Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գրիգոր Գ. ի յաջորդն է Յովհաննէս Զ. Հաճընցի, ազգական Յովհաննէս Ե. ի։
       Սա այրիացեալ շուշտակ Քահանայ մըն է Տէր Ադամ անունով, անուս եւ անգրարգէտ. այնպէս որ երբ կաթողիկոս եղաւ, չենք գիտեր թէ ինչ կերպով եւ ինչպիսի պարագաներու մէջ - փոխեց իր անունը եւ Տ. Յովհաննէս ըրաւ, որպէս զի իրեն ազգական Յովհաննէս Ե. ի կնիքը գործածէ եւ գիր գրելու եւ ստորագրութիւն դնելու հարկին տակ չը գտնուի։
       Ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ երկրորդ Տ. Յովհաննէս Կաթողիկոս կը կոչուի սա , այսինքն՝ երկրորդ Հաճընցի Յովհաննէս Կաթողիկոս ։
       Եփրեմ Ա. Կաթողիկոս բաւական սիրուն շրջանակի մը մէջ կը պատկերացնէ անգրագէտ Տէր Ադամը.
       -«Զի իբրեւ վախճանեցաւ Տէր Գրիգոր Կաթողիկոս ի յԱմասիա, յաջորդեաց զաթոռն Տէր Ադամ, ազգական Հաճընցի Տէր Յովհաննէս Կաթողիկոսին եւ կոչեցաւ Տէր Յովհաննէս, եւ վարէր կնքաւ Տեառն Մեծի եւ առաքինւոյ կաթողիկոսին։ Եդաւ Տէր Ադամս այս ըստ անուանակցւոյն իւրոյ յերկրորդ Ադինա գործել եւ պահէլ. բայց անճաշակ գոլով սա ի քաղցրութենէ մեղեր աստուածային իմաստից, ոչ բարւոք պահէր զԱթոռն Սուրբ» (Ձեռագիր)։
      
       Ինչպէս որ տեսանք, Աջպահեան Տէր Յուսիկ Կ. Պոլիս երթալով Եպարքոս Հէքիմ Օղլու Ալի Փաշային ձեռքով արքունի հրովարտակ մը ձեռք բերաւ, որուն ուժով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սեպհականութիւնը կը դառնար Աջպահեան տոհմին եւ տան։
       Եւ որովհետեւ այդ հրովարտակի ստացման պահուն Տէր Ադամ կաթողիկոսացած էր արդէն, բայց ըստ Եփրեմ Կաթողիկոսի վկայութեան, չէր կրցած բարւոք պահել Ս. Աթոռը, Յուսիկ Կ. Պոլսէն վերադառնալէ յետոյ իրեն առաջին գործ ըրաւ Տ. Ադամը հեռացնել կաթողիկոսական Աթոռէն եւ անոր տեղ նստեցնել իր որդին Ղուկաս Վարդապետը, որ այն ատեն հազիւ կար 19-20 տարեկան։
       Ըստ Ինճիճեանի Հաքիմ Օղլու Ալի Փաշա 1731ին եղաւ Եպարքոս։ Աջապահ Տէր Յուսիկին Կ. Պոլիս երթեւեկը որչափ տեւեց՝ չենք գիտեր. բայց կարելի չէ 1733էն անդին տանիլ, այսինքն 1732-33ի միջեւ։
       Տէր Ադամ, քիչ ետքը պիտի տեսնենք Վահկայ հովոցին մէջ իր իսկ ձեռքով Ղուկասը Կաթողիկոս օծեց եւ քաշուեցաւ իր ծննդավայրը , Հաճըն։
       Կ'երեւի թէ տարիքոտ էր Տէր Ադամ, եւ իւր անգրագիտութեան կը միանար նաեւ զառամութիւն . որովհետեւ Հաճնոյ առանձնութեան մէջ, առանց յարգելու կարգուկանոնը, Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Մերասեան Աթանաս եւ Քէհիա Արապեան Մեսրոպ-Յակոբոս Վարդապետները, որոնք հազիւ իրենց երեսնամեայ տարիքին մէջ, կ'օգտուին հրաժարեալ Տէր Ադամի տկար կողմերէն, կաշառք կուտան, եւ կը յաջողին յափշտակել եպիսկոպոսութիւնը անոր ձեռքէն։
       Ապօրէն եւ անկանոն էր այս ձեռնադրութիւնը, որովհետեւ Տէր Ադամ ոչ միայն իրաւասու չէր այլեւս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կատարելու, իբրեւ հրաժարեալ կաթողիկոսական պաշտօնի իրաւունքներէն եւ պարտաւորութիւններէն, որոնց օրինաւոր տէրն էր Աջապահեան Ղուկաս, այլ նաեւ յիշեալ երկու վարդապետներ, Մերասեան եւ Քէհիա Օղլու Արապեան, չէին պատկաներ ոեւէ Թեմի կամ Վիճակի, ինքնագլուխ եկած էին Հաճըն, եւ ոչ թէ Սիս, որպէս զի գաղտագողի եպիսկոպոսութիւն յափշտակեն Տէր Ադամի ձեռնադրութեամբ, եւ այդ աստիճանի եւ անունի հմայքին տակ աշխատին կաթոլիկութիւն տարածել ազգին մէջ։
       Գալէմքեարեան սա դիտողութիւնները արձանագրած է երկու եկեղեցականներու մասին։
       - «Ըստ իս՝ ճիշդն այն է՝ որ Մեսրոպ եւ Աթանաս Վարդապետները քահանայութեան վկայականները ձեռք բերելէն ետեւ՝ ինքնագլուխ գացած են Սսոյ Յովհաննէս Կաթողիկոսին (- ոչ, պէտք էր ըսել Սիսէն Հաճըն քաշուած եւ ոչ-իրաւասու Յովհաննէս Կաթողիկոսին ) եւ անկէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած են։ Ի դարձին առ լատին եպիսկոպոսն Կ. Պոլսոյ, որմէ ղրկուած էին քահանայ ձեռնադրուելու Աբէլ Արքեպիսկոպոսէն, ծանուցած է իրենց որ ըստ կանոնաց կաթուղիկէ եկեղեցւոյ՝ նովին գործով կախակայուած են ապօրինաւորապէս ընդունած եպիսկոպոսական կարգէն եւ կը պարտին Հռոմ երթալ արձակում առնլու, ուր երկար ատեն ապաշխարանք կրած եւ յետոյ Ս. Քահանայապետէն արձակուած են » (Կենսգրթննր. էջ 248շ.
      
       Այս ապօրէն ձեռնադրութիւնը կատարուած 1742 Օգոստոս 15, Աստուածածնի վերափոխման տօնին։
       Մեսրոպ Եպիսկոպոսի տրուած եպիսկոպոսական վկայականը պահուած էր Կ. Պոլիս, Միջագիւղ, Անտոնեանց Մատենադարանը, զոր մենք անձամբ տեսած եւ քննած ենք, եւ զոր յետոյ Գալէմքեարեան հրատարակեց (Անդ, էջ 257-260)։
       Այս վկայականը կնքուած է Յովհաննէս Ե. ի կնիքով - որուն թուականը 1705 է, տեսանք վերագոյն -, որ դժուարութեան կը մատնէ հետաքրքիրները. վասն զի 1742ին Յովհաննէս անուն կաթողիկոս չունի Կիլիկիոյ Աթոռը։ Իսկ այս դժուարութիւնը ինքնին կը պարզուի երբ յիշենք որ անգրագէտ Տ. Ադամ, երբ կաթողիկոս եղաւ, իր անունը փոխեց Յովհաննէսի, որպէս զի առաջին Հաճընցի Յովհաննէսին կնիքը գործածէ իրեն դիւրութեան համար։ Պէտք է ուշադրութիւն ընել որ այդ վկայականը ստորագրութիւն չի կրեր։
       Ըստ մեզ, այդ վկայականը վաւերական չէ. վասն զի Տէր Ադամ անգրագէտ էր, եւ հաւանաբար նոյն ինքն Մեսրոպ Եպիսկոպոսի գրչէն ելած է, որ հետեւելով հին կոնդակներու ոճին եւ ձեւին, խմբագրած է զայն եւ կնքել տուած է Տէր Ադամին Յովհաննէս Ե. Հաճընցի կնիքով։
       Գալէմքեարեան չափէն աւելի կարեւորութիւն կ'ընծայէ այս կոնդակին կամ վկայականին վաւերականութեան, եւ յենլով ատոր մէջ շեշտուած Ս. Լուսաւորչի Աջին եւ այլ սրբութեանց վրայ, ինչպէս նաեւ Երեւանցի Սիմէոն Կաթողիկոսի Ջամբռին մէջ Կիլիկիոյ Աջապահեան կաթողիկոսներուն դէմ քննադատութեան վրայ, կը խծբծէ Աջի պատմութիւնը, Եփրեմ Կաթողիկոսի Տէր Ադամի անգրագիտութեան մասին ըրած շատ կարեւոր դիտողութիւնը։
       Մինչդեռ Գալէմքեարեան շատ լաւ գիտէր կամ պէտք էր գիտնալ որ ձեռնադրութեան վաւերականութեան համար յառաջ բերուած բոլոր սրբութիւններ Ս. Լուսաւորչի Աջէն սկսեալ, Սիս կը գտնուէին եւ Աջը՝ Աջապահեաններու հսկողութեան տակ, եւ ոչ թէ Հաճըն՝ Տէր Ադամին ձեռքին տակ։
       Ասիկա անառարկելի իրողութիւն մըն է։ Հետեւաբար, Տէր Ադամ երկու եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւնը կատարած ատեն չէր կրնար իր ձեռքին մէջ ունենալ յիշեալ սրբութիւնները։
       Տէր Ադամին վկայականը կամ կոնդակը արժէք ունի միայն հաստատելու համար թէ Մեսրոպ Վարդապետ, զանխուլ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, Հաճնոյ մէջ, 1742 Օգոստոս 15ին, հրաժարեալ եւ առանձնացեալ Հաճընցի Յովհաննէս Զ. (=Տէր Ադամ ) Կաթողիկոսի ձեռքով։
       Այդ վկայական Կոնդակին մէջ Աջերուն եւ այլ սրբութեանց յիշատակութիւնը ակնյայտնի խարդաւանք է եւ պաճուճանք։ Խմբագրութեան ոճն իսկ կը մատնէ այս խարդաւանքը։
       Գալէմքեարեանէ այնքան հաճութեամբ պաշտպանուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ անոր վկայական կոնդակին արժէքը վեր հանելու համար յառաջ կը բերենք ժամանակակից վաւերագիր մը, պատկերահան Յովհաննէսի գրչէն, ուղղուած Վենետիկ, Մխիթար Աբբահօր, գրուած Հռոմէն , 1743 Դեկտ. 21ին։
       Լիվորնայ եղեալ եպիսկոպոսքն ամսիս 16 հասին տեղս յոյժ չքաւորութեամբ. ետ մին աւուր ծաղկազարդ գրով զանազան կոնդակս ցոյց տվին Վրդանէս եպիսկոպոսին, քահանայութեանց եւ եպիսկոպոսութեանց իւրեանց, թաքուցանելով զայն ամենայն զոր հարկաւոր էր ծանուցանելն առ ի խնդրել զտնօրինումն. բայց մեք, նախ քան իւրեանց ժամանելն Ալիկուռնայու, լվեալ էաք բանին որպիսութիւնն. զի կուրճի Տէր Գափրելն ծանուցեալ էր ամենեցուն Լիվորնայ եղելոց. վասն որոյ հարկադրեցաք նոցա ասել զճշմարիտն. նաեւ ունէին մի միայն գիր ըստամպօլու Վիքարէն առ սուրբ ժողովն, որով Վիքարն ծանուցանէր զամենայն ինչ, այսինքն թէ սոքա երկուսն ի միասին ումեմնէ Էնկուրու առաջնորդէ սարկաւարք եղեալ են. ետոյ ոմն Աբէլ եպիսկոպոսէ քահանայ. գնացեալ մերց ի Սիս , Յոհաննէս մանզուլ կաթուղիկոսէ կաշառօք. եպիսկոպոսք եղեալ են, եւ անտի շրջագայելով այսր եւ անդր եկեալն Ըստամպօլ. նախ քան իւրեանց հասանիլն թոխաթցի Տէր Յովհաննէս գրած է Վիքարին թէ այն Աբէլ եպիսկոպոսն ոչ է եպիսկոպոս. Սոքա լսելով այս՝ գրած են նոր օրհնող նոյն Յովհաննէս կաթողիկոսին առ ի ստուքիլ. եւ նա պատասխաներ է թէ յաժմս լաւ մտիս չէ ետոյ ձեզ ծանուցից թէ ես օրհնեալ եմ զնա թէ ոչ. եւ սոքա առանց ըսպասելոյ երկրորդ պատասխանոյն անձեր են Անատօլի , եւ ումեմնէ Պռօխորոն անուն եպիսկոպոսէ վերստին քահանայ օրհնուած են։ Ետ այս բանիս՝ կաթողիկոսէն գիր եկեր է թէ Աբել եպիսկոպոսն իրաւի եպիսկոպոս է. այս վերոյ ասացեալ ամենայն՝ Վիքարն իւր գրիւն ծանուցանէ սուրբ ժողովին, նաեւ ասելով թէ սոքա դիմեցին առ սուրբ աթոռն առ ի առնուլ զտնօրինումն եւ արձակումն ամենայն իւրեանց ապօրինաւոր բանից. բայց եթէ հնար իցէ խնդրեմ սուրբ ժողովէն ոչ թոյլ տալ սոցայ առ ի դառնալ ի յարեւելո վասն արքելելոյ զմեծ գայթակղութիւնն ի մէջ ուղղափառաց. բայց իւրեանք այս ամենայն վերոյասացեալն ոչ խոստովանին պարզութեամբ. նաեւ ասեն թէ նոր ճանաչած են զուղղափառութիւնն եւ ոչ ումեքէ առձակումն առեալ են։ Սոյնս ասեն առ թեթեւացուցանել զյանձանս իւրեանց, բայց լաւ տեղեակ են ուղղափառութեան, մանաւանդ այն որ վանքէն ելած է որ յաժմս Աթանաս կոչի… ։ (Բազմավէպ, Թիւ 9, 1925, Սեպտ., էջ 288)։
       Չենք գիտեր թէ Տէր Ադամ երկու եպիսկոպոսներու ձեռնադրութենէն (1742 Օգոստոս 15, Կիր . ) յետոյ որչափ ապրեցաւ։
       Տէր Ադամ, ինչպէս անգամ մը դիտել տուինք վերը, ծերացած պիտի ըլլար.
       Ղուկաս Կաթողիկոսի ձեռնադրութիւնը ինքն կատարած էր, կամ աւելի ճիշդը, ինքն նախագահած էր ձեռնադրութեան արարողութեան։
       Վաղամեռիկ Ղուկասու յաջորդ Միքայէլ Ա. ի ձեռնադրութեան ալ նախագահեց Տէր Ադամ, 1737ին, որ դեռ ողջ էր կ'ըսէ տաղասացը.
       Միքայէլ.
       -«Կալաւ զԱթոռն ի մեծ թըւին հազար հարիւր ութսուն վեցին (=1737), օծեալ ձեռամբ Տէր Ադամին, որ կենդանի կայր տակաւին»։
       Այս վերջին տողը, ըստ մեզ, ակնարկութիւն է Տէր Ադամի ծերութեան. թէեւ Միքայէլի ձեռնադրութենէն յետոյ մինչւ 1742, վերոյիշեալ երկու վարդապետներուն զանխուլ ձեռնադրութիւնը՝ 5 տարի ալ ապրած է, մնացածը, ինչպէս ըսինք, չենք գիտեր։
      
       ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
       Տէր Ադամի ժամանակէն ուրիշ կոնդակ մըն ալ կայ մեր ձեռքին տակ, որ չորս տեղէն կնքուած է Յովհաննէս Ե. ի պաշտօնական կնիքով եւ տեղ մըն ալ անձնական կնիքով. այս վերջինը թուական չունի, միայն ՔԻ. ԾՌ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԹՂԿՍ. գրուածքով կրնայ երկու Յովհաննէսներու ալ վերագրուիլ, բայց մենք կը միտինք վերագրել զայն Տէր Ադամին, հետեւցնելով անթուական ըլլալէն։
       Այս կոնդակը ջերմօրէն կը յանձնարարէ Հալէպի եկեղեցիներուն որ ընդունին Արծիւեան Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը, որ սկսած էր չսիրուիլ ժողովուրդէն, իբրեւ լատինադաւան։
       Կոնդակը խմբագրուած է լատինադաւանի մը կողմէն։ Տէր Ադամ ոեւէ պարագայի տակ չէր կրնար այդ մտքով եւ այդ ոճով արտայայտուիլ։ Հայադաւանները պիղծ եւ շուն կը հռչակուին այս կոնդակին մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսի մը բերնէն։ Ոեւէ Կաթողիկոս նոյն իսկ անգրագէտ Տէր Ադամ մը պիտի չուզէր իր ազգին զաւակները պիղծ եւ շուն կոչել։
       Այս կոնդակն ալ ստորագրութիւն չի կրեր։
       Այս կոնդակը կը գտնուի Զմմառի Մատենադարանը. ատոր ընդօրինակումը կը պարտինք Գեր. Գրիգոր Ծ. Վ. Աշըգեանի բարեյօժարութեան։
       Յիսուսի Քս. ի ծառայ Տէր Յովհաննէս Կթղկս. տանն Կիլիկիոյ եւ սպասաւոր սբ. լուսաւորչայ աթոռոյն եւ աջոյն։ Յորմէ ժամանեալ հասցէ գիր օրհնութեան նամակ պահպանութե. շնորհք Առաքելական եւ ածային բազմապատիկ օրհնութիւն . եւ նախախնամական գթութիւն. եղիցի միշտ ի վր. օրհնեալ քղքին. Հալապու. նախ սբ. եկեղեցեացն. սբ. ածածնին. եւ սբ. քառասնից։ Երկրորդ, սոցա գլուխ կարգեալ եւ առաջնորդ մեր որդի հարազատ Աբրահամ Ածաբան . Արհ. եպսին։ Մեղսաքաւիչ եւ սրբասընեալ քհնյից, ուսումնասէր սարկաւագաց. շքեղաշուք եւ խաղաղարար իշխանաց, պարոն եւ առատաձեռն աճէմներաց. երկիւղած յԱյ. քըրտաջան հացագործ Սասընցի վարպետներաց, եւ ամենայն լուսաւորչադաւան ժողովրդոց ի Քս. Ած. հաւատացելոց խնդալ ի Տէր , Ամէն։
       Եւ ընդ օրհնութես. եւ սիրոյ նամակիս ծանիք սիրելիք մեր ի Տէր, զի ասէ վէմն հաւատոյ. գլուխն առաքելոց, սբ. Առաքեալն Պետրոս։ Սիրելիք, մի ամ. հոգւոյ հաւատայք։ Եթէ հաւատայք՝ ընտրեցէք զհոգին ճշմարտութեան եւ հոգին խաբէութեան. զի շօտ մէջ աշխարհի խաբեբայք եւ զրպարտողք կան. զոր Տր Ած զձեզ փրկեալ ազատեսցէ. եւ զայնպէս մարդն նախատանօք բարձցէ յաշխարհէ։ Զի ես ձեզ քանիցս անգամ գրեցի թէ մինչեւ ի մահ իմ որդի Աբրահամ Վարդապետն է ձեր սեպհական առաջնորդն։ Դուք ընդէ՞ր ամէն չար եւ խռովարար մարդկանց սուտ թղթի եւ խօսաց կու լսէք. կու հաւատայք, միթէ այն չար մարդոցն սուտն քան զմեր գիրն եւ ուխտն այլ մեծ է, որ այս երկու անգամ է սայի կու ճամբէք։ Ահա ձեզի կրկին ասեմ. ես ուխտ եւ երդում արի որժամ զինքն որ ճամբեցի առաջի սրբոյն Յակոբայ, եւ առաջի պապա Յովհաննէսին. որ մինչեւ ի մահ տիրէ ի վերայ Հալապու. դուք եւս շնորհակալ էք . թէ քահանայ եւ եթէ ժողովուրդք, ապա այդպէս չար եւ պիղծ մարդոյ խօսքն ի՞նչ պիտի լինի։ Ինչ մարդ որ հնազանդ չէ կամ հակառակութի կ'անէ իւր առաջնորդին, Այ է հակառակ. Սբ գրոց է հակառակ եւ թագաւորին հրամանին է հակառակ։ Թէ սայի գայ իմ կողմանէն որ վատ գիր բիրէ մի հաւատայք եւ մի ընդունիք, զէրէ անհնար է որ ես գէշ ասեմ, կամ վատ գիր գրեմ ի վերայ իմ որդւոյս Աբրահամ վարդապետին։ Դուք որ քահանայիւք եւ ժողովրդօք գրեալ էք թէ մեր մալն, գլուխն Աբրահամ Վարդապետին ուղուրն է, մեք շնորհակալ եմք, ապա այն մէկ քանի չար մարդիկն ինչ շուն պիտի լինին, որ կու հաջեն. եթէ ոք օրինօք որ չհնազանդի, պարտ է զայնպիսին ի ձեռն բռնաւորաց մաշել եւ ի քաղաքէ բառնալ՝ որ քաղաքն հանդարտի եւ խաղաղանայ զոր խաղաղութեց տուող Քս. տացէ ձեզ խաղաղութի յաւիտենական եւ խնդութի այժմ եւ ապագայն, զոր եւ հայցեմ ապէնիազ արարչէն. բարձցէ ի ձէնջ զատելութին եւ զբաժանումն։ Եւ տացէ ձեզ սէր եւ միաբանութիւն. այլեւ բարձցէ ի ձէնջ չարն եւ զխռովութիւնն եւ հաստատեսցէ զբարին եւ զխաղաղութիւն։ Դարձեալ հեռի արասցէ զցաւն եւ զթշնամութիւն եւ տացէ ձեզ զբարին հոգոյ եւ մարմնոյ եւ զառողջութիւն կենդանեաց ձերոց կեանք երկար, եւ ննջեցելոց ձերոց հանգիստ եւ արքայութիւն, հոգեւոր եւ մարմնաւոր գործոց ձերոց յաջողութիւն, եկեղեցեաց հաստատութիւն, քահանայից արիութի. սարկաւագաց եւ ամ ուխտի մանկանց եկեղեցւոյ շնորհք եւ իմաստութի։ ընչաւէտ մեծատանց ողորմածութիոն, աղքատաց համբերութիւն։ Ժողովրդոց տացէ Տր. Ած. սէր աղօթից եւ օրինաց պահպանութի . ։ Պարտաւորաց հոգեւոր եւ մարմնաւոր ազատութի. եւ ամենայն աշխարհի սէր եւ խաղաղութի։ Չարեաց չարեպէս սատակում եւ բարեաց պայծառութի։ Զայս ամ խրատ եւ օրհնութիւն գրեմ վասն սիրոյ եւ բարութեան զի ասէ մարգարէն Դաւիթ. խոտորեա ի չարէ եւ արա զբարի. խնդրեա զխաղաղութիւն եւ երթ զհետ նորա. բայց պարտիք ի միտ առնուլ եւ ի գործ ածել զխրատ մարգարէին, չարեաց հեռանալով, ի բարին մերձենալով եւ միշտ ի նոյն մնալով. զի ասէ իմաստնացեալն Սողոմոն , որ կամի չար ընկերին, չար ի տանէ իւրմէ մի պակասեսցի։ Ապա եթէ մեծաւորին եւ առաջնորդին որ չար կամի՝ զինչ լինելոց է։ Ասէ սբ. կանոն գիրքն, չարն՝ ի հոգւոյն եւ ի մարմնոյն որդւոցն եւ դստերացն մի պակասեսցի . անմաս եւ անհաղորդ սատակի, եւ որդնալից եղիցի։ Տէր փրկէ եւ ազատէ, եւ զձեզ սիրով եւ հնազանդութեամբ պահեսցէ մինչեւ ի խորին ծերութիւն։