Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գաբօին ծնողքը կը փափաքէին որ իրենց զաւակը Վարդապետ ըլլայ։ Այս նպատակով Երուսաղէմ կը տանին զինքը 1867-ին, երբ 17-18 տարեկան պատանի մը եղած էր, Եսայի Պատրիարքի ատեն (1864-1885) եւ կը յանձնեն Ժառանգաւորաց Վարժարան։
       (Վեհ. Սահակ Հայրապետ մասնաւոր խնդրանքով Սիոնի համար գրի առաւ իր յիշատակները այդ պատանեկան շրջանին հետեւեալ կերպով)։
       Ստացած եմ Ձեր Դեկ. 30 ամսաթիւը Ն. Ամենապատուութեան մեղրակաթ կոչով վերկենցաղ Սիոնի Ա. թիւին հետ։ Ո՜րքան տարբերութիւն հնոյն ու նորին մէջ. զուգակշիռ ընել չէ՛ միտքս։ Առաջին թիւը յաջորդներուն յաջողութեան եւ օգտակարութեան երաշխիքը։
       Անվհատ պահանջող մի էք. որո՞նք են եղեր հանգուցեալ ՍԻՈՆԻ խմբագիրները։ Ի՞նչ փոյթն էր Խարբերդի Եղեգի գիւղէն պատանիի մը, որուն անպարագրելի աշխարհն եղած էր իր գիւղին լեռնափակ հորիզոնը։ Մտքէս չէի անցներ օր մը` իրականութիւնը լոյսի տակ դնել, եւ ո՛չ կ'երեւակայէի 60 տարի ետքը հաշուեպահանջի մը հանդիպիլ, որպէս զի օրը օրին տեսածներս եւ լսածներս յուշատետրի մը աւանդէի։
       1967-ի Մեծի պահոց Լուսաւորչի տօնին Երուսաղէմ հասայ, ճամբորդութեան յոգնանքի եւ կեղտի բեռէն ձերբազատուելու համար Պատրիարքարանի կից ուխտաւորաց լուացքի եւ լոգանքի յատկացեալ գուռերու միոյն մէջ լոգցուցին զիս։ Մի քանի օր վերջը հօրս հետ Պատրիարքարան կանչուեցանք։ Երջանկայիշատակ Եսայի Պատրիարքը կը նստէր ձմեռուան օտան, այժմ խորհրդարան։
       Դռնէն ներս չմտած, հայրս իր խաւուխը հանեց եւ ինձ ալ հրամայեց իր օրինակին հետեւիլ. ապա մշտեց «ծունկ չոքիր»ի հրամանով։ Կարծեմ գիւղացիի մանկական առարկութեանս պատասխանի` որովհետեւ «մեր թագաւորին պիտի ներկայանանք »։ Ծնկաչոք քաշկռտուելով հասայ Պատրիարքի բազմոցին եւ աջը առի, մի քանի հարցումներէ վերջը յանձնեց զմեզ վարժարանի տեսուչ Երզնկացի Մկրտիչ Վարդապետին, որ 80 թուականին միաբանութենէ բաժնուելով Կիլիկիա գնաց, Սահակ անուամբ եպիսկոպոսացաւ, եւ 95-ի կոտորածին Աշոտիի Ս. Յակոբ վանքին մէջ յօշոտուեցաւ։
       Դպրոցի ուսուցիչ էր Տ. Սաւալանեան, ինչպէս եւ խմբագիր Սիօնի եւ քարտուղար Պատրիարքարանի. ուսուցիչ էին Յարութիւն Զէնճիլճեան Պոլսեցի եւ Կարապետ պատուելի Արաբկիրցի` (Մամբրէ Եպս . Քննութեան ճգնաժամ մը անցուցինք պարթեւահասակ եւ թաւ պերեւեշոտ Ճէնճիլճեանի առջեւ. Գործք Առաքելոց մը տուաւ ձեռքս, քիչ մը ընթերցանութիւն ու մի քանի տող քերականական լուծմունք. բոլոր պաշարս ալ այդ էր. պատմութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլն տեղ չունէին պաշարիս մէջ ու կը կարծեմ պատուելիներն ալ շատ մեծ պաշար չունէին բաց ի Սաւալանէն։
       Սիօն կարդալու, հասկնալու եւ հետաքրքրուելու ի վիճակի չէի, միայն երբեմն մեր աւագ աշակերտակիցներու, Ալեքսան Սրապեանի (Կիւրեղ Եպս . ) Յակոբ Անուշեանի (Գաբրիէլ Վրդ . ) Տաճատ Պէյլէրեանի տպեալ ճառերը եւ գրաբառէ թարգմանութիւնները կարդալով բերնիս ջուրը կ'երթար թէ «ե՞րբ ես ալ գրող-մրող պիտի ըլլամ»։
       Շատ չանցած Գարեգին Մուրատեանը (Մելքիսեդեկ Արքեպս . ) եկաւ, խոշոր եւ մինչեւ յօնքերը իջնող Ֆէսով. վարժարանին մէջ պաշտօն տրուեցաւ, նախորդները հետզհետէ քաշուեցան. Զէնճիլճեան Պոլիս եւ Կարապետ պատուելի իր հայրենիքը` Արաբկիր գնացին։ Ս. Գրոց եւ Եկեղեցական պատմութիւն Պ. Գարեգինը կը դասախօսէր, հայերէնի դասերը առժամանակ մի Պ. Ալեքսանին յանձնուեցան. յետոյ Յովհաննէս պատուելի Մաւեանը յաջորդեց. թուաբանութիւն, գեղագրութիւն եւ աշխարհագրութիւն Յարութիւն Սարկաւագ (Մովսէս Եպս. Կէօմրիւքճեան ) կը դասախօսէր։
       Եսայի Պատրիարք Եգիպտոս գնաց Երուսաղէմի գրաւեալ կալուածներու կարգադրութեան համար եւ անյաջող վերադարձաւ։ 68-ին Մուրատեանը եւ Ուսդա Գէորգ Պարխուտարեանը (Մակար Եպս . ) վարդապետ ձեռնադրեց, որոց հակառակ էին Միաբաններէն ոմանք, գլխաւորաբար լուսարարապետ Կարապետ Եպիսկոպոսը։ Անուանակոչութեան ատեն երբ Մակար ըսաւ Պատրիարքը, մեր դպրաց կարգին մէջ Գէորգ Երէցեանը առանց պատճառի զսպուած ծիծաղի պոռթկում մը ըրաւ. ժամէն ետքը երբ պատճառը հարցուցինք, ըսաւ. Ուլահերէն լեզուով Մակար կը նշանակէ էշ։
       69-ի Զատկէն առաջ կամ վերջը, Երուսաղէմի Պոլսոյ փոխանորդ Սիմէոն Եպս. Սէֆէրեանը եւ Սարգիս Արքեպս. Հասան-Ջալալեանը Եգիպտոսէն Երուսաղէմ եկան։ Պոլսէն Գահիրէ հանդիպելնուն պատճառը դարձեալ կալուածական խնդիրն էր, զոր յաջողած էին կարգադրել Աղեքսանդրիոյ մէջ գետնի խոշոր կտորի մը զոհողութեամբ։ Ապա այս կտորը կը ծախուի 15 հազար ոսկիի եւ որուն վրայ այժմ Ճիզուիթներու կրթական հաստատութիւն մը կառուցուած է։
       Ջալալեանը Գէորգ Դ. երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը Պոլիս ղրկած էր իբրեւ փոխանորդ, բայց Բ. Դուռը չընդունեց. ուստի յԵրուսաղէմ ուխտն ընելէ յետոյ վերադարձաւ ի Ս. Էջմիածին. իսկ Սիմէոն Եպս. որուն կը փոխանորդէր ի Պոլիս Փիլիպպոս Վրդ . Նաճարեան, մի քանի ամիս մնաց եւ Պատրիարքի հետ խորհրդակցութեամբ` Ժառ. Վարժարանի երեք ընդունակ աշակերտներ սարկաւագ ձեռնադրել, Պոլիս ղրկել եւ հոն մասնաւոր դասաւանդութեամբ` պատրաստել Ժառ. Վարժարանի ուսուցչութեան։
       Երեք կոչուածներն էին Գաբրիէլ Խապայենց, Մելքոն Յակոբեան Ռոտոստոցի եւ Մաքսուտ Մաքսուտեան Դամասկացի. երեքն ալ թէեւ շատ յօժար չէին պայմանադրական ծանր լուծին տակ մտնել, սակայն ուսանելու տենչը, եւ ապագայ ուսուցչութիւնը հրապուրեցին եւ Օգոստոսին թէ Սեպտեմբերին երեք սարկաւագները ճամբայ ելան Սիմէոն Եպիսկոպոսի հետ, եւ Պոլիս եռուզեռի մէջ գտան. Խրիմեան` Պատրիարք ընտրուած եւ ճամբայ ելած էր Պոլիս գալու, ընդունելութեան պատրաստութիւն կ' ըլլուէր։
       Մեզ ուսուցիչներ սահմանուեցան Ֆրանսերէնի համար` Յակոբ Ոսկան, մաթէմաթիքի` Փասգալ Թիւլեան, թուրքերէնի` Խօճա Ռէթէոս, յորմէ օգտուեցաւ առաւելապէս Մաքսուտ սարկաւագ, որովհետեւ արդէն արաբախօս ու արաբագէտ էր։ Մօտ երկու տարի շարունակեցինք Երուսաղէմատան մէջ վանական կեանքով` առանց Պոլսոյ աջն ու ձախը գիտնալու։ Այցելուներ ունէինք, երբեմն Մատթէոս Վրդ. Իզմիրլեան (երջանկայիշատակ Մատթէոս Կաթողիկոս ), յաճախ Կիւրինցի խելօք Կարապետը։ Առաջին եւ վերջին անգամ Վարդովեանի Կէտիկ Փաշայի թատրոնը գացինք Վարդանանց Տօնին` Հայրիկին մէկ ոսկի նուէրով, իրեն եղբօրորդի Խորէնին հետ։
       Երուսաղէմէն նոր փոխանորդ եկաւ Խորէն Վրդ. Մխիթարեանը, որ վերջը Եդեսիոյ առաջնորդ Խորէն Եպս. եղաւ , եւ Ս. Սարգիս վանքին մէջ ինքնանուէր զոհ եղաւ ընդհանուր կոտորածին։
       Որոտնեցւոյն եւ Տաթեւացւոյն անունները չէին յիշուեր Պոլսոյ մէջ «Առաքելոց»-ին։ Մենք, ընտել Երուսաղէմի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ հզօր պաշտպան այդ խնկելի անուններու յիշատակութեան, ամէն պատարագներուն որոց կ'սպասաւորէինք, համարձակ կը յիշատակէինք եւ տակաւ սովորական դարձաւ։
       71'ին վերադարձանք յԵրուսաղէմ ընկերակցութեամբ դպիր Գրիգոր Իւթիւճեանի (Գէորգ Եպս. առաջնորդ Եւրոպայի ) որ Երուսաղէմէն վերադարձած էր։ Ինն օր Աղեքսանդրիա քարանթին պահելէն ետքը հասանք Յոպպէ, ուր ուրախութիւննիս պղտորեցաւ, Երուսաղէմէն եկած հրամանի մը վրայ, որով կ'արգիլուէր Գրիգոր Երուսաղէմ ելնելու, պատրաւորուեցաւ վերադառնալ Պոլիս։ Լուսահոգի Պատրիարքին լաւագոյն յատկութեանց մէջ միակ պակասութիւնն էր անընկճելի խստութիւնը։ Վտարուած, կամ ինքնակամ գնացողները այլեւս չէին ընդունուեր. Գրիգորէն շատ առաջ Բարսեղ Սարկաւագ Այազմալեանը (Հմայեակ Եպս . ) վտարուած էր, մեր պաշտօնավարութեան օրով ալ Կարապետ Սարկաւագ Պարտիզակցին (Վահան Վարդապետ ) վտարուեցաւ։
       69'ին Չամ-Թաղէն ելանք եւ 71'ին Չամ-Թաղ մտանք մինչեւ 81. Մուրատեան թէ՛ ուսուցիչ եր եւ թէ՛ տեսուչ. Սաւալանի վերջնականապէս Աթոռէն մեկնելէն ետքը` Սիոնի խմբագրութիւնն ալ իր վրայ մնաց եւ մեր դասերը որոշուեցան եւ գործի լծուեցանք, տակաւ ընտելացանք եւ սիրեցինք պաշտօննիս. քաղաքացի գիշերօթիկ տղաքներ ալ ընդունուեցան եւ աշակերտներու թիւը քառասունի բարձրացաւ։ Հայերէնի ուսուցիչն էր Մամբրէ Վրդ. Մարկոսեանը, որ երբեմն կ'աշխատակցեր Սիօնի, ինչպէս եւ Մովսէս Վրդ. Կէօմրիկճեան եւ Գէորգ Սարկաւագ Շահինեան, որ հայահալած րէժիմի առաջին զոհը եղաւ Տիգրանակերտի մէջ. իմ դասերս էին բնապատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ կրօնական. Մելքոն Սարկաւագ կը դասախօսէր թուաբանութիւն, ընդհ. պատմութիւն եւ ըստ հարկին ուրիշ առարկայ. իսկ Մաքսուտ Սարկաւագը կ'աւանդէր թուրքերէն եւ ազգային պատմութիւն։
       Մի քանի տարի անփոփոխ կերպով այսպէս շարունակեցինք։ Մամբրէ Վրդ. պաշտօնով Եգիպտոս ղրկուեցաւ, այս պատճառաւ հայերէն դասերն ալ մեզ վիճակեցան. Մելքիսեդեկ Վրդ. տկարութեան առթիւ, բժշկաց խորհուրդով Եւրոպա գնաց. վարժարանի վարչական գործերն ալ մնացին մեր երեքին վրայ. վերադարձին կ'սպասուէր աւելի օգտակար դպրոցավարութիւն մը, ընդհակառակն երթեւեկն ի վարժարան նօսրացուց եւ միաբանական ինչինչ խնդիրներու պատճառաւ միաբանակցութենէ քաշուելու եւ բարեկամներու աշխատութեամբ Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան պատրաստութեանց սկսաւ։ Զմիւռնիոյ առաջնորդական ընտրութեամբ մեկնեցաւ Մուրատեան. վարժարանի տեսչական հոգը մնաց մեր վրայ. մատակարարական գործը ստանձնեց Մաքսուտ Սարկաւագ, կարգապահական հոգն ալ Մելքոն Սարկաւագին եւ մեզ բաժին ինկաւ։ Մուրատեանի մեկնելէն յետոյ Սիօնը մինչ ի մահ չարչարելու պարտաւորութիւնն ալ մեզ վիճակեցաւ։ 1877 յուլիս 3'ին աբեղա ձեռնադրուեցանք։ Կարծեմ Ձեր ուզածը պիտի գտնէք բաւական երկար գրութեանս մէջ. առէք Ձեզի պէտք եղածը ճշդելով թուականները ՍԻՕՆի հաւաքածոյներէն։
      
       Սիրոյ ողջունիւ
       Մնամ աղօթարար
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Սահակ Հայրապետի իւրայատուկ գողտրիկ ոճով գրուած սոյն կենսագրական նօթերը բաւական ծանօթութիւններ կը պարունակեն, բայց մենք շարունակենք մեր պատմութիւնը։
       Գաբօն կը մտնէ Ժառանգաւորաց Վարժարանը, որ կազմուած էր ժամանակին պէտքերուն համեմատ, Մուրատեանց Գարեգինի (ապա` Մելքիսեդեկ Արք եպս . ) տեսչութեան ներքեւ, համաձայն ուսումնասէր Պատրիարքի բաղձանքներուն։ Ուսուցչական մարմինը կը կազմէին` Տիգրան Սաւալան, Պատրիարքարանի Քարտուղար, Արմաշցի գիտուն աւագերէց Մավեան Տ. Յովհաննէս, Կարապետ Մարկոսեան (յետոյ` Մամբրէ Եպս. միաբան Երուսաղէմի ), Պատուելի Գէորգ Երուսաղէմացի, Ս. Յակոբի դպրապետը , որ կարող ուսուցիչ մըն էր երաժշտութեան։
       Գաբօ այս ուսուցիչներու ձեռքին տակ զգալի յառաջդիմութիւն ցոյց տուաւ, ուշադրութիւն գրաւեց իր ուշիմութեամբ եւ լրջութեամբ, այնպէս որ շուտով յառաջ քաշուեցաւ եւ սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Եսայի Պատրիարքէն, Շամցի Մագսուտեան Մագսուտի (յետոյ` Ս. Յակոբի հանրածանօթ համբաւաւոր ելեւմտից տեսուչ Ղեւոնդ Վարդապետ ) եւ Թէքիրտաղցի Մելգոն Յակոբեանի (յետոյ` Վահան Վարդապետ ) հետ եւ երեքը միասին ղրկուեցան Կ. Պոլիս, Երուսաղէմատուն, Սէֆրեան Սիմէոն Վրդ. ի փոխանորդութեան ատեն, որպէսզի հոն մասնաւոր դասերով զարգանան։ Այս մասնաւոր դասերուն ուսուցիչներն եղան, Յակոբ Ոսկան` հայերէնի եւ ֆրանսերէնի, Յարութիւն Թիւլեան (Միւսիւ Փասքալ ) գիտութեանց, թուաբանութեան, բնագիտութեան, աշխարհագրութեան, եւ նշանաւոր տաճկագէտ Ռէթէոս Էֆէնտի (Հռէթիկ Հօճա ) թիւրքերէնի։
       Հազիւ երկու տարի , 1869-1871, մնացին Երուսաղէմատուն եւ զարգացան զգալապէս։ Ֆրանսերէնը սորվեցան կարդացածնին եւ լսածնին հասկնալու չափ։