Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Իր օծման օրն իսկ, 1903 Ապրիլ 20-ին հայրապետական անդրանիկ Կոնդակը ուղղեց Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն եւ թեմականներուն։ Իր գեղեցիկ ու յանկուցիչ ոճն, յորդորի աղաչական ձեւն, իր անձին տկարութեանց գիտակցութիւն եւ Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքին մեծութիւնը եւ իր համոզիչ անուշ լեզուն շատ ազդեցիկ տպաւորութիւնը մը կը թողուն ունկնդիրին կամ ընթերցողին վրայ։
       Նախ կը խնդրէ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան, աղօթել նաեւ մարմնաւոր իշխանութեան համար, որուն հովանւոյն ներքեւ խաղաղ ու հանդարտ կ'ապրինք, ամէն տեսակ բարութիւն կը վայելենք, եկեղեցիները կը պայծառանան, դպրոցները կը բազմանան, մայրենի լեզուն կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի։
       Յետոյ կը յիշէ զՀայրապետն Ամենայն Հայոց եւ նախամեծար Աթոռոյն Ս. Էջմիածնի, կը յորդորէ աղօթել Նորին Ս. Օծութեան կենաց երկարութեան համար եւ կը յուսայ որ երկու աթոռներու միջեւ սնամէջ խնդիրներու պատճառաւ յառաջ եկած խրամը պիտի լեցուի սիրով եւ միութեամբ։
       Յետոյ կը յանձնարարէ աղօթել վասն երկոցունց Պատրիարքաց Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, կը թուէ իւրաքանչիւրին կատարած գործը եւ կը մաղթէ որ Պատրիարք եւ վարչութիւն , որ աշխատեցան Կիլիկիոյ թափուր եւ այրիացեալ Աթոռը մխիթարելու, միշտ զօրանան իրենց պարտականութիւնը լիովին կատարելու։ Յետոյ կը խոստովանի իր անփորձութիւնը, կը խնդրէ ժողովուրդին աղօթքը, կը նկարագրէ Սսոյ մայրավանքին անշքութիւնը, կ'զգուշացնէ գառնազգեստ գայլերէ եւ իր խօսքը կ'ուղղէ կարգաւ, Եպիսկոպոսներու, Վարդապետներու, Քահանաներու, հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծատունին, վաճառականին, արուեստագէտին, կրթական պաշտօնէից եւ վարժարանաց հոգաբարձութեանց, երկրագործներու եւ հուսկ յետոյ կանանց խրատական մը, եւ եթէ իւրաքանչիւր ոք իրեն յատուկ եղող խրատն ու յորդորն լսէ ու գործադրէ եւ իր պարտականութիւնը ճշգրիտ կերպով կատարէ, յիրաւի, ճշմարտապէս բարոյական եւ հոգեւորական արքայութիւն մը կ'ստեղծուի, հոս աշխարհի վրայ։ Յիշեալ Կոնդակը իր պարունակութեամբ միշտ նոր է եւ անհրաժեշտ ամէն ժամանակներու համար, ուստի իբրեւ նմոյշ մը հայերէն գեղեցիկ գրուածքի եւ իբրեւ հայելի մը կրօնական եւ բարոյական պահանջներու եւ պարտականութեանց, կարեւոր կը նկատենք ամբողջութեամբ արտատպել։
      
       ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾԱՌԱՅ ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       Համայն Թեմականաց Տիրապահ վիճակիս` Գերաշնորհ Եպիսկոպոսաց . Հոգեշնորհ Վարդապետաց, Բարեշնորհ Քահանայից եւ համօրէն ջերմեռանդ հաւատացելոց ի Քրիստոս, որոյ սէր եւ խաղաղութիւն բազմասցի ի վերայ մեծաց եւ փոքունց. հոգեւորականաց եւ աշխարհականաց, արանց եւ կանաց ի Տէր հաւատացելոց. ամէն։
      
       ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ Առաքելասահման կանոնաց եւ հայրապետադիր օրինաց` ներկայ անդրանիկ Կոնդակաւս օրհնութեան` նախ կը խնդրեմ աղօթս, պաղատանս, խնդրուածս, եւ գոհութիւնս ի Հաւատացելոցդ` ի խաղաղութիւն եւ ի շինութիւն աշխարհի, ի պահպանութիւն Նուիրապետութեան Հայ. Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի հոգեւոր բարգաւաճումն մանկանց նորին, եւ ապա մատուցանեմ ըստ կարգի եւ ըստ աստիճանի հայրական աղերս, յորդոր եւ խրատ ո՛չ ի մէնջ, այլ կրկնելով զոր ինչ թուղթք Առաքելականք եւ երանաշնորհ Հարքն մեր դրոշման են ի գիր, առ ի լրիւ հատուցանել իւրաքանչիւր զպարտս, որուն զհարկ` զհարկն, որում զմաքս` զմաքսն, որում զերկիւղ` զերկիւղն` որում զպատիւ` զպատիւն։
       Նախ քան զամենայն, Հեթանոսաց Առաքելոյն Սրբոյ Պօղոսի Կիլիկեցւոյ աղաչանքը կրկնելով` կը հրաւիրեմ զհոգեւոր որդիս մեր աղօթս մատուցանել վասն մարմնաւոր իշխանութեան, որոյ հովանւոյն տակ խաղաղութեամբ եւ հանդարտութեամբ կ'ապրինք եւ կը վայելենք ամեն բարութիւն ըստ աշխարհի, եւ ըստ հոգեւորին կը պաշտեմք զԱստուած սրբութեամբ եւ անարատութեամբ. Եկեղեցիք մեր կը պայծառանան եւ կը ճոխանան, կրթարանք երկսեռ մանկանց մերոց կը յաճախին եւ կը բարգաւաճին, գիտութիւն եւ կրթութիւն օր ըստ օրէ կը ծաւալին եւ կ'առատանան, մայրենի լեզուն մեր անբռնաբար կը ծաղկի եւ կը պտղաբերի։ Այսու վսեմագոյն նպատակաւ հաստատուած են իշխանութիւնք յԱստուծոյ, լինել յերկիւղ չարաց եւ ի վարձ բարեաց։ Մաղթենք, որ մեր արդարակորով Օգոստափառ Կայսեր եւ Վեհազօր Սուլթանին արեւշատութիւնը երկարէ Բարձրեալն եւ Իւր ներքեւ բարգաւաճ մնայ Օսմանեան Ինքնակալութիւնը եւ երջանկանան Իւր բոլոր հպատակները։
       Նոյն Առաքելոյն խօսքերը կրկնելով, եթէ «Յիշեցէք զԱռաջնորդս Ձեր », կը հրաւիրեմ զհամայն հոգեծին որդիս Թադէի եւ Բարթողիմէոսի Սրբազան Առաքելոց եւ սրբոյն Գրիգորի Պարթեւի` Լուսաւորչաց հոգւոց մերոց, որոց աւետարանութեամբ ծնեալ եւ սնեալ եմք ի ծոց Քրիստոսի եկեղեցւոյն, պաղատանս մատուցանել առ Աստուած վասն կենաց Եպիսկոպոսապետին Հայկազանց` Հայրապետին ամենայն Հայոց եւ նախամեծար Աթոռոյն սրբոյ Էջմիածնի։ Աստուած եւ Տէր կենաց ամենեցուն` պարգեւեսցէ Նորին Ս. Օծութեան կեանս երկարս, եւ պայծառութիւն` Նորա Գահուն, որոյ անունը սիրելի եւ նուիրական է ամեն Հայ հաւատացելոց եւ Կիլիկիոյ Աթոռոյս վիճակաւորաց հաւասարապէս։ Նորին Ս. Օծութիւն եւ ես երկոքեանս ալ ի Սիոն բնակակից էաք երբեմն, եւ խաղաղութեան քաղաքին եւ ես երկոքեանս ալ ի Սիոն բնակակից էաք երբեմն, եւ խաղաղութեան քաղաքին մէջ Քրիստոսի թողած խաղաղութեամբ առլցուած` չեմք հետամուտ փառաց եւ պատուոյ, եւ ի հաւաստիս` ստացանք Նորա շնորհաւորական մաղթանքները` յայտարար միութեան եւ նշանակ քաջալերութեան։
       Աղօթեցէ՛ք վասն Ամեն. երկուց Ս. Պատրիարքաց Ազգիս, Սրբոյ Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, որոց Առաջինը իբրեւ բազմօրեայ Նահապետ ի գլուխ ազգանուէր Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց կը պաշտպանէ ազգիս դարաւոր եւ Օսմանեան Կայսերաց հրովարտակներով նուիրագործեալ իրաւունքները Սուրբ Տեղեաց մէջ. Երկրորդն` գործակցութեամբ Կեդր. Պատկ. Վարչութեան` ազգիս կարեւոր եւ կենսական պէտքերուն եւ խնդիրներուն կարգադրութեամբ հանդերձ, տարիներէ ի վեր աշխատեցաւ եւ տքնեցաւ Կիլիկիոյ թափուր եւ այրիացեալ Աթոռը մխիթարելու։ Շնորհեսցէ Աստուած Ամեն. Պատրիարքին Ս. Երուսաղէմի զարեւ կենաց միշտ տեսանել ազգապարծանք Աթոռն Սրբոց Յակոբեանց ի շինութեան եւ ի պայծառութեան։ Հովուապետն Քրիստոս զօրացուսցէ եւ զԱմեն. Պատրիարքն Կ. Պոլսոյ, որպէս զի իբրեւ ներկայացուցիչ Թուրքիոյ ընդհանուր Հայոց առաջի Գահոյից Բարեխնամ Կայսեր, մատուցանէ նմին ժողովրդի կենսական պէտքերը, կարօտութիւնները եւ Նորին Կայսերական մեծութեան գթառատ խնամածութիւնը հրաւիրէ։ Թող զօրանայ Պատկ. Վարչութիւնը, որ իմաստութեամբ եւ եկեղեցական հնաւանդ սովորութեանց համեմատ միշտ աջակից լինի Նորին Սրբազան Եղբայրութեան։
      
       ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ եւ վարչական փորձառութեամբ ի բազմաց հետէ այսքան հմտացելոց մէջ, ես անփորձս աշխարհի դիպաց եւ փորձութեանց, աւելի եւս պէտք ունիմ աղօթից հաւատացելոցդ, վասնզի վանական խաղաղ կեանքէն եւ նահապետական կենցաղէն , որպէս զԴաւիթ ի հօտէ խաշանց հօր իւրոյ, Ձեր միաձայն ընտրութեամբ եւ Ազգ. կեդրոնական իշխանութեան վաւերացմամբ, եւ Կայս. բարեհաճ հաստատութեամբ կոչուեցայ ի Կաթողիկոսութիւն Կիլիկիոյ, ուր երբեմն բազմարդիւն Հայրապետներ, Աթոռոյն փառքն ու փայլը կազմեցին. բայց այսօր ամեն լոյս շիջած, հոգենուագ սուրբ պաշտամունք մոռցուած կամ խանգարուած, եւ ամեն բարեզարդութիւն նսեմացած եւ հռչակաւոր սուրբ մենաստանք, աւերածոց մէջ եւ քարակարկառներու տակ անյայտացած, պէտք ունէին Վկայասէրներու, Շնորհալիներու, Լամբրոնացիներու եւ Սկեւռացիներու, որ կարողանային շիջած ճրագը լուսելու, մոռցուածները ի յուշ ածելու եւ քանդուածները վերականգնելու։
       Հակառակ բոլոր ապիկարութեանս, հակառակ ականատես գիտակցութեանս Կիլիկիոյ բարոյական եւ նիւթական քայքայեալ վիճակին, կամաւ հպատակեցայ Ազգի ձայնին այն անկեղծ եւ կենդանի հաւատքով թէ` «Զօրութիւն Աստուծոյ ի տկարութեան կատարի », թէ` վերոյիշեալ երանաշնորհ Հայրապետաց բոլոր ձիրքերը պարգեւ էին Աստուծոյ` պարգեւողին ամենայն բարեաց եւ շնորհաց եւ պայծառափայլեալ հնազանդութեամբ եւ սիրով հաւատացեալ հօտին իւրեանց։ Վասն որոյ ջերմագինս աղօթեցէք որ անսասան մնայ հաւատքս, «որ է յուսացելոց իրաց հաստատութիւն », եւ նովաւ զօրացեալ եւ արիացեալ` կարողանամ ըստ օրինակի քաջ Հովուին զանձն իմ դնել ի վերայ ոչխարաց եւ չը փախչիլ յահէ գառնազգեստ գայլոց, որք պէսպէս սնոտի վարդապետութեամբ, պատիր հրապոյրներով, մանաւանդ հացիւ կորստական քան բանիւ կենացն յաւիտենականաց, ջանան փեռեկել եւ պառատկել զմի հոգի եւ միասիրտ, համարիւն եւ համացեղ հօտն Քրիստոսի ի փարախէն նախկին Լուսաւորչացն մերոց։
       Արդ ի փոխարէն աղօթից ձերոց եւ ես աղօթեմ առաջի Աստուծոյ եւ խնդրեմ զաղօթս ամենայն Սրբոց նորա, որպէս զի եւ դուք հաստատուն մնաք ի հաւատս ճշմարտութեան եւ ի հարազատ որդիութեան սուրբ Եկեղեցւոյն Հայաստանեայց։ Մի՛ եւ մի՛ լիցի Ձեզ օտարուսումն վարդապետութեամբ թողուլ զՄայրենի Եկեղեցին, յորում առաքինացան Նախահարք մեր առաքելաքարոզ Աւետարանաւ եւ աւանդութեամբք եւ արժանի գտան թողութեան մեղաց եւ ընդունելութեան աստուածային հրաւիրանացն , եթէ «Եկայք օրհնեալք Հօր իմոյ եւ ժառանգեցէք զպատրաստեալն Ձեզ ի սկզբանէ աշխարհի », որում եւ մեք արժանի լիցուք։
      
       ԶԿՆԻ այսքանեաց խնդրուածոց վասն աղօթից հաւատացելոցդ` արդ աղաչեմ զՊաշտօնէութիւն Ս. Եկեղեցւոյ վիճակին Կիլիկիոյ։ Նախ զԵպիսկոպոսունս, որ իբրեւ յաջորդք եւ փոխանորդք Առաքելոց` կարգուած էք Աստուծմէ տեսուչ ի վերայ հաւատացելոց։ Գիտէք անշուշտ Ձեր աստիճանին բարձրութիւնը, խորութիւնը եւ լայնութիւնը եւ անոր ծանրածանր պարտաւորութիւնները. ուստի կը բաւականանամ կրկնելով Առաքելոյն խրատականը առ Տիմոթէոս եւ առ Տիտոս, «Պարտ է Եպիսկոպոսին անարատ լինել, որպէս եւ Աստուծոյ տնտեսի, հեզ, ցած, պարկեշտ, հիւրասէր, ուսուցիչ։ Մի՛ թշնամանող, մի՛ հարկանող, մի՛ արծաթասէր կամ զօշաքաղ□ վերակացու լինել հաւատարիմ բանին վարդապետութեան□ եւ զհակառակորդսն կշտամբել»։
       Աստուծոյ տնտեսներու կեանքին, գործոց եւ խօսից մէջ այս ամեն կատարելութիւնները ո՛չ թէ անուանապէս եւ առ երեւոյթս, այլ իրապէս պէտք է փայլին, որպէս զի հաւատացեալք ի նոյն յորդորուին։ Անարատ լինել ըստ հոգւոյ եւ ըստ մարմնոյ, միակ երաշխաւորութիւնն է անարատ զաւակներ ծնանելու Աւետարանի վարդապետութեամբ։ Հեզ, խոնարհ, պարկեշտ լինել, այն բարոյական ոյժը կամ հեղինակութիւնն է, որով կարող կը լինինք բիրտ եւ զայրագնոտ բնաւորութիւնները սանձահարել, ու անպարկեշտ կամ անզգաստ բարքերը ուղղել։ Եպիսկոպոսաց հիւրասիրութիւնը սերմն է հաւատացելոց մէջ աճելու եւ պտղաբերելու սէր եւ կարեկցութիւն առ նմանիս, մա՛նաւանդ առ որբս եւ առ այրիս։
       Քրիստոնէական ծաւալման միջոցներէն մին ալ Կենաց Բանին քարոզութեան հետ հաւատացելոց առ միմեանս եւ առանց խտրութեան սէրն էր եւ այրիներուն ու կարօտներուն տրուած խնամքը. այնպէս որ «Եւ բազմութեան հաւատացելոց էր սիրտ եւ անձն մի, եւ ո՛չ ոք նոցանէ ասէր զընչից իւրոց թէ իւր իցէ, այլ էր նոցա ամենայն ինչ հասարակաց »։ Գիտէք արդէն, որ մեր նախնիք սիրոյ եւ եղբայրութեան հոգւով օծուած` ամեն տեղ կը շինէին հիւրանոցներ, օտարանոցներ, անկելանոցներ եւ այլ այսպիսի բարենպատակ հաստատութիւններ։
       Այսպէս բոլոր կատարելութիւնք Աստուծոյ տնտեսին` հաւատացելոց առաքինի եւ աստուածահաճոյ կեանքին կշիռն ու չափին են։ Եպիսկոպոսաց անընչասիրութիւնը Աստուծոյ տունը սիմոնականութեան հիւծիչ ախտէն կը փրկէ, եւ Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը իւր վսեմ բարձրութեան վրայ կը պահէ, ո՛չ եւս տգէտք եւ բախտախնդիրք, ի գիտութիւնս հպարտք եւ խիզախք, ի հաւատս երկմիտք, ի վարս անպարկեշտք, ի գնացս ցոփք եւ ի վայելս անզգաստք եւ շուայտք` կ'ստուարացնեն հոգեւոր պաշտօնէութիւնը ի նախատինս քրիստոնէութեան եւ ի գայթակղութիւն հաւատացելոց։ Եթէ Քրիստոսի Եկեղեցին ունեցած է անկումներ, եւ կամ պիտի ունենայ, արտաքին ազդակներէն աւելի ներքին վէրքերն եւ պատճառ այդ տխուր երեւոյթին, իսկ այդ վէրքերէն աւելի վտանգաւոր եւ համաճարակի բնոյթ ունեցողը հիւանդ պաշտօնէութիւնն է։
       Հայ. Սուրբ եւ ուղղափառ Եկեղեցին ի ժամ պաշտաման անմահ պատարագին կը յիշատակէ այն եպիսկոպոսները, որք «ուղիղ համառօտեն զբանն ճշմարտութեան », կամ «վերակացու լինին Բանին վարդապետութեան », որ կրկին պարտաւորութեամբ կը վճարուի, առաջին` ծառայակիցները կերակրելով Աւետարանի կենարար հացիւ եւ մխիթարելով ողջամիտ վարդապետութեամբ, երկրորդ` կշտամբելով զհակառակորդսն, այսինքն զթշնամիս ճշմարտութեան, որք կ'արհամարհեն եւ կը հակառակին հաւատալեաց, Աստուծոյ օրէնքին եւ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, գոցել այնպիսեաց բերանը աստուածային գիտութեամբ, որ չըլլայ թէ ժողովուրդէն պարզամիտներ անոնց փայլուն այլ սուտ խօսքերէն հրապուրուելով կորուստի մատնուին։
       Կը մաղթեմ ի Տեառնէ, որ արժանի հանդիսանաք վարձուց եւ փառաց ճշմարիտ եւ հաւատարիմ Վերակացուաց Բանին կենաց եւ ուղիղ համառօտողաց Բանին ճշմարտութեան։
      
       Կ'ԱՂԱՉԵՄ զՁեզ, Վարդապետք Եկեղեցւոյ, որ ի ձեռնադրութենէ ընկալեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն ուսուցիչք էք Բանին ճշմարտութեան, որպէս ձեր անուանակոչութիւն ցոյց կը տայ, մի՛ անփոյթ առնէք զշնորհացդ` այլ ի ժամու եւ ի տարաժամու կատարեցէ՛ք ձեր պարտքը խղճի մտօք, ողջմտութեամբ, հաւատով, սիրով, սրբութեամբ եւ անարատութեամբ վարուց։ Մեր ամենուն Վարդապետը եւ Ուսուցիչը մի է, որ է Քրիստոս. ըստ ամենայնի պարտաւոր եմք նմանող լինել նմա։
       Ուղիղ վարդապետելու եւ ուսուցանելու համար` ժողովրդի հոգեւոր շինութեան սիրով լցուած ըլլալու է։ Առանց սիրոյ` ամենայն ուսում եւ վարդապետութիւն, ամենայն հաւատք եւ գիտութիւն ո՛չ ինչ են եւ ո՛չ ինչ օգտեն։ Քարոզելու ատեն նպատակ ունենալու չէ անձնական կարողութիւն եւ պերճախօսութիւն ցուցադրելը, այդ ոգւով խօսուած ամենէն որոտալի եւ հրաշունչ խօսքերը ձիւնի հատիկներու պէս կ'ընկնին հաւատացեալ ունկնդրաց սրտին եւ հոգւոյն վրայ եւ փոխանակ ջերմացնելու եւ վառելու կը սառեցնեն եւ կը դիակնացնեն։
       Հաւատացելոց հոգեկան պէտքերը առանց ի նկատի առնելու խօսուած քարոզները` սերմի այն հատիկներն են, որ կ'իյնան ճանապարհի վրայ կոխան լինելու անցորդաց. կ'իյնան ապառաժի վրայ , ուր թէեւ կը բուսնին, բայց առ ի չգոյէ հիւթոյ շուտով կը տապանան եւ կը չորնան, կամ կ'իյնան ի մէջ փշոց եւ հեղձնուն ի փշոց։
       Վարդապետելու, քարոզելու եւ ուսուցանելու ամենէն շինիչ եւ հոգենորոգ եղանակը Պօղոս Առաքեալինն է. «Խօսիլ ընդ հոգեւորսն` հոգեւորս »։ Պէտք է հաւատացելոց հոգեւոր, բարոյական եւ մտաւոր զարգացումը աչքի առաջ ունենալ եւ ըստ այնմ վարդապետել. զարգացելոց` հաստատուն կերակուր եւ տկարակազմներուն` իբրեւ տղայոց կաթն ջամբել միայն։ Միայն գիտական եւ լոկ իմաստասիրական բարձրամիտ եւ խորիմաստ ճառեր եւ քարոզներ ժողովրդի հաւատը, կրօնասիրութիւնը եւ բարեպաշտութիւնը չեն սնուցաներ. վասնզի ի՛նչ բան որ սրտէ եւ զգացումէ չը բղխիր, աստուածպաշտութիւնը չ'օգտուիր անկէ։ Այսպէս թէ այնպէս, եթէ հաւատացելոց հետ, իբրեւ ընդ հոգեւորս, հոգեւոր բաներ խօսիք, օգտակար եւ պտղաբեր կը լինի այն ժամանակ միայն, երբ ողջամիտ գիտութեան հետ հաւասարապէս ունիք եւ վարուց սրբութիւն, վասնզի գիտութիւն եւ սրբութիւն ամբողջութիւն մի են, ինչպէս հոգի եւ մարմին միացեալ։
       Մաղթեմ Տեառնէ, որ ուղիղ վարդապետութեամբ եւ անարատ վարուք արժանի հանդիսանաք փառաց եւ պսակաց նախնի սուրբ Հարց եւ Վարդապետաց, որք հաւատացեալները ո՛չ միայն ի վայրի դալարւոջ եւ առ ջուրս հանգստեան սնուցին, այլ յամենայն դարս` Աւետարանի այգիին մէջ թշնամւոյն կողմէ ցանուած ապականարար որոմը մաքրեցին։
      
       ԿԱՐԳՆ եկաւ աղաչելու զդասս Քահանայիցդ, որ կոչուած էք քահանայագործութեամբ բոլոր հոգիները Աստուծոյ նուիրելու` զանոնք սուրբ աւազանին մկրտութեամբ ծնանելով Երկնաւոր Հօրը որդեգիրներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ հանդիսացնելու եւ Տիրոջ մեղսաքաւիչ մարմնոյ եւ արեան մատակարարութեամբ անոնց հոգիները կերակրելու յանմահութիւն։
       Ո՜րչափ սուրբ եւ քանի՜ աստուածավայելուչ կոչում եւ պաշտօն, որ երկնային հրեշտակաց անգամ չը յանձնուեցաւ։ Աշխարհի որդին` Աստուծոյ որդիացնել, մեղքի եւ ապականութեան պտուղը` Քրիստոսի ժառանգակից ընել եւ անմահութեան արժանացնել, ստեղծագործութեան վսեմագոյնն է, եւ Տիեզերաց Փրկչին յատուկ պաշտօնը։ Դուք Քահանայք Բարձրելոյն, անուանակից եւ պաշտօնակից էք Քրիստոսի, վասն զի Նա ինքն է ճշմարիտ քահանայ եւ քահանայապետ եւ պատարագ Հօր Աստուծոյ։ Նա ինքն իւր անուան հետ գործն ալ յանձնեց ձեզ իւր ժողովուրդը հովուելու, բարի եւ առաքինի կեանքի մէջ սնուցանելու, հոգւով եւ բոլոր անձով զԱստուած պաշտելու եւ սիրելու ձեր բարի եւ առաքինի եւ երկիւղած կեանքի օրինակով։
       Ո՜րչափ մեծ եւ ծանր է ձեր կոչումը եւ պարտականութիւնը. ըստ Առաքելոյն կրկին պատուոյ արժանի կ'ըլլաք, եթէ աշխատիք զայն կատարելու բանիւ եւ գործով. թէպէտ գիտէք Ձեր բոլոր պարտաւորութիւնը եւ ուսեալ էք ի Ս. Գրոց, այնու հանդերձ աւելորդ չեմ համարիր գոնէ մի քանիսը ի յուշ ածել ձեզ։
       Հայր եւ ծնող էք ժողովրդին. չըլլայ թէ հաց խնդրող որդւոյն քար, եւ ձուկ խնդրողին օձ` տաք. ամեն ատեն պարտաւոր էք նոցա հոգեւոր պէտքերը լցուցանել հոգեւոր խրատներով, թէ ' յեկեղեցւոջ եւ թէ՛ առտնին, մի՛ զօշաքաղութեամբ` այլ յօժարութեամբ, մի՛ ակամայ այլ կամաւ։
       Բժիշկ էք հոգեւոր. աշխարհի եւ մեղաց հիւանդութիւնք բազմատեսակ են, անոնց ամենուն դեղն ու սպեղանին պիտի մատուցանէք։ Կան հիւանդութիւններ, որ անուշիւ կը դարմանուին, կան որ դառնագունիւ։ Այս ամեն միջոցները հոգեւորապէս ի գործ դրէք ըստ տեղւոյն եւ ըստ պահանջման։
       Խաղաղութեան պաշտօնեայ էք. հասէ՛ք ուր անհամաձայնութեան կայծը նշմարէք, թէ լինի ընտանեկան յարկի տակ, թէ արտաքոյ ընտանեաց, աշխատեցէ՛ք մարելու, որ համաճարակ հրդեհի չը փոխուի. վասն զի ընտանիքներու, հասարակութեանց, ազգերու եւ մարդկային բովանդակ ընկերութեան հիմը խաղաղութիւնն է, զոր Քրիստոս բերաւ ի վերուստ։
       Ուսուցիչ եւ դաստիարակ էք ժողովրդին. ուստի սատար եւ պաշտպան պէտք է հանդիսանաք Ազգ. երկսեռ մանկտւոյն ուսման, դաստիարակութեան, կրթարանաց եւ դաստիարակաց, միշտ խրատելով եւ յորդորելով զծնողս եւ բացատրելով կենսական կարեւորութիւնը ուսման եւ կրթութեան. մանաւանդ բացատրեցէ՛ք այն մեծ վտանգը, որ ազգին եւ եկեղեցւոյն կրնայ հասնիլ օտար կրթութենէն, մայրական կաթով սնեալ զաւակունք շատ աւելի կը սիրեն իրենց ծնողքը, քան օտար ստնտուներու խնամոց յանձնուածները։
       Սպասաւոր էք սրբութեան. պարտաւոր էք ըստ ամենայնի սուրբ ըլլալ, որպէսզի արժանաւորութեամբ կարողանաք սուրբ սեղանոյն մերձենալ։ Եթէ անմարմին եւ սուրբ սրովբէն սեղանին վրայի կայծականց, որ օրինակ էր անմահ պատարագին, ունելիով կը մերձենար, եթէ Մովսէսին հրամայեց Աստուած մեռեալ մորթով չը կոխել այն տեղը` ուր աստուածութեան կրակը տեսնուեցաւ, հապա մենք, մահկանացու մեղաւորներս ո՜րչափ պարտաւոր ենք նախ քակել, հանել մեզմէ մեղաց մեռելութիւնը եւ մաքրութեամբ, զգուշութեամբ եւ երկիւղիւ մերձենալ աստուածային խորհրդոյն, ձեռօք շօշափել Անշօշափելին , շրթամբ համբուրել Սէրը, բերանով ճաշակել զԿերակրիչն ամենայնի, մեր սրտին մէջ ընդունիլ եւ հոգւով միանալ Անոր հետ եւ ըստ Շնորհալի Հայրապետին մերոյ «Լինել Աստուած շնորհօք` ընդ Աստուծոյ միաւորելովն»։
       Կը մաղթեմ ի Տեառնէ ձեզ համար, Հովիւք հօտին Քրիստոսի, արիանալ ձեր պարտաւորութիւնները լրիւ կատարելու, որպէս զի «յերեւիլ Հօտապետին` ընդունիջիք զանթառամ փառացն զպսակ»։
      
       ՀԱՒԱՏԱՑԵԱ՛Լ ժողովուրդք ի Քրիստոս, դուք ալ ունիք պարտքեր, թէ եւ ցարդ ըսածներս ձեր պարտաւորութիւնները ընդհանուր գծերով կը շօշափէին , բայց անդէպ չեմ համարիր նաեւ համառօտիւ մասնաւորել։ Առաքեալին պատուէրը կրկնելով եւ ես հայրաբար կը յորդորեմ. «Ամենայն անձն, որ ընդ իշխանութեամբ է, ի հնազանդութեան կացցէ, զի մի՛ անունն Աստուծոյ եւ վարդապետութիւնն արատաւորեսցի ». հնազանդ որդիք իրաւամբ կը վայելեն ծնողաց բոլոր գորովանքը եւ խնամքը. այսպէս իշխանութեան հնազանդողները իրաւունք ունին ակն ունել անոր արդար պաշտպանութեանը եւ հայրական հովանաւորութեանը։
       Դուք ամենքդ լինելով լինելով համամայր որդիք Հայ. ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյ, չը կայ ձեր մէջ խտիր։ Որչափ քաղաքացին , նոյնչափ եւ գիւղացին, որչափ մեծատունը նոյնչափ տնանկը, ինչպէս զարգացեալը նոյնպէս ռամիկը` մի եւ նոյն սուրբ աւազանին ծնունդն են. հետեւաբար իբրեւ եղբայր սիրով եւ խաղաղութեամբ գնացէք ընդ միմեանս. ըստ հարկին միմեանց աջակից եւ օգնական եղէք , որպէսզի Աստուծոյ անունը ձեօք փառաւորի առաջի ամենեցուն։ Ո՛չ ոք թող չը պարծի ունեցածին վրայ եւ չունեցողը անարգէ. ո՛չ ալ չունեցողը զչարի եւ նախանձի ունեցողին վրայ։ Աստուած իւր բարիքները իմաստութեամբ բաժնած է. հաւատարիմ եւ ազնիւ ծառայք տասն կամ հինգ քանքարին վրայ տասն կամ հինգ ալ կը շահին իրենց արթուն եւ աչալուրջ գործունէութեամբ եւ արժանի կ՛ըլլան Տիրոջ գովեստին եւ փառքին. իսկ անազնիւ եւ անհաւատարիմ ծառաները իրենց պղերգութեամբ, ընկերոջ յաջողութեան վրայ նախանձու չար ոգւով, ունեցած քանքարնին ծրարեալ ի վարշամակի կը թաղեն հողին տակ, յորմէ ո՛չ իրենք եւ ո՛չ ուրիշներ կ՛օգտուին։
      
       Մեծատո՛ւնք, գիտցէք որ յաջողութիւնը Աստուծմէ է, որ աննախանձաբար կու տայ ամեն բարիք առ ի վայելել ըստ կամաց պարգեւատուին։ Ճշմարիտ մեծութիւնը զուարթառատ բարերարութիւնն է։ Բարերարելու առիթները շատ են, որքան ժամանակի դառնագոյն պտուղները. բարերարեցէք ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ, ի շինութիւն վանօրէից, ի յառաջդիմութիւն դպրոցաց, ի հաստատութիւն հիւանդանոցաց, ի մխիթարութիւն աղքատաց եւ կարօտելոց, որբոց եւ այրեաց, եւ այսու` գանձեցէ՛ք ձեզ գանձ բարի ի հանդերձեալն։
      
       Վաճառակա՛նք եւ արուեստագէտք ուղղութեամբ եւ արդարութեամբ եւ աստուածապաշտութեամբ վարեցէք ձեր կեանքը. խաբէութեամբ, նենգամտութեամբ, եւ ստախոսութեամբ եւ սուտ երդմամբ մի՛ վաճառէք ձեր ապրանքը. ամեն նենգութիւն եւ խաբէութիւն` գողութիւն է. իսկ գողք եւ յափշտակողք ո՛չ ժառանգեն զարքայութիւնն Աստուծոյ։ Գիւղականաց պարզամտութիւնը չարաչար մի՛ գործածէք յօգուտ եւ ի շահ ձեր անձին ու ընտանիքին. զրկեալներու բողոքը եւ անէծքը շուտ կը հասնին յականջս Բարձրելոյն եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը չը հանգչիր ձեր գործոց, ընտանեաց եւ տանց վրայ։
       Կարեկից եւ օգնական եղէք կարօտ եղբարց, եւ առատանձեռն` կրօնական, բարեգործական եւ կրթական հաստատութեանց համար։
      
       Կրթակա՛ն պաշտօնեայք, Հոգաբարձութի՛ւնք, Տնօրէ՛նք, Ուսուցի՛չք եւ Դաստիարա՛կք, որչափ հոգեւոր պաշտօնէից, նոյնչափ եւ ձեր պաշտօնը սուրբ եւ նուիրական է։ Ազգի ապագան, մատաղ սերունդը ձեր խնամոց յանձնուած է. բարեկիրթ քաղաքացին, հաւատարիմ հպատակը, ազգի անձնանուէր զաւակը, Եկեղեցւոյ հարազատ եւ երկիւղած անդամը, որդեսէր եւ տնարար մայրը դուք պիտի պատրաստէք։ Յարմարագոյն տեղն է , որ կրկնեմ հեթանոս իմաստասէրին իւր զաւկին վարժապետներուն ուղղած միշտ նոր եւ անծերանալի խօսքը, որուն քրիստոնէական իմաստն է։ «Աստուած զինք մարդ ըրաւ, ես մարմինը տալով կենդանի ըրի, ձեզի կը մնայ, որ կրթութեամբ եւ զարգացմամբ Աստուծոյ նման ընէք »։ Ասկէց կը հետեւի, որ ձեր պարտքը չէ՛ միայն նիւթական մատակարարութիւն, ուսմանց ծրագիրներու, դասուց ժամանակացոյցերու պատրաստութիւն եւ գիտութեանց ու լեզուաց չոր ու ցամաք դասաւանդութիւն, այլ մանաւանդ բարոյական մարդը կազմակերպելու անձնուիրութիւն։ «Գիտութիւն հպարտացուցանէ, այլ սէր շինէ »։ Մի՛ վարէք ձեր պաշտօնը վարձկաններու նման, մի՛ վարուիք ուսանողաց հետ իբրեւ անբան էակներու հետ, սիրեցէ՛ք զանոնք ձեր բոլոր հոգւով. եթէ դայեակները իրենց բազկաց վրայ կը բառնան, դուք ձեր սրտերուն մէջ տեղ տուէք մատաղ սերունդին . անձնական օրինակով բարի, առաքինի եւ կրօնասէր ոգի ներշնչեցէ՛ք։ Եթէ գիտութիւնք եւ լեզուք կարեւոր են ըստ աշխարհի կենցաղավարութեան, նուիրական պարտաւորութիւն է ունենալ սէր առ Աստուած, առ ընկերն, առ ընտանիս եւ առ համայն մարդկութիւնն։ Եթէ ճարտարութիւն եւ ճարպիկութիւն գովելի են յաչս աշխարհի, հաճոյ եւ ընդունելի է յաչս Աստուծոյ բարի եւ առաքինի եւ երկիւղած կեանքը. որովհետեւ ըստ առաքելոյն «Մարմնոյ կրթութիւն առ սակաւ ինչ օգտակար է, իսկ աստուածպաշտութիւն առ ամենայն ինչ օգտակար է, եւ զաւետիս կենաց ունի զարդիս եւ զհանդերձելոցն»։
      
       Դա՛սք երկրագործաց. Աստուած ամենէն արդար վաստակը ձեզ բաժին հանած է. բովանդակ աշխարհ իւր սնունդը կը պարտի ձեզ եւ կեանքը կը պարտի ձեր աշխատութեան եւ քրտանց։ Անտրտունջ սիրեցէ՛ք մաճը, ոչխարը եւ տաւարը։ Գոհ եղէք ձեր ունեցած հողի բաժինով, մի՛ ցանկաք ընկերոջ այգիին, արտին եւ անասուններուն։ Վա՜յ կը կարդայ մարգարէն ագահ հողագործներուն եւ անկուշտ ագարակատեարց, որոնք դրացիէն գողնալով` իրենց ունեցածին կը խառնեն։ «Վա՜յ այնոցիկ, որ յարեն տուն ի տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձեցուցանեն, զի զընկերին հանիցեն ». Աստուծոյ տուած բարիքները տասանորդեցէք յանուն Աստուծոյ` կարօտելոց, որբոց եւ այրեաց։ Դուք բնական փորձառութեամբ գիտէք, «Որ սերմանէ ճշդելով` ճշդելով եւ հնձեսցէ, սերմանէ առատութեամբ` առատութեամբ եւ հնձեսցէ ». եթէ հաշւով կամ սխմուած ձեռքով տաք, այնչափով կը ստանաք Աստուծմէ, եթէ առատութեամբ տաք, առատութեամբ կ՛առնէք փոխարէնը։ Կը մաղթեմ Տիրոջմէն, որ իւր բարերար ցօղով եւ անձրեւով միշտ արգասաւորէ ձեր աշխատութիւնը, եւ պահպանէ բնական պատահարներէ , եղեամէ, ջորեակէ, թրթուրէ, ժանկէ, մարախէ եւ երաշտութենէ։
      
       Բարեպաշտ եւ պարկեշտասուն կանա՛յք, ձեր ալ պարտքերը ծանր եւ շատ են որոց մի առ մի թուումը կ՛երկարի, ուստի բաւական կը համարիմ Առաքեալին խրատը կրկնել. «Կանայք ի զարդ խոնարհութեան ակնածութեամբ եւ զգաստութեամբ զարդարել զանձինս, մի՛ ի հիւսս ոսկեմանս ընդելուզեալս մարգարտով, կամ ի հանդերձս պաճուճեալս։ Այլ, որպէս վայել է կանանց զաստուածպաշտութիւն յանձն առելոց, գործովք բարութեան »։ Եթէ այս խրատը պահէք կը լինիք ճշմարիտ մայրեր ընտանեաց, թագ ու պսակ ձեր արանց գլխուն, Սողոմոն իմաստունի փնտռած ժրագլուխ, ամօթխած եւ տնասէր կանանց նման, ճշմարիտ դաստիարակ ձեր զաւակաց` պարկեշտ եւ զգաստ կեանքով եւ սիւնք հաստատութեան գերդաստանի եւ ընտանիքի։ Ձեր ամենաթանկագին զարդն է խոնարհութիւնը. միակ շնորհքը եւ գեղեցկութիւնը` ձեր բարձր գործերը. բնական արհեստական գեղեցկութիւնը վաղ կամ անագան կը թարշամին իբրեւ զծաղիկ խոտոյ. իսկ բարի անունը եւ բարի գործոց յիշատակը ընդ միշտ կենդանի կը մնան իբրեւ օրինակ այլոց։
       Ի վերջ բանիս սրտագին եւ արտասուաթոր կ'աղաչեմ զԱստուած վասն ընդհանուր հաւատացելոցդ` հոգեւոր որդւոց մերոց, որ շարժէ ձեր սրտերը եւ զարթուցանէ բարի զգացումները` Աւետարանի պարարտ եւ արգասաւոր երկիրն ըլլալու եւ պտղաբերելու ձեր հոգւոյն մէջ խրատականներուս սերմերը ընդ միոյ հարիւրաւոր, որպէս զի զուարթ եւ երկիւղած համարձակութեամբ կարողանամ ըսել առաջի Արդար Դատաւորին. «Ահա՛ ես եւ մանկունք իմ, զոր ետուրն ցիս » եւ արժանի հանդիսանալ ընդ աջակողմեանսն ի յաւիտենական կեանս ձեօք հանդերձ ի Քրիստոս Յիսուս ի Տէր մեր, որ է օրհնեալ յաւիտեանս ամէն։
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹՂՍ. ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Տուեալ ի Կաթողիկոսարանիս Կիլիկիոյ.
       ի դուռն Մայր Տաճարիս Ս . Սոփեայ
       Տիրապահ քաղաքիս Սսոյ,
       յաւուր օծման մերոյ
       ի Կիւրակէիս Աշխարհամատրան
       ի 20 ապրիլի 1903 փրկչական թուականիս,
       եւ յԺԳ. Ահեկանի ՌՅԾԲ թուին Հայոց։
      
       Սահակ Կաթողիկոս հազիւ թէ գահակալած, գործի կը ձեռնարկէ եւ առաջին անգամ կ՛որոշէ Ժառ. Վարժարան մը բանալ եւ առ այդ դիմումները կը կատարէ թէ Խրիմեան Հայրիկին եւ թէ Պատրիկ Էֆ. Կիւլպէնկեանի, բայց ոչ մէկէն եւ ոչ միւսէն հնչուն պատասխան մը չը ստանար, սակայն չի յուսահատիր, շարունակ դռներ կը բախէ, Կոնդակներ կը գրէ, Կիլիկիոյ բազմազան պէտքերը կը թուէ, երբեմն յուսադրող պատասխաներ կը ստանայ, կ՛ուրախանայ եւ աւելի ոգեւորուած շարունակ կը գործէ, կը մտադրէ Ատանայի մէջ Գօլէճ մը հաստատել եւ ատոր համար ալ դիմումները կը կատարէ Հայ մեծատուններուն։ Եկած պատասխանները անբաւական են. որքան որ դուրսերը կը դիմէ, միեւնոյն ժամանակ վանքին նիւթական կացութիւնը կը ճշդէ եւ կը տեսնեէ որ Սսոյ Վանուց ի Սիս գտնուած կալուածոց եկամուտը տարեկան գրեթէ 163 Օսմ. ոսկի է, չնչին գումար բաղդատմամբ պէտքին եւ այդ նիւթական չգոյութիւնն է որ կ՛ստիպէ զՍահակ Կաթողիկոս Վանքի Վարժարանին աշակերտները ցրուել, յուսալով որ նիւթապէս ի վիճակի պիտի ըլլայ մօտաւոր ապագայի մէջ բառին բուն նշանակութեամբ Ժառանգաւորաց Վարժարան մը ունենալու։ Օրմանեան Սրբազան իր Ազգապատումին մէջ կը խօսի ու կը քննադատէ զՍահակ Կաթողիկոս թէ իր կաթողիկոսութեան առաջին հինգ տարիներուն մէջ չըրաւ այն ինչ որ կ'ակնկալուէր եւ սակայն Օրմանեան Սրբազան, ինքն լիուլի տեղեակ ըլլալով Սսոյ Աթոռին նիւթական ճղճիմ վիճակին կ'սպասէ որ Սահակ Կաթողիկոս տիպար Ժառանգաւորաց Վարժարան ունենայ, թեմերու մէջ դպրոցներ բանայ, բայց ի՞նչպէս կարելի է առանց դրամի գործ տեսնել, աղէկ որ Օրմանեան Սրբազան կը յիշէ թէ Սահակ Կաթողիկոս որքան նամակներ, կոնդակներ գրած է, պարզած է իր վանքին եւ վիճակայիններուն նիւթական խեղճութիւնը, բայց դժբախտաբար իր խնդրանքներուն համապատասխան արդիւնք մը չէ կրցած ձեռք բերել եւ դարձեալ կարելի միջոցներով ջանացած է վանքին եկամուտները կանոնաւորել, Միաբանութիւնը ապրեցնել։ Շատ յատկանշական է 1903 Յունիս 3 թուականով իր մի Տեղեկագիրն, Կեդր. Ազգ. Վարչութեան մատուցուած, զոր կարդալով, Օրմանեան Սրբազանի հետ, բոլոր ընթերցողներն պիտի համոզուին թէ նիւթական այդ վիճակով, Սահակ Կաթողիկոս ինչ որ ըրած է առաջին հինգամեային միջոցին գովեստի արժանի է քան քննադատութեան։ Կարդանք Տեղեկագիրը, որ ինն գլուխներու ներքեւ ամփոփ եւ մանրամասն պատկերն է Սսոյ Մայրավանքին։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ԿԵԴՐ. ՊԱՏԿ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՈՒՑԵԱԼ
       ՏԵՂԵԿԱԳՐԻ
      
       Առ այժմ թողլով Վիճակաց բազմակարիք պէտքերն ու ցաւերը, որոնց ծանօթ էք եւ շատերը կեդրոնէդ սկսան առ մեզ հասնիլ, պէտքին մերձաւորագոյնը եւ մեծագոյնը եւ ցաւերուն ամենէն խորինը կ'ուզեմ Պատկ. Կեդր. Վարչութեան լուրջ ուշադրութեանը յանձնարարել. այն է Կեդրոնին կիսաքանդ եւ կիսամեռ կեանքը, առանց որոյ կատարեալ առողջութեան` վիճակները միշտ հիւանդոտ եւ ախտաւորեալ պիտի մնան։
       Տեղի ունեցած հոգեւոր հանդէսներուն չափազանցուած նկարագիրները, զոր թերթերը իրենց մրցող թղթակիցներէն ընդունելով հրատարակեցին եւ միամիտ ընթերցողներու աչքերը ոսկւոյ եւ պատուական ականց ճաճանչաւուխտ շողերով շլացուցին, չեմ հաւատար որ Պատկ. Վարչութիւնն ալ նման տպաւորութեան տակ այնպիսի գաղափար մը կազմեց թէ Սսոյ Մայրավանքը թանկագին հնութեանց, եկեղեցական հազուագիւտ զգեստեղինաց, սրբազան կահուց եւ անօթոց ճոխ թանգարան մի է։ Արդէն վաղուց գրած էի Սրբազան եղբայրութեանդ, Եկեղեցիէն դուրս գտնուած Վանքի կահուց ցանկը պատրաստել տալու յանձնարարութիւն ընելս. այնուհետեւ միջոց ունեցանք աւելի լաւ է ըսել, բազմազբաղ օրերու մէջ միջոց մը գողցանք եւ հռչակաւոր գանձատան վիճակն ալ աչքէ անցուցինք ընկերակցութեամբ Գեր. Մովսէս Ս. Եպիսկոպոսին եւ մի քանի միաբան վարդապետաց։ Այժմ ծանօթ է մեզ Վանքին արտաքին եւ ներքին հարստութեան քանակը, զոր ներկայիս մէջ պիտի պատկերացնեմ եւ ի դիւրութիւն Պատկ. Վարչութեան մէկ ակնարկով թափանցելու հետեւեալ բաժանումներու տակ կ'ամփոփեմ Հայրապետական վանուց ներքին եւ արտաքին, նիւթական, կրթական եւ եկեղեցական վիճակը.
       Ա . - Միաբանութիւն.
       Բ . - Սնունդ.
       Գ . - Ժառանգաւորաց Վարժարան,
       Դ . - Մատակարարութիւն, Ուսումն եւ նիւթական.
       Ե . - Վանք եւ կահք.
       Զ . - Կալուած եւ տարեկան եկամուտ.
       Է . - Վիճակային հասոյթք
       Ը . - Եկեղեցի եւ գանձարան.
       Թ . - Եկեղեցական սպասք, զգեստք, գիրք եւն։
      
       Ա
       Ի՞նչ է եղեր Սսոյ միաբանութեան քանակը բարեյաջող ժամանակներուն մէջ եւ ի՞նչ ամփոփումներ ստացած է աննպաստ շրջաններում. իբրեւ հնագիտութեան նիւթ մի կողմ թողլով եւ խուսափելով հնութեան փոշիները պրպտելէ եւ ի զուր պատմական յիշատակարանները հետապնդելէ, տեսնենք ի՛նչ է արդի միաբանութիւնը։ Փակագծի մէջ ըսենք, որ նոր եւ հին Վանքերու դիրքը, գտնուած չէն եւ աւերակ խուցերու քանակը բնաւ չեն ներեր, ենթադրելու բազմանդամ միաբանութեան մը գոյութիւնը։ Չը հաշուելով զանազան պատճառներով բացակաները որոց բացակայութենէ առաջ Վանքին մէջ ապրած ըլլալն ալ կասկածանքի տակ է, ներկայ եղողները թուով այնքան ցանցառ եւ վտիտ են եւ ապրելու բացառիկ եղանակ մը ունեցած են, որ կարելի չ'ըլլար ըսել թէ կազմակերպեալ միաբանութիւն մի է, որոշ ուղղութեան կամ օրէնքի մը տակ։ Ապրելու բացառիկ եղանակն է, որ գտնուած վարդապետները ամառուան տապին միշտ ցրուած են, իւրաքանչիւրը իր նախասիրած ամառանոցը կամ ազգականին այգին. Վանքը մնացեր է մէկ կամ երկու ծերունիներու հսկողութեան տակ։
       Եթէ այս ցրուածութիւնը գտնուող Մեծաւորին տնօրէնութեամբ եւ հաճութեամբ լինէր, ինչպէս ժամանակին հաւաքաբար Կաթողիկոսն ալ միասին, ամարանոց կ'երթան եղեր, միաբանական կեանքի կապերուն չէր վնասեր, բայց դժբախտաբար այսպէս չէ եղած։
      
       Հետեւեալները են միաբանք.
       1. - Գեր. Տ. Կիրակոս Եպիսկ. Բէքմէզճեան , Սսեցի.
       2. - Արժ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Չօլաքեան, Սսեցի։
       3. - Արժ. Տ. Յակոբ Ծ. Վրդ Կէօնիւլեան, Սսեցի.
       4. - Արժ . Տ. Բարսեղ Ծ. Վրդ. Մանկրեան, Հաճնցի.
       5. - Արժ. Տ. Խորէն Ծ. Վրդ. Դիմաքսեան, Կիւրինցի.
       6. - Արժ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Թուր-Սարգիսեան, Հաճընցի.
       7. - Արժ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Կարօեան, Խարբերդցի.
       8. - Արժ. Տ. Մկրտիչ Ծ. Վրդ. Թապագեան, Մարաշցի.
       9. - Արժ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Ամատունի, Պոլսեցի.
       10. Արժ. Տ. Միքայէլ Վրդ. Աջապահեան, Սսեցի, (աշակերտ Ժառ . վարժարանի).
       11. - Բարեշն. Կարապետ Սարկաւագ Ասըլեան, Սսեցի, (աշակերտ Ժառ . վարժարանի).
       12. - Բարեշն. Սահակ Սարկաւագ Աջապահեան, Սսեցի, (աշակերտ Ժառ . վարժարանի).
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ։ - Ասոնցմէ դուրս են Երուսաղէմէն հետս բերածները Վաղարշակ Աբեղայ Պօղոսեան եւ Մանուկ Սարկաւագ։
       Կան եւ թոշակաւոր ծառայողներ. -
       1. -Քարտուղար 40 Լր. օսմանեան տարեկանով, որ Ժառանգաւորաց եւ որբանոցի մէջ ուսուցչութեան պաշտօն ալ կը վարէր։
       2. -Հացագործ 1000ղրշ. տարեկանով։
       3. -Ջորեպան 621ղրշ. տարեկանով , որ լեռնէն փայտ եւ Թլանէն ցորեն բերելու պաշտօն ունի։
       4. -Ջրկիր, ամսական մէկ մէճիտով, գետէն ջուր կը բերէ խմելու։
       5. - Խոհարար մէկ օսմ. ոսկի ամսականով։ Այս վերջինը նոր է, առաջ երբեմն կին եւ երբեմն այր խոհարար գործածած են առանց որոշ ամսականի, հետեւաբար ուզած ատեննին ձեռքը մի քանի ղրշ. տալով ճամբած են, որոց մի քանիսին հին պահանջները նոր վճարուեցան։
      
       Բ
       Հանգուցեալ Կաթողիկոսի օրով, ինչպէս միաբանութեան քանակը, նոյնպէս սնունդը յայտնի չէ, որովհետեւ ինքը Սիսի մէջ երկար մնացած չէ, որով Վանք եւ վանականք դէպքին ու բախտին մնացած են, բայց 1895էն վերջը բոլորովին խեղճութեան մատնուեր են, այնքան որ նախնի դարերու անապատականներէն աւելի ժուժկալութիւն ունեցած են։ Տարի եղած է, որ պանիրի երես տեսած չեն` ագարակը միշտ ձեռքերնին ըլլալով հանդերձ։ Տարի եղած է, որ ամիսներով գարիի հացով շատացեր են. միս ուտել հազուադէպ է, այն ալ մէկ երկու օխայով` ժառանգաւորաց վարժարանը բանալէն ետքն ալ։ Եթէ մասամբ չափազանցուի , մասամբ ալ ուղիղ է, որ այս տարի բարեկենդանի շաբաթը մէկ օխա իւղով անցուցեր են։ Եթէ ստոյգ է, ըստ իրենց պատմութեան, փայտեայ դգալի պակասութենէն` փոխն փոխ ուտելու հարկն ալ վճարած են։ Պահոց օրերը ձիթապտուղ տալու սովորութիւն ունեցած չեն, ձիթաիւղ եւ շըրլըգ (սուսամ եաղը ) Ատանայէն երբեմն բերել տուած են, երբ կռահեր են, թէ այնտեղ աթոռական մի քանի ղրշ. արարդիւնք գոյացած է։ Այս տարի մեծիպահոց մինչեւ մեր ժամանումը, դահինով, կամ առանց դահինի երեկոյ առաւօտ լափա կերած են, որմէ տղայք զզուած եւ ձանձրացած` մի օր խմբական թափորով իրենց բաժինը տարեր Տեղապահ ծերունի Սրբազանին առաջքը դրած են։ Սնունդը այսքան աննշան եւ անսննդարար ըլլալով զգեստեղէն ալ տալու միջոց ունեցած չէ վանքը . միայն ծերունիներէն աւանդաբար լսուած կը պատմեն իբրեւ կորուսեալ դրախտի վէպը, որ ժամանակին վիճակներէն իբրեւ նուէր եկած, կաղանդին կաթողիկոսները մէկ մէկ թօփ ալաճա կը բաժնեն եղեր Վարդապետաց եւ Սարկաւագաց։
       Հետեւեալ տողերը միաբան Վարդապետէ մը ի գիր առնուած, աւելի պերճաբան են եւ աւելի ցայտուն կերպով ի վեր կը հանեն միաբանութեան սննդառութիւնը։ «Ս. Աթոռոյս ներքին մատակարարութիւնը Մկրտիչ Կաթողիկոսի մահէն ասդին միշտ դժգոհութեան եւ տրտնջանաց առիթ եղած է միաբանութեան մէջ։ Այդ միաբանութիւնը կազմող քանի մը վարդապետները յետին թշուառութեան ենթարկուած ապրած են ցարդ տնտեսական յոռի մատակարարութեան մը երեսէն, ո՛չ կանոնաւոր սնունդ, ո՛չ կանոնաւոր զգեստ ստացած են վանքէն։ Վանքը կրնայ ըսուիլ, որ վարդապետներուն մի միայն հացը, չոր հացը հայթայթած է, այն ալ շատ անգամ ստորին տեսակէն եւ ո՛չ փափաքուած քանակութեամբ։ Սոյն տիրող թշուառութեան դէմ անոնցմէ ոմանք որ նիւթական միջոցներ ունեցած են, կուրծք տուած են, միշտ իրենցմէ սպասելով. իսկ անոնք, որ այդ միջոցներէն զրկուած էին, այսինքն թէ վանքէն դուրս ո եւ է պաշտօնով կամ գործով մը դրամ շահած չէին կանխաւ, մնացած են միշտ նոյն կարօտութեան մէջ։
       «Միաբանութեանս այս անձուկ վիճակը կը շեշտուի, երբ նկատի առնենք, որ օտար կամ դրսեցի անդամ մը չունի այժմ, վասնզի դրսի դիւրակեցութիւնը չէ ունեցած մեր վանքը։ Իսկ ներքին անդամներուն այսքան զրկողութեան դիմացած մնալը գաղտնիք մը չէ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն ուրոյն պատճառներն ունի մնալու։
       «□Մարդ մը որ աշխարհային զուարճութիւններէն, վայելքներէն եւ փառքերէն հրաժարած է կամովին, դիւրակեցութեան ետեւէ ըլլալով` իր սկզբունքը ուրացած պիտի ըլլար. բայց դիւրակեցութիւնը իր ամենէն համեստ ու պատշաճ սահմանին մէջ կեանքի անհրաժեշտ պէտքերէն է, մէկ խօսքով պիտի ըսէի, կեանքը չէ յարգուած երբեք այս վանքին մէջ. այսինքն վարդապետի կեանքը»։
      
       Գ.
       Երբ կաթողիկոսական ընտրութիւնը սկսած է լուծուելու կերպարանքն առնուլ, չը նայելով վանքի եւ միաբանութեան նիւթական անձկութեան, 1899 Մայիս 17 ամսաթիւ շրջաբերականով Կիլիկիոյ վիճակներէն տղաքներ ուզած են, հետեւեալ պայմաններով.
       1. - Մարմնով քաջողջ, բարոյապէս բարեբարոյ, մտաւորապէս արթուն եւ ուշիմ եւ ձայնեղ,
       2. - Քիչ շատ հայերէն եւ թուրքերէն գրել, կարդալ,
       3. - Հասակ 12-15,
       4. - Նախապատուութիւն անոք եւ որբ եղողներուն,
       5. - Ապագային եկեղեցիին ծառայելու խոստում ծնողներէն կամ խնամակալներէն,
       6. - Անձնաթուղթ ունենալ հետերնին։
       Մինչեւ Սեպտեմբեր Ատանայէն 2, Գերմանիկէն 2, Կիւրինէն 3, Եօզղատէն 2, Մալաթիայէն 1, Այնթապէն 2, Սիսէն 2, Եէրէպագանէն 2, Չորք Մարզպանէն 1, ընդհամէնը 18-20 տղայ կը ժողվեն եւ նոյն ամսոյ կէսերուն դպրոցը կը բանան Հրանդ Վարդապետի տնօրէնութեան տակ, ուսուցչութեան օգնական տալով Բէքմէզճեանի փեսայ Պ. Մարտիրոսը։ Երկրորդ տարին հանգուցեալ Եսայի էֆ. Փոլատեանի կը յանձնուի տնօրէնութիւնը` տարեկան 40 ոսկիի վարձքով. Մարտիրոսը դարձեալ օգնական ուսուցիչ. իսկ Գ. եւ Դ. տարիները Ամատունի Մեսրոպ Վարդապետի տնօրէնութեան տակ կառավարուած է, օգնական ուսուցչութեամբ Յարութիւն էֆ. Քէտէրեանի։
       Վանքը Ամատունիին, իբրեւ տնօրէնի բան վճարած չէ, այլ միայն թոյլտուութիւն ըրած է, որ ի հաշուոյն ժառանգաւորաց կարգին 4-5 թոշակաւոր աշակերտներ պահէ, որոնցմէ սննդուելէ զատ` տարին 15-20 ոսկիի չափ օգտուած է։ Տարեկան 20 ոսկի որբանոցէն առած է իբրեւ Տնօրէն։
       Անցեալ տարի Ժառանգաւորներէն մի քանիսը ճամբուած են իրենց հայրենիքը իբրեւ ըմբոստ Տնօրէնին դէմ, իբրեւ անընդունակ եւ իբրեւ ոչ բարեբարոյ եւ անոնց տեղ նորեր հաւաքած էին քսան թիւը ամբողջ պահելու համար, այլ թէ մեծամեծ յոյսերով եւ ըստ տեղւոյն բաւական ծախսով հաւաքուած տղայք տեսնենք թէ ի՞նչպէս սննդուած, զգեստաւորուած եւ հանգստացած են։
      
       Դ
       Այս հատուածն ալ երկար չը պիտի լինի. վարժարանը առանձին խոհանոց ունեցած չէ, այլ միաբանութեան խոհանոցէն կերակրուած է. իսկ միաբանութեան սննդեան մասին բաւականէն աւելի ծանրացանք։
       Վանքը տարեկան իւրաքանչիւր տղու երկուական ձեռք ճերմակեղէն տրուած է կ'ըսեն, թէեւ երբեմն լուացքի օրեր, եղած են տղայք որ փոխնորդի պակասութեամբ պարտաւորուած են մուտքէն դուրս չելլել։ Իբրեւ կապա կը հագնին Մարաշի ալաճա, զոր երբեմն Ատանայի խանութներէն, երբեմն ալ Մարաշէն իբրեւ նուէր, կամ նպաստ կը հաւաքեն եղեր. իսկ վերնազգեստը (սաքօ ) ամառուան կամ ձմեռուան, շնորհակալութեամբ կը յիշուի թէ յաճախ Արժ. Տ. Ներսէս Վարդապետ Դանիէլեանը Պոլսոյ բարեսէրներէն հաւաքած եւ ղրկած է, ինչպէս նաեւ դասագրեանք եւ դասական պիտոյք։
       Կօշիկ տարեկան մէկ զոյգ, իսկ գուլպայ, եղած ատեն հագեր են, չեղած ատենը մերկ ոտքերով անցուցեր են։ Այս ամէնը մենք աչքով տեսանք եւ չը դիմանալով այսքան խեղճ եւ անհանդուրժելի վիճակի մը, ցրուելը պահելէն շատ աւելի օգտակար դատեցինք, եթէ ոչ ուրիշ նկատմամբ, գոնէ առողջապահական տեսակէտով, թէեւ նոյնքան ճշմարիտ է որ դատարկ ստամոքսով եւ կիսամերկ մարմնով, միտքն ալ չի մարսեր իրենց մատակարարուած սնունդը։
       Այս ամէնը իբրեւ չքաւորութեան հետեւանք այնքան տարօրինակ եւ զարմանալի չը թուեցան ինձ, բայց Աւագ Շաբթուան մէջ բաւական ցուրտ եղանակին պատահածը յանկարծակիի բերաւ զիս։ Տղայք Ս. Զատկին պիտի հաղորդուէին, լուացք եւ մաքրութիւն ըստ կարգին, մի օր վանքին մէջ ժառանգաւորաց չերեւալնուն պատճառաւ, հարցուցի ո՞ւր են տղայք. պատասխանեցին.
       -որովհետեւ հաղորդ պիտի առնեն, գետը գացին մաքրուելու եւ լուացուելու համար։ Ի՜նչ ընէին խեղճ տղայքը. աւանին մէջ բաղնիք չը կայ. վանքին մէջ ժամանակին շինած են, բայց այժմ օձեր կը բնակին անոր փլատակաց մէջ։
       Այս ամէն զրկանքներուն մէջ եթէ հանգիստ ննջարան ունենային, գոնէ խեղճութիւնը մասամբ դարմանուած կը կը լինէր. այդ ալ չկար. ուստի տղայք բաժնուած էին վարդապետաց խուցերուն մէջ եւ այս շնորհին փոխարէն` անոնց առտնին ծառայութիւնները կ'ընէին . սուրճ եւ ջուր տանիլ, սենեակ մաքրել, անկողին ձգել եւ խոհանոցէն կերակուր տանիլ ու ամանները լուալ, միայն տեղապահին սենեակը դարպաս ըսուած, չորս տղայք կը գիշերէին։
       Ահա այս վիճակին մէջ գտնելով Սսոյ Ժառանգաւորաց վարժարանը` անոր չէութիւնը էութենէն աւելի օգտակար համարեցի, ուստի ցրուեցի 600 ղրուշի ճանապարհածախսի զոհողութեամբ, կամ լաւագոյնը ունենալ, կամ բնաւ չունենալ։ Եթէ Ազգը հաւատարիմ մնայ իւր խոստման եւ պէտք եղած աջակցութիւնը չը զլանայ, շատ մօտ ապագայի մէջ այս վանքը կ'ունենայ իւր ժառանգաւորացը բառին լիուլի նշանակութեամբ։
      
       Ե
       Հին եւ նոր մակդիրներով Սսոյ մէջ երկու վանք կայ, թողունք շատ մը աւերակ մատուռներ, ամէնքն ալ անգիր եւ անյիշատակ։
       Հիւսիսէն ի հարաւ դէմ առ դէմ ձգուած երկու լեռներու միջեւ, բաւական լայնանիստ ձորի մը մէջ շինուած է Սիսը։ Արեւելեան լեռնաշղթային փէշերուն վրայ ցրուած են Սսեցւոց այգիները, պարտէզներն եւ ցանցառ ծառաստանները։ Արեւմտեան լերան սեպաձեւ գագաթին վրայ շինուած է հին բերդը. աւանի բնակութիւնք մաս մը ձորի տափարակին վրայ, մաս մըն ալ բերդի լերան ներքին մասերուն վրայ ցրուած են։ Հին վանքը աւանի հարաւային արեւմտեան կողմն է. ունի անշուք, անձուկ եւ խոնաւութենէ աւերեալ եկեղեցի մը։ Միացեալ Ընկերութեան երբեմնի դպրոցը այս տեղ է, որ այժմ իբրեւ տեղային դպրոց կը ծառայէ։ Այս վանքի գաւթին մէջ թաղուած են կաթողիկոսներ եւ եպիսկոպոսներ։ Նոր վանքը, որ շուրջ հարիւր տարի առաջ Մեծն Կիրակոս Կաթողիկոսը շինած է պարսպապատ` հնոյն հիւսիսային կողմն է եւ երկուքին իրարմէ հեռաւորութիւնը քառորդ մը կը քաշէ։ Երկու վանքերն ալ լերան լանջքին վրայ շինուած են. բոլոր բնակութիւններէն բարձրադիր, մանաւանդ նորը։
       Թողունք հինը եւ մեր Աթոռանիստի նկարագիրն ընենք։ Ունի երեք դուռ, երկուքը հիւսիսային կողմն է եւ մին հարաւային։ Հիւսիսային նախկին դուռը, որ շէնքին հետ շինուած է, փակ եւ անգործածելի, որովհետեւ ներքին անցքերը աւերակ են եւ անցուդարձը երկիւղալի. նոր դուռը աւելի բարձր է, հետեւաբար ելքը դժուարին եւ շնչասպառ։
       Այս դռնէն ներս մտնողին ձախ կողմը քարաշէն մարագ եւ ախոռ է, արեւմուտքէն դէպի արեւելք ձգուած եւ շինուած վանքին հետ միասին։ Աջ կողմը պարտէզի կամ վանքի դատարկ ապառաժուտի բաժանման պատն է։ Ախոռին հարաւային կողմը ընդարձակ տափարակ մի է, որուն հարաւ-արեւելեան կողմն է հանգուցեալ կաթողիկոսի շինել տուած ղամըշլը սենեակները ըսուած կրկնայարկ թաղը հին դրան վրայ։ Վարի յարկը բոլորովին անբնակելի է. վերինը նոյնպէս, որովհետեւ սենեկաց բաժանման որմերը առանց ծեփի` միայն եղէգներով էին, պատուհանները անփեղկ, ուխտաւորաց գալստենէն առաջ վարպետներու քննութեամբ փտած գերանները, պատշգամները եւ յատակի տախտակները փոխուեցան, ղամըշները նորոգուելով ծեփուեցան եւ պատուհաններու փեղկերը շինուեցան , որով պատուաւոր ուխտաւորաց ընդունելութեան ծառայեցին։ Այս թաղին արեւմտեան դիմացն է վանքին խոհանոցը, որոյ մէջ են մառանը, փուռը, ամէնն ալ կիսաւեր։ Թէեւ վանքի շինութենէն ի վեր խոհանոց անուամբ ծառայած է, բայց առանց օճախի, մեր առաջին այցելութեան Մովսէս Սրբազանին հետ, տեսանք որ եռոտանիի մը վրայ կ'եփեն, անմիջապէս կարգադրեցինք որ երկրորդ օրը օճախներ շինեն։ Այս շէնքին դուռը ի հարաւ կը նայի։ Ատկէ ելնելով եւ տասն աստիճանի չափ բարձրանալով` դարպասի դրան առջեւ կը գտնենք ինքզինքնիս։
       Դարպասը հարաւէն ի հիւսիս երկայն սենեակ մի է երեք կամարներու վրայ փայտածածք, ձեղունի եւ յատակի տախտակները բոլորովին փտած եւ ցեցակեր են. ձեղունը բոլորովին կախուած է եւ պատերը ճեղքռտուած։ Վանքին մէջ միայն ծերունի Սրբազանն է, որ այդ շէնքին մէջ նիստ ու կաց ընելէ եւ պառկելէ չի վախնար։
       Դարպասէն դուրս մի քանի քայլ դէպ ի արեւմուտք իրարու մէջ երեք մթին եւ խոնաւ խցիկներ կան. առաջինը` դարպասատան սրճարանն է, երկրորդը` որ անկէ երեք աստիճանով կը բարձրանայ , վարդապետի եւ սարկաւագի ննջարան է, իսկ երրորդը աւելի փոքր եւ բոլորովին մթին, մուտքը երկրորդ սենեկէն է, դատարկ մառան մի է։
       Այս սենեակներէն հինգ վեց քայլ դէպի հարաւ երթալով` աջ թեւիդ վրայ նոր խոռոչ մը կուգայ , ուր ծիրանի ծառ մը կայ եւ քիչ մը անդին, դէպի արեւմուտք նոր վերելք մը, որուն կիսուն վրայ ձախ կողմդ դուռ մը կը բացուի, ուր է հանգուցեալ կաթողիկոսին վեհարանը կամ ձմեռանոցը, թերեւս եւ գանձատունը։ Այստեղ Ազգ . Պատուիրակ Գեր. Մովսէս Սրբազանը ընդունելու եւ պատուասիրելու հաճոյքը վայելեցի. եթէ ինքը գիշերները անհանգիստ ըլլալու անախորժութեանց ենթարկուեցաւ, ես մեղք չունիմ. ասկից զատ. ես իրմէ աւելի հանգստի երես չը տեսայ եւ մինչեւ հիմայ ալ տեսած չեմ։ Այս տեղ ալ կան մի քանի փտած խուցեր, իբրեւ սրճարան եւ իբրեւ փոքրաւորի կամ պահակի սենեակներ. հիւսիսային դրան դէմ առ դէմ հարաւային դուռ մի ալ ունի, ուրկէ տանիք, կամ պարտէզ կ'ելլուի։ Շարունակենք վերելքը, դառնանք ի հարաւ եւ դռնէ մը ներս մտնենք ձմերոցի տանիսը։ Այս տեղ ալ կան, կամ Ատանա եղած օրերս, առձեռն պատրաստեր են երեք սենեակներ` դռներու, պատուհաններու, ձեղունի եւ տանեաց կղմինտիրներու կարկտուքներով, որոց վարձքը 700 ղրշէն աւելի մենք վճարեցինք։ Այդ սենեակներէն միոյ մէջ հետս եղող Աբեղան եւ Սարկաւագը պատսպարուած են. կից եւ արեւմտեան կողմինը խոհանոցի վերածեցինք, երրրորդ մը դէպ ի հիւսիս` ածխանոցի կը ծառայեցնենք, նաեւ առ այժմ անպաշտօն պահակցուի մը ննջասենեակն է։
       Այս բացաստանին մասամբ տանիսին եւ մասամբ գետնին արեւմտեան կողմը նոր վերելք, ուրկէ մի քանի աստիճաններ բարձրանալէ ետքը` կը դառնայ հիւսիս, շարունակելով կը հասնինք վեհարանի յարկին. բաւական ընդարձակ լիվա մը առաստաղը զարդարուն եւ ներկուած, բայց կողմինտր չունի, ուստի անձրեւի ժամանակ չորս կողմէն հեղեղներ կ'ելլեն եւ սանդուխին անկոխ վիճակ մը կուտան։ Լիվայի հարաւային կողմը երկու կից դռներ կան, արեւելեանը իմ ննջասենեակիս դուռն է, այստեղ է, որ անձրեւի ժամանակ հովանոց գործածելու անհրաժեշտութիւնը զգալի կ'ըլլայ. քովի սենեակը, որ ամառ ձմեռ թացութեան մէջ է. սեղանատուն է, որուն հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմերը անծածկ աւերակներ են։ Մէկ դուռ Լիվայի արեւմտեան կողմը, որ նոյնպէս խոնաւ ու թաց է, իբրեւ մառան կը գործածուի, անոր մօտ հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը դուռ մը կայ, ուրկէ բաղնիքի աւերակներուն, լեռնային պարտէզին եւ ուրիշ աւերակ սենեակներու կ'այցելուի։ Կարկտնուած դուռ մի ալ հիւսիսային արեւելեան կողմը կայ, ուրկէ կը մտնենք քառաթեւ վեհարանը։
       Այս քառաթեւ շէնքը Մեծին Կիրակոսի գլուխ գործոցն է, թէեւ ամբողջ փայտ ու տախտակ որմերն յատակը եւ ձեղունը, բայց իննսուն տարիներէ ի վեր դիմացեր է ժամանակի մանող եւ փշրող ժանիքներուն։ Քանդակազարդ, նկարէն եւ ճաշակաւոր, բայց շինուած օրէն ի վեր նորոգութեան երես տեսած չըլլալուն, տեղ տեղ նկարները կիսաեղծ ծեփերը թափուած եւ տակի տախտակները անկապ բերնի ակռաներու նման դուրս ցցուած եւ կախուած։ Բացի արեւմտեան թեւերէն միւսներն ունին հնգական պատուհաններ, որք առանց ապակիի, միայն տախտակեայ փեղկեր ունեցած են, անոնք ալ մաշուած, կարկտնուած, կրկին մաշուած եւ թափթփած են։ Հիւսիսային թեւի հինգ պատուհանները բնաւ փեղկեր չունին, արեւելեանները, որոնց առջեւ է ամբողջ աւանը եւ արեւելեան գեղատեսիլ եւ դալարազուարճ լեռնաշղթան եւ այգիներու ու պարտէզներու սպիտակափառ ամարանոցները, նոյնպէս փտած եւ մասամբ թափթփած են. հարաւային թեւի պատուհաններու վիճակը նոյնն է, ուրկէ կ'երեւի Թլանի բլուրը կամ Թիլը եւ Անարզաբայի բերդը` չորս ժամ հեռաւորութեան վրայ։
       Իջնենք վար եկած եւ ելած ճանապարհներէն եւ սանդուխներէն` մինչեւ խոհանոցի հաւասարութեան եւ քալենք դէպ ի հարաւ սանդուխի մի գլուխը։ Աջ կողմերնիս, անփականք դռնով եւ անփեղկ պատուհաններով մի սենեակ կայ, որ Ժառանգաւորաց սեղանատունն էր, իջնենք մի քանի աստիճան եւ ձախ թեւերնիս կը պատահի դարձեալ անփականք դրան մը` որ արեւմուտքէն արեւելք երկարաձգուած սրահի մը դուռն է, երբեմն միաբանութեան սեղանատունը եղած է. վերջերս որբանոցի եւ ժառանգաւորաց սերտարան եւ դասարան էր, ուր երեք դասատու միասին կը պարապէին իրենց առարկայի ուսանողաց հետ։ Ասոր շարունակութեան վրայ, արեւելեան կողմը երեք սենեակներ կան, որոց մին սեղանատուն եւ խոհանոց է որբանոցի աշակերտաց։ Իջնենք վար, աջ կողմը անբնակելի եւ օրը օրին վտանգ սպառնացող սենեակներ են, մանաւանդ հանդէսներու օրերուն, որոց տանեաց վրայ հազարաւորներ պիտի խռնուէին, թէ՛ տեղացի մերազնեայք եւ թէ՛ կառավարութիւնը դիտողութիւն ըրին վար առնել այդ սենեակները ` անակընկալ վտանգներու տեղի չը տալու համար, բայց ժամանակը չը ներելուն ձգուեցան իրենց վիճակին մէջ եւ անվտանգ մնացին։
       Կ՛իջնենք վար, եկեղեցւոյ գաւիթը, որ քառաթեւ վեհարանէն ութսուն եւ հինգ աստիճան խորութիւն ունի։ Եթէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց մէջ երկար ապրողներ եղած են, պիտի ըսեմ, որ կամ բնաւ Սսոյ մէջ ապրած չեն եւ կամ վեհարանէն վար իջած չեն։ Այս ընդարձակ գաւիթին արեւելեան կողմը չորս հինգ գետնայարկ սենեակներ կան ի գործածութիւն Վարդապետաց։ Այս սենեկաց վրայ Ատանաբնակ Կեսարացի Ուզուն-Աշըքեան եղբարք նոր երեք սենեակ շինեցին ի յիշատակ կենդանեաց եւ ննջեցելոց։
       Եկեղեցւոյ հարաւային կողմը` վանքի պարիսպին կից չորս քանդուած սենեակներ կան, իբր թէ հանգուցեալ Կաթողիկոսը քակել տուած է ի նորոյ շինել տալու համար, բայց եթէ քակուած ալ չը լինէին, բնակելի չէին ըլլար։ Հարաւ-արեւելեան կողմը գետնայարկ եւ վերնայարկ վեց եօթը սենեակներ կան, որոց չորսը միայն քիչ շատ յարմարութիւն ունին բնակութեան եւ այս սենեկաց տակ է վանքի հարաւային դուռը։
       Նկարագրուած սենեակներէն զատ կան մի քանի խցիկներ, որոց մէջ մտնել ելնելու համար` նախ պէտք է բաժանորդագրուիլ կեանքի ընկերութեան։ Այս է Սսոյ վանքը իր ամբողջութեամբ։
      
       Զ
       Սսոյ մէջ Վանքի կալուածներն են Թլանէն զատ`
       1. - Ջրաղաց, մէկ քարով, Սսոյ գետին եզերքը, տարեկան վարձու տրուած է 120 կիւվլէկ ցորենի։
       2. - Մէկ կազինօ Աճար շուկային մէջ, տարեկան վարձու տրուած է 1380 ղրշի. իմ յԱթոռ ժամանումէս մի քանի օր առաջ այս կալուածի միամեայ պայմանագրին վրայ 1903 Սեպտեմբեր 1-1904 Սեպտ. 1 տարի մըն ալ կ'աւելցնեն եւ վարձքէն 685 ղրշ. կը գանձեն։
       3. - Երկու խանութ խոհարարի, 368+460=828 ղրշ. տարեկան վարձքով.
       4. - Մէկ փոքրիկ սրճարան, տարեկան 756 ղրշ. վարձքով.
       5. - Մէկ փոքրիկ տուն մը Ուզուն-Թարլային մէջ 115 ղրշ . վարձքով.
       6. - Պարտէզ մը 36 արտավար 1035 ղրշ. ի վարձքով.
       7. - Հայոց թաղին մէջ աւերակ տուն մը.
       8. - Թլանի մէջ երկու քարով ջրաղաց մը տարեկան 700 կիւվ. ցորենով։
       Հասութաբեր այս կալուածներէն զատ` վանքին սեպհական գետիններուն վրայ զանազանք տուներ շինած են եւ տարեկան մասնաւոր տուրք մը կը վճարեն իբրեւ իճարը- զէմին։
       □Ըստ այսմ Սսոյ վանուց ի Սիս գտնուած կալուածոց եկամուտն է ջրաղացք 820 կիւվ. ցորեն վերածեալ 15 ղրշէն 12300, գազինօ, խանութներ, պարտէզ եւայլն 4114, իճարը զէմին` 448 1/2, ընդ ամէնը 16336 1/2 ղրշ։
       Աւանի մերձաւոր շրջակայքը 400արտավարի արտեր, որոնցմէ գրեթէ բնաւ չ'օգտուիր վանքը։
       Թլանի ագարակը հեռու է Սիսէն 3 1/2 ժամ, տարածութիւնը անորոշ, երբեմն 1000, երբեմն 15-20000 արտավարի կը բարձրացնեն, իսկ 1867 ցուցակի մը մէջ 2000։ Որքան ալ լինի, հազիւ կէսը մշակելի է, միւս կէսը ճախնուտ եւ եղեգնուտ է։ Վանքը ցարդ նշանաւոր օգուտ մը տեսած չէ, հանգուցեալ Կաթողիկոսը տարեկան 10-18 հազար ղրշ. ծախս ընելով` բաւական արդիւնք կ'առնէ եղեր, մէկ երկու անգամ բրինձ մշակել տուած է, առատ բերք եկած է, յորմէ Ֆրէնկեան հանգ. Յովհաննէս էֆ. օգտուած է թէ բրինձի վաճառատունէն եւ թէ Կաթողիկոսի ամսականաց գանձումէն 500 էն աւելի ոսկի պարտական մնացեր է եւ այս բանը ամբողջ Ատանացիք գիտեն, սակայն ժառանգորդները հանգուցեալին կալուածները յԱտանայ, ի Տարսոն եւ ի Մերսին ծախել տուած եւ մէջերնին բաժնած ժամանակ, հանգուցելոյն այդ պարտքը յիշելու խղճմտութիւնն անգամ ըրած չեն։
       □Եթէ Վեհափառ եւ բարեխնամ Կայսրը իրեն բնական արդարութեամբ եւ գթալիր սիրով բարեհահի հրամայել Թլանին մի անգամ ընդ միշտ վանքին սեփական ըլլալը, իմ կարծիքով վանքը իր նիւթական եւ բարոյական անձուկ միջոցներով բնաւ չը պիտի կարողանայ պէտք եղածին պէս շահագործել։ Ջրաղացը իւր արդի նահապետական վիճակին մէջ միշտ 500-700 կիւվ . ցորեն արդիւնք պիտի տայ, իսկ եթէ արդի գիտական եղանակով բարեփոխուի եւ առատ ջուրին ոյժը բամպակի գործարանի մըն ալ գործածուի, հարիւրաւոր լիրայի անհրաժեշտ պէտք ունի, նոյնպէս երկրագործական հին արօրները, եթէ եւրոպականի չը փոխուին եւ հնձելու ու կալսելու տաժանելի աշխատութիւններն ալ մեքենայով չը կատարուին, վանքը տարին հազիւ 500 արտավար կարող պիտի ըլլայ մշակել եւ ատոր արդիւնքն ալ տութմաներուն, տաւարածներուն եւ չիֆթճիպաշիին պիտի բաւէ, վանքը ի զուր ծախս պիտի ընէ եւ հազար ու մէկ գլխու ցաւանքներ պիտի քաշէ։
       Ուստի միակ միջոցն է, որ դրամատէր եւ հողասէր ազգային մը մեծ գումար մը յատկացնէ, ոչ իբր զոհողութիւն, այլ շահակցութեան համար, բաւական երկար պայմանաժամով մշակել տայ, մասնագէտ, գիւղատնտես երկրագործի մը տնօրէնութեան տակ, ջրաղացը բարեփոխէ, բամպակի գործարան մը հաստատէ, շերամաբուծութեան համար թթաստան մը հասցնէ, ճախինները ցամքեցնէ, եղէգնուտները մշակելի հողի վերածէ, դրած գումարին քանի մը պատիկը շահի, վանքին ալ շահեցնէ եւ պայմանաժամը լրանալէն ետքը, եթէ ուզէ, նոր պայմանագրութեամբ գործը շարունակէ. եթէ չուզէ, ագարակը իւր բոլոր պարագաներով վանքին յանձնէ։ Կը խնդրեմ, որ Պատկ. Վարչութիւնը այս պարագան լուրջ ուշադրութեան առնու եւ առ առաւելն 10 տարուայ մէջ վանքը իսկական ագարակի մը տէր եւ Կիլիկիան ալ երկրագործական դպրոց մը ունենալու բախտին արժանացնէ։
      
       *
       Մարաշի մէջ ալ ունի վանքը արտեր, պարտէզներ եւ խանութներ, զոր հանգուցեալ Կաթողիկոսը ինչպէս Թլանը, նոյնպէս այդ կալուածները իր անունին դարձուցեր է, որով թէպէտեւ տարին 6-8000 ղրշ. եկամուտ կը բերեն, յորմէ հարիւր տարին վանքին հասած է, 500-1000 ղրշ. բայց ամենամեծ ցաւ մը եղած են վանքին, շնորհիւ օր ըստ օրէ բուսնող ժառանգորդներու եւ տակաւին վերջերս Մարաշէն կը գրէին, որ տեղւոյն Արազիին միւտիրին դրդումովը երկու ժառանգորդներ դուրս եկած են, մին Պապական, միւսն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ հարազատ, եւ մեծամեծ զբաղմանց եւ սրտմաշութեանց առիթներ կու տան տեղւոյն առաջնորդարանին։
      
       Է
       Վիճակային հասոյթից որակին եւ քանակին վրայ բան գիտցող չը կայ վանքին մէջ, որովհետեւ վիճակները կաթողիկոսին մահէն յետոյ իրենց պարտաւորութիւնը առ Ս. Աթոռն բոլորովին զլացած են. միայն ի պատիւ Ատանացւոց պէտք է խոստովանիլ որ իբրեւ ամենէն մերձաւոր վիճակը Աթոռին եւ աթոռայնոց ցաւերը հոգալէն կամ քաշելէն զատ` տարին 1500-2500 ղրշ. աթոռահաս իրաւունք տուած են։
       Պատահաբար ձեռք անցած ցուցակի մը համեմատ վիճակները կուտան եղեր.
       1. - Սիս, Կոյս ընդ կուսի պսակէն 5 ղրշ ., նշանտուքէն` 5, երկրորդ եւ երրորդ պսակներէն, նոյնպէս այր ընդ կուսի, կոյս ընդ այրւոյ` 10-20 ղրուշ։ Տէրուն ըսուած ծուխերուն արդիւնքը։ Պօղոս, Պետրոս եւ Ս. Մինաս մատուռներուն գանձանակադրամը Աթոռինն են եղեր։
       2. -Ատանա, Կոյս` ընդ կուսի 5. Բ. եւ Գ. պսակէն ըստ կարողութեան, մկրտութենէն 1, թաղումէն 2 1/2։ Տարեկան Ս. Լուսաւորչայ տօներուն գանձանակի արդիւնքը, վախճանեալ քահանայից ծուխերու առ ու ծախի արդիւնքը, հինգ տաղաւարներու յիշէքը. ամէն տարի երկրագործներէն պտղի անունով առնուած ուտելեղէնը, հարսանիքներէն գոյացած շըրլըգին կէսը, դուրսէն եկող եւ բնակութիւն հաստատող (տէրունի ) ընտանեաց հոգեւոր տուրքերը։
       3-4. - Տարսոն եւ Մերսին, Ատանայի պէս։
       5. -Անտիոք, Տարեկան 1500-3000. Ս. Միւռոնի ամէն օրհնութեան ատեն նուիրակ կը ղրկուի, քաղաքի եւ գիւղօրէից եկեղեցեաց գանձանակներ, Եագուպիյէի եւ Ղընիյէի վանքի ձիթաստաններուն արդիւնքը։
       6. -Պուլանըգ, Կոյս ընդ կուսի, կամ կոյս ընդ այրւոյ` 5 ղրշ . Ամէն տարի երկրագործներէն պտղի, Ս. Միւռոնօրհնութեան տարիները նուիրակութիւն։
       7. - Բերիա, Ծախուելով հանդերձ անորոշ գնով նուիրակութիւն ունի։
       8. - Քիլիս, Բերիոյ վրայ է, բայց Աթոռը ունի մէկ ձիթաստան եւ նուիրակութիւն
       9. - Այնթապ, Բերիոյ նման։
       10. -Մարաշ, Պտղի, ապուրցու , գանձանակ եւ նուիրակութիւն։
       11-13. - Պէհէսնի, Ատըեաման, Մալաթիա, Կիւրին, Մարաշի նման։
       14. - Եօզղատ, Նուիրակութեան հետ մէկտեղ տարեկան 3000 ղրուշ։
       16. - Հաճըն, Զէյթուն, Ֆրնուզ, Տարէնտէ, Մանճըլըգ, Տիվրիկ վեց վանքերուն Աթոռին տալիք տուրքն է գանձանակադրամ եւ նուիրակութիւն։
      
       Ը
       Եկեղեցին չմտած` Աւագ դրան վրայ, եկեղեցւոյն լայնութեամբ հինգ կամարի վրայ ծածք մը կայ. առաջ այս կամարներուն վրայ եղած է կանանց վերնատունը, բոլորովին անջատ եւ արտաքոյ եկեղեցւոյն, ինչպէս է յԵրուսաղէմ Ս . Յակոբեանց եկեղեցւոյն վերնատունը եւ մուտքը դուրսէն։ Հանգ. կաթողիկոսը քակելով վերնատունը եւ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեան կամարները փակելով եւ պատուհաններ ձեւացնելով` վերնատունը ներս կ'առնէ փայտեայ սիւներու վրայ տոլմայով դուրս ելած է, որոյ ներքին ծեփն անգամ ընելու միջոց եւ կարողութիւն ունեցած չէ, որով տոլմայի տախտակներու տգեղ տեսքը գիւղական աղքատ խրճիթի մը տպաւորութիւնը կ' ընէ։
       Աւագ դրան ճակատի արձանագրութիւնը կարդալով եւ մեծագոյն շինողին «ողորմի » մը կամ սրտաբուղխ «հոգւոց » մը ըսելով ներս մտնենք։
      
       «Դուռ իմ մտից յոյս վերին
       Լուսոյ փառաց խառնարանին
       Զի աստ խառնի մաքուր գինին
       Լինի զենումն անմահ գառին։
       Կամ թէ անբիծ առագաստին
       Փեսայացեալ անախտ բանին
       Հաստեցելոյ Սեամբ շնորհին
       Հիմնեցելոյ ի բան վիմին
       Նոր կառուցաք բոլորովին
       Թէ ես, թէ շէն արդեամբ վեհին
       Տ. Կիրակոս Սրբազանին
       Բա, ոգելից Հայրապետին
       թվին հայոց Ռ. Մ. Ծ. Թ. մայիս Ժ . օրն
      
       ------
       Սուրբ շինուածոյս վերակացուի
       Եւ զայլ սենեակս ընդ պարսպի
       Մեծաւ ջանիւ կատարողի
       կոյս գրոյս թուահաշուի
       Այսքան ամօք աշխատողի
       Արիաջան փոխանորդի
       Ընտիր Վեհիս Կիրակոսի
       Տ. Եղիայ եպիսկոպոսի
       Որ եւ տեղեաւ խարբերդացի
       Յիշել զանունն է արժանի։
      
       Եկեղեցին շինուած է չորս քառակուսի սեանց վրայ, հետեւաբար երեք սենեակներէ կը բաղկանայ. միջինը կողմնականներէն աւելի բարձր, որոց տանեաց վրայէն միջնոյն համար կլոր լուսամուտներ ձգուած են իւրաքանչիւր կողմէն 3ական հատ։ Եկեղեցւոյ երկայնութիւնը դռնէն մինչեւ դասի շրթունքը 18 մէթր է. անկէ մինչեւ բեմին ճակատը 6, 63 եւ բեմը 3 1/2 մէթր` բովանդակ երկայնութիւնը 33, 13 եւ լայնութիւնը 13 մէթր է։ Թերեւս նոր շինուած ատեն ծեփ ունեցած է ինչպէս կ'երեւի կամարներու մէջի մնացորդներէն. այժմ բոլորովին մերկ է յատակը, մասամբ վեցանկիւնի թուղլաներով է եւ մասամբ պարզ հող. ո՛չ ժողովուրդի տեղը եւ ո՛չ դասերը փռոց չունին, բաց ի Անտիոքի տասնեւութ խսիրներէ։ Ունի երեք պատարագամատոյց սեղան, միջինը յանուն Ս. Երրորդութեան եւ կողմնականները` յանուն Ս. Կարապետի եւ Ս. Ստեփանոսի։ Սեղաններն ալ փռոց չունին եւ ոչ` կարգին վարագոյրներ։ Խաչկալը, որ շատ գովուած է, ունի ինն աստիճան, որ եթէ Երուսաղէմի եւ Ս. Էջմիածնի զարդարանքները միացնես չեն լեցներ, այժմու գլխաւոր զարդարանքներն են թզաչափ աշտանակներ, երկու կլոր խաչեր, երկու հրեշտակակերպ զարդեր, մէկ Աւետարան եւ մէկ փոքր պատկեր։ Նոր շինելու ատեն կամ ունեցած են բաւականաչափ զարդեր եւ կամ ապագային ունենալու յոյսով շինած են։
       Հիւսիսային կողմը եկեղեցիէն դուրս ելած է թեւ մը, որ յանուն Ս. Հոգւոյն սեղանն է, յատակէն տասն աստիճան բարձրութեամբ, ուր կը կատարուի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։
       Այս սեղանի արեւելեան կողմն է Ս. Լուսաւորչայ մատուռը, կամ մասանց պահարանը, որոյ դուռը դասին բերանն է։ Դիմացը հիւսիսային կողմը` նոյնպէս դասին բերանը դուռ մը կայ, ուրկէ կը մտնուի յանուն Ս. Էջմիածնայ եկեղեցին, որ արեւմտեան կողմը արտաքին դուռ մը եւս ունի ճակատը յիշատակարանով։
       Թէ՛ անծեփ մեծ եկեղեցին եւ թէ՛ մատուռները արտաքին եւ ներքին ճեղքուածներ ունին, քարերէն ոմանք մաշած են, նորոգութեան մեծ պէտք ունի. ծեփի, յատակելու, անպէտ քարերը փոխելու, վտանգաւոր տեղերը կարկտելու համար 800-1000 ոսկիի կարօտ է։ Ներկայ վիճակին մէջ թերեւս մէկ երկու տասնեակ տարիներ դիմանայ, բայց այնուհետեւ վերանորոգելու տեղ, վերաշինելու պէտք պիտի ըլլայ մի քանի հազարներով։
      
       *
       Գանձատունը մթին, խոնաւ եւ բորբոսնած խոռոչ մըն է Ս. Հոգւոյ սեղանին տակ. բերդանման, նեղ, փոքրիկ եւ միակ լուսամուտ մը ունի արեւմտեան կողմը։ Դուռը Լուսաւորչայ մատուռին մէջ կը բացուի, յատակը հող եւ մկնաբոյն. պատերուն տակ մի քանի ցեցակեր դարակներ ունի, ծեփը թափուած. եկեղեցական անօթք զետեղուած են դարակաց եւ մի քանի փտած շարժական արկղիկներու մէջ, յորոց մի քանի հատ ալ Լուսաւորչայ մատուռին մէջ են թղթերով լեցուն։ Ձեռագիր եւ տպեալ մատեանք, տետրակներ եւ դասագրքեր Լուսաւորչայ մատուռին հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը երկու իշոտնուքներու վրայ, մի քանին տախտակէ յատակի վրայ դիզուած էին, որոց մասին եկեղեցական կահուց ցուցակագրութենէն յետոյ։
      
       Թ
       Գանձարանի մէջ եղածները 1850 մարտ 20ին ցուցակագրուած են այս վերտառութեամբ. «'Ի Պօլսոյ Սրբազան Պատրիարքի փոխանորդ Տ. Թադէոս Ծ. վրդ. Սիրելին եկեալ Ս. Աթոռ մեր, կամեցաք մեք եւ նա դպրութիւն առնել տալ բոլորովին զանօթսն Սրբոյ Աթոռոյս արարաք առաջի իշխանաց Սսոյ քաղաքին եւ են այսոքիկ։»
       Ըստ ցուցակագրութեանս արծաթեղէն, պղնձեղէն եւ զգեստեղէն, ջահեր, աշտանակներ, թագեր, սաղաւարտներ, վակասներ, բուրվառ, գօտի, կոնքեր, կանդեղ, խաչ, սկիհ, քշոց, տապանակ, զարդեր, աջ, արծաթապատ Աւետարան, մասունքներ, շուրջառ, եմիփորոն, փորուրար, թեւնոց, շապիկ, ժամարարի եւ դպրոց գաւազան , ասա, վարագոյր, գոգնոց, ծածկոց, կորփուրա, շուշպա, փէշկիր, խալըչա, եւն. ընդամէնը գտած են ութն հարիւր քսան երեք կտոր, որոց մէջ նշանակելի են Ս. Միւռոնի արծաթեայ կաթսան, յիշատակ, Տիւզեանց Գերդաստանին, մէկ ձեռք Հայրապետական զգեստ, յիշատակ Պէզճեան Ամիրային, մէկ ոսկիէ սկիհ, երեք արծաթեայ ջահեր եւ երեք զոյգ մեծ, միջակ եւ մանր աշտանակներ։
       1867ին վերստին ցուցակագրած են այս խորագրին տակ. «Կիլիկիա Ս. Աթոռումըզըն էմրի մուհաֆազասը էսպապընըն իսթիքմալը իլէ էմլաք վէ ագարընըն սէպտը տէքտէր էտիլմէսի զըմմընտա Մարաշ վէ Ատանա, Սիս վէ Հաճըն շէհիրլէրինտէն միւրէթթէպ մէճլիսի մախսուս մա'րիֆէթի իլէ մուա՛յէնէ աթի պէյան օլուըր»։ (Թարգմ. )
       Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը լաւագոյն վիճակի մէջ պահելու միջոցներուն մասին խորհելու եւ իր գոյքերը ու կալուածները ցուցակագրելու նպատակաւ Մարաշ, Ատանա, Սիս եւ Հաճըն քաղաքներու մասնակցութեամբ կազմուած յատուկ յանձնախումբի կողմէ զննուած ու աչքէ անցուած բոլոր գոյք ու կարասիները ի վերեւ նշանակուած են։
       Ըստ երկրորդ ցուցակագրութեան, որոյ մէջ են նաեւ տնական կահք եւ անօթք, գտած են «իքի պին իւչ եիւզ եիրմի տօգուզ փարչա մալ եէքիւնի. » որոց մէջ հաշուած են 577 ձեռագիր եւ տպեալ գրքերը, 53 ճիլտսիզ տետրակ, 22 փսիաթ եւ այլ շորեղէնք։ Այնուհետեւ վանքի սեփական միւլքերը ցուցակագրուած են, որուն մէջ Թլանի տարածութիւնը 2000 արտավար ըսուած է։ Մի քանի կտակեալ տուներու, ի Սիս եւ յԱտանա, այսօր միայն անունները մնացած են չափահասներու յիշողութեան մէջ։
       Այս ցուցակը հետեւեալ ծանօթագրութեամբ ներկաները ստորագրած եւ կնքած են. «Պալատէ եիւզ սահիֆքէտէ պէեան գըլընան 202 գալէմտէ սէպտի տէֆթէր իքի նիւսխէ օլարագ թանզիմ գըլընմըշ, պիր գըթասը Տէրսա'ատէթէ փաթրիգխանէյէ Տեղապահ եպիսկ. մարիֆէթի իլէ իրսալ գըլընաճաղը վէ տիկէրի Ս. Աթոռտա մումաիլէհ տեղապահ զիմմէթինտէ հըֆզը միւքթէզաի մասլահաթտան պուլունմաղին զիրինի իմզա վէ թէմհիր օլնմըշ տըր։
       Տէր Կարապետ Մարաշլը (Կնիք)
       Գրիգոր Եէտիպէլա Մարաշ (Կնիք)
       Յ. Աւետեան , Ատանալը
       Յարթ. Պուլտուգեան, Ատանալը
       Փէքմէզճեան հճի. Գէորգ, Սիս (Կնիք)
       Լէզինեան Կրպ. Սիս (Կնիք)
       Գէորգ Քիւփէլեան, Սիս (Կնիք)
       Ճըրճըրեան Թորոս , Սիս
       Սարգիս Թուրսարգիսեան, Հաճըլը (Կնիք)
      
       Հասարակութեան մէջ կնքեալ գանձատունը բացուած ըլլալու տարաձայնութեան հետեւանօք 1870ին հետեւեալ ծանօթագրութեամբ «Ս. Աթոռումըզըն էսպագ լուսարարը Փէքմէզճեան Յովհաննէս Վրդ. եէտի իլէ պունտան ագտէմ մէօհիւրլի օլան խազնէ աչըլմըշ օլտուղընտան 1870 մարտ 9, երկուշաբթի կիւնիւ պուլունան միաբանլար իլէ Քիւփէլեան Գէորգ, Լեչինեան Կարապետ վէ Փէքմէզճեան Մանուկ աղալար` կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս սրբազան րէեասէթի թահթընտա թէքրար անօթլարա պագըլըպ 1867 թահրիրինտէն շու քարղիյէթլէր կէօրիւլմիւշ տըր»։ Նոր քննութիւն կ'ընեն եւ տեսնուած տարբերութիւնը` պակսածներուն եւ աւելցածներուն, կը դնեն եւ այսպիսի ծանօթագրութեան «Իշպու անօթլար պէօյլէ կէնէ մուայեէնէ օլունտըքտան սօնրա չիւրիւմէյէ վէ կիւվէյէ այիտ զգեստլէրտէն մա՛տա քեաֆֆէի կիւմիւշէ միւթեալլըգ օլան անոթլարը խազնէյէ գօեուպ պիլիթթիֆագ խազինէ գաբուսը մէօհիւրլէտիքտէն պատէհու խազնէ անախթարլարընը տախի պիր ուֆագ չէքմէճէյէ լեք պիրլէ չէքմէճէի մէզքիւրիւ տախի մէօհիւրլէիպ Լուսաւորիչ պահարանընա գօնուլուպ լուսարարլըգ խըդմէթինի տախի Զեյթունլը Յովհաննէս վարդապետէ քեաֆֆէմիզին րէյի իլէ իհալէ գըլընմըշ տըր»։
       Պետրոս Եպկս. Հաճնոյ (Կնիք)
       Թէոդորոս Եպկս. Ներշապուհ Ատանայի (Կնիք)
       Կիրակոս Վրդ . Քէօսէլեան
       Յակոբ Վրդպ. (Կնիք)
       Քիւփէլեան Գէորգ (Կնիք)
       Լէչինեան Կարապէտ (Կնիք)
       Բէքմէզճեան Մանուկ (Կնիք)
      
       Նոր լուսարարի ընտրութեան, կամ կաթողիկոսի հաճութեամբ լուսարար կարգուելուն առթիւ անօթները Գ. րդ անգամ կը ցուցակագրուին այս խորագրին տակ։
       «1872 Յունուար 1, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս նորընտիր Մկրտիչ Ս. Կաթողիկոս Սրբազան հօր օծման հանդէսը կատարելէն զկնի, ներկայութեամբ Նորին Վեհափառութեան եւ Գեր. Արիստակէս Եօզղատու եւ Պետրոս Հաճնոյ եպիսկոպոսաց եւ քանի մը արժանապատիւ վարդապետաց, որոց ստորագրութիւնը ներքոյ կը տեսնուի, վերոյիշեալ Պետրոս եպիսկոպոսը աւագ-լուսարար կարգելով եւ Աթոռոյս ամեն մէկ եկեղեցական Սուրբ անօթները եւ զգեստները մի առ մի աչքէ անցնելով` Նորին Սրբազնութեան յանձնուեցաւ սոսկալի արարողութեամբ մը, այսինքն Ս. տաճարիս գանձատան բանալիները Լուսաւորչայ Աջոյն մէջ դնելով` Վեհափառ Կաթողիկոսը նոյն Աջէն առնել տուաւ բանալիները, նոր կարգեալ աւագ-լուսարար Գեր. Պետրոս Եպիսկոպոսին». հետեւողութիւն Ս. Երուսաղէմի լուսարարապետին գանձատան բանալիներուն յանձնման։
       Անօթներու ցուցակին տակը «վերոյիշեալ ամէն մէկ սրբազան անօթները եւ զգեստները համայն Արժ. միաբաններու եղբարց ներկայութեամբ Վեհափառ Կաթողիկոսէն ինձ յանձնուած ըլլալուն համար սոյն ստորագրութիւնս տուած եմ։
       Լուս. Պետրոս Եպկս. (Կնիք)
       Յակոբ Վրդ . Տէօվլէթեան
       Եղիշէ Վրդ . Գազանճեան
       Յովհ. Վրդ.
       Յօհան Վրդ.
       Սահակ Վրդ.
      
       1850 եւ 1867 թուականներու ցուցակագիրներու աչքերէն վրիպած է հնոտի եմիփորոն մը իբրեւ հնութիւն եւ սրբոյն Ներսէսի Շնորհալւոյն ժամանակից` իբրեւ թանկագին մասունք մը։
       1872ին ցուցակագիրք այդ մեծ սխալը ուղղած են եւ այսպէս արձանագրած «Հին անթիքա եմիփորոն Ներսէս Շնորհալիի ժամանակէն »։ Շատերէն լսած էի եւ կարծեմ լրագրաց մէջ ալ կարդացած, բայց չէի հաւատացեր, քանի որ միեւնոյն լրագիրք օր մըն ալ հրատարակեցին թէ` «Երուսաղէմի գանձարանին մէջ պահուած են Յակոբ Տեառն Եղբօր սկիհը եւ հողաթափը », որուն վրայ ժամանակին չը զարմանալէ զատ կուշտ մը խնդացեր եմ։ Ի Սիս ժամանելէ մի քանի օր յետոյ երբ հարկ եղաւ չորրորդ անգամ ցուցակագրել անօթները, հետաքրքրուեցայ, մանաւանդ թէ ներկայ գտնուող միաբան վարդապետներու պարծանքով խօսիլը աւելի շատ աւելի հետաքրքրեց , ուստի աչքէ անցուցինք այդ անգործածելի եմիփորոնը եւ յիշատակարանի թիւը նայեցանք, որ արդարեւ տողին ծայրը Ո եւ յաջորդ տողին սկիզբը ՁԳ է, 683+551=1234, բաւական հնութիւն, այլ ոչ ժամանակակից Շնորհալւոյն։ Երկու բան ուշադրութիւնս գրաւեց, մին կտորը, որ պրուղումեայ եւ վերջին ժամանակներու գործ էր, երկրորդ Ո թուագրին անմիջապէս կից սրմա շէրիտին կարուած ըլլալը, իսկոյն կարը մի քիչ քակել տուի եւ Ռ-ին արգելական թեւը դուրս ցցուեցաւ, որով 670 տարւոյ հնութիւնը եղաւ 1083+551=1634, երկու հարիւր եօթանասուն տարուան նորութիւն մը։
      
       Ժ
       Երկրորդ ցուցակին մէջ 577 տպեալ եւ ձեռագիր եւ 53 ճիլտսիզ տետրակներ տեսանք առաջին անգամ Ս. Լուսաւորչայ մատուռին մէջ կալաձեւ իրարու վրայ խառն դիզուած, ուրկէ անմիջապէս դուրս թափել տուինք, տարիներու փոշիներէն մաքրել եւ Ս. Էջմիածնայ Եկեղեցին փոխադրելով` սնտուկներու մէջ զետեղել տուինք։ Վերջերս ձեռագիրներուն համար երկու դարա շինել տալով տպեալներէն զատեցինք եւ կանոնաւորապէս զետեղեցինք։ Ցաւօք սրտի տեսնուեցաւ, որ մերձաւորապէս 150 կտոր ձեռագրաց մէջ կարեւոր հնութեամբ եւ պարունակութեամբ գիրք չը կայ. մեծ մասամբ քարոզ գիրք եւ մեկնութիւններ են. միայն Աստուածաշունչ մը կայ խոնաւութենէ ազդուած եւ թղթերը իրար փակած։
       Այժմ եւ ապա, եթէ Աստուած չը տայ յաջողութիւն աւելի կարեւոր եւ կենսական գործերու, բարենորոգման եւ բարեշինութեան յուսածիծաղ տեղեկագիրներ պատրաստելու, ներկայս թող մնայ ձախող սկզբնաւորութեան մը տխրունակ յիշատակը։
       Աղօթարար վասն Ազգիս
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       1903 Յունիս 3
       Մայրավանք Սսոյ
      
       Սոյն տեղեկագիրը պերճախօս է։ Սահակ Կաթողիկոս ոչ հասոյթ ունէր եւ ոչ ալ իր շուրջը մարդ։ Եղողներէն ոմանք ծեր եւ շատերն ալ տակաւին անփորձ։ Իր գահակալութենէն գրեթէ չորս ամիս վերջ, 1903 Օգոստոս 14-ին, կը վախճանի Կիլիկիոյ Տեղապահ Բէքմէզճեան Կիրակոս Եպիսկոպոս, թէպէտ խորին ծերութեան հասած, թէպէտ ոչ մեծ մտաւորական եւ գործնական պաշարով ճոխացած, բայց կ'արժէ յիշել զինքը իբրեւ Աթոռին հաւատարիմ եպիսկոպոս մը որ Քէֆսիզեան Կաթողիկոսի մահուանէն վերջ Աթոռին իրաւունքները պահպանեց, երբեք չմիացաւ այն եպիսկոպոսներուն, որոնք կառավարութեան թելադրութեամբ Պոլսէն Սիս եկան եւ գաղտագողի կաթողիկոսական ձեռնադրութիւն կատարեցին հակառակ օրինաց եւ ազգի կամքին, թէպէտ իրենց ձեռնարկին մէջ չյաջողեցան, սակայն լաւ անուն մըն ալ չթողուցին։
       Սահակ Կաթողիկոս իր օծումէն սկսեալ փափաք մը ունէր Կ. Պոլիս երթալու, որ հազիւ թէ այդ փափաքը իրագործուեցաւ, կառավարական մասնաւոր արտօնութեամբ, 1904 Սեպտ. 14-ին Կ. Պոլիս հասաւ, Պատրիարքարանի կարգադրութիւնով փառաւոր ընդունելութիւն եղաւ եւ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցի, ուր իր առաջին օրհնութիւնը տուաւ ժողովուրդին։
       Յաջորդ օրերուն Օրմանեան` Կաթողիկոսը ներկայացուց Կայսեր եւ Աւագանիին։ Կայսրը Կաթողիկոսը եւ իր հետեւորդները շքանշանով պատուեց, ամսաթոշակ սահմանեց Կաթողիկոսին, Օրմանեան դիւրութիւններ ընծայեց ի նպաստ Սսոյ Վանքին հանգանակութիւն ընելու, սակայն եւ այնպէս Կաթողիկոս եւ Պատրիարք ըստ ամենայնի իրարու հետ համերաշխ չէին, Աթոռի խնդիր մը ունեցան, եւ անոր յաջորդեց իրաւասութեան խնդիր մը, որուն ի պատասխան Քէֆսիզեան Կաթողիկոսի առաջարկուած եւ տրուած եւ իբր թէ անկէ ընդունուած եւ ստորագրուած «ԾՐԱԳԻՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՄԲԻ » վերնագրով 18 յօդուածներէ բաղկացեալ գիր մը յանձնուեցաւ Սահակ Կաթողիկոսին, որուն պատճէնն է հետեւեալը.
      
       ԾՐԱԳԻՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՄԲԻ
       Ա
       ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ ԱԹՈՌԻՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԸՆԴ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ
      
       Յօդուած 1. - Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռոյ Գահակալն լինելով միայն Ընդհանրական Հայրապետն Ամենայն Հայոց, որոյ ընտրութեան կը մասնակցին նաեւ Կիլիկիոյ Թեմականք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ճանչցած է, կը ճանչնայ եւ պիտի ճանչնայ նորա Գերագահութիւնը։
       Յօդուած 2. - Ամենայն Հայոց Հայրապետն, որոյ ընտրութեան մասնակցելով Կիլիկիոյ Աթոռոյ Թեմականք, կը ճանաչեն նորա Գերագահութիւնը իբրեւ մի մարմին ընդհանուր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, պարտաւոր է ընդունիլ եւ ճանաչել զԿաթողիկոսութիւն Տանն Կիլիկիոյ իբրեւ զմի ի նուիրական Աթոռոց եւ չանուանել զայն հեստեալ եւ հակաթոռ։
       (Այս մասին թէպէտ արդէն բանակցութիւն եղած է ընդ մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ Ազգային Ժողովոյն, բայց ցարդ գոհացուցիչ արդիւնք մը գոյացած չի լինելով, հարկ անհրաժեշտտ է որ Ազգային ցողովը վերստին զեկուցանէ Նորին Վեհափառութեան վերցնել այդ անարգական անուններն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյ վրայէն, որ իւր ժողովրդովք մեր Հայրենի Եկեղեցւոյ Միութեան մի ընտիր եւ հարազատ մասը կը կազմէ)։
      
       Բ
       ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԸՆԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՈՍՈՅ ԵՒ ԱԶԳ. ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴՍ ԵՒ ԳԱՒԱՌ. ԺՈՂՈՎՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Յօդուած 3. - Կիլիկիոյ Առաջն. Վիճակներէն իւրաքանչիւրը ըստ Սահմանադրական Հրահանգի Գաւառաց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, կ'ընտրէ իւր Գաւառ. Ընդհ. Ժողովը եւ ընտրական գործողութեան Տեղեկագիրը կը ղրկէ առ Սրբազան Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ։
       Տանն Կիլիկիոյ Սրբազան Կաթողիկոսն ընտրական գործողութեանց օրինաւորութիւնը նախաքննելէ եւ եթէ սահմանադրական թերի մը ունին, լրացնել տալէ յետոյ կ'ուղարկէ տեղեկագիրն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ի վաւերացումն։
       Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը անոր ընտրական օրինաւորութիւնը ստուգելէ յետոյ կը վաւերացնէ զայնս եւ կը ծանուցանէ Կիլիկիոյ Սրբազան Կաթողիկոսին իւր վաւերացումն, որպէսզի իւր Օրհնութեան Կոնդակաւ հաղորդէ զայն Վիճակին Ժողովրդեան։
       Յօդուած 4. - Եթէ Վիճակի մը Առաջնորդը փափաքի իւր Վարդապետ Առաջնորդն Եպիսկոպոս ձեռնարդրել տալ, պիտի դիմէ խնդրագրով Կիլիկիոյ Սրբազան Կաթողիկոսին, որ Ընծայացուին արժանաւորութիւնը քննելէ եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հաւանութիւնն ստանալէ յետոյ կը ձեռնադրէ զայն։
       Որեւիցէ պարագայի մէջ Կ. Պոլսոյ Ս. Պատրիարքին եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Վկայագիրն անհրաժեշտ է Եպիսկոպոսի մը ձեռնադրութեան։
       Յօդուած 5. - Առաջնորդի ընտրութեան պարագային մէջ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը Ազգին մէջ գտնուած բոլոր անպաշտօն եւ առաջնորդական արժանիք ունեցող Եկեղեցականաց ընդհանուր ցանկը կը հաղորդէ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին, որ նոյն ցանկին մէջէն Գաւառին համար ամենէն յարմարագոյն երեք անձինք կը ցուցնէ Գաւառ. Վարչութեան, բայց Գաւառ. Ընդհ. Ժողովը ազատ է Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ցուցակին մէջէն ալ ընտրելու իւր Առաջնորդը ըստ Սահմանադրական Հրահանգի։
       Յօդուած 6. Առաջնորդի ընտրութեան տեղեկագիրը նախ կ'ուղարկուի առ Ս. Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ, որ ըստ 4-րդ յօդուածի նախաքննելէ յետոյ, կը յղէ զայն առ Ս. Պատրիարքն Կ. Պոլսոյ եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնն, որ սոյն ընտրութեան օրինաւորութիւնը քննելէ եւ ստուգելէ յետոյ կը վաւերացնէ եւ Բ. Դուռնէն պաշտօնական Հրամանագիրն ստանալով կ'ուղարկէ առ Ս. Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ, որ իւր Օրհնութեան Կոնդակաւ կը ծանուցանէ Վիճակին Ժողովրդեան, հաստատելով զԱռաջնորդն։
       Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնն իւր վարւերացումը կը ծանուցանէ նաեւ Գաւառ. Ժողովոյն յատուկ նամակաւ։
       Յօդուած 7. - Առաջն. Տեղապահի ընտրութիւն հարկ եղած ատեն եթէ Գաւառ. Վարչութիւնը Առաջն. Տեղապահ մը անմիջապէս չի նշանակէ, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը Ազգ. Կեդր. Վարչութենէն ցանկ մը կը խնդրէ եւ անոր մէջէն մին ընտրելով կ'առաջարկէ Ս. Պատրիարքին ի վաւերացումն, որ Բ. Դուռնէն Հրամանագիր առնելով կը յղէ զայն առ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսն ի գործադրութիւն։
       Յօդուած 8. - Քաղաքական եւ Կրօնական եւ Քաղաքական խառն խնդրոց համար Առաջնորդք եւ Գաւառ. Ժողովք Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին միջոցաւ կը թղթակցին Կեդր. Վարչութեան հետ, սակայն ստիպողական պարագային մէջ Առաջնորդք եւ Գաւառ. Ժողովք ազատ են ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտնել Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հետ□ միայն թէ իրենց թղթակցութեան մէկ պատճէնը կը ղրկեն առ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսն ի գիտութիւն։
       Յօդուած 9. - Զուտ Կրօնական խնդրոց մասին Առաջնորդք եւ Ժողովականք պարտին ուղղակի դիմել Ս. Կաթողիկոսին Կիլիկիոյ, որ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ օրինաց եւ աւանդութեանց համաձայն, իւր վճիռը տալով կը ծանուցանէ զայն ի գիտութիւն թէ Գաւառին եւ թէ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան։
       Յօդուած 10. - Եթէ Առաջնորդի մը վրայ ամբաստանութիւն ծագի, Թեմականք ծանուցանելով զայն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կը դիմեն առ Ս. Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ, որ պիտի ջանայ իրաւախոհ ընել զանոնք եւ երբ իրաւախոհութիւնն անհնար լինի, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսն արժանաւոր անձինք կ'ընտրէ իբրեւ Քննիչք կամ Տեսուչք, ըստ Սահմանադրական Հրահանգի, եւ անոնց Տեղեկագրին արդիւնքը հանդերձ դիտողութեամբ կը ծանուցանէ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, որոյ կը պատկանի միշտ վերջնական որոշումն։
       Յօդուած 11. - Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսն իբրեւ Հոգեւոր Դէտ, իւր Իշխանութեան ներքեւ գտնուած Առաջն. Վիճակաց վրայ, պարտաւոր է հսկել որ, Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ Կրօնքն եւ Վարդապետութիւնք անվթար պահուին եւ աւանդուին Ժողովրդեան, միանգամայն իրաւունք ունի հսկել նաեւ Գաւառ. Վարչութեանց վրայ , որ Ազգ. Սահմանդրութեան համեմատ իրենց պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը կատարեն։ Իսկ եթէ հակառակ ընթացքի մէջ գտնուող ըլլայ, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսն ազդարարութիւն կ'նէ եւ բացատրութիւն կը պահնջէ, եւ ի հարկին իւր կողմանէ Քննիչ կարգելով Տեղեկագրին արդիւնքը հանդերձ իւր դիտողութեամբ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան կը հաղորդէ։
       Վերոյիշեալ բարեփոխութիւններով Գաւառաց համար շինուած Սահմանադրական Հրահանգի ամեն մէկ յօդուածները իրենց ամբողջութեամբ պիտի գործադրուին Կիլիկիոյ Վիճակաց մէջ։
      
       Գ
       ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
       ՍՍՈՅ ԿԱԹՈՂ . ՎԱՆՈՒՑ
       Յօդուած 12. - Սսոյ հռչակաւոր Վանքը ըստ հնաւուրց աւանդութեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նուիրական Աթոռը եւ միանգամայն Ազգ. անմոռաց Յիշատակաց Սրբավայր եւ Ուխտատեղի լինելով, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը պարտաւոր է Սսոյ Վանուց մէջ բնակիլ եւ իւր Աթոռը բնաւ ուրիշ տեղ չի փոխադրել։
       Յօդուած 13. - Կիլիկիոյ սոյն Աթոռանիստ Վանքը պէտք է ունենայ Միաբանութիւն մը, Կանոնագիր մը, Վանական Ժողով մը, Ժառանգաւորաց կանոնաւոր Դպրոց մը։
       Յօդուած 14. - Կիլիկիոյ Վիճակին Գաւառական Սնտուկներն Սսոյ Ս. Աթոռոյն սահմանուած տուրքը, պտղի եւ այլն, ըստ սովորութեան անխափան հատուցանելու պարտաւոր են։
       Յօդուած 15. - Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, ինչպէս ամեն Գաւառներէ, նոյնպէս Կիլիկիոյ Վիճակէն իւր իրաւունքն եղած տարեկան Մուգաթայի Տուրքն, որոշեալ Ժամանակի մը համար պէտք է նուիրէ Վանքին, նորա վերակազմութեանն ու պայծառութեանը նպաստելու համար։
       Յօդուած 16. - Տարին միանգամ որոշեալ եղանակի մը մէջ Կիլիկիոյ Վիճակային Առաջնորդք, ինչպէս նաեւ Գաւառ. Ժողովոց Դիւանները կամ անոնց կողմանէ ընտրեալ Երեսփոխանք պարտին գումարիլ Սսոյ Վանուց մէջ եւ ընդհ. Ժողով կազմելով ընդ նախագահելով Ս. Կաթողիկոսին, Վանքին վիճակը եւ ելեւմուտքը քննել եւ զայն բարուոքելու համար պէտք եղած միջոցները տնօրինել եւ Կիլիկիոյ ընդհանուր վիճակին Ազգային, մտաւորական եւ բարոյական յառաջդիմութեան վրայ խորհիլ եւ զարժանն ի գործ դնել համաձայնութեամբ։
       Յօդուած 17. - Որովհետեւ այժմ Սսոյ Կաթող. Աթոռը թափուր եւ գրեթէ աւերակ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, եւ վերոյիշեալ Յօդուածոց գործադրութիւնն այս դրութեան մէջ անկարելի է, ուստի պէտք է որ Ս. Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ ընտրուած եկեղեցական կամ աշխարհական պաշտօնէի մը հետ Սսոյ Վանքը երթայ եւ անմիջապէս Առաջնորդները , Տեղապահները եւ Գաւառ. Ժողովոց Դիւանները Վանքին մէջ ի Ժողով հրաւիրելով, Միաբանութիւնը ըստ կարելւոյն կազմէ, Վանական կանոնագրութեան Ծրագիր մը պատրաստէ, Կիլիկիոյ Թեմերէն Ս. Աթոռոյ վճարելի տարեկան Տուրքը սահմանէ, Վանքին շարժուն եւ անշարժ գոյքերը խուզարկէ եւ արձանագրէ, Վանքին նորոգութեան անհրաժեշտ պէտք եղած գումարն որոշէ եւ զայն հայթայթելու համար միջոցներ մտածելով, անմիջապէս տեղեկագրէ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, որ յետ որոշման եւ հաւանութեան Ազգ. Ժողովոյ, տեղեկագիրն կը վերադարձնէ առ Կիլիկիոյ Ս . Կաթողիկոսն ի գործադրութիւն։
       Յօդուած 18. - Սսոյ Վանքին վերակազմութեան գործն Ժամանակի կարօտ լինելուն եւ Վանքն բնակելի վիճակի մէջ դրուելու համար անմիջական նորոգութեան պէտք ունենալուն, Յանձնախումբը հարկ կը դատի դրամական օգնութիւն մը ընել ու զայն հայթայթելու համար կ'առաջարկէ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հանգանակութիւն մը ընել Մայրաքաղաքիս բոլոր Թաղերէն եւ Եկեղեցիներէն եւ յանձանձել սոյն առժամանակեայ նորոգութեան ծախքը։
       Անդամք Կաթող. Յանձնախումբին
       Ստոր. Նախագահ Խ. ՊԵՏՐՈՍ ԵՊ . ՍԵԲ.
       Ատենապետ ՍԱՐԳԻՍ ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ
       Ատենադպիր Յ . ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ
       ՅՈՎՀ. ՔՀՆՅ . ՄԿՐԵԱՆ
       ՅԱԿՈԲ ՖՐԷՆԿԵԱՆ
       Մ . ԱԼԷՔՍԱՆԵԱՆ
       20 Հոկտեմբեր 1884
       Կ . Պոլիս
      
       Սսոյ Կաթող. Յանձնախումբին կողմէ
       առ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնն մատուցեալ Ծրագրին յարեւնման օրինակն է։
      
       Ստոր. ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       22 Հոկտեմբեր 1881
       Կ . Պոլիս
      
       Ծանօթութիւն Դիւանին . - Թէեւ Ս. Կաթողիկոսն իւր ստորագրութիւնը դրած է վաւերացման տողերուն ներքեւ, որով անհասկանալի կը մնայ Նորին Սրբազնութեան սոյն Ծրագիրն ընդունած ըլլալն, սակայն Հոկտ. 26 թուականաւ նամակ մը ունի, որով բացորոշ կը յայտարարէ զայն ընդունած ըլլալն։
      
       Սահակ Կաթողիկոսի Պատրիարքարանէ յանձնուեցաւ սոյն գիրը, բայց տակաւին ժամանակ չունեցած ուսումնասիրելու եւ բանակցելու, յանուն կառավարութեան փութացուցին իր մեկնումը, որ 1904 Նոյմ. 20-ին թողուց Պոլիսը եւ դարձաւ Սիս, դառնացած ու վշտացած, ուրկէ վերստին յուզեց իրաւասութեան խնդիրը, մասնաւորապէս եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց մէջ մերժեց Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հաւանութիւնը։ Այդ առթիւ շարք մը նամակներ գրեց Օրմանեան Պատրիարքին, Խրիմեան Հայրիկին, որոց պարունակութիւնը փոխանակ կէտ առ կէտ թուելու, բուն իսկ պատճէնները կ'արտատպենք, որոնք աւելի որոշ կերպով կը ցոլացնեն Սահակ Կաթողիկոսի համերաշխական խոնարհ ոգին։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       Համար 665/440
      
       Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Մկրտիչ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ ծայրագոյն Պատրիարք համազգային Մայր Աթոռոյ ի Ս. Էջմիածին
      
       Աստուածարեալ Ս . Հայրապետ
       Իրաւաբանական կարեւոր խնդրոյ մը առթիւ, որ ըստ հարկին տեղի պիտի ունենայ ընդ մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանին, Վեհափառութեանդ, իբրեւ Հայ. Ս. Եկեղեցւոյ գերագոյն պետին արդար վճռոյն դիմել պարտք զգացինք։
       Պատրիարքարանը իր վիճակաց Վարդապետ առաջնորդները հետզհետէ եպիսկոպոսացնելու վրայ է, ըստ փափաքանաց վիճակայնոց, իսկ Կիլիկիոյ վիճակները կարօտը կը քաշեն Եպս. առաջնորդներու, թէեւ կը դիմեն մեզ եւ կը խնդրեն, ինչպէս վերջերս Ատանայի Գաւ. եւ Վարչական Ժողովները հանրագրութեամբ խնդրեցին իրենց առաջնորդի, Մուշեղ Ծ. Վ. Սերոբեանի եպիսկոպոսացումը, բայց մենք կը տատամսինք հանդէպ այն հրահանգին, զոր մեր հոգելոյս նախորդին տուած էր Վարչութիւնը, բայց բնաւ գործադրած չէր, անցեալ տարի, մեր ի Պոլիս եղած միջոցին, նոյնը մեզ ալ տուին աննշան բառափոխութեամբ, որուն 4-րդ յօդուածն է, «Եթէ վիճակի մը ժողովուրդը փափաքի իր Վարդապետ առաջնորդը Եպիսկոպոս ձեռնադրել տալ, պիտի դիմէ խնդրագրով Կիլիկիոյ Սրբազան Կաթողիկոսի , որ ընծայացուին արժանաւորութիւննը քննելէ, եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հաւանութիւնը ստանալէ յետոյ` կ'ձեռնադրէ զայն»։
       «Որ եւ է պարագայի մէջ Կ. Պոլսոյ Ս. Պատրիարքին եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան վկայագիրն անհրաժեշտ է Եպիսկոպոսի մը ձեռնադրութեան համար»։
       Եթէ հրահանգին մէջ աւելցուած ըլլար, որ «Յետ այսու խտրութիւն չպիտի ըլլայ Էջմիածնայ եւ Կիլիկիոյ Եպիսկոպոսաց, կամ միեւնոյն Եկեղեցւոյ պաշտօնէից միջեւ, թերեւս փոքր ինչ մեղմանար կապող կաշկանդող շղթային ծանրութիւնը, բայց քանի որ խնդիրը կայ նոյն իսկ գործնականին մէջ, եւ Կիլիկիոյ Եպիսկոպոսները չպիտի կրնան պաշտօն վարել Պոլսոյ վիճակաց մէջ, եւ քանի որ Պատրիարքական աթոռը անհպելի պիտի լինի Կիլիկիոյ անբախտ եպիսկոպոսաց, ինչո՞ւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ի կրօնականս ազատ չըլլայ եւ իր ժողովուրդի փափաքները կատարելու համար Պատրիարքի եւ Վարչութեան հաւանութեան ու վկայագրին պէտք ունենայ։
       Եթէ յիշողութենէ չենք խաբուիր, 1872-ին Ձեր Պատրիարքութեան օրով Վարչութեան` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին առաջարկելիք հրահանգի մը համար Ձեր Վեհափառութեան լայնախոհ եւ ներողամիտ որգին չը համաձայնեցաւ, յորմէ առաջ եկաւ գլխաւորաբար եւ Ձեր հրաժարականը։ Այժմ ինչպէ՞ս կը մտածէք, թողելո՞ւ է, որ ճղճիմ խտրութիւնը պառակտած պահէ Եկեղեցւոյ զաւակները, թէ բառնալ պէտք է ամէն կրճիմ եւ միջնորմ։
       Արդէն Հայ. Ս. Եկեղեցւոյ ամէնէն խորունկ վէրքն է իր զաւակաց պատառ պատառ վիճակը. եթէ այս պատռտուածքները չը կարկտնուին Ձեր Վեհափառութեան օրով, յաւիտեանս այնպէս պիտի մնան, ուստի խոնարհ խնդիրս է, յայտնել մեզ այս մասին Ձեր արդար դատաստանը եւ հրամայել Պոլսոյ Պատրիարքարանին, որ չափաւորէ իր անբանաւոր պահանջները, եւ կամ բառնայ խտրութիւնը օրինական ձեւի տակ, այն ատեն Պատրիարքի եւ Վարչութեան հաւանութիւնը եւ վկայականը ձեռք բերելու համար մեր դիմումները նուաստութիւն չպիտի համարինք Կաթողիկոսական աստիճանին։ Հակառակ պարագային մտածելով որ ժողովուրդը մերը, Եկեղեցին մերը, Ազգ. եկեղեցական եւ պետական ամէն պատասխանատուութիւն մերը , պիտի պարտաւորիմք ըսել եւ պաշտպանել, թէ ի՞նչ գործ ունի Պատրիարքարանը իր ջախջախ Վարչութեամբ Կաթողիկոսի մը Կրօնական տնօրէնութեանց մէջ»։
       Որդիական ամենաջերմ յարգանօք
      
       Մնամ վասն պատուական կենաց Վեհափառութեանդ
       Խ. Աղօթող
       ՍԱՀԱԿ ԿԹՂ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       1905 Դեկտ. 10
       ի Մայրավանս Սսոյ
      
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       Համար 1126/91
       21 Մարտ 1906 Սիս
      
       Ամեն. Տ. Տ. Մաղաքիա Ս. Արքեպս. եւն. եւն . եւն.
      
       Մեր կոչման եւ պաշտօնին բերմամբ պարտական ըլլալով ծառայել հայ ժողովրդեան եւ Հայ. Ս. Եկեղեցւոյ օգտին ու պայծառութեանը պատմական եւ անձնական փորձառութեամբ համոզուած ենք, թէ` մեր այդ նպատակը եւ կոչումը կարող եմք իրագործել միայն այն փոխարդարձ համերաշխութեան ոգւով, որ յինքն ամփոփած է տոհմային-կրօնական տեսակէտը եւ անոր կարեւորութիւնը, եւ այնու միայն հնարաւորութիւն պիտի ունենամք ապացուցանելու մեր դատումներու ողջմտութիւնը եւ մեր գործունէութեան անկեղծութիւնն ու հարազատութիւնը։
       Գիտէք արդէն, Սրբազան եղբայր, որ դարերով այդ համերաշխութեան ոգին գոյութիւն չունեցաւ - Էջմիածնայ Ընդհանրական Կաթողիկոսութեան, Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյն եւ անցեալ դարու մէջ նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան միջեւ։ Յընթացս ժամանակին, այդ հակառակութիւնը մերթ աւելի զայրացած ու շեշտուած` անհատական կիրքերու եւ կամաւոր թիւրիմացութեանց հետեւանքով` Կիլիկեան Աթոռը ձգեց իբրեւ ժառանգութիւն մասնաւոր տոհմի մը իրաւասութեան տակ։ Նոյն իսկ Սահմանադրութեան խմբագիրները` կամ չմտածելով եւ կամ Կիլիկիոյ հայ համայնքը չհամարելով իբրեւ կարեւոր մասը ամբողջութեան` Անոր Կրօնական եւ Վարչական կազմակերպութեան յատկացեալ մի քանի յօդուածներ զլացան, որով բաժանման եւ պառակտման խրամատը իր իսկութեան եւ Կթղ. Աթոռը իր մենաշնորհական դիրքին մէջ մնացին։
       Այսպէս յետ ընդերկար մաքառումներէ տակաւ իրերը ձեւափոխուեցան։ 1871-ին մեր նախորդին ընտրութեամբ թէեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժառանգականութեամբ փակեալ դուռը բացուեցաւ Էջմիածնայ Եպիսկոպոսաց առջեւ, թէեւ Ազգ. Երեսփոխանութիւն եւ Պատրիարքարան յայնժամ ըմբռնեցին համերաշխութեան կարեւորութիւնը եւ փորձեցին կատարուած ընտրութեամբ Հայրապետական կրկին աթոռոց միջեւ սիրոյ եւ Միութեան կամուրջը ձգել, սակայն ընտրութեան եւ վաւերացման լուրը ի Ս. Էջմիածին հասնելով` հոգելոյս Գէորգ Կաթողիկոսը «Գեր. Մկրտիչ Արք-Եպիսկոպոսին » ուղղեալ 1871 Դեկտ. 15 եւ համար 275 «Սիրոյ եւ Օրհնութեան » կոնդակով ո՛չ միայն կը յորդորէ չընդունիլ անպատուաբեր պաշտօնը, ո՛չ միայն երեսփոխանութեան որոշումը տարականոն վճիռ մակդիրով կ'որակէ, Պատրիարքարանի ուղղութիւնը խոտոր կ'անուանէ, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարայ Կաթողիկոսները սոսկ վիճակաւորներ եւ անոնց Վարչական ձեւը ապօրէն կը ճանաչէ, այլ եւ կ'սպառնայ չհրաժարելու պարագային` դատապարտութեան ենթարկել իբրեւ ընդվզող եւ հակառակորդ, որով բաղձացուած միութիւնն ու համերաշխութիւնը չ'իրականանար, մանաւանդ խրամատը անկարկատելի կը դառնայ, երբ 1876-ին, ի Ս. Էջմիածին տպեալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մաշտոցին մէջ հետեւեալ նորամուտ յաւելումները տեղի ունեցան։
       1. - Եպիսկոպոսացուէն պահանջել ուխտադրութեան պահուն «ո՛չ երբէք ի կողմն ելանել այլոցն Կաթողիկոսական անուանեալ անվաւեր աթոռոց, որք հեստեալ կամ մինչեւ ցայսօր ի միոյ միայնոյ երեւելի գլխոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց ի Սիս եւ յԱղթամար»։
       2. - «Կարգ վաւերացուցանելոյ զիրաւունս եպիսկոպոսութեան ձեռնադրելոցն յանվաւեր Կաթողիկոսաց Սսոյ եւ Աղթամարայ»։
       Ապահովաբար ամէն անոնք, որ կը սիրէին Ժողովուրդը եւ Եկեղեցին չպիտի կրնային հանդուրժել այդ օրինակ անհարկի եւ վնասակար պառակտումներու, որոնք իրական օգուտ մը չընձեռելէ զատ` իրենց յառաջ բերած հատուածովն իսկ Ազգը կը զրկէին իր ամբողջութեան հանգամանքէն եւ առիթ կ'ընծայէին, որ թէ՛ Էջմիածնայ եւ Կիլիկիոյ հայրապետները եւ թէ Պոլսոյ Պատրիարքները իրարու հանդէպ հակառակորդներու դիրք ունենային, եւ չեզոքացնէին ու ջնջէին այն օգուտները, որ իրենց համերաշխութենէն ծնած աւելի եւս պիտի զօրացնէին հայ ժողովրդան մէջ սիրոյ եւ Միութեան զգացումը։
       Հոգելոյս Տ. Տ. Մակար Կաթողիկոսը, Ազգը եւ Եկեղեցին իսկապէս սիրող, երկուց Աթոռոց միջնորմը քակեց, որովհետեւ 1885 Նոյմ. 24-ին առաջին անգամ զմեզ ձեռնադրելով յեպիսկոպոսութիւն, չպարտաւորեց տպեալ երդմնագիրը կարդալ, այլ մեր կամքին թողուց նորը գրել եւ արտասանել, թերեւս այնուհետեւ շարունակեց միեւնոյն հեռանկատ եղանակը Թուրքիայէն գնացող եպիսկոպոսացուներուն համար եւ այսպէս ջնջեց Կիլիկիոյ եւ Աղթամարայ աթոռներէն խորշումի եւ խրտչումի խորթ զգացումը։
       Իսկ ներկայ Սրբազնագոյն Հայրապետը` առաջին անգամ ըլլալով` ո՛չ միայն ի յարգանս եւ ի պատիւ իր կողմէն Եպիսկոպոս Պատուիրակ որոշեց ներկայ գտնուելու համար մեր օծման հանդէսին, այլ եւ «յամի շնորհաց Փրկչին մերոյ 1903 եւ տումարական թուաբերութեան մերոյ ՌՅԾԲ ի տասներորդ ամի գահակալութեան, համար 634» շնորհաւորական Կոնդակով զմեզ անուանեց «եղբայրակից ու զուգահաւասար աստիճանակից » եւ ջնջեց Սսոյ եւ Աղթամարայ անուանական Կաթողիկոսներէն ձեռնադրուած եպիսկոպոսները վաւերացնելու կարգը այն Մաշտոցներուն մէջէն զոր մեզ ղրկած էր։
       Եւ մենք Ընդհ. Հայրապետի այս բացառիկ եւ պատուալիր վերաբերումէն զգածեալ` Օծման առաջին պատարագին մէջ տասնեակ հազարաւոր Կիլիկեցիներու ներկայութեան յիշատակեցինք Ս. Էջմիածնի եւ Հայրապետի անունները, որոնք դարերէ ի վեր լսուած չէին Կիլիկեան Մայրավանուց մէջ, ժողովուրդը սիրոյ եւ համերաշխութեան այս յայտնի գրաւականին վրայ ի սիրտ եւ ի հոգի ցնծացաւ եւ շատերը առ ուրախութեան արտասուեցին։
       Եւ ի լրումն այսքան սիրալիր յարաբերութեանց, Ն. Ս. Օծութիւնը լսելով թէ մենք ի Պոլիս պիտի ուղեւորինք, իր մէկ նամակով 1903 Յուլիս 7 ամսաթիւ, իրաւունք կուտայ մեզ Պոլսոյ մէջ Եպիսկոպոս ձեռնադրելու` իր կողմէն` այն Վարդապետները որոնք Եպիսկոպոսական վկայական ունին եւ Ազգ. Վարչութիւնը վաւերացուցած է անոնց արժանաւորութիւնը։
       Արդ, Սրբազան եղբայր, այս ամէն հիմնական փոփոխութիւնները երբ նկատողութեան կառնունք, սա բանաւոր եզրակացութեան կը յանգինք, թէ շնորհիւ այդ փոփոխութեանց յետ այսու այլեւս գոյութիւն չունի այն խտրութիւնը, որ երբեմն ունէր Էջմիածնայ եւ Կիլիկիոյ Եպիսկոպոսներու միջեւ եւ որուն հետեւանօք այս վերջինները զրկուած էին Կ. Պոլսոյ Կեդրոնին եւ Գաւառային հոգեւորական ընտրութիւններուն մէջ` ընտրական իրաւունքներէ. բայց մէկ կողմէն նկատելով մեր թեմերու մէջ Եպս . առաջնորդներու պէտքը, նաեւ այս մասին թեմականներու յայտնած փափաքները ու միւս կողմէն նկատելով, որ մեր Պոլիս գտնուած միջոցին Վարչութեան կողմէ պաշտօնագրով մը մեզ յանձնուած յարաբերական օրինագիրն ալ լռելեայն անցած էր մեր մատնանշած այդ բանաւոր եզրակացութիւնը, այս օրինակ կենսական խնդրոյ մը մէջ որոշ քայլ մը առնելէ առաջ կը փափաքինք գիտակից ըլլալ այս մասին Ձեր եւ Պատկ. Վարչութեան ունեցած որոշ մտածումին, ըստ այնմ զարժանն տնօրինելու համար, առանց նկատառութենէ վրիպեցնելու մէկ կողմէն` համերաշխութեան սկզբունքը եւ առանց վտանգելու միւս կողմէն` արժանապատուութիւնը պահպանել` իբրեւ ազգային կրօնական առանձնաշնորհում մը Ձեր եւ մեր պարտքն է միանգամայն։
      
       Եղբայրական յարգալիր սիրոյ ողջունիւ
       Մնամք Աղօթակից
       ՍԱՀԱԿ ԿԹՂ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Դժբախտաբար սոյն նամակին իբր պատասխան լրագրաց մէջ կը կարդացուի Կաթողիկոսին նամակը եւ Կեդր. Վարչութեան որոշումը թէ «Ժողովը ստիպողական չը համարեց խնդիր ընել (Կիլիկիոյ ) Կաթողիկոսին գիրը, այլ որոշեց նկատողութեան առնել առիթ ներկայացած ատեն »։ Այս որոշման մէջ ալ որոշ կը տեսնուի Օրմանեանի դերը, չկամութիւնը, եւ ասոր վրայ Սահակ Կաթողիկոս բաւական երկար ժամանակ գոհացում չի տար Ատանայի Գաւառական Ժողովոյ խնդրագրին ի մասին իրենց Առաջնորդ Մուշեղ Վրդ. Սերոբեանի եպիսկոպոսացման, յուսալով որ վերջապէս Վարչութիւն առիթ պիտի ունենայ անդրադառնալու 1906 Մարտ 21 թուակիր Կաթողիկոսին վերոգրեալ գրոյն եւ նպաստաւոր պատասխան պիտի տայ։ Բայց լռութիւնը կը տեւէ, Ատանայի Գաւառական Ժողովոյ խնդրանքը կը կրկնուի եւ կը հետապնդուի եւ Սահակ Կաթողիկոս կ'որոշէ ձեռնադրել զՄուշեղ Վրդ. 1906 Հոկտ. 29-ին եւ կատարուած ձեռնադրութիւնը հեռագրաւ կը զեկուցանէ Պատրիարքարանին, որ Կաթողիկոսին հեռագիրը Կրօնական Ժողովոյ օրակարգին կ'անցընէ եւ Կրօնական Ժողովն ալ անօրինակ որոշում մը կուտայ թէ «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց ձեռնադրած եպիսկոպոսները միայն Կիլիկեան Թեմերուն մէջ պիտի կրնան պաշտօնավարել ». այո՛, սոյն որոշումը այն ժամանակուան համար անօրինակ եւ տարօրինակ էր, սակայն կը կարծէինք որ 30 տարիներ վերջ, այսքան դէպքերէ, աշխարհաւեր պատերազմէն վերջ, որու ընթացքին հայութիւնը չափազանց կոտորակուեցաւ, Եկեղեցին նսեմացաւ ու տկարացաւ, կը կարծենք որ մենք մեր վիճակին իրականութեանը պիտի անդրադառնանք եւ պիտի գիտակցինք թէ պէտք է, անհրաժեշտ է հին խտրականութիւնը մոռնալ, ձեռք ձեռքի տալ, եկեղեցին զօրացնել, ժողովուրդը միացնել, բայց ցաւալի է յիշել թէ 1906-ի Պոլսոյ Կրօնական Ժողովոյ անօրինակ մտայնութիւնը, ցարդ կը տեւէ 1937-ին, Ամերիկայի Առաջնորդական թեկնածուներու ցանկին մէջէն հայրապետական լիազօր Նուիրակի կողմէ ի Նիւ Եորք Եպիսկոպոս մը դուրս կը ձգուի, Կիլիկիոյ Եպիսկոպոս մը եղած ըլլալուն համար։ Ցաւալի է, չէ՞։
      
       Ահա կը հրատարակենք Մուշեղ Վարդապետի ձեռնադրութեան առթիւ Սահակ Կաթողիկոսի առ Խրիմեան Հայրիկ եւ առ Օրմանեան Պատրիարք գրած նամակները։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       Համար 1126/388
      
       Նորին Ս. Օծութիւն
       Տ. Տ. Մկրտիչ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս
       Ամենայն Հայոց եւ Ծայրագոյն Պատրիարք համազգային Մայր Աթոռոյ ի Ս. Էջմիածին
      
       Աստուածարեալ Ս. Հայրապետ
       Անցեալ տարւոյ Դեկտ. 10 ամսաթիւ եւ համար 665/440 գրութեամբ ընդմէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի իրաւախոհական խնդրոյ մը առթիւ, այն է մեր հոգելոյս նախորդին եւ մեզ առաջարկուած «հրահանգին » համեմատ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար Կեդր. Վարչութեան անհրաժեշտապէս հաւանութիւնը եւ վկայութիւնը ստանալու պայմանը, Ձերդ Վեհափառութեան լայնախոհ դատաստանին դիմած էինք։ Բայց դժբախտաբար պատասխանը չը կարողացանք առնել, թէեւ խնդիրնիս կրկնեցինք անուղղակի կերպով։
       Կիլիկեան վիճակաց մէջ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնը մի կողմէն` եւ այդ պատճառաւ ղրկուած քահանացուներու ձեռնադրութիւնը մեզ բաժին մնալը, վիճակներէն հասած խնդրանքները եւ վկայագիրերը իրենց առաջնորդներու եպիսկոպոսացման մասին, միւս կողմէն` կը պարտաւորէին զմեզ իբրեւ բացարձակ եւ միակ պատասխանատուն Կիլիկիոյ կրօնական, բարոյական, կրթական եւ յարաբերական խնդրոց բարւոք ուղղութեամբ բաւականութիւն տալու պէտքին. այնու հանդերձ չը պատրուակելու համար համերաշխութիւն սիրող մեր անկեղծութիւնը, զիջանք մեր տեսութիւնները այդ մասին պարզել կեդրոն, Վարչութեան Մարտ 21 ամսաթիւ ընդարձակ գրութեամբ մը, որուն պատճէնը ղրկած էինք Մայիս 12 եւ համար 1126/157 նամակաւ։
       Վարչութիւնը իբրեւ յօդակապ ընդ մէջ Աթոռոց եւ նախանձախնդիր համերաշխութեան փոխանակ լրջօրէն նկատողութեան առնելու մեր գիրը` թերթերու մէջ հրատարակել տուաւ, թէ` «Ժողովը ստիպողական չհամարեց խնդիր ընել (Կիլիկիոյ ) Կաթողիկոսին գիրը, այլ որոշեց նկատողութեան առնել առիթ ներկայացած ատեն»։
       Այսքան առաձիգ եւ անորոշ որոշում մը չէր կարող երաշխաւորութիւն ըլլալ Վարչութեան` համերաշխութեան նախանձախնդիր ըլլալուն, որով Կիլիկեան վիճակաց առաջնորդները թէեւ տասնապատիկ աւելի գործունեայ եւ օգտակար քան Պատրիարքական վիճակաց առաջնորդները, բնաւ Վարչութեան հաւանութեանը չպիտի արժանանային եպիսկոպոս ըլլալու վկայութեան։
       Մենք ալ չգիտնալով թէ Վարչութեան ակնարկած առիթը որ նահանջ տարւոյն պիտի պատահի, ըստ խնդրանաց Ատանայի եւ վիճակաց բարեպաշտ ժողովրդեան, Հոկտ. 29-ին Գիւտ Խաչի տօնին օրը եպիսկոպոս ձեռնադրեցինք առաջնորդ Մուշեղ Ծ. Վրդ. Սերովբեանը եւ հեռագրով Պատրիարքարանին զեկուցինք։
       Կեդր. Վարչութեան Կրօն. Ժողովը, որ ինքզինքը Կաթողիկոսէ մը շատ աւելի իրաւասութեան եւ հեղինակութեան տէր կը համարի, մեր հեռագիրը օրակարգ անցընելով` առաջին պատեհութեամբ որոշում կուտայ եւ կարձանագրէ թէ` «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ձեռնադրած եպիսկոպոսները միայն Կիլիկեան Թեմերուն մէջ պիտի կրնան պաշտօնավարել », Քաղաքական Ժողովն ալ համամիտ կը գտնուի այս սնամէջ որոշման։
       Մենք նկատելով` որ այս որոշումը կը նուիրագործէ այն խնդիրը, որ դարերով Հայրապետական կրկին Աթոռոց միութիւնը փեռեկտած պահած է, կարեվէր խոցուեցանք, ուստի ներկայիւս եղելութիւնը իր պարզութեամբ առաջի առնելով Ձեր Վեհափառութեան, որ երկար տարիներ աշխատած է այդ ցաւալի պառակտման եւ խրամատման ջնջումին, հաճի հեղինակաւոր շեշտով զգացնել Պոլսոյ Պատրիարքարանին, որ «քան զպապն պապական » ըլալու դարը վաղուց անցած է, Ազգը եւ Եկեղեցին սիրոյ եւ Միութեան պէտք ունի իր բիւրաւոր ցաւերը ամոքելու եւ շարաւուտ վէրքերը սպիացնելու համար։
       Կը ներփակեմք Մուշեղ Եպս. ի ուխտագրին պատճէնը, ուր պիտի տեսնէ Ձեր Վեհափառութիւնը, թէ մենք ոչ Աթոռոց եւ ոչ Աթոռակալներու միջեւ խտիր չենք ճանչնար, մանաւանդ միոյն հնազանդութիւն խոստացուած ատեն, առանց միւսին` կատարեալ եւ անկեղծ չենք համարիր։ Մեր այս համոզումը ծնունդ է այն բուռն բաղձանաց, որով աշխատած ենք մեր ընտրութեան օրէն կրկին Աթոռոց մէջ կանգնուած միջնորմը բառնալ եւ ջնջուած տեսնել Էջմիածնայ եւ Կիլիկիոյ Եպիսկոպոս խորթ հնչումը, որովհետեւ մի է եկեղեցին եւ մի անոր պաշտօնէութիւնը։
       Խորին յարգանօք եւ մեծարանօք
       Մնամ Խ. Աղօթակից
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       19 Նոյմ. 1906
       ի Մայրավանս Սսոյ
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ՈՒԽՏԱԳԻՐ
       Ի մէջ սրբոյ Եկեղեցւոյս եւ առաջի աստուածընկալ եւ պայծառացեալ Ս. Նշանացս, ես Մուշեղ Վարդ. միաբան ուխտին Արմաշեան Դպրեվանուց Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ եւ Առաջնորդ քաղաքին Ատանայի եւ վիճակաց նորին, ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ խղճի մտացս եւ սրտիս երդնում յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան զերդումն սուրբ ըստ առաջիկայ պայմանաց։
       Նախ` անխոտոր եւ անսայթաք ընթանալ ի վարդապետութիւն հաւատոյ եւ պատուիրանաց Հայաստանեայցս Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ, զոր հաստատեաց Ած. ի ձեռն Սրբոց Առաքելոցն իւրոց Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի, այլ եւ ի գնացս իմ անստերիւր հետեւիլ վարուց եւ գործոց հարն մերոց ուղղափառաց ի բացատրութիւն իմաստից Ս. Աւետարանին, չխոտորել երբեք ի շաւղաց նոցա, եւ յէական արարողութիւնս ծիսից եւ պաշտամանց վարիլ միշտ ըստ Մաշտոցին, եւ ըստ կարգաց եւ կանոնացն առ մեզ հասելոց, խորշելով յօտարոտի եւ յեկամուտ նորաձեւութեանց։
       Երկրորդ` հանապազ խրատել, ուսուցանել եւ յորդորել զժողովուրդս ի խնամս իմ յանձնեալս, ի պահպանութիւն Աստուածային եւ եկեղեցական օրինաց եւ ի հնազանդութիւն հոգեւոր իշխանութեան եւ առհասարակ ըստ անհրաժեշտ պարտուց կոչման եւ աստիճանի իմոյ աշխատ լինել յօգուտ եւ ի փրկութիւն ժողովրդեան իմոյ եւ ոչ երբեք վատնել յումպէտս զարդիւնս ժողովրդեան զնուիրեալս յանուն Աստուծոյ եւ ի նպաստ եկեղեցւոյ, վանօրէից եւ դպրոցաց։
       Երրորդ` ցվախճան կենաց իմոց հաւատարիմ լինել Հայրապետին Սրբոյ Աթոռոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կալ մնալ հլու հպատակութեամբ ի ներքոյ իշխանութեամբ եւ հրամանաց Ս. Հայրապետին Տ . Տ. Սահակայ, ընտրելոյն ի Հոգւոյն Սրբոյ ի յաջորդութիւն Լուսաւորչաց Հայ. Ս. Եկեղեցւոյ, եւ օրինաւոր յաջորդաց նորին, որպէս եւ Հայրապետին Արարատեան Մայր Աթոռոյ, եւս եւ համաձայն ուխտիս զհրամայեալսն ի նմանէ կատարել։
       Չորրորդ` ոչ բնաւ անցանել անդր քան զսահման իշխանութեան զոր տացէ ինձ Աստուած, ի ձեռնադրութենէ յԵպիսկոպոսութիւն ի վերայ վիճակին Ատանայի, ո՛չ կրիւք եւ ցանկութեամբ իրաց աշխարհիս զանց առնել զկանոնօք Եկեղեցւոյ փոխելով ի սեփական վիճակէս յայլ վիճակ ոչ ձեռնադրել զոք ի քահանայութիւն առանց հրամանի Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, եւ ոչ աչառութեամբ կամ կաշառօք հաւանել ի ձեռնադրութիւն տգիտաց կամ անարժանից, որպէս ոչ ձեռնադրել զոք յայլմէ վիճակէ առանց խնդրանաց առաջնորդի եւ ժողովրդեան տեղւոյն։
       Զայսոսիկ խոստմունս զոր ունիմ ուխտել ի ժամ ձեռնադրութեան իմոյ յառաջիկայութեամբ իննեակ դասակարգութեանց սրբոյ եկեղեցւոյ եւ բազմութեան ժողովրդոց եթէ կամակար մտօք եւ կամ թելադրութեամբ կրից առ ոտն հարկանիցեմ պարտաւոր եղէց առաջի անխաբ դատաւորին Աստուծոյ եւ առաջի Սրբազնագոյն Հայրապետին ամենայն Հայոց Մեծին Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր ծնողին իմոյ եւ Սրբազնագոյն Հայրապետին Արարատեան Մայր Աթոռոյ։
       Ի հաստատութիւն ստորագրեմ
       ՄՈՒՇԵՂ Ծ. ՎԱՐԴ . ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
       Առաջնորդ Հայոց Ատանայի Վիճակաց
       28 Հոկտ. 1906
       ի Մայրավանս Սսոյ
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       Համար 1574/27
       26 Փետր . 1907 Սիս
       Ամեն. Տ. Տ. Մաղաքիա Ս. Արքեպս. եւն . ի Կ . Պոլիս
       Ի պատասխանի մեր Նոյմ. 3 եւ համար 1126/360 գրութեան ստացանք Փետր. 21-ին, երկուք ու կէս ամիս վերջը, Պատկ. Վարչութեան խառն Ժողովոյ Փետր. 8 եւ համար 46 պաշտօնագիրը, յորմէ գոհութեամբ տեղեկացանք , որ մեր գրութիւնը հաղորդուած է խառն Ժողովոյն, որ կրկին եւ կրկին ընթերցմամբ մտադրութիւն դարձուցած է այն կէտերուն, որոց մասին խօսած ենք մեր գրութեամբ։
       Պաշտօնագրոյն եզրակացութիւնը աւելի ուշագրաւ ըլլալուն` կը փութամք պատասխանել, որպէսզի որեւէ նոր կնճռոտութեան պատճառ չհամարուինք, ինչպէս համարուած ենք ցարդ եղածներուն` ըստ պաշտօնագրոյն։
       Ինչ որ անցելոյն եւ կրկին Աթոռոց նախորդ Կաթողիկոսներուն կը վերաբերի, կրկնել աւելորդ կը համարիմք։ Մենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ընդունեցինք միակ նպատակաւ, այն է` կրկին աթոռոց յարաբերութիւնը յարդարել , Եկեղեցւոյ միութիւնը պահպանել եւ Ազգի կրկին հատուածոց, Էջմիածնականաց եւ Կիլիկեցւոց մէջ եղբայրական սէր հաստատել։ Այս ոգւով եւ ու ուղղութեամբ սկեցինք եւ շարունակեցինք մեր ստանձնած պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը մինչ ցայցելութիւն մեր ի Պոլիս եւ այնուհետեւ, եւ կը հաւատայինք թէ` Մայր Աթոռոյ Սրբազնագոյն Հայրապետին չափ Պատրիարքարանն ալ փափաքող է համերաշխութեան` առանց մտքէն իսկ անցնելու նուաստացնել Կիլիկիոյ Հայրապետութիւնը եւ գէթ անոր Կրօն. իրաւունքները կրճատել։
       Ի Պոլիս մեր ըրած այցելութիւնը դժբախտաբար փափաքնիս փոքր ի շատէ չափաւորեց ու հաւատքնիս , եթէ չգայթեցաւ, սակաւ ինչ երերտկաց։ Այն ատեն եթէ առիթ չընծայուեցաւ Վարչութեան նպատակին, Ս. Եղբայրութեանդ վստահութեան եւ մեր նախընծայ յայտարարութեանց իրականացման` պատճառը նիւթականին շուրջ դարձող խնդիրներէն աւելի զմեզ Պոլսէն շուտ հեռացնելու թաքուն նպատակն եղաւ, որով միջոց չունեցանք Ձեր յայտարարութեամբք եւ պաշտօնագրութեամբք զբաղելու, որոնք եղան եւ յանձնուեցան մեզ այն ատեն միայն, երբ ճամբորդելու պատրաստութեան մէջ էինք։
       Առանց վշտանալու այս օրինակ պատիպատ դարձուածներէ մենք նոյն ուղղութեամբ եւ ոգւով շարունակեցինք մեր յարաբերութիւնը թիւրիմաց մեկնութիւններու տեղի չտալու համար. անակնկալ համարուած եպիսկոպոսացումը մօտ տարիի մը չափ յետաձգեցինք յարաբերական բարդ եւ անհաճոյ խնդիրներու յարդարման համար ի Ս. Էջմիածին Ընդհ. Հայրապետին գրելէ, կարծիքն ու դատաստանը խնդրելէ ետքը` գրեցինք եւ Վարչութեան Մարտ 21 ամսաթուով` յարաբերական խնդրոց մասին մեր տեսութիւնը պարզելով։ Ըստ պաշտօնագրոյն Պատկ. Վարչութիւնը հասուն ուսումնասիրութեան կարօտ դատելով մեր գրութիւնը յանձնած է Ձեր Սրբազնութեան` նախապէս մեզ հետ բանակցելու եւ Էջմիածնի հետ ալ խորհրդակցելու։ Եթէ ժամանակին Վարչական ժողովոյ որոշման այս բանաձեւը մեզ հաղորդուէր, խնդիրը դիւրացնելէ զատ, լրագրական զրոյցները պաշտօնական գրութիւններէ վեր դասելու չպիտի ստիպուէինք, անակնկալ եպիսկոպոսացումի հեռագիրը յաչս վարչութեան վիրաւորանքի մը կերպարանքը չպիտի ունենար եւ ի փոխարէն Կրօն Ժողովն ալ վիրաւորանքի իրականն ու մեծագոյնը մեզ դարձուցած չպիտի ըլլար իւր եզական որոշումով , զոր նախորդները խնայած էին երկուց Աթոռոց Կաթողիկոսներուն ձեռքով եւ միմեանց դէմ արհամարհանքով զինուած եւ լեցուած ատեննին։
       Մենք մինչեւ այսօր այն կարծիքն ունէինք որ լրագրական զրոյցները Պատրիարքարանէն կը հաղորդուին, քանի որ դիտումնաւոր սուտ հրատարակութիւնները չեն հերքուիր եւ տակաւին երկու ամիս առաջ հրատարկեցին, որ մենք Աթոռոյ Վերանորոգութեան համար 22000 ոսկիի պէտք ցոյց տուած եւ պահանջ մը ըրած էինք եւ այս յերիւրանքը նոյն իսկ լուրջ յօդուածներու նիւթ ալ ըրին։ Գաւառներու մէջ` տպեալ զրոյցները ճշմարտութիւններ են ռամիկ դասակարգին եւ այս պատճառաւ յարաբերական կնճռոտութիւնք անպակաս կ' ըլլան։
       Մուշեղ Եպս. ի ուխտագրին մէջ պատշաճ կէտերու ներմուծումը` հակառակ մեր դիտումին Մայր Աթոռոյ հետ համաձայնութեան պայմանները չեն դիւրացներ եղեր, որովհետեւ Ընդհ. Հայրապետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսէն յետադասուեր է եւ Ամենայն Հայոց տիտղոսը , որ սեփական ու նուիրական է Մայր Աթոռին` անկէ վերցուեր եւ փոխադրուեր է Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ։ Նախորդներու ձեռնադրած եպիսկոպոսներու ուխտագրոյն մէջ Ընդհ. Հայրապետի անունը չկայ, հետեւաբար կը խոստովանիմք, որ մենք հակառակ Միաբանութեան իրաւացի դիտողութեանց ներմուծելու սխալանքը գործեցինք եւ այսուհետեւ բնականաբար պիտի սիրենք այդ զգուշաւորութիւնը ընելու, իսկ Ամենայն Հայոցը Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ փոխադրողը մենք չենք, այլ մեզմէ առաջինները, եւ թերեւս այն օրէն մնացած ու նուիրագործուած երբ Ընդհ. Հայրապետաց աթոռն էր Սիսը, ուստի այդքան նուիրական ու պատմական յիշատակ մը ջնջել մեր իրաւասութենէն շատ վեր է։
       Ապահով թող ըլլայ Պատկ. Վարչութիւնը որ ոչ Ամենայն Հայոցը եւ ոչ Կիլիկիոյ Տան Մեծ մակդիրը կրնան մեր մէջ այն յաւակնութիւնը յառաջ բերել, կարծելու համար թէ Մայր Աթոռոյ Հայրապետը Ընդհանրական ըլլալու իրաւունքէն կապտուած է, հետեւաբար թիւրիմացութիւն ստեղծելու փափաքողներուն տուած մեկնութիւնը մեզ համար կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն չունի։
       Պաշտօնագրին շօշափած բոլոր կէտերուն եթէ պատասխանենք թէ երկար կ՚ըլլայ եւ թէ գուցէ նոր վիրաւորանքներ սպրդին, ուստի նոյնին եզրակացութեան գալով ` մենք ալ անկեղծաբար կը փափաքինք, որ առանց երկար բանակցութեան` խնդիրներու թիւն ու ձեւը ճշդուին եւ հաստատուն հիմերու վրայ դրուին յարաբերութեան սկզբունքները։ Այսու յուսով մեր տեսութիւնները կը վերակրկնեմք աւելի մանրամասնեալ։
       1. - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները պէտք է յիշեն ի պատարագի Ընդհ. Կաթողիկոսի անունը։ Եթէ նոյնը պահանջուի Վիճակային բոլոր եկեղեցականներէն, փոխադարձ պէտք է Պատրիարքարանի վիճակաց մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց անունը յիշատակել յետ Էջմիածնայ Կաթողիկոսին։
       2. - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները ի Կրօնական անկախ են Պոլսոյ Պատրիարքարանէն, իսկ հաւատոյ վերաբերեալ ծանրակշիռ խնդրոց առթիւ խորհրդակցութեան կը մտնեն կամ կարծեաց փոխանակութիւն մը կը կատարեն Մայր Աթոռոյ Կաթողիկոսին հետ։
       3. - Եթէ ի Կիլիկիա ձեռնադրուած եպիսկոպոսունք, ըլլան վիճակաւոր կամ սոսկ վանական, իրաւունք ունենան Էջմիածնայ վիճակաց մէջ պաշտօնավարելու եւ բարձրագոյն պաշտօններու համար ընտրելի ըլլալու, առանց Կեդրոնական Վարչութեան հաւանութեան կամ ընծայագրին չպիտի կրնան ձեռնադրուիլ։
       4. - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց տրուած Ամենապատիւ տիտղոսը շատ անիմաստ է, քանի որ կրօնական բարձր հեղինակութեան մը գաղափարը չ'ամփոփեր յինքն, Ամենապատիւ Պատրիարքներէն նշանակելի իրաւասութիւն եւ իշխանութիւն ունին Կաթողիկոսները, քանի որ եպիսկոպոս ձեռնադրելու եւ Ս. Միւռոն օրհնելու իշխանութենէն զուրկ են Պատրիարքունք։
       5. - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները Օսմ. Կեդր. Իշխանութեան հետ յարաբերութիւնը ըստ սովորութեան Պատրիարքարանի միջոցաւ կը կատարեն, իսկ ստիպողական պարագաներու մէջ ուղղակի դիմումներ ալ կրնան ընել։
       6. - Կիլիկեան Վիճակաց առաջնորդներու հաստատութիւնը ուղղակի Կաթողիկոսաց իրաւունքն է, վերահաստատութիւն Վարչութեան կողմէ բացարձակապէս զլացում մի է այդ իրաւանց։
       7. - Առաջնորդաց Պէրաթները Պատրիարքարանի միջոցաւ կը'տրուին եւ Կաթողիկոսաց Կոնդակով կը յանձնուին առաջնորդաց։
       8. - Կիիլիկիոյ Վիճակներէն Պատրիարքարանի պահանջած Մուգաթան Կաթողիկոսարանի միջոցաւ կը հատուցուի կիսով չափ եւ մնացեալ կէսը Կաթողիկոսարանի յարաբերական դիւանններուն կը յատկացուի։
       Ահաւասիկ յայտնուած փափաքանաց համեմատ` առանց կարօտութեանց կամ նպաստից հետ խառնելու եւ ոչ ալ ո եւ է նիւթական պայման կամ թէութիւն ցուցնելու անկախաբար եւ անկեղծաբար մեր տեսութիւնը եւ կարծիքը յայտնեցինք յարաբերական խնդրոց առթիւ եւ կը յուսանք թէ Պատկ. Վարչութիւնն ալ իր սեղանին վրայ գտնուած խնդիրներէն նախադասելով` օր առաջ պէտք եղած ուսումնասիրութիւնը, բանակցութիւնը եւ Մայր Աթոռոյ հետ խորհրդակցութիւնը կընէ, կատարեալ համաձայնութեամբ հաստատուն կանոն գործոց մը կը պատրաստէ, որ լինի օգտակար մեր եկեղեցիին եւ Ազգին։
       Մնամք Աղօթակից
       ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Յետ այնորիկ, Սահակ Կաթողիկոս շարունակեց իր Թեմին համար եպիսկոպոսներ ձեռնադրել, եւ հեռագրական զեկումով բաւականանալ ի տեղեկութիւն Պոլսոյ Պատրիարքարանին։
       Ժառանգաւորաց Վարժարանը գոհացուցիչ չըլլալով ի սկզբան փակած եւ աշակերտները ցրուած էր յուսալով որ պիտի կարենար աւելի ճոխ ծրագրով բանալ։ Բայց իր ջանքերը այդ տեսակէտով չպսակուեցան եւ չկրցաւ իր դիմումները արժեցնել։ Ուստի իր միջոցներով 1906-ին բացաւ եւ Արմաշի միաբաններէն Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեանը պաշտօնի կոչեց, որ ամանորին պաշտօնի անցաւ եւ դպրոցական երկու շրջաններ բոլորեց եւ 1907 Յունիսին մեկնեցաւ, որուն իբրեւ տեսուչ յաջորդեց Սսոյ միաբաններէն Ներսէս Վրդ. Դանիէլեան, որ միայն մէկ տարի պաշտօնավարեց եւ 1908 Սեպտ-ին նորէն Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեան հրաւիրուեցաւ եւ միայն մինչեւ 1909 Մայիս կրցաւ պաշտօնավարել, որովհետեւ 1909 Ապրիլին Ատանայի կոտորածին հետեւանօք Ժառանգաւորացը գոցուեցաւ, աշակերտները ցրուեցան։
       Սահակ Կաթողիկոս իր գահակալութենէն քանի մը ամիսներ վերջ թեմական այցելութեան սկսաւ, նախ Սսի մօտերը, ինչպէս Ատանա, Հաճըն, Մարաշ, Հալէպ, Զեյթուն եւ ժամանակներ յետոյ Մալաթիա, Տիվրիկ, Կիւրին, Եօզղատ, Գըրշէհիր, ուր առաջին անգամ իր ապագայ Աթոռակիցը, Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանը, որ Էնկիւրիի Առաջնորդ էր եւ դիմաւորութեան եկած էր, ճանչցաւ եւ համակրեցաւ, եւ նոյն իսկ Սահակ Կաթողիկոս մինչեւ իր ծննդավայրը` Խարբերդ գնաց, ժողովուրդը հոգեւորապէս մխիթարեց եւ ինքն ալ մխիթարուեցաւ։
       Մինչ Սահակ Կաթողիկոս իր սահմանափակ միջոցներով կը յուսար աւելի լաւ ժամանակներու հասնիլ, ահա 1908-ին անակնկալօրէն Օսմանեան Սահմանդրութիւնը հռչակուեցաւ, Թիւրքիոյ ամբողջ անկիւնները խանդավառութիւնը կատարեալ էր եւ մանաւանդ ճնշուած ու հալածուած ազգերը, ընդ որս նաեւ Հայերս նոր յոյսերով, նոր երազներով կ'օրօրուէինք։ Եւ յանկարծ, այս անգամ, նախորդ ընդհանուր ջարդերէն ազատ մնացող Կիլիկիան էր որ կը կոտորուէր նախ խուժանին կողմէ, կառավարութեան թոյլտուութեամբ ապա Սելանիկի ազատարար զինուորներու մասնակցութեամբ։ Ատանա այրեցաւեր եղաւ, Հաճըն պաշարուեցաւ, Ատանայի գիւղերը ջարդուկտոր եղան, Սահակ Կաթողիկոս Սսի մէջ պաշարուեցաւ. ութ օր տեւեց ջարդը եւ 30, 000 պատուական հայեր նահատակուեցան Օսմ. Սահմանադրութիւնը բերող ազատական կառավարութեան բերող աչքին տակ եւ անոր հրամանաւ, շան պոչը որքան ալ մամուլի տակ դնես, դարձեալ ծուռ կը մնայ. ոճրագործ ցեղ մը ջարդող, քանդող, աւերող է միշտ, ինչ որ ալ ըլլայ անոր տարազը, Միապետական կամ Սահմանդրական կամ նոյնիսկ Հանրապետական։ Այնքան շատ գրուած է Ատանայի կոտորածի մասին, որ աւելորդ կը համարիք նորէն կրկնել։ Սահակ Կաթողիկոս 1909 Փետրվարին հրաժարական ղրկած էր, Կիրակոս Եպս. Բէքմէզճեանի եւ Մկրտիչ Կաթողիկոս Քէֆսիզեանի անուան արձանագրուած վանքապատկան կալուածներու իր անուան դարձուիլը պահանջելով եւ Թլանի ագարակին մէջ թուրք գաղթականներ հաստատելու կառավարական որոշումը արգիլել տալու համար, որոց մէջ ի վերջոյ յաջորղեցաւ, կալուածները իր անուան արձանագրուեցան եւ Թլանի համար եղած որոշումն ալ չգործադրուեցաւ։ Ատանայի կոտորածէն գրեթէ տարի մը վերջը Սահակ Կաթողիկոս իր հրաժարականը մոռցաւ եւ երբ Սիս պաշարումէ ազատուեցաւ, Ատանայէն եկած եւ Ատանացիներու ջարդին մասնակցող զինուորներու ջոկատի մը հովանաւորութեամբ ելաւ Սիսէն ու գնաց Ատանա։ Ճանապարհին կը տեսնէ անթաղ հայ դիակներ, այրուած հայ գիւղեր եւ երբ Ատանա կը մտնէ ի տես աւերակ քաղաքին եւ ի լուր թիւրքերու ոճրային արարքներուն մանրամասնութեանց, ծերունի հաւատաւոր Կաթողիկոսը ինքնիրմէն ելած սա բառերը կ'արտասանէ. «Եթէ իմ Աստուածս այս անօրէններուն, այս գազաններուն ալ Աստուածն է, ես Աստուծոյ չեմ հաւատար, ես Աստուծոյ չեմ հաւատար »։ Այս խօսքին մէջ ամփոփուած է Կաթողիկոսի հոգիին, սրտին ու մտքին ամբողջ դառնութիւնը, խռովքը, զայրոյթը եւ իր ժողովուրդին հանդէպ հայրական զգացումը։
       Կոտորոծէն անմիջապէս վերջը Ատանայի մէջ Պատերազմական Ատեան մը կը կազմուի, կոտորածէ ազատուող անմեղ հայերը դատելու եւ դատապարտելու համար։ Առաջին անգամ քանի մը հայեր կախաղանի դատապարտուեցան։ Սահակ Կաթողիկոս, եւ իրեն հետ ուրիշ Հոգեւոր Պետեր, բողոքի հեռագիրներ կուտան եւ կը պահանջեն թուրք յայտնի ոճրագործներու պատժուիլը, նոյնպէս կը պահանջեն նիւթական լայն օժանդակութիւն տունէ տեղէ զրկուած, նիւթապէս փճացած անպատսպար հայերու համար, ի վերջոյ կուգայ Էտիրնէի մէպուս Յակոբ Պապիկեան, թիւրք ընկերներով Ատանայի կոտորածին պատասխանատուները ճշդելու եւ Երեսփոխանական Ժողովին տեղեկագիր մը մատուցանելու համար։ Ի Պոլիս ազգային շրջանակը կը հակառակի Յակոբ Պապիկեանի ղրկուելուն, որովհետեւ միշտ թրքական պաշտօնեայ եղած էր եւ ջարդարար Իթթիհատ Թէրագգըի անդամ։ Սակայն Պապիկեան կու գայ Ատանա, կը տեսնէ Ատանայի վիճակը, կը քննէ, կ'ուսումնասիրէ եւ այնպիսի ապացուցեալ արդար Տեղեկագիր մը կը պատրաստէ, որ Պոլիս դարձին նոյն իսկ թուրքերու կողմէ թունաւորուելով իր Տեղեկագրին զոհ կ'երթայ, ազնիւ, արդար, ուղղամիտ եւ ազգասէր հայու մը յիշատակը թողլով։
       Պետքէ է ըսել որ ինչպէս Ազգը նոյնպէս եւ կառավարութիւնը, «Հայերը Ատանայի դէպքին մէջ ոեւէ պատասխանատուութիւն մը չունին » յայտարարելէ վերջ նիւթապէս օգնեց։ Սակայն եղած օգնութիւնը շատ սահմանափակ էր բաղդատմամբ անհուն կարօտութեան։ Հազարաւոր որբեր եւ այրիներ կային, զանոնք պատսպարել եւ ապրեցնել պէտք էր։
       Ատանա, Տէօրթ-Եօլ, Հասան Պէյլի, Մարաշ, Հաճըն որբանոցներ բացուած էին, միայն Հաճընի մէջ երեք որբանոցներ կային, մին Ազգային, միւսը Օսմանեան եւ երրորդը Ամերիկեան։ Նոյնպէս Հաճընի մէջ հետզհետէ արհեստանոցներ բացուեցան, գուլպայի, կապերտի եւ Այնթապի ձեռագործի գործարաններ, ուր կ'աշխատէին այրիներ եւ չափահաս որբուհիներ։
       Ազգային որբանոցները Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի Որբախնամ Մարմնոյն հսկողութեան ներքեւ էին , Հաճընի գուլպայի եւ կապերտի գործարանները Պատրիարքարանի Այրիախնամի կողմէ կը մատակարարուէին, իսկ Այնթապի ձեռագործի ճիւղը Բարեգործականի դրամով կը շարունակուէր։
       Սահակ Կաթողիկոս 4 ամիսի չափ Ատանա մնալով աշխատեցաւ յօգուտ եւ ի մխիթարութիւն իր հօտին։ Պոլսէն պատուրակներ ալ եկան եւ պէտք է ըսել որ լաւ աշխատեցան։ Յետոյ Սահակ Կաթողիկոս բոլոր կոտորածի քաղաքները եւ գիւղերը այցելեց, քաջալերեց, մխիթարեց եւ գրեթէ հազիւ 8 ամիս վերջ կրցաւ Սիս վերադառնալ, ուր ինչպէս ըսինք, Ժառ. Վարժարանը փակուած էր դէպքին հետեւանքով, եւ յետ այնորիկ դժբախտաբար չկարողացաւ Ժառ. Վարժարանը բանալ, քանզի ազգին ամբողջ ուշադրութիւնը եւ հոգածութիւնը կեդրոնացած էր որբանոցներու եւ արհեստանոցներու վրայ։ 1910-ի սկիզբները Ճէմալ Պէյ - ապագային ծովային նախարար Ճէմալ Փաշա - Ատանայի Կուսակալ նշանակուեցաւ եւ այդ միջոցին էր որ Սահակ Կաթողիկոս բարեկամական յարաբերութիւն ունեցաւ Ճէմալ Պէյի հետ եւ անոր ազդու միջամտութեամբ Քէֆսիզեան Կաթողիկոսի Պէհէսնիցի ժառանգորդները Կաթողիկոսէն 300 ոսկի առնելով, ստորագրութիւն տուին որ Քէֆսիզեանի կալուածները Սահակ Կաթողիկոսի անուան փոխանցուեցան։
       1911-ին Սիսի մէջ Վեհ. Սահակ Կաթողիկոս Եպիսկոպոս ձեռնադրեց , Ներսէս Դանիէլեան, Խորէն Դիմաքսեան եւ Հրանդ Կարոյեան Վարդապետները, վերջինս կոչելով Եղիշէ։ Ներսէս Եպիսկոպոս Եօզղատի, Խորէն Եպիսկոպոս Կիւրիւնի Առաջնորդ նշանակուեցան, իսկ Եղիշէ Եպիսկոպոս Կարոյեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ ի Սիս, պաշտօն` զոր վարեց մինչեւ 1920 արտագաղթի ժամանակ։
       Կոտորածէն վերջ, 1912-ին Սահակ Կաթողիկոս այցելեց Յունիս ամսոյ սկիզբը, ուր Յունիս 12-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Պետրոս Սարաճեան Վարդապետի Գաւազանի եւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները տուաւ եւ ապա իր հետւորդներով գնաց յայցելութիւն Զէյթունի, ուր միայն 8 օր մնաց եւ վերադարձաւ Հաճըն։ Այդ այցելութեան ժամանակ էր որ Առաջնորդ Պետրոս Վրդ. Սարաճեանի նախաձեռնութեամբ, Հաճընի Աստուածածնայ եկեղեցւոյ կից Աղջկանց Վարժարանի մը շինութեան ձեռնարկուեցաւ, որուն շինութիւնը տեւեց մէկուկէս տարի եւ 1914-ի վերջերը աւարտեցաւ. եօթն յարկեան փառաւոր, հոյակապ վարժարան մըն էր որ ի յիշատակ Գրի Գիւտին Սահակ-Մեսրոպեան անունով մկրտուեցաւ։ Սոյն վարժարանի համար Հաճնցիներու կողմէ ծախք եղաւ 1550 ոսկի, 200 ոսկի ալ Այրիախնամի դրամէն ծախսուեցաւ, որով 1750 ոսկի ծախք եղաւ, առանց հաշուելու , կիրը, քարը եւ ատաղձը, որոնք ձրիաբար հայթայթուեցան։
       1914 Մայիս 1-ին Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան ի Սիս Եպիսկոպոս ձեռնադրեց Հաճընի Առաջնորդ Պետրոս Սարաճեան Վարդապետն եւ իր անձնական քարտուղարն Գիւտ Վրդ. Մխիթարեանը եւ այս անգամ ալ ինչպէս նախորդին, հեռագրական զեկուցում մը ըրաւ Ազգ. Պատրիարքարանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասին։
       Հինգ տարիներ անցած էին Կիլիկիոյ այդ ահռելի կոտորածէն ի վեր, որբերը բաւական մեծցած էին , այրիները ինքնաբաւ եղած էին, ժողովուրդը ինքզինքը գտած էր, վնասները մասամբ դարմանուած էին, կեանքը իր կանոնաւոր ընթացքը գտած էր, աւերակները վերաշինուած էին, բայց նահատակները մոռցուած չէին, գրեթէ Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներու եկեղեցիներուն մէջ ի յիշատակ Կիլիկիոյ նահատակաց հանդիսաւոր Հոգեհանգստեան պաշտօններ կը կատարուէին, միշտ Ապրիլ 3-ին։ Սահակ Կաթողիկոս որոշած էր 1915-ին Ժառանգաւորաց Վարժարանը վերաբանալ։ Իր թեմերը իրենց առաջնորդները ունէին։ Սիսի մէջ փառաւոր վարժարանի մը շինութեան սկսուած էր։ Ատանայի մէջ այրուած վարժարանները վերաշինուած էին։ Նոր նոր հասութաբեր կալուածներ կառուցուած էին, ամէնուրեք վարժարաններու մեծ զարկ տրուած էր։ Կիլիկիան կը ծաղկէր, ապագան փայլուն ու շողշողուն էր, հարուստը ապագայ գործունէութեան խոշոր ծրագիրներ կը կազմէր, միջակորեարը հարստանալու միջոցներու վրայ կը խորհէր, աղքատն ալ օրը օրին կ'ապրէր եւ գոհ էր։ Բայց յանկարծ 1914 Օգոստոսին համաշխարհական պատերազմը ծագեցաւ, քիչ վերջ Թիւրքիան ալ զօրակոչ յայտարարեց, հապճեպ զինուորագրութիւնը սկսաւ, ու քաղաքներէն երիտասարդութիւնը հեռանալով, գունդ գունդ բանակատեղիները կ'ուղղուէին։ Երէկը եւ այսօրը բաղդատութիւն չէր վերցներ, երէկ յոյսերով լեցուն, այսօր յուսաբեկութիւն ու վհատութիւն կը տիրէր գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։ 1914 Դեկտ. 9-ին Սահակ Կաթողիկոս նամակ մը կը գրէր Հաճնոյ Առաջնորդ Պետրոս Եպիսկոպոս Սարաճեանի յայտնող թէ Դեկտ. 11-ին Հաճըն պիտի հասնէր եւ Ս. Ծննդեան տօնին կ'ուզէր Հաճըն գտնուիլ եւ ջրօրհնէքին ներկայ ըլլայ։ Դեկտ. 11-ին Հաճըն էր, Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանը աւարտած էր, որուն վեցերորդ յարկը Առաջնորդարանն էր։ Օրերը կ'անցնին, Ս. Ծնունդը կուգայ, Հաճնոյ երեք եկեղեցիները հաւատացեալներով լի, հանդիսաւոր պատարագներ կը մատուցուին եւ յետ Ս. Պատարագի բոլոր եկեղեցականները եւ ժողովուրդը Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին կը հաւաքուին, հանդիսաւոր թափօրը կը կազմուի, երգեցիկ խումբը, քահանայից դասը, ժամարար Եպիսկոպոսը զգեստաւորեալ եւ Սահակ Կաթողիկոս վեղար ի գլուխ թափօրին կը նախագահէ, որ կը յառաջանայ դէպի հիւսիս, բազմահազար ժողովուրդ, ձիւնը ամէն ինչ ճերմկցուցած է, թափօրին առջեւէն խումբ մը հովիւներ իրենց սրինգներով աղու ձայնով կ'երգեն «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»ն, ամէն ոք մտքով Բեթլեհէմի դաշտը փոխադրուած է, Սահակ Կաթողիկոս քովիններուն կ'ըսէ. «Փափաքեցայ չմեռած վերջին անգամ տեսնել Հաճընի ջրօրհնէքը եւ լսել հովիւներու սրինգով երգած Խորհուրդ մեծը, գոհութիւն Աստուծոյ »։ Թափօրը կը հասնի գետին եզերքը, միւռոնթափը կը կատարուի, խաչը ջուրը կը նետուի, ժողովուրդէն շատեր ջուրը կը նետուին, խաչը գտնողը` կնքահայրն է, ձիւնը կը տեղայ, ժողովուրդը ուրախ զուարթ ինքնիրմէն ելած կը խայտայ , երեք որբանոցներու երկսեռ աշակերտութիւնը, Ազգային վարժարաններու երկսեռ աշակերտութիւնը, հազարէ աւելի աշակերտ եւ աշակերտուհի միաբերան կ'երգեն «Հայր մեր»ը եւ թափօրը կը վերադառնայ եկեղեցի։ Օրերը կ'անցնին, Սահակ Կաթողիկոս Յունվարի վերջին շաբթուն կը պատրաստուի վերադառնալ Սիս, բայց եղած ստիպումներուն վրայ, կ'որոշէ 15 օր եւս մնալ, Փետրվար 11, շաբաթ օր, տօն է «Իսահակայ Պարթեւի Հայրապետի », Վեհին տօնն է, Գաւառական, Քաղաքական, Կրօնական, Տնտեսական, Վանական Ժողովները եւ երեք եկեղեցեաց Թաղական Խորհուրդները կը փափաքին փառաւոր տօնակատարութիւն մը կատարել Վեհին անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Առաւօտուն, եկեղեցական արարողութիւն ու պատարագ եւ քարոզութիւն, իսկ երեկոյեան Առաջնորդարանի ընդարձակ սրահին մէջ հրաւիրուած են 100է աւելի անձեր բացի ժողովականներէ, ժողովուրդին ամէն դասակարգէն հրաւիրեալներ կան եւ ահա առաւօտեան սրնգահար հովիւները, խոշոր այծ մը, կոտոշները վառուած մոմերով զարդարուած Առաջնորդարանի սրահը կը մտցնեն եւ իբրեւ նուէր կը մատուցանեն Նորին Ս. Օծութեան, նորէն Բեթլեհէմի հովիւներու յիշատակը կը նորոգուի, Առաջնորդարանի բոլոր պատուհանները հարիւրաւոր լապտերներով լուսազարդուած են, ոգեւորութիւնը եւ ուրախութիւնը կատարեալ է, ճառեր կը խօսուին, մաղթանքներ իրարու կը յաջորդեն եւ ի վերջոյ Վեհափառը իրայատուկ գողտրիկ բառերով կը պանծացնէ Սահակայ եւ Մեսրոպայ կատարած գործը, գրի գիւտը եւ ուրախ է որ Հաճնցիք յանուն Սահակայ եւ Մեսրոպայ այս հոյակապ վարժարանը կանգնած են, կ'օրհնէ զիրենք եւ կ'ըսէ. «Կեանքիս մէջ երբեք այսքան փառաւոր տօնախմբութիւն կատարած չէի, պիտի չմոռնամ այսօրուան յիշատակը, ուրախ եմ, չափազանց ուրախ եմ, բայց կը վախնամ որ մեր այս ուրախութիւնը տխրութեան չփոխուի, որովհետեւ համայն աշխարհ սեւ ամպերով պատած է եւ այդ ամպերը սոսկում կ'ազդեն գրեթէ ամէն մարդու»։
       Փետր. 13-ին արդէն Սահակ Կաթողիկոս հրաժեշտ կուտայ Հաճընի, շատեր մինչեւ Վահկայի տակը յուղարկ կ'երթան, որ Հաճընէն դէպի Սիս 4 ժամուան ճամբայ է։ Հոն Վեհը ձիէն կ'իջնէ, կ'օրհնէ յուղարկողները եւ կ'ողջագուրէ Առաջնորդ Սարաճեան Սրբազանը եւ կ'արտասուէ։ Սարաճեան Եպս. կը հարցնէ. «Վեհափա՛ռ, ուրիշ անգամ ալ եկած ու մեկնած էք, բայց մեկնման ատեն չէք լացած, ինչո՞ւ այս անգամ կուլաք»։- «Չեմ գիտեր, կը պատասխանէ Վեհը, գէշ նախազգացումներ մը ունիմ, կը կարծեմ թէ այս վերջին անգամն է որ հրաժեշտ կուտամ Հաճընի, չեմ գիտեր, չեմ գիտեր, մնաք խաղաղութեամբ, Աստուած համբերութիւն եւ կարողութիւն տայ ամենուս»։
       Սահակ Կաթողիկոս մեկնեցաւ, հասաւ Սիս, քիչ ատենէն իջաւ Ատանա։ Հոն կերպով մը կ'իմանայ տարագրութեան մասին շշուկներ, իսկոյն բանագնաց մը կը ղրկէ Պոլիս Զաւէն Պատրիարքին Մարտ 2-ին եւ Զաւէն Պատրիարք գերմանական դեսպանին դիմելով այս լուրին ստուգութիւնը կը խնդրէ։ Դեսպանը հաւաստիքներ կուտայ թէ այդպիսի բան մը գոյութիւն չունի։ Բայց արդէն Ապրիլ 11/24-ին ամէն ինչ երեւան կ'ելնէ, մտաւորականներու ձերբակալութեամբ եւ դէպի Չանղըրը տարագրութեամբ, միւս կողմէն արդէն Զէյթունէն բազմաթիւ ընտանիքներ Գոնիայի Սուլթանիյէ գաւառը տարագրուած էին։ Սահակ Կաթողիկոս մինչեւ Մայիս 25 կը մնաց Ատանա եւ հեռարական ազդու դիմումներ կը կատարէ Զէյթունցիներու համար եւ սրտակեղէք նամակներ կը գրէ Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ յուսալով որ թերեւս Հալէպ երթալով կրնայ աւելի օգտակար ըլլալ Զէյթունցիներուն, Մայիս 25-ին կը մեկնի եւ 28-ին կը հասնի Հալէպ, ուր ականատես կ'ըլլայ սոսկալի թշուառութեան։ Եկեղեցւոյ բակը, փողոցները գաղթականներով լեցուած, Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներէն հետզհետէ կուգան կը հասնին եւ անկէ ալ դէպի ներսերը Պապ, Մոնպուճ, Րագգա, Րաս-իւլ-Այն կը քշուին, մերկ ու անօթի են։ Սահակ Կաթողիկոս հոն հանգանակութեան տոմար մը կը բանայ, բայց պէտքը, կարօտութիւնը այնքան մեծ է որ Հալէպ ինքնին չի կրնար գոհացնել։ Յունիս 13 թուականով Չորրորդ բանակի հրամանատար Ճէմալ Փաշայի բողոքի ընդարձակ հեռագիր մը կուտայ եւ աւելի ընդարձակ նամակով մը գաղթականներու թշուառ վիճակը, ամէլէ թապուրիի զինուորներուն անօթի ծարաւ չարաչար աշխատանքը, ոստիկաններու տարագիրներու հետ ստորին եւ հակամարդկային վարմունքը կը նկարագրէ եւ կը բողոքէ, ու կը շարունակէ իր բողոքները, եւ մինչ կը կարծէր թէ միայն Կիլիկիոյ քաղաքներն է որ կը դատարկանային , Տէր -Զօրի կողմէ եկող ճամբորդներէ կը տեղեկանայ որ Հայաստան աշխարհի հայ ժողովուրդն ալ միեւնոյն տարագրութեան պատժին ենթարկուած է եւ Կիլիկիոյ ժողովրդէն շատ աւելի վատթար վիճակ մը ունի։ Հարկ է ըսել որ Կիլիկիոյ քաղաքներու Հայերը տարագրուեցան բայց ճամբաները չջարդուեցան, մինչդեռ Կարնոյ, Բաղէշի, Երզնկայի, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Սեբաստիոյ եւ բոլոր այդ կողմրու հայ ժողովուրդը խմբովին ջարդուած գետերու մէջ թափուած են։ Սահակ Կաթողիկոսի կը հանդիպին Տօքթ. Տաղաւարեան եւ իր ընկերները, նոյնպէս Զօհրապ եւ Վարդգէս, որ դէպի Տիգրանակերտի սպանդանոցը կը տարուէին։ Ի տես այս բոլոր ահռելի եղելութեանց, Սահակ Կաթողիկոս բուռն կերպով բողոքի հեռագիրներ կուտայ ի Պոլիս Պատերազմական եւ Արդարութեան Գործոց Նախարարութեանց, նաեւ Հալէպէն Յուլիս 19 թուակիր նամակ մը կը գրէ Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարքին. այս վերջին նամակը եղաւ Սահակ Կաթողիկոսին Հալէպէն Զաւէն Պատրիարքի ուղղուած, զոր նոյնութեամբ կ' ընդօրինակենք։
      
       Համար 4980/94
       1915, Յուլիս 19, Հալեպ
      
       Ամեն. Տ. Տ. Զաւէն Ս . Արքեպս.
      
       …Սրբազան Եղբայր, մի՛ առարկէք, թէ ճանապարհ չկայ, յարաբերութիւն չկայ, օգնութիւն ուզելու, Ամերիկեան, նոյն իսկ Գերմանական Դեսպանատունները, Պայպըլ - Հաուզ կրնան այդքան ծառայութիւն ընել եւ մարդասիրութիւն ցոյց տալ։ Ո՞ւր են Խաչի ընկերութիւնները, Խաչին զոհուող ցեղի մը եթէ ձեռք չերկնցնեն, ինչո՞ւ Խաչին անունը կ'արատաւորեն. վիրաւո՞ր կը փնտռեն, նիւթապէս, բարոյապէս, կրօնապէս եւ մտաւորապէս վիրաւոր մըն է հայ ժողովուրդը. դրամ հասցուցէք. 500 ոսկիները չեն բաւեր։ Անշունչ բնութիւնը, քարերն ու ապառաժները կուլան, սրտերը թող լան, ըլլան օտար, ըլլան ընտանի։ Ի՞նչ պիտի ըլլան Աստուծոյ Տաճարները, ի՞նչ պիտի ըլլան վանքերն ու մենաստանները, ի՞նչ պիտի ըլլան եկեղեցական կալուածները, Ս. Սպասները, գրքերն ու զգեստեղէնք։ Խորհուրդ տուէք, մինակ եմ, խելք չը մնաց գլուխս արտասուք չը մնաց աչքերուս մէջ, զգացում չը մնաց սրտիս մէջ։ Չորս կողմս գիշեր եւ ցերեկ, մերկութիւն, անօթութիւն, նուաղում, լաց ու վայնասուն։ Պատառ մը թուղթ հասուցէք, ըսէք թէ, ի՞նչ կ՞ընէք, ի՞նչ յոյս ունիք, ի՞նչ ապագայ կ'ընդնշմարէք։ Ժողովուրդը ամէն օր կը հարցնէ, ի՞նչ Պոլիսը, ի՞նչ կ՚ընէ Ս. Պատրիարքը, ինչ կ'ընեն Ժողովները։
       Ժողովուրդը խելագարած է, չ'ըմբռներ ցաւին չափն ու տեսակը, կը կարծէ, որ անտարբեր են Կաթողիկոսարան ու Պատրիարքարան. կ'ստիպեն, որ դիմումներ ընեմ, Կայսեր եւ Աւագանիին, կ'ստիպեն որ անօթիին հացագինը հեռագրի տամ, բայց գիտեմ թէ ամէն դիմում, ամէն աղաչանք ու պաղատանք անօգուտ են, եւ աւելի նոր խստութեան ու չարիներու դուռ կը բանան։
       Արտասուքով կը գրեմ, բաւական է, միայն կը խնդրեմ, որ այս ընդհանուր ցաւին մէջ մոռնանք անձնական աննշան ցաւերը։ Հաճընի Առաջնորդը, Պետրոս Եպս. տառապեցաւ. մխիթարութեան եւ քաջալերանքի պէտք ունի. կը գրէ, որ Ձեր Սրբազնութիւնը տակաւին կը բանակցի Շնորհաւորեանի հետ` ցրուած Որբանոցի մասին, մինչդեռ մնացած այրիները իսկական որբեր են եւ անօթութեամբ կը տառապին եւ կը տառապեցնեն անբաղդ Եպիսկոպոսը որ այս ժամուս տարագրութեան ճամբուն մէջն է։
       Ստրգթն. ՍԱՀԱԿ ԿԹՂԿՍ.
       Իսկ նախարարներու եւ Ճէմալ Փաշայի տրուած հեռագիրներուն ի պատասխան ստացաւ հետեւեալ հեռագիրները.
      
       Հայ Կաթողիկոսութեան
       Հալէպ
       Պատասխան - Կը ցաւիմ ու Ֆընտըճագի դէպքը տարագրութեան յետաձգման կարելիութիւնը չթողուց, այսու հանդերձ հայ ընտանիքները ամէն տեսակ թշուառութենէ զերծ պահելու համար ամէն կողմ նորէն հրամաններ տուի։
      
       Չորրորդ Բանակի Հրամանատար
       եւ Ծովային Նախարար
       ԱՀՄԷՏ ՃԷՄԱԼ
      
       Իսկ Պատերազմական Նախարարը կը պատասխանէր թէ «Գաղթականաց խնդիրը ուղղակի Ներքին Գործոց Նախարարին վերաբերեալ ըլլալուն Ձեր հեռագիրը անոր յանձնուեցաւ ի նկատառութիւն »։ Եւ յիրաւի Ներքին Գործոց Նախարարը նկատի առաւ Սահակ Կաթողիկոսի հեռագիրը եւ միանգամ ընդ միշտ Ծերունի Կաթողիկոսին շարունակական դիմումներէն ազատուելու համար Հալէպի Կուսակալութեան հրաման մը կուգայ Ներքին Գործոց Նախարարութենէն։ Մի քանի օր վերջ տեղական կառավարութեան կողմանէ Գօմիսէր մը ներկայանալով Ս. Կաթողիկոսին կը հաղորդէ թէ, ըստ բարձրագոյն հրամանի պատրաստ ըլլայ մէկ երկու օրուան մէջ մեկնիլ Հալէպի գաւառակներէն մին։
       Սահակ Կաթողիկոս ի պատասխան այդ զեկուցում-հրամանին, կը պարտաւորի կուսակալի փոխանորդին, քանի որ Կուսակալ Պէքիր Սամի Պէյ պաշտօնանկ եղած էր, գրել եւ խնդրել որ գործերու կարգադրութեան համար մինչեւ Ճէմալ Փաշայի մերձաւոր գալուստը (Ճէմալ Փաշա հեռագրած էր Ս. Կաթողիկոսին թէ ի մօտոյ Հալէպ պիտի գայ եւ պիտի տեսնուի հետը ) յետաձգուի մեկնումը։
       Կուսակալի փոխանորդը չկրցաւ արտօնել, որովհետեւ նոյն օր հետեւալ հեռագիրը եկաւ Արդարութեան Գործոց Նախարարէն։
      
      
       Սիսի Կաթողիկոսութեան
       Հալէպ
       Մինչ ցնոր տնօրէնութիւն Հալէպի գաւառակներէն միոյն մէջ բնակելնիդ պէտք տեսնուելով, կուսակալութեան հետ խորհրդակցութեամբ Ձեր երթալիք տեղին որոշումը հաճեցէք հաղորդել։
       ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄ
       15 Հոկտ. 1915
      
       Նոյն օր կուսակալի փոխանորդին հետ տեսնուելով որոշուեցաւ Կաթողիկոսին եւ իր հետեւորդներուն երթալիք տեղը , թէպէտ փոխանորդը պնդեց որ Մունպուճ երթայ, բայց Սահակ Կաթողիկոս նախընտրեց Իտլիպ երթալ, զոր վեց տարի առաջ Անտիոքէն Հալէպ եկած ատեն տեսած եւ հաւնած էր։
       Այդ օրերը Հալէպ հասաւ Հաճընի Առաջնորդ Պետրոս Եպիսկոպոս Սարաճեան, յետոյ եկաւ Եղիշէ Եպս. Կարօեան, իր հետն էին Խադ Վրդ. Աջապահեան եւ Կիրակոս Վրդ. Մարգարեան, Սսոյ վանքին եկեղեցական անօթները եւ Միւռոնի կաթսան ալ հետերնին բերին, նոյնպէս Ատանայի Առաջնորդ Գէորգ Վրդ. Արսլանեան, կէս անդամալոյծ եկաւ. գաղթականներուն հետ եկած էին նաեւ Կեսարիոյ Ս. Կարապետի Միաբան Սմբատ Վրդ. Սալպաշեան եւ Ֆռնուզի Վանահայր Բարթողիմէոս Վրդ. Թագաճեան, իսկ Գիւտ Եպս. Մխիթարեան եւ Եփրեմ Վրդ. Տոհմունի աւելի կանուխ եկած էին, Գիւտ Եպս. թիֆուսի հիւանդութեամբ այս ատեն Տօքթ. Ալթունեանի հիւանդանոցին մէջ կը դարմանուէր։
       Վերջապէս որոշուեցաւ Հոկտ. 21-ին Հալէպէն մեկնիլ։ Սահակ Կաթողիկոս ուղղակի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին գնաց աղօթելու, բաւական ժողովուրդ կար, տրտում ու տխուր, կառքերը պատրաստ էին, Սահակ Կաթողիկոս եւ վերոյիշեալ Եպիսկոպոսներն ու Վարդապետները, բացի Գիւտ Եպիսկոպոսէն, որ ինչպէս ըսինք հիւանդ էր. կառքերը ճամբայ ելան, 20 զինուորներ ուղեկից էին Կաթողիկոսին, իրենց գլուխը ունենալով սպայ մը, Ալի Սայիպ անունով։ Առաջին կառքին մէջ Սահակ Կաթողիկոս եւ իր փոքրաւոր Կիրակոս Վրդ ., երկրորդ կառքին մէջ Պետրոս Եպս. իր մայրը եւ փոքրաւորը, երրորդ կառքին մէջ Եղիշէ Եպս. եւ իր մայրը, չորրորդ կառքին մէջ Գէորգ Վրդ ., իր մայրը եւ իր եղբօր երկու զաւակները , հինգերորդ կառքին մէջ Բարթողիմէոս Վրդ. եւ Սմբատ Վրդ . ։ Իսկ Եփրեմ եւ Խադ Վարդապետներն Կաթողիկոսին երկու ձիերուն հեծած էին, 20 զինուորները եւ սպան արդէն ձիաւոր էին։ Բաւական մեծկակ թափօր մըն էր, եկեղեցւոյ զանգը մելամաղձոտ կը հնչէր , ժողովուրդէն շատեր տխուր լալագին հետեւեցան թափօրին մինչեւ Հալէպի ծայրը, կարծես թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յուղարկաւորութեան թափօրն էր որ դէպի անծանօթը կը յառաջանար։
       Սահակ Կաթողիկոս նոյն իրիկունը իր հետեւորդներով անցուց արաբական գիւղի մը մէջ, սենեակ մը իջեւանեցաւ եւ մինչեւ առաւօտ ինքն եւ իր հետեւորդները նստած մնացին որովհետեւ անկողին չկար։ Առաւօտ նորէն ճամբայ ելան եւ հազիւ իրիկուան ժամը 4-ին Իտլիպի մօտերը հասան եւ ահա Կաթողիկոսին կառքը սայթաքեցաւ եւ շրջեցաւ ու կոտրեցաւ, գոհութիւն Աստուծոյ ոեւէ վնաս մը չեղաւ, Սահակ Կաթողիկոս Պետրոս Եպիսկոպոսի կառքին մէջ մտաւ ու ճամբայ ելաւ թափօրը։ Սահակ Կաթողիկոս կառքի խորտակումէն չափանց ազդուած էր ու տխրութեամբ կ'ըսէ. - Այս լաւ նշան չէ, արդէն ձախորդութեան մէջ ենք եւ կերեւի այդ ձախորդութիւնը պիտի հալածէ զմեզ։ Որուն ի պատասխան Պետրոս Եպիսկոպոս կ'ըսէ. «Ընդհակառակը Ձեր կառքին խորտակումը լաւ նշան է, Ձեր դէպի Իտլիպ ճամբորդութիւնը սխալանքի մը արդիւնքն է եւ դուք շուտով ետ պիտի դառնաք եւ Երուսաղէմ պիտի երթաք »։ Քառորդ ժամ վերջ արդէն հասած են Իտլիպ։ Ոչ զոք կը ճանչնան, արաբական քաղաք մըն է, միայն գիտէին թէ Օրթոտոքս Արաբներ կան, եկեղեցի մը ունին, ուստի ուղղակի խան մը կ'ուղղուին, ողտոտ խան մը, սենեակները աչքէ կ'անցընեն, իբր թէ լաւագոյնը կը յատկացնեն տարագիր Կաթողիկոսին, պանդոկապետը տեղէն կը շարժի, սենեակը աւլելու համար, բայց հազիւ թէ աւել մը կը գտնէ եւ սենեակ կը մտնէ աւլելու համար, ահա Յոյն քահանան եւ եկեղեցւոյ թաղականները կուգան, իրենք հեռագիր մը առած էին Հալէպի Յոյն Եպիսկոպոսէն եւ Կաթողիկոսը եւ հետեւորդները կը հրաւիրեն եկեղեցւոյ սենեակները։ Դէպի եկեղեցի կը քալեն, Լուսաւորչի Աջին սնտուկն ալ հետերնին, ան ալ Կաթողիկոսին հետ տարագրուած է, եկեղեցիի արտաքին դռնէն հազիւ ներս մտած, ոստիկան մը գալով կ'իմացնէ Կաթողիկոսին որ Գայմագամը զինքը կ'ուզէ, Վեհափառը կը վրդովուի, նորէն ի՛նչ կայ, Պետրոս Եպիսկոպոս որ քովն էր, կ'ըսէ «Վեհափառ վրդովուելու բան մըն ալ չկայ, ճամբան ըսի Ձեզ թէ պիտի վերադառնաք, ահա այդ պիտի հաղորդէ Ձեզ Գայմագամը »։ Սահակ Կաթողիկոս Վարդապետի մը հետ Գայմագամին գնաց եւ 20 վայրկեան վերջ վերադարձաւ, Պետրոս Եպս. զինքը դիմաւորելով «Վեհափա՛ռ, ի՞նչ լուր, բարի՞ թէ չար »։- Թէ բարի է եւ թէ չար, վաղը, իմ հետեւորդներովս կ'երթամ, միայն թէ դուք, Գէորգ Վրդ ., Սմբատ Վրդ. եւ Բարթողիմէոս Վրդ. հոս պիտի մնաք, բայց հոգ մի՛ ընէք, 15 օրէն զՁեզ ալ Երուսաղէմ բերեալ կուտամ»։
       Այդ իրիկուն անցաւ, հետեւեալ առաւօտ նոյն կառքերով, նոյն զինուորներով Սահակ Կաթողիկոս մեկնեցաւ Իտլիպէն եւ 24-ին հասաւ Հալէպ եւ նոյն ամսոյ 27-ին թշուառութեան ու մահուան քաղաքէն մեկնեցաւ է 31-ին գիշերուան ժամը 11-ին հասաւ Երուսաղէմ։
       Օրմանեան Պատրիարք, իբրեւ լիազօր Պատուիրակ Պոլսոյ Պատրիարքարանին, Երուսաղէմ կը գտնուէր 1914 Մայիսէն ի վեր եւ կը բնակէր Ցորենաթաղի վրայ եղող Կիրակոս Պատրիարքէ շինուած յարկաբաժինը, ուր բնակած էին նաեւ Խրիմեան եւ Իզմիրլեան Կաթողիկոսները իրենց աքսորութեան ժամանակ։ Ահաւասիկ Կիլիկիոյ Սահակ Կաթողիկոսն ալ, ժամանակ մը իբրեւ տարագրեալ աստ անդ թափառելէ վերջ, Չորրորդ Բանակի հրամանատար եւ Ծովային Նախարար Ահմէտ Ճէմալի կողմէ կ'արտօնուէր Երուսաղէմ բնակիլ։ Օրմանեանի բնակած յարկաբաժինէն աւելի յարմար տեղ մը չկար, ուստի Օրմանեան` Ս. Մինաս կոչուած Պատրիարքարանի արտաքին թաղին մէջ «ծուռ սանդուխ » անունով ծանօթ յարկաբաժինը քաշուեցաւ եւ Սահակ Կաթողիկոս ալ անոր բնակարանը տեղաւորուեցաւ։
       1915 Հոկտ. 31-1916 Օգոստոս 29, Վեհ. Սահակ Կաթողիկոս իբրեւ տարագիր կ'ապրի Ս. Յակովբեանց Վանքին մէջ, առանց ոեւէ գործի մը խառնուելու կամ դիտողութիւն մը ընելու։ Արդէն Օրմանեան Սրբազան շատ գոհ չէր Խապայեանի ներկայութենէն, մանաւանդ որ Օրմանեան Սրբազան , անգամ մը գանգատած էր Ճէմալ Փաշայի թէ վանքին մէջ ապաստան գտած տարագրեալները, վանական ներքին գործերուն կ'ուզեն միջամտել, վանական վարչութեան դէմ դժուարութիւններ յարուցանելով։ Ճէմալ Փաշա ալ, այդ առթիւ, Ատանայէն իրեն վաղածանօթ Մանուկ Շահպազեանի յանձնարարած էր զգոյշ ըլլալ։ Ժամանակը փափուկ էր, ամէն ոք կը զգուշանար Օրմանեանի դժգոհութիւն պատճառելէ։ Ամիսները կ'անցնէին, Ճէմալ Փաշան երբեմն կ'այցելէր Երուսաղէմ եւ Սահակ Կաթողիկոս ալ այդպիսի պարագաներուն, կ'երթար Ճէմալ փաշայի պաշտօնատեղին պարզ այցելութեան համար։ 1916 Մայիսի մէջ Ճէմալ Փաշան հրաւիրած էր Ս. Կաթողիկոսը մասնաւոր տեսութեան մը համար. Եղիշէ Եպս. Կարօեանն եւ Գիւտ Եպիսկոպոսը հետը առնելով Սահակ Կաթողիկոս կ'երթայ Ճէմալ Փաշայի ժամադրութեան։ Ճէմալ Փաշա Եպիսկոպոսներէն անջատ, առանձինն կը տեսնուի Սահակ Կաթողիկոսին հետ, ուղղակի խնդիրը կը բանայ եւ կ'ըսէ թէ` չենք ուզեր որ մեր թշնամիին հպատակ եղող Կաթողիկոս մը մեր տէրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայերուն Հոգեւոր Պետը ըլլայ. եւ կառավարութիւնը որոշեց այդ հոգեւոր յարաբերութիւնը խզել եւ փոխանակ 2 Պատրիարքութիւն եւ 2 Կաթողիկոսութիւն ունենալու, կը միացնէ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնները եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը եւ կը պահէ միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, որուն աթոռը պիտի ըլլայ Երուսաղէմի Հայոց Վանքը եւ իր տիտղոսն պիտի ըլլայ Կաթողիկոս-Պատրիարք բովանդակ Հայոց Թիւրքիոյ։ Կեդրոնի Կառավարութիւնը այս որոշումը տուած եւ արդէն կանոնագիրն ալ պատրաստուած է, ես իբրեւ բարեկամ ուզեցի, որ այս նոր պաշտօնը Ձեզ յանձնուի, քանի որ արդէն Սիսի Կաթողիկոսն էք ներկայիս. ի՞նչ կ'ըսէք, կ'ընդունի՞ք։ -Սահակ Կաթողիկոս, բոլորովին անակնկալի մը առջեւ ջլատուած կը գտնէ ինքզինքը, ի՞նչ պատասխանելու էր, չէր կրնար դիտողութիւն ընել թէ ասիկա Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր սովորութեան եւ ընդունուած ու նուիրագործուած կանոնին հակառակ էր, չէր կրնար ըսել, որովհետեւ գիտէր թէ այդ ժամանակամիջոցին մէջ տրամաբանական պատասխան, հին օրէնքին ջատագովութիւն, ոեւէ օգուտ չունէին, կը հրամայուէր, պէտք է հնազանդիլ, ուրիշ միջոց չկար։ Բայց Սահակ Կաթողիկոս դժկամակ էր, ներկայ կացութիւնը յայտնի էր, ապագան շատ մութ էր, ուստի իր ծերութիւնը պատրուակ ընելով, կը խնդրէր որ այդ ծանր լուծը իր տկար ուսերուն վրայ չդրուէր։ Սակայն Ճէմալ Փաշան շուտով տեղի տուող չէր, կը պահանջէր որ Կառավարութեան կարգադրութիւնը ընդունէր եւ կ'ըսէ, Ձեր անձը, Ձեր տկարութիւնը, ծերութիւնը մէկդի դրէք, Ձեր ժողովուրդի սիրոյն համար ստանձնեցէք այս պաշտօնը, վստահ եղէք որ կառավարութիւնը ամէն նիւթական եւ բարոյական օգնութիւն պիտի ընձեռէ Ձեզի, Ձեր ժողովուրդի հալածանքը պիտի դադրի, լաւ խորհեցէք, ոչ թէ իբրեւ հրամանատար, այլ իբրեւ Ձեր բարեկամը կը խօսիմ Ձեզ։
       Սահակ Կաթողիկոս, ժամանակ շահելու համար , կ'ըսէ. միջոց տուէք ինձ որ խորհիմ եւ ապա պատասխանեմ։
       -Շատ լաւ, օր մը միջոց կուտամ Ձեզ, վաղը իրիկուան ժամը 4-ին Ձեզ կը սպասեմ, միայն թէ առ այժմ այս առաջարկս պետական գաղտնիք մըն է եւ գաղտնի պէտք է մնայ մինչեւ որ Կեդրոնի վերջնական որոշումը հաղորդուի։ Ուրիշ բան մըն ալ պիտի ըսէի, Նախարարաց Խորհուրդը որոշեց որ Սիսի Վանքին կալուածները նաեւ Ձեր սեպհական կալուածները Ձեզի պիտի դարձուին, զանոնք կառավարելու համար փոխանորդ մը նշանակեցէք որ ղրկեմ Սիս։
       Սահակ Կաթողիկոս կը վերադառնայ Վանք, ընկճուած ու ցնցուած. Ա՜խ, կ'ըսէ Եղիշէ Եւ Գիւտ Եպիսկոպոսներուն, երանի՜ թէ մահը հասնէր եւ զիս այս անտանելի կացութենէն ազատէր, նոյն իսկ Շահաբաս այս տեսակ ճիւաղային գաղափար մը չյղացաւ, հայ ժողովուրդը անջատել Էջմիածնէն, սոսկալի բան է, թիւրքը այսքան դարերէ ի վեր տակաւին չէ կրցած հասկնալ հայ ժողովուրդին մտայնութիւնը, հայ ժողովուրդին` հանդէպ Էջմիածնի ունեցած պաշտումը։
       Նոյն իրիկունը կը պարզէ անոնց Ճէմալ Փաշայի առաջարկութիւնը եւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը հարցնէ։
       Յետ երկար խորհրդակցութեան կ'որոշեն, ընդունիլ առաջարկուած պաշտօնը, ի սէր ժողովուրդին, թերեւս կարելի է ժողովուրդը եղած տեղերնին հանգիստ պահել եւ եթէ պատերազմը վերջանայ այս կամայական, մեզի համար արտառոց կարգադրութիւնը, չեղեալ կը նկատուի, մենք մեր Աթոռը կը դառնանք եւ Էջմիածին ալ ըստ առաջնոյն իր իրաւասութիւններն կը պահէ. գալով կալուածներու մատակարարութեան գործին` կ'որոշեն Եղիշէ Եպս. Կարօեանը ղրկել Սիս, որպէս զի կալուածոց տեսչութիւնը ստանձնէ։
       Հետեւեալ օրը ժամը 4-ին Սահակ Կաթողիկոս, Եղիշէ ու Գիւտ Եպիսկոպոսները առնելով, կ'երթայ Համբարձման լերան վրան Գերմանացւոց մեծ շէնքը, որ Ճէմալ Փաշայի պաշտօնատունն էր, եւ դարձեալ Եպիսկոպոսներէն անջատուած կը տեսնուի Ճէմալ Փաշայի հետ եւ կը հաղորդէ իր որոշումը, խնդրելով տարագիր ժողովուրդի վիճակին բարւոքումը։ Ճէմալ Փաշան, ըստ թրքական սովորութեան առատ խոստումներ կուտայ եւ կը հարցնէ թէ Սիսի կալուածներուն համար փոխանորդ մը նշանակա՞ծ է։
       -Այո, կ'ըսէ, այս տեղէն պիտի ղրկեմ, իմ փոխանորդս հոս է, զայն պիտի ղրկեմ. եւ կը ներկայացնէ Եղիշէ Եպս. Կարօեանը, որ կը խոստանայ պէտք եղած յանձնարարականը հետեւեալ օրը իսկ վանք ղրկել. բայց հազիւ 15 օրէն թուղթը կը հասնի եւ Յունիս 15-ին Եղիշէ Եպս. Ճէմալ Փաշայի վեսիգայով եւ Ատանայի Կուսակալին ուղղուած յանձնարարականով զինուած ճամբայ կ'ելլէ, Ատանա կը հասնի եւ անկէ ութ օր վերջ Սիս կ'երթայ, ուր ոչ կալուած կը յանձնեն եւ ոչ եկեղեցի կը տրամադրեն, բայց կը թոյլատրուի ի Սիս տան մը մէջ բնակելու մինչեւ 1918 Հոկտեմբերի վերջերը , որ ատեն Եղիշէ Եպիսկոպոսի կը յանձնուին Սսոյ Մայրավանքը եւ կալուածները, որովհետեւ պատերազմը դադրած էր եւ Նոյմ. 11-ին պաշտօնական Զինադադարը կը կնքուէր։
       Օրեր, շաբաթներ կ'անցնէին, Սահակ Կաթողիկոսի Ճէմալ Փաշաի հետ ունեցած վերջին տեսութենէն ի վեր, եւ Կեդրոնէն ոեւէ լուր մը չէր գար նոր պաշտօնը հաստատող։ Սահակ Կաթողիկոս ուրախ էր կարծելով որ այս փորձութիւնը անցած է եւ կառավարութիւնը իր որոշումը փոխած է, բայց իր ուրախութիւնը երկար չտեւեց, վասնզի 1916 Յուլիս 29/11 Օգոստոսին, Արդարութեան Գործոց Նախարարութենէն պաշտօնական հեռագիրը կը հասնէր եւ ինքն ակամայ կ'ընդունէր պաշտօնը, կը փոխադրուէր Պատրիարքարան, Օգոստոս 6/19-ին, իսկ Օրմանեան Սրբազան ալ նորէն իր առաջուան` Կիրակոս Պատրիարքի շինել տուած յարկաբաժինը կը դառնար։ Սահակ Կաթողիկոս ալ Պատրիարքարան փոխադրուած օրը թափօրով ուղղակի եկեղեցի կ'առաջնորդուի, կը գահակալէ, շնորհաւորութիւններ կ'ընդունի եւ այն օրէն կը ձեռնարկէ իր նոր պաշտօնին։
       Բայց հազիւ թէ պաշտօնին սկսած, Օգոստոս 8/21-ին Ներքին Գործոց Նախարարութենէն հրաման կուգայ որ Օրմանեան Սրբազան երեք օրէն պէտք է Երուսաղէմէն մեկնի եւ Դամասկոս բնակի, Օրմանեան կը վրդովուի եւ կը կասկածի Խապայեանէն։ Երբ Խապայեան կ'իմանայ սոյն հրամանը կը հեռագրէ Արդարութեան Գործոց Նախարարին եւ Ճէմալ Փաշայի որ թոյլատրեն Օրմանեան Սրբազանի Երուսաղէմ բնակութիւնը, նոյնպէս Օրմանեան ալ Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթ Պէյի եւ Ճէմալ Փաշայի` խնդրելով որ իր ծերութեան օրերը Վանքին մէջ անցնէ։ Վերջապէս Օգոստոս 17/30-ին թէ Ներքին Գործոց Նախարարէն կառավարութեան եւ թէ Ճէմալ Փաշայէն` Կաթողիկոսին հեռագիր կուգայ որ Օրմանեան կրնայ Վանքին մէջ մնալ յԵրուսաղէմ։
       Սահակ Կաթողիկոս, երբ Կաթողիկոս-Պատրիարքի թրքական խելապատակէ ելած պաշտօնին ձեռնարկեց, խորհեցաւ առաջին անգամ վանքին ելեւմուտքը կարգի դնել եւ որովհետեւ ի վաղուց հետէ այն գաղափարը կազմած էր որ միակ Ղեւոնդ Վրդ. Մագսուտեանն է ատոր մասնագէտը, դիմեց կառավարութեան Ղեւոնդ Վարդապետը Պէյրութէն Երուսաղէմ բերել տուաւ, զինքը Ելեւմտից Տեսուչ կարգեց եւ եւ զայդ հրապարակաւ յայտնեց Միաբանական համախմբութեան մէջ։ Անշուշտ ոչ ոք դիտողութիւն ըրաւ, ժամանակը եւ պարագաները կը հարկադրէին Միաբանութեան մեծամասնութեան լռել, թէպէտ ապօրէն էր պաշտօնական վճռով մը երլեւմտական տեսչութեան մէջ գործուած զեղծումներու համար դատապարտուած անձ մը առանց քննութեան, առանց նախընթաց պարագաները նկատի առնելու, առանց Ղեւոնդ Վարդապետէ վանքի ունեցած պահանջը գանձելու, բերել նորէն այն պաշտօնին անցընել, որուն համար ամբաստանուած եւ դատապարտուած էր. եւ Ղեւոնդ Վարդապետ այս անգամ ալ գործնականապէս հաստատեց թէ հաշուեպահանջները իրաւունք ունէին զինքը ամբաստանելու, իբրեւ իր պաշտօնը յօգուտ իրեն շահագործող զեղծարար մը։ Վանքի Տոմարներուն մէջ Ղեւոնդ Վարդապետի անուան երկու հաշիւ կար, միոյն մէջ Ղեւոնդ Վարդապետ պարտական ցոյց կը տրուէր իւրացուցած գումարներուն համար, իսկ միւսին մէջ պահանջող կը ցուցուէր, իր կալուածներու հասոյթները, որ հաշուեյարդարութեան ատեն նկատի պիտի առնուէին, բայց Ղեւոնդ Վարդապետ, երբ նորէն տիրացաւ իր հին պաշտօնին, առանց իր պարտքը հատուցանելու, ջանաց իր պահանջները գանձել եւ նոյնիսկ վանապատկան ընտիր եւ արժէքաւոր 2-3 կտոր կալուածներ ծախուեցան Ղեւոնդ Վարդապետի չարաշահութիւնը գոհացնելու համար։
       Սխալ էր Ղեւոնդ Վարդապետի կրկին Ելեւմտից Տեսչութեան կոչուիլը, սխալ էր անոր անիրաւ պահանջին գոհացում տրուիլը, անցնինք այս կէտը, որ արդէն անցած է։
       Պաշտօնական հեռագրէն քանի մը օր վերջ տեղական կառավարութենէն Սահակ Կաթողիկոսի կը յանձնուի «Կանոնագիր Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Պատրիարքութեան » անունով տետրակ մը, որուն գծած սահմաններուն մէջ պիտի գործէր Սահակ Կաթողիկոս. այդ կանոնագրի ուժով, թրքահայութիւնը բաժնուած էր Էջմիածնէն, Ազգ. Սահմանադրութիւնը ջնջուած էր, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնները միացուած եւ Պոլսոյ ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւններն ալ այս Կաթողիկոսութեան վրայ աւելցուած էին, ու այդ կանոնագիրը վաւերացուած էր 1916 Յուլիս 19-ին, Սուլթանի եւ բոլոր նախարարներու կողմէ։
      
       Նոր Կանոնագիրը ըստ ինքեան ամբողջովին քննադատելի եւ պախարակելի է. ան կը բաղկանայ 39 յօդուածներէ, զորս մի առ մի թուել եւ քննադատել շատ երկար պիտի ըլլար, ուստի իյիշեալ կանոնագրին հայերէն բնագիրը նոյնութեամբ կ'արտատպենք, ընթերցողին թողլով, խորհիլ այդ յօդուածներուն վրայ եւ գաղափար մը կազմել անոր հակազգային պարունակութեան մասին։
      
       ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
       ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
       Յօդ. 1. - Սսոյ եւ Աղթամարի Հայ Կաթողիկոսութիւնները միացուած եւ Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւններն ալ այս Կաթողիկոսութեան վրայ աւելցուած են։ Օսմանցի Հայերուն ընդհանուր հոգեւոր նախագահութիւնն այս Կաթողիկոսութեան եւ Պատրիարքութեան կը պատկանի եւ բոլորովին կտրուած են իրենց կապն ու յարաբերութիւններն Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան հետ։ Կաթողիկոսին եւ Պատրիարքին բնակավայրն է Երուսաղէմ Ս. Յակոբի վանքը, եւ իր հոգեւոր շրջանակն են Օսմանեան երկիրները։
       Յօդ. 2. - Պատրիարքն իր պաշտօնը կը կատարէ եւ Տէրութեան հրամանները կը գործադրէ իր պաշտօնին վերաբերեալ բարձր Պէրաթով եւ այս Կանոնագրին տրամադրութեանց սահմանին մէջ։ Իր դիմելիք պաշտօնատեղին է լոկ Կրօնից Նախարարութիւնը, եւ միմիայն կրօնական գործերու համար դիմելու իրաւունք ունի։
      
       ԳԼՈՒԽ Ա. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՔ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՔ
       ՀԱՏՈՒԱԾ Ա. ԿԱՆՈՆ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ
       ՅՕԴ. 3. - Երբ Կաթողիկոսութեան եւ Պատրիարքութեան պաշտօնը թափուր մնայ, Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն անդամներն առ առաւելն երեք օրուան միջոցին կը գումարուին եւ բարձր Պէրաթով անուանեալ առաջնորդներէն մին պատրիարքական Տեղապահ ընտրելով համախումբ կը տեղեկագրեն Կրօնից Նախարարութեան։ Կրօնից Նախարարութիւնը Բ. Դրան հետ խորհրդակցելով կը վաւերացնէ պատրիարքական Տեղապահին պաշտօնը, յետոյ Տեղապահը Կաթողիկոսին եւ Պատրիարքին ընտրութեան համար բոլոր առաջնորդութիւններուն անմիջապէս կը զեկուցանէ` թէ մին հոգեւորական դասակարգէն եւ միւսը ոչ-հոգեւորական` երկերկու պատուիրակ ընտրեն եւ ղրկեն։
       Առաջնորդութեանց կողմէն կրնան փոխանորդ կարգուիլ Պատրիարքութեան կեդրոնին մէջ եւ կամ շրջակայքը բնակող կրօնականներ եւ ոչ-կրօնականներ, բայց մէկ անձ երկուքէն աւելի կրօնական շրջանակի փոխանորդութիւնը չի կրնար ստանձնել։ Այս կերպով ընտրուած պատուիրակներն իրենց պատկանած առաջնորդութիւններէն տրուած մէյմէկ վաւերագիր պէտք է ունենան եւ Տեղապահին զեկոյցին թուականէն սկսեալ առառաւելն մինչեւ 45 օր պէտք է գումարուին պատրիարքարանին մէջ Տեղապահին նախագահութեամբ եւ Հոգեւոր ու Խառն Ժողովոց անդամներուն հետ միասին, եւ Պատրիարք ընտրուելու արժանի եւ եպիսկոպոսական աստիճան ունեցող առաջնորդներուն եւ ուրիշ եպիսկոպոսներուն անունը պարունակող ցանկ մը կը պատրաստեն։ Այս գործողութիւնը տեղի պիտի ունենայ գաղտնի քուէարկութեամբ, եւ կանոնական հանգամանքներն ունեցող եւ քուէ ստացած առաջնորդներն ու եպիսկոպոսները ցանկին մէջ կը մտնեն առանց նայելու իրենց ստացած քուէներուն թիւին։ Ամէն պարագայի մէջ ասոնց թիւը եօթնէն պակաս չի կրնար ըլլալ։ Այս ցանկը Տեղապահին կողմէ կը մատուցուի Կրօնից Նախարարութեան։ Կրօնից Նախարարութիւնը խորհրդակցելով Բ. Դրան հետ, ցանկին պարունակած անուններուն մէջ քաղաքային պատճառներով կառավարութեան կողմէ ընտրութեան անյարմար տեսնուած անձեր եթէ գտնուին, զանոնք բաց թողլով` մնացեալներէն ընտրութիւն կատարելու համար ի պատասխանի կը զեկուցանէ Տեղապահութեան։ Յետոյ ընտրական ժողովը դարձեալ նոյն կերպով կը գումարուի եւ Կառավարութեան կողմ ընդունուած ընտրելիներէն երեքը գաղտնի քուէարկութեամբ եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ կը զատէ, եւ ասոնցմէ մէկը լոկ Հոգեւոր Ժողովին կողմը դարձեալ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ Կաթողիկոս ու Պատրիարք կընտրուի եւ այս մասին ընտրական ժողովին կողմէ պատրաստուելիք տեղեկագիրը Կրօնից Նախարարութեան կը մատուցուի եւ կատարուած ընտրութեան համար բարձրագոյն վաւերացում կը խնդրուի։ Ասոր վրայ, տրուելիք Կայս. Իրատէն Կրօնից Նախարարութեան կողմէ հաղորդուելէն ետք , կրօնական հարկ եղած արարողութեիւնները կը կատարուին եւ Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր կրօնական պաշտօնին կը ձեռնարկէ։
       Յօդ. 4-Պատրիարքութեան ընտրելի ցոյց տրուելիք անձերը պէտք է ունենան եպիսկոպոսական հոգեւոր աստիճան, ի բնէ Օսմ. հպատակ ըլլան, եւ իրենց վարք ու բարքով Տէրութեան ու հասարակութեան վստահութիւնը շահած ըլլան, բնաւ պատժական դատապարտութեան ենթարկուած չըլլան եւ առ նուազն հինգ տարի աղէկ կառավարած ըլլան առաջնորդութիւն մը, տարիքով 45էն վար չըլլան եւ Տէրութեան պաշտօնական լեզուին եւ ըստ կարելւոյն Տէրութեան Ընդհ. օրէնքներուն եւ կանոնագիրներուն տրամադրութեանց տեղեակ ըլլան։
      
       ՀԱՏՈՒԱԾ Բ.
       ՀՈԳԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
       Յօդ. 5. - Հոգեւոր Ժողովը կիսովին Պէրաթով անուանեալ առաջնորդներէն եւ կիսովին ուրիշ եպիսկոպոսներէ ըլլալով, 12 եպիսկոպոսներէ կը բաղկանայ։ Հոգեւոր Ժողովին կը նախագահէ Պատրիարքը, եւ իր բացակայութեան կամ չկարենալ նախագահելուն պարագային անդամներէն մին փոխանորդ կը կարգէ։ Անդամներուն պաշտօնավարութեան միջոցը երկու տարի է։ Ամէն տարի կէսը կը փոխուի։ Այս Կանոնագրին գործադրմանը հետեւորդ առաջին տարիին վերջը այս փոփոխումը վիճակով տեղի կ'ունենայ։ Առաջնորդութեան հանգամանք ունեցող անդամներուն փոփոխման ատենը փոխնիփոխի դրութիւնը կը կիրարկուի , իսկ միւս անդամները, ամէն տարի փոխոխման ժամանակէն մէկ ամիս առաջ քուէից առաւելութեամբ կընտրուին Ժողովին կողմէ։ Երբ քուէից հաւասարութիւն առաջ գայ, Պատրիարքին քուէ տուած կողմը նախամեծար կը համարուի։ Բոլոր անդամներուն պաշտօնը Կրօնից Նախարարութեան վաւերացմանը կենթարկուի։ Ընտրեալ անդամները նորէն կրնան ընտրուիլ։
       Յօդ. 6. - Հոգեւոր Ժողովը հասարակութեան կրօնական գործերուն կը հսկէ եւ ուշադրութիւն կընէ որ Հայ Եկեղեցիին աւանդութիւններն ու պատմութիւնները հասարակութեան միջեւ ամրապնդուին, անոնց վնաս չհասնի, եկեղեցիներն ու անոնց ծառայողները կանոնաւոր վիճակ ունենան, կաշխատի որ կղերական դասակարգը բարեկարգուի եւ հանգիստ վիճակ ունենայ, կարող եպիսկոպոսներ, վարդապետներ ու քահանաներ հասնին, կը նայի որ Հայ վարժարաններուն մէջ կրօնական դասաւանդութիւններն աղէկ կատարուին, առաջնորդներուն մասին հասարակութեան կողմէ տեղի ունենալիք գանգատները կը քննէ եւ պէտք եղածը կը տնօրինէ , թափուր մնացած առաջնորդութեանց համար յարմար անձեր կընտրէ եւ Կրօնից Նախարարութեան միջոցաւ կը խնդրէ անոնց Պէրաթները եւ հասարակութեան մէջ ծագած կրօնական խնդիրները քննելով` Եկեղեցիին կանոններուն համաձայն կը լուծէ ու կը կարգադրէ։
      
       ՀԱՏՈՒԱԾ Գ.
       ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
       Յօդ . 7. - Խառն Ժողովը կը բաղկանայ 12 անձերէ, որոնցմէ 4-ը Հոգեւոր Ժողովի անդամներէն եւ 8-ը ոչ-հոգեւորական հասարակութեան երեւելիներէն։ Անոր բնական նախագահն է Պատրիարքը, բայց կրնայ Պատրիարքին կողմէ հոգեւորական անդամներէն մին նախագահի փոխանորդ կարգուիլ։ Հոգեւորական անդամները կառնուին Հոգեւոր Ժողովին կողմէ քուէից առաւելութեամբ եւ անդամներէն մին շարունակ Պատրիարքութեան կեդրոնին կողմէ եւ միւս եօթը ամէն առաջնորդութիւններէն մէյմէկ հոգի ըլլալու պայմանաւ փոփոխակի կընտրուին առաջնորդներուն կողմէ եւ ամէնքն ալ կը նշանակուին Կրօնից Նախարարութեան վաւերացմամբ։ Իրենց Պաշտօնավարութեան միջոցը երկու տարի է, եւ ամէն տարի կէսը կը փոխուի։ Ներկայ Կանոնագրին գործադրման հետեւորդ առաջին տարիին վերջը այս փոփոխումը կը կատարուի վիճակարկութեամբ։ Ոչ-հոգեւոր անդամները կրնան ըլլալ իրենց պատկանած առաջնորդութեան շրջանակին կամ պատրիարքական կեդրոնին ու շրջակայ վայրերու ժողովուրդէն։ Ասոնցմէ փոխուողները կրնան առ նուազն երկու տարի ետքը վերընտրուիլ , սակայն պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին լրանալէն առաջ մահուամբ կամ հրաժարմամբ թափուր մնացած աթոռներուն համար ընտրուած անձինք իրենց նախորդներուն պաշտօնավարութեան ժամանակ լրանալէն ետքը վերընտրելի կրնան ըլլալ։
       Յօդ . 8. - Խառն Ժողովին պաշտօնն է` Պատրիարքարանի սնտուկին հասոյթներուն ու ծախքերուն հսկել եւ ուղղակի Պատրիարքութեան կապուած եկեղեցիներուն ու վանքերուն եւ հասարակութեան կողմէ հիմնուած մասնաւոր վարժարաններուն եւ ուրիշ բարեգործական հաստատութեանց պատկանող կալուածներուն եւ նուիրեալ գումարներուն բարւոք մատակարարութեան ուշադրութիւն ընել եւ առաջնորդութիւններուն մէջ գտնուող նմանօրինակ հաստատութեանց կալուածներուն մասին ամէն տարի առաջնորդներուն կողմէ ղրկուելիք հաշուոց ցուցակները քննել եւ հարկ եղածը տնօրինել եւ Տէրութեան կողմէ ընդունուած կտակներուն համաձայն հասարակութեան օգտին թողուած եւ կտակուած գումարներուն ու կալուածներուն իրենց նպատակին գործածումը ապահովելու համար ի հարկին օրինական ճամբու դիմել։ Այս ժողովը առ հասարակ շաբաթը մէկ օր կը գումարուի։
       Յօդ. 9. - Վերոյիշեալ յօդուածներուն մէջ ինչպէս կերեւի, Հոգեւոր Ժողովը կրնայ հսկել հասարակութեան կողմէ հիմնուած դպրոցներուն կրօնական ուսմանց դասաւանդութիւններուն եւ Խառն Ժողովն ալ` այս վարժարաններուն հասոյթներուն ու ծախքերուն։ Առհասարակ վարժարաններուն հաստատութեան եւ բացման եղանակը, ուսուցչական մարմնոյն անուանումը եւ կազմութիւնը եւ նախակրթութիւն , երկրորդական ու բարձրագոյն ուսում ենթակայ են ընդհանուր օրէնքներուն եւ Կրթական Նախարարութեան քննութեանն ու հակակշռին։
      
       ՀԱՏՈՒԱԾ Դ.
       ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ
       Յօդ. 10. - Պատրիարքը անձնական պատճառներով Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն անդամներէն ոչ մէկը կրնայ նախընտրել միւսէն, պէտք է հաւասարապէս վարուի անոնց հանդէպ, Ժողովներուն խորհրդակցութիւնը աղէկ վարէ, եւ կարգ կանոնը խանգարող արարքներէ եւ խօսքերէ զգուշանայ։ Անդամներն ալ պարտաւոր են Պատրիարքին հանդէպ միշտ յարգալից վերաբերում ունենալ եւ անոր ներկայութեանն ու բացակայութեանը, անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորելիք արարքներէ եւ լեզուագարութիւններէ զգուշանալ։
       Յօդ. 11. - Հոգեւոր Ժողովին ու Խառն Ժողովին Պատրիարքարանէն զատ ուրիշ տեղ գումարուիլը եւ Պատրիարքարանին մէջ ալ Պատրիարքին ու անոր կողմէ փոխանորդ կարգուելիք անձերէն զատ ո եւ է մէկուն նախագահութեան տակ գումարուիլն արգիլուած է։ Այս արգելքին հակառակ եղած գումարումներուն մէջ տրուած որոշումները չեն յարգուիր։
       Յօդ. 12. - Երբ Հոգեւոր եւ կամ Խառն Ժողովին անդամներէն մին իրարու ետեւէ երեք նիստէ կը բացակայի առանց բանաւոր պատճառի, ասիկա հրաժարում կը նկատուի, եւ` ըստ ներկայ կանոնագրին` անոր տեղ ուրիշ մը կընտրուի։ Բանաւոր պատճառ ունեցողները պէտք է Պատրիարքին յայտնեն եւ արտօնութիւն ստանան։ Բանաւոր պատճառ ունեցողներուն մէկ տարուան մէջ առ առաւելն երեք ամսուան արձակուրդ կրնայ տալ Պատրիարքը, իսկ անկէ աւելի արձակուրդ տալու համար հարկ է որոշումն այն Ժողովին , որուն կը պատկանի նոյն անդամը։ Որպէսզի Ժողովին խորհրդակցութիւնք ու գործողութիւնք չվնասուին, արձակուրդ ստացած անդամներուն թիւը բնաւ չպիտի կրնայ անցնիլ Ժողովին անդամոց մէկ երրորդէն։
       Յօդ. 13. - Հոգեւոր Ժողովին եւ Խառն Ժողովին անդամներէն մին կամ մէկ քանին երբ անկանոն ընթացքի մէջ գտնուին, Պատրիարքը նախ եւ առաջ զիրենք կանչելով փափկութեամբ կազդարարէ, իսկ երբ ասիկա արդիւնք չունենայ, զանոնք առ առաւելն երկու նիստէ կարգիլէ։ Այս կերպով պատժուած անդամները երբ իրենց յոռի ընթացքը կրկնեն, Պատրիարքին պահանջմամբ Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովները միասին կը խորհրդակցին, առանց անոնց մասնակցութեանը, եւ երբ բացարձակ մեծամասնութեամբ որոշեն անոնց փոփոխումն ու արտաքսումը, այս որոշումը ի գործ կը դրուի։ Այսպէս յատուկ որոշմամբ արտաքսեալները նորէն չեն կրնար ընտրուիլ։
       Յօդ. 14. - Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներէն իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի Պատրիարքէն գանգատելու, միայն թէ երբ անդամներէն մին եւ կամ մէկ քանին իրենց պաշտօնին վերաբերեալ գործերուն պատճառաւ Պատրիարքին դէմ գանգատ բառնան, խնդիրը պէտք է գրաւորապէս եւ պատճառաբանութեամբ յայտնեն իրենց պատկանած Ժողովին։ Ժողովը յետ խորհրդակցութեան եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ երբ իրաւացի գտնէ եղած գանգատը, այս մասին տրուած որոշումը Պատրիարքին հաղորդուելով բացատրոթիւն կը պահանջուի։
       Պատրիարքին կողմէ առ առաւելն 15 օրուան մէջ գրաւորապէս տրուելիք բացատրութիւնք երբ մեծամասնութեան որոշմամբ բաւական նկատուին, խնդիրը կը փակուի։ Երբ բացատրութիւնք մեծամասնութեամբ բաւական չնկատուին , Ժողովին անդամները համախումբ եւ գրաւորապէս կը դիմեն Կրօնից Նախարարութեան, կը պարզեն խնդիրը եւ կը խնդրեն որ Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն արտասովոր գումարման արտօնութիւն տրուի։
       Յօդ. 15. - Ըստ վերոյիշեալ յօդուածին, տեղի ունենալիք խնդրանքին վրայ Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներու արտասովոր գումարման մասին Կրօնից Նախարարութեան կողմէ տրուելիք արտօնութիւնը տեղական կառավարութեան միջոցաւ այս Ժողովներուն անդամներուն հաղորդուած ատեն, անոնց անդամներէն երիցագոյն եպիսկոպոսին նախագահութեան ներքեւ Պատրիարքարանին մէջ կը գումարուին եւ բողոքարկուներուն յայտարարութիւններն ու Պատրիարքին գրաւոր բացատրութիւնները խորապէս քննելէ ետքը, երբ առնուազն 14 ձայնով, այսինքն երկու երրորդի մեծամասնութեամբ որոշում տրուի` թէ եղած բողոքը հարկ կը դարձնէ Պատրիարքին անկումը, խնդիրը անմիջապէս Նախարարութեան եւ գրաւորապէս Պատրիարքին կը հաղորդուի։
       Այս որոշման վրայ Պատրիարքը պարտաւոր է մինչեւ 24 ժամ իր հրաժարումը յայտնել Կրօնից Նախարարութեան եւ Ժողովներուն եւ Աթոռը ձգել։ Եթէ Այս ստիպողական հարկը չկատարուի, այն ատեն անդամներուն դիմումին եւ Նախարարութեան զեկոյցին վրայ, Կառավարութեան միջոցաւ դուրս կը հանուի Պատրիարքարանէն։
       Յօդ. 16. - Արտասովոր կերպով գումարուած Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն կողմը երբ Պատրիարքին դէմ եղած բողոքը անկման պատճառ չնկատուի, այսինքն երբ ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութիւն չգոյանայ, բողոքարկու անդամները պէտք է իսկոյն հրաժարին եւ անոնց տեղ, ըստ այս Կանոնագրին, ուրիշներ կընտրուին եւ Պատրիարքը ցորդափ իր պաշտօնին վրայ գտնուի, բողոքարկուները դարձեալ նոյն ժողովներուն անդամ չեն կրնար ընտրուիլ։
      
       ՀԱՏՈՒԱԾ Ե.
       ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
       Յօդ. 17. - Պատրիարքարանին մէջ մին անձամբ Պատրիարքին եւ միւսը` Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն եւ երրորդը` Պատրիարքարանի սնտուկին վերաբերալ գրութիւնները, արձանագրութիւններն ու հաշիւները կատարելու համար եւ մէյմէկ Ա. քարտուղարէ եւ պէտք եղածին չափ քարտուղարներէ բաղկացեալ երեք դիւան, եւ Պատրիարքին արտօնելիք կրօնական գործողութիւններով զբաղող եւ կրօնական դասակարգէն փոխանորդ մը եւ կրօնական այլեւայլ պաշտօններու մէջ գործածուելու համար պէտք է եղածին չափ վարդապետ ու քահանայ եւ բաւականաչափ բարապան կը գտնուին։ Պատրիարքին Փոխանորդն ու Պատրիարքին դիւանը, վերոյիշեալ վարդապետներն ու քահանաները եւ բարապաններն ուղղակի Պատրիարքին կողմէ եւ միւս երկու դիւաններն ալ Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն կողմէ համախումբ տրուելիք որոշումներուն վրայ դարձեալ Պատրիարքին կողմէ կանուանուին եւ կը փոխուին։
       Յօդ. 18. - Պատրիարքական Աթոռին եկած թուղթերը հարկ եղած Ժողովին կը յանձնուին եւ բացի ստիպողական խնդիրներէն, Ժողովներուն կողմէ կարգաւ խորհրդակցութեան կենթարկուին ու պէտք եղած որոշումները կը տրուին ըստ կարգաթիւին։
       Յօդ. 19. - Պատրիարքը իրաւասութիւն ունի Հոգեւոր եւ Խառն ժողովներուն կողմէ իրենց յանձնուած խնդիրներուն մասին տրուած որոշումներուն դէմ առարկութիւն ընել, պատճառաբանութիւն մէջտեղ դնել եւ խնդրոյն վերստին քննութիւնը պահանջել։ Այս կերպով դարձեալ տրուելիք որոշումները երբ հաստատեն նախորդ որոշումը եւ խնդիրը լոկ Հոգեւոր Ժողովին կողմէ գնահատելի կրօնական էական խնդիր մը չըլլայ, Պատրիարքը իրաւունք ունի, պատասխանատուութիւնն իր վրայ առնելով, իր անձնական կարծիքով եւ գաղափարով գործել եւ նոյն Ժողովին հաղորդել խնդիրը։ Երբ այսպիսի պարագայի մը պատճառաւ Պատրիարքին նկատմամբ գանգատ տեղի ունենայ, 14-րդ յօդուածին համաձայն գործողութիւն կը կատարուի։
       Յօդ. 20. - Պատրիարքին եւ Հոգեւոր ու Խառն Ժողովին անդամներուն եւ պատրիարքարանին միւս պաշտօնեաներուն տրուելիք թոշակներուն, օրականներուն եւ ճանապարհածախսերուն քանակն, ըստ գոյութիւն ունեցող հասոյթներուն, կը կարգադրուին ամէն տարի Խառն Ժողովին կողմէ եւ Պատրիարքին կողմէ վաւերացուելով, մէկ պատճէնը Կրօնից Նախարարութեան մատուցուելիք ելմտացոյցին համաձայն, սնտուկէն կը վճարուին։
       Յօդ. 21. - Պատրիարքարանի սնտուկը Խառն Ժողովին հսկողութեան ներքեւ է։ Հասոյթները` Ա. Պատրիարքարանին եւ վանքերուն կալուածներուն հասոյթներէն, Բ. հասարակութեան կողմէ տրուելիք նուէրներէն, Գ. անժառանգ մեռնող կրօնականներուն թողած գոյքերէն, Դ. հոգեւոր վարչութեամբ պատրիարքական կեդրոնին կապուած Հայ ժողովուրդին միջեւ տեղի ունեցած ամուսնութեանց, մկրտութեանց եւ յուղարկաւորութեանց նման կրօնական գործողութեանց հասոյթներէն եւ Ե. ելմտացոյցին մէջ Խառն Ժողովին որոշմամբ իւրաքանչիւր առաջնորդութեան վրայ բաշխուելիք Պատրիարքարանի վերաբերեալ հասոյթներէն կը բաղկանան։ Ասկէ զատ, ինչ անունով եւ ինչ պատճառաւ ալ ըլլայ, արգիլուած է Պատրիարքարանին հասարակութեան անդամներէն ո եւ է բան առնել։
      
       ԳԼՈՒԽ Բ.
       ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
       Յօդ. 22. - Առաջնորդները Պատրիարքարանի Հոգեւոր Ժողովին կողմէ ընտրուելով եւ Տէրութեան կողմէ անուանուելով կը պաշտօնավարեն իրենց հոգեւոր շրջանակին մէջ իրենց պէրաթներով եւ ըստ այս Կանոնագրին տրամադրութեանց։ Անոնք որ ի բնէ Օսմ. հպատակ չեն եւ յանցանքով դատապարտուած են, ծանօթ են իրենց յոռի վարքով եւ 35 տարին լրացուցած չեն ու Տէրութեան պաշտօնական լեզուին եւ ըստ կարելւոյն ընդհանուր օրէնքներուն եւ կանոնագիրներուն տրամադրութեանց ծանօթ չեն` առաջնորդ չեն կրնար ընտրուիլ։
       Յօդ. 23. - Առաջնորդութեանց շրջանակները ի նորոյ պիտի կազմակերպուին առնուազն 15, 000 Հայ բնակիչ պարունակելու պայմանաւ։
       Յօդ. 24. - Կ. Պոլսոյ առաջնորդը Պատրիարքական փոխանորդ տիտղոսը պիտի կրէ եւ անպատճառ եպիսկոպոսական կրօնական աստիճան պիտի ունենայ, բայց թէ՛ բարձր Պէրաթին տրամադրութեամբ եւ թէ՛ պաշտօնին դիրքովը ուրիշ առաջնորդներէ տարբերութիւն չպիտի ունենայ։
       Յօդ. 25. - Կարելի չէ որ առաջնորդութիւնք փոխանորդաբար կառավարուին եւ փոխանորդներուն համար բարձր հրաման չելլար։ Միայն թէ իրենց պաշտօնին կեդրոնէն բանաւոր պատճառով բացակայող առաջնորդները կրնան կղերականներէն մին փոխանորդ կարգել։ Թափուր առաջնորդութիւն մը հարկեցուցիչ պատճառաւ առժամապէս փոխանորդաբար կը կառավարուի եւ այս պէտքը երբ հաստատուի Կրօնից Նախարարութեան կողմէ, Պատրիարքարանին կողմէ ընտրեալ փոխանորդին պաշտօնը պաշտօնական գրութեամբ կրնայ հաստատուիլ, բայց այս փոխանորդը իբր առաջնորդ Պատրիարքարանի ժողովներուն չի կրնար անդամակցիլ։
       Յօդ. 26. - Առաջնորդներուն քով մին հոգեւորականներէն եւ միւսը տեղւոյն երեւելիներէն եւ առ առաւելն վեցական անդամէ բաղկացեալ երկու խորհրդական մարմին պիտի գտնուին։ Այս մարմինները պաշտօնական ո՛ եւ է հանգամանք չպիտի ունենան եւ առաջնորդին պաշտօնէն ծագող պատասխանատուութեան մէջ ո՛ եւ է կապ չպիտի ունենան եւ առաջնորդական պաշտօնին հանգամանքին համաձայն, առաջնորդին կողմէ յանձնուելիք գործերուն մէջ անոր կ'օժանդակեն։ Իրենց քուէներուն գործադրումը առաջնորդին վաւերացումէն եւ ընդունելութենէն կախում ունի։ Այս մարմիններուն ընտրութեան եղանակին, գործողութեանց ու փոփոխմանց վերաբերեալ հրահանգը Պատրիարքարանի Հոգեւոր եւ Խառն Ժողովներուն կողմէ միասին պիտի պատրաստուին եւ Կրօնից Նախարարութեան գիտութեամբ պիտի գործադրուին։
       Յօդ. 27. - Ամէն առաջնորդարան սնտուկ մը եւ իր պէտքին համաձայն քարտուղարներ ու բարապաններ կ'ունենայ։ Այս սնտուկին հասոյթները կը բաղկանան ամուսնութեանց, մկրտութեանց եւ յուղարկաւորութեանց նման գործերէ առնուելիք առաջնորդական բաժինէն, Հայ ժողովուրդին կողմէ ըլլալիք նուէրներէն եւ ի հարկին եկեղեցիներու եւ վանքերու եւ այլ հաստատութեանց հասոյթէն առաջնորդարանին մատակարարութեան համար Պատրիարքարանի Խառն Ժողովին կողմէ յատկացուելիք գումարէն։
       Յօդ. 28. - Առաջնորդները ի հարկին լոկ կրօնական գործոց համար իրենց հոգեւոր շրջանակին մէջ գտնուող վայրեր կրնան կղերականներէն փոխանորդներ կարգել ու ղրկել, տեղական Կառավարութեան իմաց տալու պայմանաւ։ Այս փոխանորդները պաշտօնական ո եւ է հանգամանք չունին։
      
      
       ԳԼՈՒԽ Գ.
       ԶԱՆԱԶԱՆՔ
      
       Յօդ . 29. - Պատրիարքարանին Հոգեւոր ու Խառն Ժողովներուն` այս Կանոնագրութեան սկզբնական գործադրութեան ատեն կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւնները հետեւեալ կերպով պիտի կատարուին . - Ա. Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Հոգեւոր Ժողովը կազմելիք բարձր Պէրաթով կարգուած առաջնորդներէն զատելով վեց առաջնորդներ կը հրաւիրուին եւ Կրօնից Նախարարութեան տեղեկութիւն կը տրուի։ Բ. Այս կերպով կազմուելիք Հոգեւոր Ժողովը մնացորդ վեց անդամներն ալ ընտրելով, անոնց պաշտօնը յիշեալ Նախարարութեան կողմէ կը վաւերացուի։ Գ. Յիշեալ ժողովին անդամներէն Խառն Ժողովին համար հարկ եղած չորս անձ եւս կ'որոշուի։ Այս Ժողովին հարկ եղած մնացորդ աշխարհական ութը անդամներէն մէկը Պատրիարքութեան կեդրոնի բնակչութենէն ըլլալով, Պատրիարքին կողմէ տեղւոյն երեւելիներէն եւ բարի կենցաղով ծանօթ անձերէն կ'ընտրուի եւ կառավարութեան կողմէ յարմար նկատուելու պարագային, ամէնուն ալ պաշտօնը կը վաւերացուի Կրօնից Նախարարութենէն։ Ներկայ Կանոնագիրը գործադրելու առաջին պահուն, եթէ Հոգեւոր Ժողովին բոլոր անդամները եպիսկոպոսի աստիճան ունեցող անձերէ ըլլալուն մէջ դժուարութիւն մը տեսնուի, պակասը կը լրացուի, հինգէն աւելի չլլալու պայմանով, երեւելի հոգեւոր եւ յարմար անձեր ընտրելով։
       Յօդ. 30. -Հոգեւոր եւ խառն ժողովներուն հաւաքաբար գումարումը ներկայ Կանոնադրութեան մէջ նշանակուած պարագաներուն մէջ եւ պատճառներով կրնայ ըլլալ։ Ասոնցմէ դուրս ո՛չ մէկ պատճառով չեն կրնար երկու ժողովները հաւաքաբար նիստ գումարել։
       Յօդ. 31. - Եթէ Կաթողիկոսն ու Պատրիարքը դրուած օրէնքներուն ու կանոններուն եւ կամ Ազգային ու Տէրունական շահուն հակառակ վիճակի եւ ընթացքի մէջ գտնուի, աստիճանին համեմատ, Կրօնից Նախարարութեան կողմէ գրաւոր ազդարարութիւն եւ պատուէր կ'ըլլայ անոր։ Եւ ի հարկին Նախարարութիւնը խնդիրը կը ծանուցանէ Բ. Դրան, եւ Նախարարաց Խորհուրդին տալիք որոշումին վրայ, Կայս. Իրատէով կրնայ հրաժարեցուցուիլ։ Ասանկ պարագայի մը մէջ Պատրիարքարանի Հոգեւոր եւ Խառն ժողովներուն հասցէին ղրկուած եպարքոսական պույրուլթըին վրայ, ըստ սովորութեան, տեղապահ մը ընտրուելով, 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածներուն համաձայն յաջորդին ընտրութեան կը ձեռնարկուի։
       Յօդ . 32. - Յօդուած 31-ին մէջ յայտնուած արարքը եթէ առաջնորդներու կամ ուրիշ վարդապետներու եւ քահանաներու կողմէ ի գործ դրուած ըլլայ, աստիճանին համաձայն գործողները յորդորելու ու յանդիմանելու կամ պաշտօնանկ ընելու եւ փոխելու մասին Կրօնից Նախարարութեան կողմէ տրուած հրահանգին տրամադրութիւնները, ինչպէս որ հարկ է, Պատրիարքարանին կողմէ կը գործադրուին։ Այս մասին եթէ վարանում եւ անփութութիւն ցոյց տրուի, իրենց նկատմամբ սաստողական գործողութիւն տեղի ունենալիք եկեղեցական պետերն եւ պաշտօնեաները Կառավարութեան կողմէ իրենց պաշտօնէն կը հանուին, իսկ Պատրիարքին եւ Հոգեւոր Ժողովին նկատմամբ հարկ եղած գործողութիւնը կատարել կը պահանջուի Կանոնագրին տրամադրութեանց հակառակ վարուած ըլլալնուն համար։
       Յօդ. 33. - Պատրիարքարանի ժողովներուն անդամները ժողովին մէջ ընդհանրապէս կամ մասնաւորաբար եթէ սոյն Կանոնագրով որոշուած պարտականութենէն դուրս գործելու միջամտեն Պատրիարքը, եկեղեցական պետերը կամ միւս եկեղեցականները ատոր համաձայն շարժելու եւ գործելու դրդեն եւ կամ քաղաքական ու քաղաքային հանգամանք ունեցող կամ պետական հրամաններն ու հրահանգները գործադրելու մասին դժուարութիւն յարուցանող ընթացք մը ունենան, Կրօնից Նախարարութեան կողմէ կը յանդիմանուին կամ կը փոխուին։ Իրենց ընթացքին կարեւորութեան համաձայն փոփոխման գործը այլ եւս նոյն ժողովներուն չանդամակցելու պայմանով ալ կրնայ ըլլալ։
       Յօդ . 34. - Նախորդ յօդուածներուն մէջ նշանակուած սաստողական ձեւակերպութեան պատճառ տուող արարքը պատժական ընդհանուր օրինաց տրամադրութիւններուն համաձայն եթէ զանոնք գործողներուն մասին ուրիշ պատիժներ կը հրաւիրէ, ասոնք եւս առանձին կը կիրարկուին ու կը գործադրուին։
       Յօդ. 35. - Ներկայ կանոնագրին գործադրութեան դրուելու թուականէն սկսեալ առ առաւելն մինչեւ երկու տարի Պատրիարքարանի Հոգեւոր ու Խառն Ժողովները կ'որոշեն ու կը գնահատեն պսակի ու մկրտութեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց նման կրօնական ծառայութիւններու փոխարէն կրօնական պետերուն կողմէ համայնքին անհատներէն առնուելիք եկամուտներուն առաւելագոյն քանակը եւ գանձման եղանակը, կրօնական մարմնոյն կողմէ հաստատուելիք պէտքը եւ համայնքին վիճակին տարած չափն ի նկատ առնելով, Պատրիարքութեան կողմէ ասիկա կը ծանուցուի Կրօնից Նախարարութեան եւ պետութիւնը նոյնութեամբ կամ փոփոխելով ընդունելէ ետք ներկայ Կանոնագրին վրայ կ' աւելցնէ։
       Յօդ. 36։- Կաթողիկոս եւ Պատրիարքին համար բնակավայր յատկացուած Ս. Յակոբայ վանքին վարդապետներու Միաբանութեան` ներկայ Կանոնագրին մէջ որոշուած նոր կազմակերպութեան համաձայն վիճակն ու դիրքը, ինչպէս նաեւ վանքին ու կալուածներուն յանձանձման եղանակը, Պատրիարքարանի Խառն Ժողովին կարծիքին ու քուէին ալ դիմում ըլլալէ ետք, միայն Հոգեւոր Ժողովին կողմէ խորհրդակցութեան դրուելով յատուկ որոշմնագիր մը կը կազմուի, որ Կրօնից նախարարութեան հաւանութիւնը առնելէ ետք գործադրութեան կը դրուի։
       Յօդ. 37. - Հայոց Պատրիարքութեան 1279 Րամազան 20 թուակիր Կանոնագիրը ջնջուած է։
       Յօդ. 38. - Ներկայ Կանոնագիրը հրատարակութեան թուականէն գործադրելի է։
       Յօդ. 39. - Ներկայ Կանոնագիրը գործադրելու պաշտօն ունի Դատական եւ Կրօնից Նախարարը։
       Ներկայ Կանոնագրին գործադրութեան դրուիլը եւ Պետութեան կանոններուն վրայ աւելցուիլը Իրատէ ըրի։
      
       ՄԷՀՄԷՏ ՐԷՇԱՏ
       19 Յուլիս 1916
       Եպարքոս` ՄԷՀՄԷՏ ՍԱՅԻՏ, Շէյխիւլ-Իսլամ` ՄՈՒՍԱ ՔԵԱԶԻՄ, Պատերազմական Նախարար ու Ծովային Նախարարի փոխանորդ` ԷՆՎԷՐ, Ներքին Գործոց Նախարար եւ Ելմտական Նախարարի փոխանորդ` ԹԱԼԷԱԴ, Արտաքին Գործոց Նախարար եւ Դատական ու Կրօնից Նախարարի փոխանորդ` ԽԱԼԻԼ, Պետական Խորհուրդի նախագահ եւ Էվգաֆի Նախարարի փոխանորդ` ԻՊՐԱՀԻՄ, Հանր. Շինութեանց Նախարար` ԱՊՊԱՍ, Կրթական Նախարար եւ Թղթատարական, Հեռագրական ու Հեռաձայնական եւ Առեւտրական եւ Երկրագործական Նախարարներուն փոխանորդ` ԱՀՄԷՏ ՇԻՒՔՐԻ։
      
       Սահակ Կաթողիկոս համաձայն նոր Կանոնագրին 24-րդ յօդուածին Պատրիարքական Փոխանորդ կը նշանակէ Կ. Պոլսոյ համար Գաբրիէլ Արքեպս. Ճէվահիրճեանը եւ կը տեղեկացնէ Արդարութեան Գործոց Նախարարութեան որ կը վաւերացնէ այդ նշանակումը։
       Կանոնագրի 6-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն Հոգեւոր Ժողովը պիտի կազմուէր 12 Եպիսկոպոսներէ, որոնց վեցը Պէրաթաւոր պիտի ըլլար եւ մնացեալ կէսն ալ ուրիշ Եպիսկոպոսներէ եւ որովհետեւ Պէրաթաւոր Եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը արդէն նահատակուած էին եւ մնացեալներն ալ աքսորավայրերու մէջ կը գտնուէին, ուստի Սահակ Կաթողիկոս, իբրեւ Պէրաթաւոր նշանակեց Ստեփանոս Արքեպս. Յովակիմեանը Նիկոմիդիոյ` որ Մոմպուճէն եկաւ իւր երկու ազգականներով, Պետրոս Եպս. Սարաճեանը Հաճնոյ, որ Իտլիպէն եկաւ իր մօրմով եւ փոքրաւորով, Կարապետ Եպս. Մազլումեան Պանտրմայի, որ Րաճօէն եկաւ իր քրոջմով եւ ուրիշ 4 ազգականներով, Մովսէս Վրդ. Ոսկերիչեան Անտիոքայ, որ Պապէն եկաւ, Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեան Գոնիայի, որ Պապէն եկաւ իր մօրմով եւ քրոջմով եւ ուրիշ երկու հոգիով։ Որոնց միացուեցաւ Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեան, երբեմն Առաջնորդ Բաղէշի, իսկ մնացեալ վեցերուն համար քանիներ առաջարկուեցան եւ մերժուեցան, ինչպէս Մկրտիչ Եպս. Աղաւնունի, Երուանդ Վրդ. Փէրտահճեան, Սմբատ Վրդ. Սալպաշեան, իսկ ընդունուածներն եղան Տրդատ Եպս. Պալեան, Մաղաքիա Եպս. Տէրունեան, Մեսրոպ Եպս. Նարոյեան, Գիւտ Եպս. Մխիթարեան, Դաւիթ Վրդ. Տէրտէրեան եւ Գրիգորիս Վրդ. Պօյաճեան։ Առաջին երեք Եպիսկոպոսները չուզեցին գալ եւ չեկան եւ Հոգեւոր Ժողովը կամ Սինոդը միայն ինն անդամներով կազմուեցաւ, գալով Խառն Ժողովի կազմութեան, ոմանք ընդունուեցան եւ ոմանք մերժուեացան, ընդունուածներէն Յարութիւն Թէրզեան եւ Վարդան Փիրանեան Երուսաղէմ եկան շատ ուշ եւ ժողով չկազմուեցաւ եւ միայն Հոգեւոր Ժողովը կրցաւ քանի մը նիստեր ընել. ժողովականները քմծիծաղով մը ժողով կ՚երթային, գիտնալով, որ այս ամէնը խիստ առ ժամանակեայ է եւ ապօրինի։
       Սահակ Կաթողիկոս, ինչպէս Պոլսոյ Փոխանորդ Գաբրիլէլ Արքեպս. Ճէվահիրճեան հաստատման համար կոնդակ գրած է, նոյնպէս Հալէպ եւ Պէյրութ կոնդակներ գրած է, առաջինը Գիւտ Եպս. ը Հալէպ ղրկելուն առթիւ, Սսոյ Մայրավանքի սպասները եւ անօթները Երուսաղէմ բերելու համար, իսկ երկրորդը Խադ Վրդ. Աջապահեանը Պէյրութի Հոգեւոր Տեսուչ նշանակելուն առիթով, որուն նախորդ Տեսուչ Սահակ Վրդ. Սարգիսեան տարագրուած եւ Տիգրանակերտի մօտերը նահատակուած էր։ Իբրեւ նմոյշ կը դնենք հոս, Սահակ Կաթողիկոսի - Կաթողիկոս - Պատրիարքութեան - առաջին եւ երկրորդ Կոնդակներու սկզբնաւորութիւնները. Բերիա ուղղուած.
      
       «Յի. Քի. ծառայ եւ կամօքն Ածյ. Սահակ Կաթողիկոս Հայոց Թուրքիոյ եւ Պատրիարք Ս. Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ. եւ այլն։
       «Որ ցաւերու եւ տառապանքներու ներքեւ ընկճեալ եւ իսպառ յուսաբեկ պահուս Կայս. Կառավարութիւնը Սսոյ եւ Աղթամարայ Կաթողիկոսութիւնները միացնելով եւ Պոլսոյ ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնները աւելցնելով Կաթողիկոսութեանց վրայ այդ բարդ ու դժուար պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը մեր տկար ու մաշուած ուսերուն վրայ դրաւ » եւն. ։
       (Ստորագրութիւն)
       Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայոց
       ՍԱՀԱԿ
       1916 Սեպտ . 5
       Համար 1
      
       Խադ Վրդ. Աջապահեանի Տեսուչ նշանակման առթիւ Պէյրութի մերազնէից ուղղուած կոնդակի սկզբնաւորութիւնն է հետեւեալ կերպով.
      
       «Յի. Քի. ծառայ Տէր Սահակ Կաթողիկոս Հայոց ընդհանուր Թուրքիոյ եւ Պատրիարք Ս։ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ , եւն. ։
       (Ստորագրութիւն)
       Կաթողիկոս-Պատրիարք
       ՍԱՀԱԿ
       1916 Հոկտ. 12
       Համար 2
      
       Կ. Պոլսոյ Փոխանորդ Գաբրիէլ Արք եպս. Ճէվահիճեանի ներկայացուցած ամուսնալուծմանց ի պատասխան գրուած կոնդակներն ալ գրեթէ բոլորն ալ այսպէս կ' սկսին։
       Բայց Սահակ Կաթողիկոս գոհ չէր իր ներկայ պաշտօնէն, որ շատ մը խոստումներով եւ յոյսերով իր ուսերուն վրայ դրին, իբր թէ ժողովուրդը պիտի չհալածուի, իբր թէ իր դիմումները պիտի լսուին, մինչդեռ թէ Հոգեւոր Ժողովի եւ թէ Խառն Ժողովի անդամներու համար եղած դիմումները կը մերժուէին եւ թէ մանաւանդ ստոյգ տեղեկութիւններ առած էր որ Սիւրիոյ եւ Անդր-Յորդանանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ գտնուած տարագիր հայերը բռնի կ'իսլամացնեն Պոլսէն ղրկուած մասնաւոր հիյէթի մը ստիպումով եւ թէ Սալթի կողմերը տարագրուած քահանաները չիսլամանալնուն համար կը հալածուին եւ կը չարչարուին, ուստի Կանոնագրի 2-րդ յօդուածի տրամադրութեան համեմատ Արդարութեան Գործոց Նախարարութեան ուղղեալ խիստ լեզուով բողոքագիր մը կը խմբագրէ, անոր մէջ յիշելով նաեւ պաշտօնի ձեռնարկելէն առաջ Ճէմալ Փաշայի բերանացի խոստումներն թէ կառավարութիւնը ամէն աջակցութիւն պիտի ընէ իրեն բարոյական եւ նիւթական տեսակէտով եւ սոյն բողոքախառն խնդրագիրը կը ղրկէ Արդարութեան Գործոց Նախարարին, ոչ մի պատասխան կ'ստանայ եւ ահա Դամասկոսէն` Ճէմալ Փաշայէն Հոկտեմբերի (1916) սկիզբները հեռագիր մը կ'ստանայ թէ «ըստ ձեզ գերազանցապէս վստահելի անձ մը, իսկոյն ինձ ղրկեցէք»։
       Ս. Կաթողիկոսը կը յանձնարարէ Գիւտ Եպս. ի որ երթայ Ճէմալ Փաշային։ Գիւտ Եպս. ուղեւորութեան համար պէտք եղած կառավարական հրամանագիրը առնելով Երուսաղէմէն կը մեկնի Դամասկոս, կը ներկայանայ Ճէմալ Փաշային որ բարկութեամբ կ'ընդունի զինքը եւ ցոյց կուտայ Կաթողիկոսին` Արդարութեան Գործոց Նախարարին ուղղած Թագրիրը, որ Պոլսէն իրեն ղրկուած էր եւ կ'ըսէ. «Ես խնդրոյն մարդասիրական տեսակէտով կը նայիմ, թողէք այս խեղճ ժողովուրդին օձիքը, մինչեւ պատերազմի վերջաւորութիւնը ինքզինքը ապրեցնելու համար կ'ուզէ իսլամ ըլլայ, կ'ուզէ հրեայ ըլլայ, կ'ուզէ կեավուր ըլլայ, կ'ուզէ կապիկ ըլլայ, նոյն իսկ էշու ձեւին մտնէ, բաւական է որ ինքզինքը ապրեցնէ, հասկցար, գնա Կաթողիկոսիդ այսպէս ըսէ՛» (մանրամասնութիւնը տեսնել Գիւտ Մխիթարեանի «Յուշեր եւ Վերյիշումներ » գրքոյկի 74-րդ էջը)։
       Գիւտ Եպս. կը վերադառնայ Երուսաղէմ, Ճէմալ Փաշայի տեսակցութեան արդիւնքը կը տեղեկացնէ Սահակ Կաթողիկոսին որ չափազանց կը յուսահատի եւ կը վշտանայ եւ կը խորհի հրաժարիլ , սակայն բարեկամներ եւ խոհուն անձնաւորութիւններ խորհուրդ կուտան որ այդպիսի քայլ մը չառնէ որպէսզի աւելի չխստացնէ կառավարութիւնը։ Ժամանակ մը յետոյ երբ Ճէմալ Փաշան Երուսաղէմ եկաւ, Սահակ Կաթողիկոս այցելեց իրեն եւ ցաւ յայտնեց որ կառավարութիւնը պէտք եղած աջակցութիւնը չի շնորհեր իրեն, որուն ի պատասխան Ճէմալ Փաշան սա յատկանաշական խօսքերն ըսաւ. «Ձեզի հետ կը խօսիմ, ոչ թէ իբրեւ հրամանատար Ճէմալ Փաշա, այլ իբրեւ բարեկամ, եթէ գիտնաք թէ իմ մանթգայէս դուրս ինչեր տեղի կ'ունենան հանդէպ հայերուն, փառք պիտի տայիք Հալէպի, Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի եւ անոնց շրջականերուն մէջ գտնուող տարագիր հայրեու վիճակին համար, լռութեան ժամանակն է, միայն աղօթեցէք որ շուտով վերջանայ պատերազմը, որքան շուտ վերջանայ այնքան շահաւոր կ'ելնէք»։
       1917 Մարտին, Չորրորդ Բանակի հրամանատարութենէն պաշտօնագիր մը կուգայ Երուսաղէմ հրամայող որ Երուսաղէմի մէջ գտնուող տարագիր եւ տեղացի հայերը մինչեւ 45 տարեկանը անխտիր զինուորագրուին։ Ժողովուրդը սարսափահար կը դիմէ Կաթողիկոսին թախանձանօք խնդրելով որ զիրենք ազատէ։ Այդ օրերուն Ճէմալ Փաշա Երուսաղէմ կուգայ եւ Աւագ Ուրբաթ օր Սահակ Կաթողիկոս կը դիմէ Ճէմալ Փաշային խնդրելով որ այդ հրամանը ետ առնուի, Ճէմալ Փաշա ի շնորհս Կաթողիկոսին կը յետաձգէ այդ հրամանի գործադրութիւնը։
       Ասկէ զատ շատ մը կասկածելի անհատներ որ կառավարութեան կողմէ կը փնտռուէին, Սահակ Կաթողիկոս զանոնք կը պահէր Վանքին մէջ եւ ոմանց համար ալ կրցաւ ներողութիւն ձեռք բերել Ճէմալ Փաշայէն։
       Օրմանեան Սրբազանի իբրեւ լիազօր Պատուիրակ պաշտօնավարութեան միջոցին Ճէմալ Փաշա վանքապատկան «մեծ արտ»էն մաս մը հող կը պահանջէ հասարակաց պարտէզ շինելու համար, օրուան վարչութիւնը` Օրմանեանը իր գլուխն ունենալով չեն ուզեր տալ, յայտնելով որ իրենք վանքին բուն միւթէվէլլին չլլալով իրաւասու չեն այդպիսի գործողութիւն մը կատարելու։
       Սակայն Ճէմալ Փաշա ատոր ալ միջոցը կը գտնէ, մահքէմէի շէրիէն թուղթ մը հանել կուտայ յանուն Օրմանեանի իբրեւ փոխ-միւթէվէլլի եւ այդ թուղթի ուժով Օրմանեան կառավարութեան կը փոխանցէ` կառավարութեան պահանջած հողամասը։
       Օրմանեանի այս արարքը, որ չէր կրնար տարբեր կերպով շարժիլ, նախընթաց մը կ'ըլլայ եւ Երուսաղէմի գրաւումէն գրեթէ 2 ամիս առաջ, Ճէմալ Փաշա Սահակ Կաթողիկոսէն կը պահանջէ վանքի հանդիպակաց վանքապատկան պարտէզը , Սահակ Կաթողիկոս կ'առարկէ, կը խնդրէ, բայց ի զուր, վերջապէս Սահակ Կաթողիկոս կ'ստիպուի ստորագրել թուղթ մը, որով կ'ըսուէր թէ այդ պարտէզը վանքին չի պատկանիր եւ թէ տարիներէ ի վեր վանքը (ֆիզուլի) առանց իրաւունքի տիրացած է. այդ կերպով Ճէմալ Փաշա այդ հողն ալ առաւ, սակայն պատերազմէն վերջ Անգլիական կառավարութեան մօտ կատարուած դիմումներու հետեւանքով քննութիւն կատարուեցաւ եւ տեսնուեցաւ թէ Օրմանեան Սրբազանի եւ Սահակ Կաթողիկոսի ստորագրութիւններով տրուած հողամասերն, հարկադրանքի եւ պարագաներու բերմամբ տրուած են. երկու կտոր հողերն ալ վերադարձուեցան Ս. Յակոբեանց Վանուց։
       Սահակ Կաթողիկոսի պաշտօնավարութիւնն Երուսաղէմի մէջ, 1916 Օգոստոս 6/19էն մինչեւ 1917 Նոյմ. 6/19, տասն հինգ ամիս տեւեց եւ եթէ այդ ժամանակամիջոցին մէջ կատարուած գործերն քննենք, կը տեսնենք որ Սահակ Կաթողիկոս աչքառու, վանքին կամ ժողովուրդին օգտակար գործ մը չէ կատարած, որովհետեւ կարելի չէր կատարել, ստիպուած ընդունեց Կաթողիկոս-Պատրիարքութեան նորօրինակ պաշտօնը, յուսալով որ այդու կրնար ժողովուրդին օգտակար ըլլալ, բայց իր յոյսերուն մէջ խաբուեցաւ, ու այդպէս խաբուելուն մէջ երբեք յանցաւոր չէ, իր տեղը ով որ ալ ըլլար իր ըրածէն աւելի բան մը չէր կրնար ընել, այո ', Սահակ Կաթողիկոս յախուռն գործող մը չէ եղած, հանդարտ եւ լռին գործող մը եղած է եւ ի հարկին բողոքած է անիրաւութեանց դէմ, բայց լսելի չէ եղած։
       1917 Հոկտեմբերի վերջերը Անգլիական բանակը կը յառաջանար Սուէզի կողմէն դէպի Երուսաղէմ, պատերազմելով եւ միշտ թրքական եւ գերմանական ուժերը ետ մղելով. թնդանօթի որոտումները Երուսաղէմէն կը լսուէին, թրքական տեղական կառավարութիւնը, կեդրոնէն առած հրամանին վրայ, Երուսաղէմի Յունաց, Լատինաց Պատրիարքներուն, ինչպէս նաեւ Սահակ Կաթողիկոսի կ'ազդարարէ որ պատրաստուին իրենց սիւնհոդականներով Դամասկոս փոխադրուիլ եւ 1917 Նոյեմբ. 6/19ին, Սահակ Կաթողիկոս եւ Օրմանեան Սրբազան, ինչպէս նաեւ Յունաց Պատրիարքը իր սիւնհոդական եպիսկոպոսներով Երուսաղէմէն մեկնեցան դէպի Դամասկոս, անոնց Մեկնումէն 3-4 օր վերջ, քաղաքին կառավարիչը, վանուց Աւագ թարգման Մեսրոպ Վրդ. Նշանեանի հետ լուր դրկած էր Սահակ Կաթողիկոսի սիւնհոդականներուն որ պատրաստուին նոյն իրիկունը մեկնիլ գերմանական գամիօնով մը որ պիտի տրամադրուէր իրենց ճամբորդութեան համար մինչեւ Նապլուս եւ անկէ ալ երկաթուղիով պիտի շարունակէին երթալ մինչեւ Դամասկոս եւ միեւնոյն ժամանակ կը պատուիրէր որ վանքի թանկագին առարկաները եւ եկեղեցական անօթները չմոռնային միասին առնել, որ մի՛ գուցէ թշնամիին ձեռքը իյնայ։ Նոյն օր հապճեպով Սիւնհոդականները ժողով մը կը գումարեն, Գիւտ Եպս. պիտի մնար, որովհետեւ Սահակ Կաթողիկոս վանքի վարչութիւնը յանձնած էր Գիւտ Եպս. ի եւ Ղեւոնդ Մագսուտեան Վրդ, Դաւիթ Վրդ. Տէրտէրեան պիտի չերթար, որովհետեւ իբրեւ լուսարարապետ իր ներկայութիւնը վանքին մէջ անհրաժեշտ էր , ժողովը որոշեց նաեւ որ ծերունի Ստեփանոս Արքեպս. Յովակիմեան մնայ, հիւանդ ձեւանալով, իսկ մնացեալները, Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեան, Պետրոս Եպս. Սարաճեան, Կարապետ Եպս. Մազլումեան, Գրիգորիս Վրդ. Պօյաճեան, Մովսէս Վրդ . Ոսկերիչեան եւ Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեան կը պատրաստուին, անշուշտ առանց վանքի թանկագին իրեղէնները հետերնին առնելու եւ գիշերուան ժամը 9-ին գամիօնով կը մեկնին դէպի Նապլուս, Անգլիական թնդանօթներու կրակի տակէն անցնելով, առաւօտ կը հասնին Նապլուս, ուր մինչեւ իրիկուն կը մնան եւ նոյն իրիկունը Մէսուտիէէն բեռան վակոնի մը մէջ կը տեղաւորուին, իրենց ընկեր ունենալով Լատինաց Փոխանորդ Եպիսկոպոսը, երկու վարդապետներով, քանի մը Յոյն Եպիսկոպոսներ եւ Ղպտի վարդապետ մը եւ հետեւեալ օր կը հասնին Դամասկոս եւ ոմանք վանքին մէջ եւ ոմանք վանքապատկան տուներու մէջ կը տեղաւորուին։
       Սահակ Կաթողիկոս, Կաթողիկոս-Պատրիարքի պաշտօնը ունենալով հանդերձ երկրորդ անգամ ըլլալով իր սիւնհոդականներով տարագրուեցաւ Երուսաղէմէն Դամասկոս, իբր թէ այս անգամ թրքական կառավարութիւնը չէր ուզած որ անոնք Երուսաղէմ մնալով թշնամիին ձեռքը գերի իյնան։
       Դամասկոսի մէջ Երուսաղէմի վանքը վաղ ժամանակներէ ի վեր ունէր վանք մը եկեղեցիով եւ քանի մը կտոր կալուածներով, վանքը կը կառավարուէր Տեսուչով մը որ իր ձեռքին տակ կ'ունենար ժամարար վարդապետ մը, բայց պատերազմի սկսելէն ի վեր մի միայն Տեսուչ մը կար Արիստակէս Վրդ. Խաչատուրեան, ի Դամասկոս տարագիրներու մէջ գտնուող քահանաներն ալ ժամարարի պաշտօն կը վարէին։
       Վանքի վերի յարկը կային 4 սենեակներ, առաջինը Տեսուչին ննջարանն էր, երկրորդը Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեանի յատկացուած էր, երրորդը Գրիգորիս Վրդ. Պօյաճեանի, իսկ չորրորդը որ սանդուխի աջ կողմն էր յատկացուած էր Օրմանեան Սրբազանի։ Իսկ Սահակ Կաթողիկոս, կը բնակէր ճիշդ վանքին դիմացը, վանքապատկան տան մը մէջ, իրեն հետ ունենալով Մովսէս Վրդ. Ոսկերչեան Խարբերդցին եւ Վեհին փոքրաւոր Վարդան Սարկաւագ Գէորգեան որ Երուսաղէմէն բերած էր։ Կարապետ Եպս. Մազլումեան, Պետրոս Եպս. Սարաճեան եւ Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեան վանքին կից վանքապատկան տան մէջ մէյ մէկ սենեակ գրաւած էին։
       Առաջին երկու օրերը սիւնհոդականները ճաշեցին վանքին սեղանատունը ի հաշիւ վանքին, բայց վանքի տեսուչը, որ միայն որոշ ամսաթոշակով մը կ'ապրէր, յայտնեց թէ պիտի չկրնար շարունակել ճաշը. իր իրաւունքին մէջն էր, թէպէտ առ մարդասիրութեան կրնար քիչ մը զոհողութիւն ընել եթէ չափազանց ագահ չըլլար։ Որով սիւնհոդականները դիմեցին Սահակ Կաթողիկոսին, որ իր յարկաբաժինին մէջ իրեններով զատ կը ճաշէր իր ծախքովը, եւ խնդրեցին որ կարգադրութիւն մը ըլլուէր, որովհետեւ Սիւնհոդականներուն մէջ կային ոմանք որ իսկապէս կարօտ էին։
       Սահակ Կաթողիկոս խոստացաւ Դամասկոսի կուսակալին թագրիր մը գրել սիւնհոդականներու սնունդի մասին եւ ի պատասխան այդ թագրիրին կուսակալը բաւականաչափ ցորեն տրամադրեց Սիւնհոդականներու սնունդին համար, որ ծախուեցաւ եւ իւրաքանչիւր 12 օսմ. ոսկեդրամ ունեցաւ եւ օրերը կ'անցնէին, Երուսաղէմ գրաւուած էր ամբողջ ժողովուրդը, հայերն առաւելապէս կը սպասէին Անգլիական բանակին գալստեան որ կ'ուշանար։ Դեկտ. 1918 Յունուար եւ Փետրուար ամիսները անցան, Փետրուարի վերջը կառավարութիւնը Սահակ Կաթողիկոսին եւ սիւնհոդականներուն ամսական պարէն յատկացուց, բայց յանկարծ 1918 Մարտ 2ին, առաւօտ մը կիներ ու փոքրիկներ խմբովին եկան լալահառաչ բողոքելու որ փողոցները հանդիպող այրեր, կիներ ու նոյնիսկ պատանիներ կը ձերբակալուէին եւ իրարու կապելով խումբ խումբ զօրանոց կ'առաջնորդուէին, կարելի չէր նկարագրել խեղճ տարագիրներուն յուզմունքը, լաց ու կոծը, Սահակ Կաթողիկոս շուարած էր այս ցաւալի դէպքին վրայ, որ իւրաքանչիւր լսողին մտքին մէջ կ'արթնցնէր Հայաստանի կողմէ եկող տարագիրներուն, խմբական կոտորածներու յիշատակը եւ սարսափը։ Սիւնհոդականներէն Պետրոս Եպս. Սարաճեան յանուն Կաթողիկոսին Կուսակալ Թահսին Պէյի դիմեց հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ համար կիներ եւ պատանիներ ալ կը ձերբակալուին։ Թահսին Պէյ ցաւ յայտնեց եղածին համար եւ ըսաւ թէ թիւրիմացութեան հետեւանք է կիներու եւ տղաքներու ձերբակալութիւնը, հրաման տրուած է որ կիները եւ տղաքները արձակեն, միայն մինչեւ 45 տարեկանները զինուոր պիտի առնուին. յիրաւի Պետրոս Եպս. Վերադարձին կը տեսնէ որ խումբ խումբ կիներ իրենց զաւակներով կը վերադառնան իրենց տուները, եւ գալով Սահակ Կաթողիկոսին կը յայտնէ Թահսին Պէյին պատասխանը, որուն վրայ Սահակ Կաթողիկոս դառնացած կ'ըսէ. սուտ են, սուտ, ո՛վ գիտէ ինչ ճիւաղային ծրագիր մը ունէին որ շուտով փոխեցին։ Այդ օրերն էր որ լսուեցաւ Տէր-Զօրի հրէշային կոտորածը եւ կ'երեւի նոյն դժբախտութեան պիտի ենթարկուէին եւ Դամասկոսի ու շրջակայից տարագիր ժողովուրդը։ Կ'ըսուի թէ Աւստրիոյ Դեսպանին բուռն բողոքին վրայ ընդհանուր ձերբակալութիւնը դադրած եւ երեւոյթները փրկելու համար զինուորագրութեան դարձուցած էին։ Դամակոս եւ շրջակայից մէջ 50, 000 հայեր կային այդ միջոցին, որոնցմէ մաս մը զինուոր տարուեցան, մնացողներն ալ պահուըտեցան, ահա այդ իսկ պատճառաւ կեանքը սղեց, վասն զի հայերն էին որ շրջակայ վայրերէն ցորեն եւ այլ սննդեղէն կը բերէին եւ քաղաքի պարենաւորման կ'օժանդակէին։ Այդ օրեր Ճէմալ Փաշա Պոլիս գացած էր եւ անոր կը փոխանորդէր Կիւչիւք Ճէմալ Փաշան, որուն Սահակ Կաթողիկոս այցելեց եւ պաղ ընդունելութիւն մը գտաւ։ Հայ ժողովուրդը Մարտ 2ին դէպքէն վերջ չափազանց յուսահատական դրութեան մատնուած էր, ընտանիքով կամ առանց ընտանիքի հայեր գաղտագողի Ճէպէլ Տրիւզ կ'անցնէին, զինուորութենէ, աւելի ճիշդը սպանդէ ազատելու համար։ Պաղեստինին կողմէն ոեւէ լուր չկար, միայն Արաբներու ուրախ տրամադրութենէն կը հասկցուէր որ այդ կողմի թրքական բանակները նախանձելի վիճակ մը չունէին։
       Դամասկոսի վանքի տեսուչ, վերեւ յիշուած Արիստակէս Վրդ. Խաչատուրեան, սրտի հիւանդութեամբ երկու օրուան մէջ կը վախճանէր։ Սահակ Կաթողիկոս, պաշտօն կուտայ Օրմանեան, Չիլինկիրեան եւ Սարաճեան Սրբազաններու վախճանելոյն սենեակը բանալ եւ գոյքերը ու դրամը ի գիր առնել։ Արիստակէս Վրդ. ի դրամարկղէն 108 հնչուն ոսկի ելաւ եւ յանձնուեցաւ Կաթողիկոս□Պատրիարքին եւ փոխան Արիստակէս Վրդ. ի կաթողիկոսական հրամանաւ վանուց Տեսուչ եւ Առաջնորդ նշանակուեացաւ Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեան։ Օրմանեան Սրբազան 1917 Նոյմ. 28ին Ճէմալ Փաշային կը ներկայանայ ի Դամասկոս որ եւ ինքնաբերաբար կը խոստանայ զինքը Պոլիս ղրկել որ հանգստանայ եւ հազիւ 1918 Մայիս 8ին հրամանը կուգայ եւ Օրմանեան Սրբազան կը թողու Դամասկոսը եւ կ'ուղեւորի դէպի Պոլիս։ Սահակ Կաթողիկոս եւ Սիւնհոդականք օրը օրին ակնդէտ կ'սպասեն Անգլիական բանակի գալուն, ամիսները շատ դանդաղ կ'անցնին եւ վերջապէս այդ ցանկալի օրը կը հասնի, շշուկներ թէ Թուլքէրիմի կողմերը թրքական բանակը պարտուած է, Արարայի բարձունքին վրայ հայ կամաւորներ նշանակելի յաղթութիւն մը տարած են, հազիւ թէ այս լուրերը լսուած էին արդէն Դամասկոսի մէջ խուճապը սկսաւ, գերմանական եւ թրքական զինուորներ խումբ խումբ Դամասկոսէն դէպի Րայագ կ'ուղղուէին կամ աւելի ճիշդ կը փախչէին, արաբներն ալ արձակ համարձակ փախչող զինուորները հեռուէն կը հալածէին, հայ զինուորներ եւ սպաներ եւ բժիշկներ, բանակի մեկնման ժամանակ խոյս տալով Դամասկոսի մէջ լեցուած էին, իրիկուն մըն ալ Գատէմի կայարանին մէջ գտնուած զինագործարանէն պայթիւններ սկսան լսուիլ, թուրքերը ռազմամթերքին կրակ կուտային որպէս զի թշնամիին ձեռքը չիյնայ, տեղական կառավարութիւնը գլուխը կորսնցուցած էր, ոչ հայոց Կաթողիկոսը փնտռեց, ոչ Յունաց Պատրիարքը, եւ ոչ ալ հրէից Րաբունապետը , որ Երուսաղէմէն Դամասկոս բերած էր, կառավարական կազմն ալ կծիկը դրած էր։ Այդ պայթումի իրիկուն արաբ մարդ մը եկաւ, ձեռքը թուղթ մը, որուն վրայ գրուած էր թէ վաղը□ Էմիր Ֆէյսալը անգլիական եւ արաբ զինուորներու հետ Դամասկոս պիտի հասնէր , ի շարս ուրիշ Հոգեւոր Պետերու Ս. Կաթողիկոսն ալ կը հրաւիրուէր ներկայ ըլլալ կառավարական պալատը, թուղթը ստորագրուեցաւ։ Սահակ Կաթողիկոս չափազանց ուրախ էր, եւ իր շուրջիններուն ըսաւ. Գոհութիւն Աստուծոյ, վերջապէս ազատեցայ սա պիտակ տիտղոսէն, Կաթողիկոս-Պատրիարքի , այն ալ ընդհանուր Թիւրքիոյ, ուր կի՞ց յղացան այս հակազգային եւ հակօրինական վանդալական գաղափարը, փա՜ռք Տիրոջ, ազատուեցանք թէ կեղծ տիտղոսներէ եւ թէ իրենցմէ, ես միայն «Կիլիկիոյ Կաթողիկոս » եմ, կը դառնանք մեր աւերած բոյները շինելու , եւ այլն։
       Նոյն գիշերը, 1918 Սեպտ. 29ի գիշերը, Սահակ Կաթողիկոս չուզեց պառկիլ եւ անքուն անցուց, գիշերուան ժամը 4ին փափաքեցաւ այնպիսի տեղ մը երթալ որ բանակին մուտքը տեսնէր։ Կառքերը ամբողջ վարձուած էին Էմիր Ֆէյսալը դիմաւորելու համար, որով Կաթողիկոսը ստիպուեցաւ քալելով երթալ Գատէմի կայարանին մօտը գտնուող Էվէրէկցի Պօղոս Քէշիշեանի տունը, ուր ամբողջ օր մնաց եւ հանդիսատես եղաւ յաղթական բանակի մուտքին եւ նոյն օր այցելեց նաեւ Էմիր Ֆէյսալին որ շատ սիրալիր եւ ուրախ ընդունելութիւն մը ըրաւ Կաթողիկոսին եւ ըսաւ. «Երկուքնիս ալ ուրախ ենք, երկուքնիս ալ շնորհաւորութեան արժանի ենք, ես ալ ի սրտանց կ'ուրախացնեմ Ձեզ եւ կը շնորհաւորեմ Ձեր եւ ժողովուրդին ազատութիւնը »։ Սեպտ. 30էն քանի մը օր վերջ Դամասկոսի վանուց Տեսուչ Առաջնորդ Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, որպէս զի շուտով Երուսաղէմ դառնայ, ուր անշուշտ պատրիարքական ընտրութիւն պիտի ըլլար եւ ինքն վստահութեամբ գնաց Պատրիարք ընտրուելու համար, թէպէտ չկրցաւ յաջողիլ, բայց ի վերջոյ սա մխիթարութիւնը ունեցաւ որ Եղիշէ մը Պատրիարք ընտրուեցաւ հոգ չէ թէ անիկա Դուրեանը եղած ըլլար։
       Հոկտ. 8ին Սահակ Կաթողիկոս Դամասկոսի Առաջնորդ նշանակեց Պետրոս Եպս. Սարաճեանը, որ մինչեւ 1919 Հոկ. 8 շարունակեց եւ ապա մեկնեցաւ իր ժողովուրդի բեկորներուն հետ դէպի Հաճն։
       Թրքական բանակի փախուստէն վերջ Դամասկոսի շրջականերէն, Հաւրանի գիւղերէն գունդ եւ գունդ տարագիրներ կը թափէին Դամասկոս, թշուառութիւնը կատարեալ էր, անօթիներ, մերկեր, կմախքացած տղեկներ, որբեր լեցուեցան եկեղեցւոյ բակը, կառավարութեան պահած հայ որբանոցը իր երկսեռ աշակերտներով ու ուսուցչական կազմով Առաջնորդարանին վրայ մնացած, անգլիական եւ ֆրանսական զինուորական պաշտօնատարներ հաստատուած էին Դամասկոսի մէջ, որոնք իսկոյն սնունդ եւ դրամ տրամադրեցին, քէմբեր հաստատուեցան եւ ժողովուրդը այդ քէմբերու մէջ պատսպարուեցաւ։ Ազգային Միութիւն մը կազմուեցաւ, քէմբի տնօրէն նշանակուեցաւ Տէօրթ-Եօլցի Տիար Իսկէնտէր Քէօրօղլուեան եւ ժամանակ մը վերջ անոր մեկնումին հետեւանքով իրեն յաջորդ նշանակուեցաւ Այնթապցի Տիար Հրանդ Սիւլահեան։ Ինչպէս քէմբերուն նոյնպէս եւ որբանոցին պարէնը կը հայթայթուէր անգլիական եւ ֆրանսական բանակէն։ Հայ Բարեգործականը անմիջապէս 1000 եգիպտական ոսկի ղրկած էր Առաջնորդ Պետրոս Եպս. Սարաճեանի, որ իսկոյն դարմանատուն մը բացաւ, 25 անկողիննոց հիւանդանոց մը կարգադրեց եւ արաբներու քովէն առնուած չափահաս աղջիկներու ապաստանարան մը բացաւ, որուն Տեսուչ նշանակեց Արժ. Տ. Մեսրոպ Քահանայ Քէօշկէրեանը։
       Գրեթէ 50, 000 տարագիրներ կային այդ միջոցին Դամասկոսի մէջ եւ մէկ կողմէն ներգաղթը սկսաւ, ցամաքէն դէպի Մարաշ, Այնթապ եւն. իսկ ծովէն դէպի Մէրսին-Ատանա, Իսկէնտէրուն միշտ Ֆրանսական իշխանութեան ծախքով։
       Նոյեմբերի վերջերը Սահակ Կաթողիկոս Ատանա գնաց, ուր իջեւանեցաւ Տիար Սարգիս Պագալեանի տունը, գրեթէ մէկ ուկէս ամսու չափ մնաց եւ նորէն վերադարձաւ Դամասկոս, անկէ գնաց Երուսաղէմ եւ յետոյ Եգիպտոս, ուր հանգանակութիւն մը ըրաւ ի նպաստ վերապրողներուն եւ 1919ի Ապրիլին վերադարձաւ Կիլիկիա եւ Յունիսին մէջ գնաց Սիս, ուր միայն 15 օր մնաց եւ եկաւ Ատանա ու այլեւս հոնկէ սկսաւ կառավարել կաթողիկոսական թեմը։ Այժմ նոր մարմին մը կար, Ազգային Միութիւն, նաեւ Հայ Պատուիրակութենէն ներկայացուցիչ մը կար, Տիար Միհրան Տամատեան, ամբողջ գործի լծուած էին, ֆրանսական իշխանութիւնն էր Կիլիկիան կառավարողը, թէպէտ անգլիական զինուորներ ալ կային , բայց անոնք քաշուելէն վերջ ամբողջ վարչութիւնը ֆրանսացւոց ձեռքն էր, ոչ միայն Ատանայի, այլ նաեւ Մէրսինի, Օսմանիէի, Սիսի մէջ ֆրանսացի պաշտօնատարներ էին կառավարողները, թէպէտ Ատանայի մէջ թրքական վալի, Օսմանիէի, Մէրսինի եւ Սիսի մէջ թրքական մութասարըֆներ ալ կային, բայց վարչական ղեկը ֆրանսացւոց ձեռքն էր։ Ժողովուրդը խումբ խումբ Սիւրիայէն կը վերադառնային իրենց աւերակ տուները վերաշինելու, արտասահմանէն ալ գրեթէ ամէն շոգենաւով հայեր կը հասնէին, ոմանք խանութներ բանալու, նոր գործի սկսելու, այլք հեռաւոր Ամերիկայէն կուգային իրենց ընտանիքներն ու զաւակները փնտռելու եւ շատ շատեր տխուր իրականութիւնը հոս կ'իմանային թէ ո՛չ միայն իրենց ընտանիքները այլ բոլոր ազգականները ջարդուած կամ անօթութենէ մեռած էին Արաբիոյ անապատներուն մէջ։
      
       Յիրաւի այս ատեն, Ատանա իսկապէս հայկական քաղաք մը եղած էր, թիւրքերը հետզհետէ կը լքէին Ատանան եւ կը հեռանային։ Սահակ Կաթողիկոս, 1919 Հոկտեմբեր 7ին կոնդակ մը հրատարակեց, յորում տարագրութեան սոսկումները նկարագրելէ յետոյ, նոր յոյսով մը խրախուսուած, գեղեցիկ երազներով կ'օրօրուի, ամբողջական եւ անկախ Հայաստանի մը հաւատքով եւ իւր յորդորներն ու խորհուրդը կուտայ, ահա այդ կոնդակը. -
      
       ՍԱՀԱԿ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Ողջոյն հայրական վերապրեալ սիրելի որդւոց մերոց, Հարազատաց Հայ Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ, Օրհութիւն ի Ս. Աջոյն Լուսաւորչին հոգւոց մերոց եւ յամենայն մասանց, որ հասեալ են առ մեզ ի Հարցն մերոց Երանելեաց. Սէր, Շնորհք եւ Խաղաղութիւն ի Հօրէ ամենակալէ, ի Փրկչէն մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ եւ ի Սուրբ Հոգւոյն , Ամէն։
      
       ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ, տարագրութեան եւ մարտիրոսութեան չորս տարիներու ընթացքին ժողովուրդ եւ հովուապետ բռնանջատ իրարմէ, եւ թափառական անկոխ անապատներու եւ անծանօթ գիւղերու անկիւնը, հարկադրուեցանք ապրիլ իրարմէ անտեղեակ, եւ զուրկ յարբերութեան միջոցներէ։
       Թէպէտ փորձեցինք յաճախակի դիմումներով արտօնուիլ, տարագիր Հովուապետի ցուպն ի ձեռին եւ արիւնազանգ կսկիծն ի սրտի, այցելել վայրավատին Հօտիս, բայց ամէն անգամ կառավարական սպառնական պատասխան մը մեր տարագրութեան խռովքը բազմապատկեց։ Եւ փոխանակ զիս մօտեցնելու բազմաչարչար ժողովուրդիս, շատ իսկ տեսնելով բազմահայ կեդրոնի մէջ բնակութիւնս, եւ ոճիր համարելով ժողովուրդիս արցունքն ու արիւնը անգութներու գթութեան ներկայացնելու ձեռնարկներս, հայաջինջ նախարարական ժողովը որոշեց նետել զիս մի վայր, ուր Հայու բեկորն անգամ չի կար, ո՛չ իսկ քրիստոնէի եւ եկեղեցիի հետք, որպէսզի մի՛ գուցէ հոգեւոր մխիթարութեամբ կորովս պահպանեմ եւ նոր բողոքներուս ուժով իրաւանխնդիր հանդիսանամ մահամերձ եւ բռնաչարչար ժողովուրդիս անունով։
       Այս դժոխըմբեր պարագաները թերեւս պահ մը կարծել տուին տառապակոծ ժողովուրդիս թէ մոռցած ըլլամ զինքն, իր ծով ցաւերուն մէջ։ Ընդհակառակն, գօտեպնդուած պարտականութեան գիտակցութեամբ`չդադրեցայ գրելէ, խնդրելէ, բողոքելէ, ազգիս եւ ժողովուրդիս դէմ նիւթուած ոճիրին համար։ Բայց աշխարհ քարացած էր, նոյն իսկ քրիստոնեայ յորջորճուած պետութիւնք Հայուն բնաջնջումը լիապէս եւ լրապէս գլուխ հանելու համար քուրքացած էին կարծես։
       Փա՜ռք Նախախնամութեան։
       Ինչպէս Կիւրոս Իսրայէլի որդւոց ի Բաբելոն եօթանասնամեայ գերութեան, նոյնպէս Համաձայնական յաղթական բանակները վերջ դրին մեր քառամեայ տարագրութեան։ Աւա՜ղ, մեռան մեր սիրելիներէն բիւրաւորներ, հիւանդութեամբ, նօթութեամբ եւ մերկութեամբ, հարիւր հազարաւորներ անգթօրէն ողջակիզուեցան հիւրամերժ անապատներու մէջ, շուշանագեղ հայ կոյսեր , դեռափթիթ հարսեր իրենց պարկեշտութիւնը հայրենի եւ օտար գետերուն գիրկը թաղեցին եւ համայնաջինջ մարտիրոսութեան այդ ահաւոր օրերէն մնացին մեզի մեռեալատիպ խլեակներ, իբրեւ թանկագին բեկորները սրբազան մասունքը ազգիս։
       Օրհնեալ յիշատակն արդարոց։
       Արդ թանկագին բեկորներուն թանկագին մասը կը կազմէք դուք, Սիրելի Ժողովուրդ, վերապրած ու վերադարձած նուիրական ձեր ծննդավայրը, մեր ամենուն անցեալ, ներկայ ու ապագայ փառքն եղող Կիլիկիան. վերադարձ, սակայն, ա՛յնքան եղերական, որքան տարագրութիւննիս եղերաբախտ։ Որովհետեւ մեր վերադարձին գտանք քրտինքով ու արիւնով շինուած տուներնիս քարուքանդ, ձեռատունկ այգինիս խոպանացած, կենսաբեր ու հացառատ արտերն ու անդաստանները կորդացած ու խորթացած կրթարանները բուերու օթեան, նուիրական տաճարները սրբապղծուած, եւ չար քան զամենայն` հայկական բարքերնիս եւ բնատոհմիկ նկարագիրնիս վատասերուած։
       Բայց հակառակ մարդակերպ դահիճներուն ոճրագար ծրագիրներուն , Աստուծոյ օգնութիւնը, որ դարերէ ի վեր հովանաւորեց ու առաջնորդեց Հայ Ազգը արիւնի եւ կրակի ծովերէն, հաճեցաւ վերապրեցնել ամէնքիս, որպէս զի մեր Հայրենիքը չըլլար ու չմնար անզաւակ իբրեւ զՍոդոմ եւ զԳոմոր։
       Սիրեցեալ Ժողովուրդ, վերապրիլ կը նշանակէ վերածնիլ եւ վերստեղծել, եւ առ այդ անհրաժեշտ է որ
       1. - Մեր ազգային -ժողովրդական ոյժերը համադրուին, համերաշխ սիրով եւ կարգապահութեամբ, հայրենի ստեղծագործութեան նպատակին իրականացման համար։ Ոյժերու այս համադրութեան պէտք ունինք, որովհետեւ դժուարին եւ փառաւոր գործի մը առջեւ կը գտնուինք։ Յուսահատութիւնը մէկ կողմէն, ժողովրդական ներքին, հատուածական բաժանումները միւս կողմէն, կրնան աւելի եւս դժուարացնել մեր ազգաշինութեան գործը եւ ամլութեան դատապարտել տարիներու մեր արիւնոտ երկունքը։ Հետեւաբար Հայրաբար կը յորդորեմ զձեզ, որ առաւել քան երբեք ուշադիր ըլլաք այդ սիրոյն եւ կարգապահութեան, փոխադարձ զոհողութիւններով, կէտ նպատակի ունենալով միայն ազգային վերակազմութիւնը եւ հայրենի վերաշինութիւնը, հոգիի, ջանքի, զոհաբերութան կրկնապատկումով, այս շինարար գործին մէջ։
       2. - Ընտանիքը ազգի մը բարգաւաճման ու կենսունակութեան կորիզը կը կազմէ։ Հակառակ դարաւոր մորթոտումներու եւ մարտիրոսութեանց, եթէ Հայ ազգը յաջողեցաւ իր գոյութիւնը ապրեցնել արիւններու ընդմէջէն, այդ ինքնապահպանութեան հրաշագործ ոյժը ստացաւ իր ընտանեկան կեանքի աւանդական սրբութենէն։ Ընտանիքի ազնիւ, կորովի մէկ անդամը միայն կրնայ ազնիւ եւ կորովի Հայ մը եւ քաղաքացի մը ըլլալ։ Ընկերական եւ քաղաքացիական առաքինութեանց արմատը ընտանիքի մէջ պէտք է փնտռել։ Դժբախտաբար ոճրագործ կառավարութեան մը կողմէ նիւթուած տարագրութեան հետեւանքով Հայութեան պատուին վրայ եղեռնագործուած բռնաբարումները մէկ կողմէն եւ միւս կողմէն նոյն տարագրութեան իբրեւ արդիւնք ընտանիքի անդամներուն իրարմէ բռնի բաժանումները, թուլցուցած կը թուին ըլլալ, չորս տարիներու ընթացքին, հայ ընտանիքին ներքին ոյժը կազմող ամուսնական, հայրական ու մայրական սիրոյ, ընտանեկան փոխադարձ հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ նուիրումի հոգին։ Այս վիճակին շարունակութիւնը մահն է ընտանիքին, հետեւաբար եւ ազգին։ Անհրաժեշտ է որ չորս տարիներու անբնական կեանքին հարկադրած ընտանեկան ու ընկերական գայթումները մի անգամ ընդ միշտ վերջ գտնեն մեր մէջ, եւ Ազգն ամբողջ վերսկսի հսկայական ջանքով մը իր ընտանիքի սրբազան աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ բարոյական սկզբունքներու կիրարկումին, այն համոզումով թէ առանց պարկեշտ ընտանիքի ազգային կեանք ու գոյութիւն չէ կարելի հիմնել ազատագրուած հայրենիքին մէջ։
       3. - Տարագրութեան եւ ջարդի չորս տարիներու ընթացքին ամենամեծ ահաւոր հարուածը կրողներէն մին եղաւ Հայ դպրոցը։ - Նոր սերունդէն շատեր այդ տարիներու ընթացքին զուրկ դպրոցէ եւ դաստիարակութենէ , թափառական անապատներու եւ օտար երկիրներու մէջ մոռցան նոյն իսկ իրենց մայրենի լեզուն, եւ հարկադրուեցան որդեգրել օտար լեզուներու գործածութիւնը։ Ազգերու գոյութեան հարցը սերտ յարբերութիւններ ունի ազգային լեզուին հետ, եւ անոնց յառաջադիմութիւնը տրուելիք դաստիարակութենէն կախում ունի։ Ուստի կը յորդորեմ զՁեզ ամենքնիդ, որպէս զի առձեռն գտնուած բոլոր միջոցները տրամադրէք հայկական դպրոցներու վերակազմութեան անմիջական գործին, մինչեւ որ ազգային իշխանութիւնը ի վիճակի ըլլայ մշակելու կրթական ընդհանուր ծրագիր մը, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ բոլոր ներկայ վարժարաններուն համար, որպէս զի կարենանք պատրաստել Հայ հոգիով եւ նկարագրով սերունդ մը, որ ընդունակ ըլլայ գործի, յառաջդիմութեան, արուեստներու եւ վաճառականութեան, ինչպէս նաեւ զինուորական կեանքի, Հայրենիքի եւ անոր դրօշին պաշտպանութեան համար։
       4. - Խորհուրդ կուտանք մեր բոլոր վաճառականներուն, արհեստաւորներուն եւ երկրագործներուն , որպէս զի առանց տատամսումներու վերսկսին բռնակալութեան ոճիրներով իրենց ընդհատուած գործերը. որովհետեւ աւերակ հայրենիքը եւ ընչազուրկ ընտանիքը պէտք ունին աշխատող բազուկներու, հնարող մտքի եւ արդիւնագործ եւ յամառ աշխատանքի։ Կ'ըմբռնեմ թէ այս ճամբու վրայ երկու մեծ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին . անոնցմէ մէկն է վնասուց հատուցման կենսական խնդիրը, կարենալ անհրաժեշտ դրամագլուխ, գործիք եւ արօր եւ եզներ ունենալու համար, եւ միւսն է տեղ տեղ տիրող հիւանդագին ու անապահով դրութիւնը։ Վերջին խնդիրը կարգադրուելու վրայ է արդէն Համաձայնական ուժերու գրաւումովը վտանգաւոր նկատուած վայրերուն։ Բայց եթէ Հայ վաճառականը, արհեստաւորը եւ երկրագործը անգործ սպասեն վնասուց հատուցման երջանիկ օրուան, այդպէսով ոյժի եւ խելքի ահագին վատնում մըն է որ անոնք գործած պիտի ըլլան։ Սպասումը մահն իսկ է աշխատանքի ճամբուն վրայ։ Ուստի անհրաժեշտ է որ հաւաքենք մեր ոյժի մասնիկները, նոյն իսկ ոչինչէն ստեղծագործելու համար մեր գոյութեան տնտեսական պայմանները, հանդարտաքայլ բարձրանալու համար վաճառականական ու ճարտարարուեստական կատարելագործութեան, ուր հասած էինք ասկէ առաջ, նմանօրինակ պայմաններու տակ։ Ունենանք ամէնքնիս, այն մեծ վստահութիւնը , թէ Հայ հոգին ու ստեղծագործ միտքը այս անգամ ալ պիտի յաղթանակէ դժուարութիւններուն, եւ իր արուեստական ու բռնադատուած սնանկութիւններու աւերակոյտէն դէպի վեր պիտի հոյակերտէ իր տնտեսական կեանքը, իր ճարտարարեստական ինքնուրոյն գոյութիւնը։
       5. - Գալով մեր քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքին եւ նոր ստեղծուած պայմաններուն, կուգամ թելադրելու մեր Սիրեցեալ Հօտը, որպէս զի ամենուրեք մեր ժողովուրդը հաւատարմօրէն գործակցի Համաձայնական պետութեանց քաղաքական եւ զինուորական իշխանութեանց, որոնք ժամանակաւոր կերպով գրաւման տակ կը պահեն մեր հողամասերը մեր իսկ ապահովութեան համար։ Եւ մեր ուղղամիտ կենցաղով ցոյց տանք մեր ազատութեան արժանաւորութիւնը։ Վստահ ենք, թէ Միացեալ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչները արթնութեամբ կը հսկեն ու կը գործեն Միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի վերակազմութեան գործին, արժեցնելու համար, դարերու տառապանքէն վերջ, Հայ մարտիրոսութեան եւ մարտական ոյժերու գերագոյն զոհողութիւնները, եւ Հայութեան մնացորդը եւ անոր ապագայ սերունդները օժտելու ազատ հայրենիքով մը։ Եւ եթէ երբեք մեր ժողովուրդը տեղ տեղ դժուարութիւններու հանդիպի իր քաղաքացիական առօրեայ կեանքին մէջ, յոյս մեծ ունինք, թէ Կիլիկեան Ազգ. Միութիւնները, համաշունչ ու համախորհուրդ ու միանպատակ ղեկավարութեամբ իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն հարթելու դժուարութիւնները, իրենց միջնորդի դերովը տիրող իշխանութեանց մօտ։ Բայց ամէն պարագայի մէջ անհրաժեշտ է սիրալիր եւ սրտցաւ վերաբերում ազգ. իշխանութիւններէն դէպի ազգին անհատը, եւ ժողովուրդէն դէպի ազգային իշխանութիւնները յարգանք, համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն։
       6. - Առաւելապէս պարտք կը համարիմ շեշտել Հայկական Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Քրիստոսաւանդ եւ աւետարանական վարդապետութեան եւ անոր հիմնած բարոյականի մասին։ Քսան դարերու արիւնոտ պատմութիւնը ցոյց կուտայ, թէ Հայ ազգը իր եկեղեցիով եւ եկեղեցին ազգով ապրեցան։ Եկեղեցին եղաւ ամէնէն փառաւոր ներշնչարանը մեր ազգային նուիրագործուած զոհաբերութեան եւ ապրուած կեանքին, եւ իբրեւ անդրդուելի ու անառիկ միջնաբերդ վահանի պէս ծածկեց Հայութեան կուրծքը` կարենալ դիմագրաւելու դժուարութիւններուն, եւ ապրեցընելու յաղթանակին յոյսը։ Մխիթարութիւնը սգաւորին համար, ներշնչումը` յուսահատին, քաջալերութիւնը` տառապողներուն, իր մայրական ստինքէն հոսեցան ամեն տեղ ու ամեն ժամանակ։ Հայ գրականութեան ու հայ լեզուի իբրեւ հաւատարիմ աւանդապահ` դարերու մէջէն սերունդներու փոխանցեց հայ քրիստոնէական կեանքն ու հայ բարոյականի ազգային աւանդութիւնները, եւ Յիսուսի խաչին խորհուրդը մարմնաւորեց հայ ընտանիքին մէջ։ Հայրենաւանդ եկեղեցւոյ Քրիստոսաշունչ բարոյականին եւ անոր փրկարար վարդապետութեանց օծութիւնն էր որ կազմեց հայկական ներոյժ նկարագիրը, այսպէսով իր վրայ ցոլացնելով առաքելական ու միեւնոյն ժամանակ Հայկական եկեղեցիի մը ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն բնադրոշմը։ Հայկական հոգւոյն ցոլացումը մեր Մայր Եկեղեցիի մէջ, զոյգ կ'ընթանայ Գողգոթայի հրաշափառ տեսարանի ցուցադրուած Աստուածային երեւոյթներուն հետ, եւ այս պատճառով էր միայն որ Հայ ազգը յաջողեցաւ իր տկարութենէն կերտել իր զօրութիւնը։ Մեր ժողովուրդը իր ընտանեկան, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ մեր Մայր Եկեղեցիին Սրբազան ներշնչումովը պիտի կրնայ գօտեպնդուիլ, եւ իր հաւատացեալի փրկարար յարաբերութիւնները պահպանել իր երկնաւոր Հօրը հետ։ Կը յանձնարարենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին աւելի պինդ փարիլ իր Մայրենի Եկեղեցւոյն, անոր վարդապետութիւններուն, բարոյականին, աւանդութիւններուն, կարենալ իր կեանքին ճամբան շարունակելու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Կրօնական կեանքը, միացած ազգային կեանքին, պէտք է ըլլայ ճշմարիտ ցոլացումը այդ վարդապետութիւններուն եւ բարոյականին։ Որովհետեւ գործքը հաւատքով եւ հաւատքը գործքով կը յայտնագործուին կեանքի ընթացքին։
       Եւ որովհետեւ կը հաւատանք թէ կրօնքը եւ եկեղեցին կարելի է պահպանել իր բարձրութեան մէջ կարող եւ անձնուէր պաշտօնէութեամբ մը, եւ որովհետեւ հայ մարտիրոսութիւնը իր արիւնոտ էջերուն մէջ կը ծրարէ հայ քահանաներու եւ եկեղեցականներու հոյլ մը, եւ այսպէսով շատ մը եկեղեցիներ կը մնան առանց հոգեւոր պաշտօնէի, ահրաժեշտ կը նկատենք կազմակերպել առժամաբար դպրանոց մը հոգեւոր պաշտօնէից պատրաստութեան համար, ամփոփ դասընթացքով, ուր ընդունուին հոգեւոր իշխանութիւններէն վկայուած ամուսնացեալ ընծայացուներ։
       Կը յորդորեմ զձեզ զամենեսինդ, որ հոգ տանիք հանրային ու անհատական առողջութեան, հանրային անդորրութեան եւ բարոյականի, մաքուր վարքով ու առաքինի քաղաքացիութեամբ, քանի որ ազգի մը հիմնաւորութեան եւ զարգացումի շինուածքին ամենակարեւոր ատաղձներն են առողջութիւնն ու հանրային բարոյականը։ Եւ ես կ'աղաչեմ զԱստուած Հարցն մերոց, որ խոստացած է չմոռնալ իր հաւատարիմները, նոյնիսկ «եթէ մոռանայցէ կին զմանուկ իւր, կամ թէ ո՛չ գթասցի ի ծնունդ որովայնի իւրոյ », որպէս զի իւր աստուածային արարչագործ շունչը փչէ Միջագետաց եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ ինկող հայ մարտիրոսաց սպիտակացեալ եւ փոշիացեալ ոսկորներուն` ծաղկափթիթ նոր սերունդ մը յարուցանելու անոնցմէ. շնչէ վերապրող հայ բեկորին` աճման եւ բազմացման արգասաւոր օրհնութեամբ. շնչէ քար ու քանդ հայ օճախներուն` նորակերտուելու համար. շնչէ հայ սրտերուն եւ հոգիներուն` սրբագործելու համար համագործակցութեան, համերաշխութեան եւ սիրոյ Ս. օծութեամբ. շնչէ դարերու նահատակ հայ եկեղեցիին` որ ինչպէս ցարդ, նոյնպէս այսուհետեւ կարողանայ իր մայրական փրկարար դերը կատարել իբրեւ միութեան կապ տարանջատ Հայութեան եւ իբրեւ հաւատարիմ աւանդապահ հայ առաքինութիւններուն. շնչէ մեր կրթական եւ բարեգործական եւ քաղաքական հաստատութեանց` հայ հոգւով, նկարագրով ու կորովով զարգացնելու նոր ու ապագայ սերունդները. շնչէ հայ ընտանիքներուն` սրբութեան եւ հաւատարմութեան դրախտներ ըլլալու համար, առաւել քան զամենայն, որպէս զի Տաւրոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը, ի սփիւռս աշխարհի ցրուած Հայութեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ առաջնորդող հրեղէն սիւնը։
       Փա՜ռք, բիւրիցս փառք, ծիածաններու եւ վարդաշող արշալոյսներու, ազատութեան եւ խաղաղութեան Աստուծոյն, ամէն։
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹ. ՀԱՅՈՑ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Տուեալ յԱմի Փրկչին 1919
       յ7-ն ամսան Հոկտ. ի
       յԱտանա
      
       Սահակ Կաթողիկոս իր 1919 Հոկտ. 7 թուակիր Կոնդակով ժողովրդին, վերապրող բեկորներուն յորդոր կը կարդար գործի սկսիլ, աւերուած բոյները վերաշինել եւ ազատութեան բարիքները վայելել բարոյապէս եւ նիւթապէս վերականգնելով։ Դամասկոսէն Հալէպի ճամբով Հաճն փոխադրուած էին Բարեգործականի Որբանոցին երկսեռ որբերը, Հաճընի Առաջնորդն ալ Հոկտ. 15-ին ծովու ճամբով կը հասնէր Ատանա եւ Սահակ Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ կը պատրաստուէր Հաճըն երթալ, նախ կ'երթար Սիս, ուր Եղիշէ Եպս. եւ տարագրութենէ վերադարձող վարդապետներ կը գտնուէին եւ հետզհետէ տարագրութենէ հասնող Հաճընցիներու հետ Պետրոս Եպս. Սարաճեան կը մեկնէր դէպի Հաճըն եւ կը հասնէր Նոյմբ. 25ին։ Քաղաքը աւերակ էր, եկեղեցիները այրուած, ժողովուրդը տարագրութենէ վերադարձած հապճեպով կը շինէր իր քանդուած տուները, գրեթէ քաղաքին 3/4ը այրուած էր, մի այն Սահակ-Մեսրոպեան հոյակապ վարժարանը կանգուն էր, որովհետեւ թրքական կառավարութիւնը իր գործածութեան համար պահպանած էր այդ շէնքը, ուր իջեւանեցաւ Առաջնորդը, հոն կը գումարուէր Ազգային Միութիւնը, հոն էր Բարեգործականի Մասնաճիւղին ժողովատեղին եւ Բարեգործականէն եկած զգեստեղէնի եւ բաթանիայի հակերը հոն դրուած էին եւ անկէ կը բաժնուէին ժողովուրդին, եկեղեցական արարողութիւնները վարժարանի վարի յարկը կը կատարուէին։ Եւ ահա 1920 Յունվար 25ին, երկու Զէյթունցի հայեր կը հասնէին, հետերնին բերելով Մարաշի զինուորական հրամանատարին կողմէ դէզ մը հեռագիրներ եւ կը խնդրէին Առաջնորդէն որ այդ հեռագիրները անմիջապէս հաղորդէր Ատանա Գօլօնէլ Պրէմօնին, զորս Սիսի Կառավարիչ Թայարտայի միջոցաւ հեռագրով Ատանա կը հասցնէր։ Այդ հեռագիրները Մարաշի վիճակը կը պարզէին եւ օգնութիւն կը խնդրէին։ Փետրվար 22, Մեծ Բարեկենդանի օրն էր, որ Հիւսէին անունով Քիւրտ երիտասարդ մը, որ Հաճընի Ազգ. վարժարանի աշակերտած էր եւ լաւ հայերէն գիտէր, Էվէրէկի կողմէ գալով կը յայտնէր թէ ի Կեսարիա, Էվէրէկ, Ազիզիէ չէթէներ կը հաւաքուին եւ ձիւնահալին կ'սպասեն Հաճընի վրայ յարձակելու։ Նոյն օր, Հաճընի ինքնապաշտպանութեան ժողովը կը խնդրէ Սարաճեան Սրբազանէն որ Ատանա երթայ, Հաճընի սպառնացող վտանգը պարզէ եւ օգնութիւն խնդրէ Գօլօնէլ Պրէմօնէն, զէնք, եւ ռազմամթերք եւ եթէ կարելի չէ ֆրանսական զինուոր բերել, գէթ Ատանայի Հաճընցիներէն կամաւորական խումբեր կազմելով Հաճըն ղրկէ։
       Առաջնորդը, ի սկզբան կը մերժէ առարկելով որ իր ներկայութիւնը Հաճնոյ մէջ անհրաժեշտ է մանաւանդ այսպիսի վտանգաւոր պարագաներու մէջ, ի վերջոյ ինքնապաշտպանութեան ժողովի պնդումին վրայ տեղի կուտայ եւ նոյն օր իրիկուան ժամը 4ին ճամբայ կ'ելնէ հետն առնելով Պատուելի Յարութիւն Խաչատուրեանը, Հաճընի վարժարաններու Տնօրէն Պ. Շմաւոն Փոստոյեանը, Առաջնորդը իր ծերունի մայրը հոն կը թողու, Պատ. Խաչատուրեան իր ընտանիքը եւ զաւակները հոն կը թողու, նոյնպէս Պ. Փոստոյեան իր ընտանիքը եւ զաւակը հոն կը թողու եւ ճանապարհ կ'ելնեն 7 ժանտարմաներու ուղեկցութեամբ, գիշերը կը ճամբորդեն, հետեւեալ առաւօտ ժամը 11ին, Խորտում ըսուած տեղը կը պաշարուին չէթէներէ, յարձակում կը կրեն, ժանտարմանելու պետը, Յարութիւն Յովակիմեան ազդրէն կը վիրաւորուի, իրենց ձիերը բոլոր կը զարնուին եւ իրենք մինչեւ իրիկուան ժամը 5 ինքզինքնին կը պաշտպանեն եւ այդ միջոցին Վահկայէն եկող 40 հոգիէ բաղկացեալ հայ մարդոց եւ ընտանեաց հետ կէս գիշերին կը հասնին Սիս, ուր արդէն լսուած էր դէպքը եւ կը կարծուէր թէ Առաջնորդը եւ իր ընկերները սպաննուած են։ Սիսի չորս կողմը չէթէները գործի վրայ էին, ճամբաները ապահով չէին, հազիւ թէ Մարտ 4ին Սիսէն ճամբայ կ'ելլեն եւ Մարտ 5ին կը հասնին Ատանա, ուր արդէն հասած էին Մարաշի կոտորածէն ազատուած դժբախտ հայերը եւ սրտաբեկութիւնը կատարեալ էր։
      
       Սահակ Կաթողիկոս որ իր Հոտ. 7 թուակիր Կոնդակով մեծ մեծ յոյսերով ոգեւորուած, կը կարծէր այլեւս եկած ու հաստատուած ըլլալ Կիլիկիոյ մէջ իր վերապրող ժողովուրդով, կը յուսալքուի, մանաւանդ 1920 Յունվարի 20էն մինչեւ Փետրվար 10 տեւող Մարաշի կռիւները եւ 15, 000 հայրեու կոտորածը եւ ֆրանսացւոց Մարաշը լքելով հեռանալը յուսահատութիւնը կատարեալ ըրին. անկէ յետոյ Հաճընի Առաջնորդին ժամանումը եւ Հաճընի վերահաս պաշարումը, Տէօրթ Եօլի եւ Օսմանիէի կռիւները ստիպեցին անբախտ Կաթողիկոսը նորէն թողուլ Կիլիկիան եւ 1920 Մարտ 13ին մեկնեցաւ, գնաց Փարիզ, Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին, Նախարարներուն հետ տեսակցութիւններ ունեցաւ, պարզեց Կիլիկիոյ վիճակը, ներկայացուց Հաճընի վիճակը որ Մարտի վերջերը սեղմօրէն պաշարուեցաւ, կռուեցաւ, դիմադրեց, նոյն իսկ պաշարող զինուորները փախցուց եւ թրքական բանակի թնդանօթները գրաւեց եւ սակայն 8 ամիսներ ոգի ի բռին կռուելէ, պայքարելէ վերջ ինկաւ իր ծննդավայրի փլատակներուն ներքեւ, սակայն այս բոլոր զոհողութիւնները ոչ մի օգուտ ունեցան, Հաճընը ինկաւ 1920 Հոկտ. 15ին։ Արդէն Սիսը 1920 Յունիս 7ին պարպուեցաւ եւ հայ ժողովուրդը գրեթէ 7500 անձ, Ատանա փոխադրուեցաւ ֆրանսական զինուորներու ուղեկցութեամբ։ Սահակ Կաթողիկոս Փարիզէն յուսաբեկ վերադարձաւ Պէյրութ, հոն եւս բարձր Գօմիսէրին հետ բանակցութիւններ ունեցաւ, յորդորական նամակներ գրեց Ատանայի Առաջնորդին։ Անդին Այնթապ ալ 1920 Ապրիլէն ի վեր պաշարուած էր եւ հերոսական պայքար մը մղեց եւ ի վերջոյ Այնթապն ալ պարպուեցաւ։ Սահակ Կաթողիկոս հալածուած դժբախտութենէ, ամէն կողմէ աւերումի, զուլումի լուրերով ի խոր խոցուած, վերադարձաւ Ատանա 1920 Նոյեմբեր 1ին, 8 ամիսներ բացակայելէ վերջ ուր գտաւ գրեթէ ամբողջ Սսեցիները` Ատանա փոխադրուած իր փոխանորդին Եղիշէ Եպս. Կարոյեանի հետ, զոր յետոյ փոխան Գէորգ Վրդ. Արսլանեանի որ Պոլիս մեկնած էր, Առաջնորդ նշանակեց Ատանայի։ Սահակ Կաթողիկոս 1920 Նոյմ. 1-1921 Դեկտ. ամիսը մնաց Ատանայի մէջ , դառնութեան բաժակը ցմրուր քամեց, երբ բոլոր Հայ ժողովուրդը արդէն հեռացած էր, ինքն ալ Դեկտեմբեր ամսոյ վերջերը անդարձ մեկնեցաւ Ատանայէն։ Տարագրութիւն 1915ին, ներգաղթ 1919ին եւ արտագաղթ 1921ի վերջերը, Սահակ Կաթողիկոս երբեք չբաժնուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր հետ տարագրուեցաւ, անոր հետ վերադարձաւ Կիլիկիա եւ անոր հետ նորէն վերջնականապէս թողուց Կիլիկիան եւ անոր հետ գնաց ապաստանիլ Սիւրիա, ականատես եղաւ իր ժողովուրդի կրկնակի թշուառութեան, անոր ցաւին ցաւակից` եւ իր Հոգեւոր Հօր պարտականութիւններն կատարեց, միշտ շրջելով Կիլիկիոյ գաղթականներուն մէջ, որոնք ստուար մեծամասնութեամբ Սիւրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած էին։ Հալէպ, Պէյրութ եւ Դամասկոս եւ երբեմն ալ Կիպրոս կ'այցելէր ուր 5-6000 Կիլիկեցիներ ապաստանած էին։
       Սահակ Կաթողիկոս, ապաստանած Սիւրիա, առ երեւոյթս իր ժողովուրդի մնացորդովը փրկուած թուրքին ձեռքէն, սակայն իսկապէս հայ ժողովուրդը ջախջախուած լմնցած էր իր ազգային քաղաքական կեանքի մեքենաւորութեան մէջ եւ վերածուած էր գաղթային հատուածներու, Պաղեստինի, Սիւրիոյ, Լիբանանի, Միջագետքի եւ Յունական երկիրներու մէջ։ Այս վիճակին առաջքը չէր առնուէր սրտնեղութիւններով , դժգոհութիւններով եւ վշտագին չքմեղանքներով։
       Տիրող սարսափելի թշուառութեան մէջ, պէտք էր բան մը ընել, իւրաքանչիւրը իր միջավայրին մէջ պէտք է հոգ տանէր որ այս ցիր ու ցան գաղթականութիւնը չկորսուի։ Ամենասոսկալին հոն էր որ Հայաստանեայց Եկեղեցին ամէն կողմէ հալածանքի ենթարկուած էր։ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Սովիէթ Կառավարութեան ճնշման եւ հալածանքին տակ սմքած էր, Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը իր բոլոր իրաւունքներէն մերկացուած, նոյն իսկ Սուլթաններու ժամանակուան գաւառական Առաջնորդի մը չափ ազդեցութիւն չունի, իսկ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Առաջնորդներով ու ժողովուրդով տեղահանուած, կոտորակուած, ներգաղթով ու արտագաղթով նիւթապէս եւ բարոյապէս հիւծած այժմ կը գտնուէր Սիւրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական հովանաւորութեան ներքեւ եւ Սահակ Կաթողիկոս գոնէ իր գտնուած միջավայրին մէջ իր միջոցներուն ներած չափով, կ'որոշէ Եկեղեցական եւ Կրթական կազմակերպութիւն մը ընել, որպէս զի այդ սահմաններուն մէջ գտնուած հայութիւնը, եթէ հնար է պահուի։ Եւ ահա Սահակ Կաթողիկոս գործի կ'սկսի, 1923 Մայիս 29ին ի Հալէպ Քառասուն Մանկանց մէջ Միւռոնօրհնէք կը կատարէ, ամէն կողմէ Միւռոնի խնդրանքերուն գոհացում տալու համար եւ միեւնոյն ատեն իր Կաթողիկոսութեան սեպհական Թեմին Հալէպի Կաթողիկոսական Փոխանորդ կը նշանակէ Խադ Ծ. Վրդ. Աջապահեանը 1923, Ապրիլ 10ին, որուն կը յաջորդէ նոյն պաշտօնով Փառէն Ծ. Վրդ. Մելգոնեան, իսկ 1924 Յուլիս 13ին Հալէպի Խառն Ժողովը Առաջնորդական Տեղապահ կ'ընտրէ Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմունին, որ իր պաշտօնը կը շարունակէ մինչեւ 1925 Մարտ 3, որ ատեն Հալէպ կը հասնի Հալէպի Գաւառական Ժողովի կողմէ ընտրեալ Առաջնորդն, Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Սիւրմէեան, այժմ Արքեպիսկոպոս, որ իր պաշտօնին կը ձեռնարկէ եւ ցարդ կը մնայ իր Թեմին գլուխը։
       Մինչ Սահակ Կաթողիկոս Հալէպի Թեմին համար սոյն կարգադրութիւններ կ'ընէր, միւս կողմէ կ'աշխատէր որ Հոգատար եւ Տեղական Իշխանութեանց կողմէ ինքն ճանչցուէր իբրեւ Հոգեւոր Պետն Սիւրիոյ եւ Լիբանանի Հայութեան։ Այդ ալ իր փափաքին համեմատ կատարուեցաւ 1924ին։ Սահակ Կաթողիկոս քայլ առ քայլ կը յառաջանար, ջանալով հարթել դժուարութիւնները։ Կիլիկիոյ ժողովուրդը, նաեւ Փոքր Ասիոյ զանազան քաղաքներէն հայութեան բեկորներ, տեղաւորուած էին, ի Հալէպ եւ շրջակայքը, ի Դամասկոս , ի Պէյրութ, ի Լաթաքիա եւ ի Կիպրոս, սակայն չէր կրնար այս տեղերուն համար Կաթ. Փոխանորդներ նշանակել, որովհետեւ Դամասկոս, Պէյրութ եւ Լաթաքիա Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Թեմեր էին եւ այդ տեղերը Երուսաղէմի կողմէ մի մի Վարդապետ Տեսուչներ կային եւ եթէ ինքն ալ եկուոր գաղթականներու համար Կաթողիկոսական Փոխանորդներ նշանակէր երկուութիւն պիտի առաջ գար, ուստի աշխատեցաւ համաձայնութեան մը գալ Երուսաղէմի հետ եւ առժամապէս Պէյրութի մէջ իր կողմէն Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմունին նշանակեց իբրեւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ 1925ին։ Արդ էն Կիպրոսի մէջ 1920 Նոյմ. 1ին Հաճնոյ անկումէն վերջ, Հաճնոյ վերջին Առաջնորդն Պետրոս Եպս. Սարաճեան իբրեւ Առաջնորդ Կիպրոսի պաշտօնի ձեռնարկած էր եւ ցարդ կը մնայ նոյն պաշտօնին մէջ։
       1924 Յուլիսին, Հալէպի մէջ շատ դժուարաւ սահմանափակ թուով որոշուած ազգայիններու քուէով Գաւառական Ժողով մը ընտրել տուած էր. որպէս զի միեւնոյն դժուարութեանց չբախի, Սահակ Կաթողիկոս ի Պէյրութ նշանակովի 7 անձերէ բաղկացեալ Վարչական Ժողով մը կը կազմէ Ազգային գործերը վարելու համար։ Բայց ժողովուրդը, առանց անդրադառնալու իր կացութեան փափկութեանը , ոմանց թելադրութեամբ 1925 Փետր. 7ին, երկու կտոր հանրագրութիւններ կը ներկայացնեն Նորին Ս. Օծութեան Սահակ Կաթողիկոսի, նշանակովի Վարչական Ժողովի կազմութեան դէմ բողոքելու եւ պահանջելու որ համաձայն Ազգ. Սահմանդրութեան քուէարկութեամբ Գաւառական, Քաղաքական եւ այլն ժողովներ կազմուին , հակառակ պարագային սպառնալիք…։ Նորին Ս. Օծութիւնը դառնացած սրտով եւ միեւնոյն ժամանակ ցաւելով ոմանց մտայնութեան վրայ 1925 փետր. 20 թուակիր Կոնդակով մը կը պատասխանէ.
      
       ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
      
       ԱՄՍՈՅՍ 7ին ընդունեցանք բանաձեւ մը□ որ կը պատգամէր «Ժողովուրդի տուն»էն յանուն հարիւր ներկաներու, որոնց իսկական թիւը, որակը եւ իրաւասութեան տարիքը եթէ ճշդուած ըլլային, աւելի օրինական եւ տարակուսանքէ զերծ կը մնային անշուշտ։
       Ամսոյս 8-ին համանման պարունակութեամբ, ոգիով, գոյնով երկօրինակ հանրագրեր ստացանք, որոնց մին հարիւր երեսուն եւ չորս, միւսը երեք հարիւր հինգ ըստորագրութիւն կը կրէին, եւ որոց համագումարը 439 կ'ընէ եւ ոչ 1000, ըստ «Նոր փիւնիկ»ի, որուն նախաձեռնութեան ու դրդումին կը պարտինք այդ զոյգ պատգամագիրները։
       Օրէնք եւ իրաւունք պաշտպանելու ապահովագոյն միջոցը չէ սակայն միշտ ստորագրողներու ստուար թիւը, ոչ ալ խժալուր աղաղակները, որոնց ձայնատուները յաճախ անգիտակից խաղալիք ամբոխավարներու դիտումնաւոր սադրանքներուն ու բասրանքներուն, այսօր «Ովսաննա » կ'երգեն եւ վաղը «ի խաչ հան զդա » կ' աղաղակեն։
       Բանաձեւ եւ հանրագրութիւն միեւնոյն աղբիւրներէն բղխած` կը պահանջեն վերջերս մեր կողմէ նշանակուած խորհրդատու մարմինին ջնջումը, ըստ Սահմանադրութեան ընտրովի ժողովներու անմիջական կազմութիւնը եւ կնիք բանից կը շողացնեն մեր գլխուն տապալումի սպառնալիքը□։
       Առանց նկատի առնելու այն բարդ եւ բազմադիմի պատճառները, որոց հետեւանքն է գլխաւորապէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Թեմին այս օրուան անբաղձալի, անկերպարան վիճակը, որմէ առաջին տառապողը եւ հոգիով ու անձով տուժողը Կիլիկիոյ գահազուրկ եւ արտահալած Կաթողիկոսն է. առանց ի հաշիւ առնելու ցարդ մեր կողմէ եւ Ազգային Խորհուրդին կողմէ թափուած ջանքերը եւ կատարուած փորձերը` թէեւ անյաջող, կանոնաւոր կազմակերպութեամբ մը օժտելու Կիլիկիոյ քայքայուած աթոռը եւ վայրավատին հօտը, դիւրահեշտ եւ թեթեւասիրտ ամբոխավարութեամբ ամէն չարեաց պատճառ եւ ամէն օրէնքի դէմ ըմբոստ ցոյց կը տրուի մեր անձը եւ այս քաոսային վիճակին մէջ մեր ազգային նաւը նաւաբեկութենէ ազատելու սոսկ մտահոգութեամբ մեր ձեռք առած ժամանակաւոր կարգադրութիւնները կը ձաղկուին իբրեւ կամայականութիւն եւ ապօրինութիւն։
       Երբ ահագին պատասխանատուութեանց ծանրակիր խաչը, հակառակ մեր բաղձանքին, մեր ուսերուն վրայ առանձին կրելու դատապարտուած մնանք` դժգոհ են. եւ երբ բանիբուն եւ իրենց ազգասիրութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ ծանօթ անձնաւորութիւններ առժամեայ հանգամանքով մեր շուրջ հրաւիրենք` դարձեալ դժգոհ են. մենք կ'ամբաստանուինք իբրեւ օրինազեղծ եւ մեր շուրջինները աթոռամոլներ։
       Եթէ այդ դժգոհներու յետին միտքը աջ ու ձախ լուտանք արձակելով եւ բոլոր բարի կամեցողութիւնները սեւցնելով Ազգ. գործերու վրայ իրենց միահեծան մենատիրութիւնը հաստատել չէ` անոնք պէտք է յիշէին գոնէ որ ամէն իշխանաւոր իրաւունք ունի մասնաւոր խորհրդականներ հրաւիրելու իր իսկ պատասխանատուութեան տակ, մա՛նաւանդ այնպիսի բացառիկ պայմաններու մէջ, որ մեր այսօրուան պայմաններն են. թէ այս չի նշանակեր երբեք Սահմանադրութեան զանցառութիւն եւ ժողովրդական իրաւանց ոտնահարում։ Կանչուած խորհրդականները գործադիր մարմիններ չեն, անոնց տուած խորհուրդները եթէ օգտակար չհամարուին, գործադիր իշխանաւորը իրաւունք ունի զանոնք մերժելու եւ յետս վերադարձնելու, եւ այս մինչեւ օրինական մարմինները ընտրուին եւ ձեռնարկեն իրենց պատասխանատու պաշտօններուն։
       Սահմանադրութիւնը թէեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերաբերեալ բացորոշ տրամադրութիւններ չունի եւ մեր երջանկայիշատակ նախորդներու կողմէն մասամբ միայն ընդունուած եւ գործադրուած է, մենք ճակատաբաց կրնանք ըսել թէ մեր ընտրութեան օրէն եւ մեր Կաթողիկոսութեան ամէնէն արկածալից եւ երկարատեւ շրջանին զայն նկատած ենք միշտ իբրեւ Ազգ. կազմակերպութեան հիմնախարիսխը, յարգանօք ջանացած ենք գործադրել մեր թեմերուն մէջ։ Կը սիրենք եւ կը յարգենք զայն ներկայիս եւ պիտի յարգենք միշտ իբրեւ նուիրական աւանդ, ինչպէս ամէն հայ կը սիրէ եւ կը յարգէ Հայաստանը իբրեւ իւր նախնեաց բնագաւառը։ Հետեւաբար բացարձակապէս սուտ եւ յերիւրանք են կարգ մը կրկռոցներ, թէ ժողովուրդի քուէարկութեան իրաւունքը կը կապտուի։
       Ինչո՞ւ կը մոռցուի որ անցեալ տարի երբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը նպաստաւոր էր, Ազգ. Խորհուրդը մեր նախագահութեան տակ երկարաշունչ խորհրդակցութիւններէ եւ աշխատութիւններէ վերջ ձեռնարկեց Գաւառական Ժողովոյ ընտրութեան դժուարակնճիռն գործին եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ որ օրինաւորապէս եւ առանց աղմուկի ի գլուխ ելնէ ընտրութիւնը։ Դժբախտաբար ցաւալի վախճանը ցոյց տուաւ սեւ մատներու տխուր դերը, որ այս բոլոր ջանքերը ամլութեան դատապարտեց։ Թէ ընտրական կրկին ժողովները, եւ թէ Ազգ. Խորհուրդը ցաւօք յայտարարեցին կատարուած զեղծարարութիւնը եւ այս վերջինը ընտրութիւնը բեկանեց, փափաք յայտնելով միանգամայն նոր ընտրութեան, երբ տեղական պայմանները թոյլատու գտնուին։ Այնուհետեւ Այգ. Խորհրդոյ անդամոց մեծամասնութիւնը հաւաքաբար հրաժարեցաւ, չուզելով պատասխանատուութիւնը ստանձնել այն ծանր կացութեան, որուն ենթարկուած էր մեր ժողովուրդը վերահաս նոր աղէտներու երեսէն, որուն դարմանումի միջոցները կը պակսէին բոլորովին։ Դամասկոսի արիւնալից դէպքերը ամէն հաւանականութիւններու երկիւղը իրականացուցին եւ խուճապահար մերայնոց մերկ ու քաղցած գունդագունդ ի Պէյրութ ժամանումը եւ անոնց ըստ կարելւոյն տեղաւորման եւ յանձանձման ոգեսպառ հոգին ու պատասխանատուութիւնը կը ծանրանար մեր տկար ուսերուն վրայ, քանի որ ազգային արկղ գոյութիւն չունէր, եւ ամէն ոք ճարահատ էր աղէտին մեծութեան առջեւ։
       Ակնարկուած տագնապն ու փոթորիկը տակաւին անցած չեն դժբախտաբար եւ մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք պարտաւոր է խոհեմ, հանդարտ, համերաշխ եւ շրջահայեաց գտնուելու, եւ ճիշդ այսպիսի փափուկ պայմանի մէջ է որ աղմկայոյզ թմբկահարութեամբ կը պահանջուի մեզմէ ստիպողաբար ժողովրդական քուէարկով ընտրութիւններ կատարել։ Իսկ մենք չենք վարանիր յայտարարելու թէ ներկայ վայրկեանը անյամար է բացարձակապէս ընտրութեանց, երբ մէկ կողմէն գիտենք դժբախտաբար որ մեր կուսակցութեանց միջեւ ներկայիս կը տիրեն անհաշտ տրամադրութիւններ եւ ատելավառ զգացումներ, մինչեւ իսկ զիրար զրպարտելու եւ մատնելու աստիճան եւ որոնց անխուսափելի հետեւանքը կը նշմարենք կագ ու կռիւ, բանտարկութիւն եւ աքսորանք, թերեւս արիւնահեղութիւն. միւս կողմէն բնիկ տարրերէն ոմանց կիրքով եւ ատելութեամբ գերագրգռուած ըլլալը գիտնալով, բնականօրէն պիտի չուզէինք ի վնաս մեր տառապակոծ ժողովուրդին հրապարակը աղմկել` ընտրութեանց կռուախնձոր մը մէջտեղ նետելով եւ ոմանց մտքին մէջ կասկած արթնցնել թէ մենք բնիկ տարրերէն տարբեր կամ ինքնայատուկ օրէնքով կազմակերպուելու ձեռնարկներ կ' ընենք։
       Մեր այս տեսակէտները, ինչպէս նաեւ յառաջ քան ընտրութիւն անհրաժեշտ եղող պէտքերը պարզած ենք արդէն բանաձեւի եւ հանրագրութեանց ներկայացուցիչ կարգուած պատուիրակութեան եւ առանց խորհրդարանի, առանց փոխանորդի, առանց դիւաններու, առանց յարաբերական տեսչի եւ առանց գոնէ նախնական եւ առժամեայ համեստ պիւտճէի մը ի՞նչ պիտի գան ընելու, կամ ի՞նչ հրաշք պիտի գործեն ներկայ փափուկ ժամանակին մէջ հանրաքուէով ընտրուած ժողովները եւ անոնց յարակից խորհուրդները։
       Մի՛ մեղադրէք զմեզ իբրեւ նեղմիտ հոգեւորական եւ իբրեւ կամայական բռնակալ, երբ երեւակայական դղեակաշէններու խորհուրդին չենք անսար. մենք պարտաւոր ենք հետեւիլ Աւետարանի բերած կեանքի պատգամներուն. որեւէ մէկը պարտաւոր է տուն մը շինելու ձեռնարկելէ առաջ, նստիլ եւ հաշուել թէ ունեցած միջոցները բաւակա՞ն են գործը գլուխ հանելու, ապա թէ ոչ սկսուած տունը կիսատ կը մնայ եւ անհաշիւ գործի սկսողը բոլոր տեսնողներու ծաղր ու ծանակին կ'ենթարկուի եւ բոլոր անցորդներու շչիւնին ու սուլումին առարկայ կ' ըլլայ։
       Այս բանաւոր պատճառաբանութեանց ո՛չ մէկ դրական պատասխան կ'ստանանք, այլ իբրեւ միակ պատասխան տապալման սպառնալիք։ Բայց ասոնք որ իրենցմէ տարբեր խորհողները իբրեւ կարմիր կ'ամբաստանեն, եթէ իրենց կարմիր մոլուցքէն իսկ չեն շիկնիր, գոնէ աչք չունի՞ն տեսնելու որ բուն կարմիրներն անգամ իրենցմէ աւելի լայնախոհ, հաշտարար եւ ակնածու կը գտնուին հանդէպ Կաթողիկոսական իշխանութեան հո՛ն, Արարատեան աշխարհին մէջ։
       Մեր Կաթողիկոսութիւնը իբրեւ ծնունդ ցաւոց եւ արիւնի երկանց ծանրակիր լուծ մը, կամ ըստ երջանկայիշատակ Հայրիկի ` տարաբախտ վերջին Լեւոնի երկաթեայ թագն էր, զոր շատ կանուխէն փորձեցինք թօթափել մեր ուսերէն, եւ մէկ կողմ նետել մեր գլխէն, բայց հարկը ստիպեց մնալ պաշտօնի վրայ եւ կրել այդ լուծը յօգուտ Կիլիկիահայութեան գոնէ Ֆիզիքական գոյութեան։ Չյաւակնելով հանդերձ մեր մասին պատմութեան դատավճիռը կանխայայտնել, անշուշտ կը ներուի հարեւանցի բաղդատութիւն մը երբեմնի 300, 000 Կիլիկեցւոց եւ հայկական նահանգներու մէկուկէս միլիոն հայութեան ներկայ բեկորներուն թիւերուն միջեւ, ցոյց տալու համար մեր «քմահաճ» «կամայական » եւ «շողոմող » վարչաձեւին արդիւնքը։
       Ասոնք ըսելով մեր նպատակը չէ սակայն ըստ «Փիւնիկ»ի «ժողովուրդին ծայրալիր զայրուցքը մեղմել , » մեր շիջելափառ գահուն կառչած մնալու համար։ Սահակներու կաթողիկոսութեան արկածալից շրջանները այն կանխակալ կարծիքը գոյացուցած էին մեր մէջ թէ ժողովուրդիս տառապանքը մեր մեղքերուն պտուղն է. յաճախ աղերսախառն բողոքս եւ աղօթքս էր «Աւասիկ կամ, ես մեղայ, ես հովիւս յանցեալ, եւ դոքա ոչխարքդ զի՞ արարին »։ Եւ քանի որ այս մեղքս 24 տարիներու սուգն ու արտասուքը չքաւեցին, պահ մը մտադրեցինք եթէ ազատ ճանապարհ ունենայինք, երթալ ի Ս. Էջմիածին եւ անդ ապաշխարել։ Կիլիկիոյ աղէտալի պարպումի վաղորդայնին ընկճուած եւ յուսաբեկ մեր հարազատ զաւակներուն աղիողորմ կացութենէն, դիմեցինք Երուսաղէմի Ս. Պատրիարք, մեր եղբօրը եւ խնդրեցին անշուք խցիկ մը, որպէս զի երիտասարդութեան նման ծերութիւնս ալ յԵրուսաղէմ կնքեմ։ Սակայն Նորին Սրբազնութեան հետեւեալ կէս կշտամբական եւ հոգեխռով տողերը «այնքան զոհողութիւն չը փոխարկել առանձնացումով մը եւ խուճապի սարսափ մը չաւելցնել ինքզինքը անհայր եւ անտէր գտնող խեղճ ժողովուրդի մը տառապակոծ բեկորներուն », զիս սթափեցին, սփոփեցին եւ գօտեպնդեցին շարունակել տանելու յոգնաբեկ ուսերուս վրայ Կաթողիկոսութեան ծանրատար խաչը։
       Հոգեբանական այս կացութեան մէջ ի՞նչ պէտք կայ զայրութի եւ տապալման սպառնալիքի, եւ ի՞նչ պէտք սուրերով եւ բիրերով զինուելու։ Օրէնքով խօսողներուն օրէնքի խաղաղ ճանապարհը ցոյց տանք։ Զմեզ միաձայնութեամբ ի Կաթողիկոսութիւն կամ ի խաչ հրաւիրող Կիլիկեցւոց մնացորդք ուր ուրեք որ գտնուին, եթէ անկեղծ եւ անթելադիր յայտարարութեամբ մը պահանջեն մեզմէ տեղի տալ աւելի արժանաւորին եւ կարողագոյնին, օրհնութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կը քաշուինք, քանի որ տարիքս եւ տկարութիւնս կ'արդարացնեն զմեզ, եւ պատմութեան մէջ ալ օրինակներ չեն պակսիր. բայց յերիւրածոյ թելադրութիւններով պատրաստուած հանրագրութեանց եւ անտեղի սպառնալիքներուն զիջանիլ ոչ միայն Կիլիկեցւոց միահամուռ վստահութիւնը արհամարհել, այլ ի Բարիզ Լեւոն Ե. ի դամբանին առջեւ ծնկաչոք եւ արտասուաթոր աչքերով ըրած ուխտիս դրժումն է։
       Մենք իբրեւ հայր հասարակաց, որեւէ խումբի , հոսանքի կամ կուսակցութեան չենք կրթնած, այլ ամէն հոսանքէ անկախ, ամէն կուսակցութենէ վեր ամէնուն վրայ հաւասարապէս կը գուրգուրանք իբրեւ մեր հարազատ զաւակները. եւ մեր անդրժելի ուխտն է ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ ժողովուրդին, այս ոգիով առաջնորդուած ենք մեր խորհրդականներու ընտրութեան մէջ եւ եթէ հրաւրուածներէն ոմանք զլացան իրենց աջակցութիւնը եւ իրենց կուսակցութիւնները մեզ դէմ սպառնալից դիրք բռնեցին, մենք ալ մեր կողմէն ժողովուրդին կը թողունք մեր եւ անոնց դատաստանը ընել. ժողովուրդին, այո՛, բայց իսկական հարազատ ժողովուրդին, որոյ մի մասին դիւրահաւանութիւնը, միամտութիւնը եւ մնացեալին ներողամիտ կամ անտարբեր կեցուածքը կը փորձեն շահագործել անոնք, որ գիշեր ցերեկ ժողովուրդի անունով կը բարբառին իրենց սեպհական կարծիքները, դիտումները եւ աղմկարար կեցուածքը միշտ անոր վերագրելով։
       Մենք եւս կոչ կ'ընենք մեր սիրելի ժողովուրդին եւ կը յորդորենք որ նախ իրերու խորը թափանցէ, նախ կշռէ, դատէ եւ ապա դատապարտէ զայն որ արժանիէ։ Ողջամիտ, հարազատ, անկողմնակալ եւ անշահասէր ժողովուրդին վճիռը կ'ընդունինք, կը յարգենք եւ կը խոնարհինք անոր առջեւ։
       Տապալել բառն ալ որքան խոշոր եւ բազմիմաստ, նոյնքան ծիծաղելի է։ Ծառը կը տապալի կացնահարութեամբ. ընտանիքի հայրը նոյնպէս կը տապալի կացինով եւ գնդակով. ծերունի հայրապետ մը կը տապալի իր աթոռէն վար առնելով, աթոռանիստ եկեղեցիէն դուրս ընելով եւ եթէ սննդադրամը Ազգ. արկղէն է, զայն կտրելով։ Բայց քանի որ ո՛չ աթոռ, ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ սննդադրամ Կաթողիկոսութեանս առաջին օրէն, տապալել բառը այս պարագային անիմաստ եւ ծիծաղելի է։ Խնդիրը կը տարբերի, եթէ բանաձեւողները եւ հանրագրողները, արտաքոյ օրինաց, զմեզ մեր անձնական բնակարանէն, նոյն իսկ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն արտահալած ընեն։
       Վերջին խօսք. անցեալ շաբթուան մէջ բարեդէպ գուշակութեան համաձայն` Կաթողիկոսը յանկարծամահ։ Հասած կը համարիմ ժամանակս. լսեցէ՛ք արդ հօր մը կտակային խօսքերը։ Ցաւերնիս եւ պէտքերնիս անսահման են։ Վէրքերնիս խորունկ եւ դժուարաբոյժ, դարմանը օտարին համակրանքն եւ արտաքին օգնութիւնները չեն, այլ սէրը ու համերաշխութիւնը։ Մոռնալ 600 տարիներու արիւնը ու քրտինքը եւ անոնց միլիոններ արժող աստուածապարգեւ տրիտուրը, մոռնալ մեր սիրելիներու գերեզմանները ոտնակոխ եւ պղծուած, մոռնալ մեր հոյակապ տաճարներն ու վանքերը, քարուքանդ կամ ախոռի վերածուած, եւ բնաւ ցաւ չունեցողի նման կագ կռիւ, գինարբուք, զիրար խոցոտել եւ վիրաւորել եւ բանտերու, դատարաններու հանապազօրեայ յաճախորդ ըլլալով` ամէնուն զզուանքին եւ արհամարհանքին արժանանալ։ Ահա՛ տխուր, բայց իրական պատկերը մեր ժողովուրդի բարքերուն։
       Սիրենք եւ յարգենք Սահմանադրութիւնը ոչ միայն քուէտուութեամբ, որ իր կարգին եւ ժամանակին տեղի պիտի ունենայ, այլ կեանքով, բարքով եւ նկարագրով, ըլլանք կենցաղագէտ, խոհական եւ հեռատես. մեր այսօրուան ցուցադրած կեանքը հակօրինական եւ հակասահմանադրական է եւ որոնք որ կը թելադրեն եւ կը քաջալերեն այս ինկածութիւնը, նոքա իրական թշնամի են օրէնքի եւ մաքուր կենցաղավարութեան։ Սէրը նախադասեցէք ամէն բանէ, նոյն իսկ, օրէնքէն. մօտեցէք իրարու եղբայրական հաշտարար եւ համերաշխ ոգիով։ Շաղապատինք իրարու եւ սեղմենք մեր ճակատը ո՛չ տարամերժ ոգւով եւ քինախնդրութեամբ, այլ անարատ ազգասիրութեամբ եւ մաքուր ու անկեղծաւոր սիրով։ Ներենք իրարու. մեր ընկերոջ աչքի շիւղէն առաջ մեր աչքի գերանը տեսնենք, չը դատենք տարապարտ որ չը դատուինք։ Այս ազդակներով միայն կարող ենք պահել հիւրընկալ երկրին մէջ մեր ազգային գոյութիւնը, ապահովել մեր տառապագին կեանքը, վերարծարծել մեր քրիստոնէական հաւատք ու յոյսը եւ վերականգնել մեր տոհմային կարգն ու սարքը, աւանդական օրէնքները եւ սահմանադրութիւնը։
       Որդեակք իմ սիրելիք, նմանեցէք Հրեայ հայրենասէր Նէէմիին. ձեր յաջողութեան փառքին եւ հանգստութեան մէջ անոր նման հայրենի աւերածոց վրայ լացէք եւ կոծեցէք, տխուր եւ տրտում դիմօք, որպէս զի երբ հարցնող ըլլայ «ընդէ՞ր տրտում տխուր են երեսք քո », կարողանանք ճշմարիտ հայրենասէրին նման պատասխանել «ընդէ՞ր ո՛չ տրտում եւ տխուր լինիցին երեսք իմ, վասն զի քաղաքն որ է տեղի գերեզմանաց հարց իմոց, է անապատ եւ դրունքն ապականեալ ի հրոյն»։
       Իսկ մենք անարժան հովուապետս, հասեալ ի ծայր կենցաղոյս, կ'օրհնեմ զձեզ ամենքդ եւ առ երկնաւոր Հայրն կը բարձրացնեմ կիսահագագ ձայնս գոչելով.
       «Տէ՜ր, ես հովիւս յանցեայ, դոքա ոչխարքդ զի՞ արարին»։
      
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹ. ՀԱՅՈՑ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       1925 Փետրուար 20
       ի Պէյրութ
      
       Սահակ Կաթողիկոս մերթ Հալէպ մերթ Պէյրութ բնակելով եւ երբեմն Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Կիպրոս այցելելով կը քաջալերէ ժողովուրդը եւ միեւնոյն ժամանակ Պէյրութի ժողովուրդին խնդրանքին գոհացում տալով կ'արտօնէ քուէարկութեամբ Գաւառական Ժողով մը ընտրել…։ Կ'ընտրուի Գաւառականը եւ անկէ կը բխին ուրիշ ժողովներ, միշտ կագ ու կռիւ անպակաս կ'ըլլան ժողովներուն մէջ եւ կարծես Կաթողիկոսին մտավախութիւնը եւ քուէարկութեամբ ժողովներ ընտրել տալու դժկամութիւնը արդարացնելու համար 1926 Սեպտ. ին մինչ Գաւառ. Ժողովը գումարուած, ճրագը կը մարի եւ Գաւառականի անդամներէն պատուական անձ մը, Վահան Վարդապետեան կը զարնուի եւ կը մեռնի, ու ատոր հետեւանքով բանտարկութիւններ ու վրդովումներ։ Սահակ Կաթողիկոս այդ միջոցին Զահլէ էր, հեռագիրներ կ'ստանայ Պէյրութի ազգայիններէն եւ կը փութայ Պէյրութ, ուր բոլոր ժողովները կը կախակայէ եւ նորէն նշանակովի ժողովներ կը կազմէ։
       Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ բանակցութիւններն հասունցած էին, մանաւանդ Դուրեան Պատրիարք փափաքող էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակազմութեան եւ պէտք եղած ջանքերը չխնայեց Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ եկեղեցիներն ու վարժարաններու շէնքերն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փոխանցելու եւ իր Տեսուչ Վարդապետներն վերցնելով երկուութեան առաջքն առնելու համար, վերջապէս 1929ին Մարտ 6ին Երուսաղէմի Ս. Յակովբեանց Միաբանական Ընդհ. Ժողովն միաձայնութեամբ կը հաւանի այս կարգադրութեան եւ Սահակ Կաթողիկոս, Դամասկոսի Կաթողիկոսական Փոխանարդ կը նշանակէ Խադ Ծ. Վրդ. Աջապահեանը, իսկ Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմունին Լաթաքիոյ Կաթողիկոսական փոխանորդ կը կարգէ եւ Պէյրութն ալ կը յանձնէ Եղիշէ Եպս. Կարոյեանի 1929 Փետր. 23 ին։
       Այժմ իր հինգ Թեմերը կազմակերպուած էին։ Հալէպ, Պէյրութ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Կիպրոս, իւրաքանչիւրը իր Առաջնորդն եւ Ժողովները ունէր, 1929 Սեպտ. 29ին Հալէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոց մէջ Սահակ Կաթողիկոս Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Դամասկոսի Կաթ. Փոխանորդ Խադ Ծ. Վրդ. Աջապահեանը եւ Հալէպի Առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Սիւրմէեանը։
       Սահակ Կաթողիկոսի ցաւը, վիշտը մէկ տեսակ չէր որ, հազիւ թէ մին կ'անցընէր , տակաւին չմոռցուած ուրիշ ցաւ մը կը յաջորդէր, ի Սիւրիա, ի Լիբանան եւ ի Կիպրոս եկեղեցական եւ կրթական կազմակերպութիւններն ի գլուխ հանած, պարտականութիւնը մասամբ կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը պիտի զգար, երբ տեսաւ որ իր ժողովուրդը գունդագունդ կը հեռանար Սիւրիայէն եւ Լիբանանէն դէպի Հարաւային Ամերիկա հարստանալու երեւակայական երազներով։ Ծերունի Հայրապետը արդէն աստանդական ժողովուրդին կրկին անգամ դէպի անծանօթ երկիրներ պանդխտելու համար հեռանալը տեսնելով, կը ցաւի եւ սրտառուչ կոչ մը կ'ուղղէ անոնց, խանդակաթ հօր մը վիրաւոր սրտէն բխած աղերսով մը, այնքան գեղեցիկ եւ այնքան սրտաճմլիկ որ կ'արժէ զայն պահել մեր պատմութեան էջերուն մէջ.
      
       ԽՕՍՔ ՀԱՅՐԱԿԱՆ
       ՄԵՐՁԱՒՈՐ եւ հեռաւոր ազգային թերթեր ի տես եւ ի լուր գետահոս նոր գաղթին դէպ ի անծանօթը, Հարւ. Ամերիկա, ահաւոր վտանգին եւ վերահաս կորուստին սրտցաւ նկարագրականով մեղադրանաց սլաքներ կ'ուղղեն, ընտանի եւ ստոր ձեռքերով հեղինակութենէ կապուտ կողոպուտ Ազգ. իշխանութեանց, զոր ըստ հարկին միայն կ'ոգեկոչեն մեղադրելու համար։
       Ո՛չ թէ թղթեայ բութ սլաքներէն խոցոտուած ու վշտահար, այլ իբրեւ բախտակից կըրելով ձեզ հետ եւ միասին ցմրուր քամելով տարագրութեան եւ արտագաղթի դառնաճաշակ բաժակը` վիրաւոր սրտէս կը բղխի հայրական հարցումը.
      
       ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ։
       Նոր խա՞չ փնտռելու. բովանդակ կեանքերնիդ խաչ է. պապենական հին օրերէն սկսեալ մինչեւ գալիք իրերայաջորդ սերունդներու կեանքը խաչեր են։
       ԽԱՉ կայ փառքի, յաղթութեան եւ կեանքի։
       ԽԱՉ կայ անէծքի, պարտութեան եւ մահուան։
       Ի՞նչ տեսակ խաչ կը փնտռէք. ամեն կարգի խաչ փնտռելու համար պէտք չկայ Ովկիանոսներու կատաղի ալիքներուն վրայ մահուան դալուկներով պարելու եւ մերթ ջրահեղձ եւ ձկնկուլ ըլլալու. պէտք չը կայ ի չորս ծագս աշխարհի անիծեալ Կայէններու պէս անքուն եւ անդադար թափառելու։ Ամեն տեղ պարտրաստ է խաչը. առ դրունս, մեր ուսերուն վրայ, սեպհական տուներնուս եւ հիւղակներու մէջ. Հայրենիքի եւ օտարութեան մէջ պատրաստուած թշնամիներէ եւ յաճախ մեր ձեռքերով, երբ կեանքի բնական եւ անբնական ելեւէջներէն անգամ կը յուսալքուինք եւ տնաքանդ մոլուցքներու եւ մոլութիւններու գիրկը կը նետուինք, երբ հացի պակասութիւնը անէծք, եւ հարստութիւնը` միայն ուտելու, խմելու եւ շուայտանալու համար օրհնութիւն կը համարինք։
       Աղքատութիւնը օրհնութեան, յաղթանակի եւ փառքի խաչ է, երբ գոհութեամբ կը համակերպինք եւ անտրտունջ տանելով` մեր չորաբեկ եւ բորբոստնած հացէն մասն եւ բաժին կը հանենք մեզմէ աւելի կարօտին։
       Հարստութիւնը անէծք, պարտութիւն եւ մահ է, երբ մեր դռներուն վրայ աղքատ Ղազարոսներուն մեր սեղանի փշրանքը կը զլանանք, եւ շուները աւելի բարեգութ` անոնց շարաւոտ վէրքերը կը լիզեն։ «Անձն իմ, կեր, արբ եւ ուրախ լեր », կ'ըսէ միամիտ Մեծատունը. բայց անմիջապէս երկնային ազդարարութեան վճիռը կը շանթահարէ. «Անմիտ, յայսմ գիշերի հոգիդ ի քէն ի բաց պահանջեսցի»։
      
       ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ։
       Հա՞ց փնտռելու. ամեն տեղ պատրաստ է իբրեւ օրհնութիւն եւ պարգեւ Աստուծոյ։ Երբ պարգեւներու մեծագոյնը, առողջութիւն, կամք ու յարատեւութեան ոգի ունիք աշխատելու` հացը ինքնին կուգայ առանց փնտռելու, ինչպէս կենսապարգեւ Արեւը չի փնտռուիր, աստուածագիծ օրէնքով տարուան չորս եղանակներուն անմոլար եւ անմեռ կը ծագի. ձմրան խստութենէն թմրած բնութիւնը կը վերակենդանացնէ, կը լուսաւորէ, կը ջերմացնէ, կը ծաղկազարդէ, կը պտղաւետէ եւ լիառատ կը պարգեւատրէ անխտիր բարիները եւ չարերը։ Բարիները զգաստ կեանքով շարունակ կը վայելեն, չարերը շուայտութեամբ եւ անառակութեամբ շուտով մուրացիկներ, գողեր եւ ոճրագործներ կ' ըլլան։
       Հնագոյն մեծ իմաստունը, Սողոմոն ըսած է, «Ծոյլ ձեռքերը կ'աղքատացնեն եւ գործող ձեռքերը կը հարստացնեն »։ Եթէ, ուր ալ երթաք, պիտի աշխատիք, ինչո՞ւ ձեռքերնիդ եղածը կը թողուք եւ ըստ առածին Տիմիաթի բրինձին կը վազէք . ինչո՞ւ եղբայրական ձեռքը կ'արհամարհէք։ Չէ՞ք յիշեր որ արտագաղթին մեր սիրելիներէն շատերը ձմրան եղանակին, ծովերու ալէկոծ միջոցին ամիսներով ջուրերու վրայ տարուբերուեցան։ Անդուռ աշխարհը փակ մնաց իրենց առջեւ. Սուրիան միայն, շնորհիւ Հոգատար Պետութեան եւ շնորհիւ եղբայրսիրութեան իսլամ եւ քրիստոնեայ Արապ ցեղին, դռները լայն բացաւ մեր առջեւ եւ հիւրընկալեց։ Ութն տարիներ ազատ եւ հանգիստ ապրեցանք, մերկ եւ անօթի չմնացինք շնորհիւ օտար եւ համազգի Բարերարներու նպաստին։ Ծնաք, մեռաք, գերեզմանեցիք շատ սիրելիներ եւ հոգեհատորներ, զոր անսիրտ ոգւով կը թողուք ու կ'երթաք նոր գերեզմաններ շինելու ու շէնցնելու։
      
       ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ։
       Ուխտաւորներու կարաւաննե՞ր էք, որ կ'երթան իրենց սիրելիներու շիրիմները պսակազարդելու եւ կարօտի արտասուաց շիթերով եւ ցօղերով ոռոգելու։ Օտարութեան մէջ ուխտավայր չունիք. օտարութեան մէջ հանգչող սիրելիներ չունիք։ Անոնք շատ մօտ են եւ դրկից։ Ինչո՞ւ արհամարհանքով կը թողլքէք, ինչո՞ւ հեռաւորութեան փականքով ականջնիդ կը խցէք չլսելու համար Միջագետաց եւ այլ անապատներու խորերէն միլիոնաւոր նահատակներու աղիողորմ աւաչը, չլսելու համար ընտանի դամբաններէ աղապատանքի հառաչը . - Մի՛ երթաք, մի՛ հեռանաք. օտարին եւ թշնամիին կրունկը շատ կոխոտեց եւ փշրեց զմեզ. փոշիացած մեր վիճակին մէջ միակ մխիթարութիւննիս էր մերձաւոր-հեռուէն լսել ձեր ոտնաձայնը, հոտոտել ձեր կրունկները. այսքա՞նն ալ շատ համարեցիք։
       Ուրուկուայի, Բարակուայի, Պրազիլի եւ Արժանթինի անծայրածիր եւ գազանաբնակ անապատները ի՞նչ կախարդանքով հմայեցին զձեզ որ ճակտի արդար վաստակնիդ անխիղճ բախտախնդիրներու ձեռքն ու գրպանները կը լեցնէք եւ զձեզ ծովերու եւ Ովկէաններու մահաշունչ կոհակներուն կը յանձնէք։
      
       ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ։
       Ուխտաւորներու կարաւանի պէս ի Ս. Էջմիածի՞ն, կաթ մը լոյս առնելու Լուսաւորչի կանթեղէն. ի Կիլիկիա՞, համեմատաբար նորաշէջ փառքի յուսոյ նշուլով այրած սրտերնիդ հովացնելու համար. ի Սիո՞ն, արեւելքի Մոգերուն պէս նորածին Թագաւորը փնտռելու։
       Աւա՜ղ, դժխեմ պատահարներ, խոստացող եւ դրժող Դիւանագէտներ քարացուցին սրտերնիս այդ ընտանի սրբութեանց հանդեպ. կ'երթաք լոյս աշխարհէն ի խաւար, կ'երթաք ազատութեան հողամասէն ի նոր Եգիպտոս, ուր ստրկական աղիւսագործութիւնը ձեր ուժեղ ուսերուն կ'սպասէ ճմլելու եւ քամելու համար. կ'երթաք անդարձ ուխտով նոր Գողգոթաներ գտնելու եւ նոր խաչեր շինելու։
       Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա եւ Սիոն շատ հեռու չեն մեզմէ։ Եթէ վերջին դարերու մէջ մեզի բախտակից Արապ ազնիւ ցեղին ձեռք ձեռքի, կուշտ կշտի տալով` Հոգատար Ֆրանսայի քաղաքակրթիչ դերին սատար հանդիսանանք, աւելի մօտեցած պիտի ըլլանք մեր սրբութեանց։
       Մեր դարաւոր ծնարաններուն եւ քնարաններուն վրայէն անցնող կռունկներու երամին գաղթի ճանապարհը Սուրիան ըլլալով-Հալէպէն ի Պաղտատ-գոնէ խապրիկ մը, գոնէ մեր սիրելեաց Դամբարաններէն փսրտուքի փսոր մը կը բերեն։
       Գոնէ, մեր քարուքանդ վանքերուն, հոյակապ եկեղեցիներուն եւ շքեղ տաճարներուն հպանցիկ բողոքի ահեղագոչ հողմերը եւ մելանուշ զեփիւռները կը բերեն խնկաւէտ բոյրը ինկած քարերուն եւ մեր հայրերու աղօթքի մրմունջները խոնարհած կամարներէն։ Ալ չեմ ըսեր հայրենի լեռներուն եւ Դրախտի գետերուն սրտամորմոք ողջոյնները աւելի շուտ կը լսենք ի Սուրիա եւ ի Մեծն Լիբանան։
       Այս ամենուն երիթացած սրտով ու խղճով «մնաք բարի » ըսելով կը հոսիք գետի պէս համայնակուլ ծովին ծոցը. հոն ո՛չ եւս են ծաղկածին Եփրատ, Տիգրիս, Արաքս եւ հայրենի ուրիշ գետակներ. ոչ եւս են անուշ եւ կաթնահամ լուսաղբիւրներ. անոնք ամենը կլլուած , կորսուած են աղի ջրերու զանգուածին մէջ։
       Մի՛ երթաք ի կորուստ, Զաւակներս. ԽԱՉՆ ալ մօտ է ՀԱՑՆ ալ։ Քրիստոնէական կեանքով, զգաստ, պարկեշտ եւ եղբայրասէր կենցաղով, աշխատասէր եւ աննկուն ոգւով` ԽԱՉԸ հաց, փառք եւ կեանք կ'ըլլայ։ Խենէշ, շուայտ, պղերգ եւ այլամերժ հոգւով ՀԱՑԸ կ'ըլլայ խաչ, փուշ ու տատասկ, անէծք եւ մահ։
       Կեանքի, խաչի եւ հացի Աստուա՛ծ, Հայուն բազմանուն եւ բիւրատեսակ Խաչերուն տեղ պարգեւէ քու ԽԱՉԴ իբրեւ հայրենիք, իբրեւ հաց եւ օրհնութիւն , իբրեւ տուն եւ տեղի ապաւինի, եւ իբրեւ ՍԵՂԱՆ սրբութեան` աղօթելու եւ փառաւորելու զՔեզ յաւիտեանս, ամէն։
       Աղօթարար
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹՂ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Սահակ Կաթողիկոս կը խորհի իր ծերութեան եւ Կաթողիկոսական յաջորդութեան վրայ։
       Ծերունազարդ Հայրապետը, որքան որ Կաթողիկոսական Թեմի հատուկոտոր կազմակերպութենէն գոհ էր, սակայն միշտ կը մտածէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին ու յաճախ բարեկամական շրջանակներու մէջ կ'արտայայտուէր. Ես ծեր եմ, պատմական դարաւոր Աթոռէս հեռու եմ. եթէ յանկարծ աչքերս փակեմ գաղթական ժողովուրդիս ցաւերուն եւ զրկանքնրուն մէջ, ի՛նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ես պատասխանատու եմ առաջի Աստուծոյ եւ առաջի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ անոր իրաւազուրկ ժողովուրդին, որ իր գոյութեան պայքարին ամենէն փափուկ հանգրուանին վրայ` խելք եւ ոյժ չունի մտածելու այս խիստ կարեւոր խնդրոյն վրայ - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեւականութեան վրայ։ Այսպիսի խորհուրդներով կը մտատանջուէր եւ կը խոկար, եւ օր մըն ալ 1928 փետրվար 29ին, Նորին Ս. Օծութեան գրիչէն «Կտակ » մը հրապարակ ելաւ, որուն նիւթը կտակ մը ըլլալէ աւելի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեւականութեան մղձաւանջն էր։ Սոյն կտակով, Սահակ Կաթողիկոս, կը դիմէր հոգեւորական եւ աշխարհական դասակարգին միանգամայն եւ իւրաքանչիւրին կարծիքը, թելադրութիւնն ու խորհուրդը կը հարցնէր, որպէս զի հանրութեան ձայնին հետեւի եւ ապագայ սերունդին առջեւ պատասխանատու չմնայ իբրեւ պարտազանց հանդէպ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որուն Գահակալն էր։
      
       Կ'արժէր որ արտատպենք Սահակ Կաթողիկոսի սոյն «Կտակ»։