Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կիրակոս Բ. իններորդ օրինաւոր կաթողիկոս է Աջապահեան Տ. Մարկոսի գծէն, որուն որդին է Գրիգոր, ասոր որդին` Տէր Մանուէլ, ասորը` Յովհաննէս` հայրը Կիրակոս Բ. ի։
       Կիրակոս Բ. ի աւազանի անունն է Գրիգոր, ծնած ՌՄՀԲ =1823 ին։
       16 տարեկանին եղաւ Սարկաւագ (1839), երկու տարի յետոյ կուսակրօն Քահանայ (1841), իսկ 25 տարեկանին (1848) եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Միքայէլ Բ. էն առնելով Ղուկաս անունը։
       Ըստ Առաքելի, Միքայէլ Բ. իրեն իբրեւ օգնական եւ յաջորդ ձեռնադրած է Ղուկաս Եպիսկոպոսը, որ 1851ին Կ. Պոլիս ղրկուեցաւ, ինչպէս տեսանք վերեւ, Յարութիւն Վարդապետի հետ, «յուսումն գիտութեան»։
       Յայտնի չէ թէ երիտասարդ եպիսկոպոսը ի՞նչ կը սորվի Կ. Պոլսի մէջ, ուր եւ որուն քով. բայց երեք տարի յետոյ, 1854ին, կը վերադառնայ Կիլիկիա, Խրիմեան Մկրտիչ Վարժապետի հետ, Ազգ. Պատրիարքարանի կարգադրութեամբ, իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ, պաշտօն մը զոր ունէր արդէն, ձեռքերնին կանոնագրութիւն մը, Սսոյ Վանքին բարեկարգութեան համար, ալեփառ Միքայէլ Բ. ի վերջին տարին։
       Տեսանք արդէն որ Խրիմեան չյաջողեցաւ օգտակար ըլլալ եւ ողբերգութիւն մը հիւսելով Սսոյ Աթոռին եւ ծերունի աթոռակալին վրայ, վերադարձաւ Կ. Պոլիս ։
       Իսկ Ղուկաս Եպս. քիչ յետոյ ՌՅԵ =1855 Դկտմ. 24, Շբ։ օր կը յաջորդէ Միքայէլ Բ. ի, Կիրակոս Բ. անունով ։
       Ըստ Առաքելի Կիրակոս Բ. էր «այր բարեպաշտ, ողորմած, հիւրասէր, հայրենասէր, կրօնասէր, մարդասէր, միով բանիւ ամենայն իսկ առաքինութեամբ լցեալ եւ պերճացեալ»։
       Կիրակոս Բ . թէ ազգային եւ թէ կառավարական գործերու մէջ իր ցոյց տուած «անշահասէր եւ անաչառ ջանիւք » մեծապէս կը յարգուի, եւ Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ կը պատուէ զինք Առաջին կարգի Մէճիտիյէ նշանով։
       Կիրակոս Բ. ի կաթողիկոսութեան ատեն էր որ թիւրք կառավարութիւնը երկու անգամ բանակ ղրկեց Զէյթունի վրայ, նախ Խուրշիտ Փաշայի եւ յետոյ Ազիզ Փաշայի ձեռքով, որոնք պարտուեցան եւ ետ քաշուեցան մեծ վնասով։
       Ազգային Սահմանադրութեան հրատարակումն ալ հանդիպեցաւ Կիրակոս Բ. ի կաթողիկոսութեան, 1860 Մայիս 24 ին։
       Ղօզան Օղլուներ եւ ուրիշ ձորապետներ , որոնք փճացուցած էին հայ կեանքը Տաւրոսի լեռներուն վրայ, վերջապէս փճացան Օսմանեան կառավարութեան ոյժերուն առջեւ։
       Ըստ Առաքելի, որ ժամանակակից է այս դէպքերուն, կ՛ըսէ թէ Կիրակոս Բ. բողոքներ մատոյց Սուլթանի կառավարութեան, Ազգային Պատրիարքարանի միջոցաւ, Ղօզան Օղլուներու դէմ։ Սուլթանի 15000 զինուորները, Ճէվտէթ էֆ-ի եւ Տէրվիշ Փաշայի հրամանատարութեան ներքեւ, խաղացին դէպի Կիլիկիա. Ալեքսանտրէթի գիծով յարձակեցաւ Սեաւ Լեռ (Կեավուր Տաղ ), նուաճեցին ապստամբները մեծ մասամբ։ Առաքել կը յաւելու.
       «Մնացած մասն ալ նուաճելէ յետոյ պիտի խաղան Սիսի վրայ. անհամբեր կ՛սպասենք, եւ ապահով ենք որ մեր բոլոր փափաքներն եւ իղձերը պիտի կատարուին»։
       Առաքել այդ տողերով կը կնքէ իր պատմւոթիւնը, Կիրակոս Բ-ի կաթողիկոսութեան 10-րդ տարին, 1865 Յունիս 21, Սիս։
       Կիրակոս Բ ., ծանօթ Կ. Պոլսի ազգային կեանքին, պատրիարքարանի եւ ժողովրդեան մէջ, եւ անշուշտ անձնապէս օգտուած մտքով եւ հմտութեամբ, պիտի մտածէր Աթոռին բարեկարգութեան վրայ, որուն հիմը պիտի ըլլար մարդ հասցընելը։
       Միքայէլ Բ-ի ատեն, Խրիմեան Մկրտիչ Վարժապետի ձեռով եղած փորձը անյաջող անցած էր։
       Ինչպէս կ՛երեւի, Կիրակոս Բ ., որ Կ. Պոլիս գտնուած միջոցին կարողացած է հետաքրքրել հայ մեծամեծները որպէս զի օգնեն իրենց դպրոց մը հաստատելով, իրենց ծախքով։
       Ձեռքի տակ ունինք շքեղ կոնդակ մը, գրուած Սիս, 1857 Մարտ 25-ին եւ ուղղուած Կ. Պոլիս, «աստուածազօր ամիրայս Ազգիս Հայոց, պերճափառ ճարտարապետ Կարապետ Պէյ Պալեանի, Շքեղափառ Պօղոս Պէյ Տատեանի, Վսեմափառ Պօղոս Պէյ Տատեանի, եւ Մեծափառ Գէորգ Պէյ Երամեանի », որոնք քառալուծ քերովբէներու նման, «ինքնայօժար պատուասիրութեամբ եւ անձնիշխան կամօք » կը պատուեն Կիլիկիոյ Մայր Աթոռը եւ կը փառաւորեն զայն իրենց ուսերուն վրայ վերցնելով. որովհետեւ Կեսարացի Պետրոս Վարժապետը ղրկած են Սիս, ամսական 500ղրշ. վարձով։
       Կիրակոս Բ. բառ չի կրնար գտնել իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար չորս ամիրաներու, սրտագին աղօթք եւ հայրապետական օրհնութիւներ կ՛ուղղէ անոնց։
       Աղուոր շարժում մըն է այս Կ. Պոլսէն դէպի Կիլիկիոյ աթոռը. բայց չենք գիտեր թէ ո՛վ էր այս Կեսարացի Պետրոս Վարժապետ, որչափ մնաց Սիս , ինչպիսի յաջողութիւններով պսակուեցաւ իր աշխատանքը իբրեւ ուսուցիչ, որուն համար կը վկայէ Կիրակոս Բ. թէ «փորձ եւ հմուտ արտաքին եւ սուրբ գրոց դպրութեան եւ յամենայնի կատարեալ դասատու » մըն է ։
       Թէեւ մեզի մօտիկ ժամանակի մարդ, բայց մենք կարեւոր եւ գրաւոր տեղեկութիւններու չենք հանդիպած իր մասին։
       Որչափ կը դիտենք իր անձը եւ ժամանակը, եւ իր վայելած համարումը Կ. Պոլսի հայ ամիրաներուն քով, արժէքաւոր անձնաւորութիւն մը կը ներկայանայ պատմութեան մեջ այս վերջին Աջապահեան Կաթողիկոսը Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ։
       Ըստ Օրմանեանի վախճանած է 1865 Հոկտեմբերի մէջ, համաճարակ հնտախտէ բռնուելով (Ազգպտմ. Հատուած 2757), երբ հովոց գացողներ վար կ'իջնէին լեռներէն։
       Կիրակոս Բ. ով կը կնքուի Աջապահեան Կաթողիկոսներու գիծը, եւ նոր շրջան մը կը բացուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց պատմութեան։
       Կիրակոս Բ. էն մնացած երկրորդ կոնդակ մըն ալ ունինք, վերնագիրը հայերէն, բունը հայատառ թիւրքերէն, գրուած 1864 Յուլիս 11-ին, Սիս, որով Յարութիւն Ծ. Վարդապետը Առաջնորդ կը ղրկէ□ (տեղը չէ նշանակուած ), պատուիրելով որ Աթոռին յատուկ տուրքերը սիրով տան։
      
       Կը դնենք այստեղ երկու կոնդակներուն ալ պատճենները։
      
       *
       (Կնիք)
       Յի. Քի. Ծռյ. Տր. Կիրակոս եւ շնորհիւ Նորին Կթւղկս. Ամ. Հայոց, եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Մեծին Կիլիկիոյ, եւ սպասաւոր Սուրբ Լուսաւորչի Աջոյն, եւ Վեհափառ Աթոռոյն։ Յորմէ ժամանեսցէ գիր սիրոյ ողջունի եւ օրհնութեան, եւ նամակ պահպանութեան, Շնորհք եւ Աղօթք Առաքելական եւ օրհնութեանն Աստուածային առ ի վերայ օրհնեալ պանծալի Աստուածատուր Աղայ եւ յարգելի իշխան , լիցի խնդալ ի Քրիստոս։
       Սուրբ ողջունիւ եւ կենսառիթ օրհնութեան սիրոյ եւ յանձնարարական նամակաւս, ծաներո՛ւք ո՛ հոգեւոր որդիք մեր ի Տէր. նիճէ ղանիւն օլմուշ տուր Սրբազան նախնի հայրապետլէրմիզտէն քի` հեր Վիճակըմըզտայ Առաջնորդ իսմի իլէ պիր Վարդապետ պուլունուր քի` հալի հայաթտայ պուլունան օրհնեալ ժողովուրդլարըմըզը Ալլահանի քէլամլար իլէ կառավարել էյլէսին շէրտէն խայիրէ թէպտիլ իտէրէք. շիմտի պիզտէ օլ նախնիկլէրիմիզ ղանիւնիւ միւճիւպ օրհնեալ վիլայէթինիզին իւզէրինէ հոգեւոր էվլատըմըզ Տէր Յարութիւն Ծայրագոյն Վարդապետ սէվկիւլիւմիւզիւ վէ հայրապետական օրհնութեան կոնդակըմըզ իլէ թառաֆընըզայ իրսալ էյլէմիշիզ. վիսուլինտէ հեր պիր տէրէճէ քապուլ էթմէնիզ իլէ քէնտինիզէ Առաջնորդ թանըյըն ի զէթլէմէյիլէ քէնտիսինի. քալտը քի պու Յարութիւն Վարդապետ էվլատըմըզայ հէր նէ քատար իզէթ վէ րաղպէթ իտէրիսէնիզ լայըքը վէջհ իւզէրէ, պիլմիշ օլուն քի թէքմիլիիլէ Սուրբ Աթոռումուզայ վէ պիզէ էյլէմիշ պէլլէրիզ սէվկիւլիւլէրիմ. հեր հալ հայրապետական էմրիմիզէ հնազանդ օլարաք ղանիւն միւճիւպիւ քատիմ առաջնորդական վէրկիլէրինիզի Առաջնորդունուզ սեվկիւլիւմիւզէ էյսիքսիզ թէսլիմ էյլէմէլիսինիզ. օնայ թէսլիմ օլան թէքմիլիիլէ կէլիր սուրբ Աթոռումուզայ եէրիշիր. սիզի կէօրէյիմ սէվկիւլիւլէրիմ. հնազանդաբար մուհապպէթ իտէրէք, ինշա ալլահ, ումարըզ քի` պիզի մէմնուն իտէրսինիզ. օրհնեալ օլուն. Տէր Յիսուս իշինիզէ բարի յաջողութիւնլէր վէրտին. կէօրիւնիւր կէօրինմէզ փորձութիւնլարտան էսիրկէսին. կենդանինէլէրինիզի քէտէրսիզ շազ սաքլասըն. վէ ննջեցեալլարընըզը երկնից արքայութիւնունայ իլհաք էյլէյէրէք. որ եւ լերուք ողջ եւ օրհնեալք միշտ։
       ի 1864, եւ ի Յուլիսի, 11,
       ի Սբ. Աթոռն Կիլիկիոյ։
      
       *
       Է
       Յի. Քի. Ծառայ եւ շնորհիւ Նորա Տէր Կիրակոս Կթւղկս. Ամենայն Հայոց Մեծին Կիլիկիոյ եւ Ծայրագոյն Պատրիարք. Յորմէ ժամանեսցէ ողջոյն եւ օրհնութիւն, Շնորհք առաքելական եւ Աղօթք պահպանութեան առ Քրիստոսազօր Սեպուհս եւ աստուածազօր Ամիրայս Ազգիս Հայոց Պերճափառ ճարտարապետ Կարապետ Պէյ Պալեան, Շքեղափառ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, Վսեմափառ Պօղոս Պէյ Տատեան, եւ Մեծափառ Գեւորք Պէյ Երամեան, Գերափայլ եւ Պերճապայծառ Անաւոր(? ) պայազատս երկնաձիր զօրութեամբ զօրացեալ, գլուխ հոյակապ բազմեալ ի վերոյ ժողովրդեան ի փառս պարծանաց խաչին Յիսուսի, փառք Հայաստանեայց եւ շուք պարծանաց Տանս Հայկայ միշտ Ածասէր. եւ Քրիստոսազօր իշխանս, որ էքդ ի Բիւզանդիոն, Արքայարանն օսմանեան հզօր Տէրութեան , լիցի խնդալ անսպառ կենօք եւ յարազուարճ բերկրութեամբ ի Քրիստոս Յիսուս ի Տէր ի յոյսն բնաւից Քրիստոնէից։
       Շնորհք սէր եւ խաղաղութիւն յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան կառուցեալ յաստուածեան Մայր Սուրբ Աթոռոյս եւ յաստուածամերձ սրբազնակատար Աջէ Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի եւ ի սրբոց նշխարաց երեսուն եւ եօթն հազար նահատակեալ Սրբոց Մարտիրոսաց, եկեսցէ եւ հանգիցէ, իջցէ եւ ծաւալեսցի ի հոգիս եւ ի մարմինս Ձեր, ի ծիրանափայլ գերդաստանս ձեր, եւ շքեղաշուք փառօք զարդարեսցէ զՁեզ ամենայն պարագայիւք ձերովք. Ամէն։
       Եւ ընդ աստուածապարգեւ սուրբ ողջունիս եւ սուրբ օրհնութեանս եւ Շնորհակալութեան Կոնդակիս գիտութիւն լիցի Աստուածասէր, Ամենաբարեպաշտ, Ազգասէր եւ Հայրենասէր Ամիրայիցդ եւ իմ մտերիմ սիրելեացս, թէ որ ըստ մարմնաւորականին շտեմարանէ ի մարմնաւոր տան իւրում զմարմնաւոր պարէնս, ոչ կարօտի այլում եւ զերծ է ի չքաւորութենէ. եւ որ ըստ հոգեւորականին զհոգեւորս մարմնաւոր բարեօքն ամբարէ զպաշար եւ զպարէն եւ գանձէ ի Տեառնէ ցուցեալ եւ սահմանեալ գաւառն, այն է յերկինս, ոչ կարօտի երբէք այլոց, ողորմութեանցն, այլ յաւիտենական տեւողութեամբ մտեալ ի քրտնաջան վաստակս իւր ամենայն փափկութեամբ եւ ամենայն զուարճութեամբ կեայ ի հրճուանս մշտնջենաւորս եւ ի զուարճ բերկրութիւնս յաւիտենականս։ Եւ դուք ոչ անտիպ յօրինակէս Աստուածազօր պայազատքդ եւ բարութեան աղբիւրքդ հայոց ազգիս, ի բարեգործութեան եւ յառատաձեռնութեան սնեալ եւ ի նոյն բնաւորալ , զուսեալն Ձեր ի յԵրկնաւոր Վարդապետէն Յիսուսէ, ի գործ արկեալ կատարէք արդեամբք. զի մերկս զգեցուցանէք ողորմութեամբ, զքաղցեալս լնուք եւ յագեցուցանէք բարութեամբ. ձեռնտու կարօտելոց լինիք խնամողական այցելութեամբ, եւ այլն։ Արդ` չմնաց ինչ տեղի երկբայութեան երբէք . զի որ պատուիրեացն զնոյն վճռողականաւ հետեւեցուցանէ յասելն` թէ Ամէն ասեմ ձեզ, որովհետեւ արարիք միում յեղբարցս այսոցիկ փոքրկանց` ինձ արարիք. ապա, եկայք օրհնեալք Հօր իմոյ ժառանգեցէք զպատրաստեալ Ձեզ արքայութիւնն ի սկզբանէ աշխարհի։
       Փառք եւ անլռելի գոհութիւն առատապարգեւողին Աստուծոյ, որ խնամածու քառալծեալ զառատաձեռն Ամիրայսդ Ազգիս Սրբոյ Աթոռոյս, ըստ քառալուծ Քերովբէիցն` որք զՏէր Զօրութեանց կրէին, եւ դուք համակարիք սիրով եւ ինքնայօժար պատուասիրութեամբ եւ անձնիշխան կամօք զԱստուած Սուրբ Մայր Աթոռս ի վերայ գրկանց եւ ի վերայ ուսոց Ձերոց բարձեալ փառաւորեցիք, առաքելով փորձ եւ հմուտ Արտաքին եւ Սուրբ Գրոց դպրութեան եւ յամենայնի կատարեալ դասատու Վարժպապետ զՊ. Պետրոս Վարժապետին Ս. Կեսրացի, եւ առ ամսական վարձ նորին ընկերութեամբ Քառալոյծ Պայազատացդ հինգ հարիւր դահեկան առ իւրաքանչիւր ամիսն որոշեալ յառատ արդեանց Ձերոց յանձն առիք հատուցանել եւ հատուցանէք. որպէս զի առաւել փայլեցուցանիցէք զկատարեալ սէր Ձեր, զոր ունիք ջերմութեամբ առ Ռուբինեան պարծանք Մայր Սուրբ Աթոռս, որք ի փառս ազգիս կայ բարձրադիտակ ի սահմանն Կիլիկեան ի Սիս։
       Այս մեծագործ երախտեաց եւ աստուածահաճոյ առաքինութեանց Ձերոց պանծալի շնորհ` պարտաւորէ զմեզ հանդերձ ամենայն Միաբանութեամբ եւ Միաբանական Ուխտիւս մինչեւ ցելս վերջին շնչոյ մերոյ անսահմանելի երախտապարտ զանձինս գիտել եւ միշտ առաջի ահեղ զենման Գառին Աստուծոյ պաշտամամբ յիշել զծիրանածին ազնուատոհմիկ կենդանիս եւ զբարի ննջեցեալս Ձեր. զկենդանեաց Ձերոց անսպառ կեանս խնդրելով, եւ զննջեցելոց Ձերոց զերկնիցն երանաւէտ եւ յարակայ փառս մաղթելով եւ ընդ դասս երանելեաց Սրբոցն դասակարգել եւ պսակել հայցելով։
       Այլ իմ` որ նուաստ սպասաւորս եմ աստուածեան Մայր Սուրբ Աթոռոյս եւ սրբազնակատար աստուածամերձ Աջոյ Հայաստանեայցս Լուսաւորչի եւ բազմահնար տանջանօք վշտակրեալ եւ չարչարեալ Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի եւ արիաջան Հովուապետի, իղձ մեծ էր խօսիլ ընդ պայազատութիւն Ձեր եւ ցուցանել զանձուկ իմ զՁէնջ. ահա այսու Շնորհակալեաց Կոնդակաւս առիթ քաջադէպ գտի. գտի զտենչալին իմ զբարեպատեհ ժամն, որում փափաքէի ի բազում ժամանակաց եւ այսր առ ի բանալ զսիրտ իմ հայրագորով եւ ցուցանել զհրաբորբոք եռանդն կանխեալ զյաջողութենէ եւ զքաջառողջ կեցութենէ Ձերմէ։ Որոց վասն ի հսկմունս մեր հանապազօրեայ զաւուրս բարեբաստիկս, զժամս փափկալիս, զկեանս անսպասելիս եւ զժամանակս երջանկաւէտս բազկատարած ի Յիսուսէ Քրիստոսէ թախանձելով զհզօր բազուկս Ձեր մշտատարած կարկառել պարզել ի վերայ Սրբոյ Աթոռոյս ժտեմք։
       Ապա` որ մեծարէք եւ պատուասիրէքդ զՌուբինեան եւ զԼուսաւորչեան Մայր Սուրբ Աթոռս արդար վաստակօքդ Ձերովք, մեծարեալ պատուասիրեսջիք ի Տեառնէ Աստուծոյ, որ զմիոյն հազարապատիկս տալ խոստացաւ ե՛ւ աստ ե՛ւ անդ։ Եւ օրհնեսցէ Տէր Աստուած զՔառալոյծ առաքինացեալ պայազատսդ Ազգիս Հայոց, որպէս օրհնեաց զժողովուրդս իւր ի հնումն, ասելով. Եւ եկեսցեն ի վերայ ձեր ամենայն օրհնութիւնքս այսոքիկ եւ գտցեն զձեզ։ Օրհնեալ լիջիք դուք ի քաղաքի եւ օրհնեալ յանդի։ Օրհնեալ լիցին ծնունդք որովայնից ձերոց եւ արարք երկրին ձերում, եւ շտեմարանք եւ համբարք ձեր։
       Օրհնեալ լիջիք դուք յելանել եւ ի մտանել Ձեր։
       Առաքեսցէ Ձեզ Տէր զօրհնութիւն եւ յամենայն ինչ ուր եւ մխիցէք զձեռս Ձեր ի վերայ երկրի, յաջողեսցէ եւ արգասաւորեսցէ Ձեզ։ Կանգնեսցէ զՁեզ Տէր իւր ժողովուրդ սեպհական եւ տեսցեն ամենայն ազգք երկրի. զի անուն Տեառն կոչեցեալ է ի վերայ ձեր եւ ակնածեսցեն Ձեզ։ Եւ բազմացուսցէ զՁեզ Տէր ի բարութիւնս ծննդեամբք որովայնի եւ արդեամբք երկրի։ Բացցէ Ձեզ Տէր զգանձս բարութեան իւրոյ օրհնեալ զամենայն գործս ձեռաց Ձերոց եւ տայցէք փոխ բազմաց եւ դուք ոչ առնուցուք փոխ։ Տացէ Ձեզ Տէր զյոգնազան բարութիւնս, առատութիւն եւ լիութիւն, զօրութիւն եւ խնդութիւն, առողջութիւն եւ կարողութիւն, արիութիւն եւ զօրութիւն, հաստատութիւն եւ անշարժութիւն, ուրախութիւն եւ բերկրութիւն Հոգւոյ եւ մարմնոյ, ուղղութիւն եւ լուսաւորութիւն, սէր եւ միաբանութիւն, կատարելութիւն անխռով եւ փառաւորութիւն անսասան։ Որպէս զի զառօրեայ կեանս Ձեր ալեօք ծերութեան բարւոք վայելմամբ կատարելով, ապա զերկնից Արքայութիւնն ժառանգեցէք ընդ ամենայն սուրբս եւ ընդ սիրելիս Աստուծոյ։
       Օրհնութիւն Հօրն անեղականի, եւ Սէր Որդւոյ Միածնի եւ խաղաղութիւն հոգւոյն ճշմարտի, եւ գթութիւն միասնական Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ միոյ Աստուածութեանն եղիցի ընդ Ձեզ հանապազ, եւ օր ըստ օրէ լցուսցէ զՁեզ ամենայն բարութեամբ հոգեւորօք եւ մարմնաւորօք, եւ զարդարեսցէ զՁեզ եօթնարփեան Շնորհօք եւ առաքինութեամբ որպէս զնահապետսն Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ Յովսէփ, եւ զխորին ծերութիւնն եւ զպայծառ ալիս նոցա ծաղկեցուսցէ ի Ձեզ` պահելով զՁեզ յերեւելի եւ յաներեւոյթ փորձանաց։ Ամէն։
       Գրեցաւ Օրհնութեան եւ Շնորհակալութեան Կոնդակս 1857 Մարտի 25 Քսան եւ հինգն, ի հայրապետական գերագահ Մայր Սրբոյ Աթոռն Մեծին Կիլիկիոյ, ընդ հովանեաւ չորից աստուածամերձ Սուրբ Աջաց, Սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի Հայաստանեայց Հայրապետի Սրբոյ Սեղբեստրոսի Հռովմայ Հայրապետի, Սրբոյ Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետի, եւ Սրբոյ Պարսումայ Ճգնաւորի, եւ եօթանասուն եւ եօթն հազար սրբոց արեամբ նահատակեալ Մարտիրոսաց նշխարացն, որք կան ի պահպանութիւն եւ ի մշտնջենաւոր փառաւորութիւն Ազգիս Հայոց։
       Մաղթարկու Ն. Տր . Կիրակոս
       Կարողուբն. այ. Կթղկս. Մեծին Կիլիկիոյ
       (Կնիք ձուաձեւ կարմիր)