Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կ'երեւի թէ Մինաս Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ բաւական յապաղած է յաջորդին ընտրութիւնը. որովհետեւ Սիմէոն ընտրուած է շուրջ ՌՁԲ (=1633ին ) եւ օծուած է Ս. Յակոբի Բարեկենդանին, (Դեկտ. 8)։
       Սըսոյ Մաշտոցին մէջ իր իսկ ձեռքով այսպէս յիշատակագրած է .
       -«Ես նուաստ Սիմէոն Կթղըս . Սեփաստացի շնորհաւք եւ ողորմութեամբ Աստուծոյ նստա յաթոռ հայրապետութեան Սսայ . ի մեծ թվին հայոց ՌՁԲ» (=1633)։
      
       Ըստ Դարանաղեցւոյ պատմածին (էջ 337-8) Մինաս Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ Կիլիկեցիք Սիս կը հրաւիրեն Կեսարացի Գրիգորը «մեծ եւ աւագ Վարդապետ համարելով » զայն , որպէս զի անոր նախագահութեամբ կատարուի նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը։
       Կեսարացին կ'ուզէ կաթողիկոս ընտրել տալ Սեբաստացի Ներսէս Վարդապետը, որ աշակերտած է Յովհաննէս եւ Մինաս կաթողիկոսներու։ Բոլորն ալ արժանի կը համարին զայն կաթողիկոսական աստիճանի «վասն հանճարեղութեանն եւ պարկեշտութեան եւ մարդասիրութեան»։
       Բայց Կեսարացին այնպիսի պայմաններ կ'առաջարկէ որ Ներսէս կը մերժէ զանոնք. որովհետեւ կը պահանջուէր «առանց կամաց եւ հրամանի նորա բան օրինաց եւ գործ ինչ մի՛ խօսիլ կամ առնել»։
       Կեսարացին այն ատեն իր պայմանները կ'առաջարկէ Սեբաստացի Սիմէոն Վարդապետին, որ գրով կ'ընդունի զանոնք եւ կաթողիկոս կ'օրհնուի։
       Սիմէոն Կաթողիկոս իր առ Փիլիպպոս Կաթողիկոս ուղղած թղթին մէջ կ'ըսէ. «զի Գրիգոր Վարդապետն աջիւն իւրով ետ մեզ գաւազան, նոյն աջիւն ետ մեզ եւ գաւազան հայրապետական, եւ այս է առաւելն որ իւր աջիւն զՍրբոյ Լուսաւորչի աջն եդ ի վերայ գլխոյ իմոյ, թողում զՍեղբեստրոսին , եւայլն»։
       Կեսարացին առանձին չի գործեր. իրեն հետ են Զեթունցի Գրիգոր, Սեբաստացի Ներսէս, Կարկառեցի Յակոբ եւ Մխիթար Արեւելցի Եպիսկոպոսներ ։ Յետոյ Կեսարացիի հետ Պոլիս կ'երթայ անցնելով Անկիւրիայէն (1633-36ի միջեւ)։
       Կեսարացին իրեն հետ Կ. Պոլիս կը տանի Սիմոն Կաթողիկոսը, որ չի հաւնիր Կեսարացւոյ արարքներուն եւ կը վերադառնայ Սիս, եւ առանց կարեւորութիւն ընծայելու դրուած պայմանին, անկախօրէն կը վարէ իր պաշտօնը։
       Սիմէոն Կաթողիկոսէն առ Փիլիպպոս Կաթողիկոս ուղղուած թղթին վերջը ծանօթութիւն մը դրուած է, ուր կ'ըսուի թէ, - «Այս Սիմէոն Կաթողիկոս, էր Սեբաստացի, եւ կալաւ զաթոռ հայրապետութեան շուրջ թուականաւ մեր ՌՁԲ (=1633) ամին, եւ էառ զօծումն ի Սրբոյ Յակովբայ Բարեկենդանին, եւ ԺԵ (=15) ամ նստաւ, եւ Ե (=5) ամ հրաժարեալ, զՍեբաստացի Ներսէս Կաթողիկոսն եդ ի տեղի իւր»։
       Շատ կարեւոր էր հոս գիտնալ թէ ինչո՞ւ հրաժարեցաւ Սիմէոն եւ ո՞ր թուին եւ ի՞նչպիսի պարագաներու մէջ վերադարձաւ իր աթոռը։
       Արդեօք Կեսարացւո՞յն հետ խնդիրներ ունեցաւ, արդեօք Էջմիածնի՞ հետ։ Ամէն պարագայի մէջ, յայտնի կ'երեւի որ Սիմէոնի Կաթողիկոսութիւնը խաղաղ չէ անցած։ Եւ թերեւս ասոր ալ գլխաւոր պատճառը Սիսի եւ Էջմիածնի յարաբերութեանց ձգտեալ վիճակն էր, նոյն իսկ Սիմէոնէն յառաջ։ Այս վիճակը աւելի փափկացաւ երբ Փիլիպպոս Աղբակեցի Կաթողիկոս եղաւ Էջմիածին (1633-1655), իր քառասուն տարիներու երիտասարդութեան բոլոր խանդին եւ եռանդին մէջ, եւ ուզեց ընկճել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, եւ հաւանաբար իրեն առաջին գործերէն մէկն ըրաւ իշխողական ոճով ու շեշտով թուղթ մը ուղղել Սիմէոն Կաթողիկոսին, թուղթ մը որ ո՛չ միայն իշխողական է, նաեւ արհամարհական եւ երգիծական գիծերով վիրաւորիչ։
       Սիմէոնի պատասխանագիրը ուսումնասիրելով է որ կը հասկնանք թէ ո՜րչափ ծանր լեզու մը գործածած է Փիլիպպոս, որ փոխանակ գործ շինելու, աւելի վատթարացուցած է ձգտեալ վիճակը եւ ստիպած է Սիմէոնը նոյնքան ծանր լեզու մը գործածելու։
       Փիլիպպոս Կաթողիկոս, հաւանաբար այդ պատասխանագրին վրայ է որ գրեց Երուսաղէմ, Պարոնտէր Գրիգոր Պատրիարքին, որպէս զի «դատաստան » ընէ երկու կաթողիկոսներու միջեւ։
       1638ին Զատկին, Սիմէոն Կաթողիկոս Երուսաղէմ կը գտնուէր։ Պարոնտէր օգտուեցաւ առիթէն եւ խնդրեց որ վերջ տրուի լարուած կացութեան։ Սիմէոն հաւանեցաւ եւ իր իսկ ձեռքով գրեց թուղթ մը եւ խոստացաւ «ոչ եւս դնել ձեռն ի վերայ քահանայի եւ եպիսկոպոսի արտաքոյ եղելոց վիճակի իւրում. նոյնպէս եւ ոչ կաթողիկոսն Ս. Էջմիածնի , ասէ, ձեռնադրեսցէ զոք, որ չիցէ ընդ իշխանութեամբ իւրոյ վիճակի։ Եւ եթէ ոք յեկեղեցականաց դասուէ եկեսցէ ի վիճակ մեր, հիւրասիրութեամբ մեծարեսցի, եւ թողցի նմա ժողովել կամաւոր նուէրս ողորմութեամբ. նոյնպէս եւ որոց առ ի մէնջ ի վիճակս Ս. Էջմիածնի երթիցեն, նովին սիրով եւ պատուով ընկալցին։ Սակայն մի ոք ընդդէմ իւրաքանչիւր աւանդութեանց՝ յեկեղեցական արարողութիւնս ձեռներէց լիցի փոփոխել զնոսա»։
       Այս թուղթը կ'ստորագրեն նաեւ Պարոնտէր Գրիգոր, Տփղեսցի Յակոբ, Մոկացի Կարապետ, Սեբաստացի Ներսէս Եպիսկոպոսներ, եւ Ջուղայեցի Տ. Ստեփանոս Աւգ. Քնյ ., Եւդոկիացի Տ. Մկրտիչ, Եւդոկիացի Տ. Ստեփանոս Քնյ ., Ամթեցի Տ. Ալեքսան, մհտ. Մագսուտ, մհտ. Գասպար, Խոճայ Խաչատուր, մհտ. Ախիջան, մհտ. Այտին (Արթին ?), Սեբաստացի մհտ. Միասար, մհտ. Մնացական, եւ դեռ ուրիշներ, որոնք ուխտաւոր գացած էին Երուսաղէմ, ներկայ գտնուած են ժողովին եւ ստորագրած են այդ թուղթը, որ ղրկուած է Էջմիածին։ Թէեւ Էջմիածին ներկայացուցիչ չունէր այդ ժողովին մէջ, բայց Փիլիպպոս Կաթողիկոս կ'ընդունի թուղթը . Սաւալան, Պտմ. Երուսաղէմի, Ձեռագիր, էջ 699-700, Հմմտ. Մ. Եպս. Նշանեանի Աշխրհ. Թրգմ. հետ, էջ 587-88)։
       Երկու աթոռներուն յարաբերութիւնը չբարւոքեցաւ այս թղթով ալ, ինչպէս կը հաստատեն անդրագոյն դէպքեր, մինչեւ Երուսաղէմի ժողովը (1651)։ Այս ժողովի մասին պիտի խօսինք Սիմէոնի յաջորդ Ներսէս Կաթողիկոսի վրայ գրելու ատեն։
       1646ին դարձեալ կը գտնենք զինք Երուսաղէմ, ուր գացած էր Աստուածատուր Վարդապետը Առաջնորդ դնելու Ս. Յակոբի Աթոռին վրայ, իր իսկ ձեռքով գրուած յիշատակարանի մը համեմատ ։
       Զմմառի Թիւ 26 Ձեռագիրը Աստուածաշունչ մըն է, գրուած Զէթուն, 1634ին, զոր 1673ին գնած է Անթէպի Առաջնորդ Անթէպցի Պօղոս Արքեպսիսկ . ։ Այս Ձեռագիրը Անթէպէն եկած է Հալէպ 1708ին եւ ապա Զմմառ հաւանաբար Արծիւեան Աբրահամի ձեռքով, որ 1691ին փոքր աստիճանները առած է Պօղոսի ձեռնադրութեամբ։
       Թղթ. 865ա. գլխաւոր Յիշատակարանէն։
       -«Եւ եղեւ սկիզբն եւ աւարտումն սորա աջողութեամբ Աստուծոյ , ի գիւղաքաղաքն ի Զէթուն , ընդ հովանեաւ Սրբոյ Սարգսի Զաւրավարի , եւ Սբ . Հրեշտակապետացն , եւ Սրբոյ Յակովբայ Մծբնայ Հայրապետին եւ Սբ . Աստուածածնին եւ Սբ . Կարապետին եւ Սրբոյ Գրիգորի Լուսաւորչին , եւ Պարսամայ եւ Թէոդորոսին , որ աստ կան մեզ ի յաւգնութիւն , ի թվականիս հայոց Ռ եւ ՁԳ (=1634), ի Հայրապետութեան Կիլիկեցւոց Տէր Սիմէոնին , ի յառաջնորդութիւն մեր վանացս Տէր Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսի , եւ այլ ամենայն քահանայից եւ ուղղափառ Սարկաւագաց , ամէն։
       Արդ որ հանդիպիք սմա յիշեսջիք սրտի մտաւք զստացաւղ սորա զՏէր Գրիգոր Վարդապետն եւ զծնաւղսն նորա . ընդ նմին եւ զմեղուցեալ գրիչս եւ զծնաւղսն իմ , զհայրն իմ զԱւետիք եւ զմայրն իմ Զմրութ , եւ զհաւրեղբայրք իմ զՆերսէս եւ զՎասիլ , եւ զեղբայրքն իմ զըՍտեփանոս քահանայն եւ զՏէր Ներսէս եպիսկոպոսն եւ զԿոստանդինն , որք առ Քրիստոս փոխեալ են։ Եւ զորդիքն իմ զՏէր Աւետիք եւ զմիւս զորդին իմ զՊրոխորն եւ զիմաստ (ուն ?) պատանին Ներսէս , որ աստ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս , եւ զամենայն արեան մերձաւորքս մեր . ամէն։
      
       Թղթ. 865բ. ։
       -«Յիշատակ է Աստուածաշունչս Սբ . Քառասունք Եկեղեցուն Հալպա քաղաքին բովանդակ միահամուռ հայոց քրիստոնէից ժօղովրդեան , թվին ՌՃԾԷ(=1708)։»
      
       Զմմառի թիւ 296 Ձեռագրէն, Հաւաքածոյ մը։
       Թղթ. 49բ. - 62. - «Պտմ . Վարուց Սրբոյն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի եւ տիեզերալոյս իմաստասիրի , սկսեալ ի նախնեաց նորին։ Սկսուած. - Աստուածային անբաւ գթութեանցն շնորհ , որ միշտ առ ի յօգուտ մարդկան , ըստ իւրաքանչիւր ժամանակի , առատաձիր նախախնամութեամբ Սրբոյ եկեղեցւոյ պարգեւի»…։
      
       -«Իսկ ի թուականութեանս Հայոց ՉԻԲ (=1273). զկնի ՃԱ (=101) ամի վերափոխման Սրբոյ Հայրապետին Ներսիսի, ի հրամանէ հօր Ստեփանոսի աստուածազարդ ծերոյ եւ սպասաւորէ սուրբ ուխտիս Ականց Անապատիս՝ շարագրեցաւ պատմութիւն սուրբ հայրապետին Ներսիսի եւ իւրոց նախնեացն ճշմարտաճառ եւ անսուտ պատմութեամբ ի ժամանակս քրիստոսապսակեալ բարեպաշտ թագաւորին Հայոց Լեւոնի, որդւոյ Թագաւորի Հեթմոյ, յաշխարհիս Կիլիկեցւոց։ Արդ վայելողք սուրբ գրոցս եւ արանցս պատմութեան՝ յիշեսջիք սիրով ի Քրիստոս զվերոյնշանակեալ պատուական Հայրն Ստեփաննոս եւ զամենայն եղբայրութիւն սուրբ ուխտիս, զմեծ եւ զփոքր, զքահանայ եւ զկրօնաւոր, ի մշտամատոյց յաղօթս ձեր. մանաւանդ յիշման արժանին ստացող զընդհանուր տիեզերական նամակին Սրբոյն Ներսէսի, զիշխանն իշխանի որդին Պարոն Սքանտար Չալապին. զի յոյժ փափաքանօք եւ յօժար եւ ջերմեռանդ սրտիւ ետ գրել զսա յիշատակ իւրն եւ ծնօղաց նորին, հօրն Պարոն Սանոս Չալապուն, եւ մօրն Շահմելիք Խաթունին, եւ իւրայնոցն ամենեցուն։
       Իսկ ես , թարմատարս եւ տկարացեալս ի բնաւին բարեաց գծագրեցի զընդհանրական նամակս սրբոյն Ներսէսի ի թուականիս Հայոց ՌՁԴ (=1635), ի մայրաքաղաքն Բերիայ , որ այժմ կոչի Հալէպ , ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնին եւ սուրբ Քառասունք Եկեղեցեաց , ի հայրապետութեան Կիլիկիոյ նահանգին տեառն տէր Սիմէոն Կաթողիկոսին եւ ի բռնակալութեանն Տաճկաց Սուլթան Մուրատին , ձեռամբ յոգնամեղ եւ եռաթշուառ զառածեալ անձին , անհմուտ եւ անարհեստ տրուպ եւ փծուն գրչիս Լեհցի Մկրտչի։ Աղաչեմ զձեզ զվայելողք սորին , յիշեցէք զվերոյիշեցեալ զյիշման արժանին Պարոն Սքանտար Չալապին ի սուրբ եւ ի մաքուր աղօթս ձեր . ընդ նմին եւ զիս զանարժանս եւ զծնողսն իմ» եւայլն։
      
       Տէր Մարգարեանց Ձեռագիրներէն, Սաղմոսի Մեկն. Վարդան Վարդապետի, նօտրագիր, գրիչ Աստուածատուր Քահանայ.
       -Փառք........ . (ամբողջ երես մը).
       Գրեցաւ Սբ. Գիրքս ի Հայրապետութեան Տեառն Տէր Սիմէոն Կաթողիկոսին.
      
       Եւ էր թիւն Հայոց ՌՁ եւ Է աւելի (=1638).
       Ի Մայի ամսոյ ԺԲ. (=12).
       Ձեռամբն ումեմն անարժանի,
       Աստուածատուր Քահանայի.
       Որ կարգ առի ես հրեշտակի,
       Բայց վարքս իմ է խիստ աղտեղի.
       երբ դու կանգնիս ի յատենի,
       Եւ այս գիրքս ի քեզ հանդիպի,
       Յիշման առնէք զիս արժանի.
       Եւ մի բերան Տէր ողորմի։
       Եթէ յաւել գրչի սղալանք,
       Ձեր գիտութեամբդ ի բաց բառնայք.
       Զի գրագրութեան սովոր չէաք.
       Եւ այտչափ միայն կարացաք։
       Բայց Տէրն քաղցր է եւ բարի,
       Եւ յոյժ գթա իւր ծառայի,
       Միայն թէ աստ խոստովանի,
       Եւ ընդ պիտոյն ապաշխարի,
       Ընդ հրեշտակաց դասաւորի,
       Եւ հանապազ ուրախ լինի.
       Եւ Քրիստոսի մարդասիրի
       Փառք յաւիտեանս , ամէն։
      
       Դարձեալ աղաչեմ յիշել ի Տէր զԼէհցի Տէր Կիւրեղ Քահանայն եւ զմայրն իմ զԱսմին, եւ զամենայն արեան մերձաւորսն իմ. եւ որ յիշէք յիշեալ լիջի, ի Քրիստոսէ Աստուծոյն մերոյ. գրեցաւ ի մայրաքաղաքս Միսիս ընդ հովանեաւ (տողը ջնջուած եւ նոր գրչով գրուած) սրբոցն որ աստ կան մեզ ի պահպանութիւն։
       Այլ եւ աղաչեմ զձեզ յիշեցէք յաղաւթս ձեր զվարպետն իմ, զԼէհցի Տէր Աբրահամ Քահանայն, որ է այժմուս ի քաղաք ի Ատանայ (կարծես այս բառն ալ ջնջուած է) որ բազում աշխատութեամբ ուսոյց զիս։ Տէր Աստուած իւրն երկար ժամանակ տացէ ամէն։
       Ով Հայր իմ Տէր Թէոդորոս Վարդապետ, անմեղադիր լեր. թանաքս խիստ քամէր, եւ սիրտս տրտում. անմեղադիր լեր. զմեզ ի աղաւթքդ յիշէ . ամէն»։
      
       ՍԻՄԷՈՆԻ ԹՈՒՂԹԸ
       Կաթողիկոսական Աթոռին Էջմիածնի մէջ վերանորոգումէն (1441) յետոյ խնդիրներ ու կնճիռներ պակաս չեղան երկու աթոռներու միջեւ, անոնց թեմական իրաւասութեանց կողմէն։ Եւ գլխաւոր դժուարութիւնը կը դառնար ձեռնադրութեանց շուրջ։ 1441էն յետոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները իրաւասութիւն ունէին ձեռնադրութիւն կատարել Էջմիածնի թեմին պատկանող թեկնածուներու վրայ, մասնաւորապէս եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն։
       Էջմիածին կը պնդէր թէ Սիսի կաթողիկոսները իրաւասու չեն. իսկ անոնք, ընդհակառակը, տարբեր կերպով կ'ըմբռնէին կացութիւնը հիմնուելով 1441էն յառաջ տիրող աւանդութեան վրայ։ Եւ այս կէտին մէջ Կիլիկեցիք իրաւունք չունէին, որովհետեւ իրաց վիճակը փոխուած էր բոլորովին։ Էջմիածին Մայր Աթոռ ճանչցուած էր, եւ ան իրաւունք ունէր պահանջել Կիլիկիոյ Աթոռէն որ իր սահմաններէն անդին չանցնի Ձեռնադրութեան խնդրին մէջ։ Եւ պէտք է դիտել որ երկու կողմերն ալ տեւականօրէն իրարմէ տարբեր չէին խորհեր. բայց գործնականին մէջ բոլորովին կը տարբերէին իրարմէ, մանաւանդ երբ եսը ծառանար անոնց ներսը։ Այն ատեն կարգ կանոն, պատմութիւն, աւանդութիւն կ'ենթարկուէին այլազան մեկնութիւններու։
       Կ'ենթադրենք որ բազում թղթակցութիւններ եղած ըլլան երկու աթոռներու միջեւ այսպիսի խնդիրներու շուրջ, բայց անոնք կորսուած են, եւ միայն Սիմէոն Բ. ի այս թուղթն է որ հասած է մեզի, որուն մէջ յուզուած եւ լուծուած են մէկէ աւելի խնդիրներ, որոնք մեծապէս շահեկան են պատմական եւ կանոնագիտական դիտակէտներէ։
       Պատմական դիտակէտէն կարգ մը դէպքեր եւ դէմքեր լոյսի կուգան այս թուղթին մէջ, որոնք բոլորովին մութի մէջ թաղուած պիտի մնային։
       Կանոնագիտական դիտակէտէն ալ կը ծանօթանանք ժամանակակից կաթողիկոսներու եկեղեցւոյ կանոններն ու սովորութիւնը հասկնալու եւ մեկնելու մտայնութեան։
       Սիմէոն կթղս. ի թուղթը ա՛յնպիսի վաւերագիր (document) մըն է, որ պահած է իր շահեկանութիւնը անցեալի մէջ, - եւ պատմութեան համար միշտ աղբիւր մըն է թանկագին - եւ այս պատճառով ալ շատ կարդացուած է եւ տարածուած, եւ ձեռքէ ձեռք ընդօրինակուելով, բաւական տարբերակներ երեւան եկած են անոնց մէջ։
       Սիմէոնի թուղթը մէկէ աւելի Ձեռագիր ունի ։ Մեզի ծանօթ են երկու հրատարակութիւն, մին Իզմիրի Արեւելեան Մամուլի, 1890, Հոկտ-Նյմ-Դկտմ. թիւերուն մէջ, իսկ միւսը Էջմիածնի Միաբան Յուսիկ Եպիսկոպոսի հրատարակութիւնը՝ Արարատի մէջ, որ առանձին տետրակով լոյս տեսաւ 1904ին։
       Արեւելեան Մամլոյ հրատարակութիւնը անխնամ ձեռագրի մը վրայ եղած է։
       Մենք Սիմէոնի Թուղթը կը դնենք հոս մեր աշխարհաբարով, Արեւելեան Մամուլի օրինակին վրայ, բայց ուղղագրելով ըստ Յուսիկ Եպիսկոպոսի հրատարակութեան։
      
       ՍԻՄԷՈՆ Բ. Ի ԹՈՒՂԹԸ
       Առ ի վերուստ պատուեալ եւ ի գերակայ Էէն բարգաւաճեալ հռչակելի եւ հաստահիմն մենաստանէս եւ ի հրեշտակաբնակ խորանացս եւ յերկնանման յօրինեալ գերահռչակ ուխտիցս, գմբեթաշէն եւ սագաշէն սրբոց եկեղեցեացս տանս Կիլիկիոյ Սըսայ Սրբոյ Էջմիածնի, Սրբոյն Սոփիայ եւ Սրբոյ Աստուածածնի, եւ Սրբոյ Լուսաւորչի աջոյն եւ այլոց աջերացն, որք աստ կան հաւաքեալք, եւ ի սոցին սպասաւորէ նուաստ Տէր Սիմէոն Կաթողիկոսէ Ամենայն Հայոց եւ Պատրիարքէ Սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղեմայ, առ հոգեւոր եղբայր մեր Տէր Փիլիպպոս Կաթողիկոս Հայոց։
       Գիտցի՛ր որ ընդհանրական թուղթ մը գրած էիր տեառնառաք ողջոյնով եւ սիրով մեր բոլոր արմենական ժողովուրդին Կիլիկիոյ մէջ, Սիս եւ Բերիա, այսինքն ընդհանուր կերպով Սիսի Աթոռին սեպհական վիճակին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի միագումար բոլոր զաւակաց, եպիսկոպոսաց, վարդապետաց, քահանայից, սարկաւագաց եւ այլ սրբոց հարց։
       Նախ գրած ես. «Յուշ լիցի ձեզ, ով հետեւողք Առաքելոց » եւայլն, Սողոմոնէ վկայութիւն բերելով թէ «Հզօր է քան զմահ սէր եւ խիստ իբրեւ զդժոխս՝ նախանձ » (Երգ Երգոց , Ը. 6)։
       Այո՛, ճշմարիտ է ըսածդ. բայց ո՞րն է սիրոյ կարգը. այսինքն երկու է. առաջին խնդրելով սիրելը, որ նախանձ է եւ ասիկա խիստ է դժոխքի պէս. վասն զի խնդրողը իր խնդրածէն պակաս կ'առնէ. իսկ երկրորդը առանց խնդրելու սիրելն է, ասիկա գերադրական է, որովհետեւ Աստուծոյ կը նմանի. ինչպէս որ կ'ըսէ Առաքեալը. «Ոչ զի մեք սիրեցաք զնա, այլ զի նախ նա սիրեաց մեզ » . Յովհ . Դ. 10)։
       Եւ մտերիմ սէրը այն է որ գործնականապէս խնամք կը տանի եւ գիտակցութեամբ (մտքով ) կը սիրէ. իսկ խնամք տանիլն է խոնարհութեամբ խօսիլ՝ ողոքելով. վասն զի կան խօսքեր որ թէեւ ողոքական են, բայց կը խրտչեցնեն մարդը։
       Եւ ասոնց ոչ մէկը կը տեսնենք քու վրայ. այս բոլորը հեռի են քեզմէ. որովհետեւ սէրէն միայն լեզուով կը տոչորիս եւ նախանձով բռնկած ոսկորներդ մշտակէզ կ'ընեն քեզ։
       Ըսած ես թէ «Հուր սիրոյ ձերոյ տոչորեալ մշտակէզ առնէ զոսկերս իմ յարաժամ փղձկմամբ սրտին, որ ոչ բաւի եւ պատմի քարտիսիւ եւ տոմսիւ. միայն առ Աստուած յայտնի է այս»։
       Այս խօսքերովդ դուն քեզի կը ստես. վասն զի քու ներսդ ո՛չ սիրոյ կրակը կայ, ո՛չ տոչորում, ո՛չ ոսկորներուդ մէջ մշտակէզ այրում, ո՛չ ալ սրտով կը փղձկիս, վասն զի սէրը սրտանց կ'ստիպէ զայն ունեցողը. իսկ քու սէրդ ո՛չ սրտանց է, ո՛չ հոգեւոր, ո՛չ ալ մարմնաւոր։
       Կրկնած ես ըսածդ թէ «քան զմահ հզօր ասացաք զունելութիւն սիրոյ եւ գթոյ, որոյ չիք նմանութիւն յայլ մամնաւոր իրս»։
       Ասոնց քով ո՞րն է քու գութդ, ո՞րն է քու սէրդ։ Սէրը կ'ստեղծուի նախ զիրար տեսնելով. երկրորդ խօսակցութեամբ, երրորդ երթեւեկութեամբ, չորրորդ պատգամով եւ նամակով, հինգերորդ միջնորդումներով։ Արդ , ըսէ տեսնենք, ասոնցմէ ո՞ր մէկը կը գտնուի վրադ. դուն ո՛չ այս ժողովուրդը տեսած ես, ո՛չ ինծի հետ խօսակցած ես, ո՛չ այս ժողովուրդին մէջ երթեւեկով պտտած ես, ո՛չ պատգամով, ո՛չ նամակով սէր ցուցուցած ես այս ժողովուրդին, ոչ միջնորդներով սիրոյ եւ գութի յորդորներ ըրած ես, ո՛չ ալ նամակդ եկած է մեզի։
       Ուրեմն ո՞ւր է քու քան զմահ սէրդ եւ գութդ. ամենեւին չկայ. քու ողոքելդ շողոքորդել է. ո՛չ սէր եւ ո՛չ գութ ունիս. որովհետեւ եթէ սէր եւ գութ ունենայիր դէպի մեզ եւ մեր ժողովուրդը, սիրոյ նամակով եւ անուշ խօսքերով յորդորական սէր կը ղրկէիր մեզի։
       Բայց մենք դեռ քու համբաւդ չենք լսած, ո՛չ քեզ տեսած ենք, ո՛չ ալ յորդորական նամակդ եկած է մեզի։ Սակայն կը տեսնենք որ գեհենի կրակին պէս բռնկած բորբոքած ես, որ կ'այրէ կը տոչորէ ամէն բան. վասն զի քու յօժարութիւնդ նախանձ է կրակի պէս, որ կ՛ուզես սպաննել եւ կորուսանել արեւմտեաններս, բայց չես կրնար. որորվհետեւ «Եթէ տէր ի մեր կոյս է, ո՞վ իցէ ի ձէնջ մեզ հակառակ » (Հռոմ. Ը. 31). վասն զի «Տէր ամբարտաւանից հակառակ կայ, տայ շնորհս խոնարհաց» (Առակ . Գ. 34)։
       Դարձեալ գրած ես թէ «Դէտ գոլով մեր, պարտիմք զփրկութիւն հոգալ Հօտին Քրիստոսի, ըստ Առաքելոյն։ Քանզի Յունաց եւ բարբարոսաց իմաստնոց եւ անմտից պարտապան եմ » (Հռոմ . Ա. 14)։
       Այո՛, ճշմարիտ են ըսածներդ. ինչպէս որ քարոզեցիր Լեհաց երկրին մէջ, եւ մինչեւ այսօր ալ հրապարակաւ կը խօսուի բոլոր ժողովուրդներու մէջ։
       Իսկ վերեւ գրած ես «Օրհնութիւն ընդհանրական ». ասով ալ ունայն սէրդ կը յայտնես. վասն զի ըսած ես «երկնչիմ յոմանց դիւրասայթաքաց »։ Ո՞վ է դիւրասայթաքը. դուն քեզ կը սայթաքեցնես, դուն քեզի ընդդիմադիր կ'ըլլաս։ Օրինակ ալ բերած ես Եսայիէն թէ «Որք յարեն տուն առ տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձեցուցանեն » (Ես . Ե. 8)։
       Ըսէ՛ք, ո՞ր տունը կցեցինք տան, ո՞ր ագարակը միացուցինք ագարակին։
       Աւա՜ղ յիմարութեանդ։
       Դուք ինչո՞ւ յափշտակեցիք Աղուանից Տունը (երկիրը ). քանի որ ձեր թուղթին մէջ գրած էիք թէ ինքնագլուխ Աթոռ է Սուրբ Լուսաւորչէն հաստատուած։ Նոյնպէս Աղթամարի Աթոռը նուաճեցիք ձեր իշխանութեան ներքեւ, որ 526 տարիէ ի վեր ինքնագլուխ կաթողիկոսներ ունէր, թէեւ պատմութիւնը կը պարսաւէ։
       Տեսէ՛ք այժմ, ե՞ս եղայ կցողը տուն առ տուն եթէ ոչ դուն «ուտելով զտուն այրեաց, պատճառանօք երկարել զաղօթս, զի աւելի եւս դատաստան ընդունիցիք » (Մրկս . ԺԲ. 40)։
       Դարձեալ գրած ես. «Իւրաքանչիւր ոք յոր կոչումն կոչեցաւ, ի նմին կայցէ» . Կրնթ. Է. 20) եւ իւրաքանչիւր ոք զիւր բեռն բառնալոց է»։
       Արդ, քանի որ գիտես թէ ամէն մէկը իր բեռը պիտի վերցնէ, ուրեմն դուն ինչո՞ւ համար յափշտակեցիր ուրիշներուն վիճակներն ու տուները, այսինքն՝ Աղուանները եւայլն, ինչպէս որ գրուեցաւ վերեւ։
       Դարձեալ գրած ես. «Եւ զի թէ իցէ առադրել օրինակս, ո՛չ իսկ գոյ ոք, որ պատասխանատրեսցէ. քանզի անհատն եւ տեսակն ի սեռն տեսանին, եւ ո՛չ սեռն եւ տեսակն՝ յանհատն. քանզի ամենայն տեսակ եւ անհատ կենդանի են, բայց ո՛չ ամենայն կենդանի՝ մարդ է. որպէս մասունքն ի հանուրն տեսանին եւ ո՛չ հանուրն ի մասունս»։
       Այո՛. այս խօսքը բազում միտք ունի, եւ դուք այն մտքով գրած էք ասիկա իբրեւ թէ դուք առաջին էք, իսկ մենք վերջին , կամ թէ դուք գլուխ էք եւ մենք մասունք. վասն զի ըսելդ թէ ո՛ կրնայ ասոր պատասխան տալ, ըսել կ'ըլլայ թէ խօսքը ձեր կողմն է։
       Այո՛, երբեմն այդպէս էր. վասն զի առաջին Կաթողիկոսութիւնը սկսաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչէն, եւ մինչեւ Յովսէփ տասներկու կաթողիկոսներ նստան Վաղարշապատ, անկից փոխադրուեցան Դուին, եւ հո՛ն նստան քսան երեք կաթողիկոսներ. անկից փոխադրուեցան Արամոնք, եւ հո՛ն նստան քսան մէկ Կաթողիկոսներ. անկից փոխադրուեցան Անի, եւ հոն նստան երեք կաթողիկոսներ։ Պետրոս Կթղս. եկաւ Սեբաստիա նստաւ Նղե (=1046ին ) եւ անոր քեռորդի Խաչիկ Կթղս. Կոկիսոն նստաւ Հայոց Գագիկ թագաւորին հրամանով. Վկայասէրը նստաւ Ծամնդաւ, բայց շրջագայութեամբ. Բարսեղ Կաթողիկոս նստաւ դարձեալ Անի, եկաւ Աղթամար, յետոյ վախճանեցաւ Հայոց Վասիլ իշխանին քով։ Իսկ Հայոց ՇԿԲ (=1113) թուին Գրիգորիս ձեռնադրուեցաւ հայրապետական աթոռին, եկաւ Հռոմկլայ Հայոց Ո (=1151) թուին, եւ տասը կաթողիկոսներ նստան Հռոմկլայ, 141 տարիներու ընթացքին, մինչեւ Հայոց ՉԽԱ (=1292) թուականը, երբ եկաւ Մսրայ Սուլթանն Աշրաֆ, առաւ Հռոմկլայն, քանդեց, աւերեց եւ աւարեց. եւ յետոյ Սուրբ Լուսաւորչին Աջը եկաւ Կիլիկիա, այսինքն Սիս, Հայոց Թագաւոր Հեթում Բ. ի։ Եւ հո՛ս շինուեցան Էջմիածին, Ս. Սոփիա եւ Ս. Աստուածածին կոչուած տաճարներ՝ հո՛ն (Վաղարշապատ ) եղող եկեղեցիներու մտքով։ Եւ վարդապետներ ու եպիսկոպոսներ, որոնց մէկն էր Գէորգ Լամբրոնացին, կաթողիկոս ձեռնադրեցին Գրիգոր Անաւարզեցին։ Անկէց մինչեւ այսօր հայրապետութիւնը հաստատ կեցած է հոս, եւ Սուրբ Լուսաւորչի Աջը «ի սմա բնակեցաւ, զի հաճեցաւ ընդ սա » (Սղմս. ՃԼԲ. 13-14), եւ եղեւ սա գլուխ որ է անհատն սեռ, եւ առաջինն վերջին, ըստ Աւետարանին (Մտթ. ԺԹ. 30) եւ ըստ Սաղմոսի կցորդին (ՃԾ ), որ է մասն հանուր։
       Եւ ՃԽԹ (=149) տարի յետոյ, հայոց ՊՂ (=1441) թուին , Արեւելցիքդ անհնազանդ ըլլալով Ս. Լուսաւորչի Աթոռին իրենց քմահաճոյքով Խորվիրապցի Կիրակոսը ղապալայով (=կաշառ ) կաթողիկոս ձեռնադրեցին, ինչպէս որ յայտնի է Կեսարացի Գրիգոր Վարդապետի գրածէն։
       Ահա՛ ա՛յս է քեզի պատասխանս։
       Մեր այս հոգելից հայրը, երիցս երանեալ Րաբունապետն, եւ անյաղթ փիլիսոփայն եւ պայծառ ջահն եկեղեցւոյ, այսպէս կը վկայէ իր ձեռագրին մէջ.
       -«Ես անարժան Գրիգորս, Պիտակ անուամբ կոչեցեալ Վարդապետ եւ Պատրիարք , յորժամ ելի ի Կոստանդուպօլսոյ եւ եկի ի Կեսարաիա , եւ հարկ եղեւ ինձ գնալ ի Բերիա, այսինքն ի Հալապ, վասն նուիրակութեան սրբոյն Սաղիմայ, զոր յառաջագոյն կամօք եւ միաբանութեամբ Տեառն Ազարիա Կաթողիկոսին եւ Վարդապետացն Հայոց Տ. Ղուկաս, Տ. Սրապիոն եւ Տ. Դաւիթ Եպիսկոպոսացն, որ յԵրուսաղէմ, յանձն առի զծառայութիւն նուիրակութեան Սրբոյ Երուսաղէմայ, զոր կատարեցի իսկ զնոյն մատակարարութիւն. եւ ի գնալն կամեցայ անցանել ընդ երկիրն Կիլիկեցւոց՝ վասն այսքան պատճառացս. նախ յերկրպագութիւն Սրբոյ Լուսաւորչի Աջոյն. երկրորդ ի տեսութիւն Տեառն Յովհաննու նորընծայ Կաթողիկոսին Տանն Կիլիկիոյ, եւ վասն համոզելոյ զնոսա ի խաղաղութիւն. զի Տէր Յովհաննէս Վարդապետն ի Սիս է ձեռնադրեալ Կաթողիկոս, եւ Պետրոս Վարդապետն ի Հալապ, եւ այսպէս երկպառակութիւն անկեալ ի մէջ ինքեանց։
       Ի թուականին ՌԾԱ (=1602) եւ Մայիսի Թ. (=9) եկեալ հասի ի գաւառն Կիլիկիոյ, ի դղեակն որ կոչի Վահկայ. զի անդ էր ամարանոց Կաթողիկոսարանի. եւ ի տեսանելն զմիմեանս ոչ սակաւ ուրախութիւն եղեւ մեզ եւ ամենայն քրիստոնէից։ Եւ եղեւ ինձ մնալ անդ ԼԱ (=31) օր, Մայիսի ԻԹ (=29)էն մինչեւ ԻԸ (=28) Յունիսի։
       Եւ ժողովեցան առ անարժանութիւնս իշխանազունքն եւ ամենայն գլխաւորք ժողովրդեան Տանն Կիլիկիոյ եւ աղաչեցին թէ վասն Աստուծոյ ուղիղ դատաստան արա մեզ ըստ կանոնաց եւ ըստ հայրենի հրամանաց եւ աւանդութեանց Տանս Հայոց։
       Եւ ետու ձեռագիր վկայական ի ձեռս սոցա , այսպէս։
       Զի ըստ առաքելական վիճակի գիտեմք վիճակեալ զՏունս Հայոց Առաքելոյն Թադէոսի, եւ Աթոռ առաջին զԿեսարիա. զի ինքն սուրբ Առաքեալն Թադէոս ձեռնադրեաց զմի յաշակերտաց իւրոց, Թէոփիլոս անուն, զոր Ղուկաս յիշէ զսա յսկիզբն Աւետարանին եւ ի պրակս Առաքելոցն (Ղկս. Ա. 3 եւ Գործք Ա. 1). զսա կարգեաց Ս. Առաքեալն Թադէոս առաջնորդ Հայաստանեայցս։ Յաղագս այսմ պատճառի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն Հայոց ի Կեսարիա ընկալաւ զձեռնադրութիւնն։ Եւ այսպես ամենայն կաթողիկոսք լինէին մինչեւ ի չար ժողովն Քաղկեդոնի, զոր Յոյնք կամեցան եւ արարին։ Յայնժամ բաժանեցան Հայք ի Յունաց, եւ այլեւս ոչ ընկալան զձեռնադրութիւնն ի Յունաց, եւ եղեւ ինքնագլուխ կաթողիկոսութիւն Հայոց։
       Բայց առ ի ոչ ունելոյ զհաստատութիւն ազգն հայոց վասն առաւել շփոթմանց եւ խռովութեանց, այսինքն երբեմն ի Թաթարաց եւ ի Պարսից, եւ երբեմն ի Յունաց. վասն որոյ յայլեւայլ տեղիս նստէին Կաթողիկոսունք Հայոց. երբեմն ի Վաղարշապատ, երբեմն յԱնի, երբեմն յԱղթամար, երբեմն ի Ծովքն եւ ի Քերսոն, երբեմն ի Հռոմկլայն, եւ յայլ բազում տեղիս, զոր ոչ երկարեմք։ Բայց ի վերջին ժամանակս, ի ձեռն թագաւորացն Կիլիկիոյ, հաստատեցաւ կաթողիկոսութիւն ի Սիս, կամօք եւ միաբանութեամբ ամենայն Հայոց, եւ ոչ թէ միով ումեք կամ երկոքումբք. որ ՃԺԱ (=111) ամք են, բաց ի Հռոմկլայէն, որ Տունն Կիլիկիոյ հաստատութեամբ ունի զԱթոռն Կաթողիկոսութեան մինչեւ ցայսօր, եւ է այժմ նորընծայ Կաթողիկոս Տ . Յովհաննէսն։
       Որպէս եւ մեք բերաք զհաւանութեան ձեռագիր ամենայն եպիսկոպոսաց այսմ նահանգիս եւ Աթոռոյս, ապա եւ մեք ձեռնագրեցաք եւ տուաք զհաւանութեան թուղթս ի ձեռս սոցա։
       Որեւ հնազանդեալքն այսմ աթոռոյս, օրհնին յԱստուած եւ յամենայն Սրբոց նորա եւ ի մէնջ . Ամէն։
       Իսկ անհնազանդքն եւ հակառակողքն եւ թշնամանողքն այսմ Սրբոյ Աթոռոյս , դատապարտեսցին յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց նորա, եւ անիծեալ եղիցին ի կեանս եւ ի մահ։
       Եւ չունի ոք իշխանութիւն այլեւայլ ասել այս Սրբոյ Լուսաւորչի Աթոռոյս ոչ ի մերոց եւ ոչ յօտարաց։ Իսկ եթէ ընդդիմանան բանիւ կամ թղթով կամ այլով իւիք իրօք, անիծեալ եղիցին կրկին անգամ յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց նորա։ Իսկ ընդունողքն սորա օրհնեալ լիցին յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց նորա եւ ի մէնջ . Ամէն»։
       Դարձեալ, ըստ պատմութեան, երբ Հայոց կաթողիկոսներ Հռոմկլայ եւ Սիս կը նստէին մեր թագաւորներու կամակցութեամբ, Արեւելք անուանի վարդապետներ կային. նախ՝ Մխիթար Քօշ, որ արեւելցի Զաքարէ իշխանին խնդիրքը յղեց Սիս, Լեւոնի Ա. օծեալ թագաւորին եւ Հայոց Կաթողիկոս Տ. Յովհաննէսին, որոնք ժողով ըրին եւ կատարեցին խնդիրքը։ Յետոյ՝ անոր աշակերտ Վանական Վարդապետ եւ նորին աշակերտ Մեծն Վարդան Վարդապետ, որ եկած էր երկրպագելու Սուրբ Աջին եւ տեսնելու Հեթում Ա. Թագաւորը, որոնք Կոստանդին Կաթողիկոսին հետ ժողով ըրին մեր ՈՂԵ (=1246) թուին, Սիս Մայրաքաղաքը, Ս. Սոփիա Եկեղեցւոյն մէջ, ԻԵ (=25) յօդուածներով կանոն գրեցին, տուին Մեծ Վարդան Վարդապետին, որ տարաւ Արեւելք, եւ ղրկեց մերոնց հաւանութեան գիրը։ Կիրակոս պատմագիրն է որ կը գրէ ասոնք։
       Յետոյ Վարդանի աշակերտ Ներսէս, ասոր աշակերտը Եսայի, ասոր աշակերտը Յովհաննէս Որոտնեցի, ասոր աշակերտը՝ Գրիգոր Տաթեւացի, որ Հայոց ՊԾԶ (=1407) թուին Աղթամարցիները ղրկեց Սիս, Յակոբ Կաթողիկոսին, եւ հնազանդեցան Ս. Լուսաւորչի Աթոռին, եւ եղեն մի հօտ եւ մի հովիւ, ինչպէս որ կը գրեն Գրիգոր Տաթեւացի եւ ասոր աշակերտներն Պօղոս եւ Մատթէոս ։
       Իսկ այն Պօղոսը, որ Սիս Կաթողիկոս նստաւ, անոր գերեզմանը մեր Ս. Աթոռին մէջ է, զոր ինքն շինեց ՊԿԲ (=1413) թուին, ինչպէս որ փորագրուած է Աթոռիս դրան վերեւ եւ Ճաշոցի յիշատակարանին մէջ, զոր ինք գրել տուաւ։
       Արդ ասոնց ատեն կաթողիկոս չի կար Էջմիածին, բայց կար Սիս, անոնք ինչո՞ւ կամակից եւ հնազանդ եղան Սիսի կաթողիկոսներուն, ուր նոյն ինքն Պօղոս ալ կաթողիկոս եղաւ. միթէ կաթողիկոսի ժողովին վարդապետները ասոնցմէ աւեիլ վեհ եւ իմաստուն էին ։
       Գիտեմ որ ասիկա չէք կրնար ըսել։
       Եթէ չպատկառեցար ուրիշ գիրքերէ եւ կամ այս սուրբ վկաներէ, գոնէ պատկառէ ձեր հայրերէն, այսինքն Կեսարացի Գրիգոր Վարդապետէն, դուք որ անոր հեղինակութեամբ կը պարծիք։ Բայց դուք մտիկ կ'ընէք զրաբան չարախօսներուն, որ կ'ապականեն ականջները, նման Յուդայի, որ պատիւ, աստիճան եւ իշխանութիւն առաւ, բայց յետոյ մատնեց իր Տէրը նարդոսեան իւղին նախանձով (Յովհ. ԺԲ. 3-7)։ Դարձեալ մեզ համար ըսած ես անուանեալն Կաթողիկոս։ Դուն չե՞ս վախնար Աստուծմէ եւ տէրունական հրամանէն - «որ ասէ ցեղբայր իւր մորոս կամ յիմար պարտաւոր լիցի գեհենոյն » (Մտթ . Ե. 22)։
       Հրեաներ ալ Սամարացի կը կոչէին Քրիստոսը (Յովհ. Ը. 48)։ Ուրեմն դուն ալ անոնց պէս, որ Առաքեալներուն պատուիրեցին չյիշել այդ անունը (Յիսուսի, Գործք. Ե. 40), պատուիրէ որ չյիշեն կաթողիկոս անունը։ Ռափսակ ալ կը հպարտանար բարեպաշտ Եզեկիայի վրայ, եւ կը մեծաբանէր այսպէս. Ըսէք Եզեկիայի . Թգր . ԺԸ. 19)։
       Միեւնոյն չէ՞ այն գիրքը (=Մաշտոց ) որ քեզ ալ ձեռնադրեց, զիս ալ ձեռնադրեց. նոյն առաքելական կարգը չէ՞ որ քու եւ իմ վրայ հաւասարապէս կատարուեցաւ. թող որ մերինը մէկ բանով ալ աւելի է. որովհետեւ Գրիգոր Վարդապետը (Կեսարացին ), որ իր ձեռքով մեզի գաւազան տուաւ, նոյն ձեռքով հայրապետական գաւազան ալ տուաւ մեզի. եւ աւելին այս է որ իր ձեռքով գլխուս վրայ դրաւ Սուրբ Լուսաւորչի Աջը, թող Սեղբեստրոսինը եւ ուրիշները։
       Ուրեմն հիմայ ո՞վ եղաւ անուանեալը ո՛վ Փելիքս եւ Փելիդէս ։
       Վերոգրեալներով չէ որ կը պարծինք մենք, քաւ լիցի. իսկ եթէ պարծինք ալ, պատճառ ունինք պարծելու. վասն զի Ս. Լուսաւորչի Աջը, պարծանքներուն պարծանքը մեր քովն է, եւ Ս. Երուսաղէմ ալ մեր թեմն է։ Այս տեղ ուրիշ երկու ազնուական եւ գերադրական գիտութիւն ալ կայ ի պարծանս Ազգիս Հայոց. մեկը գրչութեան արհեստը, իսկ միւսը՝ Երաժշտութինը։
       Գրչութեան արհեստը յայտնի է ամէն տեղ, մանաւանդ ձեր քով շատ գիրքեր կան։ Երաժշտութիւնն ալ յայտնի է, որովհետեւ ամէն կողմ տարածուած է. այսպէս Ասպահանի Խաչատուր Վարդապետը, որ Վասիլ Եպիսկոպոսէն առաւ պաշտամունքը (=երաժշտութեան արուեստը ) եւ քահանայական կարգը։
       Արդէն կ'ըսուի.
       Սաղմոսն ի Մըշայ,
       եւ խազն ի Սըսայ։
       Ինչո՞ւ երկնցնենք, ասիկա յայտնի է ձեզի եւ ամէնուն։
       Դարձեալ, քու վարդապետդ, Մովսէս Կաթողիկոս գրած է Կեսարացի Գրիգոր Մեծ Վարդապետին, թէ մեր Մայր Ս. Եկեղեցին Միաբանութիւն (=Միութիւն ) կ'ուզէ, մէկ հարսի մէ՛կ փեսայ. երկու կամ երեք, հակառակ է Կանոնքի։ Գրած էր նաեւ թէ ասիկա կ'ըսեմ ոչ թէ իմ հաստատութեան համար, որովհետեւ ես իմ կամքով կ'ուզեմ հրաժարիլ իմ բաժինէս, եւ դուք ուր որ կամիք եւ կը հաճիք, հոն հաստատեցէք , եւայլն։
       Այո՛, ճշմարիտ է ըսածդ. մէկ հարսի մէկ փեսայ . բայց դուք ըրիք երկրորդը. վասն զի Սուրբ Գրիգորէն մինչեւ Յովսէփ՝ 90 կաթողիկոս կայ. ասոնց ամէնքն ալ մէկ հարսին մէկ փեսայ էին, բայց երկրորդին դուք պատճառ եղաք. ասոր համար Գրիգոր Վարդապետ (=Կեսարացին ) շատ տեղեր ապստամբ կը կոչէր քեզ. ինչպէս որ այդ Յակոբ Աբեղան, որ հիմայ Վարդապետ եղած է, իր ականջով լսած է Գրիգոր Վարդապետէն Մովսէս Կաթողիկոսին գրածը թէ «Տէր Վարդապետ, իմոյ զօրութիւն ի ձեռին քոյ է », եւ այդ թուղթը մեր քով է։
       Ըսած ես թէ «ընդէ՞ր ձեռնադրութիւն առնես ի մերում վիճակի. ուստի հանդերձեալ իմ որոշել » եւայլն։
       Ահա ասոր պատասխանը, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրամայածին պէս. «Հայր իմ մինչեւ ցայժմ գործէ, եւ ես գործեմ » (Յովհ . Ե. 17)։
       Մեր նախնի վեհագոյն Կաթողիկոսներ, որ Գլխաւոր (=Մեծ ) Վարդապետներ էին, եւ հմուտ կանոններու, ձեռնադրութիւններ ըրին։ Ահա՛ անոնց անունները.
       Նախ՝ Խաչատուր Կաթողիկոս, որ ձեռնադրեց Ակնայ Մկրտիչ Եպիսկոպոսը. երկրորդ՝ Տիրատուր, որ Կաթողիկոս անուանուեցաւ, Անկիւրիոյ վրայ ձեռնադրեց Սարգիս Եպիսկոպոսը, որ յետոյ Պատրիարք եղաւ Կ . Պոլսոյ։
       Անկից յետոյ Ազարիա Կաթողիկոս ձեռնադրեց.
       Կարնոյ Մինաս եւ Եւդոկիոյ Յակոբ Վարդապետները, Ամասիոյ Վասիլ Եպիսկոպոսը, Մարսուանու Խաչատուր Եպիսկոպոսը եւ միւս Խաչատուր Եպիսկոպոսն Կաֆայու, Խարբերդի Մկրտիչ Վարդապետը, միւս երկայն Մկրտիչն Բաղէշու, եւ Տարօնի Պօղոս Վարդապետը։
       Անկէ յետոյ Յովհաննէս Կաթողիկոս ձեռնադրեց.
       Մէրտինի Գալուստ Եպիսկոպոսը, Երզընկայի Մինաս Եպիսկոպոսը, Մարսուանու Ալեքսիանոս Եպիսկոպոսը, Անկիւրիոյ երկու Յակոբները, Կ. Պոլսոյ պատրիարք Կեսարացի Գրիգոր Վարդապետը, Էտիրնէի Որոգայթ Վարդապետը, Պուղտանու Ղազար Վարդապետը, Լեհաց Մեսրոպ Վարդապետը, Կաֆայի Թորոսը, Ղօնիայի Ղուկաս Եպիսկոպոսը, Կեսարիոյ Դաւիթ Եպիսկոպոսը, որ այժմ առաջնորդ է։
       Անկէ յետոյ, Պետրոս Կաթողիկոս ձեռնադրեց.
       Տարօնի Սարգիս Եպիսկոպոսը եւ Մարտիրոս Վարդապետը, Եւդոկիոյ Մաղաքիա Վարդապետը։
       Անկէ յետոյ Մինաս Վարդապետն ու Կաթողիկոսը՝ ձեռնադրեց.
       Մէրտինի Սարգիս Եպիսկոպոսը, Երզընկայի Ղուկաս Եպիսկոպոսը, Սեբաստիոյ Ներսէս Վարդապետը, Եւդոկիոյ Մարգարէ Եպիսկոպոսը, Սուլու Մանաստրի Դանիէլ Եպիսկոպոսը։
       Ասոնք յայտնի են մեզի, որոնց ականատես ենք եղած։
       Բայց Ազարիա եւ Պետրոս Կաթողիկոսներ , որք Երուսաղէմի պարտքին համար մինչեւ Հին-Ջուղայ գացին, թէ որչափ եպիսկոպոս օրհնեցին, յանուանէ չենք գիտեր ։
       Ուրեմն մենք ինչո՞ւ համար իշխանութիւն չունինք ձեռնադրելու վերոգրեալներուն պէս։
       Ներսէս Լամբրոնացի Աստիճանաց ճառին մէջ գրած է որ « Կաթողիկոս անունը կը թարգմանուի ընդհանրական, եւ ասոր պատիւը առաւել է քան արքեպիսկոպոսականը, եւ իշխանութիւն ունի ո՛չ միայն իր վիճակին մէջ, այլ ամէն տեղ ուր որ իր ազգը համասեռ է, եպիսկոպոս ձեռնադրել անոնց համար, եւ մեռոն տալ. ասոր համար կ'ըսուին Կաթողիկոս։
       Արդ, դուք ինչ որ կ'ըսէք մեզի, ինչո՞ւ չէք հետեւիր ձեր ըսածներուն։
       Բերիացի Մարգար երիցու որդին Սիմէոնը օրհնեցիք. նաեւ Երուսաղէմի Հայրապետը օրհնեցիք . Երուսաղէմ, որ մեր պարծանքն է, եւ ձեր բոլոր թեմը չ'արժեր զայն, ըստ Առաքելոյն (Եբր. ԺԱ. 38)։ Ուստի կ'ըսեմ, ըստ Աւետարանի, թէ նախ գերանը հանէ քու աչքէդ եւ յետոյ աշխատէ հանել շիւղը եղբօրդ աչքէն (Մտթ . Է. 5)։
       Ըսած ես թէ «Զի՞նչ օգուտ եղեւ քո օրհնելն եւ մեր բանադրելն »։ Արդ , եթէ դուն կը բանադրես ասոնք՝ ըսելով թէ Սիս օրհնուած էք, եւ Սիս օրհնուածներ բանադրանքի տակ են, ուրեմն ձեզմէ շատեր, ողջ կամ մեռած, բանադրանքի տակ են, քանի որ Սիս օրհնուած են։ Բանադրէ ուրեմն, վախճանեալները հողին մէջ, ողջերն ալ երկրի վրայ, որպէս զի նախանձէ տոչորեալ սիրտդ թերեւս պաղի։
       Նզովքով լեցուեցաւ աշխարհ ինչպէս Վահան եւ Ստեփան Կաթողիկոսներու ժամանակ. եւ դուն նմանեցար այն չորրորդ գազանին, որ կ'ուտէր եւ կը փշրէր, եւայլն (Դնլ . Է. 7), եւ կարծեմ թէ նախորդներդ ալ գերազանցեցիր։
       Դարձեալ, գրած ես Երուսաղէմի Պատրիարքին, թէ «մեզ դատաստան արա ». եւ մեր յանցանքը այն է որ եպիսկոպոս ենք օրհներ։ Ուրեմն մեր օրհնելուն համար դատաստան պէտք է, եւ դատաստան պէտք չէ՞ ձեր անդատաստան բաներուն համար։ Զոր օրինակ, Համազասպ Եպիսկոպոսին համար, զոր սպաննել տուիք զանազան տանջանքներով։ Մարդակերաց երկրին Ճանճիկ Եպիսկոպոսը ականջատ ըրիք. Սելեւկիացի աբեղային ծածուկ անդամը կտրել տուիք. Գառնեցի աբեղան հաւատուրաց ըրիք. Զաքէոս աբեղան ֆռանկ ընել տուիք. նոյնպէս Իսահակ Կաթողիկոսը եւ Պօղոս Վարդապետը տաճկացնել տուիք եւ տեսակ տեսակ չարչարանքներով հաւատքը ուրացուցիք. Լեհաց երկրին այնքան քրիստոնեաները անհաղորդ, անմաս եւ անթաղում թողուցիք, եւ դեռ ուրիշ այսպիսի բաներու դատաստան չկայ եւ միայն մեզի՞ համար կայ։
       Դարձեալ գրած ես. «յաղթահարեցաւ սիմոնական ախտիւն, ըստ անուանակոչութեան իւրում»։
       Արդ, եթէ ես կաշառ առի անոնցմէ թող Աստուած քննէ եւ դատէ. իսկ եթէ ի զուր կը զրպարտես մեզ, Տէրը թող տեսնէ մեր եւ ձեր դատաստանը։
       Երբ որ քու աբեղաներդ Կ. Պոլիս եկան, մենք հոն էինք. անոնք փոքրիկ Աւետարան մը գնեցին եւ գինը վճարել տուին Պոլսեցիներու, ըսելով թէ «մեզ պատիւ եւ վարկ է»։
       Անտոն Երէցը մենք հրաւիրակ ղրկեցինք Հալապ, ուրեմն ինչո՞ւ համար ստակ մը իսկ չպահանջեց անոնցմէ։
       Այժմ ըսէ ինծի, ո՞վ է սիմոնականը։
       Գրածս ես «ըստ անուանակցին իւրում»։
       Մեր անունը Սիմօն չէ, այլ Սիմէօն. եթէ Սիմօն ալ լինէր, ի՞նչ վնաս ունէր անուանակից ըլլալը։ Մեր Տէրը Պետրոս Առաքեալին ըսաւ, «Սիմոն, Որդի Յովնանու » (Յովհ. Ա. 42) Ահա Դուն ալ անուանակից ես Փիլիպպոս Առաքեալին. արդ, ի՞նչ օգուտ ունի քեզի անուանակից ըլլալդ առանց գործի. Հայր Անտոնի ըսածին պէս թէ, վա՜յ անոնց, որոնց անունը գործէն աւելի մեծ է։
       Դարձեալ գրած ես թէ «Ի կանոնս գրեալ է - եպիսկոպոս կամ այլ ոք միմեանց վիճակն մի իշխեսցեն »։ Այդ այդպէս է. սակայն եպիսկոպոսաց համար է այդ կանոնը, իսկ Ներսէս Լամբրոնացին համարձակութիւն կու տայ կաթողիկոսներու, ինչպէս որ գրուեցաւ վերեւ։
       Գալով Թորսս [Եպիսկոպոսի ] համար ըսածիդ. մենք այն ատեն [Կեսարացի ] Գրիգոր Վարդապետի հետ կ'երթայինք Կ. Պոլիս, եւ հանդիպեցանք Անկիւրիա քաղաքը, եւ հոն վախճանեցաւ Ղուկաս Եպիսկոպոս։ Ժողովուրդը միաբան եւ միաձայն դիմեցին Վարդապետին [Գրիգոր Կեսարացի ] եւ մեզի թէ Թորոսը առաջնորդ ըրէք. վասն զի ասիկա կրնայ կառավարել մեր Վանքը եւ մեր այսչափ պարտքը։ Ասոր վրայ Վարդապետը (Կեսարացի Գրիգոր ) զայն Վանահայր կարգեց։
       Մենք գացինք Կ. Պոլիս եւ մեր վերադարձին նորէն հանդիպեցանք հոն . նորէն քահանայք եւ ժողովուրդք միաբան եկան մեր քով, աղաչելով պաղատելով խնդրեցին մեզմէ որ եպիսկոպոս ձեռնադրենք զայն. այս խնդիրքը ոչ միայն իրենք ըրին, այլ նաեւ այլազգիներն ալ, որ պարտատէր էին, եկան խնդրեցին, երբեմն ալ վախ տալով ձանձրացուցին, եւ այսուամենայնիւ յանձն չառի ըսելով թէ ասիկա Էջմիածնի թեմ է, եւ կրնայ ըլլալ որ Վարդապետն ալ (Գրիգոր Կեսարացի ) նեղանայ։ Այն ատեն քահանայք եւ ժողովուրդք, ամէնքը միաբերան ըսին. մենք քեզ ալ գիտեմք, Էջմիածինն ալ. իսկ Վարդապետին խօսքը մեր վրայ։ Անոնց այսպիսի խօսքերէն յետոյ է որ Եպիսկոպոս ձեռնադրեցինք զայն։
       Արդ, եթէ ուղղադատ մարդ էիր, Անկիւրիոյ քահանաներն ու ժողովուրդը կը բանադրէիր ըստ արժանւոյն, որոնք իրենց վրայ առին պատասխանատուութիւնը։ Արդէն Գրիգոր Վարդապետն ալ նեղացեր է անոնց՝ ըսելով թէ առանց իմ հրամանին ըրիք. որովհետեւ ես Էջմիածնի փոխանորդն եմ եւ երեսփոխանը։
       Քանի մը ամիս յետոյ Շահին Չէլէպի եւ Խօճայ Երեմիա կը հանդիպին Անկիւրիա, կ'առնեն կը տանին Թորոսը Վարդապետին քով եւ կը հաշտեցնեն. Էջմիածնի հաշուին իրաւունք եւ բաժին կ'առնեն անկէ։ Յետոյ Գրիգոր Վարդապետ զայն իրեն փոխանորդ եւ նուիրակ կ'ընէ, անոր ձեռքը թուղթ կուտայ եւ կը ղրկէ Ռումէլիի եւ Անատօլուի կողմերը։ Ահա մէկուկէս տարիէ աւելի է որ նուիրակ է (Թորոս Եպիսկոպոս ) եւ անոր (Գրիգոր Վարդապետին ) բերած է իր նուիրակութեան հասոյթները։ Այս բանը գիտէ քու նուիրակդ Մինաս Վարդապետ, որուն (Թորոսին ) հանդիպած է, եւ յետոյ օրհնութեան գրով Առաջնորդ ղրկած է Անկիւրիա, յայտարարելով թէ Էջմիածնի փոխանորդն եմ ես այսուհետեւ ոեէ մէկը իրաւունք չունի բան մը ըսելու անոր։ Բայց երբ կ'երթայ Անկիւրիա, կը տեսնէ որ քահանայք եւ ժողովուրդք փոխած են իրենց լեզուն ։
       Անկէ յետոյ է որ մենք նամակ ղրկեցինք Թորոս Եպիսկոպոսին եւ ըսինք. քեզ աղաչանքօվ օրհնել տուին, Վարդապետին (Կեսարացի Գրիգոր ) եւ Էջմիածին խօսք հասկցնելու պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ առին, եւ քանի որ այժմ այդպէս ըրին քեզի, ել եւ եկուր մեր քով, մեր Թեմը. ո՛ր վիճակը որ ուզես, բաց է քու առջեւ։ Ասոր համար նա եկաւ մեր քով եւ կը մնայ մեր Աթոռը։
       Ուրեմն այսուհետեւ ի՞նչ իրաւունք ունիս որ նամակ ղրկես մեզի եւ մեղադրես մեզ ըսելով թէ Եպիսկոպոս օրհնած եմ։ Եւ եթէ օրհնեմ, ինչ վնաս ունի քեզի. չէ՞ որ մեր թեմին մէջ է. վասն զի (Թորոս Եպիսկոպոս ) հօր կողմէն Գամրայ երկրէն է, իսկ մօր կողմէն՝ Մէլիտինէէն . այսինքն իր հայրով ու մայրով մեր Թեմէն եւ մեր վիճակէն, քեզի՞ ինչ որ թուղթ եւ մեղադրանք յղես այս կողմ։
       Քրիստոս կը հրամայէ Աւետարանի մէջ, օրհնեցէք ձեր անիծիչները. Առաքեալն ալ կ'ըսէ. օրհնեցէք եւ մի՛ անիծէք. (Հռմ. ԺԲ. 14)։ Մենք օրհնելով Քրիստոսի հրամանը կատարեցինք. դուն ասոր հակառակը կ'ընես անիծելով. եւ ոչ այսչափ միայն, այն նաեւ կը ժպրհիս անպատեհ եւ յանդուգն խօսքեր գրել թուղթիդ մէջ, Ասորեստանցւոց Սենեքերիմ Թագաւորին պէս, որ Ռափսակը ղրկեց Եզեկիա թագաւորին, ըսելու համար. - «Այսպէս ասէ արքայն Ասորեստանեայց թէ յո՞ յուսացեալ ես » եւայլն։ Դուն ալ անոր պէս կ'ըսես. - «Յո՞ յուսացեալ նշկահեցեր զիս, թերեւս յուսացեալ իցես ի ցուպն եղեգնեայ, ի ջախջախ Եգիպտացին, յոր թէ ոք յենուցու, ընդ ձեռն ելանէ» (Ես. ԼԶ. 8)։ Այս ըսուածներուն իբրեւ թէ նմանցուցած ես մեզ, որ անդէպ է բոլորովին։ Վասն զի, թէեւ Ռափսակ խրոխտալով եկաւ Եզեկիայի քով եւ հպարտ խօսքեր ըսաւ քեզի պէս, թէ «ո՞ւր Աստուածն Սեփորիմ քաղաքին, միթէ՞ փրկեցին զՍամարիա ի ձեռաց իմոց » . Թգր. ԺԸ. 34-35), բայց Եզեկիա երբ լսեց այդ խօսքերը, պատռեց իր հագուստը, աղօթեց Աստուծոյ տան մէջ, եւ Աստուծոյ ամենալուր ականջը լսեց, եւ հրեշտակներ ղրկեց Սենեքերիմի բանակը, եւ անոնցմէ զարկաւ 185, 000 հոգի . Թգր. ԺԹ. կ), եւայլն, եւ դուք գիտէք անշուշտ թէ ով էր ատոր պատճառ։ Այդ կերպով, դուն ալ Ռափսակի պէս անբարտաւանութեամբ կը հպարտանաս մեր վրայ եւ կ'ըսես թուղթիդ մէջ. «Ահա զԱղուան, զԱղթամար, զԿ. Պօլիս եւ զԵրուսաղէմ հնազանդեցուցեալ եմք եւ դու յո՞ յուսացեալ ես որ ոչ հնազանդիս մեզ»։
       Ուրեմն, յառէ աչքդ եւ տես թէ այդ գիշեր ինչ քաշեց ան հրեշտակի ձեռքէն։ Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար. գուցէ դուն ալ մեծխօսիկութեամբ անոր պէս ըլլաս։
       Հիմայ մտիկ ըրէ եւ ականջ դիր օրէնսուսուցիչ Գամաղիէլի խրատին, զոր տուաւ Հրեաներուն՝ Առաքեալներու մասին. «Եթէ ի մարդկանէ է, ասէ, կործանեսցին որպէս զԹեւդաս եւ զՅուդա. իսկ եթէ յԱստուծոյ իցէ, գուցէ աստուածամարտ գտանիցիք » (Գործք, Ե. 33-40)։ Նոյնպէս դուն ալ զգոյշ եղիր, պարապ տեղ մի յոգնիր։
       Չբաւականացա՞ր եւ չկշտացա՞ր հակառակութենէ, ստոյգ լսած ենք Բաղէշի մէջ յարուցած աղմուկդ եւ խռովութիւնդ հինգ վարդապետներու շուրջ, եւ տեսակ տեսակ նեղութիւնները զոր տուած ես այդ ժողովուրդին, որոնց ձեռքէն հազիւ մազապուրծ զերծար եւ փախար եւ ինկար Վան , եւ հոն ալ շատ խռովութիւն ըրիր Մոկացի Յովսէփ Վարդապետին. անկից ալ փախստական գացիր Լիմ, եւ ապա Արճէշ, եւ հոն ալ այնչափ կռուեցար տեղւոյն եպիսկոպոսներուն հետ որ քեզ ուզեցին բռնել տալ, եւ դուն անոնց ձեռքէն ալ հազիւ փախար եւ զերծար։ Թողում այն կագն ու կռիւը, զոր ըրիր Կարնոյ Մինաս Վարդապետին հետ։
       Ի՞նչ եղաւ քեզի. ինչո՞ւ համար այսչափ աղմուկ եւ խռովութիւն յառաջ կուգան քեզմէ։ Եթէ Աստուծմէ չես վախնար, գոնէ մարդոցմէ ամչցիր։ Ասոնցմէ ի՞նչ շահ եւ օգուտ եղաւ քեզի։ Եւ սակայն չկշտացար այսչափ աղմկաձգութիւններէ եւ խռովութիւններէ զոր ըրիր ամէն տեղ, եւ հիմայ կ'ուզես մեր երկրին մէջ ալ ձգել նոյն աղմուկն ու խռովութիւնը։
       Բայց մեր երկրին մէջ չես կրնար բան մը ընել. տեղդ հանդարտ կեցիր. ասիկա Օսմանեան երկիր է, ուղիղ է ասոնց դատաստանը. Աստուած հաստատ թող պահէ ասոնց թագաւորութիւնը, եւ Սուլթան Մուրատին մէկ օրը հազար ընէ, եւ օրհնէ անոր թագաւորութիւնը, իր մեծամեծներով եւ զօրքերով, ըստ Առաքելոյն, որ կ'ըսէ. «Մանաւանդ աղօթս արարէք ի վերայ թագաւորաց ձերոց » . Տիմթ. Բ . 2)։
       Ինձ այնպէս կը թուի թէ դուն այժմ նոր Փելիքս եւ Փելիտէս եղար, որ ելեր ես կրկին լուսաւորել աշխարհը։ Վասն զի թէ դուն եւ թէ ես նոր կաթողիկոս եղանք եւ հայրապետական Աթոռ նստանք, եւ ասոր համար աշխարհս լեցուեցաւ խռովութեամբ եւ հարկապահանջութեամբ, մանաւանդ որ երկու թագաւորներ պատերազմի ելած են իրարու դէմ եւ ժողովուրդներ հարկի տակ կը հեծեն եւ չեն գիտեր թէ ինչ պիտի ըլլայ այս բաներուն վերջը։
       Այսուամենայնիւ դուն հանգիստ չես կենար տեղդ, էւել պակաս թուղթ կը գրես եւ կը ղրկես այս կողմեր։ Երեւան քաղաքը շինեցիր, կառավարեցիր եւ միայն այս կողմեր մնացին, կամ թէ քեզի պէս Կաթողիկոս մը չէ եկած ասկէ յառաջ. այդ կողմ դուն միայն խելօք, ճարտար եւ հանճարեղ երեւցար։
       Այժմ յիշենք քու Վարդապետիդ բարեմտութիւնը որուն շառաւիղէն յառաջ եկար դուն, Մովսէս Կթղ. ի մասին է խօսքս, որ մինչեւ Հռոմոց Պապը թուղթ ղրկեց, որուն աղօթքը օգնական ըլլայ ձեզի։ Յովհաննէս Վարդապետ (=Կ. Պոլսի Պատրիարք Յովհաննէս Խուլ ) տեսած է Հռոմի մէջ, օրինակը առած եւ ղրկած էր Կ. Պոլիս. այն ատեն ես ալ տեսայ այդ թուղթը, առի օրինակը, որ քովս է այժմ։
       Արդ խօսքը քեզի ուղղելով ըսենք. այսչափ տարիներէ մինչեւ հիմայ կաթողիկոսներ կը ձեռնադրէին եւ խտրութիւն չեն ըրած. նոյնպէս մենք ալ կը ձեռնադրենք արժանաւորները եւ խտիր չենք ըներ. ըստ այնմ թէ «զեկեալն առ իս ոչ հանից արտաքս » (Յովհ . Զ. 37)։ Այսպիսի բաներու համար ոչ ձեր կաթողիկոսները նամակ ղրկած են ասոնց, ոչ ալ մերինները՝ ձեզի, այլ սիրով են կեցեր եղբայրաբար, եւ ընդուներ են իրարմէ ձեռնադրուածները։
       Իսկ դուն չե՞ս ամչնար եւ չե՞ս վախնար թէ ինչպիսի վնաս կրնայ յառաջ գալ այս հակառակութենէ։ Պէտք է յիշել թէ ասոնք Օսմանցի են, եւ թէպէտ այլազգի, բայց ուղիղ դատաստան ունին։
       Դարձեալ գրած ես թէ «զայս թուղթս իմով ձեռամբ գրեցի » որով կ'ուզես ցոյց տալ որ իբրեւ թէ հաթթի շէրիֆ է ։ Ասոր համար Աստուծոյ անուան պատիւը յափշտակած ես, որ, ըստ մարգարէի, չ'ուզեր ուրիշներուն տալ փառքը (Եսայի ԽԲ. 8). վասն զի անուանդ վերեւ կամար եւ գմբէթ ձեւացուցեր ես։
       Ա՞յդ է քու իմաստութիւնդ որ պատիւը, որ միայն Աստուծոյ կը վայելէ, դուն քու անուան վրայ ես դրեր եւ կը մեծաբանես մեր վրայ, այնպէս կարծելով թէ Լեհաց Երկիրն է ասիկա, որ նամակ ղրկելով, այլեւայլ խօսքեր ուղղելով անոնց (=Լեհցի Հայոց ) եւ Նիկոլ Եպիսկոպոսին, վրդովեցիք քաղաքը, Լուսաւորչի բոլոր ժողովուրդը եւ իրենց եպիսկոպոսը ֆրանկ ընել տուիք։ Եւ ոչ միայն այսչափ, այլ նաեւ Էջմիածնի վաղուց շինուած գերեզմանատունը, ուր սուրբ վարդապետներու, հայրապետներու, օծեալ թագաւորներու եւ իշխաններու, արդարներու, մարտիրոսներու եւ շատ մը սուրբերու ոսկորներ (նշխարներ ) կային, ցիրուցան ըրիք. ո՞ւր մնաց «անշարժ եղիցի»ն, որուն հաշիւը պիտի տաք Աստուծոյ առջեւ։
       Դարձեալ, Մելքիսեթ կաթողիկոսին օրհնած մեռոնը արհամարհելով թափել տուիք Տարօնոյ դաշտին մէջ եւ ոտնակոխ ըրիք, այն մեռոնը, որով Մելքիսեթ կաթողիկոս Եպիսկոպոս ձեռնադրեց Մովսէսը. եթէ անիկա մեռոն էր, ի՞նչ յանդգնութեամբ արհամարհեցիք զայն, եւ եթէ անիկա մեռոն չէր, Մովսէս ի՞նչպէս Եպիսկոպոս եղաւ, եւ եթէ եպիսկոպոս չէր Մովսէս, ի՞նչպէս Կաթողիկոս եղաւ եւ ի՞նչպէս քեզ հրաւիրեց եպիսկոպոսական աստիճանին, եւ եթէ դուն կաթողիկոս չես, ի՞նչպէս կը համարձակիս եպիսկոպոս ձեռնադրել։
       Դարձեալ. ձեր իմաստութիւնը այնչափ է որ ձեր նուիրակը, Մեծպահքի մէջ, Պրուսա, Մաղնիսա, Իզմիր «վասն զանկի զունկի եւ տնկտնկոցի » բաց պատարագ ընել տուաւ, որ սուրբ հայրապետաց կանոնով փակ պէտք է ըլլայ։
       Թէեւ ասոր համար այլեւայլ պատճառներ կը յօդեն, բայց այդպէս չէ. այլ միայն փառասիրութեան եւ ագահութեան համար։ Մանաւանդ մարդոց աչքին կեղծաւորաբար պահեցող երեւնալով կը վախցնէք քրիստոնեաները, եւ ասոր ալ պատճառն է արծաթ, որպէս զի անոնց տուածէն աւելին առնէք։ Քու նուիրակներդ ժողովուրդին մէջ յայտնապէս կ'ըսէին ասիկա, որ եթէ այսչափ դրամ տաք, ձեզի մեռոն կուտանք, եթէ ոչ, դուք գիտէք. ինչպէս որ Մարտիրոս Եպիսկոպոս եւ քու Մինաս Վարդապետդ Պրուսայի մէջ 500 Դահեկան ուզեր են, եւ ասոր համար թէ որչափ աղմուկ եղած է, չեմ ուզեր գրել. որովհետեւ ուրիշ շատ մը տեղեր ձեր ըրած անպատեհ եւ անդատաստան բաները գրել ինձ համար ձանձրութիւն է։
       Չե՞ս պատկառիր եւ չե՞ս ամչնար որ սիմոնական կը կոչես մեզ։ Իմ Սիմոնական լինելս կամ չլինելս յայտնի է բոլոր քրիստոնեաներու մէջ, մանաւանդ Հալապի բնակիչներուն, ուր այնքան տարիներ Առաջնորդ եղայ։ Անոնք շատ լաւ կը ճանչնան զիս թէ փառասէր եմ կամ ագահ կամ յափշտակող կամ արծաթասէր կամ կաշառառու, կամ զինչ եւ իցէ, յայտնի է անոնց, դուն հարցուր անոնց։
       Բայց Հայոց տունը դուք աւերեցիք վասն ագահութեան. զոր եթէ գրենք, խօսքը կ'երկարի։
       Վերջապէս, գրած էիք որ առ այժմ պատիւ ըրինք քեզի։
       Քրիստոս Աստուած կը հրամայէ Սուրբ Աւետարանի մէջ.
       -«Մի՛ դատէք, զի մի՛ դատիցիք. մի՛ պատժէք, զի մի՛ պատժիցիք. զի որով դատաստանաւ դատէք, դատելոց էք » (Մատթ. Է. 1, եւ Ղկս . Զ. 37)։
       Նոյնպէս դու, եթէ պատուես, կը պատուուիս, եթէ պատժես, կը պատժուիս, եւայլն, ըստ կարգին. եւ առ այս բաւ է այսքան□։
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
       Ծանիր, ո՜վ ընթերցող թէ ինչո՞ւ համար այս քաջ հռետորը, Տ. Սիմէոն Կաթողիկոս ամենայն Հայոց, աշխարհաբարի մօտ դիւրիմաց շարադրութեամբ գրեց այս պատասխանը Վաղարշապատու Տ. Փիլիպպոս Կաթողիկոսին, որ իր աղմկալից բարքով կ'ուզէր այս արեւմտեան կողմեր ալ անհամաձայնութիւն ձգել եւ ցանել խռովութեան ապականիչ որոմը, որուն դէմ կ'ելլէր Սիմէոն Կաթողիկոս, այս կորովի գրութեամբ, զօրեղ իմաստով եւ դիւրահասկնալի բառերով եւ ոչ թէ աւելորդ ու այլայլելի իմաստով. որովհետեւ այս գիրը մեր բոլոր լուսաւորչականաց համար էր, ինչ օգուտ պիտի ունենար եթէ խորիմաց բառերով եւ սեթեւեթեալ ոճով գրուէր, որոնք անհասկանալի պիտի ըլլային շատերուն. այս է պատճառը որ դիւրիմաց բառերով գրեց, ինչպէս որ ըսինք, այնպէս որ եթէ ուշադրութեամբ կարդաս երանելւոյն այս թուղթը կրնաս լաւ տեղեկանալ թէ հայրապետական շառաւիղը (=յաջորդութիւնը ) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչէն սկսելով մնաց Կիլիկիոյ գերագահ Աթոռին մէջ, որմէ կը հետեւի թէ Կիլիկիոյ Տան Կաթողիկոսներուն նահապետն ու նախահայրն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ։
       Իսկ Վաղարշապատ նստողներուն նահապետն ու նախահայրն է ապստամբ Կիրակոս Վիրապեցին։ Վասն զի ոչ թէ Կաթողիկոսը, որ Ս. Լուսաւորչէն ի վեր ունէր հայրապետական յաջորդութիւնը, Սիս թողլով իր Աթոռը, ելաւ Վաղարշապատ գնաց, այլ Վարդապետներէն Կիրակոս անուն մէկը, որ ապստամբութիւն կը խորհէր, գլուխ վերցուց։ Որովհետեւ Սուրբ Աթոռէս եւ Ս. Լուսաւորչէն մինչեւ Տ. Գրիգոր Թ. Մուսապէկեանց, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մէկ հարսին մէկ փեսայ էր, իսկ երկրորդը այս ապստամբ Կիրակոսն ըրաւ։ Ուրեմն պարապ տեղ չըսին թէ մէկ հարսին մէկ փեսայ պէտք է. վասն զի երկրորդը անոնք ըրին եւ ոչ թէ մենք. եւ նայելով երկրորդին, որ Կիրակոսն եղաւ, մերն է առաջինը եւ նախապատիւը, ինչպէս որ Ա. ը նախապատիւ է Բ. ին։
       Այս Սիմէոն Կաթողիկոս Սեբաստացի էր, եւ շուրջ ՌՁԲ (=1633) թուին տէր եղաւ հայրապետական Աթոռին. օծուեցաւ Ս. Յակոբայ Բարեկենդանին, ԺԵ (=15) տարի կաթողիկոսութիւն ըրաւ, եւ հինգ տարի հրաժարելով՝ իր տեղ դրաւ Սեբաստացի Ներսէս Կաթողիկոսը։
       Սիս 1634 ամի ։