Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
       Խաչատուր Գ. ի մասին մեր ունեցած տեղեկութիւնները արձանագրելէ յառաջ, պէտք է խօսիլ երկու երեւոյթներու վրայ՝ ժամանակին դէպքերն ու դէմքերը լաւ հասկնալու համար։
       Այս երեւոյթներէն մէկն է կաթողիկոսական նոր աթոռներ ստեղծելու ջանքեր. իսկ երկրորդն է լատին մշակոյթէն ուսումնապէս օգտուելու փափաքը հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն ներսը։
       Երկու երեւոյթներն ալ ունեցան իրենց պաշտպանները։ Բայց ընդդիմադիր աւանդապահութիւնը ուժգին էր, եւ ասոր համար կրցաւ պահել ազգային եկեղեցական աւանդութիւնը, առանց սակայն բոլորովին հետախաղաղ ընելու հակառակ հոսանքի գործունէութեան հետքերը։
       Կաթողիկոսական աթոռներու բազմացման երեւոյթը հին է մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, իբրեւ արդիւնք քաղաքական եւ բռնապետական հարկերու։
       Առաջին անգամ կը հանդիպինք այդ երեւոյթին Մեծն Սահակի եւ Գիւտի ատենները, երբ կաթողիկոսական պաշտօնին հոգեւոր եւ քաղաքական իրաւասութիւնները զատուեցան իրարմէ, պարսիկ կառավարութեան կողմէն, եւ հաստատուեցան հակաթոռներ, որպէս զի այս վերջինները միմիայն աշխարհիկ գործերով զբաղին։
       Յետոյ, 590ին, Յունաբաժին Հայաստանի մէջ Մօրիկ կայսեր բռնութեամբ կաթողիկոսական աթոռ մը հաստատուեցաւ Դուինի դիմաց, Աւան կոչուած քաղաքը, եւ կաթողիկոս եղաւ Բագարանցի Յովհաննէս։
       ԺԱ. դարուն սկիզբը երբ Բիւզանդիոն բռնացաւ Հայաստանի վրայ, Գետադարձ Պետրոս Կաթողիկոս (1019-1058) ստիպուած, տեղէ տեղ կը փոխադրուէր, հակառակորդները կաթողիկոսացուցին Դէոսկորոսը, թէեւ աթոռազուրկ եղած յետոյ, եւ քիչ ետքը, միշտ Բիւզանդիոնի բռնութեամբ Անեցիք եւ Վանեցիք տարագիր եղան դէպի բիւզանդական երկիրներ, մինչեւ Սեբաստիա, այն ատեն Պետրոս Գետադարձ իրեն կաթողիկոսակից ըրաւ իր քեռորդին Խաչիկ Արշարունին, եւ Պետրոս կայսերական հրամանով հաստատուեցաւ Սեբաստիա։
       Գրիգոր Վկայասէր (1066-1105) իր աստանդական կեանքին հետեւանքով, ստիպուեցաւ Գէորգ Լոռեցին դնել իրեն տեղ։ Վկայասէր, դարձեալ , բռնաւոր Փիլարտոսի կամքը կատարեց հաւանելով Հոնիի մէջ կաթողիկոսական աթոռի մը հաստատութեան, Սարգիս Կաթողիկոսով, որուն յաջորդը, Վարագցի Պօղոս, դարձեալ Փիլարտոսի կամքով, փոխադրուեցաւ Մարաշ, եւ Հոնիի Աթոռը մնաց։ Այնպէս որ 1085ին, չորս կաթողիկոսական աթոռներ կային Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, ինքն Վկայասէր՝ Կիլիկիա, Սեաւ Լեռ, Բարսէղ Կաթողիկոս՝ Անի, Թէդորոս՝ Հոնի, եւ Պօղոս Վարագցի՝ Մարաշ։
       1113ին Դաւիթ Թոռնիկեան գլուխ վերցուց Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի դէմ եւ ստեղծուեցաւ Աղթամարի աթոռը։
       ԺԵ-ԺԷ դարերուն թէ Էջմիածին, թէ Սիս շատ դժուարին շրջաններ անցուցին։ Կաթողիկոսներ ու աթոռակիցներ բազմացան երկու աթոռներու շուրջ, երբեմն քաղաքական հարկերու տակ, երբեմն ալ փառասէր հոգեւորականներու ցանկութեամբ։
       Մելքիսեդեկ Գառնեցին, որ աթոռակից մըն էր Դաւիթ Կաթողիկոսի (1590-1633), Աթոռակից ըրաւ իրեն իր եղբօրորդին Սահակը, (1623), որ յետոյ փորձանք եղաւ ազգի գլխուն, որովհետեւ անցաւ Օսմանեան երկիրներ, եւ ուզեց Մշոյ Ս. Կարապետ Վանքին մէջ հաստատել Կաթողիկոսական աթոռ մը, Օսմանեան Հայոց համար, մեղսակցութեամբ Կ. Պոլսի Զաքարիա Պատրիարքին, բայց անյաջողութեան մատնեցին այդ ծրագիրը Տիարպէքիրի մէջ, Վէզիր Խոսրով Փաշայի հաւատարիմ երեք ազդեցիկ հայ ջոջեր, Խօջայ Մախսուտ եւ Վանեցի Ռուհիճան։
       Դարանաղեցի Գրիգոր ((1645) կը պատմէ թէ նոյն իսկ Կ. Պոլիս երեք Պատրիարք ունեցաւ պահ մը, որոնց մէկն ալ ինքն էր ։
       Վերջապէս Հռոմկլայեցի կամ Անթէպցի Եղիազար, յաջողեցաւ իրագործել Գառնեցի Սահակին երազը, Օսմանեան Հայոց համար կաթողիկոսական աթոռ մը հաստատելով Երուսաղէմի մէջ (1665), հակառակ իրեն տրուած խորհուրդներու, որ ինքնին խափանեցաւ 1681ին, երբ Ջուղայեցի Յակոբ Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ Էջմիածնեցիք իմաստնօրէն Եղիազարը հրաւիրեցին Էջմիածին իբրեւ յաջորդ Ջուղայեցւոյն։
       Եղիազարի ձեռնարկին գլխաւոր մեղսակից եղաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խաչատուր Գ ., ինչպէս որ պիտի տեսնենք։
       Քաղաքական պայմաններ, անձնական հակառակութիւններ, փառասիրութիւններ, կաշառք, եւ այլն, պատճառ եղան ստեղծելու նոր աթոռներ, հակաթոռներ, եւ ասիկա շատ տխուր երեւոյթ մըն է դժբախտ իրականութենէ յառաջ եկած։
       Գալով միւս երեւոյթին, կ'ըսենք. ուսումնասէր է հայ ժողովուրդը իր խորքին մէջ. իսկ ուսումնածարաւ է հայ եկեղեցականը, որ աշխատած է օգտուիլ իր ժամանակի մշակոյթէն։
       Ոսկեդարեան շրջանին յոյն եւ ասորի մշակոյթէն օգտուեցան մեր թարգմանիչներ։ Միջին դարուն սկիզբը յունականին կարեւորութիւն տուին աւելի։ Իսկ ԺԷ. դարուն, երբ Հռոմի պապերը սկսան արեւելքի հին եկեղեցիները կաթոլիկացնելու աշխատիլ, ուսեալ կրօնաւորներ ղրկեցին անոնց մէջ , եւ հայ հոգեւորականներ, ուսման ծարաւով, երամ երամ դիմեցին լատին վարդապետներու, եւ այս կերպով ոմանք հրապուրուեցան անոնց գիտութենէն եւ կենցաղագիտութենէն եւ այնքան յառաջ գացին որ այլեւս տարբերութիւն չէին տեսներ հայ եւ լատին եկեղեցիներու մէջ եւ նոյն իսկ կը խոտէին իրենց Մայրենի Եկեղեցին։
       1328-1330 թուականներուն Քռնեցի Յովհաննէսին յարումը լատիններուն, որով սկսաւ ունիթօրական շարժումը հայոց մէջ, արդիւնքն է հայ կրօնաւորներու ուսումնական ծարաւին։
       Ինչպէս որ տեսանք Թորոս Բ. ի վրայ գրելու ատեն, 1626ին լատին շարժումը նոր զարկ ստացաւ Հռոմէն , եւ Կղեմէս Կալանոս հայ ազգին քարոզիչ կարգուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Կ. Պոլսի մէջ։
       Կղէմէս կարող եւ վարպետ մարդ էր. շուտով սորված էր հայերէնը, եւ նոյն իսկ երեք հատոր պատմական գիրք գրեց, հայերէն եւ լատիներէն, ինչպէս նաեւ Քերականութեան դասագիրք մը թարգմանածոյ հայ աշակերտներու համար։
       Երիտասարդ հայ կրօնաւորներ դիմեցին խորամանկ Կալանոսին, որ եռանդով կ'ուսուցանէր անոնց լեզու եւ գիտութիւն, պատուաստելով նաեւ անոնց միտքը լատին դաւանաբանութեամբ։
       Հայ կրօնաւորներ ստոյգ է որ ուսմունքի համար կ'երթային Կալանոսին, գիտնալով հանդերձ անոր ներքին դիտումը. որովհետեւ վստահ էին իրենց նկարագրին վրայ։ Անշուշտ ասոնց մէջ գտնուեցան այնպիսիններ ալ, որք համոզումով յարեցան լատին դաւանութեան, առանց վրայ տալու իրենց ազգային ոգին եւ հայացի նկարագիրը։ Բայց այս չէ բուն երեւոյթը։
       Ինչպէս որ այսօր, մեր ժամանակներուն, հայ եկեղեցականներ կ'երթան եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարաններ եւ դպրոցներ, ուր պաշտօնական հաւատածաւալում չկայ, այն ատեն ալ գացին, եւ շատ բնական է որ տպաւորուեցան անոնցմէ, առանց տարուելու։
       Կղեմէս Կալանոս այնքան վարպետութեամբ կատարեց իր ուսուցչական պաշտօնը որ չքաշուեցաւ հայ եկեղեցականի նման սքեմաւորուելէ, բացի գլխանոցէն, եւ հաստատուիլ հայոց պատրիարքարանի մէջ (1642), իբրեւ ուսուցիչ, ուր աւելի դիւրութիւն պիտի ունենար դասախօսելու նոյն իսկ բարձրաստիճան եկեղեցականներու, եւ համարձակ պիտի թափանցէր հայոց մէջ։ Բայց իր գոյնը շուտ դուրս տուաւ եւ թէպէտ ստիպուեցաւ հեռանալ Կ. Պոլսէն աւանդապահներու ճնշման ներքեւ, պայքարը չդադրեցաւ երկու կողմերու միջեւ։
       Հռոմ օգտուեցաւ այս պառակտումէն, իր բոլոր ազդեցութիւնը գործադրեց, տիրելու համար կացութեան։ Կ. Պոլսի մէջ Ֆրանսացի դեսպանը պաշտպանն էր լատինականութեան։ ԺԸ. դարուն սկիզբը, Աւետիք պատրիարքին գլուխը եկած փորձանքներ եւ վտանգներ ուղիղ հետեւանքը եղան այս ներքին պառակտման եւ պայքարներուն, որոնց կերպով մը քաղաքական գոյն ալ տրուեցաւ։
       Ունիթօրներու պատմութիւնը Քռնեցիներու ժամանակէն ի վեր, միշտ կրկնուեցաւ եւ կը կրկնուի մինչեւ այսօր այլեւայլ կերպարանքներով ու միջոցներով հայ ժողովուրդին մէջ։
       Անցնինք մեր պատմութեան։
      
       ԽԱՉԱՏՈՒՐ Գ . ԳԱՂԱՏԱՑԻ
       Խաչատուրի գործունէութեան հանգրուանները շատ են կաթողիկոսանալէ յառաջ եւ յետոյ, բայց ատոնց մասին կը պակսին մեզի պէտք եղած գոհացուցիչ տեղեկութիւններ։
       Ամէնէն յառաջ ուշագրաւ է Խաչատուրին Սեբաստացի կամ Գաղատացի յորջորջանքը, որ տեղի տուած է շփոթութեան, սկսելով Չամչեանէն ։ Այս շփոթութեան ես ալ զոհ եղած եմ Խաչատուրը դասելով Հալէպի առաջնորդաց շարքը ։
       Բայց նոր երեւան եկած վաւերագիրներու վրայ հիմնուելով , դիտեցի որ Խաչատուր Սեբաստացի եւ Խաչատուր Գաղատացի իրարու ժամանակակից, բայց իրարմէ բոլորովին տարբեր անձեր են. եւ Մինտէրճի մականունը բնիկ Գաղատացի Խաչատուրին է։
       Առաջին վաւերագիրն է 1657ին Հալէպ գրուած Շարակնոցի մը յիշատակարանը, Աբրահամ Երէցի ձեռքով. - «Ի դուռն սուրբ Աստուածածնին եւ սուրբ Քառասունք Եկեղեցեացն , ի կաթողիկոսութեան Տանն Կիլիկիոյ Տէր Խաչատուր Րաբունապետի եւ առաջնորդութեան Խաչատուր Վարդապետի Սեբաստացւոյ , եւ ի կաթողիկոսութեան Էջմիածնայ Տէր Յակոբ Վարդապետի , եւ ի թագաւորութեանն Տաճկաց Սուլթան Մահմատին։ Արդ գրեցաւ սայ ի թվականիս հայոց ՌՃԶ (=1657) ամի եւ աւարտեցաւ Օգոստի . ԻԲ (=22)» (Տաշեան Ցուցակ, էջ 811)։
       Երկրորդ վաւերագիրն է դարձեալ 1658ին Հալէպ գրուած Ձեռագիր Աւետարանի մը յիշատակարանը. - «Գրեցաւ սա ի մայրաքաղաքն ի Հալապ , ի դուռն Սբ . Ածածնին եւ Սբ . Քառասնիցն , ի թուականիս Հայոց ՌՃԷ (=1658) ամին , ի կաթողիկոսութեան Կիլիկեցւոց Տէր Խաչատուր քաջ Րաբունապետի եւ ի թագաւորութեան Սուլթան Մահմատին , եւ առաջնորդութեան այսմ նահանգիս Տէր Խաչատուր Վարդապետի , եւ գրեցաւ ազնիւ եւ յամենընտիր օրինակէ . վասն որոյ աղաչեմ զհանդիպողսդ եւ զվայելողսդ աստուածաբան տառիս սրտի մտօք յիշել ի Քս . զիս՝ զմեղուցեալ գրիչս զՄկրտիչ Քահանայն եւ զհայրն իմ զՏէր Ղազար քաջ քարտուղարն» եւայլն։ (Թիւ Ձեռագրի 27, էջ 703)։
       Զմմառի թիւ 331 Ձեռագրի ցանկին մէջ ուղղակի Գաղատացի կոչուած է - «Ի թվին հայոց ՌՃԶ (=1657) կալաւ զաթոռ հայրապետութեան Տէր Խաչատուր Կաթուղիկոս Տանն Կիլիկիոյ , որ էր ինքն Գաղատացի»։
       Իսկ Մաղաքիա դպիր կ'ըսէ - «Տէր Խաչատուր Մինտէրճի»։
       Ըստ այսմ, Խաչատուր Սեբաստացի Հալէպի Առաջնորդ է Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գաղատացի Խաչատուրի ատեն, շեշտուած մինտէրճի մականունով, եւ հետեւաբար իրարմէ բոլորովին տարբեր անձեր ։
       Նոյն ինքն Խաչատուր, իր իսկ գրչով կ'ստորագրէ թէ Գաղատացի է ինքն. - «Ես Խաչատուր Վարդապետս Գաղատացի, պատրիարգ հայոց յարքայանիստ քաղաքիս Կոստանդնուպօլսի» եւայլն, (Կղ. Կալանոսի Քերականութեան համար տրուած վկայականին սկիզբը, տպ . Հռոմ, 1642)։
       Գաղատացի յորջորջումը կրնայ առնուիլ թէ իբրեւ Եպիսկոպոս Գաղատիոյ եւ թէ իբրեւ ծննդեամբ Գաղատացի։ Եւ Մինտէրճի Խաչատուրը ծննդեամբ Գաղատացի է, ըստ մեր հետազօտութեան, եւ հետեւաբար այս մարդը Առաջնորդ չէ եղած ո՛չ Հալէպ, ոչ ալ Գաղատիա։
       Հալէպի Առաջնորդ չէ եղած. որովհետեւ, ինչպէս որ տեսանք վերեւ յառաջ բերուած երկու յիշատակարաններու մէջ, Խաչատուր Գ. ի կաթողիկոսութեան սկիզբը՝ արդէն Հալէպի առաջնորդ է Սեբաստացի Խաչատուր Վարդապետ։
       Գաղատիոյ ալ Առաջնորդ չէ եղած Մինտէրճին. որովհետեւ 1636-1642 տարիները, որ կը տրուին անոր Գաղատիոյ Առաջնորդաց շարքին մէջ (Միաբանք, էջ 174) ուրիշներ առաջնորդ են հոն.
       Այսպէս.
       Սամուէլ Վարդապետ 1636-1642
       Գաբրիէլ Վարդապետ 1642-1644
       Գրիգոր Եպիսկոպոս 1644-1647
       Այս տուիքներու համեմատ Գաղատացի Խաչատուր Վարդապետ Մինտէրճի Հալէպի կամ Գաղատիոյ Առաջնորդ չէ եղած։ Պէտք է սրբագրել Չամչեանը, Սիսուանը, Ազգապատումը, Միաբանքը, եւայլն այս մասին։
       Գաղատացի Խաչատուրին առաջին անգամ կը հանդիպինք, մեզի հասած աղբիւրներու համաձայն, Կ. Պոլիս, շուրջ 1626, ուր կը յաճախէ Կղեմէս Կալանոսի քով, ուսում առնելու, Բերիացի Թովմաս եւ Տիվրիկցի Պօղոս Վարդապետներու հետ, Երեւանցի Կիրակոսի քաջալերութեամբ, որ յետոյ պատրիարք ալ եղաւ (1641-42), եւ երեք վարդապետներուն հետ (Գաղատացի, Բերիացի եւ Տիվրիկցի ) աշխատեցաւ լատինասէր կուսակցութեան մէջ ։
      
       ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ . ՊՈԼՍՈՅ
       Խաչատուրի պատրիարքութեան մասին ալ կը պակսին կարեւոր տեղեկութիւններ։ Դիտել տուինք արդէն որ Խաչատուր լատինասէր կուսակցութեան կը պատկանէր, որ մէկուկէս տարի հազիւ տեւեց, կը պարտի երկու կուսակցութիւններու մրցանքին։
       Հետեւեալ ժամանակագրութիւնը յստակ գաղափար մը կուտայ պատրիարքութեան վիճակին վրայ.
      
       Յովհաննէս Խուլ Պոլսեցի1600-1601
       Գրիգոր Կեսարացի1601-1608
       Յովհաննէս Խուլ դարձեալ1610-1611
       Գրիգոր Կեսարացի դարձեալ1611-1621
       Յովհաննէս Խուլ դարձեալ1621-1623
       Գրիգոր Կեսարացի դարձեալ1623-1626
       Զաքարիա Վանեցի1626-1631
       Յովհաննէս Խուլ դարձեալ1631-1636
       Զաքարիա Վանեցի դարձեալ1636-1639
       Դաւիթ Արեւելցի1639-1641
       Կիրակոս Արեւելցի1641-1642
       Խաչատուր Մինտէրճի1642-1643
       Դաւիթ Արեւելցի դարձեալ1643-1644
       Թովմաս Բերիացի1644-1644
       Դաւիթ Արեւելցի դարձեալ1644-1649
       Դաւիթ Արեւելցի դարձեալ1650-1651
       Եղիազար Անթէպցի1651-1652
      
       Յիսուն տարիներու ընթացքին 17 անգամ փոփոխութիւն տեղի կ'ունենայ Կ. Պոլսի պատրիարքական աթոռին վրայ. եւ մրցակցութիւնը այնքան սաստիկ է որ մէկ անձ երեք չորս անգամ պատրիարք կ'ըլլայ։
       Արդ այս ցանկին մէջ Զաքարիա Վանեցիի մահէն յետոյ Պատրիարք եղած էր Դաւիթ Արեւելցի։ Դաւիթ նուիրակն էր Էջմիածնի, Կ. Պոլիս կը գտնուէր, Կեսարացի Գրիգորի նման ջերմ պաշտպան հայադաւանութեան, որ սակայն լատինասէրներու ջանքերով ինկաւ եւ անոր տեղ պատրիարք եղաւ Կիրակոս Արեւելցին, որ հիացողն էր Կղեմէս Կալանոսին, նոյն իսկ զայն իբրեւ նոր Աթանաս կամ Նոր Կիւրեղ հռչակելով, եւ քաջալերելով երիտասարդ հայ եկեղեցականները որ մօտենան անոր եւ դաս առնեն։
       Կիրակոս Արեւելցին Կալանոսի հետ գաղտնի տեսակցութիւն ունենալու համար Իւսկիւտարի կողմը անցաւ, իրեն տեղապահ կարգելով իրեն համախոհ Ուռհայեցի Յովհաննէսը, Արքեպիսկոպոս Տիարպէքիրի, կեղծ հիւանդ ձեւացաւ, Կալանոս իբրեւ բժիշկ հրաւիրուեցաւ իրեն մօտ, զիրար հաւնեցան, Կիրակոս լատինադաւանութեան գիր մը յանձնեց, եւ կասկածանքի տեղի չտալու համար թեմական այցելութեամբ պահ մը հեռացաւ Կ. Պոլսէն։ Այս այցելութիւնը տեւեց տարի մը, որմէ յետոյ վերադարձաւ Կ. Պոլիս եւ ժանտախտէ բռնուելով մեռաւ 40 տարեկան, 1642ին։ Գաղատացի Խաչատուր Մինտէրճին յաջորդեց անոր լատինասէրներու ջանքով։ «Գաղիոյ դեսպանն ալ յատուկ պատգամաւորով իւր խնդակցութիւնը կը յայտնէ որուն շնորհակալութիւն կը փոխարինէ Խաչատուր իւր որդւոյն ձեռքով, իբր զի այրիութենէ ետքը ձեռնադրուած է եղեր։ Խաչատուրի տրամադրութիւնները յայտնի ըլլալուն, Հռոմ ալ կը փութայ Փրօբականտայի Գահերէցին ձեռքով 1642 Նոյեմբեր 26-6 Դեկտեմբեր թուականով շնորհակալութեան նամակ ուղղել Խաչատուրին։ Միեւնոյն թուականով գիր մըն ալ կ'ուղղուի Յովհաննէս Ուռհայեցիին տեղապահութեան ատենը, որ Օգոստոսի մէջ պատրաստականութեան յայտարարութիւն գրած է եղեր Հռոմ։ Երկու նամակներն ալ յատուկ յանձնարարութիւններ կը պարունակեն, որպէս զի ճշդիւ գործադրեն ինչ որ Հայր Կղեմէս Կալանոս Հռոմէ ստացած հրահանգին համեմատ իրենց պիտի առաջարկէ։
       Խաչատուրի պատրիարքութեամբ լատինասէրներուն զգացած ուրախութիւնը շատ կարճատեւ եղաւ, վասն զի Հռոմի նամակները դեռ Կ. Պոլիս չհասած, Դաւիթ Արեւելցին հապճեպ շտապով հասաւ Հալէպէ, ուր վտարուած էր Կիրակոսի օրով, պէտք եղած միջոցները գործածեց եւ պատշաճ վճարումներն ալ ըրաւ, եւ կրցաւ Խաչատուրը գահընկէց ընելով, նորէն գրաւել պատրիարքական աթոռը, ուսկից իբր տարիուկէս առաջ հեռացուած էր»։
       Դաւիթ ուժգին կը գործէ, Կղեմէս կ'ստիպուի խոյս տալ Կ . Պոլսէն, լատինասէրներու ծրագիրը կը ձախողի (1643)։
       «Կալանոսի մեկնելէն ետքը այլեւս խռովարարի անունը չի յիշուիր Կ . Պոլսոյ անցուդարձին մէջ , եւ կ'երեւի թէ գործէ քաշուած է » (Ազգպտմ. էջ 2463-2471)։
       Խաչատուրի Կ. Պոլսի պատրիարքութենէն ունինք ուրեմն լատինասէր կուսակցութեան գործիչի մը յիշատակը։
       Այս ալ մէկն է մեր այն հոգեւորականներէն, որոնք ոչ միայն ուսման եւ եկեղեցական կարգապահութեան համար Հռոմ դարձուցած էին իրենց աչքը, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան տեսիլով։
       Հռոմ, յաւիտենակա՛ն Հռոմ, պատրանք մը եղաւ միշտ այս բարի հոգիներու համար, որոնց գործունէութեան մէջ կ'ուզեմ տեսնել ոչ թէ չարիք իրենց պատկանած Ազգին եւ իրենց Մայրենի Եկեղեցւոյն համար, այլ բարեմիտ հաւատք մը Վատիկանի զօրութեան վրայ եւ անկից նպաստ մը իրենց ազգին։
       Եւ դեռ նոյն իսկ այսօր, շնորհաց այս 1934 լուսաւոր թուականին շուրջ, չե՞նք տեսներ ոմանց միամիտ հաւատքը հանդէպ Վատիկանի, ոմանց ալ միտումը դէպի Վատիկան, շահախնդրական կեցուածքով։
       Վերջացնենք Գաղատացի Խաչատուրի անշուք պատրիարքութեան պատմութիւնը՝ յառաջ բերելով այն միակ վաւերագիրը, որ պահուած է, Կղեմէս Կալանոսի պատրաստած Քերականութիւն եւն. դասագիրքին սկիզբը։
       Պարզ վկայագիր մըն է ան, որով հայ երիտասարդներու կը յանձնարարուի այդ դասագիրքը, իբրեւ ուղեցոյց՝ լեզու սորվելու եւ տրամաբանելու։
       -«Ես Խաչատուր Վարդապետս Գաղատացի , Պատրիարք Հայոց յարքայանիստ քաղաքիս Կոստանդնուպօլսի , վկայեմ , զի այս Քերականութիւնս , եւ Լօճիգայս , շարադրեալ ի հայ լեզուս ի կարգէ Դէատինոսաց Կղեմէս աստուածաբան Վարդապետէ , ի խնդրոյ Յօհաննէսի աստուածաբան Վարդապետի Եդեսացւոյ , եւ Արքեպիսկոպոսի Միջագետաց աշխարհի , է գործ ամենեւին անսղալ , որ վայելչաբար եւ ճշմարտապէս ուսուցանէ զմեր լեզուս , եւ զայլ բանս , մինչ զի եւ ես իսկ ոչ սակաւ ուսայ սորա ընթերցմամբ։ Նա եւս լուսաւոր հոգի Կիրակոս Վարդապետն որ նախ քան զիս էր պատրիարք հայոց Կոստանդնուպօլսի , խիստ հաւանեալ էր գործոյս այսմիկ։ Արդ՝ առ ի վկայութիւն այս ճշմարտութեանս գրեալ եմ զայս , զի յորդորեսցին ի մեծն Հռոմ տպագրել զայսպիսի գործս առ ի յօգտութիւն ընթերցողացն մերայնոց։
       Ես Խաչատուր Վարդապետ եւ Պատրիարգ Հայոց Կոստանդնուպօլսի՝ իմով ձեռամբս գրեցի , եւ կնքեցի ի սոյն քաղաքն Կոստանդնուպօլիս , ի թվ . Փրկչին ՌՈԽԲ , եւ Հայոց ՌՂԱ , Յուլիս ԻԴ. »։
       (Կնիք ) ՅԻ ՔԻ. Ծռ. Խչտր. Վրդպ.
       Պտրգ. Կոստնիպլսի թվ. ՌՂԱ.
       (Հմմտ. Հ. Ա. Ղազիկեան՝ Հյկկն . Նոր Մատենագիտութիւն, էջ 1326շ. եւ Բանասէր Ամսաթերթ Կ. Բասմաջեանի, Է. Տարի, Թիւ 5, Մայիս, էջ 147)։
      
       ԽԱՉԱՏՈՒՐ Գ . ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
       Երեմիա Չէլէպի իր օրագրութան մէջ ստոյգ տեղեկութիւն կուտայ Խաչատուրի կաթողիկոսացման մասին՝ Թորոս Բ. ի թաղման նկարագրութենէն անմիջապէս յետոյ.
       -«Եւ Խաչատուր Վարդապետն, որ էր աշակերտ նոյն Ոհաննու Եդեսացոյ, հաճեալ զկամս աթոռակալաց քաղաքիս, եւ խոստացաւ տալ հարիւրական ղռշ. եկեղեցեաց ընծայս եւ ա՛ռ Էմր եւ Պարաթ կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ եւ գնաց ի Կիլիկիա, եւ օրհնեցաւ կաթողիկոս Յուլիս ամսոյ ԺԷ (=17), առաքեալ աստ թղթերս» ։
       Թորոս Բ. վախճանած էր 1657 Ապրիլ 29, Բշ. օր, Խաչատուր կաթողիկոս կ'օրհնուի Սիսի մէջ նոյն տարւոյ Յուլիսի 17ին։
       Խաչատուրի կաթողիկոսութեան համար, եթէ ամբողջական է Ե . Չէլէպիի տեղեկութիւնը, բաւական համարուած է
       ա) Կ. Պոլսի աթոռակալներուն հաճութիւնը,
       բ) Կ. Պոլսի եկեղեցիներուն (թերեւս վեց ) հարիւրական ղրշ . նուէր,
       գ) Թագաւորական հրաման եւ հրովարտակ։
       Արդեօք Կիլիկեցիք ձայն եւ հաւանութիւն չունեցա՞ն Խաչատուրի կաթողիկոսութեան մէջ։ Հնարաւոր չէ անտեսել Կիլիկեցւոց իրաւունքը կաթողիկոսական ընտրութեան մէջ։ Հաւանական է որ Խաչատուր շահած ըլլայ Կիլիկիոյ ժողովուրդին եւ միաբանութեան հաւանութիւնը, եւ ինչ որ Ե. Չէլէպի կը պատմէ, Կ. Պոլսի Հայոց հաւանութեան մասին է, իբրեւ լրացուցիչ տեղեկութիւն։
       Չէլէպիի տեղեկութիւնը նշանակալից է նաեւ այն կողմէն որ Կ. Պոլսեցիներու մասնակցութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու ընտրութեան այս առիթով միայն երեւան կուգայ, եւ կարելի է ըսել որ ասիկա պատահական դէպք մը չէ. թերեւս ասոր ապացոյց մըն ալ նկատուի Կ. Պոլսի պատրիարք Կեսարացի Գրիգորին Կիլիկիոյ աթոռէն եպիսկոպոսացումը եւ միջնորդութիւնը Կիլիկիոյ գործերուն Պետրոս Կարկառեցւոյ կաթողիկոսացման առթիւ յառաջ եկած պառակտումը դարմանելու նպատակով։
       Այս դիտակէտէն լոյս մը կը սփռուի նաեւ Թորոս Բ. ի Կ. Պոլսի գործերուն միջամտութեան իրաւասական պատճառին վրայ։
       Այս տուիքներու վրայ հիմնուելով կ'ուզենք ի վեր հանել սա իրողութիւնը թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէզոքացած չէ մասնաւոր շրջանակի մը մէջ. Խաչատուր Գ. իր օծումէն ետքը օրհնութեան թղթեր կը ղրկէ Կ. Պոլիս։ Այս բոլորը պատմական նշանակութիւն ունեցող իրողութիւններ են։ Իրաւասութեամբ կամ ոչ, բայց ամէն պարագայի մէջ, համակրանքով է որ Կ. Պոլիս եւ Սիս կապուած են իրարու։ Կ. Պոլսեցիք ձայն կամ կամք ունին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց ընտրութեան մէջ եւ ի հարկին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ Կ. Պոլիս կը մտնեն կ'ելլեն ազգային-եկեղեցական գործեր կարգադրելու համար։ Անշուշտ այսպիսի կապակցութեան մը իրաւունքով է նաեւ որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ Կ. Պոլսի աթոռին եւ Կ. Պոլսի պարտրիարքներ Կիլիկիոյ աթոռին կ'անցնէին, օրինաւոր կամ ապօրէն կերպով. այսինքն այս փոփոխումներու համար աւանդական կամ իրաւական գետին մը կար։
       Խաչատուր Գ. ի կաթողիկոսութիւնը եօթը (. ՞ ) տարի տեւեց, եւ այս միջոցը խաղաղ չանցաւ, որովհետեւ հակաթոռ մը ծառացաւ իրեն դէմ Հալէպի մէջ, իբրեւ արդիւնք իր անխոհեմ եւ վտանգաւոր քայլերուն, որով մեղսակից եղաւ Անթէպցի Եղիազարի կաթողիկոսացման, զոր ինքն օծեց իր ձեռքով։
       Եղիազար, կորովի, խելքի եւ դրամի տէր մարդ մը, միտքը դրած էր յաջորդել Փիլիպպոս Կաթողիկոսի, բայց չյաջողելով սկսաւ Օսմանեան հայերու համար կաթողիկոսական աթոռ մը հաստատելու ծրագիրը մշակել Երուսաղէմի մէջ։ Սահակ Գառնեցի ծրագրին տարբեր մէկ ձեւն էր Եղիազարինը, որ սկսաւ պատրաստութիւն տեսնել Երուսաղէմի մէջ, այսինքն Ս. Յակոբի Տաճարին կից, հարաւային կամարակապը վերածեց եկեղեցիի մը, Էջմիածին անունով։ Ռէմլէի մէջ կառոյց եկեղեցի մը, եւ շատ դրամ ծախսեց կառավարութեան բարձր պաշտօնատարները սիրաշահելու եւ պատրաստելու համար զանոնք ի նպաստ իր ձեռնարկին գործադրութեան։
       1663ին էր երբ Եղիազար տուաւ իր վերջին որոշումը։ Այդ տարին Խաչատուր Սիսէն Երուսաղէմ գնաց Զատկի առթիւ, ըստ սովորութեան իր նախորդներուն։ Եղիազար շատ սէր ցոյց տուաւ Խաչատուր Կաթողիկոսին եւ մեծարեց զայն , եւ օր մըն ալ առանձին խօսակցութեան բռնեց Խաչատուրը Ս. Յակոբի տաճարին մէջ, Գլխադիր մատուռը, եւ յայտնեց իր ծրագիրը Խաչատուրին, եւ ըսաւ «Թող Էջմիածնի Կաթողիկոս իշխէ արեւելքի հայերուն, որ Պարսիկ տէրութեան մէջ են։ Դուն ալ քու կաթողիկոսութիւնդ կը վարես Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ, իսկ ես, յարեց, կաթողիկոս կ'ըլլամ, քու կաթողիկոսութեանդ սահմաններէն դուրս, Օսմանեան երկրի մէջ գտնուող վիճակներուն եւ բոլոր Հոռոմաստանի։
       Ըստ Չամչեանի , որովհետեւ «Խաչատուր էր պարզամիտ ոք», հրապուրուած եղիազարի խոստումներէն , հաւանեցաւ, եւ երկու խօսակիցներ գլխադրի վրայ ուխտով եւ երդումով դաշինք դրին, դիպուկ ժամուն գործադրելու զայն։
       Խաչատուր 1663ի Զատիկէն յետոյ վերադարձաւ Հալէպ, եւ հոն իրեն ներկայացաւ Բերիացի ասորի եպիսկոպոս մը, Անդրէաս անունով, այս ալ կ'ուզէր իր եկեղեցւոյն մէջ ստեղծել կաթողիկոսական երկրորդ աթոռ մը, հաստատելով զայն Հալէպ, հակառակ Միջագետքի Ս. Պարսամի Աթոռին։ Անդրէաս կաշառած էր Մուրթազայ փաշան, որուն հրամանաւ Խաչատուր Կաթուղիկոս օրհնեց Անդրէասը Հալէպի մէջ։
       Ասորւոց բուն կաթողիկոսը լսեց իր իշխանութեան բռնաբարումը , զայրացաւ, եւ Խաչատուրին դէմ իր դժգոհութիւնը եւ զայրոյթը յայտնելու համար, գրգռեց Բերիոյ Առաջնորդ, ըստ Օրմանեանի (Ազգպտմ. էջ 2552) Դաւիթ Կարկառեցին, որպէս զի նա ալ հակաթոռ ըլլայ Բերիոյ մէջ նոյն ինքն Խաչատուրին։
       Դաւիթ այնպէս կ'երեւի թէ իբրեւ Կարկառեցի ուզած ըլլայ Բերիոյ մէջ շարունակել Պետրոս Կարկառեցիով յառաջ եկած պառակտումը։
       Ժամանակի ոգին զարհուրելի է այս կողմէն։
       Դաւիթ իր ծրագիրը յաջողցնելու համար գնաց Կ. Պոլիս, կաշառեց Թիւթիւնճի յորջորջուած Յովհաննէս Պատրիարքը, իր կողմը շահեցաւ անոր կողմնակիցները, եւ կառավարութեան առջեւ ամբաստանեց Խաչատուրը, յայտարարելով թէ Սիսի Կաթողիկոս Խաչատուր այս եւ այն յանցանքներու համար ժողովուրդի կողմէն մերժուած է եւ անոր տեղ կաթողիկոս ընտրուած է Դաւիթ։
       Ամբաստանութիւնը, շնորհիւ կաշառքի, յաջողեցաւ։ Դաւիթ արքունի հրովարտակով Սիս գնաց Կ. Պոլսէն եւ իրեն համախոհներ ճարելով հոն, կաթողիկոս եղաւ։
       Խաչատուր իր կարգին գնաց Կ. Պոլիս, բողոքեց իր իշխանութեան յափշտակութեան դէմ։ Կ. Պոլսի պատասխանատու հայերը չքմեղեցին իրենք զիրենք՝ յայտնելով թէ Պատրիարքն է պատասխանատուն։ Երբ Խաչատուր կառավարութեան մեծերը կը սիրաշահէր Կ. Պոլսի մէջ, հակաթոռ Դաւիթն ալ հասաւ հոն, եւ սկսաւ մրցանքը։
       Յովհաննէս Պատրիարք ստիպուեցաւ ժողով մը գումարել պատրիարքարանի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գաղատիոյ Առաջնորդ Եւդոկեցի Մինաս Արքեպս. (1647-(1676)։ Եւ որովհետեւ Պատրիարքը հակառակ էր Խաչատուրին , վէճը երկարեցաւ. Խաչատուր ձանձրացաւ եւ տեղի տուաւ, պայմանաւ որ Դաւիթ Հալէպ նստի եւ այդ թեմին մէջ միայն ամփոփուի իր իշխանութիւնը, օգնէ նաեւ Սիսի աթոռին պէտքերուն։ Դաւիթ վերադարձաւ Հալէպ, բայց մերժուեցաւ ժողովրդեան կողմէն եւ Խաչատուր ճանչցուեցաւ օրինաւոր կաթողիկոսը Կիլիկիոյ։
       Երբ Խաչատուր Կ. Պոլիս կը գտնուէր դեռ, Եղիազար փութաց երթալ Էտիրնէ, արքունի բանակ, իր կաթողիկոսութիւնը պետութեան ճանչցնելու եւ հաստատութեան հրովարտակը առնելու համար, ինչ որ դիւրին եղաւ դրամով եւ մանաւանդ Ապրօ Չէլէպիի գործակցութեամբ , որ Եպարքոս Քէօփրիւլիւ զատէ Ահմէտ փաշային հաւատարիմն էր եւ միշտ անոր բանակին մէջ էր իբրեւ գործակատար, եւ վերադարձաւ Հալէպ։
       Եղիազար բոլոր ապահովութիւնը ձեռք բերելէ յետոյ իր ծրագրին գործադրութեան համար, Հալէպէն գրեց Կ. Պոլիս Խաչատուր Կաթողիկոսին եւ հրաւիրեց զայն, որպէս զի փոյթընդփոյթ առանձին սուրհանդակով գայ, իր սպասաւորներն ու կարասիքը՝ ետեւէն գալու պայմանաւ։
       Խաչատուր Կաթողիկոս, այս անգամ պէտք զգաց խորհրդակցութիւն մը կատարել գաղտնի, հայ երեւելիներէն քանի մը զգօնամիտ անձերու հետ, որոնց մէջ Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանց, որպէս զի չմեղադրուի իր ընելիք գործին համար։
       Խորհրդակցութեան եկողներ ապշեցան եւ նոյն իսկ զարհուրեցան, ըստ Չամչեանի, հեռատեսելով այս նոր պառակտման հետեւանքները եւ խորհուրդ տուին Խաչատուրին որ չաճապարէ, որպէս զի ճար մը գտնեն Եղիազարը ետ կեցնելու համար իր ձեռնարկէն։
       Յարմար դատուեցաւ որ Երեմիա Չէլէպի ինքն երթայ Հալէպ եւ համոզէ Եղիազարը, վասն զի Երեմիա եւ Եղազար բարեկամներ էին եւ Եղիազար խորապէս կը յարգէր Չէլէպին։
       Երեմիա Չէլէպի գնաց Հալէպ, տեսակցեցաւ Եղիազարի հետ, բայց չկրցաւ համոզել զայն։ Եղիազար կը յենուր իր ձեռք բերած հրովարտակին վրայ, եւ միւս կողմէն, կ'ըսէր թէ բարիք մը պիտի ըլլայ իր կաթողիկոսութիւնը հայ ազգին համար։
       Վերջապէս Խաչատուր Կաթողիկոս ալ վերադարձաւ Կ. Պոլսէն Հալէպ, եւ արքունի հրովարտակին առջեւ զիջաւ եւ կաթողիկոս օծեց Եղիազարը Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ 1664ին (տես նաեւ Թորոս Աղբար, Բ. էջ 464-65)։
       Եղիազար չկրցաւ դիւրաւ վայելել իր կաթողիկոսութիւնը։ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը խլած էր Աստուածատուր Պատրիարքի ձեռքէն, այնպէս որ երբ Եղիազար Հալէպէն Երուսաղէմ գնաց , վտարուեցաւ Աստուածատուրի կողմէն։ Եղիազար աստանդական շրջեցաւ, մեծ գումարներ ծախսեց, հալածուեցաւ, տառապեցաւ, տագնապեցաւ մինչեւ ի մահ, բայց վերջապէս յաջողեցա իր անընկճելի կամքը պարտադրել եւ հաստատուիլ Երուսաղէմ, ուր մնաց մինչեւ Ջուղայեցի Յակոբ Կաթողիկոսին վախճանումը, եւ ինչպէս կանխեցինք պատմել այս գլուխին սկիզբը, եւ յետոյ Էջմիածին հրաւիրուելով, խափանեցաւ իր ստեղծած կաթողիկոսութիւնը Երուսաղէմի մէջ։
       Խաչատուր Գ. Ի կաթողիկոսական կեանքին հետ կապուած այս տխուր դէպքեր, Չամչեանի կարծածին պէս պարզամիտ մարդու գործեր չեն։
       Ասորիներու կաթողիկոսութիւնը կ'երկպառակէ հակաթոռ Անդրէաս մը ձեռնադրելով։
       Հայոց կաթողիկոսութիւնը կ'երկպառակէ հակաթոռ Եղիազար մը ձեռնադրելով։
       Բայց ինքն ալ, ինչպէս տեսանք, իր դէմը կը գտնէ Դաւիթ մը, դրդումովը Ասորւոց բուն կաթողիկոսին, եւ կը դառնանայ իր կեանքը, այնպէս որ այս տխուր, բայց միանգամայն հետաքրքրական դէպքերէն զատ ուրիշ բարեյիշատակ արձանագրութիւն չէ ձգած պատմութեան մէջ։
       Անիրաւ դատապարտութեան մը դատակնիքը չդնելու համար Խաչատուր Գ. ի պատմութեան վերջը, որ դժբախտաբար լման ծանօթ չէ մեզի, պիտի ըսէինք որ թերեւս ուզած է ժամանակին յառաջդիմասէր առաջնորդներէն մին ըլլալ միտելով լատինասէրներու կողմը, որոնց մէջ կարեւոր դէմքեր կային Եդեսացի Յովհաննէս Արքեպիսկոպոսի, Խաչատուրին Վարժապետը, Արեւելցի Կիրակոս Պատրիարքի եւ իրեն դասակից եւ գաղափարակից Բերիացի Թովմաս եւ Տիվրիկցի Պօղոս Վարդապետներու նման։
       Աւելի տխուր դէմք մըն է հակաթոռ Բերիացի Դաւիթը , որ ըստ Մաղաքիա Դպրի, Կարկառեցի է ծագումով։
       Պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք իրեն Երուսաղէմ, իբրեւ աբեղայ Աստուածատուր Պատրիարքի եւ յետոյ՝ իբրեւ գործակից Եղիազարի, որ Երուսաղէմէն Կ. Պոլիս կը ղրկէ զինք ոսկիներով, իր ծրագրին յաջողութեան աշխատելու համար, ուր կը գործակցի Վանեցի Աստուածատուր Երէցի, որ ծանօթ է այս շրջանի մէջ իր Թըլթըլ (թոթով ) կոչումով ( Չամչեան Գ. էջ 674, 672 եւ 667), լատինասէր կուսակցութեան մէջ։
       Դաւիթ երբ հակաթոռ կաթողիկոս եղաւ Հալէպի մէջ, սկսաւ իր թեմին շրջակայքը Էջմիածնի պատկանող վիճակներ նուիրակ ղրկել. բայց Եղիազար, իր երբեմնի գործակիցը, կառավարական ուժով արտաքսել տուաւ անոր նուիրակները (Ազգպտմ. էջ 2572)։
       Թէ՛ Խաչատուր եւ թէ հակաթոռ Դաւիթ, «ուղիղ դաւանութեան » թղթեր գրած են Հռոմ ։ Բայց կ'երեւի թէ ասոնց Հռոմի հետ ունեցած յարաբերութիւնները յարդարող պատճառներուն մէջ նուազագոյնը չէին նիւթական շահեր եւ ակնկալութիւններ։
       Դժբախտաբար այս յայտնութիւնը կ'ընէ լատին մը եւ Խաչատուրը կը խարանէ իբրեւ խաբեբայ (Ազգպտմ. էջ 2584), ինչ որ կրնայ հաստատել, ի միջի այլոց, թէ Խաչատուրի պէս լատինասէրներուն բուն նպատակն էր, «ուղիղ դաւանութեան » ետին, նիւթական շահ եւ օգուտ, ի նպաստ իրենց քսակին եւ Ազգին։
       Հակաթոռ Դաւիթն ալ չէ դադրած փայփայելէ իր անուանական կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս որ կ'երեւի 1674ին իրմէ գրուած եւ մնացած ուրիշ վաւերագրէ մը ։
       Օրմանեան, նկատի առնելով Չամչեանէ կազմուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց գաւազանին թուականները, կ'ենթադրէ որ Խաչատուր եւ իր հակաթոռը մեռած ըլլան 1679ին (Ազգպտմ. էջ 2589)։
       Շիտակ է այս ենթադրութիւնը։
       Սսոյ Մաշտոցին դատարկ թերթերուն վրայ, ուր բաւական կաթողիկոսներ իրենց իսկ ձեռքով յիշատակագրած են իրենց գահակալութեան թուականները, Խաչատուրին եւ Դաւթին անունները չեն երեւիր։ Իսկ իրենց օրերուն գրչագրուած Ձեռագիրներու Յիշատակարաններէն եկած պատմական նպաստն ու լոյսը առատ ու զօրաւոր չէ։
       Բոլորգիր Շարականէ մը.
       «Փառք Ամենասուրբ Երրորդութեան , անբաժանելի եւ միասնական Հաւր եւ Որդւոյն սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ անզրաւ աւիտենիւ ամէն։ Որ ետուր ինձ կարողութիւն տկար անձինս իմոյ հասուցանել յաւարտ զսբ գիրս այս որ կոչի Շարակնոց։
       Ձեռամբ յոգնամեղ եւ անիմաստ գրչի Սահակ դպրի . արդ գրեցաւ սայ ի մայրաքաղաքն ի յԱտանայ , ընդ հովանեաւ Սբ . Ածածնին ., եւ Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցեացս։ Ի թվականութեանս մերում ՌՃԸ (=1659), ի հայրապետութեան Տեառն Տէր Խաչատուրին։
       Արդ երեսանկեալ աղաչեմ ըզձեզ ով եղբայրք , անմեղադիր լերուք խոշորութեան եւ սղալանաց գրիս , զի կար մեր այսչափ էր։
       Դարձեալ աղաչեմ ըզձեզ յիշեցէք ի մաքրափայլ աղօթս ձեր զծառայն Աստուծոյ ըզՍահակ դպիրն , եւ ըզհայրն իմ ըզթորոսն եւ ըզմայրն իմ հեղենի եւ եղբարքս իմ։ Եւ ողորմի ասացէք ծնողացս իմոց եւ վարպետաց . եւ Ած . ձեզ եւ մեզ ողորմի ահեղին . Ամէն»։
       (Անթիլիաս, Դպրեվանքս Մատենադարանին (Մկրեան ) ձեռագիրներէն)։
       Անկիւրիոյ Կարմիր Վանքի Ձեռագիրներէն Թիւ 46ը Ածաշունչ. մըն է, գրուած Զեթուն 1662ին, Թիւ 247ը՝ Աւետարան մը, գրուած Զեթուն, 1673ին, Թիւ 151ը Տաթեւացւոյ Քարոզգիրքը, գրուած Զեթուն, 1674ին. - երեքն ալ գրուած են «ի կաթողիկոսութեան Կիլիկեցւոյ Տէր Խաչատուրին »։ Հակաթոռ Դաւթի անունը չկայ։ Նոյնպէս Հալէպի Թիւ 10 Ձեռագիրը, Մաշտոց մը, գրուած է Հալէպ, 1673ին, «ի հայրապետութեան Տեառն Տէր Խաչատուր Կաթողիկոսին , որ է այժմ բազմեալ յաթոռ Ս . Լուսաւորչին ի մայրաքաղաքն Սիս։ Եւ առաջնորդութեան մայրաքաղաքիս Հալպա Ազարիա Վարդապետին»։ Չկայ Դաւթի անունը։
       Միայն Հալէպի Թիւ 26 Ձեռագիր Աւետարանը գրուած է Հալէպ, Աստուածատուր Քահանայի ձեռքով, 1672ին, «ի հայրապետութեան Տանն Կիլիկիոյ Տեառն Տէր Խաչատուրին եւ Տեառն Տէր Դաւթին»։
       Ասոր հակառակ, Օհան Եպիսկոպոս մը նուիրակ կ'երթայ Լօքօշա (Կիպրոս) 1670ին «ի կաթողիկոսութեան Խաչատուրին » (Կիպրոս, էջ 98)։ Չկայ Դաւթի անունը։
       Ամէն պարագայի մէջ, ստուգապէս չենք գիտեր թէ ե՞րբ վախճանած են Խաչատուր Գ. եւ հակաթոռ Դաւիթ։
       Մեր տեսած Յիշատակարաններու համեմատ Խաչատուր Գ. կ'ապրի մինչեւ 1674 , եւ նոյն թուին Կաթողիկոս է արդէն իրեն յաջորդ Սահակ Ա . Մէյխանէճեան։
       Իսկ հակաթոռ Դաւթի մասին կը պակսին անդրագոյն տեղեկութիւններ։
      
       ԱՐԾԻՒԸ
       Թանկագին յիշատակ մը գտայ Երուսաղէմ՝ Թորոս Բ. էն եւ Խաչատուր Գ. էն մնացած, որուն վրայ խօսելով պէտք է կնքեմ այս գլուխը։
       Տեսանք որ Թորոս Բ. Կաթողիկոս Կ. Պոլիս գնաց կարեւոր գործերով եւ վախճանեցաւ հոն։ Հանգուցեալ հայրապետը շատ սիրուած էր Կ. Պոլսի հայերէն, եւ Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան միշտ մօտն էր անոր։
       Մհտ. Ամբակում, Երեմիայի մօրը քեռին, Թորոս Բ. ի համար շինել տուած է հայրապետական Արծիւ մը, արծաթ թելերով բանուած. բայց կաթողիկոսը կը վախճանի եւ արծիւը կը մնայ Մհտ. Ամբակումի քով, եւ յետոյ երբ Խաչատուր Գ. կը գահակալէ, արծիւը կը ղրկէ անոր, սիրուն նամակով մը, Երեմիա Չէլէպիի գրչէն, որուն օրինակը գտայ Երուսաղէմ Թիւ 1058 Ձեռագրի մէջ, որ հաւաքածուն է Ե. Չէլէպիի նամակներու պատճեններուն։
       Նամակը գրուած է 1658 ին։
       Ինչպէս որ կը հասկցուի, Խաչատուր Գ. կաթողիկոսանալէ յետոյ նամակներ գրած է մհտ. Ամբակումին եւ Մատթէոս Երէցի, եւ անոնց մէջ ըսած է որ Կիլիկիոյ Հայրապետանոցին մէջ չորս ազգերէ չորս սուրբերու Աջեր կան։ Բարեպաշտ Մահտեսին ուրախութիւն կ'զգայ կաթողիկոսին այդ նամակէն եւ իր պատասխանագրին մէջ կը մաղթէ որ Տէրը պէս պէս պայծառութեամբ ծաղկեցնէ անոր մեծ իշխանութեան գաւազանը, եւ կը յիշեցնէ անոր թէ երբ Կ. Պոլիս էիք ձեզմէ խնդրեցինք որ դպրոցներ բանաք եւ լրացնէք այդ պակասը իշխանութեանդ սահմաններուն մէջ, որպէս զի բարի եւ մեծ անուն մը շինես, եւ նամակին հետ կը ղրկէ նաեւ Արծիւը, զոր լուսաւոր հոգի Տէր Թորոս Կաթողիկոսին համար պատրաստած էինք, բայց ահա քեզի վիճակեցաւ, իբրեւ յիշատակ հայրապետարանիդ. բարով վայելես, նաեւ իբրեւ վկայ մեր անկեղծ եւ սուրբ սիրոյն, որով վաղուց նախագուշակած էինք ըլլալիքը, այսինքն ըսել կ'ուզէ թէ մենք այնքան կը սիրէինք քեզ որ կաթողիկոսութիւնդ ալ գուշակած էինք։
       Արծիւը թղթաբեր Տէր Տրդատի հետ կը ղրկեն, որ ինչպէս կ'երեւի Կ. Պոլիս եկած է Խաչատուրի կողմէն մասնաւոր պաշտօնով մը եւ դժուարութեանց հանդիպած։
       Այս նամակը տեսած եւ ընդօրինակած էի 1923 Յունիս 9, Շբ ., իսկ յետոյ ալ բուն Արծիւը գտայ։
       Ս. Յակոբի մէջ մեծ թափորներուն իբրեւ դրօշ կամ Խաչվառ Արծիւ մը կը տանին. տեսած էի զայն, բայց մօտէն չէի քննած։ 1930 Յնվր. 11, Շբ. Որդւոց Որոտման Տօնին Արծիւը իբր դրօշ դուրս եկաւ Ս. Յակոբի գանձարանէն։ Եկեղեցւոյ աւարտումէն ետքը բերել տուի սենեակս եւ մօտէն քննեցի զայն, կարդացի յիշատակարանը եւ տեսայ որ ասիկա այն Արծիւն է, որ յիշուած է 7 տարի յարաջ իմ ընդօրինակած նամակին մէջ։
       Գեղեցիկ գիւտ մըն էր ասիկա, որ կը լուսաբանէր եւ կը պատկերազարդէր մհի. Ամբակումին պատմական նամակը։
       Ահա նամակը եւ Արծիւը։
       (Խաչատուր Կաթողիկոս Սսայ)
      
       Ի գերապետական գլխոյն գերագոյացեալ, ի գերաբուղխ աղբերէ գերազարդեալ եւ վերապատուեալ աթոռակցութեան Լուսաւորչին մերոյ Հայրապետի երջանկի մատուցանեմք՝ Մատթէոս Երէց եւ Ամբակում սիրելիք քո՝ համբոյրս երկնաչու գարշապարիդ։
       Ուստի ուրախացեալ հրճուեցաք վասն արժանաւորելոյ յիշատակի կրկին նամակաւդ՝ հանդերձ Տէր Տրդատիւս, եւ վասն ծանուցանելոյ քո, եթէ Չորք Սրբոց Աջք գոն չորից ազգաց՝ ի պահպանութիւն կաթողիկոսարանիդ՝ որոյ արժանաւորեցարդ հայրենաւանդ վիճակիդ։
       Եւ մեք ի տենչանաց ըղձից սրտից մերոց մաղթեմք զի ծաղկեցուսցէ զգաւազան իշխանութեանդ մեծի՝ պէսպէս պայծառութեամբ։
       Եւ որպէս յառաջագոյն հայցեցաքն լնուլ զպակասութիւն դորին դպրատամբք եւ դասատամբք, զի զառաջնոցն կարծիցեն լսօղք զժամանակս անուն բարի եւ մեծ ստանալ քեզ յաւիտեանս։
       Եւ զԱրծիւն, զոր պատրաստեցաք լուսաւոր հոգի Տեառն Թորոսի, ահա քեզ վիճակեցաք՝ ընծայելով Հայրապետարանիդ առ յիշատակ մեզ եւ քո. բարով վայելեսցէս վկայելով անկեղծ եւ սուրբ սէր մեր, որ ի վաղուց նախագուշակաւ իրիս պատահման։
       Եւ զՏէր Տրդատս սիրով ուղարկեցաք հազիւ առեալ ի ձեռաց գոռոզամիտ Աթոռակալացն քաղաքիս, զորոց բարուց տեղեակդ ես , եւ խաղաղութեամբ ուղեւորեցաք ի սէր եւ յօրհնութիւն քո. ողջ լեր։ Թվն. ՌՃԷ (=1658)։
       Արծիւը ասեղնագործուած է նախ եւ առաջ բարակ կաշիի կամ թուղթի վրայ ոսկեթելով (. ՞ ), եւ յետոյ ագուցուած ճերմակ մետաքսէ յատակի մը վրայ։ Այս մետաքսեայ յատակը բաւական տոկուն է։ Հիմակուան գոյնը սերի դեղնորակի պէս բան մը։
       Արծիւը եզերուած է, անշուշտ դրօշի կամ Խաչվառի վերածուելու ատեն, մութ կարմիր կերպասով մը, որուն վրայ ծաղիկներ բանուած են կեղծ արծաթ թելերով։ Կերպասը գրեթէ մաշած է այժմ։
       Արծիւին ամբողջ մեծութիւնն է 126x80ս. մ . ։ Բուն ճերմակ կերպասը, որուն վրայ ագուցուած է Արծիւը, 108x80 ս. մ . ։ Թեւատարած եւ երկայնտտուն մարմինը արծիւին՝ 85x80ս. մ. ։
       Մութ կարմիր կերպասէ եզերքին լայնքն է գրեթէ 10 ս . մ. ։
       Չորս անկիւնները բանուած են Չորս Աւետարանիչներ։
       Երեք տող սղագրուած յիշատակարան մը ունի Արծիւս, բանուած կեղծ-ոսկի (սիմ ) թելով, հետեւեալ կերպով
      
      
       Մատթէոս Յովհաննէս
       Թվն . ՌՃԶ
       Յշտկ է Արծիւս մհտսի Ամբկն եւ Կղկցն եւ ծնօղացն Մարտրսն եւ խւպէ
       Եւ եղբրցն Պկլրն եւ Ածտրն եւ ամ. արեան մրձւորցն ի քղքն Սիս սբ Լսւրչի
       Աջյն եւ այլ սրբցն Սղբստրսի Նկղ յսի պրսմյ ի վյլմն Թրս Կթղկսի Հյց
      
       Մարկոս Ղուկաս
      
       Արծիւը իբրեւ օթոց կը գործածուի կաթողիկոսներու ոտքին տակ, գորգի պէս, որուն վրայ կը կատարուի նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։
       Երուսաղէմի մէջ այս Արծիւը դրօշի կամ Խաչվառի վերածուած է Շղթայակիր Գրիգոր Պատրիարքի ատեն (1715-1749). որովհետեւ վերի եւ վարի երկու հորիզոնական գլաններուն ծայրերը զարդարող դեղին պղինձէ չորս գնդակները շինուած են 1723ին, ատոնց վրայ փորագրուած յիշատակարանին համեմատ որ է.
       «†Յիշկէ Խասըմփշցի. մհտես. Խաչտուրին. թվին ՌՃՀԲ » (=1723)։
       Ի՞նչ կերպով այս Արծիւը Սիսէն եկած է Երուսաղէմ։
       Հաւանաբար Խաչատուր Գ. իրեն քով կը պահէր Արծիւը ուր որ երթար, փոխանակ Աթոռի գանձատան մէջ պահելու։ Անշուշտ Խաչատուր Գ. այս Արծիւին վրայ կատարեց Եղիազարի կաթողիկոսական Ձեռնադրութիւնը Հալէպի Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ 1664ին։ Կրնայ ենթադրուիլ որ նոյն ինքն Եղիազար խլած ըլլայ զայն Խաչատուր Գ. ի ձեռքէն եւ բերած Երուսաղէմ, ատոր վրայ ձեռնադրելու համար իր եպիսկոպոսները։ Իսկ Շղթայակիր զայն վերածել տուած է Խաչվառի կամ դրօշի, անշուշտ գնահատելով զայն իբրեւ թանկագին եւ հին ձեռագործ մը, արժանի բարձրանալու ձողի վրայ եւ պահուելու խնամքով, եւ այս առթիւ է որ Արծիւին եզերքները աւելցուած են։
       Եղիազար խլած կամ բերած կ'ենթադրենք, որովհետեւ Ս. Յակոբի Միաբանութիւնը աւանդաբար Եղիազարի կը վերագրէ այս Արծիւը, առանց ուշադիր ըլլալու ատոր յիշատակարանին։
      
       ԱՐԾԻՒԸ ՆՈՒԻՐՈՂ ՄՀԻ . ԱՄԲԱԿՈՒՄ
      
       Ի միջի այլոց Կիլիկիոյ Աթոռին եւ Աթոռակալներուն բարեկամ եւ բոլոր բարի գործերու գործակից այս պատուական հայը, որ Երեմիա Չէլէպիին հետ այնքան ծառայութիւններ ըրած է, կ'արժէ որ պատկերացուի հոս իր կենսագրութեան գեղեցիկ գծերով։
       Այս բարի եւ բարեգործ անձը մօրը քեռին է Քէօմիւրճեան Երեմիա Չէլէպիին, որ իր օրագրութեան մէջ անոր մահը ողբերգելու ատեն կենսագրական տեղեկութիւններ ալ կուտայ անոր մասին։
       Մհի Ամբակում բնիկ Նավրերցի (Ակն ) է, Մարտիրոս անուն մեծազն անձի մը զաւակը։ Ճէլալիներու ըմբոստութեան հետեւանքով, երբ դադրեցաւ երկրագործութիւնը եւ սով տիրեց Փոքր Ասիոյ մէջ, Ամբակում իր հօր հետ, «ի տունս Հոռոմոց» (Կ. Պոլիս ), եկաւ 1594ին, եւ չափահաս ըլլալէ ետքը կը հետեւի հացագործութեան եւ այնքան կը յաջողի եւ կը յառաջանայ ատոր մէջ որ Արհեստապետը կը լինի հացագործներուն եւ մեծ անուն կը վաստկի։ Ամբակում, բարձր եւ վայելուչ հասակով եւ փափկամարմին, բոլորովին անմօրուս, կ'ամուսնանայ, զաւակ չ'ունենար, բայց շատ զաւակներ կ'ունենայ «ըստ հոգւոյ եւ ըստ Աստուծոյ »։ Կը սիրէ եկեղեցականները, իր բոլոր ունեցածէն բաժին կը հանէ Աստուծոյ , կը պատուէ ծնողները, կը խնամէ որբերն ու այրիները, այնպէս որ «յաւուրս սորա ամենայն որբք եւ այրիք Փոքր մասիս Հայոց որ ի քաղաքս՝ խնդային », կ'ազատէ բանտարկուածները, կ'օգնէ չունեցողին, մոլարները, ըստահակները ու անհոգները կարգի կը բերէ, գործի եւ դրամի տէր կ'ընէ, իր ձեռքին տակ գործող աշկերտները վարպետ կ'ընէ, հպարտութենէ եւ արբեցութենէ կը խորշեցնէ զանոնք եւ եկեղեցասէր կ'ընէ։ Ինքն թէեւ գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց կը սիրէր զանոնք, առտու իրիկուն եկեղեցի կ'երթար, առանց Եկեսցէի չէր քնանար, կ'ստիպէր իր կինը որ բերնուց սորվի Եկեսցէն եւ Հաւատով Խոստովանիմը։
       Ամբակում 1634ին, Պարոնտէր Գրիգորի ատեն Երուսաղէմ կ'երթայ ուխտի, եւ այնքան կը սիրուի շինարար Պարոնտէրէն որ վերադարձին Կ. Պոլիս Երեսփոխան կը կարգէ զինքն Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյն եւ Ս. Յակոբին Գանձանակը կը յանձնէ մհի. Ամբակումին որ տասներկու տարի կը կատարէ այդ պաշտօնը։
       Երեմիա Չէլէպին կ'ըսէ թէ ինքն կը բռնէր Ս. Յակոբի գանձանակին հաշիւները։ Իմ ծնելէս երեք ամիս յետոյ , կ'ըսէ Չէլէպին, իմ հարազատ եղբայրս Երուսաղէմ ղրկեց եւ քահանայ ձեռնադրել տուաւ Պարոնտէրի ձեռքով եւ վերադարձին ընթրիքներ կը սարքէ եւ պատարագներ ընել կուտայ իր ննջեցեալներու անունով։ Մհի. Ամբակում իր բոլոր մեծութեամբ ամէնէն խոնարհ մարդն էր, կը ծառայէր վարդապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնց ամէնքն ալ նամակներով իրենց շնորհակալութիւններն ու օրհնութիւնները կը նուիրէին իրեն։
       Մհի. Ամբակում կը սիրէր յիշատակներ տալ եկեղեցիներու, այսինքն սպասներ, անօթներ, Գիրք (Ճաշոց ), Աւետարան, Այսմաւուրք, այնպէս որ իր համբաւը կը հասնի Էջմիածին, Մովսէս Կաթողիկոսին (1629-1632)։ Երբ Փիլիպպոս կը յաջորդէ Մովսէսին, օրհնութեան գիրեր կը գրէ մհի. Ամբակումին եւ սա ընծաներով կը պատասխանէ կաթողիկոսին, եւ Փիլիպպոս կ'որոշէ Երուսաղէմ երթալ ուխտի, կը փափաքի որ մհի. Ամբակում ալ գայ Երուսաղէմ եւ հոն անձամբ ծանօթանան իրարու։ Մհի. Ամբակում կը համակերպի հայրապետական փափաքին եւ իր կինը ու Երեմիա Չէլէպին ալ առնելով իրեն հետ, կ'երթայ Երուսաղէմ 1648ին. բայց Փիլիպպոս Կաթողիկոս կը յամենայ ճամբան եւ այդ տարին չի կրնար գալ Երուսաղէմ։ Այն ատեն Աստուածատուր Վարդապետն է Երուսաղէմի Առաջնորդը, իր տարած բոլոր ընծաները կը բաշխէ ամէնուն։ Իր կինը եւ Երեմիան կը ղրկէ Կ. Պոլիս, իսկ ինքը ուխտի կ'երթայ Մշոյ Ս. Կարապետը, անկից կ'անցնի Երզնկայ , Լուսաւորչի ուխտատեղիները տեսնելու, ամէնքն ալ կը ռոճկէ. կ'այցելէ նաեւ իր բնիկ գիւղը՝ Նավրեր, յիշատակներ կը թողու հոն եւ կը վերադառնայ Կ. Պոլիս։ Եւ երբ յետոյ Փիլիպպոս Կաթողիկոս ալ կը հասնի Կ. Պոլիս (1652) շատ սէր ցոյց կուտայ մհի. Ամբակումին, եւ Աստուածաշունչ մը կ'ուզէ անկէ իրեն համար «փոխանակ ոչ առնելոյն զուխտն Երուսաղէմի ընդ հոգեւոր տիրին»։
       Մհի. Ամբակում սիրով կը խոստանայ, բայց Կ. Պոլսի «պարսաւելի նօտարները (գրչագրողներ ) երեք չորս տարի կը խաղցնեն, մինչ միւս կողմէն Փիլիպպոս Կաթողիկոս Էջմիածնէն կը գրէր ըսելով «Թէ ջանասցես ով հաւատարիմդ եւ ի բնէ բարեկամդ, ով քրիստոսասէրդ եւ սիւնդ հաստատ սուրբ Տանս, ջանա զի առաքեսցես զյիշատակս քո, զի մարմնաւոր աչօք տեսայց մինչ չեւ մեռեալ իցեմ»։ Դժբախտաբար կը վախճանի Փիլիպպոս, եւ մհի. Ամբակում մեծապէս կը ցաւի որ չկրցաւ Աստուածաշունչը ղրկել Էջմիածին, Ճելալիներուն խռովութեանց պատճառաւ։
       Վերջապէս ինքն մհի. Ամբակումն ալ կը հիւանդանայ եւ մահուան անկողնին մէջ կտակ կ'ընէ որ Աստուածաշունչը ղրկեն Էջմիածին Յակոբ Կաթողիկոսին։ Կը փափաքի որ իր թաղման կարգը կատարէ «Մարտիրոս Հռետորն, եղբայրն Եղիազարու », քանի որ Եղիազար մօտը չէ, եւ զինքը թաղեն եկեղեցականներու գերեզմաններուն քով, եւ իր գլխուն վերեւ տնկեն
       «Զծառ աճարի ըստ սարասի իմս բաստի,
       Թէպէտեւ անպտուղ նմանի,
       Յինքեան ունի զհոտ բարի
       Հեռաւորաց եւ մերձաւորաց նաեւ զշուքն հովանի»։
       Յետոյ իր վերջին խօսքերը կ'ուղղէ Երեմիային, եւ իր կնոջ, զանոնք իրարու յանձնարարելով իբրեւ մայր եւ որդի։
       Մհի. Ամբակումին վերջին փափաքն է տեսնել Ս . Յակոբի ազատութիւնը յունաց ձեռքէն. կ'ուզէ որ Երեմիա իմացնէ Եղիազարին իր ոգիին տարփումը. երբ կ'ըսէ Ս. Յակոբ վերադարձուի Հայոց, եկէք եւ աւետիս տուէք գերեզմանիս։ Գրէ այս բոլորը օրագրութեանդ մէջ եւ լաց մհի, մայրիկիդ հետ, որպէս զի չըսեն թէ անորդի մեռաւ այս ցաւալից կեանքի մէջ։ Մհի. Ամբակում հետզհետէ կը տկարանայ, ոչ կ'ուտէ եւ ոչ կը խմէ, եւ կ'աւանդէ իր հոգին 1658 Նոյեմբեր 3, Դշ. ժամը 3ին, ուղիղ դաւանութեամբ եւ սուրբ հաղորդութիւն առնելէ ետքը։
       Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ օր մը կը պահեն ննջեցեալը, պաշտամունք եւ պատարագ կը մատուցուի, իր փափաքին համեմատ Մարտիրոս Վարդապետ կը կատարէ թաղման կարգը եւ երեք եկեղեցիներէն 44 քահանաներու թափօրով կը կատարեն յուղարկաւորութիւնը դէպի Պալըքլը եւ հոն կը թաղեն «մերձ առ տապանն կաթուղիկոսի Թորոսին Կիլիկիոյ եւ Վարդապետին Յովհաննու Եդեսացւոյ»։
       (Հմմտ. նաեւ Թորոս Աղբար, Բ. էջ 402-403, եւ Եր. Չէլէպիի Ստամպօլոյ Պտմ. Տքթ. Վ. Թորգոմեանի, էջ 145-147, Միաբանք, էջ 14-15)։
      
       Ո Ղ Բ ԱՍԱՑԵԱԼ ԵՐԵՄԻԱՅԻ Ի ՄԱՀՆ ՄԱՀՏԵՍԻ ԱՄԲԱԿՈՒՄԻՆ որ է Կ. ամաց, ի թվ . ՌՃԷ.
      
       Յաւուրս սըգոյ Հայաստանեայց աղէտին,
       Որ զՍուրբ Յակոբ ձեռաց մերոց խըլեցին,
       Մեր հոգեւոր հայր Ամբակում Մահտեսին
       Աղիողորմ ողբս յօրինէր ի մաճին։
      
       Էր ի կսկիծ յոյժ ախտացեալ ծանրանայ
       Մինչ թարց ումեք զիւրոյ շարժիլն չարենայ,
       Ասէր զողբումն լալով առ իւր մերձակայ
       Ժամ իմ եհաս կացէք առ Տէր, Բարով մնայ։
      
       Րաբունապետ Եղիազար դու լըսէ.
       Անդէպ վայրիքդ մընալն քո զիս խոցոտէ,
       Անհուն ցաւոյդ դիպիլն քո զիս ցաւոտէ,
       Թափուր մնացի յաւրհնութենէդ, Բարով մնայ։
      
       Եղէ կարօտ մնացի փափաք քո ախուդ,
       Հոգիս քակտաւ կամ եւ հայիմ այդ ճամբուդ.
       Այլ չեմ տեսներ, ճամբաքս եղեւ ի հեռուստ,
       Զիս քո յաղօթս յիշէ առ Տէր, Բարով մնայ։
      
       Մարտիրոս քաջ սուրբ Վարդապետ, ունկն արա.
       Թէպէտ յԵղիազար Տեառնէ զըրկեցայ,
       Փոխան եղբօրդ կանգնիս յիմ գլխուս վերայ
       Զկարգ կատարես քո սուրբ սիրոյդ, Բարով մնայ։
      
       Իմ սիրելիքս, այսօր ի ձէնջ հեռանամ,
       Դուք առ միմեանս լիջիք սիրով յարաժամ.
       Աւագ որդի Տի□ էկ նախաբարեկամ,
       Սիրելիքս իմ ամանաթ քեզ, բարով մնայ։
      
       Այ էֆէնտի, հոգի եւ ճան Տէրտէր իմ,
       Զկարգըս բոլոր կատարեա եւ զկըտակ իմ,
       Այլ եւ առ վարդապետսն արա զտապանս իմ,
       Իրիցկին դու, քաղցրիկ իմ դուստր, Բարով մնայ։
      
       Երեմիա, հոգեծին իմ որդեակ,
       Առ վարդապետն Եղիազար զայս պատմեա.
       Զուրախութեան լուրն ի մամնի ոչ լըւայ,
       Թեւ իւր Աստուած, ասէ, իւրեան, Բարով մնայ։
      
       Բարձրելոյն տուն ըզՍուրբ Յակոբն առնէ նա
       Աշխարհ նորոգ պայծառութեամբ յար ցընծայ.
       Քեզ ամանաթ, եկ ի հողս իմ աւետեա,
       Զի զովասցի փըտեալ ոսկերքս, Բարով մնայ։
      
       Ա՛ռ սիրելի իմ զխաչս սրբոյն Հռիփսիմեայ,
       Քեզ յօգնութիւն, ի վերայ քո լաւ պահեա,
       ԶԱստուածաշունչն Հոգեւոր Տեառն ընծայեա,
       Վասն իմ հոգւոյս աղօթեսցէ. Բարով մնայ։
      
       Նա որք հեռի կան սիրելիքս , ողջունեա.
       Յոյժ գորովով զՄահտեսի մայրդ սփոփեա.
       Որդեակ իմ, լաց դու ընդ նըմին եւ ողբա,
       Աշխարհ չասէ ինձ անորդի, Բարով մնայ։
      
       Ողորմելի ողբով զբաներս դու ասա,
       Եւ ուսով քո բարձ զդագաղս իմ եւ գընա.
       Զիս քո ձեռամբ ի գերեզմանն ամփոփեա,
       Աւրհներգութեամբ ընդ քահանայսն, Բարով մնայ։
      
       Ղեղի քան զմահ, դառն եւ դժար այլ չը կայ,
       Բարեկամաց ի ծանօթից հեռացայ.
       Գործոց բարեաց մի ձանձրանայք յարակայ,
       Վարպետայք Դուք եւ մահտեսիք, Բարով մնայ։
      
       Բնաւ ի ձեր սէրդ անյագ գոլով զատեցայ,
       Այլ չեմ տեսներ, ճամբաքս հեռու, էլ վետայ.
       Ա՜յ սիրասնունդ որդեակ իմ դու Երեմիա.
       Զասացեալ ողբերս լալով պատմէ , Բարով մնայ։
      
       Քեզ Տէր Աստուած որդեակ արու յորժամ տայ
       Խնդրեմ զանունըն Ամբակում անուանեա,
       Անզաւակիս ըզյիշատակն միշտ պահեա.
       Ընդ պատմագիրս շարադրեա, կաց բարեաւ։
      
       Ս. Յակոբի Մատենադարանի Թիւ 1042 Ձեռագրէն։
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՔ
       ԵՐԵՄԻԱ . - Ծանօթ Քէօմիւրճեան Երեմիա Չէլէպի , մհի. Ամբակումին որդեգիրը։
       Ս. ՅԱԿՈԲ. - Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքը, զոր Յոյներ պահ մը խլեցին Հայոց ձեռքէն։
       ԵՂԻԱԶԱՐ. - Հռոմկլայեցի, որ Անթէպցի ալ ըսուած է. Արղնի Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածին Վանքին առաջնորդը, գործունեայ, հարուստ եւ լեզուանի եպիսկոպոս մը, որ յատկապէս հրաւիրուեցաւ Երուսաղէմ եւ իրեն յանձնուեցաւ Ս. Յակոբը եւ անոր իրաւունքները պաշտպանելու պաշտօնը, այդ նպատակով է որ Կ. Պոլիս գնաց 1651ին եւ բարեկամացաւ Մհի. Ամբակումի հետ։
       ՄԱՐՏԻՐՈՍ. - Ծանօթ է իր Կաֆայեցի տիտղոսով. նախ բարեկամ եւ գործակից Եղիազարի, յետոյ հակառակորդ, երբ Եղիազար ապօրէն կաթողիկոսութիւն ստեղծեց Երուսաղէմի մէջ։
       ՀՈԳԻ-ՃԱՆ ՏԷՐՏԷՐ. - Կ. Պոլսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյն Քահանաներէն Տէր Մարտիրոս։ Ամբակում նախ իր քրոջ աղջիկը այս քահանային տուաւ երբ աշխարհական էր, եւ յետոյ Երուսաղէմ ղրկելով քահանայ ձեռնադրել տուաւ զայն Պարոնտէր Գրիգոր Եպիսկոպոսին։- Իրիցկին, Տէր Մարտիրոսին կինը, Ամբակումի քեռորդին։
       ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐ. - Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Կաթողիկոս Էջմիածնի (1655-1680)։
       ԱՌ ՎԱՐԴԱՊԵՏՍՆ ԱՐԱ ԶՏԱՊԱՆՍ ԻՄ. - Գերեզմանս եկեղեցականներուն գերեզմաններուն քով շինէ։ Եւ ստուգիւ մհի. Ամբակում թաղուեցաւ Կիլիկիոյ Թորոս Կաթողիկոսին եւ Յովհ. Եդեսացի Վարդապետին գերեզմաններուն քով։
       ՄԱՀՏԵՍԻ ՄԱՅՐԴ. - Մհի. Ամբակումին կինը, որուն անունը, ըստ Արծիւի յիշատակարանին Խուպէսէր (. ՞)։
      
       Բոլորգիր Աւետարանի մը մեծ Յիշատակարանէն.
       -«Փառք.
       Յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զմեղսամած գրիչս զՍտեփանոս Էրեցս եւ զծնաւղք իմ զԲարղամ եւ զՇն(ո)ֆորն , եւ այլ զամ . յարեան մերձաւորք , ամէն□։
       Արդ յանգ ելեալ աւարտեցաւ քառահոս եւ քառավտակ եւ քառաբուղխ Սբ . Աւետարանս ի յերկիրն Կիպրոսի ի քաղաքն Լաւքաւշայ ի դուռն Սբ . Ածածնին եւ Սբ . Սարգսի Զաւրավարին , եւ Սբ . Մակարա անապիս . ձեռամբ յոգնամեղ եւ տարտամ ոգւոյ Ստեփանոս երիցու , ի թվին Հայոց ՌՃԻԳ (=1674) ամին , ի կաթողիկոսութեան Կիւլիկեցւոց Խաչատուրի□»։
       Նոյն Ձեռագրէն.
       -«Մանաւանդ զազգս Հայկազան զտաժանեալս եւ զվիրապեալս մեղաւք ցրուեալս ընդ երեսս երկրի իբրեւ զփոշի հոսեալ մեղաց հողմով ազգ եւ ազինս աւտարայսեռս հայցեսցուք ամենախնամ եւ ամենայգութ Արարչէն զոր է հանդերձեալ բաժակէ եւ գրկմամբ հոգոյն իբրեւ հաւ զձագս իւր ժողովել ընդ թեւօք իւրովք եւ ամրայծածուկ աջովն իւրով հաւաքել վերըստին սեփականին եւ հայրենի երկիրս եւ ի գաւառս հայկազան վիճակիս նորոգեալ նորոգեսցէ իբրեւ զառաջնաստեղծ պերճ փառօք պարհաւաճեալ արգասուք կարողացուցէ կաստարացուսցէ հաստայհիմն արասցէ քահանայական եւ թագաւորական ճոխութեամբ եւ ամենայն որպիսութեամբ բարեացն ճշմարտութեամբ . ամէն»։