Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գաբրիէլ յաջորդեց իր նահատակ եղբօր Միքայէլ Կաթողիկոսին։
       Յայտնի չէ իր օծման եւ գահակալութեան պատմութիւնը։
       Գաբրիէլ Հալէպի առաջնորդ էր կաթողիկոսանալէ յառաջ, (1737-1743), եւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կաթոլիկներու ձեռքէն ետ առնելու համար իր եղբօր Միքայէլ Կաթողիկոսի հետ Կ. Պոլիս գնաց, Միքայէլ յաջողեցաւ ձեռք բերել արքունի հրովարտակը, Գաբրիէլ այդ հրովարտակով վերադարձաւ Հալէպ եւ վերստին տիրացաւ չորս տարիէ ի վեր կաթոլիկներէ գրաւուած եկեղեցւոյն։
       Գաբրիէլի կաթողիկոսութիւնը տեւեց 12 տարի։ Դժբախտաբար չունինք իր գործունէութեան տեղեկագիրը։
       Գիտենք միայն որ երկրին քաղաքական անապահով եւ խառնաշփոթ կացութեան մէջ աշխատեցաւ եւ յառաջ տարաւ Ս. Աթոռին վերաշինութեան եւ պայծառութեան գործը, որուն սկսած էին իրեն հարազատները, Ղուկաս եւ Միքայէլ Կաթողիկոսներ։
       Իր նահատակութեան վկայաբանը կ'ըսէ թէ Գաբրիէլ էր «այր հեզ, խոնարհ, ազգասէր եւ ճշգրտատիպ պատկեր իւրոցն նախնեաց»։
       Գաբրիէլ Կթղ. զոհ եղաւ ժամանակակից ձորապետներէն Ղօզանեանց եւ Տիվանեանց մրցակցութեան։
       Սիս կը գտնուէր Տիվանեանց ազդեցութեան շրջանակին մէջ. իսկ Վահկա եւ շրջակայքը կ'իյնար Ղօզանեանց ազդեցութեան տակ։
       Այս երկու անտոհմ եւ գազանաբարոյ ցեղեր թշնամի էին իրարու, եւ Սիս նստող Կաթողիկոսին համար եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար էր հաւասարակշիռ դիրք մը պահել իրարու թշնամի երկու ձորապետներու միջեւ։
       Երկու կողմերու թշնամութիւնը այնքան յառաջ գացած էր որ յարձակումի պատրաստուած էին։
       Ղօզան օղլու Եուսուֆ աղա գաղտնի լուր ղրկեց Գաբրիէլ Կաթողիկոսին թէ երեք չորս օրէն իրենք պիտի յարձակին Սիսի վրայ։ Այս լուրը կերպով մը կը հասնի Տիվանեանց ականջին, որոնք - անշուշտ յանիրաւի - կը կարծեն որ կաթողիկոսը խորհրդակից է իրենց թշնամիներուն։ Սիսեցիներուն կացութիւնը կը վտանգուի, որովհետեւ երեք չորս օր կ'անցնի եւ Ղօզանեանք մէջտեղ չեն ելլեր։
       Երեք հարիւր ազգայիններ - եթէ չափազանցուած չէ այս թիւը - սպառազինուած կը պահպանեն իրենց հոգեւոր Տէրը Տիվանեանց հաւանական յարձակումին դէմ։
       Տիվանեանք լուր կը ղրկեն Գաբրիէլ կաթողիկոսին եւ կ'ստիպեն որ իրենց քով ապաւինի իրեններով, Գարաճալը (=Դրազարկ ) ամառանոցը։
       Կաթողիկոսը, յուսահատ Ղօզանեանց գալստեան սպասելէ, կը բռնադատուի երթալ դէպի Գարաճալը, բայց երբ կը հասնին Էօրթիւլիւ կամ Կիւն Էրի կոչուած գիւղը, հոն դարանակալներ գնդակ կը տեղացնեն կաթողիկոսին վրայ եւ կը մահացնեն զայն։ Եւ ասով ալ չեն գոհանար արիւնռուշտ գազաններ, կը յարձակին անշունչ մարմնի վրայ, կը յօշոտեն, կը կողոպտեն, եւ նոյն իսկ նահատակին մատանին յափշտակելու համար մատը կը կտրեն, փոխանակ մատնին կորզելու։
       Գաբրիէլ Կաթողիկոսին նահատակումը տեղի կ'ունենայ ՌՄԺԹ (=1770), Սպտմ. 10, Ս. Խաչի շաբաթապահոց Ուրբաթ օրը։ Յօշոտուած մարմինը Սիս կը փոխադրուի իր աշակերտներուն կողմէն եւ հետեւեալ Շբ. օր կը թաղուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որ դամբարանն է Սիսի մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց։
       Բալուցի Սարգիս Վարդապետ «Ողբերգական Տաղ » մը նուիրած է Գաբրիէլ Կաթողիկոսի՝ անոր նահատակութեան առթիւ։