Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ղուկասու յաջորդեց իր եղբայրը՝ Միքայէլ Ա□։ Կաթողիկոսական օծումը կատարեց Տէր Ադամ։
       Միքայէլ Ա. 20 տարեկան էր երբ - «Կալաւ զաթոռն ի մեծ թըւին, Հազար հարիւր ութսուն վեցին (=1737), օծեալ ձեռամբ Տէր Ադամին որ կենդանի կայր տակաւին»։
       Եփրեմ Ա. կ'աւանդէ որ Միքայէլի աշակերտներէն Սարգիս Մեծիմաստ Վարդապետը գրած է իր ուսուցչին պատմութիւնը։ Իսկ ես, կ'ըսէ, անոր վրայ համառօտաբար պիտի աւելցնեմ «եւ զայլ կիրս եւ զկայս երանելւոյն»։ Դժբախտաբար չէ հասած մեզի Սարգիս Վարդապետին գրածը. իսկ Եփրեմ քանի մը տող միայն կրցած է գրել իր աւելցնելիքներէն եւ գործը մնացած է ընդհատ ։
       Ըստ Եփրեմի, Միքայէլ Կաթողիկոս օծուած է Ղուկասու վախճանումէն չորս ամիս ետքը, 1737ի Նոյեմբերին մէջ։ Միքայէլ յար եւ նման էր իր հարազատին, բայց , կ'ըսէ, գերազանցեց զայն. թէեւ Ղուկաս վերանորոգեց Աթոռը, դիտել կուտայ, բայց թափուր եւ ունայն էր ի կողմանէ զարդուցն ունէր եւ ոչինչ։ Նախկին կաթողիկոսներ (նախաեկեալքն ) այլեւայլ գաւառներէն եկած ըլլալով, պատճառ եղան Ս. Աթոռի զարդերուն այլեւայլ գաւառներ ցրուելուն, մանաւանդ անգին մատենից եւ գրեանց՝ եղելոց յաւուրց անտի մերոց թագաւորաց. որպէս Պետրոս Կարկառեցին՝ ի Կարկառ, եւ Պետրոս Բերիացին՝ ի Բերիա, եւ երկու Հաճընցիքն՝ ի Հաճըն. այնպէս որ գրեթէ մերկացուցած էին Ս . Աթոռը։
       Միքայէլ Կաթողիկոսն է որ կահաւորեց եւ զարդարեց Ս. Աթոռը, մինչեւ իր նահատակութեան օրը (ճիշդ հոս կ'ընդհատի Եփրեմի պատմութիւնը)։
       Միքայէլ 20 տարի կը մնայ կաթողիկոսական աթոռի վրայ, եւ կը նահատակուի թոյնով, Ղօզան օղլու Եուսուֆ աղայէ, 1758 Օգոստոս 31, Շբ . օր, Տօրոսի մէջ, Հօրտում ըսուած տեղը ։
       Միքայէլ թաղուած է Սիս, Ս. Ածածնին Վանքին մէջ, Ղուկասու Կաթողիկոսի քով.
       Տապանագիրը. -
       «Յայս տապանս կայ եդեալ,
       Տէր Միքայէլ մեծն ընտրեալ.
       Սա վսեմագոյն վերաբերեալ
       Յուսական է վերակոչեալ
       Թուիս Ռ եւ երկու ՃԷ (=1758),
       Հանգստիւ ի Տէր հանգեալ»։
       Սիսուան, էջ 217։
      
       Միքայէլ շատ գործունեայ կաթողիկոս մը եղած է։ Աթոռի բարեզարդութեան համար անոր թափած ջանքերը կը գովաբանէ Եփրեմ։
       Միքայէլի վարչական գործունէութեան մասին շատ բան չենք գտներ պատմութեան մէջ։
       Երեւանցի Սիմոն Կաթողիկոս, իր Ջամբռին մէջ երկու առիթով կը յիշատակէ Միքայէլը, զայն քննադատելով իբրեւ ոտնձիգ Էջմիածնի թեմական իրաւասութեանց։
       Միքայէլ, ինչպէս կ'երեւի, իր ձեռնադրութենէն յետոյ քանիցս Կ. Պոլիս գացած է իր կաթողիկոսութեան վերաբերեալ գործերու կարգադրութեան համար Ազգ . Պատրիարքարանի եւ կառավարութեան միջոցաւ։
       Այս ժամանակի պատրիարքներն են.
       Յովհաննէս Կոլոտ1715-1741
       Յակոբ Նալեան1741-1749
       Մինաս Կթղ . Ակնեցի1751-1752
       Դարձեալ Յակոբ Նալեան1752-1764
       Գրիգոր Պասմաճեան1764-1773
       որոնց հետ գործ ունեցան Աջապահեան Կաթողիկոսներ։
       Երեւանցի Սիմոն Կաթողիկոս իր Ջամբռին մէջ Միքայէլ Կաթողիկոսի երկու երթը կը յիշէ Կ . Պոլիս, նախ 1749ին, Նալեանի պատրիարքութեան ատեն. յետոյ 1751ին՝ Մինաս Պատրիարքի ատեն։
       Միքայէլ Կաթողիկոս իբրեւ թէ Նալեանի սադրանքով գացած ըլլայ Կ. Պոլիս ուր ինքն գտնուած է 1749ին։
       Նոյնութեամբ յառաջ կը բերենք Սիմոն Կաթողիկոսի գրածները.
       -«Ապա յետոյ ի ՌՃՂԸ (=1749) թուոջն մերում, յաւուրս Ղազարու Կաթողիկոսին մերում, յաւուրս Ղազարու Կաթողիկոսին մերոյ Ճահկեցւոյ, մինչ ի հարկեցմանէ վրդովմանց ժամանակին եւ վասն ոմանց պատճառաց (զորոց ասացաւ յիւրում տեղւոջ ) անկաւ խռովութիւն ի մէջ Ղազար Կաթողիկոսին եւ միաբանիցն Սրբոյ Էջմիածնի, ընդ որս եւ համաձայնեցան Յունաստանաբնակ սեւագլուխքն մեր եւ մանաաւնդ Յակոբ Վարդապետն (=Նալեան ) որ՝ յայնմ ժամանակի պատրիարք էր ի Կոստանդնուպոլիս. թէ եւ ի ծածուկ ազդմանէ սորին Միքայէլ Կաթուղիկոսն Սսոյ եկն ի Կոստանդնուպօլիս, եւ անկաւ առ յոմանս յիշխանս ի տանէն Սսոյ, եւ կամէր ոտն ածել ի վերայ Էջմիածնի, խնդրելով ի վիճակաց սորին զոմանս նահանգս զսահմանակիցս վիճակին իւրոյ։ Իսկ յԱստուծոյ օրհնեալ իշխանքն մեր եւ բարեբարոյ վարդապետք ոմանք երեւելիք գտանելով անդ՝ առ յորս եւ մեք իսկ գտանեցաք ի պատահմանէ յիմեքէ, խափանելով զչար խորհուրդս նոցա՝ ափ ի բերան արարին զնա, եւ ի գիշերոյն հալածեցին ի քաղաքէն եւ ի սրբոյ Էջմիածնի վիճակէն։
       Դարձեալ ի ժամանակս նոյնոյ Ղազարու Կաթուղիկոսին, ի ՌՄ (=1751) թուոջն մերում, յորում Մինաս Վարդապետ Ակնցի էր Պատրիարգ Կոստանդնուպօլսի եւս եկն նոյն Միքայէլ Կաթուղիկոսն ի Կոստանդնուպօլիս ի սադրելոյ ոմանց ինքնանմանից սեւագլխոց առարկելով զնոյն վէճն, եւ մանաւանդ ասելով թէ ինձ վայել է զայս երկիր որ ընդ իշխանութեամբ Օսմանցւոց է, առ որով եւ ես եւ աթոռս իմ կամք։ Նոյնպէս եւ յառաջն արարին օրհնեալ իշխանքն մեր. որք ձայնակցեալ արքունական հրովարտակաւ հանին զնա ի քաղաքէն եւ ի վիճակէն Էջմիածնի, այնպէս որ մի եւս կոխեսցէ զվիճակս Սրբոյ Էջմիածնի՝ Կաթողիկոսն Սսոյ։ Եւ է այսպէս մինչեւ ցայսօր » (Ջամբռ, գլ. ԺԲ. էջ 99)։
       Օրմանեան մէկ կողմէն կը պաշտպանէ Միքայէլը, պատճառաբանելով. - «Մեր տեսութեամբ պարզապէս Կիլիկիոյ Աթոռին գործերուն համար եկած կ'ըլլայ Միքայէլ. զի չենք կարծեր թէ Էջմիածնական վիճակներէ մաս մը իւրացնելու միտքեր ունեցած ըլլան Սիսեցիները՝ քանի որ ասիկայ իրենց հնար պիտի չըլլար Կոլոտի Պատրիարքութեան օրով » (Ազգպտմ. էջ 2941)։
       Միւս կողմէն ալ կ'ընդունի թէ Միքայէլ ձգտում ունեցած ըլլայ «իւր իրաւասութեան սահմանները ընդարձակելու, Էջմիածնի հպատակ վիճակներէն մաս մը իրեն վրայ դարձնելով, մանաւանդ թէ բոլոր Տաճկահայոց կաթողիկոս ճանչցուիլ կ'ուզէր, պնդելով թէ ինձ վայել է ունել զայս երկիր՝ որ ընդ իշխանութեամբ օսմանցւոց է, առ որով եւ ես եւ աթոռս իմ կամք։ Սակայն Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ իրեն քաջալերութիւն չտուին, եւ մինչեւ իսկ արքունական հրովարտակաւ հանին Միքայէլը ի քաղաքէն եւ ի վիճակէն Էջմիածնի, եւ այս պատճառով Երեւանցիի գրչին ներքեւ օրհնեալ իշխանք մեր կը կոչուին այս անգամ, մինչ ուրիշ պարագայի մէջ համակիր եղած չէր Կ. Պոլսոյ ազգայնոց մասին։ Սիմէոնի հակակիր զգացումին հետեւանք կը սեպենք մայրաքաղաքի եկեղեցականներուն եւ Նալեան Պատրիարքին վրայ գրած մեղադրանքը, թէ Միքայէլի ձգտումներուն օգնեցին Յունաստանաբնակ սեւագլուխքն, եւ մանաւանդ Յակոբ Վարդապետն որ այնմ ժամանակի Պատրիարք էր ի Կոստանդնուպոլիս. որովհետեւ եթէ Միքայէլ արքունական հրովարտակաւ հեռացուեցաւ, անշուշտ Պատրիրաքն էր եղած հրովարտակը հանել տուողը », եւայլն (Ազգպտմ. էջ 3070)։
       Թէ Երեւանցիի եւ թէ Օրմանեանի գրածներուն մէջ պարզ չէ խնդիրը։
       Սիմէոն միայն իր դիտակէտէն կը նայի Միքայէլի անձին եւ գործունէութեան վրայ, իսկ Օրմանեան, որ այնքան քաջ ծանօթ է կաթոլիկ Արծիւեանի յուզած խնդիրներու ճիշդ այս միջոցին, չ'անդրադառնար ատոնց վրայ՝ որպէս զի լուսաբանէ Միքայէլ Կաթողիկոսին Կ. Պոլսի մէջ ըրած գործերը։
       Մենք ուրիշ երկու աղբիւրներէ գիտենք թէ Միքայէլ Կ. Պոլիս գնաց 1737ին, Արծիւեանի կաթոլիկ խմբակին ձեռքէն կորզելու համար Հալէպի Ս . Աստուածածին եկեղեցին, զոր գրաւած էին անոնք չորս տարիէ ի վեր։
       Այն ատեն Հալէպի Առաջնորդ էր Աջապահեան Գաբրիէլ Վարդապետ, եւ Միքայէլ անոր հետ գնաց Կ. Պոլիս։ Երուսաղէմի պատմիչ Աստուածատուր Եպիսկոպոսն ալ կը յիշատակէ Միքայէլին երթը Կ. Պոլիս՝ ըսելով թէ «այս օրերուն Սսոյ կաթողիկոսը Միքայէլ եկաւ Կ. Պոլիս եւ իջեւանեցաւ Իւսկիւտար Երուսաղէմի Վանքը (Ժմ. Պտմ. Երսղմի. Բ. էջ 53)։
       Իսկ այն աղբիւրներէն մէկը որոնց ակնարկեցինք, հետեւեալ յիշատակագրութինն է, որ պայծառ լոյս մը կը տարածէ Միքայէլ Կաթողիկոսի գործունէութեան վրայ.
       -«Թիվին ՌՃՁԶ (=1737) զօրացան երկաբնագն, որ է չար հերցվացքն ի մէջ քաղաքիս Բերիայ որ է Հալապ. եւ ելին բազում կաշառս ետուն Օսման Բաշաին եւ այն ժամանակի մօլային եւ առին Սբ. Ածածնայ. Եկեղեցին, որ բազում խրօվութիւն եղեւ ի մէջ Հաեոց ասգիս. զի բազում ըսդակս ետուն դատավորաց. որ մինչեւ Դ (=4) ամ մնաց ի ձեռս իւրեանց որ է Դ (=4) տարի. եւ ետո այց արար Աստուած ի վերայ Լուսաւորչի ազգիս եւ ոչ կամեցաւ կորուսանել ըզհավատացեալս, այլ գնաց Միքաէլ կաթուղիկոսն ի կոստանդնուքաղաքն եւ հանեաց ֆարման ի թագաւորէն եւ առաքեաց ի հետ եղբորն իւրում, որ է Գաբրիէլ Վարդապետ. նա եկաւ ասդ բազում աշխատութեամբ առեալ զեկեղեցին ի նոցանէ եւ դարցոյց ի լոյս աստուածգիտութեան» (Թիւ 61 Ձեռագիր Սաղմոս-Տօնացոյց Հալէպի)։
       Արծիւեանի կաթոլիկ գործունէութեան կեդրոնն էր Հալէպ եւ կաթոլիկութեան միտող հայեր շատ ջանքեր ըրին Ս. Աստուածածինը գրաւելու համար, որպէս զի կազմակերպուին, եւ պահ մըն ալ յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ, ինչպէս որ կը հաստատուի վերի յիշատակագրութեամբ, բայց Միքայէլ իր կաթողիկոսութեան սկիզբն իսկ կ'զբաղի Հալէպի խնդիրներով, Կ. Պոլիս կ'երթայ եւ Նալեանի եւ Սսեցի իշխաններու գործակցութեամբ, իր կարգին կը յաջողի վերահաստատել տալ հայ ժողովուրդին իրաւունքը իր յափշտակեալ եկեղեցւոյն վրայ։
       Պէտք է դիտել որ Նալեան, Կոլոտի դպրոցէն, զօրաւոր հակառակորդ եւ լաւ պատրաստուած մարտնչող մըն էր ընդդէմ կաթոլիկութեան, խօսքով ու գրչով, սիրայօժար պիտի օգնէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։
       Դարձեալ պէտք է ուշադրութիւն ընել որ Աջապահեան Կաթողիկոսներ բոլորովին տարբեր ուղղութեան մը հետեւեցան կաթոլիկութեան հանդէպ. ժխտական ուղղութիւն մը գրեթէ։ Հետեւաբար Աջապահեան Միքայէլ Կաթողիկոս Կ. Պոլսի մէջ մեծապէս պիտի օգտուէր հակակաթոլիկներու գործակցութենէն, որոնց գլուխը կեցած էր ժամանակին նշանաւոր Աստուածաբան Պատրիարքը՝ Նալեան Յակոբ։
       Սիմոն Կաթողիկոս չգիտնալու կը զարնէ այս բոլորը, զորս տեսած էր Կ. Պոլսի մէջ, եւ միայն Էջմիածնի աթոռին իրաւասութեան կողմէն կը նայի Միքայէլի ներկայութեան ի Կ . Պոլիս։
       Ասկէ զատ, պէտք է նկատի առնել, Էջմիածնի եւ Սիսի աթոռներուն միջեւ կար Թեմերու, սահմաններու խնդիր, եւ Միքայէլ անշուշտ զբաղեցաւ այս խնդրով ալ, երբ իր Գաբրիէլ Եղբայրը վերադարձուց Հալէպ արքունի հրովարտակով եւ ինքն մնաց Կ . Պոլիս։
       Քիչ յետոյ պիտի տեսնենք թէ Միքայէլ մինչեւ Տիարպէքիր գացած է 1753ին դրամ հանգանակելու համար ի նպաստ Կիլիկիոյ Աթոռին վերաշինութեան։
       Հետեւաբար Միքայէլի Կ. Պոլսի մէջ իր աթոռային իրաւունքներու մասին թափած աշխատութեան մէջ մեղադրելի ոչինչ կայ։ Այնպէս որ մենք ճշմարտութիւն չենք տեսներ Միքայէլը արքունական հրովարտակաւ Կ. Պոլսէն դուրս հանելու պատմութեան մէջ։
       Վասն զի Միքայէլ ինքն՝ արքունի հրովարտակով ճանչցուած կաթողիկոս մըն էր պետութեան առջեւ, Նալեան իրեն բարեկամ էր, եւ ոչ ոք իրաւունք ունէր պետութեան Մայրաքաղաքէն դուրս հանել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, անգամ մըն ալ Կ. Պոլիս ոտք չկոխելու պայմանով։
       Եթէ ստոյգ եղած ըլլար Սիմոն Կաթողիկոսի գրածը թէ այնուհետեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս մը ոտք չդնէ Կ. Պոլիս, Էջմիածնի վիճակ ըլլալուն համար, այն ատեն պէտք չէր որ Միքայէլէն յետոյ իր յաջորդներէն ոեւէ մէկը մտած ըլլար Կ . Պոլիս։
       Բայց ստոյգ իրողութիւնը սա է որ Միքայէլէն յետոյ ոչ միայն իր յաջորդները երթեւեկ ըրին Կ. Պոլիս, այլ նաեւ անոնցմէ մին ալ, Աջապահեան Թորոս, 1784ին կաթողիկոս օծուեցաւ Կ. Պոլիս, ինչպէս որ պիտի տեսնենք։
       Թէեւ յիշատակագրութիւն մը չկայ, բայց մենք այնպէս կը կարծենք որ նոյն ինքն Միքայէլ Կաթողիկոս ոչ թէ երկու անգամ, այլ քանիցս երթեւեկած ըլլայ Կ. Պոլիս իր քսանամեայ կաթողիկոսութեան ընթացքին։
       Ցաւալի է որ ասկէ աւելի տեղեկութիւն չունինք Միքայէլի մասին։
       Իր աշակերտներէն Սեբաստացի Գաբրիէլ Վարդապետ տաղ մը գրած է Միքայէլի յիշատակին, ուռուցիկ եւ բռնազբօսիկ ոճով, որուն մէջ նահատակ կաթողիկոս կը յորջորջուի.
       «Րաբունապետ մաքրաշուրթն, դաստիարակ իբրեւ զՊօղոս, քաջ հռետոր», եւ այլն.
       Իբրեւ հետաքրքրական վաւերագիր յառաջ կը բերենք հետեւեալ տողերը այն նամակէն, զոր Ամթայ Առաջնորդ Պետրոս Վարդապետ 1753ի Դեկտեմբերին ուղղուած է Երուսաղէմի Պատրիարք Շղթայակիր Գրիգորին։ Այս տողերէն կ'իմանանք թէ Միքայէլ Կաթողիկոս 1753ին 12 ձիաւորներով գացած է մինչեւ Տիարպէքիր հանգանակութեան համար։
       Պետրոս Վարդապետ շատ սեւ գոյն մը տուած է Միքայէլի անձին ու գործին, անհամակիր ոգիով։
       -«Այլ եւ ի վերայ այսր ամենայնի տաժանելի եւ չարաչար կրմանց եւ աղէտիցս տարակուսանաց, ելեալ բազմաւ գումարտակօք Պետն Սըսու՝ գայր եւ հասանէր ի կողմանսն՝ յուրհայու, եւ բազմաւ սաստկաբար շանթիւք ոգորմամբ, եւ զինուք սպառնալեօք ժամանէր առ մեզ յամիթ յամիթ յորջորջելով, ԺԲ (=12) արս ձիաւորս ընդ ինքեան բերեալ՝ պակոյց զքաղաքիս ժողովուրդսն կերպուկերպ ստայօդ բարբանջմունս յօրինելով, մեծաւ անբարտաւանութեամբ եմուտ ի քաղաքս մեր, իբրու թէ զչարն Յուլիանոս. կամ թէ ասէր նա՝ թէ զանթիւ ոսկիս եւ զարծաթս տալ վասն իմ պարտիք, եւ թէ ոչ, ահա տապալեմ ի հիմանց զքաղաքս զայս, եւ ոչ դադարէր ի մետաղսն իւր, այլ միշտ հրամանս հրովարտակաց սառսռեցուցիչս առաքէր առ իս պատգամաւորօք եւ արհաւրօք զարհուրանաց, թէ պարտիս այսօր զՎեհից Սրբազանից անունսն բառնալ ի սուրբ պատարագէն, սակս կարմրաց սակի, եւ զիմս միայն յիշել. եւ երբեմն թէ եկ դու եւ ես զի նստցուք ի սուրբ յամպիոնն, եւ քահանայք ամենեքեան զմեօք պար առեալք հրաման տուեալ թէ ով դու խօճայ Մարտիրոս, եւ ով Կիրակոս, գրիջիր դու քսան ոսկի, եւ նա գրեցի տասն եւ հինգ. եւ թէ հարցիցի յումեքէ, թէ վասն է՞ր է այդ ամենայն, հայր սուրբ, պատասխանիցի այդրէն ի նոսա թէ (չ)լուսաւորիչն մեր ելեալ է ի հոր վիրապէն եւ եկեալ է աստ վասն իմտատիու Սըսու։
       Բայց արդ՝ Տէր խորտակեաց վաղվաղակի զկզակս նորա, եւ փշրեաց իսկոյն զժանիս նորա իսպառ. այլ եւ ինքն ինքեան ելեալ աստի ի գիշերայն ինքն ինքեան ինքնահալած անձնահոյծ փախստեայ կորեաւ, եւ բարձաւ չարն այն ի միջոյ, աղօթիւք Սրբազանիդ, եւ եւս շնորհիւ սուրբ տեղեացդ»։
       Այս Պետրոս Վարդապետը հաւանաբար Հալէպի Առաջնորդ Պետրոսն է որ Էջմիածնի յարեցաւ Երեւանցի Սիմոն Կաթողիկոսի ատեն, գնաց Ամիթ եւ հոն ալ տռլիկ չըրաւ։ Իր սրտի դառնութիւնը չափազանց է հանդէպ Կիլիկիոյ Աթոռին, որուն անհաւատարիմ Եպիսկոպոսը եղաւ։
       Այս Պետրոսը Առաջնորդ է Բերիոյ ՌՃՂԲ (=1741ին ) որ նոյն տարւոյ Մայիսի 9ին քահանայ կը ձեռնադրէ Քիլիսցի Տէր Յովհաննէսի որդին եւ կ'անուանէ զայն Տէր Պետրոս (Արտաւազդ Արքեպս ., Ցուցակ, էջ 212)։
       Զմմառի Ձեռագիրներէն երկուքը Միքայէլ Ա. ի մասին յիշատակութիւն ունին։
       Առաջին Ձեռագիրը, Թիւ 351, Մեկնութիւն Երգ Երգոց (Նարեկացւոյն ), գրուած 1737-1751ի միջոցին։
       Թղթ. 68բ. - «Փառք… Արդ՝ գրեցաւ սա քաղաքի Տրովադա (=Ատանա ) ընդ հովանեաւ սուրբ Ածածնին եւ Սուրբ Ստեփաննոսի նախավկային եւ օգնականութեամբ հանդերձ Աստուծով, եւ ձեռամբ յոգնամեղ եւ անիմաստ յոգի մականուամբ Յ դւածաքանձ(. ՞ ) կոչեցելոյ եւ Սարգիս լոկ որջորջելոյ։ Եւ ի հայրապետութեան Տեառն Միքայէլի Կաթողիկոսի եւ դիտողի. ի հայրապետութեան սրբոյն Էջմիածնի գերապահ Աթոռոյն Մուշեցի Սրբազան դիտապետի Տեառն Ղազարու Կթղկսին ամենայն Հայոց , եւ պատրիարքութեան Սրբոյ Երուսաղէմի ամենապայծառ Աթոռոյն Տեառն Ճգնազգեաց Հայրապետի»։
       Երկրորդ Ձեռագիրը Թիւ 385, Մաշտոց Ձեռնադրութեան, 1714էն յառաջ։
       Այս Ձեռագրին մէջ (Թղթ. 63), Ատանայի Առաջնորդ Գրիգորիոս Եպիսկոպոս (որ ըստ Մեսրոպ Վրդ. Քէշիշեանի յետոյ եղած է «Գրիգոր Պետրոս Ե . Կաթողիկոս »), Քիլիս, տան մը մէջ, 1775 Ապրիլ 9, Աւագ Եշ. օր, փոքր աստիճաններու ձեռնադրութիւն կ'ընէ, իբրեւ փոխանորդ Միքայէլ Կաթողիկոսի, որ իբրեւ թէ իրեն իշխանութիւն տուած ըլլայ ձեռնադրութիւն կատարելու ուր եւ իցէ։
       Միքայէլ Կաթողիկոս, հալածիչը կաթոլիկներու, այսպիսի իշխանութիւն չէր կրնար տալ ոեւէ եպիսկոպոսի, հակառակ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնաց եւ աւանդութեան։ Եպիսկոպոս մը ուր եւ իցէ տեղ կրնայ ձեռնադրութիւն կատարել… բայց Եկեղեցւոյ մէջ։
       Կաթոլիկամիտ Գրիգորիոս չարաչար գործածած է իրեն տրուած իշխանութիւնը, քմահաճ մեկնութեամբ։
       Ահա իր յիշատակագրութիւնը.
       -«Յի. Քի. ծառայ Գրիգորիոս եպիսկոպոս ի վերայ Ատանայու Աթոռոյն գոլով ունող փոխանորդութիւն Միքայէլ Սրբազնակատար Կթղկսն. եւ ունող բացարձակ իշխանութիւն ձեռնադրելոյ ուր եւ իցէ, եւ նոյն իշխանութեամբ ձեռնադրեցի ի մէջ Քիլիսու եւ ի մէջ օրհնեալ տան զՆերսէսի որդի Գեւորքն եւ զԳեւորքի որդի Յօսէփն եւ զԽուտայու որդի Մկրտիչն. այս վերի գրեալ վեց անձանց տվի զչորս փոքր աստիճանն. այսինքն՝ զդռնապանութիւն եւ զընթերցողութիւն եւ զերդմնեցողութիւն եւ զՋահընկալութիւն ի պաշտօն պատարագի, յամի Տեառն 1775, Ապրիլի ամսուն 9ին, օրն էր Աւագ Հինգշաբթի, եւ ընդ նոցայ, ի նոյն աւուր տվի միայն խուզումն հերաց Կարապետ որդի Պօղոսին եւ Գրիգոր որդի Յարութիւնին եւ Խուտայու որդի Գեւորքին եւ Նահապետի որդի Աբրահամին. եւ ի վերայ սոցայ ամենեցուն արժանավորութեան վկայեաց խոստովանահայրս իւրեանց յարգելի Տէր Սերօբէն, եւ խնդրեաց զձեռնադրութիւնս նոցա վասն սպասաւորութեան Սրբոյ Պատարագին, ի փառս Աստուծոյ , Ամէն»։
       Ինչպէս կ'երեւի, Գրիգորիոս Եպիսկոպոս Ատանայի Առաջնորդ կարգուած է Միքայէլ Ա. ի կողմէն, հաւանաբար Եպիսկոպոս ալ ձեռնադրուելով անկէ։ Իսկ 1775ը Եփրեմ Ա. ի կաթողիկոսութեան (1771-1784) միջոցը կ'իյնայ։