Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Աջապահեան Տէր Եղիազար Քահանայի թոռն է Թէոդորոս Կաթողիկոս. այսինքն՝ Տէր Եղիազարի որդին է Արիստակէս, ասոր որդին է Եղիա եւ սա հայր Թէոդորոսի։
       Հաւանաբար Անտիոքի առաջնորդ Թէոդորոս Եպիսկոպոսն է սա, որուն խնդրանքով Եփրեմ Ա. գրեց Յովնանու Մեկնութիւնը։ Անտիոքէն յետոյ Կիւրիւն գացած պիտի ըլլայ, որովհետեւ Եփրեմի կաթողիկոսութենէն յառաջ հոն կը գտնենք զինք, թերեւս իբրեւ առաջնորդ։
       Եփրեմի վախճանումէն յետոյ Թէոդորոս Կիւրինէն կոչուեցաւ Սիս որ ժառանգէ կաթողիկոսական աթոռը, բայց չընդունեցաւ, առարկելով թէ այդ ամեհի եւ վայրենի մարդիկ պատեր պաշարեր են Ս. Աթոռը, եւ այսպիսի վտանգալից ժամանակի մը մէջ չեմ կրնար խաղաղ կեանս տալ Գրիգորեան գառանց, այսինքն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի զաւակներուն։
       Սակայն Թէոդորոս կը հրաւիրուի Կ. Պոլիս, ուր Զաքարիա պատրիարք եւ իշխանք կը համոզեն զինք եւ ձեռնադրութիւնն ալ կը կատարեն 1784 Սպտմ. 6, Ուրբաթ օր, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
       Ժամանակակից եւ ականատես Կաղզուանցի Պօղոս Դպիր հետեւեալ կերպով պատմագրած է Թէոդորոսի կաթողիկոսացումը.
       -Սիսի Աթոռին Կաթողիկոսը Եփրեմ առ Աստուած փոխուեցաւ, եւ անոր տեղ կաթողիկոս ձեռնադրեցին Տ. Թէոդորոս համեստակենցաղ եպիսկոպոսը, շնորհիւ Տ. Զաքարիա Պատրիարքի, համահաւանութեամբը Կիլիկեան թեմին բոլոր եկեղեցականներուն եւ աշխարհականներուն, ինչպէս նաեւ այլազգիներու գլխաւորներուն։
       Ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ հոս, Կ. Պոլսի մէջ, Տ. Զաքարիա ազգասէր Պատրիարքին եւ գլխաւոր եպիսկոպոսներու ձեռքով, որոնց անուններն են.
       Տ. Սարգիս Մեծիմաստ Եպս ., Նուիրակ Ս . Էջմիածնի.
       Տ. Աւետիս Եպս . Երուսաղէմէն.
       Տ. Գէորգ Եպս . Կիլիկեցի.
       Տ. Յովհաննէս Եպս . Տրապիզոնցի.
       Նաեւ եօթը վարդապետ, 12 քահանայ, ամէնքն ալ զգեստաւոր։
       Թէեւ նա (=Թէոդորոս ) յանձն չէր առներ, բայց թէ Զաքարիա Պատրիարք եւ թէ ազգային բոլոր իշխաններ ըսին իրեն. քանի որ այդ վիճակին (=Սիսի ) իշխանները, քահանաներով եւ ժողովրդով, նոյնիսկ այլազգի պէկեր , քեզ արժանի կը համարին այդ աստիճանին, դու մի զանձն քո խնայեր. որովհետեւ Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ է։
       Այս պատճառաւ նա հնազանդեցաւ եւ ըսաւ, եղիցի ըստ աստուածասիրացդ։
       Եւ ես ճշմարիտ կ'ըսեմ եւ երանի կուտամ այդ քաղաքին եւ այդ ժողովուրդին որ այսպիսի սրբազնասուրբ, բարեբարոյ եւ ցանկալի հովիւի մը արժանի եղան։ Եթէ հեշտասէր եւ երիտասարդ եղած ըլլար, վայ պիտի ըսէի։
       Բայց թէ ինչո՞ւ համար Ուրբաթ օր կատարեցին ձեռնադրութիւնը եւ ոչ թէ Կիրակի օր. - Քանի մը պատճառներ կային։ Նախ՝ այդ Տունը եւ Աթոռը առանց վերակացուի եւ հովուի էր. յետոյ՝ չուզեցին իմաց տալ ամէնուն, որպէս զի եկեղեցւոյ բազմութեան մէջ բան մը չը պատահի. վասն զի եթէ քաղաքիս բոլոր քրիստոնեաները լսէին, ամէնքն ալ այր եւ կին, ծեր եւ երիտասարդ, գրոհ պիտի տային եկեղեցին, այս նոր ձեռնադրութիւնը տեսնելու, ինչե՜ր չէին կրնար պատահիլ այդ բազմութեան մէջ։ Ահա այսպիսի դէպքէ մը կասկածելով զանխուլ կատարեցին ձեռնադրութիւնը ( Դիւան Ժ. Մանր Մտնգիրք. ԺԵ-ԺԹ դար, էջ 325-27, Հմմտ. Ազգպտմ. էջ 3173-75)։
       Ինչպէս որ դիտած է Օրմանեան, Կիրակի օրուան պատշաճութիւնը անտեսելու չափ զօրաւոր չեն Պօղոս Դպրին բացատրութիւնները։ Ուրբաթէն Կիրակի երկու օր միայն՝ Սիսի աթոռը կրնար երկու օր ալ մնալ առանց կաթողիկոսի։
       Չամչեան այսպէս կը պատմագրէ Թէոդորոսի ձեռնադրութիւնը.
       -«Յետ վերադարձի Զաքարիայ Պատրիարքին՝ վախճանեցաւ Եփրեմ Կաթուղիկոս Սսոյ ի տանէ Աջապահից ի Յուլիսի վերջն, յամի 1784, ՌՄԼԳ, դեղեալ յայլազգի իշխանէ տեղւոյն. եւ կարգեցաւ ի տեղի նորա Թէոդորոս կամ Թորոս Վարդապետ Սսեցի. զորոյ զհանդէս օծութեան կատարեցին յամսեանն Սեպտեմբերի ի Կոստանդնուպօլիս յեկեղեցւոջ սուրբ Աստուածածնի, ուր եւ գտան առաջիկայ վեց եպիսկոպոսունք, երկոտասան վարդապետք, եւ քսան եւ չորս քահանայք, ընդ որս եւ սարկաւագունք ինն. եւ Թէոդորոս գնացեալ նստաւ ի Սիս, ուր եւ ցարդ վարէ զիշխանութիւն իւր » ( Չամչեան Գ. էջ 878)։
       Իսկ Աւետիս Պատուելի Պէրպէրեան.
       - (1784) Յաւուրս յայսոսիկ վախճանի Տէր Եփրեմ Կաթողիկոս Սսոյ ի տանէ Աջապահից, դեղ մահու արբուցեալ յայլազգի իշխանէ տեղւոյն, եւ յաջորդէ զաթոռ կաթողիկոսութեան Սսոյ՝ Թորոս Եպիսկոպոս Սսեցի, զորոյ զհանդէս օծութեանն կատարեցին յամսեանն Սեպտեմբերի յամի Տեառն 1784 (Սեպտ. 6), ի Կոստանդնուպօլիս յեկեղեցւոջ սուրբ Աստուածածնի, ուր եւ գտան առաջակայ վեց եպիսկոպոսունք, երկոտասան վարդապետք, քսան եւ չորս քահանայք՝ եւ սարկաւագունք ինն, զոր յետ երկոտասան աւուրց առաքեցին ի Սիս » (Պտմ. Հայոց, էջ 5)։
       Պէրպէրեանի պատմածին վերջը ճշդում մը կայ. այսինքն՝ Թէոդորոս կաթողիկոսը իր ձեռնադրութենէն 12 օր յետոյ, Սպտմ. 18, Դշ. կ'ուղեւորեն դէպ ի Սիս։
       Սիսի Մաշթոցին մէջ այսպէս յիշատակագրած է.
       -«Նուաստ Թորոս Կաթուղիկոս Սըսեցի նստաւ յաթոռ հայրապետութեան ՌՄԼԳ (=1784). եւ փոխեցաւ առ Քրիստոս ՌՄԽԵ (=1796) Սպտմ. ԻԴ (=24) յօրն. որոյ յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի»։
       Թէոդորոսի Աթոռային բարեկարգութեանց մէջ կը յիշուի Լուսաւորչի Աջին պահպանութիւնը ուղղակի Վանքի մէջ։
       Աջապահեանք Աջը կը պահեն տան մէջ, որ ուխտատեղւոյ հանգամանք մը առած եւ միջոց եղած է շահագործութեան։
       Աջը Կաթողիկոսին կուտային միայն Մեռոնօրհնէքի հանդէսին եւ դարձեալ ետ կ'առնէին եւ կը պահէին իրենց տան մէջ։
       Թէոդորոս Կաթողիկոս, իբրեւ Աջապահեան, ժողովի կը հրաւիրէ իր բոլոր ազգականները, եւ սա կերպով կը համոզէ զանոնք.
       -Քանի որ այժմ Կաթողիկոսներ Աջապահեան տանէ են, արժան է որ Աջը պահուի անոնց քով, եկեղեցւոյ մէջ եւ ոչ թէ մեր տան մէջ։
       Եւ ես ասոր փոխարէն կը խոստանամ տալ ձեզի ծախսերը ձեր աղջկանց հարսնութեան եւ ձեր երիտասարդներու փեսայութեան։ Ասկէ աւելի բան մը կ'ուզէ՞ք։ Աննք կը պատասխանեն. Ոչ. կ'ընդունինք ձեր առաջարկութիւնը։
       Այս համաձայնութենէ յետոյ մեծ հանդէսով Ս. Աջը Աջապահեանց տունէն կը փոխադրեն Ս. Աթոռի Գանձատունը։
       Ա. Առաքել դիտել կուտայ թէ Կաթողիկոսներ այնուհետեւ կ'սկսին սպասաւորել Լուսաւորչի Աջին եւ միւս Աջերուն. «ուստի ոչ միայն լինին Կաթողիկոս, այլեւ աջապահ եւ սպասաւոր իւրոցն նախնեաց նշխարաց»։
       Այս կարգադրութենէն յետոյ Թէոդորոս Կաթողիկոս այլեւս կրնար գրել իր կոնդակները ընդ հովանեաւ Չորից Աջերաց, ինչպէս որ կը տեսնենք 1784 Դկտմ. 17ին տրուած Կոնդակի մը մէջ։
       Ասիկա Կիպրոսի Առաջնորդ Յովհաննէս Վարդապետի Ծայրագունութեան Կոնդակն է, որու կարեւոր մասերը հրատարակուած են Բակուրանի կողմէն, ԿԻՊՐՈՍ ԿՂԶԻ գրքոյկին մէջ, հետեւեալ կերպով.
       -Յի . Քի. ծառայ Տէր Թէոդորոս Կաթողիկոս ամենայն Հայոց, որ եւ Պատրիարգ Տանն Կիլիկիոյ եւ Սպասաւոր Ս. Լուսաւորչի Աջոյն երկնահանգէտ եւ վեհափառ Աթոռոյն…։
       Նորին աշակերտ ես յետնեալս որ նարդենիս եմ Կաթողիկոս ասեալ, առեալ զշնորհս այս եւ զաստիճանս Ծայրագոյն Վարդապետութեան ի վերոգրեալ վեհէ, այսինքն ի Միքայելէ սրբազնակատար Կաթողիկոսէ, շնորհեցի Տն. Յօհաննու հրեշտակակրօն Վարդապետի վանականի ի միաբանութեանցն ուխտի Սրբոյն Մակարայ խստակրօն ճգնաւորի, որ ի Կիպրոս կղզւոջ, զի եկեալ էր սա վասն ժողովարարութեան յԱտանայ քաղաք□։ Եւ ետու զգաւազան Ծայրագունի, այսինքն Մեծ վարդապետութեան, ի թվին Հայոց ՌՄԼԳ (=1784) յըսկիզբն Դեկտեմբեր ամսոյ, ի մէջ Սրբոյ Եկեղեցւոյ յանուն նախավկային Քի., Սրբոյն Ստեփաննոսի, առաջի բազմամբոխ ժողովրդեան, եւ երկու Ծայրագոյն Վարդապետօք, որք խարտաւիլակ եղեն սմա. այսինքն Կարապետ եւ Կիրակոս իմաստնատենչ Վարդապետք որ թելադրութեամբ Հոգւոյն Սրբոյ գոլով իմ յԱտանայ, ետու զվարդապետական իշխանութիւնս զայս, Տր. Յօհան մաքրակենցաղ վարդապետին, այսինքն զչորեքտասան իշխանութիւնս, որ եւ ի սրբոց երջանկաց՝ վարկանի ծայրագոյն վարդապետական իշխանութիւն։
       Զկարգն քահանայութեան եւ աբեղայութեան ի Մարտիրոս ծերունի եւ լուսահոգի վարդապետէն, որ դէտ եւ Առաջնորդ էր Կիպրոսի՝ ընկալեալ. եւ զաստիճան Մասնաւոր Վարդապետութեան՝ ի Դաւթայ Եպիսկոպոսէ Պէլէնկցոյ ընկալեալ. եւ զաստիճան Մեծի Վարդապետութեան ընկալաւ յինէն…։
       Եւ արդ՝ այսուհետեւ ունի իշխանութիւն ի Հոգւոյն Սրբոյ եւ յինէն զոր ընկալաւ ի ձեռնադրութեանս նստիլ եւ բազմիլ ի վերայ մետաքսեայ եւ կերպասեայ Աթոռոյն, նա եւս թագիւ բարգաւաճեալ եւ պճնեալ յանդիման լինել սրբութեանցն□։
       Գրեցաւ գիրս եւ կոնդակս օրհնութեան եւ վկայականի Ծայրագոյն Վարդապետութեան, ի թվաբերութեան Արամեանս տոհմի ՌՄԼԳ (=1784) եւ Դեկտեմբեր ամսոյ Ժ եւ Է (=17). ընդ հովանեաւ սրբոց չորից Աջերաց, որք աստ կան ի պահպանութիւն ազգիս Հայոց (էջ 72-74)։
       Ըստ Ա. Առաքելի Թէոդորոս բնական մահով մեռած է 1797=ՌՄԽԶին, իբրեւ 13 տարի կաթողիկոսութեամբ. բայց Սսոյ Մաշթոցին յիշատակագրութիւնը աւելի ստոյգ է, ՌՄԽԵ =1796 Սպտմ. 24 (Դշ.
       Իսկ ըստ Պէրպէրեանի կ'սպաննուի Ղօզան Օղլուէն։
       Աւետիս Պատուելի Պէրպէրեան մեծ սխալմամբ 1801ին կը դնէ Թէոդորոսի մահը, եւ կ'ըսէ.
       -«Ի սմին ամի Թորոս Կաթողիկոս Սսոյ՝ որ օծեալն էր ի Կոստանդնուպօլիս յաւուրս Զաքարիայ Պատրիարքի, սպանանի յօշատեալ անդամ անդամ ի Խոզան Օղլու կոչեցեալ յայլազգի իշխանէ տեղւոյն արտաքոյ պարսպին Սսոյ ի վերայ կամրջոյ գետոյն, որում յաջորդէ եղբօր որդի նորուն Կիրակոս Արքեպիսկոպոս Սսեցի՝ այր առաքինազարդ եւ սրբակրօն՝ երիտասարդ քսան եւ չորս ամեայ՝ փառահեղ դիմօք եւ գեղեցիկ տեսլեամբ, եւ յետ միոյ ամի գնացեալ յԵրուսաղէմ յուխտ եւ յերկրպագութիւն, փառաւորի մեծաւ պատւով, եւ դառնայ յաթոռ իւր» (Պտմ. Հայոց, էջ 38)։
       Թէեւ մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք Թէոդորոս Կաթողիկոսի անձին եւ գործունէութեան վրայ , բայց անոր հանդէպ Կ. Պոլսի մէջ ցոյց տրուած յարգանքը եւ Կաղզուանցի Պօղոս Դպրին գնահատանքը ցոյց կուտան թէ մաքուր նկարագրի տէր, խստակրօն ճգնութեամբ հոգեւորական մը եղած է Թէոդորոս, եւ ըստ տապանագրին նաեւ աթոռաշէն աջապահեան մը։
       Իր տապանագիրը.
       -«Է այս տապան ամբիծ վեհի,
       Թէոդորոս Կաթուղիկոսի,
       Որ ի զարմէ Աջապահի,
       Ընտրեալ բիւրոց որ ի մարմնի.
       Սա բազում ջանս յանձին կալեալ
       Նորոգութեան սրբոյ Գահի.
       Այլ եւ բարի վարուք փայլի
       Պայծառանայ գեր քան (զարփի)
       Հանգեաւ թվոյս հազար հնգի
       Եւ երկհարիւր ընդ քառասնի»։
      
       Այս տապանագիրը խնամքով չէ կարդացուած Վ. Լանկլուայի կողմէն, եւ Ալիշան աւելի եւս պակասաւոր եւ սխալ ընթերցուած մը հրատարակած է աւելի խանգարելով Լանկլուայինը, եւ Թէոդորոսին մահուան թուական դրած է 1791 (Սիսուան, էջ 217)։
       Մենք այս տապանագիրը առինք Մասեաց Աղաւնիէն (1856, Բ. Տարի, էջ 205), ուր շատ ճիշդ կարդացուած է Թէոդորոսի մահուան թուականը. (1005+240=) 1245+551= 1796, համաձայն Սսոյ Մաշթոցին յիշատակագրութեան։
       -«Դարձեալ ԺԲ. դարէն ի վեր հայ ազգը այնպիսի ընկերահաշտ միութեան փորձեր չէր ըրած. շնորհիւ Չամչեանի Հայոց Պատմութեան եւ կրկին Վահաններուն է, որ 1795-1797ին բոլոր Հալէպ եւ Կիլիկիա կանգնած ազգասիրութեան եւ կրօնից դրօշի ներքեւ՝ միութեան զարմանալի փորձեր կ'ընէին, որուն յայտնի ապացոյց են Սսոյ Թէոդորոս Կաթողիկոսի, սորա փոխանորդ Սիմէոն եպիսկոպոսի, Խօճա Իւսուֆի եւ այլոց թղթակցութիւնները»։ . Բարսեղ Վ. Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ Գրական Գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, Տպ. Վենետիկ, 1905, էջ 17)։
       Ի Հալէպէ գրէ Խօճա Եուսուֆ Պուղտանեան՝ զոյգ ընդ Պետրոսի Ղազարեան քիլիսցոյ առ Հ. Միք. յունիսի 5 - իրակուիքն ազգիս այժմ սակաւուք ունիմք ծանուցանել, որ ի բարեհաճուէ. ամենաբարւոյն Ածոյ, վիճաբանուիքն. ՝ որք ի մէջ երկուց կողմանցն էին, այժմ վախճան առին, եւ համաձայնեցան միապէս գրել սբյ. ժողովոյն գիր՝ աղաչելով տալ նոցա պահել զամ. արարողութիւնս վաղնջականս, իսկ զիրս պատկանեալս հաւատոյ ըս. կաթուղիկէի սբ. եկեղեցւոյն հաւատոյ, գիտելով թէ աթոռակալն սբյն. Պետրոսի է գլուխ ընդհանուր եկեղեցւոյ, եւ հնազանդ լինիլ պարտին նմա ամ. հաւատացեալք Քս. ի։ Ուր զայս գրուի. է հաւանուբ. մեծամեծացն ազգիս, բայց ոչ կամին յայտնել մեծամեծացն այդր կողման վասն կասկածանաց անհաւանուե. նց ., ոպ. եւ տեղս ծածկեալ է ի խառնաճաղանջ ժողովրդոց վս. կասկածանաց երկպառակուե ., բայց ոպ. յուսամք զի օրհնեալ գալստեամբդ բնակիչք այդր կողմանց յառաջասցին բռնաբարել քան զմեզ։
       Դարձեալ գրի Բերիոյ առ Հ. Միք. ի 11 Հոկտ. - եդեալ էաք ի մտի ծանուցանել զիրողուիս. միաբանուե. լայնատարածաբար գրելով ի տետրի եւ առաքել ընդ ումեմն ծանօթի մերում, որ հանդերձեալ էր գալ այդր սուրհանդակաբար, բայց այժմ նահանջեցաւ զնորին գնալն, եւ մնամ այլում ժամանակի. ուստի այժմ համառօտապէս պատմեմ, զի երջանկափառ Թէոդորոս Սսոյ Կթղկսն գրեաց կնքեալ գիրս առ մեծաւորս երից ազգաց, այսինքն առ գերյարգելի Ճպրայիլ Եպսն. Մարոնաց, եւ առ մեծաւորի ազգին Յունանց Խուրի Անդուն սապաղին, եւս մեծաւորի մերում տր. Յովսէփի գասպարեան (որ էր գօլէճցի վիքար Բերիոյ ), թէ Սիմէօն Եպսն. է փոխանորդ իւր, եւ ի դիմաց իւրոց կացուցեալ է առ ի հոգալ զիրողութիւնս միաբանութեան եւ գրել զդաւանութիւնն հաւատոյ առ սբ. Աթոռն Պետրոսի, եւ վերջապէս զոր ինչ արասցէ նմա հաճելիք են, եւ իբր ) դիմաց իւրոց առնէ։ Ուստի գրեաց գերյարգելի Սիմէօն արքեպսն. տեղւոյս զդաւանուին. հաւատոյ առ ի առաքել Սրբազան Պապին եւ առ կարտինալս նորա, եւ գրեաց զայն մեծաւ խոհեմութեամբ առեալ ի Շնորհալոյն եւ յազգականէ նորին Գրիգոր Տղայ կոչեցելոյ, եւ այլոց ընդունելի հայրապետաց մերոց, եւ յաւել ի վերջին իւրաքանչիւր հատուածոյ զվկայուիս. ընդունելի վարդապետաց մերոց։ Զայս այսպէս արար՝ առի ոչ տալ գայթակղուի. իւրայնոց. զի առանց վիճից կնքեցին. հուսկ յետոյ երդմամբ եզրափակեաց, թէ գրութիւնքն իւր են անկեղծօրէն, ոպ. գրեաց, այնպէս հաւատայ։ Գրեաց երկարօրէն վասն երից արարողուեցն. վասն տօնի ծննդեան Տեառն ի 6 յունվարի կատարել, եւ վսն. սբ. ածին. երգել ի դէմս որդւոյ, եւ վս. անջուր պատարագելոյ , թէ սոքա են արարողուիք. վաղնջականք, եւ ոչ յաղանդապետէ ումեքէ սկզբնաւորեալ են ի մեզ եւ այլ բազում առարկուբ. եցոյց թէ ոչ չար մտօք կամ հակառակութեան աղագաւ հաստատեալ կ(ե)ամք ի սոսա, այլ միայն վասն ոչ տալոյ գայթակղուի . ժողովրդեան, զի մի խրտնուցուն ի մէնջ, եւ թէ սպառնալիք հին կայսերացն Յունանց, եւ ջանք թագաւորաց եւ ածարեալ. հայրապետաց մերոց ոչ զօրեցին այլազգ առնել. ապա այժմ ամենեւին անկարելի ինչ է. եւ այլ այսպիսի ասացուածով աղաչեաց, զի թոյլ տացեն նոցա այնպէս գնալ, որովհետեւ չէ կարելի այլ ազգ փոխարկել։ Զայս ամ. հանդերձեալ եմք առաքել առ սբ. աթոռն քահնյիւ. միով, զոր առաքելոց է գերերջանիկ Գրիգորիոս Կթղկսն. Լիբանանու, եւ նա աղաչելոց է ըստ իւրոյ գերաշխարհիկ սրտին, զի թոյլ տացէ նց. այնպէս վարել։
       Նախ քան զայս 19 Օգոստոսի աղերսագրով միով ծանուցաք առ սրբուիդ. (ասեն առ Հ. Միքայէլ ) զհանգամանս ազգիս հայոց բնակելոց աստ ի Բերիա, թէ ոպ. ի ձեռն սիրոյ զհազարամեայ վէճին ամքն. զրաւ ընկալան։ Ուր տեսանելով մեր զյաջողումն բարեաց գործոց՝ գրեցաք գիր իմն սիրոյ եւ յորդորանաց առ գերյարգելի Թէոդորոս Կթղկսն. Սսոյ, խրախուսելով զնա անդ, թէ ով հայր սբ ., բանսարկուք օտար ազգաց ի բաց կացցեն ի մէնջ, որք ուխտադրուժ առնել կամին զմեզ ի սբ. ուխտէն՝ որք արեամբ գառինն անարատի գրեցան (գնեցան. ՞ ), եւ այլ ինչք այսպիսիք։ Իսկ յարգուի. նորին տեղի տուեալ շնորհաց հոգւոյն սբյ. ՝ առաքեաց զսիմէօն եպսն . որ եհաս առ մեզ ի սկիզբն հոկտեմբերի, ուր գնացաք ողջույն նորա բարեւիկս առնելով զնա՝ ընդդէմ մերոց նախնի սովորութեանց. եւ յետ կատարելոյ նորա զփոխադարձն սիրոյ՝ ի գիշերի միում առանձնացաք առ ի խօսակցուի ., եւ էր ընդ մեզ յարգելի մեծաւորն մեր հայր Յովսէփն Գասպարեան, եւ Պարոն Արութիւն Տրդատն, եւ այլք ոմանք, եւ ի քհնյից. նց. երկուք։ Իրաւի շնորհակալ եղաք զտռնէ. քզի. զոր ցանկային սիրտք մեր, լուան անդ ականջք մեր, եւ տեսաք զնա ցանկացօղս սիրոյ եւ միաբանուե ., եւ ոչ տարաձայնուի. ինչ երեւեցաւ ի նմա. Միայն կասկածանս ինչ բանաւորս ի կողմանցն Կոստանդնուպօլսոյ առաջ էարկ թէ առանց հաւանուէ. պատրիարգին եւ իշխանացն առնելով զայս՝ զաթոռն Սսոյ ի հիմանց տապալեն. ուր յայնժամ փխնկ. շահելոյ կորուսանեմք. վասն այսորիկ այժմ այսու գրովս կամեցայ խրհդ. առնուլ ի վսեմուէ. քումմէ, ոպ. եւ գրեցաք յայլ եւ այլ տեղիս։ Այսմ իրակութեանց ներկայ գտանելով սինեօր անտոնն բաբիկեան՝ գրեաց առ պերճապատիւ մարքիզ յովհաննէս սեղբոս աղայն, թէ հնար իցէ՝ շնորհ արասցէ ըստ խոհեմութեան իւրում գրել առ Զաքարիա պատրիարգն մեծի Պոլսոյ ։
       Յաւելուած ի Նոյեմբ. 9, ուր յետ ասելոյ վս. այլոց իրաց՝ «շնորհակալ եմք զերջանկութենէ քումմէ. երանի թէ նմանիք փոխանակիցէին աննմանոյդ ի յաւուրս մեր ». գրեն վասն բանի միաբանութեան. «իրակութիւնքն. տեղւոյս սպասեն վախճանի թղթակցուեց. մերոց, որ ընդ գերերջանիկ Գրիգորիս Կթղկսին , որով յղեցիմք զգրեանս Հռովմ ) որպէս ծանուցեալ եմք»։
       Դարձեալ զայս մի ինչ եւս կամ է ինձ պատմել, որ եղեւ ի թուականութեանս մերում, 1233ին, եւ ի յամի տեառն 1784ին ի Սեպտեմբեր Զ. ին, յաւուր Ուրբաթու։
       Քանզի Եփրեմ Կաթուղիկոսն Աթոռոյն Սսայ փոխելով առ Տէր, որոյ զհոգին հանգուսցէ Տէր ընդ սրբոց հայրապետացն, եւ նորին պսակակիցս արասցէ. իսկ ի տեղի նորին ձեռնադրեցին կաթուղիկոս նոյն աթոռոյ զՏէր Թէոդորոս համեստակենցաղ եպիսկոպոսն՝ շնորհիւ Տեառն (Զաքարիա Պատրիարքի ) եւ համահաւանութեամբ բոլոր Կիլիկիոյ Թեմի համայն քահանայից (եւ ) ժողովրդոց. այլ եւ այլասեռիցն գլխաւորաց, որոյ ձեռնադրութիւնն եղեւ աստ ի քաղաքիս այսմիկ Կ. Պոլիս ) ի սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին. ձեռամբ Տեառն Զաքարիայ ազգասիրի՝ Պատրիարքի Պօլսոյս. եւ այլ գլխաւոր եպիսկոպոսաց՝ որոց անուանքն են այսոքիկ. նախ՝ Սուրբ Էջմիածնի Նուիրակ Տէր Սարգիս մեծիմաստ եպիսկոպոսն։ Երկրորդ Սրբոյն Սաղիմայ Տէր Աւետիս Եպիսկոպոսն։ Երրորդ՝ Սեբաստացի Յօհաննէս Եպիսկոպոսն։ Չորրորդ՝ Գէորգ Եպիսկոպոսն Կիլիկեցի։ Հինգերորդ՝ Օհաննէս Եպիսկոպոսն Տրապիզոնցի։ Այլ եւ եօթն Վարդապետք, եւ երկոտասան Քահանայք։ Ամենեքեան զգեստաւորեալք։
       Եւ զի թէպէտ նա ոչ առնոյր յանձն, սակայն հոգեւոր ծնօղն մեր եւ ամենայն Իշխանք ազգին ասեն ցնա. ըստ որում Իշխանք վիճակին այնորիկ՝ հանդերձ քահանայիւք եւ ժողովրդով, այլեւ այլազգ Պէկերն եւս պատկան համարին ըզքեզ այդմ աստիճանի, դու մի զանձն քո խնայեր. քան զի Ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ, ասէ։ Վասն որոյ եւ նա հնազանդեալ յանձն էառ ասելով. Եղիցի ըստ բանի աստուածասիրացդ։
       Արդ՝ յիրաւի ստուգութեամբ ասեմ ըստ Պօղոսի՝ եւ ոչ ստեմ, քանզի սուտն ի հօրէն սատանայէ է, ըստ Տեառն բանի. բայց ես զճշմարիտն ասեմ, ըստ այնմ թէ Խօսեցարուք զճշմարտութիւն, եւ ճշմարտութիւն ազատեսցէ զձեզ. որում քաղաքի եւ ժողովրդեանն երանի տամ, որք այնպիսի սրբազնասուրբ եւ բարեբարոյ առն ցանկալւոյ եւ հովուի եղեն արժանացեալք, որում որդիք եւ հետեւօղք գրեցեալք. զի այս յոյժ հաւաստին է, թէ հետեւօղքն՝ ի նպատակ յառեալ հային… ի բանն։ Եւ Տէրն կանուխ արձանացոյց, թէ Զոր ինչ Հայր գործէ, եւ Որդին նմին նման գործէ։ Բայց թէ իցէր այր հեշտասէր եւ կամ մանուկ տիօք, յայնժամ վա՜յ ասէի այնոցիկ, ըստ Մարգարէին թէ Վա՜յ քեզ քաղաք որոյ թագաւոր քո մանուկ է։ Ահա սակս այնորիկ երանի ետու նոցա. զի չէ ըստ յետին ասելոյ մարգարէին։
       Բայց թէ ընդէ՞ր յաւուր Ուրբաթու ձեռնադրեցին զնա կաթողիկոս եւ ոչ ի Կիւրակէի, եւ կամ ընդէ՞ր ոչ զգացուցին ժողովրդեանն։ Առ այս ասեմ, թէ գոյր քանի մը պատճառ այսպիսի յանկարծ առնելոյ։ Առաջինն էր այս. զի Տունն եւ Աթոռն այն էր առանց Վերակացուի եւ առանց Հովուի. զի որպէս նաւ մի առանց ղեկավարի ոչ ընթանայ, նոյնպէս եւ ոչխարք՝ առանց հովուի ոչ լինին, որպէս յայտ է ձերումդ խոհեմութեան։ Եւ երկրորդ՝ վասն ոչ իմանալոյ ամենեցուն եւ լսելի լինելոյ, մի գուցէ վնաս ինչ ծնանիցի յեկեղեցւոջ եւ յազգի մերում։ Քանզի եթէ յիրաւի լսէին բնակիչք քաղաքիս քրիստոնեայք, ամենեքեան արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, գրոհ տուեալ ընթանային յեկեղեցին՝ սակս նորատես գործոյ ձեռնադրութեանն, զի՞նչ լինէր յայնքան բազմութեան եկելոցն ի միջի տեսանել զայն։ Ահա այսպիսի դիպւոածոյ կասկածով այնպէս զանխուլ վճարեցին զայն գործ ձեռնադրութեանն։ Եւ այս երկու պատճառաւս բաւականացեալ , ողջ լերուք ի Տէր. Ամէն։ (Կաղզուանցի Պօղոս Դպիր, էջ 325-327, Դիւան Հայոց Պատմութեան, Գիրք Ժ ., Մանր Մատենագիրք, ԺԵ-ԺԹ դար. Հրտկ. Գիւտ Ա. Քհնյ. Աղանեանց , 1912, Թիֆլիս)։
       Երբեմն Այնթապի Եկեղեցասիրաց Ընկերութեան (Թիւ 51) եւ այժմ Ս. Յակոբայ Մատենադարանին Ձեռագրէն.
       - «Գիրքս այս որ է Մեկնութիւն վեց եւ տասներորդ գլխոյն յԵսայի կայծակնամաքուր սբ Մարգարէին, ես Գէորգ բազմամեղ եւ բթամիտ աբեղայս Սուրֆազցի, աշակերտ Թէոթորոս գերընտիր եւ սրբակենցաղ Կաթողիկոսին Տանն Կիլիկիոյ , թուին ՌՄԼԵ-ին (=1786), եկի ի սբ Աթոռս զայս. շքեղագոյն եւ չքնաղ նորոգեցաւ Թ (=ինը ) Կաթուղիկէիւ. ձեռամբ Աջբանցի եւ ամենայն Հայոց Տն. Թէոդորոս սրբազնակատար եւ հրեշտակասարաս կաթողիկոսի։ Եւ յետ այսու տեսեալ օրինակս այս բազում յղձիւ եւ յոյժ աշխատանօք սկսայ գրել շուտով, եւ յիշատակ անձին իմոյ եւ յետագայ եղբարցս ուսումնասիրաց. Բայց խնդրեմ զոր ոչ նայիք սղալանաց իմոյ. քանզի կարի շտապով գրեցի եւ ոչ հանգստութեամբ. վասն որոյ եւ ոչ յիշխեցի գեղեցիկ, գրիչ եւ թանակով գծագրել տառիւ. վասն այս աղագաւ ոչ գեղեցիկ գոլ գիծս. ժտեմ ի ընթերձասէր եղբարցս միով հայր մեղայիւ զմեզ յիշեցէք. եւ դուք յիշեալ լիջիք ի յատենին Քրիստոսի, փառք յաւիտեանս ամէն»։
       Նոյն Ձեռագրին մէջ, ուրիշ յիշատակարան մը.
       -«Փառք□ Արդ զայս հոգեխառն մատեանս որ կոչի Երգ Երգոցի մեկնութիւնս գրեցի ի Մայրաքաղաքն Սիս, եւ ապահով տեղիս որ անուանի Ղալա Տէրէսի, ի հայրապետութեան Տն Թէոդորոս ածազան Կթղկսին, թուին Հայոց ՌՄԼԵ-ին (=1786) ի յաւարտումն ամսոյ Յուլիսի ԻԱ. (=21). եւ աշակերտս սորին, ես Սուֆրազցի Գեւորք իբր աբեղայս, ի վայելումն թափառական անձինս, եւ յիշատակ ապառնեայ եկեալ եղբարցս. որք ընթերձմամբ տուք զողորմի ապերջանիկ հոգոյս եւ որդոյս, եւ համայն նախնեացս հանգուցելոցն առ Քրիստոս յոյսն բնաւից. ամէն . Հայր մեր»։
       Տարբեր գրչէ
       -«Գրեցաւ ձեռամբ Վարդապետեան տիրացու մանուկի. արդ աղաչեմ ընթերցօղ իմաստասիրացդ՝ չնայել սղալանաց իմոց. քանզի ի ի մանկութեան ժամանակս գրեցի, եւ էի ԴԺան ամաց եւ ներեցէք ամ. սղալանացս իմում. զոր եւ ներեսցէ Տէր Յիսուս յանցանացս ձէրոց . ամէն»։