Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թլկուրանցին ծանօթ է իբրեւ տաղասաց բանաստեղծ։ Իր տաղերը սիրուած են ժողովուրդի կողմէն եւ շատ տարածուած։ Հետեւաբար Թլկուրանցին մինչեւ հիմայ ալ ուսումնասիրուած է իբրեւ Բանաստեղծ քան թէ իբրեւ Կաթողիկոս։ Բանաստեղծ Թլկուրանցին ալ, սակայն, ճիշդ չէ ըմբռնուած զինքն ուսումնասիրողներու կողմէն։ Վասն զի եղած գնահատումներուն մէջ չափաւորին քով չափազանցութիւններ կան։ Ասկէ զատ, ոմանք Թլկուրանցիի արուեստին մարդկայնութիւնը շփոթած են մարմնաւոր կիրքերու հետ, եւ այս տեսակէտէն, զոր օրինակ, Օրմանեան եւ Անանիկեան, մեծ անիրաւութիւն ըրած են Թլկուրանցի բանաստեղծին անձն ու արուսետը քննադատելու ատեն։
       Թլկուրանցին իբրեւ բանաստեղծ ա՛յնքան գրաւիչ եղած է իր ժողովուրդին եւ զինքն ուսումնասիրողներուն աչքին որ անոր կաթողիկոսութեան պատմութիւնը անծանօթ մնացած է։ Մինչ Թլկուրանցին երեսուն վեց տարի վարած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, եւ անշուշտ ողջմտութեան բոլորովին հակառակ է կարծել թէ այդ երկար տարիներ անգործ ու ապարդիւն անցած ըլլան։ Իրողութիւնը այն է սակայն որ Բանաստեղծ-Կաթողիկոսը գործունեայ հոգեւորական մը եղած է, եւ իր բանաստեղծի խառնուածքը աւելցուցած է իր հոգեւոր բարձրագոյն պաշտօնին հմայքը։
       Որպէս զի կարենանք Թլկուրանցին պատկերացնել այնպէս ինչպէս որ կը ներկայանայ ան մեզ իր բանաստեղծութիւններուն եւ իր պաշտօնավարութեան մէջ, պէտք է ուսումնասիրել իր Ծագումը, իր Բանաստեղծութիւնը եւ իր Կաթողիկոսութիւնը։
      
       ԻՐ ԾԱԳՈՒՄԸ
       Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ իր տաղերուն մէջ ինքզինքը կ՚անուանէ Թուրկուրանցի , Թուլկուրանցի։
       Ո՞ւր է Թուրկուրան կամ Թուլկուրան, կամ Թուլգուրան, կամ Թիլկուրան եւ կամ վերջապէս՝ Թլկուրան, որ կը յիշուի իբրեւ աւան եւ գիւղաքաղաք եւ ծննդավայր Յովհաննէս Բ. ի։
       Մեր մատենագրութեան մէջ Թլկուրանի մասին առաջին տեղեկութիւնը կը գտնենք Մատթէոս Ուռհայեցիի քով, որ զայն կը ներկայացնէ իբրեւ բերդ։ Մուսուլի Մամտուտ (ըստ Է. Ռէյի ուղղագրութեան Maudoud) ամիրայն 1111-12ին պատերազմով գրաւեց այս բերդը, որ ատեն Եդեսիոյ փրանկ կոմսութեան սահմանին մէջ էր եւ քառասուն փրանկ բերդապահներ կը պահէին զայն, որոնք սրախողխող եղան Մամտուտի թիւրք զօրքերէն ։ Կ՚երեւի թէ Մամտուտ Ամիրա Թլկուրանը գրաւելէ ետքը, զայն յանձնեց Հայ իշխանի մը, Առիւծ անունով, որուն Ներսէս Շնորհալի թուղթ մը գրեց կրօնական խնդիրներու վրայ, իր եղբօր Գրիգորիս Կաթողիկոսի (1113-1166) հրամանով «ի խնդրոյ ուրումն աստուածասիրի Առիւծ՝ կոչեցեալ իշխանի Թլկուրան աւանի»։
       Այս թուղթին սկիզբը դրուած ծանօթութենէն կը հասկցուի թէ Թլկուրան աւանը կը գտնուի Միջագետքի Ամայք նահանգին մէջ, ուր հայ ժողովուրդ մը կայ, որուն քահանաները վէճի բռնուած են իրարու հետ կարգ մը կրօնական խնդիրներու մասին, եւ տեղւոյն իշխանը Առիւծ՝ ուղղակի դիմած է Հռոմկլայ՝ Կաթողիկոսին, որպէս զի այդ վիճելի խնդիրներուն նկատմամբ գրէ հարկ եղածը քահանաներուն եւ դադրեցնէ վէճը։
       Միջին դարերուն Միջագետքի մէջ բարգաւաճ հայութիւն մը կար, եւ Թուլկուրան մէկն էր Միջագետքի հայաբնակ վայրերէն, ուր ծնած է մեր բանաստեղծ Կաթողիկոսը։ 1388 (ՊԼԷ)ին Ստեփանոս Երէց՝ Երկոտասան Նահապետաց կտակը կը գրչագրէ «ի գիւղաքաղաք Թուրկուրանիս, յԱստուածածին սուրբ տաճարիս » (Տաշեան Ցուցակ, էջ 13)։ ԺԷրդ դարուն մէջ կը յիշուին նոյն տեղէն ուրիշ երկու եկեղեցականներ, «Թուլկուրանցի Նիկօլի աշակերտն Կրպօ Թուլկուրան», որոնց առաջինը , Թլկուրանցի Նիկողայոս Վրդ ., 1657 ին փոխանորդն է Կ. Պոլսի Պատրիարք Բերիացի Թովմասին (Չամչ. Գ ., էջ 672. եւ Երեմիա Չէլէպի, հրտրկ. Տքթ. Թորգոմեան, էջ 51 եւ 382)։
       Հայ աշխարհագիրներ Թուլկուրանը կը նոյնացնեն Յոբի հայրենիք Աւսիտի հետ (Ալիշան, Քղքկն. Աշխարհ. էջ 565)։
       Ըստ Կ. Կոստանեանցի Թուլկուրան «գտնուում է Հայոց Միջագետքում Տիարբէքիր կամ Ամիդ քաղաքից դէպի հարաւ » (Յովհ. Թլկուրանցին եւ իւր Տաղերը, էջ 5)։ Ըստ Չօպանեանի Թէլ- Քավրան է Թուլկուրան, փոքրիկ քաղաք մը, Վիրան- Շէհիրի մօտ, «Հայկական Միջագետք»ի շրջանակին մէջ (La Roseraie d՚Arménie, Tome Second, p. 153)։
       Բայց Զաւէն Սրբազան, ըսաւ ինձ, թէ ինքն ստուգած է Սեւերեկի Աւագերէց Տ. Մարտիրոս Քահանայէն որ այժմ Թլկուրան անուն գիւղ մը կայ Սեւերեկի հարաւային կողմը, Վիրան-Շէհիրի մօտ, 20-25 տուն բնակչութեամբ, որ քիւրդ են՝ արաբ տարազով։ Տ. Մարտիրոս անձամբ գացած է Թուլկուրան գիւղը։
       Միջագետքի հայաբնակ քաղաքներուն հայութիւնը բնաջինջ եղած է բոլորովին, ինչպէս նաեւ Եփրատի Միջագետքեան հովիտը, Հռոմկլայէն մինչեւ Ճարապլուս, ուր Քեահթայի եւ Կարկառի պէս նշանաւոր հայաբնակ քաղաքներ կային։ Հայութիւնը միայն 1915ին չէ որ տեղահան ու տարագիր եղած է իր բոյնէն…։
       Պիտի ըսէինք վերջապէս թէ մեր բանաստեղծ Կաթողիկոսին ծննդավայրը, Թլկուրան, հայաբնակ շէն տեղ մը եղած է Միջագետքի մէջ։ Այնքան գէշ աւերուած են այդ տեղեր որ հայութիւնը յիշեցնող քիչ բան թողուած է եւ կամ բոլորովին ջնջուած է։
       Է. Ռէյ հետեւեալ տեղեկութիւնները կուտայ Շըղպըթանի մասին.
       - «Կէս դարու չափ գոյութիւն ունեցաւ Եդեսիոյ կոմսութիւնը, այն ալ պատերազմական տեւական վիճակի մը մէջ, եւ հետեւաբար չկրցաւ ունենալ շատ լաւ գծուած որոշ սահմանագլուխներ։ Բայց ան կը տարածուէր Մալաթիոյ, Սէվէրէկի, Ուրֆայի, Մարաշի եւ Անթէպի փաշալըգները կազմող գաւառներու վրայ։
       Այս կոմսութիւնը Եփրատի ձախ կողմին վրայ կը պարունակէր Մարտինի մօտիկ բոլոր գաւառը, Եդեսիոյ, Թէլկուրանի եւ Թէլայի երկիրները, Ապուլֆարաճի եւ արաբ պատմագիրներու կողմէն Շա՛պաքթան (Schaabaktan) կոչուած նահանգը, որ կը տարածուէր Եդեսիոյ հարաւը, ինչպէս նաեւ Սրուճի բոլոր շրջանակը, որ վաղ ժամանակներէ ի վեր հռչակաւոր է իր պտղաբերութեամբ…։
       Կանխեցինք ըսել թէ Եփրատի ձախ կողմը, Եդեսիոյ կոմսութեան կը պատկանէր Շա՛պաքթան (=Շըղպըթան) նահանգին ամէնէն մեծ մասը եւ կը տարածուէր մինչեւ Մարտինի կողմերը, եւ ըստ Իպն-էլ-Աթիրի իր անունը կ՚առնէր խումբ մը բլուրներէն, որոնք կը բարձրանան Խառանի եւ Պաս-էլ-Այնի միջեւ։ Փռանկներ այս նահանգին մէջ ունէին սա քաղաքներն ու ամրոցները. Պիր (=Պիրէճիք), Սրուճ, Ճօմօլէն (ըստ Մտթ. Ուռհայեցւոյ Ջօլման), Էլ-Մօէզզըր, կամ Մօսարա, Էլ-Քօրատի, Սին-Իպն-Օթէր։ Եդեսիոյ կոմսը Ճօսլին Բ. առաւ եւ կործանեց այս շրջանակի ամրոցներէն մէկը, որ նոյն ինքն Շըղպըթան անունը կը կրէր» (Les Colonies Franques, եւն. էջ 301)։
       Այստեղ, Երուսաղէմ, Ս. Յակոբի շրջափակին մէջ, Ս. Թորոս եկեղեցւոյն աւանդատունը, որ մթաստուեր մատուռ մըն է՝ նուիրուած Ս. Կարապետի, սպիտակ մարմարէ խաչքար մը կայ հիւսիսային պատին վրայ թաղուած, որուն յիշատակագրութեան համեմատ Թլկուրանցիին հօր անունն է Ղուկաս, իսկ մեծ մօր անունը Տւիլ (Տաւիլ?)։ Յիշատակագրութեան մնացած մեծ մասը դժբախտաբար այնպիսի սղագրութեամբ քանդակուած է որ անկարելի եղաւ քակել։ Ապա թէ ոչ պիտի գիտնայինք իր ծնողաց եւ պարագաներուն անունները լման։
       Տրդատ Վրդ. Պալեան հազիւ կրցած է կարդալ այս խաչքարի գիրերուն առաջին երեք տողերը այն ալ ոչ-անսխալ (Նկրգր . Ս. Երսղմի. Տպ. Կ. Պոլիս, 1892, էջ 123-124)։
       Խաչքարիս չափն է 62, 5 x 31, 5սմ. որու վերին մասը խաչ մը քանդակուած է, իսկ վարի մասին վրայ 28, 5 x 31, 5, գրուածքը։
       Խաչքարը այնպէս մը թաղուած էր պատին վրայ որ եզերքները գաճի տակ էին մնացած, խափանելով գիրերը։ Մենք խաչքարին եզերքները մաքրագործեցինք, եւ կարելի եղած ճշգրտութեամբ ընդօրինակեցինք հետեւեալը։
      
       ԹՎ. †ջնջուած
      
      
       ՅԻՇ Է+ ԽՉՍ ՅՈՀԱՆ + ԷՍ ԿԱԹ
       ՈՒՂԻԿՈՍԻՆ։ ԹԻԼԿՈՒՐԱՆՑՈՒՆ .
       ԵՒ ԾՆԱՒՂԱՑՆ ՂՈՒԿԱՍԻՆ ԵՒ
       -ՆՐԻՆ ՄԵԾ ՄԱԻՐՆ ՏԻԻԼ ԵՊ
       ԱԿՆ ԵՍԷ։ ԹԱԹՍՆ ՍԻՕՆ։ ՂԱԶԻՆ
       ԻՇԽԻՆ ԾԱՌՆ ՍԱԳՆ։ ՈՎԻՆ ԻԱՂԵ
       ՄՆ։ ՍՏՆ։ ԵՂՆ։ ՔԱՃՆ։ ԿՐՆ։ ՆՐՆ։ ՅՈ
       ՎՆ ՅԻՇԵՑԷՔ Ի ՏՐ ՓՆՍՆ։
      
       Խաչքարս շատ վնասուած է, եւ այս պատճառաւ կոտրուած է աջ անկիւնն ալ եւ կորսուած է թուականը կամ ջնջուած։
      
       ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
       Թլկուրանցին կարգ մը աշուղներու պէս անուս, բնածին տաղա՞նդ մըն է, եթէ ոչ՝ ուսեալ բանաստեղծ մը։- Ուսեալ բանաստեղծ մըն է անշուշտ, բնածին տաղանդով. եւ ասիկա յայտնի է իր արուեստէն ու իր լեզուէն։ Պիտի ըսենք նոյն իսկ թէ փիլիսոփայ-բանաստեղծ մըն է։ Շատ լաւ թափանցած է մարդկային հոգեբանութեան։ Շատ լաւ կը դիտէ եւ կը նկարագրէ բնութիւնն ալ։ Շատ լաւ իւրացուցած է նաեւ Սուրբգիրքը , իր ժամանակին ըմբռնումով եւ գիտութեամբ։ Թլկուրանցիի հայերէնը հիանալի է պարզապէս։ Ուսեալ, գեղեցկագէտ, ճաշակի տէր բանաստեղծ մը միայն կրնայ տալ բառերուն այնպիսի իմաստներ եւ դարձուածներ, որոնք լեզուին արտայայտութիւնը ծաղիկներու պէս կը պճնեն ու կը պերճացնեն, երանգներու պէսպիսութեամբ եւ կենդանութեան ճառագայթումներով։
       Թլկուրանցին իր Է՜ մահ տաղին մէջ կ՚ակնարկէ իր իմաստուն անձի արժէքին.
       -Ի՞նչ շահ է իմաստութիւնս.
       Քան զտգէտ աղքատ մեռայ ես։
       Իրեն գրեթէ ժամանակակից են Մկրտիչ Նաղաշ, Տիգրանակերտի նշանաւոր արքեպիսկոպոսը, նոյնպէս տաղասաց, եւ Աղթամարի Կաթողիկոսը Գրիգորիս, այս ալ նոյն արուստէն, երկուքն ալ ուսեալ բանաստեղծներ. բայց ասոնց եւ ոչ մէկը կը հասնի Թլկուրանցիին՝ արուեստի եւ լեզուի ինքնատպութեան կողմէն։
       Ինձ շատ հաւանական կը թուի որ Թլկուրանցին իր երիտասարդութեան մէջ իսկ նուիրուած է կրօնաւորական կեանքի, այն ալ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ։
       Իր Աչերդ է թուխ տաղին մէջ կ՚ըսէ Թլկուրանցին.
       -Ասա՛ զբանս Յովհաննէս.
       Է՞ր կու խնայես.
       Դու սուրբ Կարապետի
       Ճորտն ու ծառան ես։
       Սո՛ւրբ Կարապետ,
       Շատ կու խնդրեմ զքեզ.
       Զասողքս եւ զլսողքս
       Ի Չարէն փըրկես։
       Կոստանեանց հիմնուելով այս տողերու վրայ , կ՚ըսէ.
       - «Աւանդութեամբ հասել է մեզ այն գաղափարը թէ «Մշու Սուլթան մուրատատու» սուրբ Կարապետը հաւատով իրեն ապաւինողներին, իրեն ուխտաւորներին, պարգեւում է զանազան ձիրքեր, ինչպէս են նուագելը, երգելը, լարի վերայ խաղալը, եւայլն։ Նոքա, որոնք իրենց եօթնամեայ պահեցողութիւնից եւ իրենց ուխտը սրբութեամբ կատարելուց յետոյ հասնում են իրենց բաղձանքին, իրենց համարում են ծառայ եւ ճորտ Ս. Կարապետի. դոքա են զանազան աշուղները, ըմբշամարտները, լարախաղացները, եւալն։ Արդեօ՛ք Յովհաննէս Թլկուրանցին ա՞յդ իմաստով է խօսում իւր մասին, թէ նա նուիրուած է եղել Ս. Կարապետի անունը կրող մեծ վանքի, չենք կարող որոշել։ Սակայն նորա երգերի մեծ մասի ներքին բովանդակութիւնից կարելի է մակաբերել, որ նա առաջին իմաստո՛վ է իրեն անուանել «Ծառայ եւ ճորտ Ս. Կարապետի» (Յովհ. Թլկուրանցի եւ իւր Տաղերը, էջ 7)։
       Առանց վարանումի կարելի է ըսել թէ Թլկուրանցին Մշու Ս. Կարապետին կ՚ակնարկէ. եւ մենք տարբերելով Կոստանեանցէն պիտի ըսենք մեծ հաւանականութեամբ թէ Թլկուրանցին Մշու Ս. Կարապետի միաբան է. հո՛ն պատրաստուած է հոգեւորական կեանքի, եւ հո՛ն սկսած է տաղել եւ երգել, Հայաստան աշխարհի նշանաւոր Սուրբին, Յովհաննու Կարապետին պաշտպանութեան տակ։ Եւ ինչպէս կ՚երեւի իր Տաղերէն, Թլկուրանցին բնածին տաղանդ մը եղած է ո՛չ միայն իբրեւ տաղասաց, անշուշտ նաեւ երգահանը իր այլ տաղերուն, նաեւ իբրեւ ըմբռնող աշխարհաբար գրելու պէտքը։ Այսքան յաջողութիւն հրաշքով չէ՛ որ պիտի իրագործուէր տաղանդաւոր Թլկուրանցիին վրայ, այլ կանոնաւոր աշխատութեամբ եւ ուսումով։
       Մենք իրականութեան հակառակ կը գտնենք Կոստանեանցի այն կարծիքը թէ Թլկուրանցին աշխարհիկ ու ամուսնացեալ անձ մը եղած ըլլայ եւ յետոյ շուշտակ կրօնաւոր։ Ձրի կարծիք մըն է ասիկա. որովհետեւ Թլկուրանցիի տաղերուն մէջ ոեւէ ակնարկ չկայ այս մասին։ Կոստանեանց իր այս կարծիքը կը հիմնէ այն իրողութեան վրայ թէ Թլկուրանցիի տաղերուն մէջ գեղեցիկ սեռը շատ ճշդութեամբ եւ մանրամասնութեամբ նկարագրուած է, եւ կը հետեւցնէ թէ ասիկա ընտանեկան կեանքի մը հետեւանք կրնայ ըլլալ միայն (էջ 15)։ Օրմանեան, Կոստանեանցի կարծիքին հաւանելէ յետոյ, քայլ մըն ալ յառաջ կ՚երթայ ըսելով. «Պիտի աւելցնենք եւս թէ երիտասարդութիւնը սիրոյ եւ զուարճութեան նուիրելէ ետքը յանկարծական դէպքի մը առջեւ փոփոխուած եւ եկեղեցւոյ նուիրուած պիտի ըլլայ (Ազգպտմ. էջ 2211)։ Ենթադրութիւն մըն է այս ալ։ Իսկ Մ. Յ. Անանիկեան այնպիսի կարծիք մը յայտնած է Թլկուրանցիի մասին, որ հակառակ է ողջմտութեան եւ քննադատական անաչառութեան։ «Այս բանաստեղծը, կ՚ըսէ Անանիկեան, սէր կ՚երգէ եւ գեղեցիկը կը դրուատէ՝ սիրահարի մը բոլոր ջերմութեամբ եւ ճոխութեամբ։ Բայց իրեն անխուսափելի քրիստոնէական պարտականութիւնը կը համարի իր քերթուածներուն աշխարհիկ ազդեցութիւնը ոչնչացնել իր վերջին տողերուն մէջ։ Չարաճճի կեղծաւոր մըն է այս մարդը թէ հոգեւոր եւ թէ մարմնական կեանքերու անյաղթելի երկուութենէն տանջուող բարեպաշտ աշուղ մը. թող ընթերցողը տայ իր վճիռը » (Կոչնակ, 1923, էջ 969-70)։ Անանիկեան իր անիրաւ վճիռը արձակելէ ետքը, իր ընթերցողը ազատ կը թողու իր ուզած վճիռը տալու։
       Իսկ մեր ուսումնասիրութեան արդիւնքը այն է որ Թլկուրանցին ո՛չ շուշտակ մըն է Կոստանեանցի կարծածին պէս, ո՛չ իր երիտասարդութիւնը սիրոյ եւ զուարճութեան նուիրած մէկն է, Օրմանեանի ենթադրածին պէս, ո՛չ ալ «չարաճճի կեղծաւոր մը », Անանիկեանի երեւակայածին պէս։
       Թլկուրանցին, միայն Կոստանեանցի հրատարակած Տաղերուն մէջ այնպիսի տողեր ունի, որոնք կ՚աղաղակեն թէ ինքն կրօնաւոր մըն է, եւ այդ կրօնաւորական կեանքին մէջ է որ երկնած ու ստեղծած է հետեւեալ պատկերները.
       Գենայ բահար տաղէն.
       -Մարդ որ սիրոյ կու հադիպի,
       Նա քան զկրակ կու լինի վառ.
       Այլ ոչ աղօթք ի միտ կուգայ,
       Ոչ Յայսմաւոր եւ ոչ ալ Ճառ։
      
       Արեւ նման տաղէն.
       -Դուն օրինակ ես աղէկնուն.
       Զքեզ սիրէ Աստուած եւ մարդ.
       Հաբեղանւոյն ես որոգայթ,
       Քահանայից ականակուռ զարդ.
       Զմեակեցին խելքն տանիս,
       Որ կացեր է զօրն անարատ։
       Բոլոր անձամբդ սուրբ անարատ,
       Ես կու գրեմ զիս քեզ մատաղ,
       Ու քեզ ծառայ ու քեզ զէքաթ։
       Բայց ասեմ, ճարակ չկայ.
       Մահու մեղաց ներքեւ եմ ես,
       Հայիմ քեզ, հայիմ ի նա
       Որ ի հողոյ ստեղծեր զքեզ։
       Խեւ Յովհաննէս Թուլկուրանցի
       Զօրն ի բուն ընդ այլ կ՚ասես,
       Զմարդն ի կրակ կու ձգես,
       Դառնաս, լնուս ջուր , ւ՚անցունես»։
      
       Լոյս երեսացդ տաղէն.
       -Հարիւր տարւոյ հաբեղանին,
       Որ ճերմակն է դարձեր դեղին,
       Կտրէ զկօռտիկ պատարագին
       Որ քեզ ուզէ առջեւ խաչին։
      
       Դու գարնանային տաղէն.
       -Սէրն կու տանի զամօթն երեսէն,
       Ի հաբեղայէն եւ ի վարդապետէն.
       Երէց, սարկաւագ կու ձգէ ի կարգէն,
       Տանի զխելքն ի գլխուն, զամօթն երեսէն.
       Անէ մալամաթ, հանէ արեւէն.
       Սիրով մի՛ սպանաներ Ճէլլէտ էֆէնտի։
      
       Ես զձեզ տեսայ տաղէն.
       -Թէ վարդապետն զձեզ տեսնու,
       Մոռնայ զուսումն ու շատ գրունք,
       Ամէն անձամբ ի դող ելնու,
       Անցնի ամառն ու ձմեռունք։
      
       Քեզ հոգեւոր խրատ մի տամ տաղէն.
       -Պօղոս առ մեզ կու հրամայէ,
       Թ՚արբեցութիւնն խիստ չար է։
      
       Վասն սուտ սիրելեաց, Ի վերայ մահուան, Թէ մահն չէր տաղերը բոլորովին հոգեւորական ու բարոյագիտական են։ Եւ իր տաղերուն այս ներքին փաստերը ցոյց կուտան թէ Թլկուրանցին նոյն իսկ իր ամէնէն կրակոտ սիրոյ երգերը գրած ատեն վեղարաւոր մըն էր, եւ ոչ թէ աշխարհիկ զբօսանքներու մատնուած մը կամ շուշտակ մը։ Շատ շատ, բանաւոր է ըսել թէ իր ամէնէն աւելի հոլանի եւ համարձակ համարուած տաղերը գրած ու երգած է իր երիտասարդութեան տարիներուն։
       Թլկուրանցին իրատես մարդ մըն է. կեղծիք չունի, պարտկում չի սիրեր։ Մարդը եւ մարդկային բաները լա՛ւ գիտող մըն է, եւ իր երիտասարդութենէն մինչեւ իր կաթողիկոսութինը կուսակրօն հոգեւորական մըն է, տաք խառնուածքով։ Կը նկարագրէ իր զգացումները, իր կիրքերը եւ կը հակակշռէ զանոնք բարոյական պարտաւորութեան մը զուարթ գիտակցութեամբը, եւ դասեր կը հանէ անոնցմէ բոլոր անոնց, աշխարհական թէ եկեղեցական, աշխարհիկ վայելքներուն ու հաճոյքներուն չափազանցութիւններէն եւ վտանգներէն զգուշացնելու համար զանոնք։
      
       Ի վերայ մահուան տաղէն.
       յԱդամայ մինչեւ այսօր,
       Շունչ կենդանի զոք չէ թողած.
       Գիտեմ չլսես խրատու գրոց,
       Մեղաւորաց թ՚ինչ կայ պահած։
      
       Թլկուրանցիին սիրոյ երգերուն հոլանի եւ համարձակ պատկերները հասկնալու համար պէտք է աչքի առջեւ բերել Սուրբգրոց Երգերգոցը, եբրայական բանաստեղծութեան ամէնէն սիրաբան (e՛ rotique) Տաղը։ Երգերգոցը տառապէս ամէնէն իրապաշտիկ պատկերն է յանձին կնոջ մարմնաւորուած սիրոյն։ Բայց այդ հոլանի Երգերը Երգերուն՝ սէմպօլիք քնարերգութիւն մըն է, նուիրագործուած քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ։ Երգերգոցը իր այդ խորհրդաւոր հանգամանքով Ե՛րգն է մաքուր սիրոյ, ըսենք պղատոնական սիրոյ, եւ Թլկուրանցին ներշնչուած է Երգերգոցէն, իր բոլոր համարձակութիւնները կը պարտի ատոր, եւ ատոր կռթնելով է որ ինքն ալ իր զմայլելի հայերէնով նուագեր է աշխարհիկ կեանքին Երգերգոցը հայ ժողովուրդին մէջ, այնքան գրաւիչ ոճով եւ այնքան ժողովրդական ոգիով, բոլոր այն տաղասաց=բանաստեղծներուն պէս, որոնք ժամանակակից են իրեն եւ որոնց լուսաշող կաճառը կը փայլի իրմէ յառաջ եւ իրմէ ետքը, աշխարհաբար գրականութեան պատմութեան հորիզոնին վրայ։
       Մենք կը հաւատանք որ աշխարհի եւ մարմնի զբօսանքներուն նուիրուած Օգոստինոս մը (354-430) օր մը կրնայ ամէնէն հոգեխօս մատենագիրը եւ աստուածաբանն ու սուրբը դառնալ արեւմտեան եկեղեցւոյն. մենք կը հաւատանք որ մարդը մա՛րդ է կեանքի բոլոր հանգրուաններուն վրայ, բայց չենք հաւատար ամենեւին որ հայ ժողովուրդը այնքան անբարոյացած նկատուի եւ Հայց. Եկեղեցին այնքան ինկած համարուի որ մարմնի կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն մէջ թաթախուած մէկը, թող ըլլայ նոյն իսկ իր ժամանակին ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծը, բերեն եւ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացնեն։ Նոյն իսկ սա մեր «ազատախոհ » ժամանակներուն մէջ այս ազգը Նարպէյի պէս բանաստեղծ մը Կ. Պոլսի Պատրիարք չըրաւ, հակառակ անոր ուրիշ շատ մը չքնաղ յատկութիւններով եւ առաւելութիւններով օժտուած ըլլալուն, եւ Աշըգեան Խորէնը նախադասեց Նարպէյ Խորէնին։
       Ինչպէս կարգ մը ուրիշ բանաստեղծներուն, նոյնպէս Թլկուրանցիին համար գեղարուեստ մըն է բանաստեղծական սիրոյ պատկերներ գծել եւ բարոյականներ հանել անոնցմէ։ Թլկուրանցին Աստուածածինն ալ երգած է, Արարչագործութիւնն ալ սկսած է երգել, բայց չէ կրցած աւարտել։ Եւ իր արուեստին արուեստը փայլեցնելու համար իր Տաղերը գրած է երեք լեզուով, հայերէն, թիւրքերէն եւ պարսկերէն. զուտ թիւրքերէն տաղեր ալ գրած է Թլկուրանցին։
       Իր արուեստին վրայ կը խօսինք յաջորդ հատուածին մէջ, երբ գայ կարգը բանաստեղծ Թլկուրանցիին։
       Հոս բաւական է, իբրեւ մէկ կողմը կեանքին, ինչ որ ըսինք իր կրօնաւորութեան վրայ, իբրեւ միաբան Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին։ Չենք գիտեր թէ կաթողիկոսութենէ յառաջ առաջնորդական պաշտօն ալ վարա՞ծ է. - շատ հաւանական է ասիկա, եւ մենք կը կարծենք թէ Յովհաննս Բ. ո՛չ միայն բնիկ Թլկուրանցի է, այլ նաեւ Առաջնորդ կամ Եպիսկոպոս Թլկուրանի եկեղեցւոյն. այս ենթադրութիւնները կ՚ընենք նկատի առնելով իր Տաղերուն վերջաւորութիւնները, ուր կը շեշտէ Թլկուրանցի ըլլալը.
       Խեւ Յովհաննէս Թուլկուրանցի։
       Խեւը ինքնափաղաքշում մըն է բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ տաղասացի մը համար, որ աշխարհի բոլոր ունայնութիւնները կ՚երգէ ու կը գեղեցկացնէ զանոնք, անգամ մըն ալ շեշտենք, պարզապէս բարոյական դասեր հանելու համար ատոնցմէ իր Տաղերը սիրողներուն։
       Թլկուրանցին երկարակեաց մը եղած է, եւ խնամքով կ՚ուզենք դիտել տալ թէ մարմնի հաճոյքներուն մէջ հալած մաշած անձի մը համար բնախօսապէս անհնարաւորութիւն մըն է ութսունէ աւելի տարիներու գործունեայ կեանք մը ապրիլ։
       Թլկուրանցին «Է՜ մահ, քանի՜ զքեզ յիշեմ» տաղը կը վերջացնէ սա՛ խօսքերով։
       -Յովհաննէս Թուլկուրանցի։
       Զուր կ՚ասես, զայլ ոք խրատես.
       Եօթանասուն տարի լցեր
       Ի մեղաց մէջն ես կացեր։
      
       Թուլկուրանցին վախճանեցաւ կամ 1524ին վերջը եւ կամ 1525ին սկիզբը Մայիսէն յառաջ եւ թաղուեցաւ ի ՎԱՀԿԱ (Սիսուան, էջ 535բ ). պահ մը ենթադրելով որ այդ տողերը գրած ըլլայ 1525ին, այն ատեն ծնունդը կ՚իյնայ 1525-70=1455ին։ Իր կաթողիկոսութեան տարին է 1489 Յունվար 6, եւ այդ կը նշանակէ թէ կաթողիկոս եղած պիտի ըլլայ 34 տարեկանին , (1489-1455=34) ինչ որ հաւանական չի թուիր մեզ. առնուազն 45 կամ 50 տարեկան պէտք է ենթադրել կաթողիկոսութեան կոչուած ատեն. այս հաշուով՝ Թլկուրանցին վախճանած պիտի ըսենք 80-85 տարեկան, որուն 36ը նուիրեց Կիլիկիոյ աթոռին ծառայութեան, ինչպէս որ պիտի տեսնենք։
      
       ԻՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
       Թլկուրանցիին ամէնէն յայտնի եւ ամէնէն գրաւիչ կողմը եղած է իր բանաստեղծութիւնը, իր ընտրած նիւթերով, իր արուեստով եւ իր լեզուով։ Ալիշան, Կ. Կոստանեանց, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան եւ Ա. Չօպանեան իրենց արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններով եւ գնահատումներով Թլկուրանցիին տուած են միջնադարեան հայ տաղասացներու շարքին մէջ առաջին տեղը։
       Թլկուրանցիի բանաստեղծութեան նիւթը, ասիկա տեսանք վերեւ, մեծ չափով սէրն է եւ գեղեցկութւինը կնոջ։ Գծուած պատկերները ստուգիւ կենդանի, գեղեցիկ եւ գրաւիչ են։ Հոգեւորական մը ի՞նչպէս կրցեր է այսքան ազատ ու համարձակ կերպով զբաղիլ այսպիսի հոլանի նիւթերով եւ տաղել եւ երգել զանոնք ։
       Թլկուրանցիի արուեստը իրապէս խորհրդապաշտական է։ Այդ բոլոր սիրուն տաղեր ու երգեր, հակառակ իրենց իրապաշտիկ, մերկ ձեւերուն եւ կերպերուն, մարմնի ցանկական հեշտութիւններէն վեր ըմբռնումներ են, բուն բանաստեղծութիւնն է, որ մաքուր է ըստ ինքեան, եւ միսերու ու ջիղերու ժամանակաւոր ու վաղանցիկ խտղտանքէն չէ՛ որ կը բխի։ Կանխեցինք արդէն դիտել տալ թէ Երգ Երգոցն է որ այդ համարձակ եւ իրապաշտիկ հանգամանքը կուտայ իր արուեստին։ Թլկուրանցին մարմնի հաճոյքները երգող մը նկատել, մխրճուած շուայտութիւններու մէջ, ասիկա պարզ հակասութիւն մը պիտի ըլլայ։ Վասնզի մարմնի հեշտաքներուն մէջ խորասուզուած մէկը չի կրնար ունենալ բանաստեղծական այն թռիչքը, զոր ունի Թլկուրանցին։ Հաճոյքներու մատնուած մէկը ատոնցմո՛վ իսկ կը գոհանայ, եւ չի կրնար այլեւս բանաստեղծել, երգել, ատոնք կը գինովցնեն ու կը բթացնեն զայն։ Արուեստին մաքրութիւնը եւ բարձրութիւնը, երեւակայութիւնը, - բանաստեղծական արտայայտութեան այդ աղբիւրը-, զգացումներուն կրակը, լեզուին շնորհը, բուն բանաստեղծութենէն ճառագայթող մագնիսումը, մէկ խօսքով, բանաստեղծութեան բոլոր յատկութիւնները կը թուլնան, կը լուծուին, կը մարին եւ կը կորսուին յաւէտ՝ մարմնի ցանկութիւններուն եւ հեշտութիւններուն մէջ։ Իսկապէս բնախօսական այս իրողութիւնը միայն բաւական է Թլկուրանցիի արուեստին տեւող հմայքը բացատրելու համար։
       Մարդասպանութեան հաւասար ոճիր մըն է Թլկուրանցին դատել իբրեւ հաճոյքներու գերի, «չարաճճի կեղծաւոր » մը։
       Չենք ուզեր կրկնել տարբեր ձեւերով ինչ որ ըսինք ու շեշտեցինք նախորդ հատուածին մէջ Թլկուրանցիին անձը եւ արուեստը պաշտպանելու համար, զինքն չհասկցող յախուռն եւ բոլորովին անիրաւ ու անարդար քննադատներուն բասրանքներուն դէմ։
       Տեսնենք հիմայ բանաստեղծ Թլկուրանցիի գործին ու արուեստին շուրջ յայտնուած կարծիքները։
       Չամչեան, Մկրտիչ Նաղաշի եւ բժշկապետ Ամիրտովլաթի վրայ գրելէ ետքը, կ՚ըսէ. - «Յայն աւուրս էր եւ Յովհաննէս Վրդ. Թուլկուրանցի, որ եղեւ կաթողիկոս Սսոյ ի թուին Հայոց ՋԼԸ. (=1489). սա արար գիրս ոտանաւորաց բազմոտնեան՝ միջակ եւ ստորին ոճով՝ իբր մեկնութիւն գրոցն Ծննդոց, քաղեալ ի բանից մեծին Վարդանայ Վարդապետի » (Պտմ. Հայոց Գ. էջ 508)։ «Միջակ եւ ստորին ոճ»ը՝ գրաբարի նայելով որակում մըն է. վասն զի Թլկուրանցիին հայերէնը ժողովուրդին միտքը ու զգացումները արտայայտելու կարող աշխարհաբարացած հայերէն մըն է։
       Ալիշան. - «Այլ ամէնէն աւելի բանաստեղծ եւ տաքսիրտ Յովհաննէս Թլկուրանցի, որ ատեն մը սիրոյ եւ գովասանաց երգեր երգած է, ատեն մ՚այլ Սսոյ կաթողիկոս է եղած» ։
       Քաջն Լիպարիտի մասին գրուած տաղին (Հոգւովդ սուրբ ես եւ անբիծ) վրայ խօսելու ատեն (Անդ, էջ 519), կ՚ըսէ. - «Երգոյս հեղինակն աշխոյժ երգիչն Յովհաննէս Թլկուրանցի, որ եւ Սսոյ կաթողիկոս եղաւ ԺԵ դարու վերջերը (1489-1525)։
       Հ. Ղ. Յովնանեան. - «Երկու ժամանակակից Քերթողներէն՝ (=Մկրտիչ Նաղաշ եւ Գրիգոր Աղթամարցի) նախապատուութիւնն ընդհանրապէս կը տրուի Սսոյ կաթողիկոսին (1489-1525), թէ՛ աւելի բանաստեղծական աշխոյժ եւ թէ՛ աւելի առատաբուխ գրիչ ունենալուն համար։ Իւր պահուած տաղերուն թիւն քսանը կ՚անցնի. չի կրնար ուրացուիլ նաեւ աշխոյժն ու վառվռուն ոճը։- Բայց կարծենք թէ առանց իր բանաստեղծական աշխուժին վնաս հասցընելու՝ աւելի պատիւ կը բերէր վարած եկեղեցական բարձր պաշտօնին, եթէ յիրս ինչ աւելի չափաւորէր իւր երեւակայութեան սլացքն»։
       Գրութեանս հին սկզբնական խմբագրութեան մէջ այսչափ համառօտ ակնարկութիւն ըրած էինք քերթուածոցս միոյ մասին նիւթոյն եւ մանաւանդ չափազանց կենդանի նկարագրութեանց վրայ։ Իսկ այժմ տպագրութեան համար նոյն սկզբնական խմբագրութիւնն աչքէ անցընելու ժամանակ՝ ուզեցինք յաւելուլ յաջորդ տաղերն, առնելով այն քննադատական Հատուածէն՝ ուր գրուած է Յովհաննէս Թլկուրանցին եւ իւր Տաղերը վերնագրեալ տետրակին հրատարակութեան առթիւ։
       «Այս երգիչն (Յովհ. Թուլկ. ), կ՚ըսէ հատածագիրն, մեր ռամկաբան երգչաց նշանաւորներէն է, որուն երգերը շատ տեղ արդեամբք ընտիր են թէ՛ ըստ կազմութեան ոտանաւորի եւ թէ՛ ըստ բանաստեղծական գեղեցկութեան։ Թուլկուրանցւոյն երգերը բաւական յաճախ կը գտնուին ձեռագրաց մէջ։ Իւր կենաց այլեւայլ պարագաները դեռ շատ մթին են, եւ Հրատարակիչն (Մեծ. Պր. Կ. Կոստանեանց) Թուլկուրանցւոյն վրայ գրած Յառաջաբանութեան մէջ (էջ 1-24) շատ քիչ բան կրցած է որոշ մեր առջեւ դնել սոյն երգչին կենաց նկատմամբ։ Աւելի մանրամասն ներկայացուած է այս Յառաջաբանութեան մէջ Թուլկուրանցւոյն երգերու նկարագիրը, զորոնք Հրատարակիչն երկու խմբի կը բաժնէ, մին՝ Թուլկուրանցւոյ դեռ աշխարհական եղած միջոցին, եւ որ մեծաւ մասամբ սիրոյ երգեր են, եւ միւսն կաթողիկոսութեան ատեն յօրինածները՝ որոնք ընդհանրապէս խրատական են։ Սակայն այսպիսի բաժանում մը յընդհանո՛ւրն միայն ճիշդ է…» ։
       Ա. Չօպանեան. - «Ժողովրդական կամ աշուղական բանաստեղծութեան ամէնէն գեղեցիկ ու կատարեալ էջերը անոնք են զոր արտադրած են ժողովրդական կեանքէն, լեզուէն ու ճաշակէն ներշնչուող, բայց եւ նոյն ատեն իրենց քերթողական բնազդին որոշ չափով դրական հմտութին ու ճաշակ միացնող աշուղներ. այսպէս եղած են Սայաթ-Նովա, Նաղաշ Յովնաթան, Ղունկիանոս, Քուչակ, - ինչպէս եւ աշուղի պէս գրող այն ոչ-աշուղ զմայլելի գրագէտները, Աղթամարցի, Թուլկուրանցի, Կոստանդին Երզնկացի, Երեմիա Քէօմիւրճեան , եւայլն » (Հայ Էջեր, ԺԷ)։
       Դարձեալ. «ԺԶ. տաղը՝ Յովհաննէս Թուլկուրանցւոյն մէկ փոքրիկ սիրերգն է, այդ զմայլելի երգչին ամէնէն նուրբ էջերէն մին, ուր իւրաքանչիւր տողը թարմ ու լուսերանգ է գարնան ծաղկի պէս։ Տաղաչափութիւնը՝ 4-4-4։ Այս տաղիկը, - ինչպէս եւ վերեւ յիշուած այբուբենական տաղաչափութեամբ սիրերգը, - կը պակսի Կոստանեանի հրատարակութեան մէջ, որում ամփոփուած կտորները հեռու են արդէն Թուլկուրանցւոյ ամբողջ գործը ներկայացնելէ եւ ուրիշ վարիանթներու հետ բաղդատուելով իրենց սխալներէն ու աղաւաղումներէն մաքրուելու պէտք ունին։ Պ. Կոստանեան մեծ արժանիքն ունեցեր է առաջին անգամ հատորի մէջ ամփոփելու Թուլկուրանցւոյ երգերուն մէկ մասը, ինչպէս եւ Գրիգոր Աղթամարցւոյ, Մկրտիչ Նաղաշի եւ այլ միջնադարեան ռամկաբարբառ բանաստեղծներու գործերը . բայց անհրաժեշտ է որ այժմ ուրիշներ, կամ ինքն իսկ, երկրորդ, աւելի ամբողջական եւ աւելի խնամեալ եւ ուղիղ հրատարակութեամբ մը՝ տան մեզի Թուլկուրանցւոյ գործը, ինչպէս եւ միւս բանաստեղծներունը» (Անդ, ԺԹ-Ի)։
       Դարձեալ. ԽԵ. եւ Զ. տաղերուն վրայ խօսելով կ՚ըսէ. - «Թէ ո՞ր դարուն են գրուած, թէ ո՞վ են միոյն հեղինակ Յովհաննէսն ու միւսին յօրինիչ Քերոբէն, չեմ գիտեր. եթէ ապացուցուի որ սիրերգին հեղինակը Յովհաննէս Թուլկուրանցին է, այդ արդէն իսկ զմայլման արժանի քերթողը աւելի եւս պիտի մեծնայ մեր աչքին -որովհետեւ այս կտորը աւելի խոր է եւ ուժեղ քան Թուլկուրանցիի միւս մեզի ծանօթ սիրերգները» (Անդ , ԼԶ)։
       -«Այս հեղինակէն ունինք շատ մը տաղեր, (ինչպէս իր կրօնական, խրատական, սրբախօսական եւ պատմական երգերը ) որոնք մռայլ օրերու հայրենասէր եկեղեցականի մը գործերն են. ոմանք ալ սիրոյ երգեր, թեթեւ ու շնորհալի դարձուածով մը եւ համարձակ զգայնոտութեամբ. ոճը նո՛յն երկուքին մէջ ալ կուռ, պայծառ եւ բոլորովին ժողովրդական երանգով ոճ մը։
       Սիրոյ երգերը, որ բանաստեղծին երիտասարդութեան գործերն են, բազմաթիւ են. թէեւ այս բոլոր սիրերգներ կը վերջանան մեղադրանքով մը. զոր եկեղեցականութեան սահմանուած հեղինակը կ՚ուղղէ իր անձին, բայց ատո՛նք են որ կը կազմեն հայ քնարերգութեան ամէնէն անկեղծ ու ամէնէն մարմնասիրական էջերը։
       Եւ սակայն կրօնական ոգիէ զուրկ չէ Թլկուրանցին. ան խորապէս կ՚արտայայտէ զայն իր խրատական, սրբախօսական տաղերուն, ինչպէս նաեւ մահուան եւ կեանքի ունայնութեանց երգերուն մէջ. բայց այս կրօնականութիւնը ամենեւին չ՚երեւիր իր սիրերգներուն մէջ, որոնք, առանց միստիքականութեան, աղաղակներն են գեղեցիկ ձեւերու սիրահար սրտի մը, որ կ՚ախորժի կնոջ ահեղ շնորհը մեծացուցանելէ» (La Roseraie d'Arménie, Tome Second, Paris, 1923, P. 154)։
       Այս գնահատումներ Թլկուրանցիի բանաստեղծութեան մասին ճիշդ են ընդհանուր առմամբ։ Մենք համաձայն ենք Տաշեանին, որ Կոստանեանցի -պէտք է աւելցնել նաեւ այժմ Չօպանեանի -ենթադրած երկու խումբերու բաժանումը իրապէս չ՚ընդունիր, իբրեւ թէ Թլկուրանցին իր երիտասարդութեան գրած ըլլայ իր սիրոյ տաղերը, իսկ հոգեւորական ըլլալէ ետքը գրած ըլլայ իր խրատական տաղերը։ Ընդհակառակը սիրոյ տաղերուն մէջ այնպիսի նշաննէր կան, որ ցոյց կուտան թէ գրողը կրօնաւոր Թլկուրանցին է։
       Իր տաղերը, ինչպէս կ՚երեւի շատ շուտ ժողովրդականացած ու տարածուած են. եւ ասոր ապացոյցը ա՛ն է որ ատոնցմէ տասնըհինգ հատը, հրատարակուած են 1512/3ին , Վենետիկ, Թլկուրանցիին ողջութեան, ա՛յն հաւաքածոյին մէջ որ կը կրէ Տաղարան է սայ հոգոյ եւ մարմնոյ, Նաղաշի տաղերուն եւ Շնորհալիի Հանելուկներուն, եւայլնի հետ։
       Այսինքն՝ Թլկուրանցին այն բախտաւոր բանաստեղծը եղած է հայ ժողովուրդին մէջ, որ ԺԶ. դարուն սկիզբը, իր կաթողիկոսական աթոռին վրայ իսկ աչքերով տեսած է իր տաղերէն 15 հատին հրատարակութիւնը եւ ասիկա մէկն է հայերէն տպագրութեան ամէնէն հին եւ թանկագին երախայրիքներէն ։
       Դժբախտաբար շատ խանգարումներու եւ աղաւաղումներու ենթարկուած են Թլկուրանցւոյն տաղերը, ընդօրինակողներու կողմէն, եւ ի՛նչպէս որ Չօպանեան մատնանիշ ըրած է, խնամեալ նոր հրատարակութիւն մը անհրաժեշտ է բանաստեղծ-կաթողիկոսի տաղերուն ամբողջը լոյս բերելու համար։ Թէեւ Ալիշան իր Յուշիկքին եւ Սիսուանին մէջ, Յովնանեան իր միջնադարեան Տաղաչափութեան մէջ, Սրուանձտեանց իր Մանանային մէջ (1876), Տէվկանց իր Հայերգին մէջ (1882), Կոստանեանց իր Յովհաննէս Թլկուրանցի եւ իւր տաղերը հաւաքածուին մէջ (1892), Չօպանեան իր Հայ Էջերուն մէջ (1892), Սուրխաթեան իր Գրական Գոհարներուն մէջ (1922) այլեւայլ նպատակներով ու առիթներով բաւական կտորներ հրատարակած են, բայց լման գործ մը չեն կազմեր ատոնք։
       Այս գլուխին վերջը կը դնենք Թլկուրանցիի լոյս տեսած ու անտիպ տաղերուն մէկ ցանկը, եւ նմոյշ մըն ալ կու տանք անոնց ընտիրներէն. որովհետեւ ատոնք են որ կ՚ապրին իր գրական գործերէն, եւ ատոնցմո՛վ է որ ինքն ալ հռչակաւոր եղած է միջնադարեան աշխարհաբար գրողներու շարքին, տալով ժողովուրդի խօսած լեզուին անակնունելի դարձուած մը, սիրուն նորութիւններով, բառերու հագուեցնելով իր բանաստեղծութեան ամէնէն գեղեցիկ պատմուճանը, եւ դնելով ատոնց ամէն մէկուն մէջ կայծ մը, թրթիռ մը, հմայքոտ երանգ մը, գրաւիչ առում մը, թափանցիկ իմաստ մը։ Այնպէս որ Թլկուրանցիին հայերէնը իր տաղերուն ամէնէն ուշագրաւ կողմն է, որ զարմանալի կերպով պահած է իր թարմութիւնը, իր յանդգնութիւնը, իր միամտութիւնը, իր մարմնաւորած յղացումներով եւ գաղափարներով եւ իր գեղեցիկ արտայայտութեամբ։
      
       ԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
      
       Կանխեցինք դիտել տալ որ Թլկուրանցին իբրեւ Տաղասաց-բանաստեղծ հռչակուած է աւելի քան թէ կաթողիկոս. այնպէս որ կաթողիկոսական գործունէութեան մասին պատմական տեղեկութիւններ չեն հասած մեզի։ Ասիկա սակայն չի նշանակեր թէ Թլկուրանցին անգործ ու աննշան ժամանակ անցուցած ըլլայ կաթողիկոսական աթոռի վրայ։ Ընդհակառակն իրողութիւնը այն է որ Կիլիկիոյ հին շրջանի կաթողիկոսներուն եւ ոչ մէկուն պատմութիւնը ունինք, պատմութիւն բառին իրական իմաստով։ Առ հասարակ Ձեռագրաց յիշատակարաններն ու շարք մը վաւերագիրներ են որ քիչ մը լոյս կը սփռեն անոնց կեանքին պատմական մթութիւններուն վրայ։
       Իրաւամբ կ՚սպասէինք որ գոնէ ինքն Թուլկուրանցին, իր տաղերէն մէկուն կամ միւսին մէջ, ակնարկութիւն մը ըրած ըլլար իր կաթողիկոսական պաշտօնին կամ իբրեւ հոգեւորական, իր եկեղեցական գործունէութեան մէկ կողմին։ Բայց, ինչպէս որ տեսանք վերագոյն, երկու ակնարկութիւններ միայն ըրած է իր կեանքին նկատմամբ իր տաղերուն մէջ, նախ թէ ինքն ճորտն ու ծառան է Ս. Կարապետին եւ յետոյ թէ ինքն 70 տարեկան է «Է՜ մահ, քանի՜ զքեզ յիշեմ» տաղը գրելու ատեն։
       Օրմանեան, հիմնուելով Թլկուրանցիի մասին պատմական տեղեկութիւններու չգոյութեան վրայ, կ՚ըսէ. «Իւր կաթողիկոսական գործունէութենէն շատ բան չենք գիտեր, եւ կը հետեւցնենք թէ շատ բան ալ ըրած չէ, թէպէտեւ մինչեւ 1525, ամբողջ 36 տարի կաթողիկոսութիւն վարած է»։ Եւ , Թլկուրանցիին բանաստեղծական արուեստը գնահատելէ ետքը, զարմանալի հակասութեամբ մը կը շարունակէ ըսել. «Եւ իրեն բնական աշխուժութեամբը եկեղեցականութեան մէջ ալ աշխատասէր եւ գրաւիչ գործունէութիւն ցուցնելով, հետզհետէ բարձրացած եւ մինչեւ կաթողիկոսութիւն հասած կ՚երեւի։ Այլ թէ Կիլիկիոյ աթոռը ի՛նչ օգուտ քաղեց աշուղ կաթողիկոսէն, կամ թէ Թլկուրանցին ի՞նչ արդիւնքներ ընձեռեց Հայ Եկեղեցւոյն, ի՛նչպէս ըսինք, մեզի անծանօթ կը մնան եւ չգոյութեան կասկածներ կը թելադրեն» (Ազգպտմ. էջ 2210-11)։
       Եթէ Թլկուրանցին իր կաթողիկոսութենէն յառաջ, իր բնական աշխուժութեամբը եկեղեցականութեան մէջ աշխատասէր եղած եւ գրաւիչ գործունէութիւն մը ցուցընելով բարձրացած է մինչեւ կաթողիկոսութիւն, այսչափ ընդունելէ ետքը, պէտք էր առանց վարանելու հետեւցընել թէ Թլկուրանցին իր աշխուժութիւնն ու գործունէութիւնը պահած է իր կաթողիկոսութեան մէջ ալ։ Եթէ իր եօթանասուն տարիքին մէջ դեռ կ՚ստեղծաբանէր, կրնանք ըսել նաեւ թէ կը գործէր աշխոյժ ծերունին, ոգեւորուած կեանքին փորձառութիւններով, իբրեւ փիլիսոփայ-բանաստեղծ։ Վասնզի շատ գործ կար ընելիք։ Իր ժամանակը խաղաղ չէին Կիլիկիա, Հայաստան, Պաղեստին։ Անիշխանութիւններու եւ կամ բազմիշխանութիւններու արհաւիրքին տակ հայ եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը կը հարստահարուէր։ Կաթողիկոս մը չէր կրնար անգործ կենալ։ Երուսաղէմ միայն բաւական էր զինքն զբաղեալ եւ գործունեայ վիճակի մը մէջ պահելու համար։ Եւ ձեռագրական այն քանի մը յիշատակարաններ, զորս կրցած եմ ձեռք բերել, իրենց համեստ արտայայտութիւններով շատ բան կը սորվեցնեն մեզի Թլկուրանցիի հայրապետական գործունէութեան մասին հանդէպ Երուսաղէմի։
       Ա. - Ստանօղի, Անկիւրիոյ մօտիկ, Ս. Քառասնից եկեղեցւոյ Թիւ 2 Ձեռագիր Աւետարանէն։ Դժբախտաբար շատ խակ եւ գէշ գրչութիւն մը դժուարընթեռնելի ։
       - «Դարձեալ ես նուաստս Մկրտիչ Վարդապետ եդի զԱւետարանս յիշատակ ի Սուրբ Երուսաղէմ, ի թուին ՋԾԶ (=1507). ի սոյն ժամանակի Տր. Յոհաննէս Կաթողիկոս Երուսաղէմի եւս սու(?) եկն առ մեզ այն (?) անիրաւ բաներ որ անհաւատ գործաւք եպսն. եւ իւր պս. (?) ի՜նչ յերկարեմ մինչեւ զգրակալք ծածկոցն ի մեզ եկաւ(?) ԽԵ (=45?) շուրջառ Հոգեւոր Տէրն թափելուի (?) յայնմ ինչումն (?) էր թէ զամէն թափէր. մեք այլ զոր ի յիշատակ(?) Թուրվանտին եւ Տաւրիշին, Վարդեցուարին ետուք յիշատակ ի Սուրբ յԵրուսաղէմ. մի՛ ոք իշխեսցէ հանել զդա անտի ո՛չ ի մերոց եւ ո՛չ յօտարաց, ու ո՛վ որ յանդգնի, զրկի ի փառաց որդւոյն» (էջ 475բ)։
       - Դարձեալ ծանիք մանկո՛ւնք եկեղեցւոյ որ զայս սուրբ Աւետարանս ի սուրբ Քառասնից դրանէն (այսինքն՝ Ստանօղի Ս. Քառասնից եկեղեցիէն) հանէ ծախելով կամ գրաւական դնելով, ինքն անիծեալ եւ որոշեալ լինի ի եւթն խորհուրդ եկեղեցուն։- Գրեցաւ սայ ի թվիս. Հայոց ՋԿԵ (=1516) ի յառաջնորդութեան Հայոց Տեառն Տէր Յոհաննէս կաթողիկոսին, եւ եպիսկոպոսութիւն Յանկուրիու Տէր զՍտեփանոսին, եւ ի թագաւորութիւն Սուլթան Սէլիմ Շահ փաթիշահին. զոր Տէր Աստուած վայելել տացէ զիւր թագաւորութիւն. ամէն։ Եւ զգրաւղ յիշատակարանիս զԱստուածատուր մեղաւորս յիշեցէք ի Քրիստոս միով Տէր ողորմիւ եւ Աստուած ըզ ձեզ յիշէ իւր երկնից սուրբ արքայութիւն. ամէն» (էջ 615)։
       Էջմիածնի Աթոռին վրայ, Զաքարիա Բ . եւ Սարգիս Դ. Աթոռակից կաթողիկոսներու ժամանակն է այս (1515-1520) եւ Ձեռագրիս յիշատակագրողը կը յիշէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին առաջնորդութիւնը, եւ Անկիւրիոյ Եպիսկոպոս Տ. Ստեփանոսը (1516)։ Ասկէ կարելի է հետեւցնել թէ Անկիւրիա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան շրջանակին մէջ կը գտնուէր դեռ ԺԶ. րդ դարուն։
       Բ. - Հալէպի Ս. Քառասնից եկեղեցւոյ Ձեռ. Գանձարանը, թիւ 71, գրուած ՋԽԶ=1497ին «ի դառն եւ անբարի ժամանակի », Տէր Աւագ քահանայի համար, Արարատցի Վրթանէս աբեղայի ձեռքով, որ կ՚ըսէ իր յիշատակարանին մէջ.
       -«Եւ արդ գրեցաւ սա ի քաղաքս Սուրբ Երուսաղէմս, ընդ հովանեաւ Ս. Յակոբիս եւ այլ Սուրբ տնաւրինականացս Քրիստոսի։ Յամս հայրապետութեան Հայոց Ոհանէս Կաթողիկոսի, եւ եպիսկոպոսութեան Տէր Մարտիրոսի, եւ ըռէիսութեան Յովանէսի կուզ կոչեցեալ, եւ Մուղատիմին, որ Սուրբ Յակոբայ գլուխն նորոգեցին, եւ զԾնունդն շինեցին, տրաւք քրիստոնէից. եւ փակակալ Սուրբ Յակոբայ Տէր Կարապետին. եւ սուլթանութիւն Մսրայ ոչ ոք կայր. զի մեծ սուլդանն սատակել էր, եւ որդի նորա ոչ կարէր թագաւորել. զի ասէին թէ չէ արժան. այլ Աստուած ի բարին կատարէ. ամէն։
       Արդ՝ որք հանդիպիք սմա, տեսութեամբ եւ կամ աւգտութեամբ ինչ իւիք, եւ ի պատկանաւոր խնդրուածս, զՏէր Աւաքս եւ յիշեցէք եւ Աստուած ողորմի ասացէք. ամէն ։
       Դարձեալ աղաչեմ յիշել ի Տէր զՄարիամ մայրապետն մեր եւ որ սպասաւորէր մեզ կերաւք (=կերակրաւք) եւ որ զԱմէնն ասէ, Աստուած ողորմի նորա. ամէն»։
       Գ. - Հալէպի Ս. Քառասնից եկեղեցւոյ թիւ 4 Ձեռ. Աւետարանի յիշատակարանը.
       -«Փա՜ռք Ա՜րդ շինեցաւ մագաղտ սորա, գրեցաւ եւ ծաղկեցաւ աստուածաբուղխ սուրբ աւետարանս Քրիստոսի, ձեռամբ բազմամեղ եւ փցուն անիմաստ եւ անարժան եւ մեղապարտ գրչի Ներսէսի սուտանուն երէցի ի թվականիս Հայոց ՋԿ (=1511), ի գաւառս Կեսարիայ Կապադովկացւոց, ի գեաւղս որ կոչի Սպիլեա, ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնին եւ Սուրբ Թէոդորոսի զինօորին։ Ա՛րդ աղաչեմ զամենեսեան որք հանդիպիք սմայ տեսանելով կամ աւրինակելով, յիշեցէք ի Քրիստոս զմեղապարտ գրիչս զՆերսէս եւ զստացողս սորա զՅովհաննէս կաթողիկոսն եւ զուսուցիչսն իմ զՅովհաննէս Նաղաշն եւ զհայրն իմ զՅովհաննէս քահանան եւ զմայրն իմ զՏովլաթն եւ զեղբայրքս իմ զԱստուածատուր եպիսկոպոսն եւ զֆարմանն եւ զհայրապետն եւ զդեռաբոյս որդիքս իմ եւ զամենայն արեան մերձաւորքս իմ զկենդանիս եւ զհանգուցեալսն։
       Դարձեալ յիշեսջիք ի Քրիստոս զգծողս զՆերսէս եւ զստացողս զՅովհաննէս կաթողիկոս որ ստացօ զսա ի հալալ արդեանց իւրեանց յիշատակ անջնջելի եւ եդ յիշատակ անձին իւրոյ եւ ծնաւղաց իւրոց. զոր Աստուած վայելումն տացէ նմա երկայն աւուրս. Ամէն։-
       Արդ աղաչեմ զձեզ ո՛վ սուրբ հայրք եւ եղբարք որ խնամով պահէք զսուրբ աւետարանս Քրիստոսի ի մոմէ, ի ձիթէ եւ յամենայն վնասու, եւ պահէք ի յեկեղեցի եւ կարդայք եւ յիշէք եւ յիշատակ առնէք գծողաց եւ ստացողաց եւ ամենայն մերձաւորաց մերոց, ողորմի ասելով կամ Հայր մեր յերկինս. նոյնպէս եւ ձեզ պարգեւեսցէ զերկնից արքայութիւն ի Քրիստոս. եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս Ամէն։
       -«Ի թվկնիս Հայոց ՋՀԵ (=1525/6), աւետարանս գրաւական էր ԺԵ (15) Ֆլրոյ վերայ։ Ես Յովանէս կաթողիկոս տուի եւ ազատեցի՝ եւ եդի յիշատակ ինձ եւ ծնաւղաց իմոց հոգոյն, ի քաղաքն Հալապ ի դուռն սուրբ Աստուածածնին (քերուած) եւ սուրբ Քառասնիցն։ Ո՛վ որ հանէ կամ գրաւէ կամ ծախէ, զՅուդայի եւ զԿայինի եւ զխաչահանողացն զմասն ընկալցի. եւ խնամով պահաւղքն աւրհնին ի յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց եւ ի մէնջ. ամէն։
       Դարձեալ յիշեսջիք ի սուրբ աղաւթս ձեր զառաջնորդ քաղաքիս զԽաչատուր Եպիսկոպոսն եւ մի Տէր ողորմայի արժանի արարէք եւ Աստուած զձեզ յիշէ ի յիւր արքայութեանն. ամէն»։
       Դ. - Ս. Յակոբայ գանձատան մէջ Կեռան Թագուհի տիտղոսով ծանօթ Ձեռագիր աւետարանը, մագաղաթ, արծաթապատ, գրուած ՉԻԱ=1272ին, ազատագրուած է Թլկուրանցիի ձեռքով։ Անոր մէջ հետեւեալ յիշատակարանը գրուած է նոյն ինքն Թլկուրանցիի գրչով.
       -«Զվերջին ստացաւղ սուրբ ոսկիպատ աւետարանիս զՏէր Յոհաննէս կաթողիկոս Թուլկուրընցին աղաչեմ յիշել ի սուրբ յաղաւթս ձեր. որ ստացաւ զսայ յիշատակ անջինջ որ կենայ ի սուրբ Յակոբս սեփական։ Արդ մի՛ ոք իշխեսցէ հանել զսայ ի Սուրբ Յակոբայ կամ գողանալով կամ ծախելով կամ գրաւ դնելով։ Եւ որ յանդգնի եւ հանէ նայ զպատիժն Կայինի, եւ խնամով պահաւղն աւրհնի յԱստուծոյ եւ ի Սուրբ Յակոբայ. եւ որ սրտի մտաւք զմեզ յիշէ՝ յիշեալ լիցի ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ, ամէն։ Արդ գնեցի զսուրբ Աւետարանս ի թվին Հայոց ՋՀԲ (=1523), եւ եդի յիշատակ ինձ ի Սուրբ Յակոբս. արդ ով ոք հանդիպիք սմայ կարդալով եւ տեսանելով կամ գաղափար առնելով, լի բերանով Աստուած ողորմի ասացէք Յովհաննէս կաթողիկոսին, եւ Աստուած ձեզ ողորմեսցի յահեղ ատենին, ամէն. եղիցի, եղիցի»։
       Այս յիշատակարանները Հալէպի եւ Երուսաղէմի վերաբերեալ Ձեռագիրներու կը պատկանին, եւ այս իրողութւինը իրաւունք կուտայ մեզի ենթադրել թէ Սիս շատ ապահով չէր Թլկուրանցիի կաթողիկոսութեան ատեն, այնպէս որ բանաստեղծ կաթողիկոսը աւելի Հալէպ կը նստէր քան Սիս, եւ մօտէն կ՚զբաղէր Երուսաղէմի գործերով եւ ստէպ կ՚երթար կուգար Ս. Քաղաք՝ ուղղակի տեղւոյն վրայ ալ աշխատելու։ Հալէպի դարպասին շքեղ -թագաւորական -շինութիւնն ալ Պարոն կամ Ռէիս Յիսէի ձեռքով, ցոյց կուտայ թէ Թլկուրանցին շէնշող գործունէութեան նուիրուած կաթողիկոս մը եղած է։ Եւ նոյն իսկ, հիմնուելով Կեռան Թագուհիի Աւետարանին յիշատակարանին վրայ, կրնանք ըսել թէ Թլկուրանցին իր վախճանումէն երկու տարի յառաջ Երուսաղէմ կը գտնուէր եւ հո՛ս իր իսկ ձեռքով յիշատակ դրաւ այդ Աւետարանը ի Սուրբ Յակոբս։
       Այդ յիշատակարաններ նաեւ ցոյց կուտան թէ Թլկուրանցին իբրեւ կաթողիկոս Կիլիկիոյ, տէրն է նաեւ Երուսաղէմի աթոռին։ Տեսանք թէ վերեւ յառաջ բերուած Ա. Յիշատակարանին մէջ նոյն իսկ Կաթողիկոս Երուսաղէմի կոչուած է Թլկուրանցին։ Տեսանք նաեւ թէ Մուսաբէկեան եւ Եւդոկացի Կարապետ կաթողիկոսներ ալ կ՚զբաղէին Երուսաղէմի աթոռին գործերով. եւ դեռ պիտի տեսնենք թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ ի՜նչպիսի ծառայութիւններ մատուցած են Սրբոց Յակոբեանց աթոռին։
       Մեր յառաջ բերած յիշատակարանները ցոյց կուտան որ Թուլկուրանցին Ս. Յակոբի կողոպտուած (անշուշտ պարտատէրներու եւ հարստահարիչներու կողմէն ) եւ ի վաճառ հանուած սրբութիւնները ազատագրած եւ վերադարձուցած է զանոնք իրենց տեղը. մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են իր ազատագրած Ձեռագիր աւետարանները։
       Ասոնք ապացոյցներ են Թլկուրանցիին գործունէութեան նոյն իսկ իր յառաջացած տարիքին մէջ։
       Ս. Յակոբի պատմագիր Աստուածատուր Եպս. Տէր-Յովհաննէսեանց, իր գործին մէջ (Ժմնգրկն. Պտմ. Ս. Երսղմի, տպ. 1890, հատոր Ա. էջ 251-254) տուած է արաբերէն դատավճռի մը (Հէօճճէթ ) թարգմանութիւնը, որուն համեմատ Յովհաննէս Եպս . որդի Ղուկասու, իբրեւ Տէրը Երուսաղէմի աթոռին, կարեւոր գործ մը կը կարգադրէ։ Աստուածատուր Եպս. այս «Յովհաննէս Եպս. որդի Ղուկասու»ն կ՚ուզէ նոյնացնել Թլկուրանցիին հետ («Թերեւս իցէ Թուլկուրանցին »), առանց վկայութեան կանչելու այն խաչքարը, որուն յիշատակագրութիւնը դրինք վերեւ , որ ստուգիւ կը հաստատէ թէ Թլկուրանցիին հօր անունն է Ղուկաս. բայց թէ իրօք խաչքարին մէջ յիշատակուած Յովհաննէս կաթողիկոս եւ Աստուածատուր Եպիսկոպոսի թարգմանած արաբերէն դատավճռին մէջ յիշատակուած Յովհաննէս որդի Ղուկասու միեւնոյն անձե՞րն են։ Օրմանեան չ՚ընդունիր այս նոյնացումը՝ միայն այն առարկութեամբ թէ «Ուրիշ տեղէ այսպիսի յիշատակ չկայ, եւ առ առաւելն Կիլիկիայէ եկող Յովհաննէս եպիսկոպոսի մը կրնանք պատշաճցնել այդ ակնարկը » (Ազգպտմ. էջ 2235)։ Եթէ Օրմանեան ծանօթ ըլլար վերոյիշեալ խաչքարի յիշատակագրութեան, չենք գիտեր թէ պիտի հաւանէ՞ր Աստուածատուր եպիսկոպոսի թերեւսին։
       Խնդիրը քիչ մը աւելի մօտէն ուսումնասիրելով, Յովհաննէս կաթողիկոսի եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսի նոյնացումը անհնար թուեցաւ մեզի՝ երկու դժուարութիւններով։ Առաջին, արաբերէն վճռագրին մէջ « Յովհաննէս եպիսկոպոս որդի Ղուկասու » է եւ ո՛չ թէ « Յովհաննէս կաթողիկոս որդի Ղուկասու »։ Կարելի չէ որ կաթողիկոս եղող մը՝ դատարանի առջեւ ներկայանայ իբրեւ եպիսկոպոս։ Եթէ պահ մը ենթադրուի թէ քանի որ «Յովհաննէս » անունը նոյն է թէ՛ խաչքարին եւ թէ՛ վճռագրին մէջ, եւ թէ երկուքին ալ հօր անունը «Ղուկաս » է, ալ «կաթողիկոս » կամ «եպիսկոպոս»՝ շատ տարբերութիւն չ՚ըներ. այդչափ բարակը պիտի չփնտռէին արաբ դատարանի մը մէջ. ասոր դէմ սակայն, երկրորդ դժուարութիւնը երեւան կուգայ, այսինքն Թլկուրանցին վախճանած է 1525ին, մինչ վճռագրին մէջ «Յովհաննէս որդի Ղուկասու » ողջ կ՚երեւի, եւ անձամբ յայտարարութիւններ կ՚ընէ դատարանի առջեւ՝ մինչեւ 1529ին եւ 1553ին։
       Այս երկու դժուարութիւները հարթելու համար միայն սա՛ ենթադրութիւնը կարելի է ընել. քանի որ Թլկուրանցիին յաջորդն ալ Յովհաննէս մըն է, ինչպէս պիտի տեսնենք, կրնանք ենթադրել որ Թլկուրանցի Յովհաննէս, որդի Ղուկասու, դատը սկսաւ Երուսաղէմի դատարանին առջեւ, բայց ինքն մեռաւ 1525ին, եւ իրեն յաջորդը, Քիլիսցի Յովհաննէս Գ. Կաթողիկոս շարունակեց սկսուած դատը, իր նախորդին անունով, եւ վերջապէս շահեցաւ զայն։ Օրմանեանի առաջարկած պատշաճեցումը պատմականապէս անհնարութիւն մը կը մնայ, ցո՛րչափ չի բացատրուիր թէ ո՛վ է Կիլիկիայէ եկող Յովհաննէս եպիսկոպոս մը, որ Երուսաղէմի աթոռին գործերուն կը խառնուի իբրեւ անոնց պատասխանատուն, եւ ինչպէս պիտի տեսնենք, փոխանցումներ կ՚ընէ դատարանի առջեւ, իբրեւ տէրը Սուրբ Յակոբայ աթոռին։ Եթէ օր մը, շնորհիւ ուրիշ վաւերագիրներու, հաստատուի մեր ենթադրութիւնը, այն ատեն պիտի ապացուցուի ինքնին թէ Յովհաննէս Թլկուրանցին շատ մեծ ծառայութիւն մը ըրած է Ս. Յակոբայ աթոռին, ազատելով զայն աշխարհական վաշխառուի մը եւ հարստահարիչի մը ճիրաններէն։
       Ըստ Աստուածատուր Եպիսկոպոսի պատմութեան՝ դատարան ինկած խնդիրը հետեւեալ կերպով կը ծագի։
       Թեբայիտցի (Եգիպտոս ) Գէորգ անուն մէկը, որ Երուսաղէմ կը բնակի, փոխանորդը կամ գործակատարը կ՚ըլլայ Ս. Յակոբին։ Այս մարդը ծանր տոկոսներով շատ մը դրամներ փոխ կուտայ թէ՛ Ս. Յակոբի միաբաններուն եւ թէ՛ քաղաքացիներու, կը յաջողի վանքին կառաւարութիւնը ձեռք անցընել, տիրել վանքին կահկարասիներուն, կալուածներուն, եկամուտներուն վրայ, եւ վարել վանքին արտաքին ու ներքին գործերը։
       Երբ Յովհաննէս Երուսաղէմ կուգայ եւ կ՚անցնի իշխանութեան գլուխը, միտքը կը դնէ վանքը ազատել Թեբայիտցիի ձեռքէն. վաշխառուն կը կռահէ իր գլխուն գալիքը եւ կ՚սկսի աւելի եւս բռնանալ։ Յովհաննէս կը համբերէ ատեն մըն ալ, միաբանութիւնը կը համոզէ եւ կը շահի իր կողմը, եւ վերջապէս Թեբայիտցիի բոլոր պահանջները կը վճարէ եւ անոր ձեռքէն կ՚ազատէ Ս. Յակոբին կահկարասիներն ու սրբազան անօթները. եւ չորս արաբախօս վարդապետներու ընկերակցութեամբ դատարան կը տանի Թեբայիտցի Գէորգը, որ կը յայտարարէ դատարանին առջեւ թէ իր բոլոր պահանջները ստացեր է եւ Ս. Յակոբին բոլոր ինչքերը վերադարձուձեր է Յովհաննէս եպիսկոպոսին, եւ այլեւս ոեւէ առնելիք չունի։ Դատաւորը գրի կ՚առնէ Թեբայիտցիի յայտարարութիւնները, կը վաւերացնէ եւ զանոնք կը յանձնէ Յովհաննէս եպիսկոպոսին։ Այս պաշտօնագրին թուականն է ٩٢٤ (1517)։
       Յովհաննէս եպիսկ. վանքէն կ՚արտաքսէ Թեբայիտցին. բայց սա հանգիստ չի կենար, եւ հակառակ իր խոստման ինչ իչ անօթներ վար դրած ըլլալով՝ չ՚ուզեր յանձնել զանոնք, կը ջանայ խռովել միաբանութիւնը։ Եօթը տարի կը տեւէ այս խռովայոյզ վիճակը, եւ վերջնականապէս Յովհաննէս եպիսկոպոս այս անգամ խնդիրը կը յանձնէ երկու արաբագէտներու, Մկրտիչ եպիսկոպոսին եւ Մանսուրին, որոնք դատի կը քաշեն Թեբայիտցին երկրորդ անգամ եւ կը պարտաւորեցնեն զայն եւ կ՚առնեն ինչ որ մնացած էր այն վաշխառուին քով. դատարանը նոր վճռագրով մը կը հաստատէ դատավարութեան արդիւնքը ٩٣١(1524ին)։
       Խաչատուր եպիսկոպոս որդի Ապտուլլահի (= Աստուածատուր ) կը թուի թէ Երուսաղէմացի է բնիկ, իսկ Մանսուր, որդի Ղաննէմի, ըստ Աստուածատուր եպիսկոպոսի՝ թարգմանը կամ գործակատարն է Լատինաց վանքին, որոնք ղաֆար ըսուած եւ Բեթղեհէմի անունով ուխտաւորներէն գանձուած տուրքի խնդիրն ալ կարգադրել կուտան. այսինքն դատարանով որոշել կուտան թէ իւրաքանչիւր ուխտաւորէն բերիական երկու արծաթ դրամ միայն պիտի առնուի եւ աւելին պահանջելով պիտի չնեղեն ուխտաւորները։
      
       Յովհաննէս եպիսկոպոսի ատեն, Խաչատուր եպիսկոպոս եւ Մանսուր 5000 դահեկան ծախսելով նորոգել եւ ամրացնել կուտան Ձիթենեաց Լերան վրայ խախուտ գմբէթը ٩٣٦ (=1529)։
      
       Իսկ Յովհաննէս եպս. իր պատրիարքական իրաւունքներն ու իշխանութիւնը իր իսկ յօժար կամքով կը փոխանցէ Մէրտինցի Աստուածատուր եպիսկոպոսին։ Իր փոխանորդը Խաչատուր եպսն. ալ իր Միւթէվէլլիի իրաւունքը կը փոխանցէ Աստուածատուր եպիսկոպոսին։ Այս գործողութիւնը պաշտօնապէս կը կատարուի դատարանի առջեւ եւ դատական պաշտօնագիրով ٩٣٩ (=1532) ՐԷճէպի 1ին։
       Եթէ Թլկուրանցի՛ն է Ս. Յակոբի գործերուն վարիչը եւ ատոնց ետեւը կեցողը, անձամբ ու յաջորդով, այն ատեն ինքնին կը տեսնուի թէ բաւական ժամանակ եւ կորով նուիրած է բանաստեղծ կաթողիկոսը Երուսաղէմի համար, ծառայութիւն ըսուելու արժանի փառաւոր գործունէութեամբ մը ։
      
       ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՏԱՂԵՐԸ
       Թլկուրանցիի մնայուն եւ ապրող գործերն են իր Տաղերը, որոնք կրկին կրկին հրատարակուած են այլեւայլ նպատակներով, այլեւայլ գործերու մէջ։
       Իմ ըրած պրպտումներու համաձայն Թլկուրանցիի լոյս տեսած տաղերուն թիւն է երեսուն մէկ. իսկ լոյս չտեսածներուն թիւն է առ այժմ տասնըմէկ։ Առ այժմ կ՚ըսենք, որովհետեւ հաւանական է որ անկէ աւելին գտնուի ձեռագիր տաղարաններու մէջ, որոնք չեմ կարծեր որ պրպտուած ըլլան լիովին։
       Հետեւեալ ցանկին մէջ ժամանակագրական կարգով խտացուած են Թլկուրանցիի տաղերուն գլխաւոր հրատարակութիւնները եւ մէն մի հրատարակութեան մէջ ալ իւրաքանչիւր տաղէն լոյս տեսած տուներուն թիւը։
      
       Համառօտագրութեանց բանալին.
       Տ = «Տաղարան է սայ հոգոյ եւ մարմնոյ»։ Թլկուրանցիի տաղերէն 15 հատը առաջին անգամ հրատարակուած է այս Տաղարանին մէջ, որ տպուած է ՋԿԲ = 1513ին , Վենետիկ։
       Մ = Մանանայ, Գ. Վ. Սրուանձտեանցի, Տպ. Կ. Պոլիս , Տնտեսեան, 1876։
       Հ = Հայերգ, Արս. Վրդ Տէվկանց, Տպ . Թիֆլիս, 1882։
       Կ = Կ. Կոստանեանցի Յովհաննէս Թլկուրանցին եւ իւր Տաղերը, Տպ. Թիֆլիս, 1892. ինչպէս նաեւ Նոր Ժողովածու Գ. Պրակ, Տպ. Թիֆլիս 1896. եւ Դ. Պրակ, Տպ. Էջմիածին 1903։
       ՀԷ = Հայ Էջեր, Արշակ Չօպանեանի, Տպ . Փարիզ, 1912։
       ԳԳ = Գրական Գոհարներ, (Էպոս, Քնարերգութիւն, Դրամա ) Հատոր Առաջին. Սուրխաթեան, Պետական Հրատարակութիւն N15, Թիֆլիս, 1922։
       Հաւանական է որ Թլկուրանցիի տաղերէն ուրիշ գործերու մէջ ալ հրատարակուածներ ալ գտնուին, զորս տեսնելու բախտը չեմ ունեցեր։
       1. - Է՜ մահ , քանի զքեզ յիշեմ ., 12 տուն։- Հ ., 12 տուն, էջ 135-137։- Կ ., 52 տող, էջ 46-47), ո՛ւր կը ցուցուի նաեւ Բազմավէպ, 1859։ Տե՛ս նաեւ Յովնանեան, Ազգ. Մատենադարան, ԿԵ. էջ 32-33։
       2. - Քանի՜ դատիս ի հետ մեղաց ., 8 տուն։- Մ ., 9 տուն, էջ 266։- Կ ., 9 տուն կամ 36 տող, էջ 44-45)։
       3. - Քեզ հոգեւոր խրատ մի տամ ., 10 տուն։- Հ ., 13 տուն, էջ 191-192։- Կ ., 44 տող, էջ 40-42)։ Հմմտ. ԿՌՈՒՆԿ, Դ. Տարի, 1863, Յնվր. Թիւ Ա. էջ 66-67, ուր 11 տուն է։
       4. - (Գովք երեք լէզվէ) Աստուածածի՜ն Մարիամ ., 16 տուն)։
       5. - Արեկ արեկ իմ խուպ սուրաթ ., 7 տուն)։
       6. - Տեսայ պատկերք մի գեղեցիկ ., 8 տուն)։
       7. - Արեւնըման շողշողկըտան ., 6 տուն։- Մ ., 9 տուն, էջ 208-209, Հ ., 13 տուն, էջ 59-61։- Կ ., 9 տուն, էջ 29-30)։
       8. - Հազար ուսուֆ է քեզ ծառայ ., 6 տուն)։
       9. - Հանցկու նայլով տեսել զմրութ ., 5 տուն։ Այս Տաղին մէկ երկու տունը, այն ալ պակաս եւ սխալ, հրատարակուած է Հ. ի մէջ (էջ 61) եւ 4 տուն ալ «Լոյս երեսացդ է խիստ փափուկ» տաղէն առնուած է (Կ. էջ 32) ։
       10. - Լոյս երեսացդ է քո փափաք ., 5 տուն, էջ 45-46։- Կ ., 28 տող էջ 32-33)։
       11. - Թէ մահըն չէր, որ կամ՝ մեռնիլ ., 5 տուն։- Հ ., 5 տուն, էջ 62-63։- Կ ., 5 տուն, էջ 49-50)։
       12. - Ահա[յ ] եղեւ պայծառ գարուն ., 5 տուն։- Հ ., 5 տուն, էջ 46-47։- Կ ., 20 տող, էջ 35-36)։
       13. - Ես ձեզ տեսայ սիրով նըստած ., 5 տուն։- Հ ., 5 տուն, էջ 47-48։- Կ ., 20 տող, էջ 36-37)։
       14. - Աղէկ պատկեր բոլոր եւ գեղեցիկ ես ., 9 տուն։- ՀԷ ., էջ 25-26։ Այբուբենքի վրայ 36 տող)։
       15. - [«Վասն Սուրբ Յովհաննու գլխատման»] Յորժամ կամէր հայրըն գթած ., 26 տուն)։
       16. - Աչերդ է թուխ ու պէտ, դու խօրօտիկ ես ., 9 տուն, էջ 276-7։- Հ ., 9 տուն, էջ 73-74։- Կ ., 9 տուն կամ 68 տող, էջ 37-40)։
       17. - Գէնայ բահար, այլ ՚ւ ի բահար ., 19 տուն, էջ 269-272։- Կ ., 88 տող, էջ 25-28։- ԳԳ ., 7 տուն՝ 8 ական տողերով, էջ 437)։
       18. - [Տաղ Քաջի Լիպարտին ] Է՜ Աստուծոյ անունն օրհնած (Կ ., 26 տուն, էջ 52-56, Սիսուանէն (էջ 226) առնուած։ Ալիշանի հրատարակութեան մէջ շփոթուած են «Է Աստուծոյ անունն օրհնած» եւ «Հոգւովդ Սուրբ եւ անբիծ» տաղերը, երկուքն ալ Քաջ Լիպարիտի վրայ։ Յետոյ անդրադարձած է այս շփոթին վրայ, Ալիշան որ քանիցս հրատարակած է այս Տաղը։ Տե՛ս Բազմավէպ (1862), Յուշիկք Բ. հատոր (էջ 510-12), Սիսուան (նշանակեցինք արդէն), Հայապատում (էջ 539-541). Տե՛ս նաեւ Զարբհանէլեան՝ Պտմ. Հայ Տպր. Բ. Նոր Մտնգր. (էջ 218-29), Յովնանեան՝ Ազգ. Մատենադարան ԿԵ. (էջ 30-31, Սիսուանէն առնուած Քաջն Լիպարիտի Տաղը կարօտ է վերահաստատութեան ընտիր Ձեռագիրներու համեմատ։- Փութանք դիտել տալ թէ «Հոգւովդ Սուրբ եւ անբիծ» Թլկուրանցւոյն չէ, այլ Սարգիսի մը, ինչ որ Չօպանեան ալ դիտած է եւ թարգմանած է զայն ֆրանսերէնի։
       19. - Ասի, սիրէ՛ զիս, ծո՛վ աչեր (Կ ., 4 տուն, էջ 31։ Այս Տաղը «Արեւնման»ին 2, 3, 4 եւ 13 տուներն Հ. ի մէջ (էջ 59-61)։ Երկուքին տարբերութեան մասին տե՛ս Կ ., էջ 30, Ծնթ.
       20. - [Աղօթք ] Հայր մեղայ, ասեմ, յերկինս ., 20 տող, էջ 172, Կ ., էջ 48-49)։
       21. - Իմ սի՛րտ, լսէ՛ ու ակա՛նջ արա (Կ ., 9 տուն, էջ 42-44)։
       22. - Յամենայն մեղաց ի գատ, ասէ, դու կացիր (Կ ., 12 տուն, էջ 50-52. եւ տե՛ս Գ. Պրակ, էջ Թ.
       23. - վերայ անզգամ կանանց]. Օրհնեալ անուն անմահ բանին (Կ ., 14 տուն, Գ. Պրակ, էջ 32-35. հմմտ. Կ ., էջ 27)։
       24. - [Տաղ վասն սիրելութեան, երկու լեզուով ] Յայսօր էի խիստ տըրտում. Ենկիլէնտի էսկի տէրտում. (Կ., 9 տուն, Դ. Պրակ , էջ 16-17)։
       25. - Յանկարծակի մէկ մը տեսայ (ՀԷ ., 5 տուն, էջ 32)։
       26. - Այբէն մինչեւ ի Քէն քենէ գանգտիմ ես (ՀԷ ., էջ 26-29, Այբուբենքի 36 գիրերուն վրայ 36 տող։ ) Հաւանաբար Թլկուրանցւոյն է այս «Տաղ սիրոյ եւ գեղեցիկ»ը, ինչպէս խորագրուած է Ս. Յակոբի Մատենադարանի Ձեռագիր Երգարանին մէջ։ Ոճը Թլկուրանցիին է։
       27. - Ես քու սիրուն չեմ դիմանար (ՀԷ ., 15 տուն, էջ 74-75)։ Այս Տաղը «խեւ Յովհաննէս»ին (= Թլկուրանցւոյն ) է, թէեւ Չօպանեան վարաներ է դնել ասիկա Թլկուրանցւոյն Տաղերու շարքը։- ԳԳ ., 15 տուն, կ՚երեւի ընդօրինակուած ՀԷ. էն, էջ 424)։
       28. - «Տաղ Երզնկացի Յովանէսէ ասացեալ » Այս ի՜նչ կրակ էր այրեց. (Կ ., 26 տունէ աւելի, Դ. Պրակ , էջ 11-15, պակասաւոր հրատարակութիւն մը։ Այս Տաղին մէջ «խեւ Յովհաննէս»ն է որ կը շեշտուի։ Կ ., արդէն չակերտներու մէջ առեր է խորագիրը։ ԳԳ ., էջ 417-18։ Արդէն Կ. Պոլսի Ազգ. Մատենադարանին Թիւ 154 հաւաքածուին մէջ (էջ 224-229) «Տաղ Ովանէսին» խորագիրն ունի, եւ կ՚սկսի այսպէս. «Այս ի՞նչ կրակ որ զիս այրեաց».
       29. - Վասն թռչնոց
       Տէր Յովհաննէս հոգւով տըկար Եպիսկոպոս
       յերկիր օտար (Կ ., 19 տուն, Ա. Պրակ, էջ 42-45). ինձ կը թուի թէ այս Տաղն ալ Թլկուրանցւոյն է։
       30. - [Զկթղկայն ի ձեռն առեալ ասա՛]Սարերն ամէն ձիւն իջեր ., 9 տուն, էջ 272-274)։
       31. - [Տաղ գարնան բլբլուի]. Ահա՛ հոտն գայր գարնան (Մ։, 13 տուն, էջ 277-279)։
       Այս վերջին երկու (30 եւ 31) Տաղեր բոլորովին յայտնի չէ թէ իրօք Թլկւորանցւո՞յն են։
      
       ԹԼԿՈՒՐԱՆՑԻԻՆ ԱՆՏԻՊ ՏԱՂԵՐԸ
       (Ըստ ՌՄԼԵ=1786ին մանր շղագրով գրուած Երգարանին, Բենկըցի Դարբինենց Յակոբէն, Ս. Յակոբայ Մատենադարանի Ձեռագիրներէն, դեռ չէ մտած թւահամարի տակ)։
      
       1. - (ՀԶ) Տաղ Յովանիսի ասացեալ տաճիկ բառով
       ի վերայ Քրիստոսի Աստուածութեանն։
       Քիմսէ պէնի պիլմէզիդի
       Կէլտիմ քի յայեան էյլայամ.
       (10 տուն. վերջինը հայերէն. հմմտ. Կ ., էջ 9)։
      
       2. - (ՁԷ) Նորին բան Յովհաննիսի, խրատ պիտանի.
       Անձն իմ , ընդե՞ր եղեր շընոց
       Ձայնդ կուգայ ամէն փողոց.
       (13 տուն)։
       3. - (ՂԱ) Տաղ Սիրոյ Յովանիսի։
       Դո՛ւ ես գարնանային վարդ ու բուրաստան,
       Աչերդ է ծովեր, խումար ու մէստան.
       (12 տուն)։
      
       4. - (ՃԼԲ) Տաղ սիրոյ։
       Ֆիղանէ պաշլատում պիւլպիւլէր կիպի,
       Վարդն է նստեր ի բարձր որպէս թագուհի։
       7 տուն, բայց աւելի պիտի ըլլայ, ընդհատում կայ։ Թերեւս Թլկուրանցիին ըլլայ այս Տաղն ալ։
      
       5. - Տաղ ասացեալ ի վերայ Սրբոյն Ալեքսանոսի։
       Աստուած գըթած եւ մարդասէր,
       Յերագ լըսէ իր ծառային.
       Ով հաւատով պարգեւք խնդրէ,
       Փութով առնու զիւր խնդրելին։
       50 տուն, Ս. Յակոբայ թիւ 1485 Ձեռագրին մէջ։ Հմմտ. Կ ., Պրակ Գ. էջ Թ ., ուր կ՚ըսւոի թէ 54 տուն է «1682 թուին գրուած Տաղարանում»։
      
       6. - Տաղ սիրոյ։
       Ա՜յ իմ խորոտիկ եարուկ աճապ։
       Կ. Պոլսի Ազգ. Մատենադարանի Թիւ 141 Ձեռագիր Տաղարանին մէջ. էջ 279 շր. ։
      
       7. - Դու ծա՛ռ ես նառընճենի,
       (Անդ, էջ 304-305)։
       8. - Այլ տաղ սիրոյ։
       Առաւօտուն պարզա հովուն,
       Չօղ սելամ տարէք իմ եարուն.
       Կ. Պոլսի Ազգ. Մատենադարանի Թիւ 154 Ձեռագիր Հաւաքածուին մէջ։
      
       9. - Արարիչ արարածոց դասուց [հայերէն եւ թիւրքերէն Կ ., 9 տուն, էջ 10։
      
       10. - †Ի Յովանէս Թլկուրանցոյ է։
       Խոստովանիմք եւ դաւանիմք։
       Ս. Յակոբայ 1521 Ձեռագրին մէջ, 13 տուն դաւանաբանական գովասանք մըն է, գրաբար։ Հարազատ չի թուիր ինձ։
      
       11. - Անթուական Ձեռագիր Կանոնագիրքէ մը, որու վերջին մասին մէջ կան եղեր Առաքել վարդապետի եւ Շնորհալւոյ ոտանաւորները, որոնց շարքին նաեւ «Տաղ Թուլկուրանցւոյ », Յովհաննէս Թլկուր. Գովասանք Խաղողի, եւայլն։
      
       Ետքը աշխարհիս արարչութեան պատմութինը կայ ոտանաւոր, որուն խորագիրը, եւ բուն գրուածքէն մէկ երկու տող բան կը դնէ տեղեկութիւններս տուողը.
      
       Խորագիրն է այս.
      
       Ես Յոհաննէս նուաստ հոգի,
       Որ մականուն Թուլկուրանցի.
       Կամաւ իմով ի հոգ մտի,
       Զբանս ժողովել ինձ յիշելի։
      
       Աստ կարճաբան ժողովեցի,
       յԱրարածոցըն Մովսէսի,
       Մեկնեալ Վարդան վարդապետի,
       Քաղեալ ի հարցըն հոգելի։
       Ամենայն փառք մտաց դատարկ եւ ընդունայն։
      
       Ետքը արարչութեան պատմութիւնը այսպէս կ՚սկսի.
       Սկըսողն է սկիզբն սկզբան,
       Արարիչ Աստուածն յաւիտեան.
       Զոր եւ Մովսիսի յայտնեաց
       Ի Քորեբ լեառն սինական։
      
       Եւ ասանկ ոտանաւոր շարունակելով Ծննդոց գիրքը կը հասնի մինչեւ հոն՝ որ Յովսէփ բանտին մէջ Փարաւոնի իշխաններուն երազը կը մեկնէ. եւ վերջին տողերն են ասոնք.
      
       Մին ասաց խաղաղ ճըմլեալ,
       Որ է նա պատճառ խնդութեան,
       Իսկ միւսն միս բարձեալ թռչնոց,
       Եւ այն քաղեցան։
      
       Ասկէց ետքը չկայ, որ հարիւր ութսուն տուն ալ պիտի ըլլայ» ։
       (Տե՛ս ԵՐԵՒԱԿ, Յովհ. Պրու. Տ. Կարապետեան Տէրոյենց, Տպ. Կ. Պոլիս, Տետրակ կիսամսեայ, 1858, Հատոր Դ. էջ 231-33)։
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
       Երբ մենք Թլկուրանցի Յովհաննէս Կաթողիկոսի վրայ կը գրէինք Սիոնի մէջ նախընթաց ուսումնասիրութիւնը, Ա. Չօպանեան յօդուած մը հրատարակեց Կոչնակի մէջ (1929, Թիւ 1, 2, 3) Թլկուրանցին ինչպէս որ է խորագրին տակ, անդրադառնալով մեր գրածներուն վրայ, եւ դիտել տուաւ թէ «բանաստեղծ Թլկուրանցին եւ կաթողիկոս Թլկուրանցին նոյն անձն ըլլալու աւանդութիւնը ջնջուած է որոշ փաստերով», այսինքն՝ հիմնուելով Հ. Ներսէս Ակինեանի Արեգ հանդէսին մէջ (1924, Ապրիլ 15) Տաղասէր գրչանունով գրած յօդուածին վրայ ։
       Դժբախտաբար այն ատեն ես տեսած չէի Արեգը, հետեւաբար ո՛չ ալ «Տաղասէր » Ակինեանի յայտ բերած որոշ փաստերը, որոնք ծանրակշիռ են ստուգիւ. որովհետեւ 1371, 1394 եւ 1461 թուականներուն գրուած երեք Ձեռագիրներու մէջ կը գտնուին եղեր Յովհաննէս Թլկուրանցիի տաղերը։ Եւ քանի որ Կաթողիկոս Թլկուրանցին ծանօթ է մեզ 1489-1525, կը հետեւի թէ 1371 եւ 1394 թւականներուն Յովհաննէս Թլկուրանցիի անունով գրուած տաղեր՝ չեն կրնար վերագրուիլ մեր Թլկուրանցի Յովհաննէս կաթողիկոսին։
       Կը ցաւինք որ Հ. Ներսէս Ակինեան իր ուսումնասիրութիւնը փոխանակ Հանդէս Ամսօրեայի մէջ հրատարակելու, իր իսկ ստորագրութեամբ, հրատարակած է զայն Արեգի մէջ, որուն ծանօթացանք Ա. Չօպանեանի ցուցմունքէն յետոյ։
       Եւ հետաքրքրուելով գտանք որ վերոյիշեալ երեք Ձեռագիրներ կը պատկանին Վենետիկի Մխիթարեան Հարց Մատենադարանին, որոնց մասին Հ . Մկրտիչ Պօտուրեան վեր հանած է արդէն Բազմավէպի մէջ, ժամանակով իրարմէ շատ հեռու Թլկուրանցի երկու Յովհաննէսներու գոյութիւնը։
       Կը մնայ ուրեմն երեք Ձեռագիրներու մէջ բովանդակուած տաղերը դասաւորել, տպագրուածներն ալ նկատի առնելով եւ ջոկել զանոնք նիւթի համեմատ, երկու Թլկուրանցիներուն գործերը իրարմէ զանազանելու համար։ Որովհետեւ, եթէ երկու Թլկուրանցի Յովհաննէսներ բանաստեղծ կամ տաղասաց չլինէին, կարելի չէր որ անոնց գործերը շփոթուէին իրարու հետ։
       Մինչեւ որ հիմնական ուսումնասիրութեամբ մը չճշդուին վերոյիշեալ Ձեռագիրներու մէջ գտնուող տաղեր, հնար չէ վճռական բան մը ըսել։ Առ այժմ կրնայ ըսուիլ թէ երկու Թլկուրանցիներու տաղերուն մէջ՝ անոնք որ զուտ աշխարհիկ, հոլանի նկարագիր ունին վերագրելի են բանաստեղծ Յովհաննէսին, իսկ բարոյական կամ կրօնականները՝ կաթողիկոս Յովհաննէսին։ Թէեւ, ինչպէս որ դիտել տուինք վերագոյն կաթողիկոս Յովհաննէս մինակը չէ որ երգած ըլլայ սէրը. անոր ժամանակակից Զաքարիա Աղթամարցին, Մկրտիչ Նաղաշ, երգած են սէրը, աշխարհի ունայնութիւնը , եւն. ։
       Յովհաննէս Կաթողիկոս, ըստ մեզ, իր տաղերը սկսած է գրել, կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալէ շատ յառաջ, այսինքն թէ՛ աշխարհական եւ թէ՛ եկեղեցական եղած միջոցին։
       Տէր Յովհաննէս հոգւով տըկար
       Եպիսկոպոս յերկիր օտար
       տաղը (Տե՛ս վերեւ էջ 112) ցոյց կուտայ թէ Թուլկուրանցի կաթողիկոսը, տաղասաց է եւ եպիսկոպոս եղած ատենն ալ կը տաղերգէ։
       Յառաջ կը բերենք իբրեւ նմոյշ երկու տաղեր , մէկը հայերէն կրօնական-բարոյական, իսկ միւսը իր ժամանակին թիւրքերէնով, Յիսուս-Քրիստոսի աստուածայայտնութեան մասին։
       Դժբախտաբար շատ անխնամ ընդօրինակութեամբ մը հասած է մեզի այս թիւրքերէն կրօնաշունչ տաղը։
      
       ՆՈՐԻՆ ԲԱՆ ՅՈՎԱՆԻՍԻ, ԽՐԱՏ ՊԻՏԱՆԻ
      
       Անձն իմ, ընդէ՞ր եղեր շընաց,
       Ձայնըդ կու գայ ամէն փողոց.
       Յորժամ լըցար ամէն չարեօք.
       Ժառանգ լինիս չար դըժոխոց։
      
       Զի՞նչ շահ եղեւ քեզ կամ օգուտ,
       Որ հեռացար ի Սուրբ գրոց.
       Ասդէն զանունըդ պըղծեցեր,
       Անդէն վառես քեզ հուր ու բոց։
      
       Այլմի՛ մնար արքայութեան,
       Քեզ կու մնան անդունդք խորոց.
       Որ կայ խաւար ւ տարտարոսք.
       Անքուն որդունք եւ հուր հընոց։
      
       Վաղ գիտէիր անձն իմ զքեզ,
       Որ գլխիվայր էիր գալոց.
       Որ գինոյ եղեր սիրող,
       Երբ որ ուսար շատ մի հաջոց։
      
       Զի խրատատու եղեր բազմաց.
       Եւ ուսուցիչ ի Սուրբ Գրոց.
       Երբոր ի ծայր չելեր բարոյն.
       ամէն գընաց ի հետ ջըրոց։
      
       Ես այլ ումեք չեմ մեղադրեր,
       Դո՛ւ ես արեր զիս գան եւ խոց.
       Թէպէտ կորեար զանգիւտ կորուստն
       Պատճառ լինիս մեղաց շատոց։
      
       Զի՛նչ շինեցիր ի փուշ օտար,
       Կրկին այլ չես նոր շինելոց.
       Եղո՜ւկ եւ վա՜յ է ինձ գերուս,
       Ասա՛ թէ ի՞նչ եմ լինելոց։
      
       Ի ծերութիւնըդ գլորեցար,
       Յորժամ զմեղքդ ես քաւելոց.
       Կարիք չունիր թէ դարձ ունիր.
       Վախեմ թէ հանց ես մընալոց։
      
       Իմաստութիւն առանց երկիւղ,
       ԸզՍողոմոն անդունդս իջոյց.
       Թէպէտ ասդէն սէ՛ր զօրաւոր,
       Ընդէն եղեւ փոքր եւ գծուծ։
      
       Մարմին արա չարեաց հերի՛ք,
       Ասդէն անդէն ենք փոխելոց.
       Զինչ գէշ ու լաւ որ գծեցեր,
       Մեր առաջի են դնելոց։
      
       Լա՛ց եւ արտասուէ զօր հանապազ,
       Աղաչէ ըզԿոյսն, սուրբըն սըրբոց.
       Որ բարեխօսէ իւր Միածնին,
       Որ ողորմի մեղաց մերոց։
      
       Ապա զամէն ոք խընամէ,
       Կանգնէ զանկեալն ի գլորելոց
       Ինքն է բիւրուց պարգեւատու.
       Դարձ եւ դարան մոլորելոց։
      
       Խեւ Յովաննէս լըցեալ մեղօք.
       Թէ ասելոց՝ ես լըսելոց.
       Ե՛րթ ի լերինըն բընակէ.
       Կամ հետեւիր դուն Սուրբ Գրոց։
      
       ՁԷ. րդ ՌՄԼԵ=1786ին գրուած Երգարանին մէջ. գրիչ՝ Բենկըցի Յակոբ Դարբինենց։
      
       X
       ՀԶ. Տաղ Յովանիսի ասացեալ է տաճիկ բառով ի վր. Քս . ածութեան. ։
      
       Քիմսէ պէնի պիլմէզիդի,
       կէլտիմքի յայրան էյլայամ.
       պէն էվէլի կէօկտէ իտում,
       Կէլտիմ քի Ֆիղան էյլայամ։
      
       Պէն նուր իտում, նուրտան տօղտում,
       պէնի փէղլամպէրլար պիլմիշ.
       պանղայ էխրար վէրալարայ.
       ուչմազ իռ օվան էյլայամ։
      
       Պէն սայրուի սաղ էյլայամ,
       զիմինլարի պէն եօրուտամ.
       շօլ անատան կէօզսուզ տօղան,
       պէն նուրի թէմամ էյլայամ։
      
       Մա՛րիամ , պէնիմ ղուտրաթիմ սան,
       պէն թան ալտում Մարիամտան.
       պէն թանումի կէթուրմիշէմ,
       քի հալխայ ղուրպան էյլայամ։
      
       Պէնում իչուն փէղամպէրլար,
       եազմիշլար քիթապ մուսաֆլար,
       պէն օնլարըն քիթապինի,
       կէլտիմ քի թէմամ էյլայամ։
      
       Էլ ու ճիհան սայրու իտի,
       կէրչաք հէքիմ իսդար իտի.
       հասրաթինի տիլէնլարէ,
       կէլտիմ քի տէրման էյլէյէմ.
      
       Զընտան իչի տօլու ճանլար,
       ղարանլըխդայ եասիր աղլար,
       օլ զընտանին ղափուսինի,
       կէլտում քի վէրան էյլէյէմ։
      
       Ապու հայեաթ օզինտիան (օզինտան?)
       Աղզընտայ տուր չէշմի հայվան.
       սիզէ պաղշիշ ու արմաղան,
       կէլտիմ քի էհսան էյլէյամ։
      
       Է՜ եահիա թարսա պէչա,
       եազուղում չօխ կիւն ահլիճայ,
       ղուտա պաղիշլասին սանկայ,
       պէն սէնի իման էյլայամ։
      
       Ես Յովանէս Թլկուրանցի,
       զայս բանս ասացի վասն Փրկչին,
       եկաւ կամաւ ինքն ի խաչին,
       Ազատեաց զհոգիքն ի բանտին։