Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երեք սարկաւագունք Կ. Պոլսէն վերադարձան Երուսաղէմ։ Ամէնուն աչքը իրենց վրայ։ Ս. Յակոբ տնտեսական տագնապի մէջ էր։ Պարտք կար, դրամ չկար։ Ժառանգաւորաց Վարժարանի համար փոխանակ դուրսէն դրամով ուսուցիչներ բերելու, երեք սարկաւագներ նշանակուեցան ուսուցիչ, միաբաններու յատուկ դուզնաքեայ վարձատրութեամբ։ Ասոնք իրենց երիտասարդական թափով փարեցան գործին եւ լաւ ծառայեցին։
       Գաբրիէլ Սարկաւագ միշտ ուշագրաւ դէմք մըն է Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Միաբանութեան մէջ։ Իր աշխատութեամբ, իր բնախօսական յարմարութիւններով այնպիսի լուրջ դիրք մը կը գրաւէ Միաբանութեան մէջ որ, վանական մթնոլորտի յատուկ հեգնանքով կամ նախանձով Եպիսկոպոսապատիւ Սարկաւագ կը կոչէին զինք։
       1877 Յուլիս 3-ին Եսայի Պատրիարքէն կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Գաբրիէլ Սարկաւագ եւ վեղարի օրհնութիւն առաւ եւ կոչուեցաւ Սահակ Վարդապետ։ Իրեն օծակից եղան` Ղեւոնդ Վրդ. Մագսուտեան, Վահան Վրդ. Յակոբեան, Գարեգին Վրդ. Սագոյեան եւ Յակոբ Վրդ. Սանասարեանց։
       1879-ին Սահակ Վարդապետ այց մը ըրաւ Խարբերդ, իր ծննդավայրին, Հալէպ-Անթէպ գծով, եւ Վերադարձաւ Երուսաղէմ, հանդիպելով Տէրսիմ, Երզընկա, Տրապիզոն եւ Կ. Պոլիս։
       Այս ուղեւորութեան ընթացքին ո՛ւր որ հանդիպեցաւ Սահակ Վրդ ., քարոզեց եկեղեցիներու մէջ, հմտութեամբ, եռանդով եւ լաւ տպաւորութիւն թողուց ժողովուրդին վրայ, իբրեւ պերճախօս քարոզիչ։
       Կ. Պոլիս, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ խօսեցաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ Բառարանին վրայ, ընդդիմաբանելով Եղիայի փիլիսոփայութեան, եւ իր վրայ հրաւիրեց Կ. Պոլսի այն ժամանակի մտաւորականութեան ուշադրութիւնը եւ ժողովրդեան հիացումը։