Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Յովհաննէս Գ. ի կեանքին եւ կաթողիկոսական գործունէութեան մասին առայժմ չունինք պատմական տեղեկութիւններ ։ Ինչ որ ստոյգ գիտենք իր գահակալութեան եւ վախճանման թուականներն են։ Ասկէ զատ քանի մը յիշատակարաններու մէջ արձանագրուած է իր անունը, որոնք ցոյց կուտան թէ անգործ կաթողիկոս մը չէ եղած ինքն։
       Յովհաննէս Գ. ի գործունէութեան բաժին մը հանեցինք Թլկուրանցիի վրայ գրելու ատեն Երուսաղէմի գործերուն մէջ, Թեբայիտցի Գէորգի երկարատեւ դատին առթիւ, ենթադրելով որ Թլկուրանցի Յովհաննէսին բացած այդ դատը վերջացաւ Քիլիսցի Յովհաննէսին օրով, 1532ին, քանի որ Թլկուրանցին վախճանած էր 1525ին, դատին վերջանալէն 7 տարի յառաջ։
       Այս ենթադրութիւնը ըրինք հիմնուելով երկու կաթողիկոսներու անուանց նոյնութեան վրայ։ Երուսաղէմի դատարանին առջեւ ներկայացած էր Յովհաննէս եպս. որդի Ղուկասու, որ է Թլկուրանցի Յովհաննէս կթղ ., ասոր վախճանումէն ետքը դատը կը շարունակուի դարձեալ Յովհաննէսի մը անունով եւ կը շահուի, այս Յովհաննէսը կրնայ Թլկուրանցիին յաջորդ Յովհաննէս Գ. Քիլիսցին ըլլայ։
       Նկատելով որ դատական կամ օրինական կեղծիքով մը (հիշէի շէրիյէ) նոյնանուն անձ մը կրնայ փոխանորդել վախճանեալ մը կամ բարոյական անձնաւորութիւն մը , շատ հաւանական է որ Յովհաննէս Գ. եղած ըլլայ Թեբայիտցի Գէորգին դէմ բացուած դատը շահողը։
       Թերեւս օր մը նորագիւտ վաւերագիրներով իրականութեան վերածուի մեր այս ենթադրութիւնը. այդ պարագային գոնէ Յովհաննէս Գ. ի գործունէութեան մէկ կողմը արձանագրուած պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ։
      
       Գալով այն քանի մը յիշատակարաններուն, որոնց պատճենները յառաջ պիտի բերենք վարը, դժբախտաբար պատմական լոյս մը չեն սփռեր Յովհաննէս Գ. ի կեանքին վրայ։
       Անոնց առաջինը ինքնագիր յիշատակարան մըն է Հալէպի Թիւ 4 Ձեռագիր Աւետարանին մէջ, զոր գրաւէ ազատած է , իր քսակէն վճարելով պահանջուած 15 ֆլորինը եւ նուիրած է զայն Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Քառասնից եկեղեցիներուն 1526ին, այսինքն իր կաթողիկոսութեան երկրորդ տարին։
       Այս յիշատակարաններէն յայտնի կ՚երեւի նաեւ թէ Յովհաննէս Գ. այդ միջոցին Հալէպ կը գտնուի։ Այս կէտը դիտել կուտանք անոր համար որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ Հալէպը աւելի ապահով կը գտնէին քան Սիսը, որ Տաւրոսի ծոցը նշաւակ էր լեռնցի ձորապետներու հարստահարութեանց. մինչ Հալէպ բոլորովին տարբեր միջավայր մըն էր իբրեւ Մայրաքաղաք Սիւրիոյ, ապահով եւ առեւտրական բանուկ կեդրոն մը, հարուստ հայութեամբ։
       Այս յիշատակարաններուն թուականները կ՚երկարին 1526-1536, այսինքն Յովհաննէս Գ. ի վախճանումէն մինչեւ երեք տարի յառաջ։
       Թուականի կարգով յառաջ կը բերենք զանոնք.
       -«Ի թվին հայոց ՋՀԵ (= 1526), Աւետարանս գրաւական էր ԺԵ (=15) ֆլորոյ, ես Յովհաննէս կաթողիկոս տուի եւ ազատեցի եւ եդի յիշատակ ծնաւղաց իմոց հոգւոյն ի քաղաքն Հալապ ի դուռն Ս. Աստուածածնայ եւ Ս. Քառասնից», եւայլն։
       Էջմիածնի Մատենադարանէն Ձեռագիր Մաշտոց մը (ըստ Կարինեան ցուցակի Թիւ 942) գրուած է Զէյթուն ՋՁԳ = 1534ին, «Ի կաթողիկոսութեան Տեառն Յովհաննիսի» (Տե՛ս Արիստակէս եպս. Սեդրաքեանի Հայց. Եկեղեցու Պատկերայարգութիւնը. Մասն Ա. Տպ. Պետր. 1904, էջ 107)։
       Յովհաննէս Գ. ի անունը արձանագրուած է նաեւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դրան վերեւ զետեղուած սպիտակ մարմարէ յիշատակարանին առաջին մասին մէջ, որ կը հաստատէ թէ եկեղեցին նորոգուած է Յովհաննէս կաթողիկոսի ատեն 984-1535ին։
       -«Ես եմ դուռն. ընդ իս եթէ ոք մտանիցէ կէցցէ մտցէ եւ/ելցէ եւ ճարակ գտցէ. նորոգեցաւ Սբ. Աստուածածնայ եկեղեցին/թուին հայոց (984ին ) եւ ի թագաւորութեան Սուլթան Սիւլէմանի հայրապետութեան Տն . Յովհաննէս կթղկսին ։ Եւ կրկին նորոգեցաւ թուին (1849) եւ թագաւորութեանն խնամածու Սուլթան/Ապտլ Մէճիտին եւ հայրապետութեանն Տն . Միգայէլ կթղսին. /եւ յառաջնորդութեան Նիկողոս եպսին. » ։
       Հալէպի եկեղեցւոյն Ձեռագիր Յայսմաւուրքը (Թիւ 154), բոլորագրուած Ծերենցի օրինակին վրայէն, եւ ճոխացած նոր վկայութիւններով, Գրիչ Գաբրիէլի ձեռքէն, ՋՁԵ = 1536ին։ Յայսմաւուրքին ստացողն է Տանուտէր Վարդան, Հալէպի Ս. Աստուածածնի եւ Ս. Քառասունք եկեղեցեաց համար։ Այս Ձեռագիրն ալ գրուած է Յովհաննէս կթղսի . ատեն։
       -«Փա՜ռք եւ եղեւ գրաւորութիւն գրոյս ի Ջ եւ ՁԵ (1536) թուականին, ի լաւ եւ յընտիր աւրինակէ, որ ասի Ծերենց՝ եւ այլ աւելի քան զնորայն՝ զի շատ նո՛ր վկայք գրեցան եւ հարստացաւ գիրքս այս քան զայն։ Ի գաւառս Սըսոյ՝ ի բերդն Զեթոն, բայց Ե. մղոնաւ հեռի գրեցաւ գիրք այս ի հայրապետութեան Տեառն Յովհաննէս կաթողիկոսին, եւ ի բռնակալութեանն Տաճկաց խունդքարին Սուլթան Սուլիմանին », եւայլն։
      
       Օրմանեան յիշելով Սուլթան Սիւլէյման Գանունիի յաղթութիւններու շարքին նաեւ նուաճումները Կիլիկիոյ Իջէլի գաւառին (1526) եւ Գարամանին (1527), դիտել կուտայ թէ այս պատերազմներու հետեւանքով, Սիս, Տարսոն, Ատանա եւ ուրիշ Կիլիկիոյ մեծ քաղաքներ վնասներ կրեցին, եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը մասնակից եղաւ պատերազմի աղէտներուն, որոնք վայրագօրէն մղուեցան երկու կողմերէն։ Թլկուրանցի Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսը 1525ին մեռած ըլլալով, իւր յաջորդ Յովհաննէս Գ. Քիլիսցիին օրերուն կ՚իյնան այդ պատերազմական աղէտները » (Ազգպտմ. էջ 2225)։
       Յիշատակարանի մը մէջ կը կարդանք. - «Թ. հարիւր ՀԶ (976 + 551 = 1527) թվին եկաւ Քաւր Սէտին Ճէլէլայ՝ ի Սիս քաղաք , մարդն փախաւ, ի բերդն ելաւ. շատ աւերում եղաւ. նայ Աստուած ազատեց զՍիս քաղաքն ի ձեռն ձեռաց ) անաւրէն Քաւր Սէտէ»։ Սարգիսեան Ցուցակ Բ. 488։