Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երջանկայիշատակ Բաբգէն Կաթողիկոս, իր մահէն առաջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց Պատմութիւնը գրած հասցուցած էր մինչեւ Քէֆսիզեան Մկրտիչ Կաթողիկոս, իսկ բաւական նիւթեր հաւաքած եւ նօթեր սեւագրած էր Վեհ. Տ. Սահակ Կաթողիկոսի մասին։ Բնական է խորհիլ որ գործին տպագրութեան ընթացքին կը մտածէր գրել անշուշտ Սահակ Կաթողիկոսի պատմութիւնն ալ. բայց իր անակնկալ եւ անագորոյն մահը թոյլ չտուաւ իրեն տեսնելու իր այս մեծ երկին տպագրութիւնը, որուն համար հարկ եղած տպարանական կարգադրութիւնները այնքան խանդավառութեամբ գլուխ հանած էր եւ գործին առաջին պրակն ալ ողջունած ուրախութեամբ։
       Իր կիսատ մնացած այս գործն ալ, ըստ կարելւոյն, շարունակել եւ լրացնել պարտք սեպելով, Կաթողիկոսական Ընդհ. Փոխանորդ Գերշ. Տ. Պետրոս Արքեպս. Սարաճեան, յանձն առաւ խմբագրել Սահակ Կաթողիկոսի պատմութիւնը, պատրաստ նիւթերն օգտագործելով եւ իր սեփական ծանօթութիւններն ալ միացնելով, հարկաւ ի մտի ունենալով միշտ, որ կենսագրելի Հայրապետը տակաւին կը շարունակէ իր հովուապետական պաշտօնը` իր ալեւոյթին ներշնչող ազդեցութիւնը սփռելով իր շուրջը։
       Ն. Վ . Պ.