Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ եւ ՆԻԿՈՂՈՍ ԵՊՍ . ՇԱՀԱՆԵԱՆ
       Այսպէս ԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ պիտի նկատենք այն տարիները, որ անցան Կիրակոս Բ. ի վախճանումէն մինչեւ անոր օրինաւոր յաջորդին Քէֆսիզեան Մկրտիչ Սրբազանի կաթողիկոսացումը։
       Կիրակոս Բ. ի վախճանումէն յետոյ յաջորդ մը չընտրուեցաւ Աջապահեաններէն. որովհետեւ Կ . Պոլիս, իմա Ազգային Պատրիարքարան, չքաջալերեց ժառանգական դրութիւնը, մանաւանդ աչքի զարնող դէմք մըն ալ չէր մնացած Աջապահեան տոհմէն` ուղիղ գծով։
       Ազգային Պատրիարքարանի նպատակն էր Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու մէջէն ընտրել տալ արժանաւոր յաջորդ մը Կիլիկիոյ աթոռին, նորահաստատ Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքով եւ ձեւով, թէեւ այդ Սահմանադրութեան մէջ ոեւէ յօդուած չկար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին։
       Մենք տեսանք, թողլով հին ժամանակները, թէ Աջապահեաններու կաթողիկոսութեան շրջանին Ազգ. Պատրիարքարանը որչափ բարեացակամութեամբ հետաքրքրուեցաւ Կիլիկիոյ աթոռով եւ գործնականապէս աշխատեցաւ զայն վերակենդանացնելու եւ գործօն եւ օգտակար վիճակի մէջ դնելու համար։
       Կիրակոս Բ. ի վախճանումէն յետոյ, ազգային-եկեղեցական գործերուն Վարչութիւնը բոլորովին նոր ուղղութեամբ մը դասաւորուեցաւ, իբրեւ հետեւանք Սահմանադրական կարգերու։
       Կ. Պոլիս խանդավառ էր սահմանադրական ոգւով։
       Վերջ կը տրուէր ամիրաներու իշխանութեան Պատրիարքարանի մէջ, վերջ կը տրուէր պատրիարքներու տիրապետութեան, զոր դրամի ուժով կ՛'ստանային սուլթաններու կառավարութենէն. վերջ կը տրուէր այն բոլոր զերծագործութիւններու եւ գայթակղութիւններու, որոնց նշաւակ եղած էր Կ. Պոլսի Պատրիարքութիւնը։
       Կ. Պոլսի մէջ Հայ մամուլ մը զարգացած էր, ամէն կողմէ ձայն կը բարձրանար, կարծիք կը յայտնուէր, ուղղութիւն ցոյց կը տրուէր, ազգային եւ եկեղեցական գործերու մասին, եկեղեցական եւ աշխարհական անձերու շուրջ։
       Ժողովուրդը կը խօսէր այլեւս։
       Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին վիճակի մը Առաջնորդին ընտրութեան եւ իրաւասութեան սահմանները կը ճշդուէին։
       Կ. Պոլսի հայ մամուլը ուշագրաւ դեր մը կը կատարէր այս շարժումին մէջ, որ կը տարածուէր Մայրաքաղաքէն դուրս, մինչեւ գաւառներու անկիւնը։
       Սահմանադրական հասկցողութիւնը հայ մամուլի ազդեցութեամբ տեղ կ'ընէր ժողովրդական մտայնութեան մէջ , մինչեւ գաւառները, եւ Կ. Պոլսի հմայքը երթալով կ'աւելնար գաւառներու մէջ։
       Մասիս (Կարապետ Իւթիւճեան), Փունջ (Համբարձում Ալաճաճեան), Մանզումէ, հայատառ թիւրքերէն (Կարապետ Փանոսեան) Ծիլն Աւարայրի (Մարկոս Աղաբէկեան), Ծիածան (Կարապետ Չուխաճեան), Ժամանակ (Ստեփան Պ. Փափազեանց ), ոտքի ելած էին , արձակ համարձակ կը խօսէին, կը քննադատէին, զերծ գրաքննութեան եւ հակակշռի կաշկանդումներէն։ Ասոնք Մայրաքաղաքի մէջ պատգամատուներն էին ժամանակին, եւ, շեշտենք անգամ մըն ալ, գաւառը կը կարդար, մտիկ կ'ընէր, կը տպաւորուէր։
       Եւ առաջին առիթով , վերոյիշեալ խմբագիրներն էին որ համերաշխաբար ոտքի ելան, եւ զօրաւոր Յուշագիր մը ներկայացուցին 1867 Յնվր. 16 թուակիր, Կ. Պոլսի մէջ, Էջմիածնի նորընտիր Կաթողիկոս Գէորգ Դ. ի, մատնանիշ ընելով կարգ մը հրամայական պէտքեր, եւ ի միջի այլոց ըսին.
      
       -«Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցին եւ Հայոց Ազգը մեծ կարօտութիւն ունի քաջարթուն, հոգելից, բանիբուն, վերջապէս արժանաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու։
       «Արժանաւոր եկեղեցականաց պէտքը դուք ինքնին փորձով զգացած էք. Վեհափառ Տէր, հովիւ պէտք է ոչ անձնդիր, գլուխ ոչ ինքնասէր, այլ ժողովրդասէր, եկեղեցասէր եւ ազգասէր։
       «Այս պիտոյքը զգալի եղած է, մանաւանդ ներկայ ժամանակիս մէջ, յորում անարժան եկեղեցականաց երեսէն` Եկեղեցին նշաւակ, Ազգը յուսաբեկ եւ մասնաւոր թեմեր ալ խայտառակ եղած են։
       «Ձգենք վանքերուն մեծ մասին եւ ամէնէն հռչակաւորներուն ողբալի վիճակը, թողունք առաջնորդաց մեծ մասին անպիտանութիւնը, այլ անպատմելի խայտառակութիւնք, քստմնելի սրբապղծութիւնք եւ անլուր եւ անխիղճ գայթակղութիւնք գործուեցան մօտ ատեններս երկու մասնաւոր Կաթողիկոսութեան թեմերու մէջ, յԱղթամար եւ ի Սիս, երկու անարժան եւ իսպառ անարժան եկեղեցականաց միջոցաւ։ Ազգը քսմնելով տեսաւ անոնց անվայել գործը, եւ Վիճակային Ժողովով այն ինքնընտիր, ինքնահրաւէր եւ ինքնակոչ անձանց անվաւերութիւնը եւ անարժանութիւնը վճռուեցաւ։
       «Ձեր Վեհափառութիւնն այնպիսի Սրբապղծութեանց եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Ազգի կործանում եւ աղէտ սպառնացող ոճրագործութեանց վրայ անշուշտ արժանաւոր սրտմտութեամբ կը նայի, եւ Տիրոջը այգին այնպիսի աղուէսներէն զերծ պահելու փոյթ պիտի տանի։
       ……
       «Անշուշտ դուք ի շարս Կաթողիկոսաց միայն անուն թողելու չէք, այլ արժանաւորաց օրինակին պիտի հետեւիք……
       «Կը տեսնէք, Վեհափառ Տէր, թէ ժողովուրդը ձեր սիրելի զաւակները ինչ սիրալիր եւ որդիական գգուանօք զՁեզ շուրջ պատեր են. այո, ոչ միայն գգուելի, այլ եւ պաշտելի պիտի ըլլաք երբ իրենց ակնկալութեանց կատարումը տեսնեն։
       «Իսկ եթէ, Աստուած մի արասցէ, զրկուին այս յոյսերէն, ո՜հ, այն ատեն եւ ոչ մէկը պիտի գտնէք Ձեր շուրջը։
       «Քիչ մը խիստ են այս խօսքերը, այո, բայց Ազգին այսօրուան աղետալի եւ վտանգաւոր վիճակին մէջ ի դիմաց ժողովրդեան այս ազդարարութիւններն հոս պէտք է ըլլան։
       Ժողովուրդը արթնցած է. կ'զգայ, կ'իմանայ, կը յուզի, այսպիսի տեսարաններու վրայ շլամտութեամբ չի նայիր. հոգեւոր ու կենսական հանդէսներու եւ տեսարաններու կը բաղձայ» (Իզմիրլեան, էջ 630-36)։
      
       Այս էր կացութիւնը ազգին եւ Եկեղեցւոյն, եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրական պատկերն էր այդ վիճակին։
       Թէեւ Ղօզանեանք ընկճուած, փճացած էին Տաւրոսի վրայ, բայց շատ խորունկ էին անոնց թողած հարստահարութեանց նիւթական եւ բարոյական հետքերը Սիսի մէջ եւ կաթողիկոսական աթոռին շուրջ։ Ասեցիք, որ այդ հարստահարութեանց շրջանին մեծցած սերունդ մը կը ներկայացնէին, Աջապահեաններու մնացորդներով, Ս. Աթոռը իրենց աչքին եւ իրենց ըմբռնումին մէջ ոչ թէ կեդրոն մըն էր Կիլիկիոյ Եկեղեցիներու որոնց հանդէպ պարտականութիւններ ունէր, այլ պատրաստ շահաստան մը (Sinռcure), որմէ Սսեցիք իրաւունք ունէին օգտուիլ ամէն կերպով։
       Այս մտայնութիւնը այնքան քարացած էր Սսեցիներու մեծ մասին մօտ որ անոնք մեծ դժուարութեամբ համակերպեցան ոչ-Աջապահեան կաթողիկոսներու ներկայութեան Սսոյ մէջ։
       Այս մտայնութեան արդիւնքն է որ Հալէպի առաջնորդ Նիկողոս Եպիսկոպոս համարձակեցաւ կաթողիկոս ձեւանալ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք վարը։
       Այդպիսի ապօրէն եւ տխրառիթ դէպք մը պատահած է նաեւ Աղթամարի մէջ, Խաչատուր Եպիսկոպոսի շահատակութեամբ։
       Վերոյիշեալ խմբագիրներ իրենց Յուշագրին մէջ «անպատմելի խայտառակութիւնք, քստմնելի սրբապղծութիւնք եւ անխիղճ գայթակղութիւնք » բացատրութիւններով կ'ակնարկէին Նիկողայոս եւ Խաչատուր Եպիսկոպոսներու այս դատապարտելի յանդգնութիւններուն։
       Ամէնէն յարմար առիթն էր ասիկա Ազգային Պատրիարքարանի համար որ կորովով գործէր, յեցած Սահմանադրութեան, եւ ցոյց տար Թիւրքիոյ հայոց մէջ գոյութիւն ունեցող Աթոռներուն, թէ այլեւս կարելի չէր հին մտայնութեամբ եւ կերպերով գործել։
       Սահմանդրական կարգերու հաստատութեան հետեւանքով նոյն իսկ վերջնապէս ջնջուեցան Էջմիածնի նուիրակութիւնները Թիւրքիոյ մէջ։ Թիւրքիոյ Հայոց Պատրիարքը բաւական էր իր դիրքով եւ շքով փոխանորդել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Թիւրքիոյ մէջ եւ ներկայացնել զայն նոյն իսկ Թիւրք Կառավարութեան առջեւ։
       Ազգային Պատրիարքարանն էր Կ. Պոլսի մէջ` Կեդրոն եւ Վարիչ Թիւրքիոյ Հայոց ազգային-եկեղեցական գործերուն իր սահմանադրապէս կազմակերպուած միջոցներով, եւ միւս աթոռներու -Սիս, Աղթամար, Երուսաղէմ-պաշտօնական յարաբերութեանց միջնորդ Սուլթանի մօտ եւ անոր Կառավարութեան առջեւ։
       Էջմիածին նստող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շատ յօժարութեամբ չէր գիտեր իրերու այս կերպով դասաւորումը, Սահմանադրութեան հետեւանքով։
       Սահմանադրութենէն շատ առաջ Երեւանցի Սիմէոն Կաթողիկոս, եւ Սահմանադրութենէն յետոյ ալ Գէորգ Դ. չհանդուրժեցին Կ. Պոլսի Պատրիարքութեան վերապահուած դիրքին եւ հեղինակութեան։
       Իսկ Սիսի աթոռին շուրջ մէկէ աւելի դժուարութիւններ կային։ Ամէնէն յառաջ Աջապահեան տոհմին նուաղումը դիւր չէր գար Սսեցիներուն։ Անորք վարժուած էին իրենց սեփական կալուած մը նկատել Կիլիկիոյ Աթոռը։
       Այնպէս կ՛երեւի թէ Կ. Պոլսի մէջ պահ մը մտքէ անցուցած են բոլոր Թիւրքոյ Կաթողիկոսութեան վերածել Կիլիկիոյ Աթոռը, բայց յետոյ փոխած են այդ միտքը։
      
       Արշալոյս Արարատեան (1866, Թիւ 770, Յնվր. 8, ՇԲ. երես 4, սիւնակ 1) Խնդիր նոր կաթողիկոսի ընտրութեան յօդուածին մէջ կ'ըսէ.
       -«Կը լսեմք թէ ոմանք յեկեղեցականաց եւ յաշխարհականաց կը խորհին եւ կը փափաքին Սիսու կաթողիկոսութեան հոգեւոր իշխանութեանը ներքեւ դնել Թուրքաստանի հայ ժողովուրդը. բայց այս խորհուրդն ալ ի գործ դնելը դիւրին բան չէ, եւ անոր հետեւանքը շատ աղէտալի կրնայ ըլլալ։ Այս ամենայն պատճառանաց համար, որոց վրայ ազգին գլխաւոր եկեղեցականաց եւ գլխաւոր աշխարհականաց ծանր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք, հարկ է խոհեմութեամբ վարուիլ եւ չփութալ այնպիսի որոշումներ ընել, որոց գործադրութիւնը` ազգային այժմեան կացութեան մէջ, անկարելի ըլլալէ զատ, կրնան վտանգաւոր հետեւութիւններ ունենալ ազգին կրօնական միութեան համար. միութիւն որ դժբախտաբար արդէն տկար հիմանց վերայ հաստատեալ է»։
       Մտքերու եւ իրերու այս վիճակին մէջ Հալէպի Առաջնորդ Նիկողոս Եպիսկոպոս օգտուեցաւ առիթէն եւ քաջալերութեամբը իրեն համակիրներուն, Կաթողիկոս օծուեցաւ 1866 Յունիս 11, ՇԲ. Ս. Գ. Լուսաւորչի նշխարաց Գիւտի տօնին, Կիրակոս Գ. անունով։
       Ազգ. Պատրիարքարանը խստիւ մերժեց Նիկողոս Եպս. ի կաթողիկոսութիւնը, թէեւ ոչ առանց դժուարութեան. բայց վերջապէս յաջողեցաւ նուաճել զայն, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, եւ դարձնել պարզ եպիսկոպոս մը։
       Յառաջ բերենք այն նշանաւոր կոնդակը, զոր Թաքթաքեան Պօղոս Պատրիարք (1863-1869) հրատարակեց ընդդէմ Նիկողոսի կաթողիկոսութեան, այնպիսի շեշտով եւ հեղինակութեամբ, զոր կու տար իրեն Սահմանադրութիւնը։
      
       «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Տէր Պօղոս Արքեպիսկոպոս եւ Պատրիարք մեծի արքայանիստ Մայրաքաղաքիս Կոստանդնուպօլսոյ։ Յորմէ Աստուածային սուրբ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ գիտութիւն եղիցի համօրէն բարեպաշտ լրութեան Ազգիս Եկեղեցականաց եւ Ժողովրդականաց, մեծաց եւ փոքունց, արանց եւ կանանց առ հասարակ միաբան սիրով բնակելոց յԱստուածախնամ քաղաքդ եւ յամենայն վիճակս եւ ի թեմս դորին։
       Յայտնի է ձեր բարեպաշտութեանց թէ սուրբ Եկեղեցւոյ ամէն կարգի անդամակիցք` Եկեղեցական եւ Աշխարհական ` նոյն Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնաց եւ օրինաց հպատակելու պարտաւոր են, եւ եթէ մէկը յանդգնի անոնց հակառակիլ, Եկեղեցւոյ դատաստանին եւ հետեւաբար դատապարտութեան կ'ենթարկէ զինքն` ինչ կարգէ եւ ինչ եւիցէ Եկեղեցական եւ Աշխարհական աստիճանի եւ իշխանութեան տէր որ ըլլայ։
       Գայթակղեցուցիչ յանդգնութիւն մը եւ Ս. Եկեղեցւոյ իրաւանց անակնկալ եւ սոսկալի բռնաբարութիւն մը տեղի ունեցաւ մօտ ատեններս Հալէպի նախկին Առաջնորդ Նիկողայոս Եպիսկոպոսի հեղինակութեամբ. այս անձը որ մինչեւ հիմայ զանազան պժգալի գործեր ըրած է շատերու վկայութեամբ` բարեյիշատակ Կիրակոս Բ . Կիլիկիոյ Սրբազան Կաթողիկոսի մահուան մօտ ատեններէն սկսեալ Սսոյ կողմերը կը գտնուէր։ Ազգային Վարչութիւնը կասկածելով անոր վրայ` յատուկ տեղապահ մը կարգեց նոյն Աթոռոյն, եւ Նիկողայոսը Պօլիս բերելու համար Փոխարքայական հրամանագիր ստացաւ։ Նիկողայոս` հրամանագիրը ղրկուելէն ետքը` գիշեր ատեն գողնիգողն կրօնափոխ Եպիսկոպոսի մը ինքզինքը օծել կուտայ Յունիս ամսու 11-ին։ Այս յանդգնութեան լուրը առածնուս պէս իսկոյն Պօլսոյ մէջ գտնուող Եպիսկոպոսաց հետ Բ. Դրան բողոքեցինք, եւ Նիկողայոսին Մայրաքաղաք բերուելուն համար հրամանագիր խնդրեցինք կրկնակի եւ ստացանք, բայց փոխանակ բարեխնամ կառավարութեան եւ Ազգին հնազանդելով Պօլիս գալու, տեսակ տեսակ խաբեբայ ճամբաներով, սպառնալիքներով միամիտ ժողովրդոց մէկ մասը խաբելով բռնի հանրագրեր առեր եւ Պօլիս խրկելու յաջողեր է։
       Բայց ահա կը ծանուցանեմք ձեր բարեպաշտութեանը որ Եկեղեցական Վիճակային Համագումար Ժողովով` ուր տասն Եպիսկոպոսունք եւ բազմաթիւ եկեղեցականք ներկայ էին, եւ Ազգային Երեսփոխանական Ընդհանուր Ժողովով Սսոյ այս ինքնահրաւէր ու ինքնակոչ ու ինքնընտիր Կաթողիկոսը անվաւեր ու ապօրինաւոր է։
       Ըստ որում մեծ էր այս Եպիսկոպոսին յանցանքը, նաեւ մեծ իր դատապարտութիւնը։ Եւ որպէս զի մի գուցէ պարզամիտները խաբուելով անոր յանցանաց եւ դատապարտութեանը մասնակից ըլլան` ազգայիններէն անոնք որ տգիտութեամբ կամ կուսակցական ոգւով անոր պաշտպան կալ ուզեն` հայրական պարտք կը համարիմ այժմէն զգուշացնել առ հասարակ ամէն օրհնեալ ժողովուրդն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ, հրատարակելով Եկեղեցական Վիճակային Ժողովոյ վճիռն թէ անվաւեր է Նիկողայոսի օծումն ու կաթողիկոսանալը։
       Ըստ որում չէ թէ Աստուած, հապա անձամբ զանձն ընտրեր է եւ ինքզինքը ինք միայն արժանի համարելով համարձակեր է ընծայեցուցանել այն բարձր Աստիճանին, որով եւ Հոգւոյն Սրբոյ կոչման դէմ մեղանչեր է։
       Ըստ որում Եկեղեցւոյ կանոնաց հակառակ ոչ Եկեղեցականաց եւ ոչ Ազգին հաճութեամբը ընտրուած է, վասն զի եթէ անցելոյն մէջ ասանկ դէպքեր երբեմն պատահած են, այն ալ ապստամբ բռնաւորներու օժանդակութեամբ, բայց այսօր Օսմանեան Կառավարութեան հզօր զօրութեամբն այն կողմերը նուաճեալ ըլլալով` Եկեղեցին ու Ազգն իր իրաւունքէն ետ չկենար, եւ այն հռչակաւոր Վանքը բարեկարգելու եւ արժանաւոր Կաթողիկոս մը ընտրելու վրայ էինք եւ եմք ցարդ։
       Ըստ որում Նիկողայոս Եպիսկոպոս այնպիսի գայթակղելի անցեալ մը ունի, որ եթէ շատերու հաւանութեամբ ալ ընտրուած ըլլար` դարձեալ եկեղեցին չի պիտի հաճէր ու պիտի մերժէր զնա իբրեւ իսպառ անարժան այնպիսի բարձր Աստիճանի։
       Ըստ որում գողնիգողը զինքը օծող Եպիսկոպոսը կրօնափոխութեամբ արատաւորեալ մէկն ըլլալով դեռ Եկեղեցւոյ Խորհրդոց Մատակարարութեան հրաման չէր ստացած, որով եւ իր կատարած օծութիւնը օծութիւն չհամարուիր։
       Ըստ որում մինչեւ հիմայ ժողովուրդը եւ բարեխնամ Կառավարութիւնը խաբելու վրայ է զանազան սուտ հնարքներով, կեղծաւորութեամբ եւ ահաբեկ ընելով միամիտ ժողովուրդը, որոնք իր մեծ յանցանաց վրայ աւելի կը ծանրանան եւ զինքը անարժան կ' ընեն։
       Ուստի կը յորդորեմք զամենեսեանդ զհարազատ զաւակունս Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ որ ոչ միայն Նիկողայոս Եպիսկոպոսը Կաթուղիկոսը չճանչնաք, այլ եւ ոչ անոր ձեռնադրած Եպիսկոպոսները Եպիսկոպոս ճանչնաք` եթէ յանդգնի ձեռնադրել։
       Ողջ լերուք ի խնամս Բարձրելոյն Աստուծոյ։
       Պատրիարք Կ . Պօլսոյ
       Պօղոս Արքեպիսկոպոս
      
       Գրեցաւ 1866 Օգոստոս 3
       Ի Պատրիարքարանի Հայոց
       Ի Կոստանդնուպօլիս
       (Իզմիրլեան, էջ 676-683)։
      
       Ո՛Վ Է ՆԻԿՈՂՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
       Նիկողոս Եպս. բուն Աջապահեան տոհմէն չէր, այլ` Աջապահեան Կիրակոս Ա. Կաթողիկոսի քեռորդին (եէկէն ) էր, մականունը Կիւլէսէնեան, զոր Ռուբինեան ըրաւ` եպիսկոպոսանալէ յետոյ։
       Նիկողոս ծանօթ է մեզ իբրեւ Առաջնորդ Հալէպի, սիրուած իր գործունէութեամբ եւ յարգուած Հալէպի յարանուանական բոլոր ժողովուրդէն։
       Հալէպի նոր առաջնորդարանը սիրուն յիշատակ մըն է իր շինարարութենէն։ Ինքն նախաձեռնարկ եղած է նաեւ Ատանայի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյն նորոգութեան։
       1862-ին, երբ Առաջնորդ էր Հալէպի, գացած է Կ. Պոլիս, անկից Պարտիզակ, իսկ Մայիս 4-ին կ'այցելէ Արմաշու Վանքը, յետոյ Խասկալ, Արսլանպէկ, Օվաճըգ, Տէօնկէլ եւ կը վերադառնայ Պարտիզակ , ըստ Օրագրութեան Արմաշի Աւագերէց Տ. Կարապետ Քահանայ Խապուխճեանի, որ դիտել կուտայ թէ Նիկողոս Եպս. յատկապէս Պարտիզակի համար եկած էր ։
       Ճէվտէթ Փաշա, Հալէպի Վալին, բարեկամ էր Նիկողոս Եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ Կիրակոս Բ-ի։ Երկուքն ալ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած են տէրութեան Ղօզան Օղլուներու նուաճման առթիւ։ Ճէվտէթ Փաշա, այն ատեն, Ճէվտէթ Էֆ. միացած էր Խուրշիտ Փաշային, որ հրամանատարն էր բանակին։
       Նիկողոս Եպիսկոպոս Հալէպի առաջնորդութեան ընթացքին, պահ մը (1857-58) կաթոլիկութեան կը դիմէ քանի մը հետեւորդներով։
       Մեզ համար յայտնի չէ պատճառը այս դաւանափոխութեան, - թերեւս ներքին անհամաձայնութիւններ եւ կռիւներ - որու մասին չափազանցուած լուրեր կը տրուին լրագիրներու ( Տե՛ս Արշալոյս Արարատեան, 1858, Թիւ 565, 566, 577), զորս կը հերքէ Յովհաննէս Քիւրքճեանօֆ, յիշեալ թերթին ուղղուած իր մէկ գրութեամբ, 1858 Մարտ 19 թուակիր, հաւաստելով թէ Նիկողոսի հետեւորդներ շատ քիչուոր են, թէ Միսաքեան Սարգիս Աղա հաշտեցուց խռովեալները իրարու հետ, այնպէս որ ամէնքն ալ, բացի Նիկողոսէն, Մարտ 16, Ծաղկազարդի երեկոյին վերադարձան իրենց Մայրենի Եկեղեցին «յուրախութիւն հայազգի բոլոր ժողովրդեան»։
       Կ'երեւի թէ Նիկողոս Մարաշի ալ Առաջնորդ եղած է. որովհետեւ անգիտակցաբար գործիք եղած է Մարաշի Փաշային եւ Մարաշ տարած է «Զէյթունի գլխաւորներէն Եէնի Տիւնեա Փանոս Փաշան, Արեգինի Կարապետ Քէհեան եւ Վարդանեան Չափառը, որոնք կը բանտարկուին հոն։ Փանոս Փաշա կ'սպաննուի թոյնով. իսկ միւսները 3-7 տարի բանտուելէ կ'ազատուին » (Զէյթունի Անցեալէն եւ Ներկայէն, Ա. Մաս, էջ 136, Ծնթ.
      
       *
       Կիրակոս Բ-ի վախճանումէն յետոյ Կիլիկեցիք կը բաժնուին երկու կուսակցութեան, որոնց մէկը կ'ուզէր որ առանց Պատրիարքարանի միջամտութեան Նիկողոս Եպս. ըլլայ Կաթողիկոս. իսկ միւսը կը պնդէր որ Կաթողիկոսի ընտրութիւնը կատարուի Պատրիարքարանի հսկողութեան ներքեւ եւ վիճակայիններու մասնակցութեամբ։
       Շահէն Աղա (Սիս ) եւ Պզտիկեան Գրիգոր Էֆ. (Ատանա ) պաշտպաններն էին Նիկողոսին. հակառակ խումբին գլուխն էին Սամուրգաշեան Մանուկ եւ Ֆրէնկեան Յովհաննէս Էֆէնտիներ։
       Չենք կարծեր որ սկզբունքի խնդրով յառաջ եկած ըլլայ այս պառակտումը. թերեւս աղայական նկատումներ աւելի ծանրակշիռ էին այս երկու կուսակցութեան կազմաւորման մէջ։
       Շահէն եւ Պզտիկեան , ստանձնելով ամէն պատասխանատուութիւն, կ'ստիպեն Նիկողոս Եպս. ը որ շուտով օծուի։
       Եւ Պատրիարքարանը կատարուած իրողութեան մը առջեւ դրած ըլլալու համար, հապճեպով կատարել կուտան օծումը, Աջապահեան կամ Ռուբինեան Յարութիւն Եպիսկոպոսին, որ եղբօրորդին էր Միքայէլ Բ. Կաթողիկոսի, առընթերակայութեամբ Ֆռնուզի Նիկողոս եւ Ատանայի Դաւիթ Ներշապուհ Վարդապետներու, 1866 Յունիսի 11, Շբ. Լուսաւորչի Գիւտի Նշխարաց Տօնին, Կիրակոս Գ. անունով։
       Նիկողոս, օծումէն յետոյ, Յունիս 25-ին մեծ շքով կը դիմէ Հալէպ, եւ ուղղակի Եկեղեցի երթալով նախ հրապարակաւ թողութիւն կը խնդրէ ժողովուրդէն մինչեւ այն ատեն իր գործած յանցանքներու համար, եւ յետոյ երկար քարոզով մը կը ծանուցանէ իր կաթողիկոսանալը։
       Ժողովուրդը սիրով կ'ընդունի իր նախկին Առաջնորդը իբրեւ Կաթողիկոս եւ անունը կ'սկսի յիշուիլ պատարագի մէջ։
       Յետոյ կ'այցելէ իրեն բարեկամ, Հալէպի Վալի Ճէվտէթ Փաշայի, «ընկերութեամբ քանի մը եկեղեցականաց եւ ազգային երեւելեաց » եւ կ'ընդունուի արժանաւոր պատուով։
       Նիկողոս ամէն կողմ կը ծանուցանէ իր Կաթողիկոսանալը կոնդակաձեւ նամակներով, որոնց մէկ հատը, Թիւ 15, ուղղուած Հալէպ բարեկամի մը , հրատարակուած է Արշալոյս Արարատեանի մէջ (26-րդ Տարի, 1866 Յուլիս 23, Թիւ 784), զոր յառաջ կը բերենք.
       - Կիրակոս Ծառայ Քրիստոսի եւ կարողութեամբ Աստուծոյ Կաթուղիկոս Հայաստանեայց եւ Եպիսկոպոսապետ Տանն Կիլիկիոյ Մեծի, սպասաւոր Սուրբ Լուսաւորչի Աջոյն եւ Վեհափառ Մայր Ս. Աթոռոյն, յորմէ Աստուածային սիրով եւ օրհնութեամբ, ծանիր ո՜ պերճապատիւ ազնուածնունդ Պ. Աղա մտերիմ սիրելութեանդ խնդալ ի Քրիստոս միշտ։
       Եւ ընդ փրկաւէտ ողջունի եւ օրհնութեան նամակիս, յայտ լիցի հարազատութեանդ. հարազատ բարեկամութեան նշանն այն է որ իւր բարիքը եւ աստուածավայել պատիւը եւ յարգանքը իւր բարեկամին երախայրիք (թուրֆանտա ) նուիրել, որպէս զի բարեկամութիւնը անկեղծ ըլլայ, յայտնի երեւեսցի։
       Սոյն այս անդրանիկ օրհնութեան նամակաւս յայտ առնեմ համառօտիւ, թէ ողորմութեամբն Տեառն եւ Ազգիս ընդհանրութեան ստիպմամբ , Գիւտի նշխարաց Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին` Կաթողիկոսութեան օծման հանդեսն կատարեցաւ եւ փոխեցաւ անուն մեր Կիրակոս Գ. Կաթողիկոս Հայոց Մեծին Կիլիկիոյ Տանն Ռուբինեանց, եւ այս Կիրակոս անունը ի վաղուց մեր վրայ պիտոր կրէանք. բայց աշխարհի զանազան դէպքերը արգելք եղան եւ այժմեան թողուցին։ Իսկ այժմ շնորհիւ Ս. Հոգւոյն օծաք սուրբ մեռօնաւ Հայրապետ Մեծին Կիլիկիոյ, ապաւինելով օրհնեալ ազգիս հարազատութեան վրայ։ Զի թէպէտ չէի արժանի եւ ոչ փափաքօղ այս աստիճան քահանայապետութեան բայց քանի մը այլեւայլութիւնք եւ մանաւանդ Տեղապահ Մկրտիչ Եպիսկոպոսի անկարգ անբարտաւանութիւնքն ստիպեցին շրջակայ ազգերնիս, որ կամայ ակամայ հանեն բարձրացնեն զիս յաթոռ, Կաթողիկոսութեան։
       Աստուծով ի մօտոյ զիրար կը տեսնեմք եւ բոլոր եղելութիւնն կ'իմացնեմք ձեր սիրելութեան. եւ արգոյ Յովհաննէս Էֆենտի Քրիւրքճեանօֆի յատուկ օրհնութեամբ ասա թէ եկեալ անցեալն էանց զինքը ինձ առաջին բարեկամ գիտեմ, բարեկամութիւնն աղայութիւնն այսպիսի ժամանակի յայտնի կու լինի. տեսից ձեր քաջութիւնը. ահա քանի մի աւուր յետոյ գամք այդր ի տեսութիւն բարձրապատիւ Ճէվտէթ Փաշային. այս համառօտիւ այժմ բաւականացեալ , ողջ լերուք։
       (ստոր . )
       Կիրակոս Կաթողիկոս
       Հայոց Կիլիկիոյ Մեծի
      
       Այս նամակին մէջ քանի մը կարեւոր կէտեր կան, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել Նիկողոսի կաթողիկոսանալը լուսաբանելու համար։
      
       Ա . - Իր փափաքը Կիրակոս անունը կրելու։ Աջապահեաններու մէջ Կիրակոս Ա. ի անձն ու մեծագործութիւնները ցանկալի անուն մը ըրած էին Կիրակոսը, որ տարածուած էր ժողովուրդին մէջ ալ։
       Կիրակոս անունը, դիտել կուտայ, վաղուց մեր վրայ «պիտոր կրէաք»բայց այլեւայլ դէպքեր արգելք եղան։ Ո՞ր դէպքեր, - հաւանաբար Պատրիարքանի կողմէն յարուցուած արգելքներ։
      
       Բ . - Քանի մը այլեւայլութիւնք » եւ մանաւանդ Տեղապահ Մկրտիչ Եպիսկոպոսի «անկարգ ամբարտաւանութիւնք » ստիպած են ժողովուրդը (շրջակայ ազգերինս ) այսինքն Սսեցիները, Աջապահեանները, անշուշտ, որ Նիկողոսը բարձրացնեն կաթողիկոսական աթոռ ։
       Այլեւայլութիւնք կրնայ պարզուիլ այլեւայլ կերպով. բայց հաւանական է իմանալ կաթողիկոսութեան բարձումը Աջապահեան տոհմէն։ Իսկ Տեղապահ Մկրտիչ Եպիսկոպոսին ամբարտաւանութիւնը, հաւանաբար անոր թեկնածութիւնն է Կիլիկիոյ Աթոռին ժողովրդական ընտրութեան։
       Եթէ չենք սխալիր Տեղապահը Սսեցի Սէմէրճեան կամ Շահանեան Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսն է, որ Առաջնորդ եղաւ Անթէպի եւ յետոյ յարեցաւ Անկլիքան Եկեղեցւոյն, ամուսնացաւ, մասնաւոր եկեղեցի շինեց, Անթէպի մէջ, աշխատեցաւ ժողովուրդ կազմակերպել, բայց չյաջողեցաւ, եւ մեռաւ։
       Գ . - Քիւրքճեանօֆ Յովհաննէս բնիկ Ակնեցի է. հաստատուած է Հալէպ եւ Անթէպ։ Ժամանակին յառաջդիմական դէմքերէն մին, բարերար ազդեցութիւն ըրած է Անթէպի հայոց դպրոցական եւ մշակոյթի գործերուն վրայ։ Քիւրքճեանօֆ թէեւ բարեկամ Նիկողոս Եպիսկոպոսի, բայց հակառակած է անոր կաթողիկոսանալուն։
       Նիկողոս իր վաղեմի բարեկամութեան իրաւունքով կ'սպասէ որ Քիւրքճեանօֆ մոռնայ անցածը եւ օգնէ իրեն իր անձին եւ գրչին ազդեցութեամբ։
       Նիկողոս այս նամակը կ'ուղղէ Հալէպ իրեն մտերիմ մէկ բարեկամին, Պ(օղոս. ՞ ), Պ(ետրոս. ՞ ), եւ միտք եւ գետին կը պատրաստէ իր հանդիսաւոր այցելութեան Հալէպ, որու Վալին Ճէվտէթ Փաշա իր բարեկամն է, եւ անշուշտ այս բարեկամութեան հետեւանքով է որ Նիկողոս դէմ դրաւ Պատրիարքարանի մինչեւ այն ատեն, երբ յոգնեցաւ, եւ յետոյ անպաշտօն մնալով, համակերպեցաւ Ազգային Պատրիարքարանի բոլոր կարգադրութիւններուն։
       Թաքթաքեան Պօղոս Պատրիարք կառավարութեան ձեռքով Կ. Պոլիս բերել տուաւ Նիկողոսը 1866-ի վերջերը, բայց երկու տարի յետոյ, 1868 Օգոստոս 23-ին մեկնեցաւ Կ. Պոլսէն, դէպի Սիս, հոն բնակելու համար։
       Բայց Նիկողոս հանգիստ չկեցաւ հոն. 1869-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրեց վերոյիշեալ Նիկողայոս եւ Դաւիթ Վարդապետները, անշուշտ ի վարձատրութիւն անոնց առընթերակայութեան իր կաթողիկոսանալուն առթիւ։
      
       ԱՔՍՈՐԸ
       Պատրիարքարան դարձեալ Կ. Պոլիս բերել տուաւ Նիկողոսը 1871 Օգոստոս 14-ին, Կառավարութեան ձեռքով, եւ ընդ հսկողութեամբ, իբրեւ աքսոր, Արմաշու Վանքը ղրկեց զայն Սպտմ. 29-ին։ Եւ միւս կողմէն փութացուց Կաթողիկոսական ընտրութիւնը ժողովրդային քուէով, որու արդիւնքով Քէֆսիզեան Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս կոչուեցաւ Կիլիկիոյ Աթոռին, իբրեւ յաջորդ Կիրակոս Բ- ի։
       Նիկողոս Եպիսկոպոս Արմաշի Վանքին մէջ արժանացաւ ամէնուն համակրանքին։
       Արմաշու Դպրվեանքին մէջ, մեր աշակերտութեան ատեն, անձամբ քաղած ենք նպաստաւոր տեղեկութիւններ աքսորական Նիկողոսի անձին շուրջ Տ. Ներսէս Բարթողիմէոսեան եւ Տ. Մամբրէ Նալպանտեան Վարդապետներէ, որոնք մօտէն ճանչցած էին զինք։ Ասոնց վկայութեամբ, Նիկողոս Եպիսկոպոս քաջ հայրենասէր եւ գործունեայ հոգեւորական մըն էր։
       Տ. Կարապետ Խապուխճեան, զոր անգամ մը յիշեցինք վերեւ, քանի մը տողեր անձանագրած է Նիկողոսի կեանքէն, Արմաշու մէջ.
       -«1872 Նյմբր. 28-ին մեռաւ Վանահայր Գէորգ Եպիսկոպոս։ Դկտմ. 4-ին Խորէն Ծ. Վարդապետ (Աշըխեան ) Վանահայր ընտրուեցաւ։ Սսոյ Նիկողոս կաթողիկոսը հոս գտնուելով, Վանահօր վրայ օրհնութեան աղօթքը կարդաց (Օրգր. էջ 137-138)։
       «1876 Օգոստոս 15, Վերափոխման Տօնին Նիկողոս Կաթողիկոս քահանայ ձեռնադրեց Արամեան գիւղէն Յարութիւնը եւ անուանեց Տէր Մատաթիա, Տրապիզոնէն նոր եկած գաղթական հայերու համար »։ Արմաշու Վանքին Միաբանութեան Թաղին մէջ, հիւսիսային կարգի վրայ, թաղի աստիճանաւոր դրան հանդէպ վայելուչ սենեակ մը յատկացուցած են Նիկողոս Սրբազանին. ատոր արեւելեան պատին վրայ, բազմոցի (սէտիր ) ուղղութեամբ մարդաչափ վեր, իր ձեռքով արձանագրած է. Եւ զայս անցանէ (=թիւրքերէն` պուտա կէչէր), հայցական հոլով Տէր Բայի օրինակ կը յիշատակէինք յաճախ Նիկողոս Եպիսկոպոսի այս ասացուածը , անշուշտ դեռ անծանօթ իր կեանքին եւ տառապանքներուն։
       Վերեւ յառաջ բերուած իր նամակին մէջ ալ կար ասոր նման ասացուած մը, եկեալ անցեալն էանց։ Մտածելու եւ փիլիսոփայելու եղանակ մը ինքնամխիթարութեան համար։
      
       ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԵՒ ՄԱՀ
       Նիկողոս, վերջապէս, հաշտուեցաւ իր բախտին հետ։
       Պատրիարքարան հասած էր իր նպատակին։ Նիկողոսի պաշտպանները լռած էին։ Կիլիկիոյ Աթոռը ունէր օրինաւոր ընտրութեամբ կոչուած Կաթողիկոս մը։
       Նիկողոս այլեւս անվնաս դարձած եպիսկոպոս մըն էր։ Կրնար վերադառնալ իր հայրենիքը նոյն ինքն Պատրիարքարանի հաճութեամբ, եւ վերադարձաւ։ Մեր բարեմիտ օրագրող Տ. Կարապետ քհնյ. Խապուխճեան սա տողերը գրած է Նիկողոսի մասին.
       -«Սիսի Նիկողայոս Կաթողիկոսը չորս տարիէ ի վեր այս Արմաշու Վանքս կեցած էր իբրեւ մերժուած իր Աթոռէն (այսինքն`սիւրկիւն). 1872-ին, Հոկտեմբեր ամսոյ 18-ին եկած էր հոս, եւն։ Նաեւ այս տարի գնաց, 1876-ին, Հոկտեմբեր 4- ին։ Եւ ինքը քաղաքականութեան արթուն մարդ էր. բայց գիտութեան կողմէ պակաս էր։ Ինչո՞ւ - [որովհետեւ] Խօսակցութիւնը դարերուն յարմար չէր» եւ այլն (էջ 172)։
       Նիկողոս Եպս. վերադարձաւ Սիս եւ չորս տարի յետոյ, 1880-ին վախճանեցաւ Ատանա եւ թաղուեցաւ իր նախաձեռնութեամբ նորոգուած Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ, հիւսիսային պատին առջեւ։
       Ատանացիք յարգանօք կը յիշեն Նիկողոս սրբազանը, այնպէս որ հանդիսաւոր օրերուն, պատարագի թափօրի ատեն, պատարագիչը կը կենայ անոր գերեզմանին քով եւ Հոգւոց մը կ' ըսէ։
       Բարթողիմէոս Ծ. Վրդ. Թագաճեան, որ մօտէն ճանչցած է Նիկողոս Եպիսկոպոսը, հաւաստեց մեզ թէ.
       -«Նիկողոս արժանաւոր մարդն էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ազգային պատրիարքարանը անդարմանելի սխալ մը ըրաւ մերժելով Նիկողոսը եւ ընտրել տալով Մկրտիչը։ -Մկրտիչ Կթղ. Նիկողոսի վրայ, աւելի ըլլալով, լեզու մը ունէր իբրեւ Քարոզիչ, բայց ուրիշ ամէն մասամբ զուրկ էր Նիկողոսի բարոյական արժանիքներէն։
       Այնպէս որ երբ կաթողիկոս եղաւ Մկրտիչ, իրեն առաջին գործ ըրաւ հալածել Աջապահեան Յարութիւն եպիսկոպոսը եւ անոր գործակից երկու վարդապետները (Նիկողոս եւ Դաւիթ ). եւ հալածանքը այնքան սաստկացուց որ Յարութիւն Եպիսկոպոս տաճիկ եղաւ, Էմին Էֆ. անունով, եւ չելաւ Սիսէն ։ Ներշապուհ Դաւիթ Վարդապետ իր օձիքը ազատելու համար կաթոլիկ եղաւ։ Իսկ Ֆռնուզի քաջ Վանահայրը, որ Նիկողոսէն Եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, երկար ատեն մաքառեցաւ Մկրտիչի դէմ, որ անվաւեր կը հռչակէր անոր եպիսկոպոսութիւնը եւ անոր կատարած քահանայական ձեռնադրութիւնները։ Բայց Ֆռնուզցին անգամ մը դէմ դիմի եկաւ Մկրտիչ Կաթողիկոսի հետ, եւ իբրեւ ծանօթ անոր անցեալին, նախատեց զայն եւ ահաբեկեց։
       Մկրտիչ, այլեւս ճարահատ, ստիպուեցաւ հաշտ երթալ Ֆռնուզի Եպիսկոպոսին հետ։
       Ասկից զատ Ազգային Պատրիարքարանն ալ վաւերական հռչակեց Ֆռնուզցիի Եպիսկոպոսական աստիճանը` երբ սա առաջին անգամ առիթ ունեցաւ երթալ Կ. Պոլիս։
      
       Բարթողիմէոս Վարդապետ ըսաւ. Ես տարիներով Սարկաւագ մնացի եւ չուզեցի ձեռնադրուիլ Մկրտիչ Կաթողիկոսէն, որովհետեւ ես կ'ուզէի Ֆռնուզի Նիկողոս Եպիսկոպոսէն ձեռնադրուիլ եւ Մկրտիչ շատ հնարք գործածեց որ ես չձեռնադրուիմ անկէ. բայց երբ Մկրտիչ լռեց Ֆռնուզցիի ահաբեկումներով, նոյն ինքն Ֆռնուզցիներու փափաքին վրայ Նիկողոս Եպիսկոպոսէն ձեռնադրուեցայ։