը, որ Կիրակոսէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, դիմեց Կիլիկիոյ ամիրային, որ Եգիպտոսի սուլտանին իշխանութեան ենթարկուած էր, խոստացաւ անոր ամէն տարի երեք հարիւր դեկան վճարել, եւ առաւ անկէ Սիսի կաթողիկոսական իշխանութիւնը. վասն զի դեռ Սիս Եգիպտացիներու իշխանութեան ներքեւ էր, եւ այդ պարտքը ետքն ալ մնաց. ու երբ Օսմանցիք տիրեցին Սիսին, անոնք սկսան առնել զայն, եւ պատմիչը կ՚ըսէ թէ այս տուրքը կոչուեցաւ Քէշիշ ահճէսի (Չամչ. Գ. էջ 491)։
       Դարանաղեցին, առանց տալու Եւդոկացի Կարապետին անունը, կ՚ըսէ. - Երբ Կիլիկեցիք լսեցին թէ արեւելեան վարդապետք ի՛նչպիսի անիրաւութիւններ ըրին Վիրապեցւոյն, ապստամբեցան, կամեցան զատուիլ, «եւ եդին իւրեանց ինքնագլուխ Կաթողիկոս յանուն սուրբ քաղաքին Յերուսաղէմայ, որ կան մինչեւ ցայս օր, ասելով թէ՝ մեք վասն ամենագովելի առնն Աստուծոյ Տէր Կիրակոս ճգնաւորին եղաք հնազանդ. յորժամ անիրաւութիւն արարիք , մեք անօրինաց եւ ապստամբաց չեմք հնազանդ լինիր, որ դեռ տակաւին երկու ամ է որ լռեմք։
       Եւ այսպէս մին զմիւսն յաջորդելով հասեալ են ի մերում ժամանակի, ոմանք լաւք եւ առաքինիք, եւ ոմանք ե՛ւ թուլամորթք ե՛ւ թերիք» . Ժմնկգր., էջ 310)։
       Կարապետ Կթղ. ին եթէ ծագումը ծանօթ չէ, բայց իր գործունէութեան մասին ներբողալից Յիշատակարան մը հասած է մեզի, հանուած Ճաշոցէ մը, զոր գրած է Մինաս սարկաւագ մը, յԱրապկիր, ՊՂԵ=1446ին։ Այդ Ճաշոցը Կարապետ Կթղս. ստացած է իբրեւ յիշատակ իրեն, իր ծնողաց, իր եղբօր Պարոն Առաքելին եւ ասոր որդւոյն Տէր Գրիգորին եւ իր բոլոր արեան մերձաւորաց ։ Այս Յիշատակարանին բնագիրը սեպհականութիւնն է Անտոնեանց Մատենադարանին (Օրթաքէօյ, Կ. Պոլիս ), իսկ պատճենը հրատարակուած է Ալիշանի կողմէն (Հյպտմ. էջ 575. Հմմտ. Ազգպտմ. էջ 2119, 2139, 2142)։
       Յիշատակարանին մէջ չէ նշանակուած թէ Կարապետ Կաթողիկոս ե՞րբ գնած է այս Ճաշոցը։ Բայց այնպէս կ՚երեւի թէ իր կաթողիկոսութեան առաջին տարիներուն մէջ. որովհետեւ իր կաթողիկոսութեան հաստատութեան վերաբերեալ գործառնութիւնք արձանագրուած են այս Յիշատակարանին մէջ. ըսել է Ճաշոցի գրութեան թուականէն (1446) ետքը, մինչեւ 1450-51 տարիերու ընթացքին։
       Այս Յիշատակարանի համեմատ Կարապետ Կթղս. է՛ «հանճարեղ եւ կորովամիտ, քաջ հռետոր եւ վարդապետ աստուածաբանութեան, անտարակոյս գիտող եւ խոհեմ, մեկնող հին եւ նոր Աստուածաշունչ կտակարանաց, մանաւանդ առնող եւ ուսուցող», եւ այլն։
       Այս Յիշատակարանի մէջ երկիցս կը շեշտուի թէ «վերստին կրկին նորոգեալ զաթոռ մայրաքաղաքիս Կիլիկիոյ» , կամ «այս երջանիկ հայրապետս Տէր Կարապետ կաթողիկոս եկեալ ի Թօխաթոյ եւ վերստին հաստատեաց զՍուրբ աթոռս Լուսաւորչիս ի մայրաքաղաքս Կիլիկիոյ, (զ)որ հինգ ամ( ) խափանեալ մնաց վասն անյայտ լինելոյ Սուրբ Աջին մերոյ Լուսաւորչին . եւ յետոյ գտեալ նորոգեաց զսուրբ աթոռս»։
       Կարապետ իր նորոգեալ Աթոռը հաստատած է «ի յաստուածաբնակ սուրբ ուխտս Տէր Պօղոսի, որ կայ ի հարաւակողմն քաղաքիս Սսոյ, ընդ հովհանեաւ Վանկոյ Սուրբ Նշանիս եւ Սուրբ Աջոյն Գրիգորի մեր Լուսաւորչին, եւ մօրն Տիրամօր Աստուածածնին՝ Աննայի, յորոյ անուն կառուցեալ կայ եկեղեցի» ։
       Կարապետ Կաթողիկոս իր պաշտօնը ճանչցնել եւ հաստատել տալու համար Եգիպտոս կ՚երթայ , Երուսաղէմի գիծով։ Երուսաղէմ կը ճզմուէր պարտքերու եւ հարստահարութեանց ներքեւ։ Կ՚ուսումնասիրէ կացութիւնը, եւ կը տեսնէ որ Ս. Յակոբայ բոլոր սրբութիւններն ու սպասները «ի ձեռս այլազգեաց աւանդ կային »։ Կ՚անցնի Եգիպտոս սուլտան Տահիրի ներկայանալու, որուն յաջորդած էր սակայն Ապուսաիտ Չաքմաք, որ մեծապէս կը պատուէ Եւդոկացին. մեծագին խիլաներ եւ պարգեւներ կուտայ անոր եւ կը հաստատէ անոր կաթողիկոսական իշխանութիւնը։ Կարապետ, ուժովցած սուլտանական հաստատութեամբ, կրկին կուգայ Երուսաղէմ, կ՚ազատէ Ս. Յակոբը իր բոլոր պարտքերէն եւ «զսրբութիւնսն ի յանօրինաց », եւ առօք փառօք կը վերադառնայ Սիս։
       Պէտք է դիտել որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ թէ՛ Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանին եւ թէ՛ 1441էն յետոյ, Երուսաղէմի վրայ ալ կը տարածէին իրենց իշխանութիւնը ։ Ս. Յակոբայ աթոռակալները «Եպիսկոպոս կամ Առաջնորդ Երուսաղէմի» են դեռ. Պատրիարք տիտղոսը անագան կը գործածուի։
       Եւդոկացին ուրեմն յայտնի իրաւասութեամբ մըն է որ անձամբ կուգայ Երուսաղէմ եւ կը կարգադրէ Ս. Յակոբայ պարտուց խնդիրը։
       Շատ ուշագրաւ է Երուսաղէմ գրուած Գանձարանի մը Յիշատակարանը, որ դժբախտաբար թուական չունի, գրուած է «ի կաթողիկոսութեանն Հայոց Տեառն Կարապետի, եւ յեպիսկոպոսութեանն Սուրբ քաղաքիս Երուսաղէմայ Տէր Մեսրոպայ եւ Տէր Աբրահամին, եւ այլ ամենայն միաբանացս Սուրբ Յակոբայ. ամէն» (Նօտարք, էջ 18-19. Հմմտ. ՍԻՈՆ, 1927, էջ 16ա)։
       Ուշագրաւ է Յիշատակարանս անոր համար որ Երուսաղէմ կը գրուի այդ, եւ Էջմիածնի Կթղսը. չի յիշուիր հոն, այլ կը յիշուի Հայոց կաթողիկոս Տէր Կարապետ, որ է նոյն ինքն մեր Եւդոկացին. որովհետեւ ասո՛ր ժամանակակից են Երուսաղէմի Մեսրոպ եւ Աբրահամ աթոռակից եպիսկոպոսները, 1445-1446 (Յջրդն . Պտրքցն. Երսղմի. էջ 49-50)։
       Դարձեալ ուշագրաւ է Ս. Յակոբայ մատենադարանին Թիւ 12 ձեռագիր Ճաշոցին (գրուած ի Սուլխաթ, ՊԻԶ=1377-ին ) վերջին յիշատակագրութիւնը, ուր կ՚ըսուի - «գրեցաւ ի թվ . ՋԺ (=1461) ի Հայրապետութեան Տէր Կարապետին , եւ յեպիսկոպոսութեան Տէր Պետրոսի . եւ Քրիստոսի Աստուծոյ մերո փառք յաւիտեանս . ամէն»։
       Երուսաղէմ գրուած Յայսմաւուրքի մը մէջ ալ թիւ 411 (27), դարձեալ Կարապետ կը յիշատակուի.
       - «Արդ եղեւ զրաւ գրչութեան այսմ Աստուածաշունչ մատենի , ի թվականութեան հայկազեան տումարի , ի ՋԺԲ (=1463) թվին , ի հայրապետութեան հայոց Տեառն Կարապետի , ի յերկնահանգէտ եւ ի հռչակաւոր սուրբ մայրավանքս Երուսաղէմ , ընդ հովանեաւ հրաշափառ ամենափրկիչ կաթողիկէիս , վերաձայնելոց Սուրբ Փրկիչ , որ է Վէմ Կափարիչ սուրբ Գերեզմանին Քրիստոսի եւ այլ սուրբ տնօրինականացս Աստուծոյն մերոյ Յիսուսի , աւժանդակութեամբ Հոգւոյն Սրբոյ աւարտեցաւ»։
       ՊՂԸ=1449ին Չմշկածակի Խատրիչարի վանքին մէջ, Գրիգոր անուն եպիսկոպոս մը Աւետարան մը կը գրչագրէ «ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց Տեառն Կարապետի», եւ չի յիշուիր Ջալալբէկեանի անունը (Լոյս, 1906, էջ 862)։
       Պէտք է դիտել որ Էջմիածնի Աթոռին վրայ Ջալալբէկեան Գրիգոր կաթողիկոս է 1443-1465-ին, եւ այս յիշատակագրութեան մէջ, 1461-ին, չի յիշուիր անոր կաթողիկոսութիւնը, բայց կը յիշուի Կարապետինը։
       Մինչ 1454ին, Տիվրիկ նահանգի Խուռնայլիւոյ վանքը գրուած Աւետարանի մը յիշատակարանին մէջ կ՚ըսուի. «Եւ ի հայրապետութեան Տեառն Կարապետի եւ ի միւս հայրապետութեան արեւելեան կողմանց Տեառն Գրիգորի» (Կոլոտ, էջ 119)։
       Կարապետի երկարատեւ կաթողիկոսութիւնը խաղաղ չեղաւ քաղաքականօրէն։
       Մէլիք-Էօմէրի յաջորդները վաղուց ի վեր կը բռնանային Սիսի վրայ եւ կը հարստահարէին ժողովուրդը եւ Եկեղեցին, Ասոնց նախահայրերէն մին, դարձեալ Մէլիք-Էօմէր մը, թունաւորեց Թէոդորոս Բ. Կթղսը. 1392ին։ Եւ ասոնց հարստահարութւինը այնքան անտանելի կ՚ըլլայ Եւդոկացիի օրով, 1461ին, որ Սիսի բոլոր Տաճիկներն ու Հայերը կը միաբանին երդումով ու դաշինքով, որպէսզի ձերբակալեն Մէլիք-Էօմէրը եւ սպաննեն։ Դիրք կը բռնեն Դարպասի ներքին դրան մէջ, ոմանք ալ պարիսպի վրայ կ՚ելլեն, Պլուզ Դռան վերեւ, բայց բռնաւորը կը ծակէ պարիսպը, ներս կը մտնէ եւ բուռն ընդհարում մը տեղի կ՚ունենայ եւ երկու կողմէն կարեւոր կորուստներ կ՚ունենան։ Բռնաւորը կը յաղթէ, այնպէս որ թշնամիք նոյն իսկ կը մտնեն Կարապետ կթղի. կաթողիկոսարանը եւ կը թալանեն վանքը, Սուրբ մեռոնը եւ բոլոր Սրբութիւնները (Սիսուան, էջ 544)։
       1468 Յունիս 2ին ալ Շահ-Սուար Ա. Մարաշի (Գերմանիկ ) թագաւորի որդին, կը բռնանայ, կ՚ուզէ սպաննել կաթողիկոսը եւ գրաւել Սիսի բերդը, ուր ամրացած էր Սիսի Պարոնը՝ Չագամ Պէկ . ութ հեղ պատերազմ կ՚ընեն, շատ տաճիկներ կը սպաննուին, վերջապէս սաստիկ պաշարումի հետեւանքով «Սսեցիք ահոկեցան եւ տվին զբերդն » Դեկտ. 2ին։ Շահսուար իր կողմէն պարոն կը կարգէ Սիսի վրայ Շարամէրթ կամ Շարամէնթ անուն մէկը, որ 1469 ին ութ քրիստոնեայ կը բռնէ եւ հորը կը դնէ. եւ շատեր կը փախչին ու կ՚ապաստանին Կոպիտառու բերդը, զորս սուտ երդումով եւ 12, 000 ղրշի. փրկանքով բերել կուտայ Սիս, եւ դրժելով իր երդումը՝ բոլորն ալ հորը կը դնէ, եւ կը կողոպտէ անոնց ստացուածները, ձիերը եւ ըռզակը. երեք ալ տաճիկ կ՚ըսպաննէ. բայց Հայեր ուղղակը դիմում կ՚ընեն Շահսուարին, եւ անոր հրամանով հորէն կը հանեն բանտարկուած քրիստոնեաները։
       Նոյն տարին Էտիլ Ֆախի անուն մոլեռանդ մօլլա մը՝ Թիւրքմէններու հետ «գողութեամբ » կը մտնէ բերդը եւ կը կողոպտէ բոլոր սրբութիւնները։
       1469-70ին «մահտարաժամ » մը երեւան կ՚ելլէ «ընդ ամենայն երկրի », որուն զոհ կ՚երթան շատ կարգաւորներ, իշխաններ եւ տանուտերէր, ինչպէս նաեւ Աջպան Հեթում սպիտակ երէցն Խազոնց։ Կ՚ըսուի թէ այս մահտարաժամի առթիւ գրեց Մկրտիչ Նաղաշ իր երկու տաղերը. Տղայոց եւ Իշխանաց վրայ. Արարիչն արարածոց եւ Երազ է եւ սուտ , եղբարք։
       Շահսուար, որ իր այս աւերումները կ՚ընէր Եգիպտոսի իշխանութենէն հանելու համար Կիլիկեան եւ դրացի երկիրները, հասած էր մինչեւ Դամասկոսի սահմանները. այս արշաւանքներու առթիւ հազար տուն այլազգի բերաւ եւ զանոնք բնակեցուց Սիս քաղաքին մէջ։ Իսկ ինքն Շահսուար վերջապէս բռնուեցաւ Ծամանդի բերդին մէջ եւ Գահիրէ տարուելով սպաննուեցաւ 1473ին (Սիսուան, էջ 227, 544-45)։
       Ինչպէս որ կ՚երեւի այս տեղեկութիւններէն, Կարապետ Կաթողիկոսի ատեն, ստուար հայութիւն մը կար դեռ Սիսի մէջ, այնքան աւերներէն ու տեղահանութիւններէն ու գաղթերէն ետքը, որ ազատութիւն եւ ազնուականութիւն կը վայելէր, եւ Հայոց կաթողիկոսը փայլուն եւ ազդեցիկ դիրք ունէր։ Անշուշտ, Հայերուն թիւը եւ ազդեցութիւնը հակակշռելու համար է որ Շահսուար հազար տուն տաճիկ կը բերէ Դամասկոսի կողմերէն եւ կը բնակեցնէ Սիսի մէջ։
       Ալիշան՝ Կարապետ Կթղսի. վերեւ յիշուած յիշատակարանը հրատարակելով Հայապատումի մէջ, սա՛ ծանօթութիւնը կցած է ատոր. - «Էջմիածնի աթոռոյն դեռ նոր հաստատման անհաւան ըլլալով գրող Յիշատակարանիս, ճոխապէս գովաբանէ հին աթոռոյն Սսոյ ընտրեալ կաթողիկոսը»։ Իսկ Օրմանեան այս դիտողութենէն տարուելով հանդերձ, կ՚ըսէ□ -«Կարապետի տրուած գովեստները Կիլիկեցիի մը շռայլութիւններ են (ՀՅՊՏՄ . էջ 575). սակայն ամէն առթի մէջ ճարպիկ եւ գործունեայ եւ մտաւոր կարողութեան ալ տէր անձ մը եղած կը տեսնուի » (Ազգպտմ. էջ 2140-41)։
       Եթէ, ըստ Չամչեանի, ստոյգ է որ Եւդոկացին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Կիրակոս Վիրապեցիէն, վարկպարազի ենթադրութիւն մը ըրած չենք ըլլար, դիտել տալով թէ նորընծայ Եպիսկոպոսը ականջալուր եղաւ զինք եպիսկոպոսացնող Վիրապեցւոյն դէմ լարուած դաւաճանութեան եւ գահազրկութեան եւ սրտի ցաւով անցաւ Կիլիկիա, պահելու համար կաթողիկոսական Աթոռը։ Արդէն Աղթամարցիք ալ այս պատճառով շարունակեցին իրենց կաթողիկոսութիւնը։
       Հակառակ Ալիշանի եւ Օրմանեանի կարծիքներուն , մենք այդ Յիշատակարանին մէջ կը տեսնենք ձեռնհաս եւ կարող կաթողիկոսի մը գործունէութեան պատկերը։ Եթէ քիչ մը փայլուն են գոյները այդ պատկերին, յիշատակագրողի անկեղծ եւ յորդ զգացումներուն արդիւնքն է այդ։
       Եւդոկացի Կարապետ Կաթողիկոս ինքնավստահ է, գործունեայ, ճարպիկ , ճկուն եւ իրատես։ Նա իր հոգեւոր իշխանութիւնը կը ճանչցնէ Եգիպտոսի, կը յաջողի Ս. Յակոբին պարտքերը վճարել, եւ կուրծք կուտայ Շահսուարի եւ Էտիլ Ֆախիի Սիսի վրայ բերած աղէտներուն։ Եւ երկարատեւ պաշտօնավարութեամբ գո՛րծ կը տեսնէ շատ դժուարին պայմաններու մէջ։
       Դժբախտաբար պատմական ուրիշ տեղեկութիւններ կը պակսին այսպիսի «ճարպիկ եւ գործունեայ » Կաթողիկոսի մը գործունէութեան մասին. վասն զի կարելի չէ ենթադրել որ աչքի զարնող կարողութիւններով օժտուած անձ մը երեսուն տարի պաշտօնավարէ եւ յիշատակելի ուրիշ գործեր չունենայ։
       Զոր օրինակ այն ատեն ի՞նչպէս եղան Սիսի եւ Էջմիածնի յարաբերութիւնները, Կարապետ ի՞նչ դիրք բռնեց հանդէպ Էջմիածնի, եւ Էջմիածին ի՞նչ դիրք բռնեց հանդէպ Սիսի. դարձեալ Էջմիածնի աթոռին վերահաստատումէն ետքը, Կիլիկիոյ աթոռին իրաւասութինը ո՛րչափ ամփոփուեցաւ, այսինքն որո՞նք եղան երկու աթոռներուն թեմական սահմանները։ Ի հարկէ այս խնդիրը ինքնին պիտի ծագէր. որովհետեւ մինչեւ ԺԷ. դար այսպիսի խնդիրներ յուզուեցան երկու աթոռներու միջեւ։
       Օրմանեան Սրբազանի տեսութիւնը հետեւեալն է այս մասին. - «Քանի որ Գրիգոր Էջմիածնի մէջ կը նստէր Ճիհան շահի հովանաւորութեամբ, եւ Կարապետ Սիսի մէջ հաստատուեցաւ Չաքմաքի պաշտպանութեամբ, բնական էր որ անոնց պետական սահմաններն ալ կաթողիկոսներուն իրաւասութեան գիծերն ըլլային, անոնց սահմաններէն անդին եղողներն ալ սահմանակիցներուն կապուելով, առանց որոշ եւ հաստատուն սահմանագիծ մը ունենալու, որով սահմանի վրայ եղող քաղաքներ շարունակ մէկէն միւսին կ՚անցնէին։ Այս խորհրդածութիւններէն կը հետեւցնենք թէ Կիլիկիայէն դէպ արեւմուտք, Գարամանցիներուն եւ Օսմանցիներուն հպատակ Հայերը բնական կերպով մը Սիսին կապուեցան, մանաւանդ որ մինչեւ քանի տարի առաջ Սիսը հայրապետանոց ճանչնալու վարժուած էին, եւ Էջմիածին իրենցմէ հեռու էր եւ յարաբերութիւնները դժուար։ Այդ մեր կարծիքին հաստատութիւն կուտայ Եւդոկացի Կարապետէն շուրջ 150 տարի ետքը կազմուած ցուցակ մը, ուր իբր Սսոյ աթոռէն ենթարկեալ վիճակներ կը նշանակուին Կիլիկիայէ զատ, Երուսաղէմ, Հալէպ, Կիպրոս, Նէոկեսարիա, Անկիւրիա, Կոստանդնուպոլիս եւ Թեսաղոնիկէ (Պէն. Ա. 823)։ Ինչ որ կը ցուցնէ թէ Եգիպտոսի սուլթանունէն դուրս, Գարմանացիներու եւ Օսմանցիներու ներքեւ եղող Հայերն ալ սկիզբէն Սիսի աթոռին յարած էին » (Ազգպտմ. էջ 2143-44)։
       Կարապետ Կթղի. ժամանակ Կիլիկիոյ աթոռին թեմերու վրայ հետեւեալ տեղեկութիւնները կուտայ Կիլիկեան Ժամանակագիրը. - «Սեբաստիա իւր թեմովն, այսինքն իւր այալէթովն, Մսրայ Սուլթանին էր, վասն որոյ եղեւ թեմ եւ վիճակ Սսոյ. եւ այժմ Սեբաստիա՝ Էջմիածնայ թեմ եղեւ. սակայն այալաթն, այսինքն՝ Կիւրին, Տարանտայ, Աշոտի , ԱղՏաղ՝ որ այժմ Պօզուխ ասի, եւ Ջունղուրու հողն, սոքա Սսայ վիճակ են. նուիրակ եւ առաջնորդ նոցա ի Սսայ կուգան» (Սիսուան, էջ 539)։
       Խրիմեան Հայրիկ, որ Սիս գացած է իբրեւ վարժապետ, շատ զգայուն, բանաստեղծական աւիւնով եւ պատմական խոյանքով թրթռուն ողբ մը հիւսած է Սիսի աւերածին վրայ, զոր հրատարակեց իր Արծուի Վասպուրականին մէջ (1855, Հոկտեմբեր ), կցելով անոր՝ Ձեռագիրներէ հանուած երկու ողբեր ալ, մին՝ ոտանաւոր, իսկ միւսը արձակ յիշատակարան մը։
       Այս վերջինը, որ գրուած է 1467ին, կը պատմէ Շահսուարի բերած աղէտքը Սսոյ վրայ։
       Եւդոկացի Կարապետ Կթղս. եւ իր անմիջական յաջորդները այս չարաղէտ ժամանակներու մէջ վարեցին իրենց պաշտօնը եւ պահեցին իրենց ժողովուրդը։
       Յառաջ կը բերենք այդ ողբերը, որոնք ընդօրինակուած են մեզ համար՝ ուրիշի մը ձեռքով, հետեւաբար չենք գիտեր թէ ո՛րչափ անսխալ։
       -«Այլ քեզ, ո՞ արդ մատուցեալ հարցանիցէ, ո՛վ դու Արծուիդ, որ իբրեւ զբու գիշերաշրջիկ ի բարձու դիտանոցիդ այդմիկ նստեալ հայիս ի վերայ աւերակացդ եւ մինչդեռ բնութիւնք առհասարակ լռեալ դադարին անձայն՝ դու հեծեալ վայես ստէպ ստէպ։ Համբա՛րձ զաչս քո եւ տես ո՛ւր պերճացեալ քաղաքն Սիս, ո՛ւր շինուած Սուրբ Սոփիա տաճարին, որ հանգունատիպ էր հրաշալւոյն Սողոմոնեան. ո՛ւր արքայաշէն պարսպապատ պալատն եւ բիւրաւոր ժողովրդոց բազմութիւն, որ իբրեւ զմարախ խուռներամ պատեալ կային շուրջ զլեռնաբերդաւս. ո՛ւր առաջին շինուածոցն շուք. ո՛ւր մեծամեծ ապարանք իշխանաց. ո՛ւր այն ճոխաճեմ հրապարակք. յորս բազմէին պատկառատեսակ հարկեւոր ծերունիք եւ պատանիք զուարթադէմ գօտի ածեալ պաշտէին եւ խաղասէր մանկերամիցն հոյլք յայսկոյս յայնկոյս ընթանային զուարճացեալք։
       Այսպիսի փառազարդ շքեղութեամբ պերճացեալն Սիս , ո՜հ , աւասիկ մերկացեալ տեսաք բնաւին յիւր պանծալի վայելչութենէն եւ որ երբեմն արքայաշուք փառօք պայծառանայր իբրեւ զԵրուսաղէմ կարգեալ ի հիացումն տեսողաց , աւա՜ղ , արդ զատեալ մենացեալ քաղաքն բազմաժողով իբրեւ այրի լցեալ տրտմութեամբ նստի թախծալից սեաւ ոգով ի միջի Կիլիկեան նահանգին։
       Փոխանակ ութսուն եւ հազար փարթամագոյն բնակչաց , արդ երկերիւր տունք մնացեալ կան եւ այն աղքատին յոյժ եւ տառապեալ եւ պարէնի աւուր կարօտ . փոխանակ մեծամեծ ապարանիցն՝ դուզնաքեայ խրճիթք գեղջկականք . պակասեալ են ծերքն ալեւոյթ , լցեալ կան հրապարակքն հողով , չերեւին բնաւ տեղիք նշանաւոր։
       Զի՞ քեզ , Արծուիդ իմ , ընդ այդոսիկ եւ եթ ողբալ թաղեալ զմեծն՝ առաւել եւս ողբա՛յ դու ընդ հրաշակերտ տաճարն սրբոյն Սոփիա , որում երկնակամար խորանն դեռ եւս անմահ է կիսականգուն շնչովն . ո՜հ , առ կամարաւս այս խոնարհեալ երբեմն օծանէին թագապսակ գլուխք Ռուբինեան արքայից եւ հանդէսք աշխարհագումար կատարէին։
       Արդ փոխանակ ուրախութեան օծմանս այսորիկ քուրձ զգեցեալ եւ սեւաթոյր քօղ զգլխովն արկեալ գեղազարդ վայելչապանծ հարսն Սոփիա նստեալ կայ ի վերայ մոխրոյ ի չորեք հարիւր ամաց հետէ ողբայ զթագազարդ փեսայն իւր անձկալի եւ լայ զպարազուարճ խրախացուցիչ մանկունս առագաստի իւրոյ . զորս երբեմն ի ծնողական մայրենի ծոցն գրկեալ գորովալիր գթով տածէր եւ խնամէր եւ ուրախ լինէր հանապազ ընդ որդիս իւր բազմացեալ։ Եղո՜ւկ վերջին թշուառութեանցն , որ հասին ի վերայ սորա , յորմէ փեսայն իւր տարաբախտ հանդերձ մանկամբք առագաստի վարեցան ի գերչացն , եւ ինքն այսպէս մենաւոր նստաւ այրիացեալ անմխիթար ոգով մինչեւ դարձեալ եկեսցեն անդրէն այցելութեամբ Տեառն վերջին փառք տան իւրոյ։
       Դադարեա՛ց դու արդ յողբոյդ , Արծուիդ իմ , թող ողբասցէ , որ կանխաւ քան զքեզ դիպեալ դառն աղետից սգաւոր հարսիդ չափական ձայնիւ ողբագրեաց այսպէս » (Արծուի Վասպուրականի, 1855, Հոկտ. թիւ 5, էջ 70)։
      
       ՍԻՍԻ ԱՌՈՒՄԸ
       Կարապետ Կաթողիկոսի ատեն Շահսուարի կողմէն, ըստ ականատես յիշատակագրողի.
      
       «Ի մեծի թուին Հայոց ՋԺԶ (=1467) ի բազմանալ մեղաց մարդկան եւ յազդմանէ չարին՝ Տուլղարցի ոմն Շահսուար անուն , եղեալ հակառակ Մսրայ սուլտանին , շատ աւեր էած անոր աշխարհին . եւ շատ թուրքման , զոր Ապաների կոչէին , զամէնն քշտեց եւ բազում չարութիւն գործեաց եւ էառ զՎահկայն։ Եւ յետ այսր ամենայնի խորհեցաւ չարութիւն Սըսոյ քաղաքին եւ բերդին . ուստի բազում հեծելազօրօք խաղաց ի վերայ նորա ի Յունիսի 2 օրին եւ հրկէզ արարեալ , անցեալ գնաց եւ էառ զԱտանա , զՏարսոն եւ զծովահայեաց քաղաքն Յայաս։ Էառ նա եւ զԱնարզաբա , զԿովառա եւ զամենայն դաշտսն։ Էառ եւ զՊիաղրասու բերդն , զԱնթապ , զՆայինպեց եւ զԼեւոն բերդն եւ զԿոպիտառա եւ յետոյ զԲարձրաբերդ եւ տիրեաց ամենայն լեռնակողմանցն։ Ելան յետոյ սուլտանայ հեծելազօրքն եւ գնաց Շահսուարն ընդդէմ Շամցուն եւ կոտարեաց եւ արար փախստական մինչ ի Հալապ եւ աւարեաց զբազում տեղիս եւ դարձաւ մըռմըռալով ի վերայ բերդին Սըսոյ եւ այրեաց եւ Չաք պարոն կայր ի բերդն , պատերազմ արարին քրիստոնեայքն ի բերդէն . շատ տաճիկ սպանին , բայց աւելի տագնապելով տուաք զբերդն ի Դեկ. 3-ին։ Եւ ի թւին ՋԺԷ (=1468) գնաց Շահսուարն դարձեալ ի Շամցուն երկիրն եւ առեալ հազար տուն տաճիկ Շահցի՝ էլից ի Սիս քաղաք։
       Դարձեալ եկն Շամպուն (Շամցուն ) մեծն եւ Շահսուարն գնաց ընդդէմ նոցա եւ Սըսա թուրքերն եւ Շահցիքն եղան մէկ ի Մայիս 14 եւ արարին պատերազմ եւ խլեցին զբերդի պարոնին զձեան եւ զջորեստանն եւ պարոնն բռնեց զքրիստոնեայս եւ եդ ի հորն եւ քաղաքացիքս ամէն թողաք զտուն եւ ըռզակ եւ ֆարսահ թուրքմանն թալնեց զքաղաքն եւ շատ ըռզակ առաւ եւ զեկեղեցւոյ անօթս կողոպտեցին եւ զամենայն աւերութիւն զոր արարին , չեմ բաւական ընդ գրով արկանել։ Եւ մեք եկաք ի Կոպիտառոյ բերդն։
      
       ՈՂԲ
       Այս ողբն ալ եթէ ո՛չ ականատեսի մը , բայց կրնայ ժամանակակցի մը կողմէն ոգուած ըլլալ։ Այս ողբին առաջին մասը մանաւանդ պատմական եւ նկարագրական արժէք մը կը ներկայացնէ։
       Մե՜ղք որ Խրիմեան չէ ճշգրտած Ձեռագիրներուն անունը եւ թուականը , եւ բաւականացած է ըսելով «հանեալ ի հին ձեռագիր յիշատակարանաց»։
      
       -Այլ մեք գոչեմք յոյժ ողբալով
       Եւ հառաչեմք արտասուելով
       Հոգւոց հանեմք կըսկըծելով,
       զՍիս քաղաքն ափսոսալով։
      
       Է՜ Սիս քաղաք, յոյժ գովելի,
       Թագաւորաց գահոյք կազմեալ.
       Դու թշնամեաց եղեր մատնեալ,
       Ձեռըն նեղչաց քոց քեզ տիրեալ։
      
       Դու Սիս քաղաք էիր ընտրեալ,
       Մայր քաղաքաց դու անուանեալ.
       Այժմ եղեր դու աւերեալ,
       Յանօրինաց կոխան եղեալ։
      
       Թագաւորն որ ի քեզ նըստեալ,
       Երկրորդ աթոռ էր անուանեալ,
       Երկու դիմօք զինքն յօրինած
       Եւ սուրբ Աջովըն հաստատած։
      
       Ճանապարհորդք ի քեզ եկեալ,
       Տեսեալ ըզքեզ եւ յոյժ սիրեալ.
       Հայոց ազգիս աթոռ շինեալ
       Եւ նոր Հըռոմ ըզքեզ անուանեալ։
      
       Սրբոց մասունք ի քեզ բազմեալ,
       Զէտ Ըստամպօլ մեծ կայսր եղեալ.
       Ըզդիս կըռոցըն խորտակեալ,
       Ըզսուրբ Սոփի մեծացուցեալ.
      
       Հանդէպ դըրան եկեղեցւոյն
       Յոյժ բարձրագոյն արձան կանգնեալ.
       Եւ սուրբ զանգակ ՚ի նմա կախեալ
       Գաբրիէլեան փող անուանեալ։
      
       Հեթանոսաց ի քեզ մըտեալ
       Եւ ըզտաճար քո սուրբ պըղծեալ.
       Մըրգապահաց խուղ արարեալ
       Եւ ըզդիակունս թըռչնոց արկեալ.
      
       Զքեւ շուրջ արիւն սըրբոց հեղեալ
       Եւ չէր ոք, ո՜հ, զնոսին թաղեալ.
       Առակ դրացեաց քոց արարեալ,
       Շըրջակայիցըն ծաղր եղեալ։
      
       Զերիտասարդս քո հուր կերեալ
       Եւ կուսանաց ոչ ոք սգացեալ.
       Քահանայքդ ի սուր արկեալ,
       Զայրիսըն քո ոչ ոք լացեալ։
      
       Ձայնք սաղմոսաց ի քէն հատեալ,
       Եւ պաշտօնեայք քո պակասեալ.
       Նուէր սեղանոյդ քո խափանեալ,
       Մարմին արիւն տեառն ոչ բաշխեալ։
      
       Ժամահարաց երգ ոչ հընչեալ,
       Պատարագունքըն դադարեալ.
       Անուշ երգունք ալէլուից
       Լըռեալ իսպառ եւ նըւազեալ։
      
       Ո՜հ թէ լինէր Տէր զարթուցեալ
       Իբրու զայր ոք զգինին թափեալ.
       Ըզթըշնամիս քո յետս հարեալ
       Եւ յաւիտեան զքեզ հաստատեալ։
      
       Ե՛ղբարք, եւ զայս մեք յուշ ածեալ,
       Թէ այս նոցա է՞ր պատահեալ.
       Զի սուրբք եղեն յոյժ նըւազեալ,
       Ճըշմարտութիւն մարդկան թողեալ։
      
       Ո՜հ առաջնորդքըն մոլորեալ,
       Ի սըրբութեանցըն հեռացեալ.
       Ժամ եւ աղօթք զոր արարեալ,
       Զայն մաքրութեամբ ոչ կատարեալ։
      
       Իշխանք նոցին զուղիղ չդատեալ,
       Զորբ եւ զայրին վշտացուցեալ.
       Եւ ժողովուրդն առհասարակ
       Խիստ անօրէն գործս ըստացեալ։
      
       Վասն այն Աստուած յոյժ բարկացեալ
       Եւ ցաւագին պատուհասեալ.
       Սաստիկ գանիւ զնոսին տանջեալ
       Իբրու զփոշի հողմով հոսեալ։
      
       Զայս ամենայն մեք յիշեցեալ,
       Օ՜ն ի մեղաց լիցուք մեկնեալ.
       Սովորական չարեաց զատեալ,
       Զբարի գործոց բուռըն հարեալ։
      
       Յեկեղեցիս յուսով դիմեալ,
       Զաղօթըս ըստէպ մեք կատարեալ.
       Ըզպահըս սուրբ յաւէտ պահեալ,
       Յողորմութիւնսն առատացեալ։
      
       Զյանցանս յատուկ խոստովանեալ,
       Արտասուելով ապաշխարեալ.
       Զնոսա տեսեալ մեզ ողորմեալ,
       Ըզպատուհասըն դարձուցեալ։
      
       Մի թէ լինի՝ Տէրըն գթացեալ
       Եւ ի չարեաց զմեզ պահեալ.
       Ի մեզ խնայեալ եւ ողորմեալ,
       Ըզպատուհասըն դարձուցեալ։
      
       Յաստիս ըզմեզ անփորձ պահեալ,
       Ի բանսարկուէն միշտ ազատեալ.
       Յանօրինացըն պահպանեալ
       Եւ ի չարեացն զերծուցեալ։
      
       Յոգեվարին աւուրն օգնեալ,
       Հրեշտակ բարի մեզ առաքեալ։
       Մարմնոյ, արեան Տեառն հաղորդեալ,
       Օրհնեալ հողով լիցուք թաղեալ։
      
       Յաւուր մեծի դատաստանին
       Ըզսուրբ Եկայքըն մեր լըսեալ.
       Յաջակողմեան դասըն կարգեալ,
       զՏէրն յաւիտեան օրհնաբանեալ։