Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ճգնազգեաց կաթողիկոս մը եղած է Խաչատուր Ա ., որուն աթոռակալութեան թուականը չենք գիտեր։ Իր վախճանումին թուականն ալ պիտի չգիտնայինք, եթէ իր յաջորդը, Խաչատուր Բ ., իր ձեռքով արձանագրած չըլլար իր կաթողիկոսութեան թուականը Սսոյ Մաշտոցին մէջ, 1560 Փետր . 16, որմէ կը հետեւցնենք թէ Չորիկը վախճանած պիտի ըլլայ, հաւանաբար նոյն տարւոյն սկիզբները։
       Խաչատուր Ա. թէեւ ճգնաւոր, բայց ուսեալ, քաջաքարոզ հովուապետ մը եղած է, եւ հաւանաբար իր ճգնաւորի փիլիսոփայութեամբն է որ չէ ուզած իր գահակալութեան թուականը արձանագրել Սսոյ Մաշտոցին մէջ, շեղելով իր նախորդներու օրինակէն։
       Օրմանեան, ինչպէս տեսանք վերեւ, կ՚ենթադրէր թէ Չորիկ Զեթունցի եղած պիտի ըլլայ, եւ հետեւաբար Զեթունցիներու պաշտպանութեամբ գահակալած՝ Թորոս Ա. ը գահազրկելէ ետքը։ Թերեւս այս ենթադրութիւնը հիմնուած է Զեթունի առաջնորդ Արիստակէս վարդապետին Թորոս ուղղած կշտամբանքին վրայ, բայց պատմական ոեւէ նշան չկայ որ կարենայ արդարացնել այդ ենթադրութիւնը։
       Յայտնի կ՚երեւի թէ Թորոս Ա. մէկ կամ երկու տարիէն աւելի չկրցաւ շարունակել իր պաշտօնը եւ քաշուեցաւ Լեւոնբերդ. իր մահն ալ չուշացաւ, քանի որ 1553ին, Լեւոնբերդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն նորոգութեան ատեն իր գերեզմանին ներս առնուիլը պատմական ստուգութիւն մըն է. հետեւաբար, եթէ այնպէս ենթադրենք որ Թորոս Ա. վախճանած ըլլայ 1550/1ին, Չորիկ իրեն յաջորդած պիտի ըլլայ նոյն տարին։ Դարանաղցին, որ հետաքրքրական բաներ կը պատմէ Չորիկի մասին, թուական մը կը յիշէ, ՌԻԷ (= 1578), ակնարկելով անոր կաթողիկոսութեան, թուական մը սակայն, որ դուրս կը մնայ թէ՛ Չորիկին անորոշ եւ թէ՛ իր յաջորդին կաթողիկոսութեան որոշ եւ ստոյգ տարիներէն։ Եթէ, իբրեւ գրչի սխալ, ՌԻԷն հանենք ԻԷն, կը մնայ Ռ (= 1551), որ բոլորովին կը համապատասխանէ 1550/1ին, եւ զոր ենթադրաբար նշանակեցինք իբրեւ սկիզբ Չորիկի կաթողիկոսութեան։ Դարանաղցիի տուած թուականին վրայ իրաւամբ կ՚ընենք այս սրբագրութիւնը, որովհետեւ թուականներու ճշդութեան կողմէն շատ նախանձախնդիր չէ Դարանաղցին իբրեւ պատմագիր։
       Թորոս Ա. ի եւ Խաչատուր Ա. ի թուականներուն մասին այսչափ առ այժմ։
       Գալով Չորիկի պատմութեան, ատոր միակ աղբիւրն է Դարանաղցին, որ կը նկարագրէ զայն, իբրեւ «այր մի առաքինի եւ հեզութեամբ լի, անկեր ու անխում », կերպարանքով գծուծ, խարազնազգեաց, փառքերը ատեցող, եւ այնքան խստակրօն որ Չորուկ կոչած են զինքն։ Չորուկ կամ Չորիկ կը նշանակէ չոր, չորցած, շատ նիհար, անշուշտ իբրեւ արդիւնք իր ճգնաւորական կեանքին։ Ասիկա «ընտրութեամբ Աստուծոյ » կաթողիկոս եղաւ, շատ բարի գործեր կատարեց, քաջ հովիւի անունը թողուց իր ետեւէն. որովհետեւ հետիոտն կը շրջէր, կօշիկի տեղ չարուխ կը հագնէր, եւ ռամիկ ժողովուրդին վրայ ահ ձգելու համար իր եպիսկոպոսներն ու եկեղեցականները կամ սպասաւորները ձի կը նստեցնէր, իսկ ինքն իբրեւ սուրհանդակ անոնց առջեւէն կը քալէր մուրացիկի պէս։
       Դարանաղցին մէկ կողմէն հիացումի եւ ծաղրանքի արժանի կը գտնէր Չորիկի կենցաղը, միւս կողմէն ալ կը դրուատէ զայն, իբրեւ տիպար խոնարհութեան եւ հեզութեան, եւ կ՚ըսէ թէ ժամանակ մը բոլոր Հայաստանեայց աշխարհը լուսաւորեց ու պայծառացուց ան՝ արեւի պէս, իր անձանձիր շրջագայութեամբ։ Չորիկի կենցաղին մանրադէպները, կ՚ըսէ, մինչեւ հիմայ կը պատմուին ժողովուրդին մէջ, ականատեներու եւ անոր հետ շրջողներու կողմէն։
       Դարանաղցի այդ մանրադէպներէն երկուքը գրի առած է։
       Ա. - Անգամ մը, կը քալէր ան իր սպասաւորներուն (հետեւորդներուն ) առջեւէն, ամէնքն ալ ձիերուն վրայ, շքացած գեղեցիկ հագուստներով. երբ կը մօտենան գիւղին, Չորիկ կը վազէ լուր տալու գիւղացիներուն թէ «Կաթողիկոս է գալիս »։ Բոլոր գիւղացիք կը փութան հետեւիլ իրեն՝ կաթողիկոսը դիմաւորելու համար. բայց երբ կը մօտենան շքախումբին, չեն ճանչնար կաթողիկոսը, կը շուարին թէ անոնց ո՛ր մէկը ողջունեն եւ օրհնութիւնը խնդրեն իբրեւ կաթողիկոս. ձիաւորներ մատնանիշ կ՚ընեն Չորիկը. խեղճ գիւղացիք աւելի եւս շփոթի կը մատնուին. բայց անոնց գլխաւորներէն մէկը, ձանձրացած այս շփոթութենէն, կը համարձակի իր խօսքը ուղղել շքեղ ձիաւորներուն եւ կը պախարակէ զանոնք, ըսելով. «Եթէ այն է ձեր մեծաւորը, դուք ի՞նչ էք ուրեմն »։ Աշխարհականի մը այս դիտողութենէն շատ կ՚ամչնան անոնք, ոմանք կը զղջան եւ կը թողուն ձիաբուծութիւնը եւ խենէշ հագուստները ' ոմանք ալ, իրենց ամօթէն չեն կենար հոն եւ կը վերադառնան իրենց տեղերը։
       Բ. - Դարձեալ ուրիշ գիւղ մը կ՚երթայ Չորիկ իր շքախումբով, եւ յառաջ վազելով կը հասնի քահանային տունը, եւ կ՚աւետէ կաթողիկոսին գալը։ Քահանայն բացակայ է տունէն. միայն երէցկինը եւ մայրը տունն են, որ յանկարծակիի կուգան, եւ կ՚սկսին անմիջապէս տուն տեղ շտկել, եւ ներքեւնոց (մինտէր ) մըն ալ աւետաբերին կուտան, ըսելով. «Մահտեսի, Աստուծոյ սիրուն, քիչ մը օգնէ մեզի, առ ասիկա, դուրս տար եւ թօթուէ փոշին »։ Չորիկ անմիջապէս կը կատարէ շուարած կիներուն խնդիրքը, եւ յետոյ գիւղացիները ժողվելով կը փութայ կաթողիկոսը դիմաւորելու։ Գիւղացիք կը մօտենան շքախումբին, չեն ճանչնար կաթողիկոսը, կը շփոթին եւ չեն գիտեր թէ ձիաւորներէն ո՛ր մէկը ողջունեն իբրեւ կաթողիկոս, եւ երբ այս վիճակին մէջ գիւղ կը հասնին եւ կը մտնեն քահանային տունը, կը տեսնեն որ այն շքեղ ձիաւորներ, վար իջնելով իրենց ձիերէն, կը ծառայեն Չորիկին, անոր չարուխին խրացքը կը քակեն եւ կը նստեցնեն զինքը պատուոյ տեղը։ Երէցկինը եւ մարը կը քստմնին՝ հասկնալով որ իրեն մինտէրը թօթուող «մահտեսի»ն նոյն ինքն կաթողիկոսն է եղեր։
       Ստուգիւ չափազանց ծիծաղելի եւ գրեթէ անհաւատալի կը թուին այս պատմութիւններ առաջին ակնարկով. բայց ատոնք պայծառ լոյս մը կը սփռեն ԺԶրդ դարու եկեղեցականներուն կենցաղին վրայ. եկեղեցականութիւն մը, որ պերճանքի եւ պաճուճանքի զակատեր է, մոռնալով հոգեւորականի վայել պարզ կենցաղին պայմաններն ու պահանջները եւ հոգեւոր հովուին պարտաւորութիւնները։ Խստակրօն Չորիկ, ինչպէս կ՚երեւի, իր եկեղեցականներուն անվայել կենցաղը պախարակել կուտայ գեղջուկներուն, ամէնէն ազդու դասերը տալու համար անոնց։
       Կաթողիկոսի մը վարչական եւ յարաբերական գործերուն պատմութեան տեղ, որոնք բացարձակապէս կը պակսին մեզի, ահա շատ հետաքրքրական պատկեր մը անոր ներքին կեանքէն, անոր հոգեւոր հովուի գործունէութենէն, անոր չարքաշ եւ ճգնազգեցիկ կենցաղէն, «որոյ յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի» (Գր. Դարանաղցի, Ժամանակագրութիւն, էջ 316-318)։