Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ահա կաթողիկոս մըն ալ, որու կեանքէն ու գործունէութենէն մէկ երկու գիծ միայն մնացած է պատմութեան մէջ։
       Չամչեան կ'ըսէ որ երբ 1703ին Երուսաղէմի Պատրիարք Մինաս, որ Կ. Պոլիս էր, վերահաստատուեցաւ իր պաշտօնին մէջ եւ վերադարձաւ Երուսաղէմ, «գնաց ընդ նմա իբր օգնական եւ Գրիգոր վրդպ. Պիծակն կոչեցեալ, որ անկեալ էր ի կաթողիկոսութենէ Սսոյ ։
       Մինաս Ամդեցի Պատրիարք եղաւ Երուսաղէմի 1697-†1704 Նոյեմբեր 4, եւ Գրիգոր Պիծակ որ անոր օգնական կը տրուի 1703ին, ուրեմն կաթողիկոսութենէ ինկած պիտի ըլլայ 1703էն յառաջ։ Այդ անկումը պատահած պէտք է ըլլայ 1693ին կամ այդ թուականի շուրջ։
       Ձեռագրաց յիշատակարաններուն մէջ Պիծակ իբրեւ Կաթողիկոս կը յիշուի մինչեւ 1693։
       Երուսաղէմի Թիւ 1382 Ձեռ. Մաշտոցը գրուած է ՌՃԽԲ=1693ին, Ատանա, ի դուռն Ս. Աստուածածնի եւ Ս. Ստեփանոսի «ի հայրապետութեան Տէր Գրիգորի»։
       Անթէպի Ձեռ. Յայսմաւուրքը, փոխադրուած Երուսաղէմ, գրուած է Թոխաթ 1693ին։
       -… «Արդ գրէցաւ եւ շնորհիւ Տն . յանկ ելեալ կատարեցաւ ի թուահաշութեան յաբեթական հայասեռ տումարի , երկշրջանի եւ երկերեսնի եւ վեց ի վերայ յեռապատկի . ի հայրապետութեան հանդարտախաղաց ծովուն հա[ս]տահեղոյս եւ անառիկ պարսպին՝ Տեառն Նահապետի հրաշազանի։ Եւ ի հայրապետութեանն Կիլիկեցւոց Տեառն Գրիգորի Սրբազանի։ Եւ ի յառաջնորդութեան Նահանգիս յԵւդոկիոյ Տեառն Մինասայ ածաբան եւ քաղցրուսոյց վարդապետի։ Եւ ի դիտապետութեան Անթափ քաղաքի Տեառն Պօղոսի արհիապատիւ Եպսի եւ քաջ հռետորի . ի թագաւորութեան Հագարացւոց Սուլտան Ահմէտի , որ Բ . (=2) ամ է ի թագաւորութեանն . բայց Ժ . (=10) ամաւ յառաջ պատերազմին…։ Հազար հարիւր քառասուն երկու։
      
       Նշանակելի գիծ մըն է Պիծակի կեանքէն իր Հռոմ երթը։ Ստ. Գիւվէր Ադոնց Մխիթար Աբբայի Կենսագրութեան մէջ կը պատմէ թէ 1695ին (. ՞) Գրիգոր Պիծակ կը հասնի Իսկէնտէրուն, Հռոմ երթալու նպատակով, եւ հոն կը հանդիպի Մխիթար Սարկաւագին, յետոյ հիմնադիր Մխիթարեան Միաբանութեան, եւ Յովնան Վարդապետին, որք Բերիայէն եկած էին նոյնպէս Հռոմ երթալու համար։ Գաղղիական նաւով կը մեկնին կաթողիկոսին հետ եւ կը հասնին Կիպրոս կղզի։ «Անդ խորհէր կաթողիկոսն յինքն ձգել զՅովնան Վարդապետ եւ զՄխիթար Սարկաւագ, զՅովնան ձեռնադրելով եպիսկոպոս, իսկ զՄխիթար՝ քահանայ, որպէս զի ունելով զնոսա ընդ ինքեան, երեւելի շքով մտցէ ի Հռովմ»։
       Մխիթար կը հրաժարի. Յովնան կը յօժարի. եւ հետեւաբար Գրիգոր Պիծակ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Յովնանը Կիպրոսի մէջ եւ անոր հետ կ'երթայ Հռոմ ։
       Ստեփանոս Ռոշքա (ծն. 28 Մարտ, 1670-†31 Հկտմ. 1739) փոխանակ 1695ի՝ կը դնէ 1693 իբրեւ թուական Պիծակի դէպի Հռոմ ճամբորդութեան. - «1693. Գրիգոր Կաթողիկոսն Սսոյ եկն ի Հռօմ զուխտն իւր կատարել, ածեալ ընդ իւր զՅակօբ Եպսն. Հալէպցի եւ զՅովնան եպսն. արարին զդաւանութիւնն երեքեան» ։
       Ստ. Ռոշքայի թուականին վրայ հիմնուելով պիտի ըսենք թէ Պիծակին անկումը կաթողիկոսութենէ տեղի ունեցած է 1693ին կամ քիչ ետքը, թերեւս իբրեւ լատինասէր եւ հռոմէադաւան, եւ գացած է Կ. Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ 1703, եւ այդ տարին իբրեւ օգնական Մինաս Պատրիարքի, անոր հետ կ'երթայ Երուսաղէմ։
       Պիծակ այնուհետեւ ո՞ւր մնաց, ո՞ւր մեռաւ, չենք գիտեր։
       Պիծակէն ունինք երկու յիշատակ. մին իր պաշտօնական կնիքով կարմիր կնքուած ճերմակ թուղթ մը։ Բոլորակ է կնիքս 8 սմ. տրամագծով. մէջտեղը Տէրունական պատկեր, իսկ շուրջանակի քանդակուած
       †Յի Քի Ծռ Գրիգոր Կթղկս Հյց Թվկն ՌՃԼԵ։
       Դիտել տուինք արդէն որ այս կնիքին թուականը անվիճելի կ'ընէ Գրիգոր Պիծակին Կաթողիկոսութեան տարին, 1686։
       Միւս յիշատակն է Զմմառի Թիւ 331 Ձեռագիրը, որ կը բովանդակէ Գիրք Ձեռնադրութեան, Մաշտոց եւ Պատարագամատոյց։
       Կիլիկիոյ կաթողիկոսաց պատմութեան մէջ Ազարիա Ջուղայեցւոյ եւ Անթէպցի Յովհաննէսի համար մանաւանդ առաջին կարգի աղբիւր մըն է ինչպէս որ տեսանք։
       Գրիգոր Պիծակ ինքն գրել տուած է այս Ձեռագիրը, ՌՃԼԶ=1687ին, որ է իր կաթողիկոսութեան երկրորդ տարին, եւ ինչպէս կ'երեւի Սսոյ Մաշտոցին վրայէն, եւ թագաւորօրհնէքի վերջը (թղ. 124ա-135բ ) ի միջի այլոց, յիշատակագրուած են իւր նախորդներէն ինը կաթողիկոսներու գահակալութեան թուականները, ինչ ինչ պզտիկ ծանօթութիւններով. իսկ իրեն համար ըսուած է .
       -«Ի Թվին Հայոց ՌՃԼԵ (=1686) կալաւ զաթոռ հայրապետութեան Տէր Գրիգոր Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ , որ ինքն է Ատանացի։ Քրիստոս Աստուած ի քո միւսանգամ գալստեանդ ողորմեա ստացօղի գրոյս Տէր Գրիգոր Կաթողիկոսին եւ ծնօղաց իւրոց , որ ետ գրել զաստուածային գանձս իւր անձին . Աստուած բարով վայելել տացէ» ։
      
       Ձեռագրիս Յիշատակարանին մէջ ընդհանուր տեղեկութիւն կայ Պիծակի կաթողիկոսական գործերուն վրայ եւ գովեստ իրեն անձին։
       Ըստ այսմ, Գրիգոր Կաթողիկոս սուրբգրագէտ է, Աստուծոյ տան մէջ շատ մը բարիքներ եւ անմոռանալի յիշատակներ ունի, սպասներ եւն ., ունի Ստեփանոս եղբայր մը, եւ այս գիրքն ալ իր յիշատակներէն մէկն է։
       -Փառք□ մաքրազարդ այցելուս եւ արհիական առաքելաշնորհ Տէրն Գրիգոր Հայրապետ, որ մայրաքաղաքացն Ատանու Տիանու(. ՞ ), Հայրապետ իմաստուն, անտարակոյս գիտօղ եւ խոհեմ խորհող հին եւ նոր կտակարանաց, մանաւանդ առնօղ եւ ուսուցանօղ՝ Տեառն իւրում նմանելով։ Սա հայրապետս աստուածային, տէրս առաքելական, ի վերայ իւր անբաւ բարեացն եւ անմոռանալի յիշատակացն, մանաւանդ տանն Աստուծոյ եւ նորին սպասուցն զարդարմանցն եւ զայս աստուածային [գիրս ] որ կոչի Մեռոնօրհնէք, Եպիսկոպոսօրհնէք, Կաթողիկոսօրհնէք, ըզսա ստացաւ իւր եւ իւրոցն բնաւից՝ անջինջ , յիշատակ։
       Եւ արդ՝ գրեցաւ ձեռամբ իմոյ բազմամեղ նորընծայի եւ սուտանուն գրչի Աւետիսի, ի թվականութեանս հայկազնեայ տումարիս ՌՃԼԶ (=1687), ի հրեշտակակրօն աստուածաբնակ վանքս՝ Սուրբ Լուսաւորչի յաջն եւ Պարսումայ ճգնաւորին աջն եւ Նիկողայոսի յաջն. որ աստ կան ի պահպանութիւն ամենայն հաւատացեալ քրիստոնէից. եւ քաղաքս կոչի Վահկա։
       Արդ աղաչեմ զամենայն աստուածասէր տեսօղքդ այսմ աստուածաբան աւետաբեր կենսունակ արքահրաւէր քրիստոսապատում Թագաւոր օրհնութեան գիրքս, յիշեսջիք յամենաբարին Քրիստոս զՏէրն Գրիգոր Կաթուղիկոս եւ զծնօղսն իւր եւ զեղբայրսն զՍտեփանոս նազելին եւ զբնաւ զարմն յաստիսս ի հաճոյսն Աստուծոյ կենցաղավարիլ եւ յապագայն ողորմութիւն եւ թողութիւն մեղաց գտանել ի Քրիստոսէ Յիսուսէ յուսոյն մերոյ եւ տեառն։ Նաեւ զանարժան գրօղս զՅաւետիք աղաչեմ յիշել ի Տէր, եւ Աստուած յիշողացդ ողորմեսցի»։
       Հետեւեալ տողերը, իր իսկ Պիծակի գրչէն , կը յաջորդեն գրչի յիշատակարանին։
       -«Եւ արդ հարք իմ եւ եղբարք ի Քրիստոս մեղսաքաւիչ քահանայք եւ բնաւ ժառանգաւորք եւ որդիք նորոյ Սիովնի եւ աշակերտք աստուածաբան մատենիս , ես նուաստ Տէր Գրիգոր Կաթողիկոս Տանն Կիլիկեցւոց յոյժ ըղձալի տենջմամբ գրել ետու զաստուածաբան մատեանս որ կոչի Մեռոն , Եպիսկոպոս , Կաթողիկոս եւ Թագաւոր Օրհնէք , եւ յոյժ փափաքմամբ եւ յոյժ աշխատանօք , եւս եւ լեղութեամբ , նկարել ետու զսա , որպէս տեսանէք , ոսկեզօծ երանկօք եւ ոսկիափայլ , ի զարդ եւ ի պատիւ տանն Աստուծոյ Եկեղեցւոյ սրբոյ , զընթերցօղսդ եւ զբնաւ վայելօղսդ , եւ որք օգտիք ինչ ի սմանէ կամ օրինակէք , յիշեցէք զմեզ սրտի մտօք , մանաւանդ մաքրամատոյց աղօթիւք առաջի գթածին Քրիստոսի ներումն մեղաց եւ թողութիւն յանցանաց գտանել , յօրն աներեկի։ Եւ զձեզ պարգեւեսցէ եւ շնորհեսցէ ամենաբարին Քրիստոս , որ է օրհնեալ ընդ Հօր եւ ընդ Ամենասուրբ Հոգւոյն , այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս Ամէն»։
      
       Դարձեալ Գրչէն.
       -«Քրիստոս Աստուած պարգեւեա մեզ հովիւ բարի զՏէր Գրիգոր Կաթողիկոս , որ ստացաւ զսա իւր անձին . Աստուած բարով վայել տացէ ըստ սրբոյ Հօր մերոյ Գրիգոր Լուսաւորչին , որ հովուէ զգինս արեան Քո ըստ բարի կամաց Քոց . եւ զգծող սորին զմեղօք մեռեալ զՓայասցի Աւետիք . թվին ՌՃԼԶ ( =1687) մտաք ի լուծ քահանայութեան . բայց գործով ունայն եմ եւ ապիկար . յիշեցէք ի Քրիստոս եւ ի յաղաւթս ձեր զնուաստս , եւ զհայրն իմ զՏէր Յովհաննէսն եւ զեղբայրս զՄինասն եւ զամենայն ազգականքս իմ։ Արդ՝ յիշողացդ եւ յիշէցելոցս Քրիստոս Աստուած ողորմեսցի ի գալստեան Իւրում եւ որոց զԱմէնն ասեն . Ամէն։ Զրաւ սորա եղեւ Սեպտեմբեր Լ (=30)։ Հայր մեր որ յերկ. »։
      
       Զմմառի Թիւ 416 Ձեռ. Մաշտոց, գրուած 1693ին.
       Թղթ. 250ա.
       -«Փառք… գրեցաւ Մաշտոց ձեռամբ Միքայէլ անուամբ , եւ եղեւ զրաւ սորա ի թվականութեան մերում ՌՃ եւ ԽԲ (=1693) ամին , Ապրիլ ամսոյ ԻԸ Ս . Աստուածածնայ եւ Ս . Քառասունք Եկեղեցեաց եւ այլ եկեղեցեացն որք աստ հաւաքեալ կան ի յօգնութիւն ամենայն քրիստոնէից . եւ ի հայրապետութեան Տեառն Գրիգորի Կաթուղիկոսի , ի խնդրոյ սորա Տէր (բուն անունը քերելով ջնջած եւ տեղը գրած են «Բարսեղին »), որ բազում փափաքանօք սրտիւ եւ իւր հալալ արդեամբքն ետ գրել զՄաշթոցս զայս վասն իւր անձին , զոր Տէր Աստուած բարով վայելել տացէ նմա » եւայլն։
      
       Այս Տէր Բարսեղի մասին հետեւեալ ծանօթութիւնը գրած է Մ. Վ . Քէշիշեան.
       -«Մատեանս նախ սեփականութիւնն եղած է Հալէպցի Տէր Բարսեղ Քահանայ Ավկատեանի , որ իր ծերութեան ատեն Լիբանան Քրէյմա «Յիսուս Ամենափրկիչ » նորաշէն վանքը եկած է հալածանքներու պատճառաւ եւ այն տեղ ալ վախճանած է 1732ին վերջերը։ Մաշտոցս ժառանգած է իր որդին Սահակ Եպիսկոպոս Քիլիսոյ (†1768), որմէ փոխադրուած է Զմմառի Վանքը»։
       Պիծակ, ըստ Կաթոլիկ աղբիւրներու, աշակերտած է Թասպասեան Մելքոն Վարդապետի, որ տարածիչն էր կաթոլիկութեան Միջագետքի մէջ։ Ուսուցիչ եւ աշակերտ այնքան սերտիւ կապուած են իրարու որ նոյն իսկ Պիծակ՝ Կաթողիկոս եղած ըլլայ Թասպասեանի ճարտար գործակցութեամբ, եւ ապա՝ ինքն ալ անկէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1708ին Սիսի մէջ Կղեմէս ԺԱ. Պապի առաջարկութեամբ, ինչպէս որ 1710ին ալ Հալէպի մէջ Պիծակէն եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ կաթոլիկամիտ Աբրահամ Արծիւեան Բերիոյ Թեմին վրայ (Հմմտ. Աւետիք, Դ. Տարի, Թիւ 8, Օգոստոս, 1935, էջ 125)։
       Պիծակին յարաբերութիւնները կաթոլիկներու եւ Հռոմի հետ, եւ իրեն երթն Հռոմ ուխտի համար, ապացոյց է որ Կիլիկիոյ այս կաթողիկոսը անոնցմէ էր, որոնք կը կարծէին թէ Հռոմի հովանաւորութիւնը կրնար բարերար դեր մը կատարել Կիլիկիոյ հայութեան քաղաքական անտանելի վիճակը բարւոքելու դիտակէտէն։
       Դժբախտաբար մեր աչքի առջեւ չունինք այս ժամանակին անցուդարձերը լուսաբանող անխարդախ վաւերագիրներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար Պիծակին եւ իրեն գործակիցներուն դիմագիծները պատկերացնել իրենց հարազատ գոյներով։
       Հալէպի Ֆրանսական Դիւանատան Տոմարներէն ընդօրինակուած։
       ՖՐԱՆՍՈՒԱ ԺԻՒԼԻԷՆ, ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ, ՀԻՒՊԱՏՈՍ Ֆրանսական Ազգին ի Հալէպ, ի Սիւրիա եւ ի գաւառս։
       Արժանապատիւ Հայր Բիէռ տը Պլուա, Քաբուչին քարոզիչ եւ Առաքելական միսիոնար քաղաքիս մէջ, մեզմէ խնդրած ըլլալով արձանագրել մեր դիւանատան մէջ Ընդհանրական, Առաքելական, Հռոմէական կրօնի ուխտադրութեան ակտը, որ կատարուած է իր միջոցաւ եւ մեր ներկայութեան, Գերապատիւ Գրիգոր հայ Պատրիարքին կողմէ, քսանինն մայիս վեց հարիւր իննսունին. միասին մեր վկայագիրը կատարուած ըստ այնմ նոյն տարուան յունիս հինգին, որպէսզի անոր դիմուի հարկ եղած պարագային։(՞ ) Մենք, վերոյիշեալ հիւպատոսը կը հրամայենք որ Գերապատիւ Գրիգոր Պատրիարքին ուխտադրութեան թուղթը ըստ պատշաճի արձանագրուի մեր վկայագրին հետ եւ բնագիրները զետեղուին այս դիւանատան բնագիրներուն մէջ, հոն դիմելու համար. անկէ զատ կը հրամայենք որ վերոյիշեալ Տէր Պատրիարքին գրութիւնը, որ կատարուած է միեւնոյն նպատակով, ներկայութեամբ չորս բարձրաստիճան միսիոնարներու եւ մեր, ներկայ ամսոյն տասներկուքին, իրենց հաւանութեամբ նոյնպէս արձանագրուի իր ձեւին եւ պարունակութեան համեմատ եւ ատոր բնագիրը զետեղուի դիւանատանս բնագիրներուն քով եւ պատճենները ձրիաբար տրուին վերոյիշեալ Արժ. Հայրերուն։ Յօրինուած ի Հալէպ, տասնվեց Դեկտեմբեր հազար վեց հարիւր իննսունին։ Բնագրին տակ, ստորագրուած՝ Ժիւլիէն Հիւպատոս։
       Պատճեն Գրիգոր Պատրիարքի ուխտադրութեան։
       Ես, Գրիգոր, Պատրիարք Անտիոքի , հայ ազգին վրայ, կը խոստովանիմ որ քննելէ ետք սուրբ վարդապետներուն կարծիքները, կը ճանչնամ միայն մէկ Եկեղեցի, կառավարուած Սուրբ Հոգիէն, եւ որուն պետը Յիսուս Քրիստոսն է. վերոյիշեալ եկեղեցիին անկիւնաքարը Պապն է, Եպիսկոպոս Հռոմի, Իր փոխանորդը եւ Անկէ ստացած է ամէն իշխանութիւն, թէ ինքն է բոլոր Եկեղեցիներուն Մեծաւորը եւ իր հեղինակութեամբ հաստատուած ճշմարիտ բարձրաստիճան եկեղեցականներէն զատ, ուրիշ գոյութիւն չունի, ինչ որ զիս կը մղէ խոնարհիլ Նորին Սրբութեան ոտքերուն, այս բաները իրեն երդուըննալու եւ իրեն խոստանալու, Աստուծոյ առջեւ, յաւիտենական հնազանդութիւն՝ թէ բոլոր ջանքերս ի գործ պիտի դնեմ ամբողջ ազգս հնազանդեցնելու Սրբազան Աթոռին եւ զանոնք պիտի ստիպեմ որ հաւատան, ինչպէս ես կը հաւատամ, այդ ամէնուն որ ան կը հաւատայ եւ կ'ուսուցանէ, ամէնուն որ որոշուած է Սրբազան ժողովներու մէջ, որոնք վաւերացուած են Սրբազան Աթոռին կողմէ, որուն կը պատկանի զանոնք վաւերացնել։ Կ'անիծեմ այդ բոլոր հերետիկոսները, որոնք դատապարտուած են Սրբազան ժողովներու կողմէ, եւ կը հաւատամ որ ի Յիսուս Քրիստոս, կայ երկու բնութիւն եւ երկու կամք, կատարեալ եւ ամբողջ, եւ մի մարմին որ Բանի մարմինն է։ Եւ մենք կը կարգենք Արժ. Հայր Բիէռ տը Պլուան, առաքելական միսիօնար, մեր փոխանորդը, որպէս զի ղրկէ կամ անձամբ տանի մեր հնազանդութեան գիրը ոտքերուն Տէրն մեր Աղեքսանդրի որ այժմ բազմած է Ս. Պետրոսի Աթոռին վրայ եւ անոր ճշմարիտ փոխանորդն է, որպէսզի ստանայ անոր օրհնութիւնը, եւ անոր յայտնէ իմ կողմէս հնազանդութիւն, ըստ որում ես ստորագրեցի ներկայ ակտը, ուր արտայայտուած են իմ կարծիքներս եւ հաւատքս եւ հոն դրած եմ մեր կնիքը։ Յօրինուած՝ Հալէպի մէջ քսան ինն մայիս հազար վեց հարիւր իննսունին։ Ստորագրուած՝ Գրիգոր Պատրիարք Անտիոքի, հայերէն տառերով եւ բնագիրը ըստ պատշաճի կնքուած է։
      
       Պատճեն Պարոն Հիւպատոսի նկարագրին Գրիգոր պատրիարքի ուխտադրութեան ակտին վերաբերեալ.
       Ֆրանսուա Ժիւլիէն, Ասպետ Սուրբ Գերեզմանի, խորհրդական թագաւորի, հիւպատոս ֆրանսական ազգին ի Հալէպ, ի Սիւրիա եւ ի գաւառս. կը վկայենք եւ կը հաստատենք առ որ անկ է՝ թէ Գեր. Գրիգոր հայ պատրիարք Սսոյ Աթոռին, Արքեպիսկոպոս Սուրբ Գերեզմանի, պահապան Ս. Գրիգորի Աջոյն, ընդհանրական, առաքելական եւ հռոմէական կրօնի ուխտադրութեան ակտը կատարեց մեր ներկայութեան, Արժ. Հ. Բիէռ տը Պլուայի, Քաբուչին քարոզչի եւ առաքելական միսիոնարի միջոցաւ, քաղաքիս մէջ, ինչպէս որ աւելի ընդարձակ կերպով յայտնուած է մասնաւոր ակտով մը, որ գրի առնուած է վերոյիշեալ Արժ. Հ. Բիէռի կողմէ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով եւ թարգմանուած Տ. Պատրիարքին՝ Պարոններէն՝ Բօլ Մօնիէի, ֆրանսացի վաճառականի, Անթուան Տիւբէնի, մեր դիւանապետին, եւ Տէր Անտոն, հայ քահանային կողմէ։ Ըստ որում վերոյիշեալ հայ պատրիարքը ստորագրեց եւ կնքեց ներկայս վերոյիշեալներուն եւ մեր հետ, եւ անոր վրայ դնել տուինք, ըստ սովորութեան արքայական կնիքը եւ քովը ստորագրել տուինք մեր վերոյիշեալ դիւանապետին կողմէ, ի Հալէպ, մեր հիւպատոսարանը, հինգ Յունիս, հազար վեց հարիւր իննսունին։
       Ստորագրութիւններ՝ Ժիւլիէն հիւպատոս, եղբայր Բիէռ տը Պլուա , Քաբուչին քարոզիչ եւ առաքելական միսիոնար՝ Բօլ Մօնիէ, Տիւբէն, Տէր Անտոն, հայ քահանայ եւ Անթուան Տիւբէն դիւանապետ։ Բնագիրը պատշաճօրէն կնքուած է ըստ սովորութեան արքայական կնիքով եւ Գրիգոր Պատրիարքին կնիքով եւ որ ստորագրած է հայերէն գիրերով։