Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա.
       Ազարիա Ջուղայեցի, որ ծերունի Խաչատուր Բ. ի ընտրութեամբը յաջորդ նշանակուած էր, կաթողիոսացաւ 1584 Փետր. 25 ԳՇ. Ղեւոնդեանց տօնին օրը, իր յիսնամեայ հասակին։
       Ազարիայի գահակալութիւնը այսպէս յիշատակուած է Սսոյ Մաշտոցին մէջ (էջ 136).
       -«Ի նուաստ եւ անպիտան Ազարիայ վրդապտ , Ջուղայեցի , շնորհաւքն Այ . կթղկս . նստաւ յաթոռ հայրապետութե . Սըսայ , ի թվկս . հայոց ՌԼԳ (=1584), փետրվարի ԻԵ (=25), աւրն Գշբթի Ղեւոնդեանց տաւնի մեծ բարեկենդանին»։
      
       Ազարիա, որ սխալմամբ Զաքարիա ալ եղած է, պարսկահայ է ծագումով, Ջուղայ քաղաքէն, ծնած 1534ին. հօր անունը Պօղոս, մօրը՝ Ողլանփաշի, ունեցած է երեք եղբայր, Աղուպշի, Փաշա, Ալիջան, որոնցմէ Աղուպշին ողջ է 1600ին ։
       Թէ Ջուղայեցի մը ի՛նչպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոս եղած է , բաւական հետաքրքրական է ասիկա, գիտնալով Ջուղայեցւոց յարումն ու հաւատարմութիւնը Էջմիածնի Մայր Աթոռին։ Կարելի է երկու ենթադրութիւն ընել. առաջին՝ թերեւս Ազարիա իբրեւ վարդապետ եկաւ Կիլիկիա եւ իր գիտուն մարդու արժանիքով պահուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ, վայելելով Խաչատուր Բ. ի համակրանքն ու հովանաւորութիւնը, նոյն իսկ իրեն օգնական ու յաջորդ նշանակուելով. երկրորդ, թերեւս Ազարիայի ծնողքը Հալէպ տեղափոխուած էին Ջուղայէն. որովհետեւ արեւելեան վաճառականներ, Պարսկաստանէն, մա՛նաւանդ Ջուղայէն եկած հայեր էին, որ հաստատուած էին Օսմանեան պետութեան վաճառաշահ քաղաքներուն մէջ, նոյն իսկ Կ. Պոլիս եւ Հալէպ, Սիւրիոյ Մայրաքաղաքը, ամէնէն նշանաւոր հանգրուաններէն մէկն էր այն ատեննէր, Կ. Պոլսէն Պաղտատ եւ Պարսկաստան երկարող կարաւանի ճամբուն վրայ, եւ հաւանական է որ Ազարիա Հալէպի մէջ մեծցած եւ յարած ըլլայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ասոնք պարզ ենթադրութիւններ են սակայն, Ջուղայեցիի մը Կիլիկիոյ աթոռին վրայ բարձրացումի պարագան լուսաբանելու համար։
       Եւ ստուգիւ կ՚արժէր որ գիտնայինք Ջուղայեցիին երիտասարդութեան եւ զարգացման պատմութիւնը. որովհետեւ ԺԶրդ դարու ամէնէն նշանաւոր կաթողիկոսներէն մէկն է Ազարիա , որուն կեանքը անդադրում գործունէութիւն մը եղած է, իբրեւ ուսուցիչ եւ իբրեւ կաթողիկոս, Փոքր Ասիոյ քաղաքականապէս ամէնէն աւելի խռով ու անապահով մէկ շրջանին, Ճէլալիներու ասպատակութեանց հետեւանքով։
       Ազարիա պայծառ դէմք մըն է Հայց. Եկեղեցւոյ իրեն ժամանակակից նշանաւոր վարդապետներու շարքին, թէ՛ իր գիտութեամբ եւ թէ՛ իր կաթողիկոսական բազմահոգ գործունէութեամբ։
       Ազարիա, իբրեւ ուսուցիչ բազմահոյլ աշակերտութիւն մը հասցուցած է, որոնցմէ սակայն քիչերուն անունները հասած են մեզ։
       Իր կարողութիւնը, իր արժանիքը բարացուցելու համար, ժամանակակից գրողներ կը կոչեն զայն՝ քաջ րաբունապետ, տիեզերալոյս վարդապետ։
       Ս. Յակոբի Մատենադարանին Թիւ 1597 Ձեռագիր Սաղմոսը գրուած է ՌԽ=1591ին, «ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց Տեառն Տէր Ազարիա կաթողիկոսին եւ Երջանիկ քաջ րաբունապետին, ուսուցիչ եւ խրատիչ ամենայն հաւատացեալ քրիստոնէից»։
       Կ. Պոլսի Ազգ. Մտնդրնի. Թիւ 132 Ձեռագիրը (Լուծմունք Մեկնութեան Յոբայ, եւայլն ) գրուած է 1593ի «ի խնդրոյ քաջ րաբունապետին մերոյ եւ տիեզերալոյս պատրիարգին սուրբ Երուսաղէմայ Ազարիա կաթողիկոսին Կիլիկեցւոյ, յիշատակ իւր ծնողացն եւ ի վայելումն անձին իւրոյ»։
       Իր աշակերտն ու յաջորդը Յովհաննէս Անթէպցին, Ս. Յակոբայ Մատենադարանին Թիւ 516 (582) Ձեռագրի (Մեկն. Հինգ գրոցն Մովսէսի ) յիշատակարանին մէջ կ՚ըսէ. «յիշէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զհոգեւոր հայրն մեր եւ զլուսատուն հոգւոց մերոց, զվերադիտողն Հայոց զՏէր Տէր Ազարիա , որ յայժմ դեգերեալ կամք իմաստս գիտութեան սորա, զոր տէր Աստուած պահեսցէ պարագայց ամաւք ի պարծանս մեր եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ», եւ կը յիշատակէ իր երեք աշակերտներն ալ, Մարտիրոս, Վարդան եւ Կ□ վարդապետները։ Անթէպցին, ետքը Ազարիային մահը պատմած ատեն, կ՚ըսէ. «եւ խաւար կալաւ զտունս Հայոց, որ այսպիսի պայծառ արեգակնէս զրկեցաք»։
       Իսկ Դարանաղցին դիտել կուտայ թէ Ազարիա իր կաթողիկոսանալէն ետքն ալ չդադրեցաւ «ի քարոզութենէ, ի դասասացութեանց, ի վարժելոյ զբազմութիւն աշակերտացն», եւ կ՚արձանագրէ անոր աշակերտներէն ոմանց անունները. ա) «մեծ Յովհաննէս վարդապետն Անթափցի, երաժիշտ եւ բարձրաբարբառ քարոզ տիեզերաց, որ յետ վախճանին Ազարիին սա՛ յաջորդեաց զաթոռն». բ) «Տէր Յակոբ վարդապետ Զեթոնցի » որ շատ բարեսէր , բարեգործ եւ շինարար հոգեւորական մը եղած է , նշանակելի ծառայութիւններ ըրած է Արզրում , Բաբերդ , Ըռատօզ , ուր եկեղեցի եւ հոգետուն ալ շիներ է 1607ին եւ վախճաներ է հո՛ն 1608ին եւ թաղուեր՝ իրեն ձեռակերտ եկեղեցւոյ բակին մէջ . գ ) Մեսրոպ Տաթեւացի , որ վաղամահ եղած է . դ ) Մկրտիչ վրդ . Խարբերդցի , որ Խղճուկ մականուանուած է՝ շատ հլու եւ հնազանդ ըլլալուն, որ դեռ ողջ է եղեր Դարանաղցիի ատեն, իր գաւառին մէջ, եւ «այլ աշակերտք բազումք»։
       Ազարիայի ուսուցչական աշխատութիւններէն, ո՛րչափ ծանօթ է ինձ, մնացած է Քերականութեան Մեկնութիւն մը։ Ս. Յակոբի Մատենադարանին Թիւ 1219 Ձեռագրին մէջ, -որ դժբախտաբար փճացած է ցեցերէ եւ ջնջուած Մայր ցուցակէն -կայ եղեր այդ գործէն օրինակ մը, որու մասին Սաւալան հետեւեալ տեղեկութիւնը կուտայ իր ցուցակին մէջ (էջ 92).
       -«Ազարիա կաթ. Մեկնութիւն Քերականութեան Յովհաննու Ծործորեցւոյ։ Յիշէ սա զմեկնիչս Քերականին, որք են Եսայի վրդ ., Գրիգոր Մագիստրոս, Վարդան Վրդ ., Պլուզ վրդ. եւ Յովհ. Ծործորեցի։ Գրեալ է բոլորագիծ ի վերայ բամբակաթղթոյ, առանց թուականի, զի պակասին թերթք ի վերջ կուսէ»։
       Ազարիա կ՚երեւի թէ Տաղեր ալ գրած է, որոնցմէ երեքը Կոստանեանց հրատարակած է իր Նոր Ժողովածուի Դ. Պրակին մէջ (էջ 29-36)։ Տաղերուն ծայրանունները կը կապեն Ազարիա, եւ Կոստանեանց իր ցանկերուն մէջ «Ազարիա Ջուղայեցի»ով ճշդած է թէ ո՞վ է տաղասաց Ազարիան։
       Տրդատ եպս. Պալեան իր Հայ Աշուղներին մէջ հրատարակելով այդ երեք Տաղերը, սա դիտողութիւնը ըրած է ատոնց հեղինակին մասին. - «Հայ երգիչ մը կամ տաղասաց։ Հաւանականօրէն կ՚ապրէր ԺԶրդ դարուն մէջ։ Ազարիայի մասին մենք ասկէ աւելի ո՛րեւէ ծանօթութիւն չունինք»։
       Կոստանեան դիտել կուտայ թէ «Տաղ Ադամայ մերկանալ»ը օրինակած է 1647ին գրուած Տաղարանէ մը։ Տաղերէն զատ՝ Ազարիայի անունով քանի մը առեղծուածներ ալ հրատարակած է Կոստանեան իր Դ. Պրակին մէջ, հանելով «1642ին Նոր Ջուղայում տպած Սաղմոսի (Ժամագրքի ) մէջ », եւ նոյնացնելով երկու Ազարիաները, կազմած է Ազարիա Ջուղայեցիի տաղերուն եւ առեղծուածներուն ցանկը (էջ 73-74)։ Ստուգիւ կարելի՞ է ըսել թէ այս Տաղերն ու Առեղծուածները Կիլիկիոյ կթղ. Ջուղայեցի Ազարիային են։
       Երկու նպաստաւոր նշաններ կան այդ մասին. նախ Ձեռագրին թուականը (1647) եւ Առեղծուածներէն երկուքին 1642ին Նոր Ջուղա տպագրուած Սաղմոսի մէջ գտնուիլը, այսինքն՝ կարելի է ըսել թէ Տաղերը արդէն տարածուած էին 1647էն յառաջ, նկատի առնելով Ազարիայի մահուան թուականը (1601), եւ յետոյ Ծննդեան եւ միւս Տաղերուն վերջին տողերը, - «Ազարիա ես անարժան ծառայ եմ Տեառն եւ Կուսին, ով որ կարդայ կամ յուսանի, յիշմամբ առնէք զիս արժանի»- կը մատնեն թէ Տաղասացը եկեղեցական մըն է, Ջուղայեցի Ազարիան, որուն Առեղծուածները կը հրատարակուին Նոր Ջուղայի մէջ տպագրուած Ժամագրքին մէջ։
       Այս Տաղերն ու Առեղծուածները հաւանական է որ Ազարիա գրած ըլլայ իր կաթողիկոսութենէն յառաջ, նկատի առնելով իր շատ բազմազբաղ գործունէութիւնը հայրապետական աթոռին վրայ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք։
       Պատմական երկու իրողութիւններ, վարչական տեսակէտէն, նշանաւոր ըրած են Ազարիայի կաթողիկոսական գործունէութիւնը, - այսինքն՝ Երուսաղէմի պարտքերուն վճարման համար իր կազմակերպած ազգային հանգանակութիւնը, եւ իր յարաբերութիւնը Հռոմի հետ։ Զատ զատ խօսինք այս երկու իրողութիւններու վրայ. բայց նախ փոքրիկ շեղում մը։
       Ազարիա , ըստ Դարանաղցիի մէկ սուր դիտողութեան, կաթողիկոսանալէ յառաջ, խիստ ճգնողական կեանք մը կ՚ապրէր, ո՛չ միայն ապրուստի կողմէն, այլ նաեւ հագուստի կապուստի կողմէն. - «յառաջ քան զկաթողիկոս լինելն երկաթ ագանէր, եւ յետոյ թուլամորթեցաւ, փոխեաց զգործին եւ զգեստն», կ՚ըսէ Դարանաղցին։ Ճգնաւորական այս խստութիւնը եւ ինքնազրկութիւնը անապատական վաղեմի կեանքէն բխող երեւոյթներ են, եւ ամէնէն յառաջ կ՚արժէ յիշել Յովհաննէս Մկրտչին կերածն ու հագածը։ Մազէ շապիկ հագնողներ շատ էին բովանդակ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ. եւ այս կողմէն ալ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նշանաւոր է Յովհան Օձնեցի։ Քռթենաւորներ, Քրձնազգեացներ անպակաս եղած են Հայոց մէջ. նոյնիսկ Երուսաղէմի բարեյիշատակ պատրիարքներէն Պարոնտէր Գրիգոր կը հագնէր կաշիէ ապա մը, ներքին կողմը երկաթէ գամերով, որ կը պահուէր Ս. Յակոբի Գանձատան մէջ։ Շատ հաւանական է որ Ջուղայեցիին ալ հագածը այսպիսի ապա մը կամ կապայ մը եղած ըլլայ, որպէս զի մարմինը չմեղկանայ քունով, այլ ըլլայ չարքաշ եւ տոկուն։
       Դարանաղցիին քննադատութիւնները, ուղղուած են ժամանակակից դէմքերուն, միշտ արդար չեն . երբեմն ալ խորք չունին ատոնք, եւ մեզ կը թուի թէ այս վերջին տեսակէն է Ջուղայեցի կաթողիկոսին ուղղուածը։ Դարանաղցին, որ Չորուկին կենցաղը ծաղրելի կը գտնէր, Ջուղայեցիին շատ կը տեսնէ թերեւս արտաքին փոփոխութիւն մը անոր հագուստին կապուստին մէջ. թերեւս կ՚ըսենք, որովհետեւ բարոյագիտօրէն խելքի մտքի հակառակ է մտածել որ իր ամբողջ կեանքը անտոնեան ճգնութեան մը խստամբերութիւններով կրթած հոգեւորական մը, մէկ օրէն միւսը, կաթողիկոս եղայ ըսելով թուլամորթութեան տար ինքզինքը։ Այն ատեն՝ Ազարիա պէտք էր ուսուցչութիւնն ալ թողած ըլլար, որովհետեւ նախկին վարժապետներուն իրական առաքինութիւններէն մէկն էր ո՛չ միայն աշակերտին բան սորվեցնել, այլ մա՛նաւանդ իր անձին օրինակով շինել անոնց նկարագիրը։ Հետեւաբար մեզ շատ բանաւոր կը թուի կարծել թէ Ջուղայեցին ներքնապէս պահեց իր խստակրօնութիւնը, ճիշդ Օձնեցիին պէս , որպէս զի կարող ըլլար իր արտաքին ձեւերը պատշաճեցնել իր բարձր պաշտօնին պահանջներուն։ Ասիկա, այժմեան բացատրութեամբ, զուտ կենցաղագիտական խնդիր մըն է։ Եւ Դարանաղցիի քննադատութեան դէմ այս քանի մը դիտողութիւններով ուզեցինք պաշտպանել Ջուղայեցին, ըսելու համար թէ ամենեւին թուլամորթ չէ եղած ան իր պատասխանատուութիւններուն մէջ։
       Անցնինք այժմ իր գործունէութիւններուն։
      
       Բ.
      
       Մէրտինցի Դաւիթի ատեն (1583-1613) Ս. Յակոբ ծանր պարտքերու տակ ճնշուած էր նորէն։ Վանքին նուիրական բոլոր անօթներն ու սպասները, զգեստներն ու արժէքաւոր առարկաները գրաւ դրուած էին արաբ պարտապահանջներու քով, եւ Դարանաղցին, որ Դաւիթի ատեն Երուսաղէմ եկած է, կ՚ըսէ թէ խաչ մը անգամ չէր մնացած Ս. Յակոբի մէջ ։
       Ազարիա՝ Ս. Յակոբը փրկելու համար այս պարտապանի անարգ վիճակէն, Ամիթ գնաց, որուն առաջնորդն էր Ուռֆացի Սրապիոն Եպս. (յետոյ Գրիգոր ԺԳ. Կթղկսն. Էջմիածնայ ), ուր հրաւիրեցին նաեւ Պետրոս Կարկառեցին, որոնց երկուքն ալ, իրենց գիտութեամբ եւ արժանիքով, ջահի պէս կը փայլէին Միջագետքի մէջ։ Հակառակ Դարանաղցիի լռութեան Ամիթի ժողովին ներկայ եղած է նաեւ Գրիգոր Կեսարացին (յետոյ Պատրիարք Կ. Պոլսի ) Մովսէս վարդապետի հետ (յետոյ կաթողիկոս Էջմիածնի ), թերեւս նաեւ Ղուկաս վրդ. (Կեղեցին ?) եւ նոյն ինքն Դաւիթ Մէրտինցին։ Ասոնք խորհրդակցութիւններ կատարեցին Ս. Յակոբի պարտքերուն վճարման ճար մը գտնելու համար, եւ որոշեցին ազգային հանգանակութիւն մը կատարել ուղղակի իրենց հսկողութեանը ներքեւ, եւ դիւրութեան համար չորս շրջանակներու բաժնեցին հանգանակութեան վայրերը ։ Առաջինը՝ Ամիթ, Միջագետք եւ Քիւրտիստան՝ Սրապիոնի. երկրորդը՝ Սեբաստիոյ գաւառը (?) Եւդոկիա, Գաղատիա եւ Հալէպ՝ Ազարիա կաթողիկոսի ըստ Դարանաղցւոյ, բայց ուրիշ յիշատակարանի մը համեմատ Ազարիա գացած է մինչեւ Բաէշ, ըսել է մինչեւ Հայաստանի հարաւային կողմերը. երրորդը՝ Կարնոյ գաւառը, մօտահաս երկիրներով՝ Կարկառեցիին, ըսել է Հայաստանի արեւելեան հիւսիսային կողմերը, եւ Դարանաղցին կ՚ըսէ որ երբ Կարկառեցին «մեր աշխարհն» (Երզնկա, Բաբերդ ) եկաւ, մենք ալ մեր վարժապետին հետ (Սրապիոն Բաբերդցի ) օգնեցինք իրեն մեր կարողութեան չափով։ Իսկ Կ. Պոլիսը Գրիգոր Կեսարացիին։ Սիմոն կաթողիկոս իր ծանօթ թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Ազարիա կաթողիկոսն եւ Պետրոս կաթողիկոսն վասն Երուսաղէմայ պարտուցն գնացին մինչեւ ի Հին Ջուղա » (Արեւ. Մամուլ, 1890, էջ 520)։ Ազարիա բնիկ Ջուղայեցի էր, եւ շատ բնական է որ պիտի երթար իր ծննդավայրը. բայց թէ Պետրոս Կարկառեցին ալ միասին գնաց, ասիկա հաւանական չի թուիր մեզ, քանի որ անոր ուղեգիծը որոշ կերպով մատնանիշ եղած է Դարանաղցիի կողմէն։
       Ժամանակին այս երեք նշանաւոր մտաւորականները, անձամբ եւ իրենց աշակերտներուն օժանդակութեամբ «ժողովեցին բազում եւ անհամար գանձս ոսկոյ եւ արծաթոյ»։
       Դարանաղցին այնպէս մը կը պատմագրէ հանգանակութեան պարագաները որ իբրեւ թէ միայն Ուռհայեցին եւ Կարկառեցին անձամբ շրջան ըրած ըլլան իրենց շրջանակներուն մէջ եւ Ջուղայեցին Ամիթէն վերադարձած ըլլայ Հալէպ եւ հանգանակութիւնը կատարեալ տուած՝ իր աշակերտներուն ձեռքով։
       Բայց Ազարիայի աշակերտներէն Յովհաննէս Անթէպցին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ արձանագրած է յիշատակարանի մը մէջ (Թիւ 133 Ձեռ. Զմմառի վանքին ), որմէ կ՚իմանանք թէ Ազարիա երեք տարի իր Աթոռէն հեռի մնաց, Արեւելքի մէջ հանգանակութիւն ընելու համար «վասն սուրբ Երուսաղէմայ պարտուցն. եւ, ըստ վկայութեան Աջպահ Եփրեմ Կթղս. ի , ուղեկցութեամբ Աջպահ մհտ . Մինասի ։ Իսկ Ս . Յակոբի Մատենադարանին Թիւ 338 Ձեռագրին յիշատակարանը կ՚ըսէ թէ Ազարիա Բաղէշ եկաւ 1600ին ողորմութիւն հաւաքելու եւ Երուսաղէմը ազատելու համար այլազգիներու ձեռքէն ։
       Յովհաննէս Անթէպցին շարունակելով իր պատմութիւնը հանգանակութեան մասին , կ՚ըսէ , ես ալ Սեբաստիոյ մէջ դրամ ժողվեցի եւ 500 կարմիր ոսկի բերի Հալէպ։ Եւ ինչպէս կ՚երեւի Անթէպցիի ըսածներէն , Դաւիթ Մէրտինցին Հալէպ էր այդ միջոցին , Ազարիայի մօտ , անշուշտ կանչուած Ս . Յակոբի պարտուց վճարման մասին կարգադրութիւններ ընելու նպատակով։ Ազարիա 24, 000 մարչիլ կը յանձնէ Անթէպցիին , որ Դաւիթի եւ ուրիշ հաւատարիմ ճարտարախօս անձերու հետ Երուսաղէմ կուգայ , եւ ըստ Դարանաղցիի Շամի գիծով , որու փաշայէն ոստիկան մըն ալ կ՚առնեն իրենց հետ , որպէս զի «ոչ ոք ուժ չառնէ նոցա»։ Պարտատէր շէյխերը կը հաճեցնեն, «զոմանս աղաչելով եւ զոմանս տեղաց (=Երուսաղէմի ) փաշայովն երկեցուցեալ ». ոմանց պահանջը ամբողջովին կը վճարեն, ոմանց պահանջքին կէսը, որոնց գումարը կը յանգի 16, 000 մարչիլի, եւ Ս. Յակոբի բոլոր սպասներն ու զարդերը կ՚ազատեն գրաւէ եւ ուրախութեամբ Զատիկն ալ տօնելով Երուսաղէմի մէջ, կը վերադառնան Հալէպ։
       Դարանաղցին ուրիշ մանրամասնութիւն մըն ալ ունի, որուն համեմատ Անթէպցին Ս. Յակոբի պարտքերը վճարելէ ետքը, վանքն ալ կը մաքրագործէ՝ տուներէն կամ սենեակներէն արտաքսելով Մէրտինցի աշխարհականները, որոնք շատ ատեններէ ի վեր «յորդւոց յորդիս » տիրացած էին այդ սենեակներուն եւ «բազում անօրէնութիւններ » ըրած էին վանքին եւ պատճառ եղած էին ատոր պարտքերուն։
       Ըստ Դարանաղցիի, Անթէպցին մանրամասն հաշուեցոյցը կը պատրաստէ վճարուած պարտքերուն եւ եղած ծախքերուն , նշանակելով «մինչ ի մէկ լումափողսն »։ Նոյն ատեն սխալ կամ խեղաթիւր տեղեկութիւն մըն ալ կուտայ, ըսելով որ Ազարիա միայն հազար ղրշ. յանձնեց Անթէպցիին՝ Երուսաղէմ տանելու համար, մինչ նոյն ինքն Անթէպցին կ՚ըսէ թէ մեզի տրուած գումարէն 16, 000 մարչիլ պարտք վճարեցինք եւ 8, 000 ալ ետ տարինք Հալէպ եւ յանձնեցինք Ազարիային, ըսել է իրենց յանձնուած է 24, 000 մարչիլ։ Անթէպցին 16, 000ը կ՚որակէ «մարչիլ»ով, «որ է ղուռուշ ». իսկ 8, 000ը «ոսկի»ով. իր Սեբաստիայէն բերած 500ին համար ալ ըսաւ վերեւ «կարմիր ոսկի»։
       Ազարիա, քննելով Երուսաղէմի պարտքերուն հաշիւները, զարմացեր եւ պոռացեր է թէ «ո՛րպէս լեալ է այսքան պարտքս»։
       Դարանաղցին դիտել կուտայ թէ Ջուղայեցիին վախճանումէն (1601) ետքը՝ հանգանակութենէն անոր քով մնացած դրամը «անյայտ » ըրին, եւ ոչ ոք չգիտցաւ թէ ի՞նչ եղաւ այդ գումարը։ Տաճիկներու վախէն ձայն ալ չկրցան հանել, եւ թերեւս, կը յարէ, օր մը ինքնին կը յայտնուի։
       Դարանաղցին այս դիտողութիւնը կ՚ընէ ցոյց տալու համար թէ քիչ ետքը Ս. Յակոբ դարձեալ սկսաւ ճնշուիլ Երուսաղէմի «Պարոնին », Դատաւորին եւ Շէյխերուն բռնութեան տակ, եւ Մէրտինցի Դաւիթ, գոհացնելու համար անոնց զօշաքաղութիւնը, նոր նոր պարտքեր ըրաւ, եւ մենք որ, կ՚ըսէ, երկու Զատիկ անցուցինք Երուսաղէմ, եւ 1606ին ալ հո՛ն էինք, ականատես եղանք վանքի տառապանքներուն, որուն ուխտաւորական հասոյթները կտրուած էին, Ճէլալիներուն ասպատակութեան պատճառով, որոնց առջեւ բոլոր երկիրը աւերակ դարձած էր. որովհետեւ անոնք անցան Կարինէն վեր մինչեւ Կարս, Երեւան, եւ Կարինէն վար մինչեւ Կաֆա, Ստամպօլ, Ռումէլի. շատերն ալ գացին Պուղտան, Լեհ, Չեհ։ Այս աւազակներու եւ սպանիչներու վախէն ոչ ոք դուրս կ՚ելլէր իր տեղէն. հետեւաբար, ըսել կ՚ուզէ, «ողորմութիւն » ժողվելու նպատակով Երուսաղէմէն ճամբայ ելլող մը՝ չէ՛ր կրնար Հալէպէն անդին անցնիլ։ Ս . Յակոբին գանձանակները վերցուած էին ամէն տեղ. եւ ուխտաւորութիւնը, որ յառաջ ջուրի պէս կը հոսէր կուգար Երուսաղէմ, հիմայ կտրուած էր բոլորովին, եւ փոխանակ Երուսաղէմ գալու, ժողովուրդը իրենց մօտիկ ուխտատեղիները կ՚երթային։
       Դեռ աւելին կայ։ Անթէպցին կը պատմէ որ երբ Ազարիա կթղ. հանգանակութեան պատճառով բացակայ էր իր աթոռէն, 1600ին, Առաջաւորաց պահոց ՇԲ. օրը, Ս. Սարգսի տօնին, Սաթուրճի կոչուած ձորապետը, անշուշտ Ճէլալիներէն, Սիս եկաւ, զսպելու համար Սօղթաներու ապստամբութիւնը, որոնց գլուխը կեցած էր Մոհդիօղլուն, որոնք կ՚ուզէին տիրապետել Սիսի վրայ։ Սաթուրճին եկած էր Անթէպէն ուղղակի Սաւռիոյ վրայ, սպաննած էր տեղւոյն «պարոն»ը, այնպէս որ երբ Սիս հասաւ ան՝ ապստամբները փախան. անոնց հետեւեցան Սիսի իսլամ բնակիչներն ալ, թողլով իրենց ինչքներն ու ստացուածները։ հՀյեր թէեւ չփախան եւ անձի կորուստ չունեցան, բայց անոնք ալ կողոպտուեցան, նոյնիսկ Սուրբ Լուսաւորչի գանձին թանկագին անօթները եւ զարդեղէնները, որոնք թաքստեան պահարաններու մէջ էին, երեւան հանուեցան այդ «չարադէմ գազաններու » կողմէն եւ կողոպտուեցան։ Միայն Սուրբ Աջերը, Աջպահ Մինաս եւ իր եղբօրորդին Տէր Ղազար Քահանայ, մեծ ճարպիկութեամբ փախցուցին եւ տարին Ատանա։
       Ասիկա աղօտ մէկ պատկերն է ԺԶրդ դարու քաղաքական կացութեան Անատօլուի կամ Փոքր Ասիոյ մէջ, ժամանակակից ու ականատես Անթէպցիի գրչէն, որ դեռ իր կաթողիկոսութեան ընթացքին՝ Սիսի վրայ Դաւիլի յարձակումին պատմութիւնն ալ պիտի ընէ մեզի։
       Այսպիսի դժնդակ պայմաններու մէջ է որ Ազարիա Կաթողիկոս, կրցաւ ազատել Ս. Յակոբը իր ծանր պարտքերէն։
       Ըստ Սաւալանի (էջ 663-64), Ս. Յակոբ այնքան կը ճնշուէր պարտքի տակ որ Դաւիթ Պտրք. իր բոլոր միջոցները սպասելէ ետքը, պարտապահանջներու ձեռքէն խոյս կուտայ եւ կ՚երթայ Ուռֆա (?), Սրապիոն եպսի . քով։
       Իսկ Ազարիա 1600ին անձամբ կու գայ Երուսաղէմ, քննելու համար կացութիւնը, կը վերադառնայ Հալէպ, անկից շիտակ կ՚երթայ Ամիթ, ուր կը հրաւիրուի Կարկառեցին, որ կ՚երթայ իր աշակերտներով, (մնացածը ըստ Դարանաղցւոյն)։
       -1608 ին Մեծն Բարսեղ եպս. Բաղիշեցի կուգայ Երուսաղէմ. կը տեսնէ Ս. Յակոբի տառապանքը, կը վերադառնայ Բաղէշ, անկից կ՚անցնի Վան , եւ Վարագի Առաջնորդ Արահու կոչուած Մարտիրոս վրդի. հետ կը խորհրդակցին եւ անոնք ալ հանգանակութեան կ՚ելլեն Վան գաւառին մէջ։
       Բաղէշցի Խոճայ Կարապետ եօթը բեռ արծաթ կուտայ, ուրիշներ ալ անոր հետեւելով 2 կամ 1 բեռ կուտան. Վանեցիք շատ դրամ կուտան. եւ երեւելի հայեր կը միանան երկու Բարսեղի եւ Մարտիրոսի, կուգան Ուրֆա, Ամիթ, այդ տեղեր ալ կը հանգանակեն եւ կու գան Հալէպ, ուր Ջուղայեցի վաճառականներ ալ կուտան եւ անոնցմէ ալ շատեր կը միանան կարաւանին եւ մեծ բազմութեամբ կուգան Երուսաղէմ. կառավարութեան օգնութեամբ կը հրաւիրեն պարտապահանջները, կը վճարեն պարտքերը, կ՚ազատեն գրաւները, եւ անկից զատ ինչ ինչ նորոգութիւներ ալ ընել կուտան Ս. Յակոբի եւ Ս. Յարութեան վերնատան մէջ։
       Կը հրաժարեցնեն Դաւիթը 1611ին, եւ գործը կը յանձնեն Պարոնտէրին, ձեռնադրել տալով զայն վարդապետ (Սաւալան, էջ 667-69)։
       Պարոնտէր եպս. կը ձեռնադրուի Ս. Յակոբի մէջ Աւետիք կթղսի. ձեռքով 1612-13ին (էջ 674-75)։
       Կեսարացիին Երուսաղէմ գալը Մովսէս վրդի. հետ 1610ին (Սաւալան, էջ 675)։
       Հի՛ն է Երուսաղէմի պարտքերուն պատմութիւնը. առաջին պատմական յիշատակութեան կը հանդիպինք ԺԴրդ դարուն, երբ դեռ չէր վերահաստատուած Էջմիածնի Աթոռը. մենք տեսանք արդէն որ Մուսաբէկեան, Եւդոկացին, Թլկուրանցին, ասոնք յիշատակուածներն են, իւրաքանչիւրը իր ժամանակին, աշխատեցաւ Ս. Յակոբի պարտքերը վճարելու, սրբազան գրաւները ազատելու եւ անոր պէտքերը հոգալու համար։
       Ս. Յակոբը, ժողովրդական բացատրութեամբ, «կթան կովն » էր Երուսաղէմի պաշտօնական անձերուն, մոլեռանդ շէյխերուն եւ բոլոր բռնաւորներուն, որոնք մակաբոյծներու պէս փակչած Ս. Յակոբի կշտին, կ՚սպառէին անոր կենսական հոյզը հազար տեսակ պատրուակներով, որոնց գլխաւորն էր Հայոց միջեկեղեցական իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։ Բայց պէտք է դիտել որ այս մակաբոյծներ միեւնոյն կերպով փակչած էին Հայոց մրցորդ յարանուանութեանց ալ, եւ այսպէս ամէն կողմէ կը ծծէին։ Այս է լուսաբանութիւնը այն երեւոյթին, զոր մատնանիշ կ՚ընէ Դարանաղցին թէ Մէրտինցի Դաւիթ դարձեալ պարտքեր ըրաւ, որովհետեւ Ս. Յակոբ նորէն կը ճզմուէր ծանր պարտքերու տակ 1606ին, Անթէպցիին ըրած մաքրագործութենէն հազիւ հինգ տարի ետքը։ Ասիկա ցոյց կուտայ թէ հարստահարիչներ անգամ մը կշտանալէ ետքը թոյլ կուտան որ Ս. Յակոբ քիչ մը շունչ առնէ, սանկ քանի մը տարի, եւ դարձեալ կ՚անօթենան եւ նորէն կ՚սկսին ուզել, նեղել, եւ Ս. Յակոբին վարիչները կը ստիպուին նոր նոր պարտքերու տակ մտնել անօթի գազանները կշտացնելու համար. «Յոռի շրջան » մը, որուն մէջ դարերով խարբալուած է Ս . Յակոբ։
       Երուսաղէմի պարտուց յաճախման պատճառներէն մէկն ալ Կ. Պոլսի կեդրոնական կառավարութեան զօշաքաղութիւնն էր։ Ամէն անգամ որ նոր Սուլթան մը գահակալէր, պէտք էր որ հպատակ ժողովուրդներ վերանորոգել ու վերահաստատել տային իրենց առանձնաշնորհմանց հրովարտակները՝ վճարելով սովորական դարձած ծանր ծախքերը։ Դարձեալ կեդրոնի կառավարութիւնը մրցակից յարանուանութեանց իրաւունքներուն ֆէրմանները կաշառով կը փոխէր, մէկուն իրաւունքը շնորհելով միւսին. այնպէս որ, զոր օրինակ, Երուսաղէմի հայ եւ յոյն պատրիարքարաններուն մէջ իրարու իրաւունքները փոխադարձաբար ջնջող ֆէրմաններ կան։ Այս ֆէրմանները ձեռք բերելու միջոցն էր մրցակցին կամ հակառակորդին տուածէն աւելին տալ։ Մրցակից կողմեր այս խոշոր եւ գրեթէ տեւական ծախքերը հոգալու համար շատ անգամ ստիպուած էին պարտք ընել բարձր տոկոսներով, որոնք չէին կրնար հատուցանել տրուած պայմանաժամին, եւ այնպէս տոկոս տոկոսի վրայ բարդուելով կ՚ուռեցնէին պարտքին քանակը։
      
       Գ.
       Ազարիայի կաթողիկոսութեան միւս հետաքրքրական կողմն է իր մշակած յարաբերութիւնը Հռոմի հետ։ Այս յարաբերութիւնը, տեսանք արդէն , մշակուած էր Խաչատուր Բ. ի ատեն ալ, որուն գործակիցն էր Ազարիա, եւ ինքն շարունակեց ծերունի կաթողիկոսին օրով սկսուած այս գործը։
       Փլորենտիոյ (Florence) ժողովքին (1439, Փետր . ) առթիւ բոլոր Արեւելքի եկեղեցիները հրաւիրուած էին միութեան։ Հայոց Եկեղեցին ալ, պատասխանելով իրեն եղած հրաւէրին Վահկացի Կոստանդին Կաթողիկոսի ատեն (1430 - †1439, Ապրիլ ), ղրկած է իր ներկայացուցիչները Փլորենտիա, որոնք սակայն չկրցան հասնիլ ժողովի նիստերուն։
       Եւրոպայի մէջ Վիքլիֆի եւ Հուսի բարեկարգական շարժումները շատոնց սկսած էին մտահոգ ընել Հռոմի եկեղեցին։ Հուսի արիական ողջակիզումը հաւատաքննական խարոյկին վրայ, սարսած էր Կեդրոնական Եւրոպայի «կաթոլիկ » խղճմտանքը։ Հռոմի եկեղեցին պետք էր որ ուժաւորուէր, եւ այս ուժը կ՚ուզէր գտնել Արեւելքի եկեղեցիներուն հետ միութեան մէջ։ Պէտք է սակայն գիտնալ որ շա՛տ հին էր այս ծրագիրը Հռոմի Եկեղեցւոյն համար. ծրագիր մը որ մշակուած է այլեւայլ ուղղութեամբ, բայց միշտ անյաջող մնացած է, դուզնաքեայ արդիւնքներ միայն տալով։
       Իսկ ԺԶ. րդ դարուն մէջ այդ ծրագիրը նորէն ձեռք առնուեցաւ գործադրելու համար ո՛չ միայն Փլորենտիոյ ժողովին կողմէն տրուած որոշումը Արեւելքի եկեղեցիները Հռոմի միացնելու մասին, այլ նաեւ դարմանելու համար այն վէրքերը, որ բացուած էին Հռոմի եկեղեցւոյն կողերուն վրայ, Լուտերի (1483-1546) յառաջ բերած բարեկարգական շարժումին հետեւանքով ։
       Գրիգոր ԺԳ. պապ, Նոր Տոմարին հեղինակը (1572-1585), լրջօրէն ձեռք առած էր Արեւելքի եկեղեցիները Հռոմի միացնելու ծրագիրը, եւ Հայոց վրայ պաշտպան կարգած էր Յուլիոս-Անտոնիոս Սանսէվէրինօ կարտինալը (di San-Severino), միութեան գործը ի գլուխ հանելու համար. միւս կողմէն Սիդոնի Լէոնարդոյ Աբէլ եպիսկոպոսը, գիտնական եւ արաբագէտ գործիչ մը, պապական նուիրակ կարգուած էր Արեւելքի (1583), որպէս զի ուղղակի տեղւոյն վրայ յարաբերութեան մէջ մտնէ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերուն հետ եւ ի գլուխ հանէ միութեան գործը։
       Լէոնարդոյ նախ եկաւ Կիլիկիայ, Սիսի եւ Հալէպի մէջ տեսակցեցաւ Խաչատուր Բ. եւ Ազարիա Ջուղայեցի կաթողիկոսներու եւ ուրիշ եպիսկոպոսներու եւ աշխարհական երեւելիներու հետ։ Տեսակցեցաւ նաեւ Յակոբիկ ասորի եկեղեցւոյ պետերուն հետ, եւ երկու տեղեկագիր ղրկեց Հռոմ, մէկը Ասորի եկեղեցւոյն, իսկ միւսը Հայոց հետ ունեցած իր տեսակցութեանց եւ բանակցութեանց մասին։ Եւ որովհետեւ Գրիգոր ԺԳ . վախճանած էր այդ միջոցին, Լէոնարդոյ իր տեղեկագիրը ուղղեց անոր յաջորդ Սիքստոս Ե. ի (1585-1590)։ Հայոց մասին ղրկած տեղեկագիրը կը կրէ 1587 Ապրիլ 19 թուականը ։
       Խաչատուր Բ. ի եւ Ջուղայեցիին կաթողիկոսութեան ժամանակները կ՚ընդգրկեն 1560-1601, կլոր թիւով 40 տարիներու միջոց մը , եւ այդ միջոցին Էջմիածնի երեք կաթողիկոսներն ալ, Ստեփանոս Ե. Սալմաստցի (1545-1567) - որ երեք աթոռակից ունէր, Միքայէլ Սեբաստացի, Բարսեղ Գ. եւ Գրիգոր ԺԲ. - եւ Միքայէլ Ա. Սեբաստացի (1567-1576) - որ մէկ աթոռակից ունէր՝ Ստեփանոս Զ. Առնջեցի - եւ Գրիգոր ԺԲ. Վաղարշապատցի (15761590) - որ երկու աթոռակից ունէր՝ Թադէոս Բ. եւ Առաքել Ա ., ուղղակի յարաբերութիւններ կը մշակէին Հռոմի հետ։ Այս միջոցին է նաեւ որ Աբգար Եւդոկացին եւ իր որդին Սուլթանշահ՝ Վենետիկ եւ Հռոմ կը թափառէին, տպագրական արուեստը Հայոց մէջ զարգացնելու պատրուակին տակ, դարմաններ մը գտնելու հայ ժողովուրդին քաղաքական կացութիւնը բարւոքելու ծրագրով։ Այս նպատակո՛վ էր նաեւ որ ինքն Ստեփանոս Սալմաստցին անձամբ գնաց Կ. Պոլիս, Հռոմ (1550), Պօղոս Գ. եւ Յուլիոս Գ. պապերու ատեն, անկից անցաւ Գերմանիա՝ Կարոլոս Ե. կայսեր համակրութիւնը եւ օգնութիւնը ապահովելու համար Հայոց նկատմամբ, յետոյ գնաց Լեհաստան՝ Սիկիսմոնդ Բ. ի հետ տեսակցելու եւ այցելելու միանգամայն Լեհաստանի հայ գաղութին եւ վերադարձաւ Էջմիածին Կաֆայի ճամբով (1551)։ Իսկ իր աթոռակիցն ու յաջորդը, Միքայէլ Սեբաստացին էր որ միեւնոյն նպատակով ճամբորդեց, գնաց Սեբաստիա (1562), ժողովներ գումարեց, խորհրդակցութիւններ կատարեց եւ Եւդոկացի Աբգարը ղրկեց Հռոմ (1563)։ Անկից ետքը Թադէոս Կաթողիկոսն գնաց Արեւմուտք (1576-7), եւ դեռ ուրիշ կաթողիկոսներ։
       Իսկ պապական նուիրակ Լէոնարդոյ, որ արեւելքի քաղաքական վրդովմունքներուն պատճառով չկրցաւ երթալ Էջմիածին, թղթակցութեամբ կը մշակէր իր յարաբերութիւնը Գրիգոր ԺԲ. ի աթոռակից Առաքել Ա. ի հետ։
       Պապերու հետ այս բոլոր յարաբերութիւններուն նպատակը շատ պարզ էր. այսինքն մերձենալ Հռոմի եկեղեցւոյն, ամէն հնարաւոր զիջումներն ընելով, եւ ատոր փոխարէն քաղաքական շահ մը ապահովել հայ ժողովուրդի օգտին, որ հաւասարապէս կը հարստահարուէր թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։
       Հռոմ կը շահագործէր հայ ժողովուրդին այս հարստահարեալ կացութիւնը եւ Հայց. Եկեղեցւոյ միացումը պայման կը դնէր, իրմէ ակնկալուած օգնութիւնները շնորհելու համար. օգնութիւններ, որ անշուշտ չափազանցօրէն կը գնահատուէին տառապեալ ժողովուրդի մը առաջնորդներուն երեւակայութեանը մէջ։
       Լէոնարդոյ շատ յստակ բառերով բանաձեւած է հայ ժողովուրդին այս հոգեբանութիւնը իր տեղեկագրին մէջ. - Բոլոր հայեր կ՚ըսեն մեզի. «Ազատեցէ՛ք մեզ այս հարստահարութենէն որուն տակ կ՚ապրինք, այն ատեն մենք լատին (կաթոլիկ ) կ՚ըլլանք. այն ատեն դուք տէրը կ՚ըլլաք մեր մարմինին եւ հոգիին, եւ ինչ որ կը հրամայէ՛ք կ՚ընենք այն ատեն»։
       Շա՛տ պերճախօս է հարստահարեալ հայութեան այս յայտարարութիւնը, եւ այսչափը հերիք է պայծառ լոյս մը սփռելու Հայոց կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ հայ ժողովուրդին դէպի Հռոմ յարումներուն եւ մերձեցումներուն պատմական գաղտնիքները պարզելու համար։
       Դժբախտաբար այս խնդիրներուն վրայ գրողները, Չամիչեանէն սկսեալ մինչեւ Պալճեան եւ մինչեւ Գալէմքեարեան, Հայոց Հռոմի հետ մշակած յարաբերութիւնները եւ մերձեցումները դիտած են միայն կաթոլիկութեան անկիւնէն, ծանօթ ըլլալով հանդերձ Լէոնարդոյի տեղեկագրին, եւ ուզած են անտես ընել պատմական ճշմարտութիւնը։
       Հոս չենք ուզեր զբաղիլ այդ գրուածներուն քննադատութեամբ եւ հերքումով։ Լէոնարդոյի տեղեկագիրը բաւական է պատմական ճշմարտութիւնը երեւան բերելու համար։ Կը փութանք միայն ըսել որ Խաչատուր Բ. եւ Ջուղայեցին, այո՛, յարաբերութիւններ մշակեցին Հռոմի հետ, նամակներ գրեցին, դաւանաբանական խնդիրներու մէջ ըրին հնարաւոր զիջումները, ո՛չ թէ Հռոմի եկեղեցւոյն ուղղափառութեան նոր ապացոյցներ տալու համար, այլ պարզապէս իրենց ժողովուրդին քաղաքական կացութիւնը բարւոքելու համար, եւ Հռոմի հմայիչ անուան ու զօրութեան հրաշքները տեսնելու յոյսերով։
       Խաչատուր Բ. ի եւ Ջուղայեցիի կողմէն Հռոմ ուղղուած գրութիւններ պահուած են Վատիկանի մատենադարանին մէջ ։ Խաչատուր Բ. ի կողմէն ուղղուած երկու գրութիւնները, զոր Ազարիա ալ ստորագրած է, նշանակեցինք արդէն։ Այդ երկու գրութիւններ թուական չունին։ Իսկ Ազարիայէն մնացած հինգ գրութիւններ կը կրեն 1585 Ապրիլ 10 եւ Մայիս 10 թուականները. ըսել է Ազարիայի կաթողիկոսութեան սկիզբները եւ Լէոնարդոյի հետ տեղի ունեցած տեսակցութեանց առթիւ։
       Պէ՛տք է դիտել որ Ազարիա կթղի. վերագրեալ վաւերագիրներէն մէկը անվաւեր է, նենգով դարբնուած կեղծագրութիւն մը պարզապէս, որուն պատմութիւնը կ՚ընէ Դարանաղցին ։
       -Յովհաննէս կամ Յովիկ վրդ. Բաղիշեցի երբ Հռոմ կ՚երթայ իբրեւ ուխտաւոր, յոբելինական տօնին առթիւ, վէճի կը բռնուի Վատիկանի մէջ, Քաղկեդոնի ժողովին շուրջ, ըսելով թէ Հայց. Եկեղեցին այդ ժողովը չէ ընդունած ոեւէ ատեն։ Ասոր իբրեւ պատասխան՝ կը բերեն Յովիկի առջեւ կը դնեն «Մեծ տումարագիր մը հաւատոց Քաղկեդոնական կանոնաց գրեալ եւ կնքեալ յանուն Ազարիա կաթողիկոսին»։ Յովիկ կը բողոքէ այդ գրութեան դէմ, յայտարարելով համարձակ՝ թէ «ոչ է այդ չարութիւնդ մեր կաթողիկոսին , այլ ոմանց թերահաւատից եւ ո՛չ կատարեալ գիտնոց»։ Վատիկանի մարդոց շատ ծանր կուգայ Յովիկին հերքումը եւ կ՚որոշեն հաւատաքննութեան ենթարկել հայ վարդապետը, բայց ան կ՚զգայ իր գլխուն գալիքը, եւ հետեւաբար, ծպտած իբրեւ վաճառական, կը փախչի Հռոմէն։
       Այս դէպքին վրայ Հայց. Եկեղեցւոյ վարդապետները շատ կը մեղադրեն Ազարիա կաթողիկոսը, այդպիսի «հաւանական գիր » մը ղրկելուն համար Հռոմ։ Սակայն Ազարիա ծանր երդումներով կը յաջողի համոզել զինքն մեղադրողները թէ ինքն այդպէս գիր մը չէ ղրկած։ Վերջապէս քննութեամբ երեւան կը հանուի թէ «ոմն Ղազար եպիսկոպոս Հալէպցի », զոր «չարածեր, չարահնար, վատշուեր, թուլամորթ եւ անարգամիտ » ստորոգելիներով կը փառաւորէ Դարանաղցին, կ՚իյնայ ֆռանկ եպիսկոպոսի մը ծուղակին մէջ , Ազարիայի անունով կը կեղծագրեն այդ դաւանութիւնը եւ գողնալով կաթողիկոսին կնիքը, կը վաւերացնեն զայն։ Պէտք է դիտել որ Ազարիա կթղին. կնիքը չկայ այդ կեղծ գրութեան ներքեւ, հակառակ այդ գրութեան վերջը Ազարիային բերանը դրուած խօսքերուն եւ Ղազար եպսի. հաւաստումին, այլ միայն Ազարիա կաթողիկոսին պաշտօնական կնիքը զարնուած է այդ «բնագիր (?) դաւանութեան ամէն էջերուն տակը » (Պալճեան, էջ 308), այսինքն կաթողիկոսին պաշտօնական կնիքը, որու գրուածն է ըստ Պալճեանի արտագրութեան «Այ . ծառայ Տէր Ազարիա Կաթողիկ . Հայոց , Պատր . Եղմի»։
       Այս կնիքը կը գողնայ նոյն ինքն Ղազար չեպիսկոպոսն, որ իբրեւ Ազարիային ժամասացն ու քոխեան (քէհեա=գործակատար ), վերակացուն էր Հալէպի կաթողիկոսարանին եւ կը վայելէր կաթողիկոսին վստահութիւնը։ Ղազար եպիսկոպոսին դաւակցեր է Ղօփուզ մականունով հայ եպիսկոպոս մը, Բաղէշի կողմերէն, որ Ֆռանկստան (Իտալիա ) գացած եւ լեզու (իտալերէն ) սորված ըլլալով, թարգմանի պաշտօն կը կատարէ եղեր կաթողիկոսին եւ կեղծագիրը դարբնող Ֆռանկ եպսի. միջեւ։ Այս երեք եպիսկոպոսներն են որ գործեցին այդ «մեծ անօրէնութիւնը » եւ պատճառ եղան հռոմէացիներուն եւ հայ գիտնականներուն միջեւ խռովութիւն յուզելու (Դրնղցի. Ժմնկր. էջ 378-381)։
       Դարանաղցիի յիշած «ոմն Ղազար եպս. Հալէպցի » Հալէպի առաջնորդ Ղազար եպսն. է, որ ինչպէս իր խօսքերն ալ կը մատնեն, Ազարիայի Հալէպէն բացակայ գտնուած մէկ ատեն կը կեղծեն այս գիրը , որ լատիներէն գրուած է, այսինքն ինչ որ Լէոնարդոյ ուզած է գրել, եւ «Գրիգոր սարկաւագ հայոց Հալպա » կաթողիկոսին հրամանով հայերէնի թարգմանած է զայն եւ գրած «հաւատարմութեամբ » ուղղակի Լէոնարդոյ եպիսկոպոսին լատիներէն ու արաբերէն բացատրութեան համեմատ. - «Թարգմանեցի եւ գրեցի հաւատարմութեամբ, ո՛րչափ որ կարացի եւ գիտացայ զայս դաւանութիւն սուրբ հաւատոյ ի Հայոց լեզու ի պատմութենէ զոր արար ինձ Տէր Եպիսկոպոս Սիդովնի , ի ֆրանկի եւ յարապի լեզուէ եւ ես գրեցի հայերէն» (Պալճեան, էջ 307)։
       Եթէ այս թուղթն է Ջուղայեցիի անունով կեղծուածը, որուն պատմութիւնը կ՚ընէ Դարանաղցին, ինչպէս որ պիտի տեսնենք Ջուղայեցին յարգանօք կ՚ընդունի զայն եւ կը կարդայ Հալէպի մէջ ժողովի մը առջեւ, որուն մասնակցած են թէ՛ եկեղեցականութիւնը եւ թէ՛ ժողովուրդը։ Կամ ասկից տարբեր թուղթ մըն է կեղծուածը եւ կամ թիւրիմացութիւն մը կայ այս թուղթին շուրջ, որուն արձագանգը պահուած է Դարանաղցիի պատմութեան մէջ։ Միայն կարեւոր կէտ մը կայ զոր կարելի չէ վրիպեցնել դիտողութենէ։ Գրիգոր սարկաւագին թարգմանած դաւանագիրը չէ ստորագրուած եպիսկոպոսներէ եւ իշխաններէ. մինչ Ջուղայեցիին ինքնագիր թուղթը ստորագրուած եւ կնքուած է ինչպէս Ազարիայի նոյնպէս եպիսկոպոսներու եւ ժողովրդեան ներկայացուցիչներու կողմէն։
       Ինչպէս կ՚երեւի՝ Ջուղայեցին ինքնագլուխ չէ ըրած իր յարաբերութիւնները Հռոմի հետ , այլ ժողովով կամ խորհրդակցութեամբ։ Յովհաննէս Սեբաստացի՝ Սեբաստիոյ առաջնորդներէն Մինաս Բ. ի (1578-1589) մասին գրելու ատեն կ՚ըսէ. - «Զկնի վախճանի Յակոբայ արքեպիսկոպոսին, յաջորդեաց ի տեղի նորին Սեբաստացի Մինաս արքեպիսկոպոսն. այր իմաստուն եւ հանճարաւոր. յաւուրս սորա Ջուղայեցի Զաքարիա կաթողիկոսն Սսոյ արար Ժողով ի Բերիա. ի ժողովոյ հարց անտի մինն էր սա » (Դիւան Հայոց Պատմութեան, Գիրք Գ. Մանր Պատմագիրք, էջ 397)։
       Կղեմէս Կալանոս կը յիշատակէ դաւանագիր մը զոր Ջուղայեցիէն զատ ստորագրած են նաեւ չորս եպիսկոպոսներ, այսինքն «Յովհաննէս եպիսկոպոսն Զեթունոյ, Մարտիրոս եպիսկոպոսն Աշոցի, Յովհաննէս եպիսկոպոսն Հալպայ եւ Մինաս եպիսկոպոսն Սեբաստիոյ » (Միբնթին Հայոց Սուրբ Եկեղեցւոյն ընդ մեծի սուրբ եկեղեցւոյ Հռոմայ, Երկրորդ Հատորին Մասն Առաջին, էջ 397, հմմտ. էջ 173)։
       Պալճեանի հրատարակած գրութիւնը ստորագրած են Մարտիրոս եպիսկոպոս Աշոտու, Յովհանէս եպիսկոպոս Զեթունի, Ղազար եպիսկոպոս Հալպայ, Սսոյ երկու աթոռակալներ, Մըսըր շահ իշխան, Լիպարիտ իշխան, դարձեալ աթոռակալ մը՝ Յանուշ իշխան, ինչպէս նաեւ Մղտսի Պուտախ Ղարիպի աղա իշխան Սիսա եւ Տէր Յովհաննէս ի Հալպա (Պալճեան, էջ 313)։
       Պալճեանի եւ Կղմ. Կալանոսի ցուցակին մէջ միայն Զեթունի եւ Աշոցի (Աշոտի ) եպիսկոպոսներուն անունները նոյն են։ Ի՞նչ է պատճառը անուններու այս տարբերութեան. Պալճեանի հրատարակածէն տարբեր գրութի՞ւն մը ունէր արդեօք Կ. Կալանոս իր աչքին առջեւ։ Չենք գիտեր։ Մեր պատմութեան համար, անգամ մըն ալ դիտել տանք, կարեւորը սա է որ Ազարիա ինքնագլուխ չէ գործած Հռոմի հետ յարաբերութիւն մշակելու ատեն։ Ազարիա իր երկրորդ գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «եւ մինչ էաք ի Հալապ յետի անգամս եւ ճորովեալ եղաք վասն այլ ուրիշ կռուոյ եւ մեր ազգի մէջն , նա այս ասացեալ մեր եղբայրն Սիդոնեայ եպիսկոպոսն եբեր առաջի մեզ զդաւանութիւնն սուրբ հաւատոյ թարգմանեալ ձեռամբ սիրական որդւոյն մերոյ սարկաւագ Գրիգոր ի Հայոց գիր եւ ի լեզու եւ քաջութեամբ ասացեալ պարոն տիրոջն եւ զի ասացեալ դաւանութիւնն է ուղարկեալ ի քո սրբութենէդ□ ընկալաք ի վերայ մեր աչացն եւ գլխոյն եւ կարդացաք առաջի մեր եպիսկոպոսացն եւ քահանայիցն եւ ժողովրդոյն ի Հալապ եւ ի Սիս եւ ձեռնագրեցաք եւ մուհրեցաք մեր մուհրովն կաթողիկոսութեան» եւայլն (Պալճեան, էջ 311)։
       Ասիկա նկարագրութիւնն է ժողովի մը, որուն մասնակցած են թէ՛ եկեղեցականներ եւ թէ՛ աշխարհականներ։
       Օրմանեան Սրբազան, որ իր Ազգապատումին Բ. Մասը գրելու ատեն չէ տեսած Դարանաղցիի ժամանակագրութեան Ձեռագիրը կամ Տպագիրը, մեծ անիրաւութիւն ըրած է Ազարիային, քննադատելով զայն, իբրեւ կաթոլիկացած մէկը, եւ նոյն իսկ անոր տարի մը բացակայութիւնը իր Աթոռէն, Կ. Պոլիս երթալուն եւ պատրիարք ըլլալուն եւ Տիրատուր ու Յովհաննէս եպիսկոպոսներուն անոր աթոռը յափշտակելուն պատմութիւնը կապելով Ազարիայի կաթոլիկութեան (?), եւ վերջապէս այդ յափշտակիչ Յովհաննէսը շփոթելով Ազարիայի հաւատարիմ աշակերտ Յովհաննէս Անթէպցիին հետ, եւ այլն, որոնց վրայ պիտի խօսինք եւ նոյն իսկ Ազարիայի տապանագրին մէջ «Թող զյանցանս Տէր Ազարիա կաթողիկոսին», բառերը նշանակալից ակնարկութիւն մը կարծելով «Առաջին անգամ տկարանալուն » (Ազգապատում, էջ 2284)։ Բայց Օրմանեան երբ կը տեսնէ հոս, Երուսաղէմի մէջ, Դարանաղցիի գործը, որու սկիզբը դրուած է հրատարակչին ուղղուած իր 1914 Դեկտ. 15/28 թուակիր նամակն ալ, կը փոխէ իր կարծիքը եւ ետ կ՚առնէ իր գրածները Ազարիայի մասին. եւ մենք Օրմանեան Սրբազանի այս արտայայտութիւնը արձանագրած ենք Ազգապատումի Գ. Մասին Յաւելուածներուն վերջը (էջ 5531-32), եւ հետեւաբար հոս պէտք չենք տեսներ սրբագրելու Օրմանեանի իր Ազգապատումին մէջ Ազարիայի մասին գրածները, այլ դիտել կուտանք թէ հիմնուելով նոր վաւերագիրներու վրայ, որոնց կը հետեւինք մենք, պէտք է նորէն գրել Ազգապատումին 1575-1579 հինգ հատուածները, պատմութեան իրաւունքը յարգելու եւ Ազարիա Ջուղայեցիին իբրեւ ուղղափառ եւ հաւատարիմ վարդապետ Հայց. Եկեղեցւոյ, իրեն արժանի տեղը տալու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին վրայ. որովհետեւ հակառակ Օրմանեանի ժխտումին, Ազարիա, իր ժամանակին իբրեւ ամէնէն ուսեալ վարդապետներէն մէկը եւ առաջինը, ներկայացուցիչն է Հայց. Եկեղեցւոյ, եւ իրաւունք ունէր խօսելու, եւ որովհետեւ այդ դարուն մէջ, որուն դէմքերն ու դէպքերը կը ներկայացնենք, վարդապետը իր իրական հեղինակութեան մէջ էր դեռ. դարձեալ՝ Ազարիա եկեղեցւոյ հայրապետն է ա՛յնչափ որչափ իրեն ժամանակակից եւ Հռոմի հետ յարաբերութիւն մշակող Էջմիածնի կաթողիկոսներն ու անոնց աթոռակիցները (Հմմտ. Ազգապատում, էջ 2282-83)։
       Թող որ Ազարիա, Հռոմի հետ իր մշակած յարաբերութեանց մէջ, շատ զգուշաւոր եղած է եւ միայն աշխատած է օգտուիլ ոեւէ կերպով պապական իշխանութեան ճոխութենէն եւ դիւրութիւններէն, ինչպէս որ կը տեսնուի իր վաւերական մէկ գրութենէն, զոր ուղղած է Գրիգոր ԺԳ. պապի, եւ զոր կը խտացնենք հոս.
       -Սովորական եւ անուշ-լեզու մեծարանքներէն ետքը կ՚ըսէ. տարի մը յառաջ Լէոնարդոյ Եպիսկոպոս Սիս եկաւ, Խաչատուր կթղին. մօտ, որուն ընդհանուր փոխանորդն էի ես եւ օգնականը. այն ատեն որոշած էի ուխտի երթալ Հռոմ եւ այդ առթիւ «հնազանդութիւն » յայտնել մեր կաթողիկոսութեան կողմէն առաքելական աթոռիդ, բայց յիշեալ կթղին. մահը եւ չարաչար աշխատանքներ վրայ հասան, կաթողիկոսութիւնը ակամայ ստանձնեցի, եւ չկրցայ կատարել ուխտս, եւ ստիպուեցայ իմ տեղս ձեզի ղրկել Յովհաննէս եպսը. (=Անթէպցին ) հասկացող, քարոզող , պզտիկուց ճգնաւոր, որ այս իմ ձեռագիր թղթով ձեզի մատուցանէ մեր խոնարհ հնազանդութիւնը Հռոմի եկեղեցւոյն եւ ձեր առաքելական օրհնութւինն ու հաստատութիւնն խնդրէ մեր կաթողիկոսութեան վրայ։
       Ձեր սրբութիւնը թող չզարմանայ թէ ինչո՞ւ համար մեր նախնիք այս պարտքը չեն կատարած, որովհետեւ (քաղաքական ) կռիւը եւ հեռաւորութիւնը արգելք եղած են. մենք հպատակ ենք, կը նմանինք այգիի մը որ ցրուած է պարիսպ ու պարհնորդ չունենալուն. գայլերու մէջ ինկած ոչխարի եւ առիւծներու մէջ ինկած գառնուկի մը պէս ենք. ամէնքս ալ գերի եղած ենք անգութ տէրերու, որոնք «վասն մեղաց մերոց » ամէն օր կը տանջեն ու կը չարչարեն մեզ ագահութեամբ, բնաւ չեն կշտանար, եւ որովհետեւ աղքատ եւ տնանկ ենք, առանց վախի եւ փորձանքի չենք կրնար շարժիլ մեր տեղէն։
       Դաշանց թուղթին ակնարկելով կ՚ըսէ, զայն մենք ալ կ՚ընդունինք. ասոր վկայ են, կ՚ըսէ, Սեղբեստրոսի, Լուսաւորչի եւ Նիկողայոսի բազուկները (Աջերը ) որոնք արծաթի մէջ դրուած են եւ թանկագին քարերով յեռուած եւ կը յարգուին այս Սիս քաղաքին մէջ, եւ ունինք շատ մը միթրներ, հայրապետական աթոռ մը երկաթէ, թանկագին բայց աւրուած գանձ մը, որ ըստ ծերերու խօսքին՝ Հռոմէն ղրկուած է, եւ այս չափը թէեւ բաւական էր մեր պարտքը կատարելու հռոմէական եկեղեցւոյն հանդէպ , բայց դուք Սիդոնի եպսն. ալ ղրկեցիք մեզի, որ նախ Սիս եկաւ եւ ետքը Հալէպ եւ անկէ իմացանք որ Հռոմի մէջ եկեղեցի եւ օթարան տուած էք մեր ժողովուրդին, եւ դպրոց մը՝ հայ տղաքներու համար, «եւ տուեր ես շինել նոր պասմագիր գեղեցիկ ի հայ լեզու ». եւ որովհետեւ սրբութիւնդ կ՚ուզէ օգնել մեզ եւ կանգնեցնել մեզ այս հոգեւոր եւ մարմնաւոր տնանկութենէ, բարի հովիւի նման թողած իննսունուինը ոչխարները, ելեր ես այս մէկ կորսուածը գտնելու եւ միացնելու հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյն։
       Այս պատճառով մեր սիրտերը բռնկած են, կը փոշիմանինք անցածին վրայ, կ՚ուրախանանք ապագային համար, եւ յուսով ենք որ շատ աւելի պիտի ուրախանանք ապագայի համար. այս մասին գոհութիւն կուտանք Աստուծոյ, որ պիտի մխիթարէք մեզ մեր նեղութիւններուն մէջ։ Մեր սիրելի եղբայրը Տէր Տօն Լէոնարդո եպս. ուրախացուց մեզ իմաց տալով մեզ թէ ո՛րչափ բարիքներ ըրեր էք մեր ազգին եւ պիտի ընէք դեռ։ Եւ երբ վերջին անգամ Հալէպ էինք, Սիդոնի եպսը. հաւատքի դաւանութիւն մը բերաւ, որ հայերէնի թարգմանուած էր մեր Գրիգոր սարկաւագի ձեռքով, ընդունեցինք զայն եւ կարդացինք մեր եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ ժողովուրդին առջեւ թէ՛ Սիս եւ թէ՛ Հալէպ, ստորագրեցինք, կնքեցինք կաթողիկոսական կնիքով, եւ ձեզի կը ղրկենք զայն այս գրութեան հետ մեր վերոյիշեալ Յովհաննէս վարդապետին ձեռքով, իրեն կ՚ընկերացնենք նաեւ Գրիգոր սարկաւագը եւ քանի մը տղայ դպրոցի համար, Աստուածաշունչ մըն ալ կ՚ուղարկենք. որովհետեւ մեր այս բազմաթիւ ժողովուրդին մէջ շատ դժուար կը գտնուի 20 հատ Աստուածաշունչ եւ եթէ գտնուի ալ ամէն մէկուն գինը երկու կամ երեք հարիւր ֆլորին է. բայց մենք ալ շատ պէտք ունինք ատոր։ Գիտենք որ շատ ծախք կ՚ըլլայ ատոր տպագրութեան, բայց կ՚ապաւինինք ձեր առատաձեռնութեան որ այս բարիքը պիտի ընէք թէ՛ մեր ազգին եւ թէ՛ անոնց որ կը փափաքին սորվիլ մեր ազգին լեզուն։ Կրնան այս գործին ծառայել յիշեալ Յովհաննէս վարդապետը, Գրիգոր սարկաւագը եւ Մարգօ Անդոնիօ (=Սուլթանշահին եւրոպական անունն է ) որդի Աբգարու, որուն հայրը գիտէր այս գործը։ Գրիգոր սարկաւագը աւելի տպագրութեան համար կը ղրկենք եւ ձեր խնամքին կը յանձնենք զանոնք։
       Սիդոնի եպիսկոպոսը նոր տոմարի մասին ալ խօսեցաւ մեզի. բայց մենք չենք կրնար խախտել մերինը այլազգիներէն յառաջ. եթէ փոխենք, այդ անօրէնները կը բռնեն մեզ՝ ըսելով թէ ֆրանկներուն հետ միացեր էք։ Ասկէ զատ մենք գիրքեր ալ չունինք որ խօսին մեզի այս տոմարի մասին. ասոր համար Յովհաննէս վրդը. մեր կողմէն փոխանորդ ըրինք որ այս տոմարի վերաբերեալ բաներն ալ սորվի։ Մեր ազգին համար ալ տոմարեղէն ղրկեցէք որ մենք ալ ամէնէն յառաջ սորվինք եւ ուրիշներ մեզի թող հետեւին։
       Ահա ըսինք մեր բոլոր ահն ու վախը, պակասութիւններն ու աղէտները, բացէիբաց պատմեցինք Սիդոնի եպիսկոպոս Տօն Լէոնարդոյին, առանձին իր կողմէ թող գրէ ձեզի պէտք եղածը եւ յայտնէ, գրեցինք նաեւ մեր վերակացու Տէր Ճուլիօ Անդոնիօ Գարտինալ Սանդա Սեվերինօյին, որ մեր կողմէն իմացնէ ձեզի պէտք եղածը, կը խնդրենք որ չմոռանաք մեզ ձեր մաքրափայլ աղօթքներուն մէջ։
       Գրուեցաւ Սիս քաղաքին մէջ ՌԼԴ =1585, Ապրիլ 10, Շբ . օրը։
       Այս գրութիւնը ինչպէս որ տեսանք վերեւ ստորագրած են Մարտիրոս եպիսկոպոս Աշոտու, Յովհաննէս եպիսկոպոս Զեթունու, Ղազար եպիսկոպոս Հալպա, Մըսըրշահ իշխան, եւ Լիպարիտ իշխան, Աթոռակալք Սսոյ, Յանուշիշխան՝ Աթոռակալ, Մղտսի Պուտախղարիպի աղա իշխան Սիսի եւ Տէր Յովհաննէս ի Հալպա, ըսելով թէ Ազարիա յաջորդեց Խաչատուր կաթողիկոսին որ շատ ծեր ըլլալուն ինքն իսկ իրեն փոխանորդ եւ յաջորդ կարգեց զայն։
       Այսպիսի վկայութիւն մը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ Լէոնարդո՝ պապին կողմէն պաշտօն ունէր Խաչատուր Բ. ի հետ բանակցելու, բայց երբ Սիս եկաւ պապական նուիրակը տեսաւ որ թէեւ ողջ էր ծերունին Խաչատուր, բայց կաթողիկոսական գործերը յանձնած էր երիտասարդ Ազարիային, որ նոյն ինքն Լէոնարդոյին աչքերուն առջեւ կաթողիկոս հռչակուեցաւ Խաչատուրին մահէն ետքը։
       Ինչպէս կը տեսնուի առ Գրիգոր ԺԳ. պապ ուղղուած նամակին ամփոփումէն, Ազարիա հնարաւոր զիջումները ըրած է Վատիկանին՝ անկից քաղաքականապէս եւ նիւթապէս օգտուելու յոյսերով, եւ փորձի համար ալ ո՛չ միայն հայերէն Աստուածաշունչ մը տպագրելու առաջարկը ըրած է պապին, այլ նաեւ քանի մը տղայ ղրկած է որ կրթուին, ի հարկէ այն նախատեսութեամբ որ անոնք սորվելով տիրող լեզուն եւ ուսումնասիրելով Հռոմի եկեղեցին եւ պապութիւնը, օգտակար ծառայութիւններ պիտի ընէին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ։
       Թէ ի՞նչ եղաւ այս խնդրանքներուն արդիւնքը, այդ մասին լուռ է պատմութիւնը, եւ այդ լռութիւնը նշանակալից է ինքնին. այսինքն Լէոնարդոյի պատմութիւնները Վատիկանի ոյժին եւ հնարաւորութեան մասին եւ ըրած խոստումները հարստահարեալ հայութեան վիճակը բարւոքելու կողմէն, հարկաւ Ազարիայի եւ իր եպիսկոպոսներուն բերնին ջուրերը վազել տուին, բայց իրականութեան մէջ Վատիկան հայերէն Աստուածաշունչ մը իսկ չկրցաւ տպագրել, եւ Անթէպցի Յովհաննէս եպիսկոպոս եւ Գրիգոր սարկաւագ թերեւս նոր խոստումներով եւ եկեղեցական նուէրներով վերադարձան ձեռնունայն եւ յուսախաբ։
       Ահաւասիկ բոլոր արժէքը եւ արդիւնքը Ազարիա Ջուղայեցիի Վատիկանի հետ մշակած յարաբերութիւններուն. եւ ինչպէս որ կ՚երեւի, Ազարիա հիասթափ իր երազներուն եւ յոյսերուն մէջ, այլեւս տող մը չգրեց Հռոմ, որովհետեւ 1585ին Լէոնարդոյի ներկայութեամբ գրուած քանի մը թուղթերէն զատ, որոնց մասին խօսեցանք վերեւ, բան մը չէ գրուած. որովհետեւ եթէ գրուած ըլլային, ատոնք ալ, իրական թէ կեղծ, մասունքի պէս պիտի պահուէին Վատիկանի մատենադարանին մէջ, իբրեւ պատմական փաստեր ծառայելու օր մը Պալճեանի նման պատմութիւն գրողներուն՝ Հայոց եւ Հռոմի եկեղեցիներուն յարաբերութեան մասին։
       Այս դիտողութիւնները փակելու համար անգամ մըն ալ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք Լէոնարդոյի տեղեկագրին վրայ. վասն զի այն բանգէտ նուիրակը շատ լաւ թափանցեր է հայ ժողովուրդին քաղաքական ահռելի վիճակին եւ Հայոց հոգեբանութեան՝ մատը ուղղակի դնելով վէրքին կամ պէտքին վրայ եւ երկու խօսքով բանաձեւած է. այս ժողովուրդը կաթոլիկ կ՚ըլլայ, եթէ Հռոմ կրնայ ազատել զինքն հարստահարութիւններէն կամ Ազարիայի բառով՝ «տնանկութենէն»։
      
       Դ.
       Ջուղայեցիին կաթողիկոսութիւնը փոքրիկ ընդհատ մը ունեցաւ եւ պահ մը վրդովեցաւ իր հանգիստը Կիլիկիոյ աթոռին աչք տնկող երկու եպիսկոպոսներու յանդգնութեան հետեւանքով։
       Ասոնց առաջինն է Տիրատուր եպիսկոպոս Տիվրիկի կամ Տիվրիկցի, որ Լէոնարդոյի վկայութեամբ, ժամանակին գիտնական վարդապետներէն մէկն էր։
       Տիրատուրի կաթողիկոսութիւնը Սսոյ Մաշտոցին մէջ յիշատակագրուած է այսպէս.
       -«Նուաստ Տիրատուր կթղկս . նստաւ յաթոռ հայրապետութեան Սսա . թվն . ՌԼԵ (=1586) Մարտ ամսոյ Ի (=20)»։
       Ազարիա աթոռ բարձրացած էր 1584 փետր. 25ին, ուրեմն Տիրատուր անկէ երկու տարի եւ մէկ ամիս ետքը կաթողիկոս եղած է առանձինն, «ի սահմանս Սսոյ » ըստ Չամչեանի. իսկ անկից երկու տարի ետքն ալ (1588) Յովհաննէս անուն եպիսկոպոս մը կաթողիկոս կը ձեւանայ, դարձեալ ըստ Չամչեանի (Պտմ. Հայոց, Գ. 528)։
       Տիրատուրի մասին Դարանաղցին եւ Չամչեան քանի մը կարեւոր տեղեկութւիններ տուած են. իսկ Յովհաննէս յիշատակուած է միայն Չամչեանէն, եւ իր մասին այդ յիշատակութենէն աւելի տեղեկութիւն մը չունինք առ այժմ։
       Դարանաղցիի տեղեկութիւնը զուրկ է ժամանակագրական ճշդութենէ եւ խառնակ. որովհետեւ Խաչատուր Բ. ին անմիջապէս յաջորդած կը կարծէ Տիրատուրը , եւ կ՚ըսէ.
       -Տիրատուր ահեղակերպ էր եւ ահարկու եւ փառասէր, որ չբաւականացաւ Կիլիկիոյ աթոռով, այլ Կ. Պոլիս եկաւ եւ պատրիարքական աթոռն ալ գրաւեց եւ Սիս մնաց անտէրունչ։ Իսկ Սիսեցի վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, երեւելիներ (տոլվաթաւորներ ) ժամանակին Աւագ վարդապետը (=Ազարիա Ջուղայեցին ) արժանի տեսան եւ կաթողիկոս օրհնեցին։ Տիրատուր շատ հակառակեցաւ Ազարիային եւ շատ աղմուկ ու գժտութիւն եղաւ եւ հասաւ մինչեւ Սեբաստիա։ Եւ ասոնց խնդիրը հասաւ Հայրապետ վարդապետին, որուն աշակերտն էր, կ՚ըսէ Դարանաղցին, իմ վարժապետս Սրապիոն վարդապետ, անկէ լսեցի այս պատմութիւնը, վերջապէս, կ՚ըսէ, քաղքին (Սեբաստիոյ ?) քահանաներն ու տօլվաթաւորները միջնորդեցին եւ դժուարաւ հաշտեցուցին զանոնք, եւ այդ տարին (1595) Տիրատուր վախճանեցաւ (Դարանաղցի, Ժմնկգրթն. էջ 308-319)։
       Իսկ ըստ Չամչեանի, Ազարիայի կաթողիկոսութեան երրորդ տարին Տիրատուր վարդապետ, որ 25 տարի յառաջ (=1561) ինկած էր Կ. Պոլսի պատրիարքութենէն, առանձին կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ Սիսի սահմաններուն մէջ, երկու տարի ետքն ալ (1588) Յովհաննէս անուն մէկը ձեռնադրուեցաւ, եւ այսպէս Սիս ունեցաւ երեք կաթողիկոսներ, եւ այս պատճառաւ շատ խռովութիւններ եղան Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի Հայոց միջեւ, շատ դրամ ծախսեցին, շատեր աղքատացան ասոր համար. Յովհաննէս մեռաւ, իսկ Ազարիա Կ. Պոլիս գնաց, տարի մը պատրիարք եղաւ 1591ին եւ յետոյ վերադարձաւ Սիս, մերժեց Տիրատուրը, ինքն միայն կաթողիկոս մնաց. իսկ Տիրատուր Պոլիս գնաց եւ քանի մը տարի ետքը, 1596ին, կրկին պատրիարք եղաւ՝ երեք տարիի չափ (Պտմ. Հայոց, էջ 528) ։
       Տիրատուրի մասին ուրիշ յիշատակութիւն մը չունինք առ այժմ։ Միայն Սիմէոն կաթողիկոս իր նշանաւոր թուղթին մէջ կը յիշէ Տիրատուրը, որ Անկիւրիոյ վրայ եպիսկոպոս ձեռնադրած է Սարգիս մը, որ վերջը պատրիարք եղած է Կ. Պոլսի։- «Տիրատուր , որ կաթողիկոս անուանուեցաւ (Անկիւրիոյ եպիսկոպոս ) ձեռնադրեաց զՍարգիս եպիսկոպոսն Կ . Պոլսոյ պատրիարք» (Արեւ. Մամուլ, 1890, էջ 519)։ Օրմանեանի միջոցաւ (Ազգպտմ. էջ 2260) հրատարակութեան այս ձեւէն տարուելով, ես ալ այնպէս կարծած էի երբեմն որ Տիրատուր կաթողիկոս նախապէս առաջնորդ եղած ըլլայ Անկիւրիոյ (1592-1596?) բայց յետոյ անդրադարձայ որ շիտակ չէ ասիկա, վասն զի Տիրատուր Անկիւրիոյ առաջնորդ չէ եղած, որ, ըստ Լէոնարդոյի, Տիվրիկցի է կամ առաջնորդ Տիվրիկի՝ Ազարիայի կաթողիկոսութեան սկիզբը, ոչ ալ Սսեցի՝ ըստ Օրմանեանի (Ազգպտմ. նոյն անդ Հետեւաբար վերոյիշեալ տողերը, ըստ իս, պէտք է ուղղել այսպէս, վերցնելով փակագիծները. - «Տիրատուր , որ կաթողիկոս անուանուեցաւ , Անկիւրիոյ եպիսկոպոս ձեռնադրեաց զՍարգիս եպիսկոպոսն՝ Կ . Պոլսոյ պատրիարք». այսինքն Տիրատուր, որ կաթողիկոս անուանուեցաւ (օրինաւոր կաթողիկոս չեղաւ ), Անկիւրիոյ վրայ եպիսկոպոս ձեռնադրեց այն Սարգիս եպիսկոպոսը, որ ետքը Կ. Պոլսի պատրիարք եղաւ (1592-1596)։
       Տիրատուր ուրեմն ապօրինի կաթողիկոս մըն է, կամ Սիմէոն կաթողիկոսի ակնարկութեամբ՝ կաթողիկոս անունը առած է միայն, 1586-1592, վեց տարի, եւ ըստ Դարանաղցիի մեռած է ՌԽԴ=1595ին, ինչ որ սխալ է. վասն զի Տիրատուր ողջ է այն ատեն եւ երկրորդ անգամ պատրիարք եղած է Կ. Պոլսի 1596-1599. իսկ առաջին պատրիարքութեան թուականն է 1561-1563։
       Օրմանեան այնպէս կարծած է որ Ջուղայեցիին դիրքը խախտեցաւ իր եւ Լէոնարդոյի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հետեւանքով, եւ հետեւաբար մերժուեցաւ հանրութեան կողմէն, եւ Տիրատուր յաջորդեց իրեն (Ազգպտմ. էջ 2283)։ Մասամբ միայն պատմական է այս կարծիքը։ Լէոնարդոյ ալ կը վկայէ իր տեղեկագրին մէջ թէ Ազարիա Կ. Պոլիս գնաց իրեն հակառակորդ եպիսկոպոսի մը դէմ ինքզինք պաշտպանելու համար։ Հաւանաբար Տիրատուրը եղած ըլլայ այս եպիսկոպոսը. հաւանաբար կ՚ըսենք, որովհետեւ Տիրատուր ծանօթ է Լէոնարդոյին եւ կրնար յականէ յանուանէ յիշել զայն, ինչպէս որ յիշած է ժամանակին գիտուն վարդապետներու շարքին։ Ամէն պարագայի մէջ մեր պատմութեան համար կարեւոր է գիտնալ թէ Տիրատուր պարզ յափշտակիչ մըն է. ո՛չ Սսեցի է, ո՛չ ալ Սիսի մէջ ձեռնադրուած է, այլ «ի սահմանս Սսոյ »։ Մաղաքիա Դպիր նոյն իսկ իր ցանկին մէջ չէ առած Տիրատուրի եւ Յովհաննէսի անունները։
       Հաւանական է ենթադրել որ Ազարիա Կ. Պոլիս գնաց ո՛չ միայն լուսաբանելու Կ. Պոլսի պատրիարքարանը Լէոնարդոյի հետ կատարուած բանակցութեանց մասին, այլեւ կառավարութեան ուժով տապալելու երկու ապօրէն կաթողիկոսները, եւ այդ նպատակով ալ պատրիարք եղաւ պահ մը 1591-92, որ աւելի մօտէն գործէ պատրիարքական իշխանութեամբ։ Ազարիա վերջապէս կը յաջողի տապալել Տիրատուրը։ Յովհաննէս, ըստ Չամչեանի, կանուխ մեռած պիտի ըլլայ որ այլեւս չի խօսուիր իր մասին։
       Շատ զարմանալի է որ Ջուղայեցիին յաջորդը, Յովհաննէս Անթէպցին, որ մօտէն գիտէր Տիրատուրի եւ Յովհաննէսի յափշտակութիւնները , չի խօսիր այս միջադէպներու վրայ։ Դարանաղցին կը խօսի Տիրատուրի մասին, ինչպէս տեսանք, բայց կը լռէ Յովհաննէսի մասին։ Չամչեան չի նշանակեր իր հակիրճ տեղեկութեան աղբիւրը։ Իսկ մենք կը բաւականանանք արձանագրելով առ այժմ ինչ որ հասած է մեր ձեռքը։
      
       Ե.
       Յովհ. Անթէպցին սապէս կը պատմէ Ազարիայի մահը. - Մենք, կ՚ըսէ, Երուսաղէմէն վերադարձանք Հալէպ եւ Ս. Յակոբի պարտքերուն հաշիւները ներկայացուցինք իրեն։ Այդ միջոցին սաստիկ մահտարաժամ մը կար. յանկարծ հիւանդացաւ Ազարիա, հինգ օր պառկեցաւ եւ աւանդեց իր հոգին։ Խաւար պատեց Հայոց Տունը, որովհետեւ զրկուեցանք այսպիսի պայծառ արեւէ մը։ Ես Յովհաննէս վարդապետս, որբացայ կորսնցնելով քաղցրատեսիլ (գեղադէմ ) հայրս եւ շատ ողբով դրի զինքն իր հանգստեան տեղը, որուն կենդանի աղօթքը եւ օրհնութիւնը միշտ մեր վրայ ըլլայ, եւ Տէր Քրիստոս անոր հոգին դասակից ընէ երկոտասան սուրբ առաքեալներուն. ամէն ։
       Լուսաւոր հոգին մեռաւ ՌԾ=1601ին։ Յիսուն տարեկան էր երբ նստաւ աթոռ, եւ տասնըեօթը տարի կաթողիկոսութիւն ըրաւ։ Հինգ ամիս ետքը ես ալ ելայ Հալէպէն եւ Ատանա եկայ՝ մխիթարելու համար Կիլիկիոյ իշխաններն ու աթոռակալ քահանաները, եւայլն, եւ կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս կաթողիկոս եղաւ ինքն, զոր պիտի տեսնենք իր կարգին։
       Ազարիա թաղուեցաւ Հալէպի Ս. Քառասունք եկեղեցւոյ մէջ, այսինքն արդի եկեղեցւոյ Աւագ սեղանին կից (արեւմտեան կողմէն ) մատրան մէջ ։ Տապանաքարը զետեղուած է սեղանին առջեւ, հազիւ կանգնաչափ բարձր բեմին երեսը։ Իսկ տապանագիրն է այս.
       «Յոր վասն անչափ քոյին | բանդ ի կո
       ւսէն առեր մարմին . աղաչանօք Ածած |
       նին . թող ըզյանցանս Տէր Ազարիայ |
       կաթողիկոսին . որ եւ հանգեաւ ի մեծ թվին. |
       ՌԾ . աւելորդին։ յորժամ գայցես աշխարհ
       կրկին . |
       յարոյ զսա փառօք քոյին . զիս զհողս (?)…
       պհեա . շնորհիւ քոյին ամէն։
      
       Տապանագիրը շատ գէշ քանդակուած է եւ քերականական փոքրիկ սխալներ ունի. իսկ վերջին տողերը դժուար կը կարդացուին։
       Այս տապանագիրը առաջին անգամ հրատարակուած է Սիօն ամսագրին մէջ . Տարի, 1868 սեպտեմբեր, էջ 104), եւ հրատարակողը վերջին տողը կարդացեր է այսպէս.
       -«զիս զմեղօք որդի սորին որ եւ
       պահես շնորհիւ քոյին , ամէն»։
       Դիտել տուինք արդէն որ Օրմանեան Ազարիա կաթողիկոսը տկարացած կարծելով «նշանակալից » գտած էր ատոր տապանագրին սա տողը.
       -Թող զյանցանս Ազարիա կթղին.
       իբրեւ ակնարկ առաջին անգամ տկարանալուն։
       Մինչ իրողութիւնը սա՛ է որ այդ տապանագիրը պարզ մէկ ընդօրինակութիւնն է Կիլիկեան հնագոյն տապանագրի մը, որ իբրեւ օրինակ ծառայած է ուրիշներուն ալ, միայն հանգուցեալին անունը փոխելով. հետեւաբար բոլորովին անհիմն է կարծել թէ Ազարիայի յանցանքին ակնարկութիւն մը եղած ըլլայ այդ տողը ։
       Կիլիկեան տապանագրին իսկականը սա է.
       -«Որ վասն անչափ սիրոյ քոյին
       Բանդ ի կուսէ առեր մարմին.
       Աղաչանաւք Աստուածածնին
       Թող զյանցանսըն զԱԼԵՔՍԻՆ,
       Որ եւ հանգեաւ ի մեծ թուին,
       Եաւթն հարիւր վաթսուն հընգին.
       Յորժամ գայցես յաշխարհ կրկին,
       Յարո՛ ըզսա փառաւք քոյին . ամէն»։
      
       Այս տապանագիրը, որ հրատարակուած է Մասեաց Աղաւնիին մէջ . Տարի, 1855, Մայիս, էջ 115։ Հմմտ. Վ. Լանկլուայի La Cilicie, էջ 320-21), կա՛յ նաեւ Սիսուանի մէջ (էջ 272), սա տարբերութեամբ միայն որ զԱԼԵՔՍԻՆԻ տեղ զԱլիծին է հոն, իսկ թուականն ալ գիրով, ՉԿ հընգին (765+551=1316) ։
       Նոյն տապանագիրը օրինակ ծառայած է, բայց շատ անճարակօրէն, նաեւ Մարտիրոս վարդապետին, ըստ Ս. Յակոբի Մատենադարանին թիւ 3/2558 Ձեռ. Աստուածաշնչին, Դատաւորաց գիրքին նախադրութեան եւ գլուխներուն վերջը, սա՛ փոփոխութեամբ.
       -«Թող զանցանքն զՄարտիրոս րաբունի վարդապետին,
       Եւ զՈւսէփ գծողին.
       Թվն. Ռ. Խ. Ե. » (=1596) ։
      
       Ազարիա Ջուղայեցի Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն մէջ հոյակապ դէմք մըն է, իբրեւ ուսեալ վարդապետ եւ քաջ հայրապետ , ճկուն եւ տոկուն, առլի կրօնական եւ ազգային բարձր զգացումներով, գործունեայ հոգեւորական մը իր պաշտօնին բոլոր կողմերուն մէջ, բոլորանուէր իր ազգին եւ եկեղեցւոյն շահերուն, եւ արդիւնաւոր իր ծառայութիւններուն մէջ։
       Ծանօթ. - Խաչատուր Բ. ի եւ Ազարիա Ջուղայեցիի Հռոմի հետ մշակած յարաբերութեան վրայ պատմական լոյս կը սփռէ Լէոնարդոյի տեղեկագիրը, որուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, կարեւոր ծանօթութիւններով, հրատարակուած է Adolphe d’Avril-ի կողմէն, Revue de l’Orient Chrétien-ի մէջ (1898, էջ 200-203 եւ 328-334), որուն համաձայն կը թարգմանենք մենք ալ այդ շատ կարեւոր եւ շատ հետաքրքրական վաւերագիրը։ Լէոնարդոյ երկու տեղեկագիր ղրկած է Հռոմ, առաջինը Յակոբիկ Ասորի Եկեղեցւոյ մասին, իսկ այս երկրորդը Հայց. Եկեղեցւոյ մասին։
      
       ՍԻԴՈՆԻ ԵՊՍ. ԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՄԱՍԻՆ 1587
      
       Գրիգոր ԺԳ. պապ Սիդոնի եպս. ը ղրկեց արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մօտ, որպէս զի 1439ին եւ 1441ին Փլորենտիոյ ժողովին մէջ կայացած միութիւնը ի գլուխ հանէ……։
       P. Thomas de Je՛ sus իր Thesaurus sapientiae divineae in qentium omnium salute procuranda եւայլն 1vol. in 40, Anvers, 1613, գործին մէջ (որմէ օրինակ մը ունի Մազարին Մատենադարանը, եւ զոր նորէն տպագրած է Աբբայ Migne, Cursus theologiae completus, t. v. ) կը գովաբանէ Սիդոնի եպիսկոպոսին տեղեկագրութիւնը, որմէ քանի մը կտորները թարգմաներ է լատիներէնի։ Անկէ կ՚իմանանք թէ այս տեղեկագրութիւնը գրուած է իտալերէն. շատ մը կրօնական հեղինակներ կը յիշեն Սիդոնի եպիսկոպոսը այսինքն Strozza, Assemani, P. Le Quien, Miroeus։ Օսմ. կայսրութեան պատմագիր Hammer տեսած է բնագիրը այս տեղեկագրութեան եւ անկէ ամփոփում մը տուած է իր մեծ գործին ԼԹ. րդ գիրքին մէջ։ Սիդոնի եպիսկոպոսին տեղեկագրութիւնը հրատարակուած է իտալերէնով S. BALUZII TUTELENSIS MISCELLANEA, novo ordine digesta et non paucis ineditis monumentis opportunisque animadversionibus aucta, opere ac studio G. D. Mansi, archiepiscopi Lucensis, Lucae, 1764, էջ 150, հատոր Զ . ։ Մեր թարգմանութիւնը եղած է Baluzeի բնագրին եւ Rangoni հաւաքածուէն Ձեռագրի մը համեմատ, որ կը գտնուի Վիեննայի կայսերական դիւանատան մէջ։ Մենք միայն աւելցուցած ենք քանի մը պատմական եւ կենսագրական ծանօթութիւններ։
       Սիդոնի եպիսկոպոսին անունն է Léonard Abel։ Thomas de Je՛ sus, որ անձամբ ճանչցաւ զայն, կ՚ըսէ թէ նշանակելի էր ան իր բարեպաշտութեամբ ու գիտութեամբ։ Ան գիտէր արաբերէն։ Ըստ Le Quienի Քիոսցի էր ան, բայց չեմ գիտեր թէ Պուլօնեըցի գիտուն Դոմինիկեանը ո՞ր հեղինակութեան վրայ կռթնելով տուած է այս ծանօթութիւնը։ Սիդոնի յունածէս եպիսկոպոսներու շարքին մէջ չի գտնուիր ան, ոչ ալ նոյն աթոռին լատինածէս հոգեւոր պետերու շարքին մէջ. նաեւ չեմ կրցած գտնել թէ ոեւէ կրօնական միաբանութեան կը պատկանէ՞ր ան։
       Thomas de Je՛ sus կ՚ըսէ թէ Աբէլ Լէոնարդոյ Nonce էր եւ Առաքելական Այցելու։
       Adolphe d’Avril
       Տեղեկագրութիւն Սիդոնի եպիսկոպոսին բանակցութեան, զոր ունեցաւ իր արեւելքի առաքելութեան ընթացքին։
       Ուղղուած առ Նորին Սրբութիւն
       Սիքստոս Ե ., 1587 Ապրիլ 19.
       Սրբազնագոյն եւ Երջանիկ Հայր.
       Ինձ յանձնուած պաշտօնը (mission) կատարելու համար ես չորս տարի աշխատեցայ Արեւելքի այլեւայլ երկիրներուն մէջ, ժողովուրդներու եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ, որոնց քով ղրկուած էի։ Ձեր սրբութիւնը եթէ բարեհաճի կարդալ այս տեղեկագրութիւնը, զոր պատիւ ունիմ ներկայացնել ձեզ խորին յարգանօք եւ խոնարհութեամբ, պիտի տեսնէք թէ կարելի եղած խնամքով կատարած եմ պարտականութիւնս։ Հետեւաբար կը խնդրեմ Ձեր Սրբութենէն որ Ձեր ծանօթ բարութեամբ կարդաք այս տեղեկագրութիւնը եւ Ձեր անսահման իմաստութեամբ հոգաք պէտքերը այնքան հոգիներուն, որոնք կը գտնուին աշխարհիս այս մասին մէջ (էջ 200-203)։
      
       ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԻՆ ՎՐԱՅ
      
       Ձեր Սրբազնութեան կը տեղեկագրեմ նաեւ ինչ որ խօսեցանք առաջնորդներուն հետ Հայոց ազգին, որ շատ մեծ է եւ ենթարկուած է երկու գլխաւոր կաթողիկոսներու, մէկը Մեծ-Հայաստանին, որ կը բնակի Էջմիածնի վանքին եւ եկեղեցւոյն մէջ, Երեւան քաղաքին մօտիկ, Պարսկաստան. իսկ միւսը Փոքր-Հայաստանին, Սիս քաղաքին մէջ, Կիլիկիա, որ այսօր կ՚ըսուի Գարամանի նահանգ։
       Նոյն ազգին մէջ ուրիշ կաթողիկոսներ ալ կան, որ ստեղծուած են շնորհիւ Թիւրքին . ոմանք հաւաքիչներն են այն տուրքերուն զորս հայ տուներ կը վճարեն Թիւրքին, ոմանք ալ օգնականներն (coadjuteur) են նոյն կաթողիկոսներուն՝ եպիսկոպոսաց եւ ժողովրդեան հաւանութեամբ։
       Այսօր Մեծ-Հայաստանի գլխաւոր կաթողիկոսն է Գրիգոր, ութսունհինգ տարեկան մարդ մը, որուն օգնականն է Առաքել՝ կաթողիկոսարանի մէջ, իսկ հարկերու հաւաքիչն է Դաւիթ։ Ուրիշ պրիմասներ (Primat) եւ պատրիարքներ, Պարսկաստանի եւ Կ. Պոլսի ծայրերը, թէեւ իրականութեան մէջ այս կաթողիկոսին իշխանութեան տակ են, բայց ամենեւին չեն ճանչնար զայն։
       Այս Գրիգոր կաթողիկոսին եւ իրեն օգնական Առաքելին հետ ես նամակով եւ միջնորդով միայն կրցայ բանակցիլ այն տեւական պատերազմներուն պատճառով , որոնք մինչեւ հիմայ կը շարունակուին Պարսկաստանի մէջ. պատերազմներ, որոնց հետեւանքով կաթողիկոսը եւ իր մարդիկը ստէպ ստիպուած են լքել կաթողիկոսական եկեղեցին ու երկիրը եւ քաշուիլ զօրքերու արշաւանքէն հեռու տեղ մը։
       Նիկողոս Արքեպիսկ. ստիպուեցաւ նոյն բանը ընել իր ֆրանք-հայ-կաթոլիկ ժողովուրդի կրօնաւորներուն հետ, որ կը բնակի Նորնախիջեւան գաւառի տասներկու գիւղերուն մէջ (Պարսկաստան ). անոնք կ՚ապրին իբրեւ լատին, հպատակած ըլլալով հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյ ծէսին , Սուրբ Դոմինիկոսի միաբանութեան եղբայրներէն լատին եպիսկոպոս երանելին Բարթողիմէոսի ձեռքով։
       Գալով կաթողիկոսի եւ իրեն օգնական Առաքելի բարի դիտումներուն եւ հպատակութեան, Ձեր Սրբութիւնը, եթէ հաճի, կրնայ իմանալ այն նամակներէն, զորս ես ղրկեցի Առաքելական Աթոռը, իբրեւ պատասխան առաքելական երկու թուղթերուն (bref) եւ իրենց այն նամակներէն, զորս ուղղած են հայ ազգին պաշտպան Կարտինալ San Severinoին։ Այդ նամակերով անոնք կ՚արդարացնեն անձամբ մինչեւ Հռոմ չկարենալ երթալնին, յայտնելու համար իրենց հպատակութիւնը Առաքելական Աթոռին. այդ բանը չեն կրնար ընել թէ՛ իրենց չքաւորութեան եւ թշուառութեան պատճառով որուն մէջ կը գտնուին, եւ թէ՛ այն պատճառով որ կը վախնան պատերազմի միջոցին հաւաքուիլ իրենց կաթողիկոսարանին մէջ։
       Օգնական Առաքելը Գարաամիթ (=Տիարպէքիր ) եկաւ 1584ին։ Ես մասնաւոր սուրհանդակի մը ձեռքով Հալէպի գլխաւոր հայերէն շատ մը նամակներ ղրկեցի իրեն, հատ մըն ալ Փոքր-Հայաստանի կաթողիկոսէն։ Ես խնդրեցի որ կամ Հալէպ գայ, բանակցելու համար այն բաներու մասին զորս առաքելական աթոռը գրեց իրեն մասնաւոր նամակով (bref) մը, ինչպէս նաեւ այն խորհուրդներու մասին զորս պաշտպան կարտինալը տուած էր իրեն, եւ կամ սպասել ինծի իրեն յարմար դատած եւ աւելի ապահով տեղ մը։ Պատասխանեց թէ վերոգրեալ պատճառներով չի կրնար բերանացի տեսակցիլ. բայց ի վկայութիւն իր հպատակութեան հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյն, նոր նամակեր գրեց, որք պահուած են պաշտպան կարտինալին քով։
       Մեծ-Հայաստանի կաթողիկոսին իրաւասութեան ենթարկուած ընտանիքներուն թիւը 260, 000էն աւելի է, բացի շատ մը վանքերէ, վանականներէ եւ սարկաւագներէ։
       Այս կաթողիկոսութեան մէջ վարժապետներ եւ քարոզիչներ, որ վարդապետ կը կոչուին եւ որոնց կը հպատակի ազգը այնպէս ինչպէս իր կաթողիկոսներուն, բազմաթիւ են. ասոնց ամէնէն հռչակաւորներն են Ներսէս՝ Պիթլիսի մէջ, Ղուկաս՝ Գարաամիթի մէջ եւ Արիստակէս՝ Անկիւրիոյ մէջ։
       Ես Փոքր-Հայաստանի կաթողիկոսին քով գացի վերոյիշեալ Սիս քաղաքը, Գարամանի մէջ, Խաչատուր կաթողիկոսի ատեն, որ ինձմէ ստացած ըլլալով առաքելական թուղթը (bref), եւ գիտնալով այն խնդիրները զորս ես ուղղած էի իրեն՝ պաշտպան կարտինալի կողմէն ինծի տրուած հրահանգներու համաձայն, խոստացաւ Առաքելական Աթոռը ղրկել բարձրաստիճան եկեղեցական մը (pre՛ lat), իր հպատակութիւնը յատկապէս յայտնելու պաշտօնով. բայց մահը խափանեց զայն, իր գրեթէ ութսունամեայ հասակին մէջ։ Անոր յաջորդեց Ազարիա վարդապետ , որ իբրեւ փոխանորդը եւ օգնականը իր նախորդին գիտէր ամէն ինչ որ բանակցութեան նիւթ եղած էր, եւ երկու անգամ Հալէպ եկաւ իմ քովս։ Վերջին անգամ ես ալ գացի զինքն տեսնելու Վահկայի բերդը, Գարամանի մէջ, ուր երկար բարակ խօսեցայ իրեն հետ իր ազգին հռոմէական եկեղեցւոյ միութեան մէջ վերահաստատութեան մասին, որ եղած էր Փլորենտիոյ Ժողովին հետեւանքով, եւ այս միութեան արձանագրութեան բովանդակած բոլոր յօդուածներուն մասին յիշատակութիւն մը չգտայ հայերէն գիրքերու մէջ ։ Միայն հայոց պատմութիւն գտայ։
       Նոյն կաթողիկոսին սորվեցուցի նաեւ նորոգուած տոմարը եւ զայն յառաջ բերող պատճառը, եւ իրեն տուի հռոմէական տոմարին հայ թարգմանութեամբ տպագրութիւնը։ Պատասխանեց թէ ամէնէն յառաջ պարտաւոր է խորհրդակցիլ Մեծ Հայաստանի կաթողիկոսին հետ, յետոյ ազգին վարդապետներուն եւ քարոզիչներուն հետ եւ յետոյ պատասխանել Առաքելական Աթոռին։
       Եւ մտնելու համար հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ եւ ատոր հետ իր միութիւնը գործադրելու եւ Առաքելական Աթոռին իր հպատակութեան ապացոյցը տալու համար՝ ընդունեցաւ հաւատքի այն դաւանանքը, զոր ես առաջարկեցի իրեն յանուն հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյ։ Իմ առջեւ եւ շատ մը լատին եւ հայ վկաներու ներկայութեամբ իր դաւանութիւնը տալէ ետքը, զայն ստորագրեց եւ կնքեց եւ իր եպիսկոպոսներէն մէկուն հետ նամակներով ղրկեց Առաքելական Աթոռ եւ պաշտպան կարտինալին ։ Ան նոյն իսկ պիտի շարունակէր քարոզել եւ ուսուցանել իր ժողովուրդը, իր խոստման համաձայն, եթէ իրեն հակառակորդ հայ եպիսկոպոսի մը կողմէ հանգիստ թողուէր իր կաթողիկոսութեան մէջ ։ Այս պատճառով ան ստիպուեցաւ Կ. Պոլիս երթալ եւ պաշտպանել ինքզինք իրեն մասին եղած ամբաստանութիւններու դէմ։
       Ահա՛ այսպիսի դժուարութիւններու կը հանդիպինք Արեւելքի կաթողիկոսներուն հետ բանակցելու առթիւ . այնպէս որ մէկուն հետ գործը կարգադրած կարծած ատենդ, պէտք է ուրիշի մը հետ սկսիլ, նշաւակ ըլլալով նոր լուտանքներու եւ հալածանքներու։
       Սիս քաղաքը, ուր կը բնակի կաթողիկոսը, բերդ մը կայ, որ հայ թաւագորին էր, որ անառիկ է, սակայն ամայի. հոն դեռ կը տեսնուին թագաւորին եւ թագուհիին պալատներուն աւերակները. այս պալատին մօտիկ երկու եկեղեցիներ կան. մէկը Ս. Փրկիչ, որ կ՚ըսուի թէ թագաւորին եկեղեցին էր, իսկ միւսը որ նուիրուած է Սուրբ Սոփիայի, կաթողիկոսական եկեղեցի է. քիչ ծախքով կարելի էր նորոգել ասոնք, բայց չեն համարձակիր նորոգել, վասն զի թիւրքը առած է զանոնք Հայոց ձեռքէն առարկելով թէ բարձրադիր են եւ շինուած են իբրեւ բերդ։ Անոնք կը յուսան ընել այդ նորոգութիւնները երբ Տէրը կամի եւ զանոնք յանձնէ քրիստոնէից տիրապետութեան. բոլոր Հայերը միշտ այս բանը կը խնդրեն իրենց աղօթքներուն մէջ, եւ կ՚ըսեն մեզի. - «Ազատեցէք մեզ այս հարստահարութենէն որուն տակ կ՚ապրինք, ան ատեն մենք լատին (կաթոլիկ ) կ՚ըլլանք. այն ատեն դուք տէրը կ՚ըլլաք մեր մարմնին եւ հոգիին, եւ ինչ որ կը հրամայէք, կ՚ընենք այն ատեն» ։
       Նոյն քաղաքին մէջ կան նաեւ ուրիշ 12 եկեղեցիներ կամ մատուռներ, որոնց մէջ կը մատուցուի պատարագը, եւ կիրակի ու տօն օրեր պաշտամունքներ կը կատարեն։ Ատոնք կը պահուին պատշաճ կերպով, թէեւ անոնցմէ շատերուն մէջ պղնձէ կամ երկաթէ խաչերէն զատ ուրիշ խորհրդապատկեր (emble՝me) չկայ։ Ոմանց մէջ պատկերները կը պահեն սեղանին (autel) տակ, թիւրքերու սովորական հալածանքէն զերծ մնալու համար։ Ս . Յովհաննու մատրան մէջ շատ լաւ կը պահեն Ս. Սեղբեստրոս պապին աջը (bras), Մեծ Հայաստանի արքեպիսկոպոս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին աջը, Ս. Նիկողայոսին աջը, երեքն ալ արծաթի մէջ դրուած եւ զարդարուած թանկագին քարերով ըստ օրինի Լատինաց։ Ս . Պարսամ Ասորիի աջն ալ ունին, բայց առանց ոեւէ զարդարանքի։
       Շատ մը հայերէն Աւետարաններ ունին արծաթապատ, նաեւ արծաթ բուրվառներ եւ խաչեր, քանի մը հին ոճով հռոմէական խոյրեր (mitre), դիպակէ նափորտ մը (pluvial en brocart), երկաթէ աթոռակ մը պաշտամունքի (tabouret office en fer), որոնք կ՚ըսուի թէ Հռոմէն ղրկուած են, բայց մաշած են հնութենէ։ Շատ մը շուրջառներ (pluvial) ալ ունին իրենց երկրին ոճով, զորս պատարագի ատեն կը գործածեն։ Ունին երկու ձեռագիր Աստուածաշունչ, մին մանրանկարով, եւ ուրիշ շատ մը գիրքեր։ Ամէն բան լաւ կը պահուի եւ յանձնուած է մասնաւոր քահանաներու՝ ազգին անունով։
       Այս կաթողիկոսին իշխանութեան ներքեւ են քսանչորս առաջնորդներ (pre՛ lat), եպիսկոպոս թէ արքեպիսկոպոս, եւ կաթողիկոսական եկեղեցիին ամէնէն մօտիկ տասներկու եպիսկոպոսներն են որ կ՚ընտրեն կաթողիկոսը։ Բայց երբեմն ալ հայ ժողովուրդին երեւելիներն են որ կը նշանակեն կաթողիկոսը թիւրք պաշտօնեաներու հրամանով եւ պաշտպանութեամբ, եւ ետքը կը խնդրեն եպիսկոպոսներուն եւ արքեպիսկոպոսներուն հաւանութիւնը։ Ուրիշ անգամներ ալ, երբ կաթողիկոսները ծերանան, քանի մը եպիսկոպոսներու եւ ազգին երեւելիներուն հաւանութեամբը, օգնական մը կ՚առնեն իրենց, նոյն ատեն նշանակելով իրենց յաջորդ։ Հիմակուան կաթողիկոսը, Ազարիա՝ այնպէս եղած է, այսինքն իր նախորդէն նշանակուած է եպիսկոպոս Սուրբ-Սոփիայի եւ օգնական կաթողիկոսութեան, երբ քարոզիչ էր եւ վարժապետ, եւ իր նախորդին վախճանումէն ետքը ազգին կողմէն ընդունուեցաւ ու հաստատուեցաւ։
       Այս կաթողիկոսին իշխանութեան ներքեւ են գրեթէ 20, 000 ընտանիքներ, որք կը բնակին Կիլիկիոյ եւ Սիւրիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ բերդերուն մէջ։ Քսան վանք կայ՝ հարիւր վանականներով, երեք հարիւրէ աւելի քահանաներով եւ շատ մը սարկաւագներով ու կղերներով։
       Ասոնց ամէնէն գիտուններն են.
       Ազարիա Կաթողիկոս,
       Պետրոս Վարդապետ Կարկառեցի,
       Յովհաննէս Եպս . Զեթունի,
       Տիրատուր Վարդապետ Տիվրիկի,
       Դաւիթ Արքեպս . Երուսաղէմի։
       Կաթողիկոսը կ՚ապրի նուէրներով եւ ողորմութիւնով. ատեն մը տուն գլուխ տարեկան տուրք մը կ՚առնէր, բայց թիւրքը խլեց զայն իր ձեռքէն. ապրելու համար՝ այցելքով շարւնակ ժուռ կուգայ ազգին մէջ, որ կուտայ իրեն պէտք եղածը, եւ իր հօտին յանձն առած այս զրկումներով է որ ան կը պահէ իր վանականներն ու սպասաւորները։
       Վերոյիշեալ կաթողիկոսին, պաշտպան կարտինալին հրամանով, տրուած է ոսկեթել խոյր մը, ոսկի սկիհ մը իր մաղզմայով, մարմնակալ մը եւ քսակ մը, արծաթ թելով բանուած մարմնակալ մը, Աստուածածնի երկու պատկեր, անագեայ 25 սկիհ իրենց մաղզմաներով, նկատելով որ շատ մը եկեղեցիերու մէջ պատարագ կ՚ընեն փայտէ, ապակիէ կամ կաւէ սկիհներով։
       Հայ ազգին գլխաւոր հերետիկոսութիւններն ու մոլորութիւնները նոյն են Յակոբիկներուն հետ։
       Կ՚ըսեն թէ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ունի մի բնութիւն, մի կամք եւ մի ներգործութիւն։
       Կը սրբացնեն Դէոսկորոսը։
       Առաջին երեք տիեզերական ժողովները միայն կը ճանչնան։
       Սուրբ Աստուածի (երեքսրբեանի ) մէջ կ՚աւելցնեն որ խաչեցար վասն մեր։ Ասկէ զատ զուտ անապակ գինիով կը պատարագեն առանց ջուրի։
       Այս գրութիւնը կարճ կապելու համար կը լռեմ ուրիշ մոլորութեանց մասին։