Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Խաչատուր Բ ., ըստ Չամչեանի՝ Խաչիկ Ուլնեցի, ըստ Մաղաքիա դպրի՝ պարզապէս Տէր Խաչիկ, ծանօթ է իր Երաժիշտ տիտղոսով, անշուշտ իբրեւ վարպետ մը եկեղեցական երաժշտութեան մէջ, եւ կամ իբրեւ վարպետ եւ գեղեցկաձայն երգեցող մը։
       Հին ատեններ մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր եկեղեցական երաժշտութեան, եւ նոյն իսկ այս մեր օրերուն ալ «ձայնաւոր » անձեր նախամեծար կը համարուէին քահանայութեան, առանց սակայն շատ խստապահանջ ըլլալու թէ ի՞նչ է «ձայնաւոր»ին կարողութիւնը եկեղեցական երգեցողութեան մէջ, հերիք է որ մարդը «աղուոր ձայն » մը ունենար եւ կարող ըլլար երգել։ Կ՚երեւի թէ կաթողիկոսական աթոռին բարձրանալու համար իսկ, ուրիշ յարմարութիւններու հետ՝ երաժշտագիտութիւնն ալ առաւելութիւն մը կ՚ստեղծէր, եւ կամ, թերեւս, միւս բոլոր յարմարութիւններէն ալ վե՛ր կը նկատուէր։
       Դժբախտաբար չենք գիտեր թէ Խաչատուր Բ. իբրեւ մտաւորական եւ գեղարուեստի վարպետ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէր որ իր վրայ շեշտուած է Երաժիշտը։ Բայց գիտենք որ Կիլիկիա նշանաւոր եղած է Երաժշտութեան մէջ (Հմմտ. Սիսուան, էջ 517, ծնթ. ) եւ Սիմէոն կթղս. ինչպէս որ պիտի տեսնենք իր տեղը, առ Փիլիպպոս կթղս. իր ուղղած թուղթին մէջ վստահ պարծանքով մը կը մատնանշէր երաժշտական արուեստին զարգացումը Կիլիկիոյ Մայրաքաղաքին մէջ.
       -«Խազն ի Սըսայ
       Սաղմոսն ի Մըշայ».
      
       հետեւաբար, կարելի է ենթադրել որ Խաչիկ Ուլնեցին, քաջ երաժիշտ մըն էր, այսինքն՝ ո՛չ միայն իբրեւ «ձայնաւոր » այլ մա՛նաւանդ իբրեւ վարպետը երաժշտական արուեստին։ Երաժիշտ ուրիշ դէմքեր ալ կան Խաչատուր Բ. ի յաջորդներուն մէջ։
       Սսոյ Մաշտոցին մէջ սա՛ յիշատակագրութիւնը կայ իր մասին.
       -«Նուաստ Խաչատուր կթղս . նստաւ յաթոռ հայրապետութե . Սըսայ ՌԹ (=1560) փետրվարի ԺԶ (= 16). փետրվրի . Դ (=4) առ Քս . փոխեցաւ . թվ . ՌԼԳ (=1584). որոյ յիշատակն ահութբ (=աւրհնութեամբ ) եղիցի . ամէն»։
      
       Դարանաղցին քանի մը բառով միայն, Չորուկէն անմիջապէս ետքը, կը յիշէ Խաչատուր Բ. ը եւ կը բասրէ զայն՝ դիտել տալով թէ Չորուկի ճամբէն չգնաց, եւ «ոչ բնաւ բարի անուն մի համբաւեցաւ ի նմանէ », դիւրանց եղաւ եւ մեռաւ (Դրնղցիի. Ժմնկգր. էջ 318)։
       Դարանաղցին քանի մը բառով միայն, Չորուկէն անմիջապէս ետքը, կը յիշէ Խաչատուր Բ. ը եւ կը բասրէ զայն՝ դիտել տալով թէ Չորուկի ճամբէն չգնաց, եւ «ոչ բնաւ բարի անուն մի համբաւեցաւ ի նմանէ », դիւրանց եղաւ եւ մեռաւ (Դրնղցիի. Ժմնկգր. էջ 318)։
       Դարանաղցին կը սխալի անշուշտ, որովհետեւ Խաչատուր Բ. «դիւրանց » չեղաւ, այլ 24 տարի մնաց կաթողիկոսական աթոռին վրայ։ Դարանաղցիի բասրանքին պատճառն է Խաչատուր Բ. ի ճգնազգեաց չըլլալը. կէտ մը որուն վրայ կը դնէ ան իր զօրաւոր շեշտը -եւ ո՛չ գնաց ի ճանապարհս Չորուկին։ Խաչատուր Բ. ի յաջորդ Ջուղայեցի Ազարիային վրայ ալ նոյն դիտողութիւնը պիտի ընէ խծբծող Դարանաղցին։
       Կ՚երեւի թէ Խաչատուր Բ. վաթսնամեայ եւ թերեւս աւելի էր՝ երբ կաթողիկոս եղաւ, որովհետեւ ստիպուեցաւ կանուխէն իրեն փոխանորդ եւ յաջորդ մը նշանակել երբ անցած էր ութսունը, որպէս զի իր անունով վարէ կաթողիկոսական գործերը։ Այդ փոխանորդն ու յաջորդը եղաւ Ազարիա Ջուղայեցին, զոր եպիսկոպոս կամ առաջնորդ նշանակեց Ս. Սոփիայի, կաթողիկոսարանի Մայր Եկեղեցւոյն, հաւանութեամբ եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ ժողովուրդին, եւ անոր յանձնեց կաթողիկոսութեան կնիքը. ա՛ն էր որ կ՚ընէր կաթողիկոսութիւնը եւ Խաչատուրի վախճանումէն ետքն ալ ընդունուեցաւ իբրեւ կաթողիկոս ։
       Խաչատուր Բ. ի վարչական գործունէութենէն պատմութեան մէջ մնացած է Հռոմի հետ իր մշակած կամ իր հաճութեամբ մշակուած յարաբերութեան յիշատակը, ա՛յն երկու գրութիւններով, որոնք ուղղուած են Գրիգոր ԺԳ. Պապին (Տե՛ս Bybl. Apost. Vaticanae, ի E. Tisserant-է, էջ 203-204. Հմմտ. Հանդէս Ամսօրեայ, 1892, էջ 244-245)։
       Դժբախտաբար այս տողերը գրելու ատեն, աչքի առջեւ չունինք այդ երկու գրութիւններուն պատճեները, որպէս զի գաղափար մը կազմէինք ատոնց բովանդակութեան վրայ։ Բայց նկատի առնելով այն ջանքերը, զորս Վատիկան թափեց այս դարուն ալ Հայց. Եկեղեցին Հռոմի Եկեղեցիին միացնելու նպատակով, կարելի է ըսել թէ ի՞նչ բանի վրայ է խնդիրը։ Խաչատուր Բ. ի Հռոմի հետ մշակած յարաբերութեան տեղեակ եւ գործակից էր իր օգնականն ու յաջորդը, Ազարիա Ջուղայեցին որ յետոյ, երբ կաթողիկոս եղաւ, ինքն ալ շարունակեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին յարաբերութիւնը Հռոմի հետ. հետեւաբար այս մասին կը խօսինք՝ Ջուղայեցիի վրայ գրելու ատեն։
       Խաչատուր Բ. ի ժամանակը շա՛տ խռով է քաղաքականապէս։ Մէկ կողմէն Կիլիկիոյ մէջ բռնացող եւ իրարու հակառակորդ ձորապետներ, միւս կողմէն Ճէլալիներուն ելքն ու աւերիչ արշաւանքները Անատօլուի մէջ, ահ ու դողի մատնած էին երկրին քրիստոնէութիւնը։
       Կարգ մը Աւետարաններ գրչագրուած են Խաչատուր Բ. ի կաթողիկոսութեան ատեն, որոնցմէ ոմանց յիշատակարաններուն կարեւոր մասերը յառաջ կը բերենք իրենց ժամանակագրական կարեւորութեանը համար։ Այդ յիշատակարաններէն քանի մը հատին մէջ արտայայտուած դառնութիւնը ցոյց կուտայ թէ ո՛րչափ տաժանելի եղած է Անատօլուի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն կացութիւնը այդ անիշխանութեան ընթացքին։
       Ստուգիւ, հրաշքո՛վ է որ Հայ ժողովուրդը պահած է իր ազգային գոյութինը եւ իր նուիրական հաստատութիւնները այդ աննկարագրելի հարստահարութեանց ճնշումներուն տակ։
       Ս. Յակոբայ Մատենադարանին Թիւ 1939 Ձեռ . Աւետարանէն.
       - «Գրեալ աւարտեցի զսա ի գիւղն որ ասի ի Գալականճն (= Գայլականջ ) կարողութբ . Այ . ընդ հովանեաւ սբ . նշանաց , ի գաւառն Մելտինու , ի թուին հայոց ՌԺԵ (=1566) ամին , ի թագաւորութեան Սուլթան Սիլումին եւ ի կաթողիկոսութեան Տէր Խաչատուրին եւ ի հայրապետութեան Տէր Գրիգորին»։
       (Խապայեան Ցուցակ, Ձեռ. էջ 1250)։
       ԾԱՆՕԹ. - Միեւնոյն բանաձեւով եւ միեւնոյն գրչէն ուրիշ Աւետարանի մը յիշատակարան մըն ալ կայ Թորոս Աղբարի մէջ (Հտր. Ա. 221-222). սա տարբերութեամբ որ այդ Աւետարանը գրուած է ՌԺԸ = 1569, Կալանջ գիւղի Սուրբ Նշանեաց հովանիին տակ։
       Կայիփոսի Ս. Յակոբ վանքին Մաշտոցէն.
       - «Աւարտեցաւ Ս . տառս , որ այժմ Մաշտոց կոչի բոլոր . ի յամի Ռ . Ժ . Է (= 1568), ընդ հովանեաւ տաճարին եւ Ս . Սարգիս եւ Ս . Փրկչին . ի գաւառն ի Մէլտինի . ի գիւղն ի Համուսի , ի յերիցութեան Գրիգորի Տէր Թորոսեան , եւ ի կաթողիկոսութեան Տէր Խաչատուրին , եւ յեպիսկոպոսութեան Տէր Գրիգորին , եւ ի թագաւորութեան Սէլումին…» (Թորոս Աղբար, Բ. 229)։
      
       Արղնի Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքին Աւետարանէն.
       -«Գրեալ ի թվին ՌԺԹ . (1570), յԵրուսաղէմ , ի Ս . Յակոբ . ի հայրապետութեան Հայոց Տէր Միքայէլ կաթողիկոսի , եւ ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց Տէր Խաչատուր կաթողիկոսի . ի թագաւորութեան Սուլթան Սէլիմին։
       Յայսմ ամի Կիպրոս ի Ֆռանկաց առաւ . անթիւ քրիստոնեայք վնասեցան , եւ անթիւ եւ անհամար գերի առան , որ ոչ թիւել կուզէր եւ ոչ ճառել։ Վա՜յ մեզ . եղուկն էր խաչապաշտին տարել ի յերկիրն թագաւորութեան Շահաստանայ որ այժմ ասի Դաւրէժ , որ Շահ Թահմազ կոչեն . եւ ի Առաջնորդութեան սուրբ քաղաքին Երուսաղէմայ Տէր Անդրէաս արհի եպիսկոպոսին։ Յիշատակարանս գրեցաւ ի ամուրն Բալու… ձեռամբ Մխիթար եպիսկոպոսի»։ (Թորոս Աղբար, Բ. 392-393)։
      
       Ս. Յակոբի Մատենադարանէն Թիւ 178 (868) Ձեռ. Աւետարանը գրուած է Երուսաղէմ.
       -«Ի հայրապետութեան տէր տէր Խաչատուրին եւ ի պատրիարքութեան Սբ . Աթոռոյս Տէր Աստուածատուրին եւ Տէր Անդրէասին…»։
      
       Եւ արդ գրեցաւ սա ի թվականիս Հայոց Ռ. ու քսան ու երբ մտաւ ՌԻԱ (=1571/2) ծաղկեցաւ ձմեռն։ Անմեղադիր լերուք խոշորութեան գրիս եւ ծաղկիս, զի կար մեր այս էր. զի դառնացեալ սրտիւ գրեցաւ ի դառն ժամանակին յորում նեղիմք յայլազգեաց. զի տաճիկն էառ զԿիպրոս եւ զբազումս կոտորեաց, զմարդ, զխաչ եւ զԱւետարան գերեաց եւ բազում ոճիրս գործեաց, զոր ոչ կարեմք ընդ գրով արկանել…»։ (Խապ. Ցուցակ, էջ 1223-24)։
       -«Ի թվականութեանս հայոց ՌԻԵ (=1576), ի կաթողիկոսութեան տեառն Խաչատրոյ եւ ի յառաջնորդութեան այսմ նահանգի Տէր Յովհաննէս եպս. ի Հըզվեցւոյն»։ (Հանդէս Ամսօրեայ, 1927, Յունիս, էջ 314)։
       Կիպրոսի Ս. Մակար վանքի պատկանող Յայսմաւուրքի մը մաշած թերթէն, որ գրուած պիտի ըլլայ 1551-1571 թուականներուն մէջտեղ։
       -«Ղուկաս ? վրդպտս հր(ամանաւ ) Խաչատուր կթղկսին յղեալ եկաք ի Կիպրոս ի մայրաքաղաքն Լաւքօշայ յաղագս հասի եւ իրաւանց սբ . Աթոռոյն , եւ ես չունէի կամք վս (վասն ) ահի ծովուն եւ յերկիւղի անիծեալ ժժմակէր եւ գիշակէր ազգին ֆռանկաց . յորժամ նաւեցաք ի Տարսոնա ի գարուն աւուր ճանապարհ ի մէջ ծովու ի սահմանս Սելեւկիոյ , եկն Ղալիօն (նաւ ) մէծ ի վրյ մեր , զոր ինչ կայր ի նավն եւ ունէաք ի հօրէ եւ ի մօրէ գրեանք եւ այլ սուր մերկ ի մօրէ արարին մեզ անողորմ ազգն անիծեալ լատինացւոց . Ած . կործանեսցէ թագաւորուի . նցա վաղվաղակի . ով որ տեսցէ եւ կարդասցէ , ասասցէ ամէն եւ եղիցի։
       …եղեւ մեզ (Ք)անամէլօ… (անընթեռնելի Իսկ յօրժամ եկաք ի ծոց նաւահանգիստն Ղարբազ (Քարբաս ) անտ աստ մինչ ի Լաւքուշայ բոկոտն եւ գլուխ… մինչ հաստատեալ ազգն մեր Հայոց որ եւ նոյն ժամայն ի տեսանէլն… Այ (=Աստուծոյ ) օծեալ քհնյն Տէր Ստեփաննոս նոյն ժամոյն զգեցոյց զմեզ եւ ծածկեաց զմերկութիւն ըստ Աւտրնի բանին թէ մերկ էի եւ զգեցուցէք զիս եւայլն…։ Գրեցաւ յուլիս… յաւուր երկուշաբթի , սբ . Լուսաւորչի պահոցն , ի դուռն սբ . Ածածնին»։
       (ԿԻՊՐՈՍ ԿՂԶԻ, գրեց Բակուրան, տպ. Նիկոսիա, 1903, էջ 109-110)։