Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հասած է ժամանակը, եւ թերեւս անցած, ազգ. նուիրապետութեան էական եւ կենսական հարցը իբրեւ կտակ` ողջամիտ, անցեալին եւ ներկային իրազեկ` եւ ապագայն խորաթափանց պայծառատեսութեամբ կանխագուշակող ազգայնոց, չարս որոց եւ Ձեր սիրելութեան խորին ուշադրութեան յանձնել։
       Հայ. Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը թէ ' յարեւելս եւ թէ յարեւմուտս վտանգի է։ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին, որ յօրէ հաստատութեան իրերայաջորդ կրակի, սովի, սուրի, վտարանդութեան ու խաչակրութեան փորձութիւններէ անցնելով մէկ տեղ` անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած է պահելով ազգի միութիւնը եւ ինքնութիւնը, այսօր ներքին եւ արտաքին վտանգներէ պաշարուած` ճգնաժամային վայրկեաններ կ' ապրի։
       Յարեւելս, եթէ հրատարակութիւնք չափազանցուած ալ ըլլան, զինադադարի օրերէն սկսեալ` Ընդհ. Հայրապետը իրաւազրկուած, անշքացած եւ ապազգային կապանքներով կաշկանդուած` իւր հայրական ձայնը եւ հայրապետական պատգամները անլսելի կը մնան։ Եկեղեցիներ ակմբանոցներու կը փոխարկուին, «Ազատ Եկեղեցի » անուամբ նոր Պաւղիկեաններ եւ Թոնդրակեցիներ կը վերընձիւղին, հեշտամոլ Սմբատները կը բազմանան հոգեւորականի սքեմի ու անունի տակ։ Եթէ Խ. Հայաստանի կառավարողները Մագիստրոսի ազգային ոգւով օծուն ըլլային, Հայրապետի խորհրդակցութեամբ եւ գործակցութեամբ արմատախիլ կ' ընէին։
       Յարեւմուտս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը փշրուած Աթոռով, զորս սեւ բախտն ունեցայ տեսնելու եւ արտասուելու, եւ ջախջախուած գաւազանով վտարանդի, նման իր ցրուեալ հօտին, հիւրընկալ ուրիշ հողամասերու վրայ կը թափառի, մերթ Լիբանան, մերթ Սիւրիա եւ մերթ Կիպրոս։ Թէպէտեւ Ֆրանսական ազատախոհ Հանրապետութիւնը պաշտօնէ ճանչցած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, բայց իրապէս ու իրաւապէս տէր ու տիրական չէ կարող ըլլալ իր սեպհական ժողովուրդին. որովհետեւ Պէյրութ իր մատուռով, Դամասկոս Եկեղեցիով ու մի քանի կտոր կալուածներով, Լաւոդիկէ նոյնպէս մատուռով, հոգետունով եւ մի քանի կալուածներով` համաշխարհական պատերազմէն առաջ թէեւ մի քանի հարիւր տուն Հայ բնակչութիւն ունէին, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան թեմեր համարուած են։ Հին իրաւունքները անփոփոխ պահելն ալ պարտաւորութիւն է։
       Իսկ Կիլիկիոյ ժողովուրդը զինադադարին հազիւ 200 հազար հոգի` նախախնամական բացառիկ շնորհքով պաշտպանուած ահաւոր սպանդէն` յուսապարար խնդութեամբ վերադառնալով իւր հայրենի տունն ու տեղը, հազիւ քանդուած օճախները եւ թոնիրները սկսան բոցի լեզուակներ ու ծուխի նօսրագոյն սիւնակներ արձակել, անխուսափելի նոր ջարդի մը արհաւիրքէն խուճապահար` կամայ ակամայ թողուց 30 հազարէ աւելի նոր մարտիրոսներու նշխարները անթաղ ու կիսաթաղ, թողուց դարերու յառաջ բերած սերունդներու նուիրական ծնարանը եւ նախահայրերու հանգստարանը` կոխան ոտից եւ նշաւակ, եթէ բորենիներու նման գերեզմանակրկիտները չը հանեցին ոսկերոտիք ճարակ հրոյ, թողուց վանք, եկեղեցի, կրթական յարկեր աւեր ու աւար, գեղակերտ տաճարներ, որոց լուսաշող սեղաններուն վրայ ու խնկաւէտուած կամարներուն տակ դարերով զԱստուած փառաբանեց, նախատինս ընդհանուր Քրիստոնէութեան սինեմաներու, մթերանոցներու եւ ախոռներու վերածուեցան եւ վերջապէս դարերու արիւն-քրտինքով ձեռք բերուած միլիոններու արժողութեամբ անշարժ եւ շարժական կալուածները։
       Այս անկարկատելի վէրքերուն ու անբուժելի ցաւերուն հետ հոգեկան նոր վէրքեր ու ցաւեր կը յաճախեն. օր ըստ օրէ նոր կրօններու նոր առաքեալներ Հայ խաչաչարչար եկեղեցին` հին խրամատներու վրայ նոր խրամատներու կ'ենթարկեն օտար դրամով ու թելադրութեամբ։ Մի քանի ժանգահար ղրուշով, պատառ մի օթեկ հացով, բուռ մի ալիւրով եւ հնոտի զգեստով Աստուծոյ արքայութեան նոր զինուորները կը պատրաստեն։ Յիսուս ալ անապատին մէջ նօթի ժողովուրդը կերակրեց առանց հարցնելու անոնց հաւատքն ու դաւանութիւնը եւ երբ ուզեցին զինքը թագաւոր հռչակել, լեռը քաշուեցաւ։
       Հակաքրիստոնէական այս ողբագին կացութեան հանդէպ, երկոքին կաթողիկոսունք գրեթէ հասակակից, իսկապէս լծակից ու խաչակից, կապտուած հեղինակութեամբ, իրենց գերեզմաններուն գլուխը կանգնած` հոգւոյ անսահման խռովքով եւ արտասուաթոր աչքերով կը դիտեն ու կը չափեն այն լայնափեռեկ գերեզմանը, ուր գահավիժօրէն ու խելակորոյս կը դիմէ Հայութիւնը եկեղեցիով, նուիրական սրբութիւններով եւ Նուիրապետութեամբ։
       «Մահ առ դուրս կայ»։
       Ա . - Ի՞նչ պիտ ըլլայ ընդհանուր Կաթողիկոսութիւնը։ Ընտրող համազգային ժողովոյ պատգամաւոր ղրկող թեմերուն մեծագոյն մասը, Տաճկահայաստան ո՛չ եւս է։ Եթէ ըլլար իսկ, ներկայ կառավարութեան ոգին եւ որդեգրած ուղղութիւնը թոյլատուր պիտի գտնուէ՞ր հարիւրաւոր պատգամաւորներու համախմբութեանը. քանի որ եպիսկոպոսութեան գնացողներու առջեւ հարիւրաւոր բանալիներ պէտք են դռները դէպ ի Ս. Էջմիածին բանալու։ Ուրեմն կը մնան Էջմիածնի հին վեց թեմերը, Պարսկա-Հնդկական, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի նորակազմ թեմերը, Պոլիս, Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս, որոց պատգամաւորները, եթէ ընդունուին, պիտի ըլլան ընդհանրական Հայրապետի ընտրողները։ Բայց ո՞վ պիտի հաստատէ։ Թերեւս ըսողներ ըլլան, ընտրեալը ազգին Կաթողիկոսն է առանց պէտք ունենալու հաստատութեան։ Այս ազատաշունչ առարկութիւնը կրնար բանաւոր համարուիլ, եթէ եկեղեցին ու ազգը տարբեր եւ իրարմէ անկախ մարմիններ ըլլային, մինչդեռ դարերով իրարու շաղապատուած ու շաղուած մէկ մարմին, մէկ խմոր եղած են. եթէ Հայրապետը պէտք չունենար յարբերուելու տիրող կառավարութեան հետ նոյնիսկ եկեղեցւոյ պէտքերուն համար։ Պատմական շրջաններուն, սեպհական թագաւորութեան միջոցին միթէ կարելի՞ էր առանց գահակալի հաւանութեան եւ մասնակցութեան Կաթողիկոս ընտրել։ Այս ամէն տարականոն զրկումներուն եւ կաշկանդումներուն հակառակ` Ս. Էջմիածնի Հայրապետութիւնը համեմատաբար աւելի ապահով է քան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը. նախ որ իր աթոռը Հայաստանի մէջ անսասան կը մնայ. երկրորդ` Խորհրդ. կառավարութիւնը, յոյս ունինք որ, օր մը բարեշրջումով ազգային տիպ ու կերպարան հագնի ու կարմիր քղամիդը մէկ կողմ նետէ եւ ցիրուցան հայութիւնը Մասեաց հովանիին տակ համախմբէ. եւ երրորդ` Խորհրդային Հայաստանը անխորհուրդ Հայաստանէն լաւագոյն է իր խաղաղ ու շինարարական գործունէութեամբ. լաւագոյն է կուշտ փորով ժողովուրդը` անօթի եւ օտար նպաստներու կարօտ եղողներէն։
       Բ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ ութնդարեայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Ուխտած էինք յօրէ ընտրութեան եւ վերակրկնեցինք տարաբախտ Լեւոն Ե. ի շիրմին վրայ, մեզ յանձնուած կրկնապէս նուիրական աւանդը - եկեղեցական նուիրապետութիւն եւ ժողովրդի հոգւոյն մէջ խորապէս դրոշմուած շիջող փառքի մը աղօտ մարմնացումը - անայլայլ թողուլ եկեղեցւոյ ու ազգի շահերուն Եղիայի չափ նախանձախնդիր յաջորդի մը, որքան Կիլիկիայի մէջ էինք։ Սակայն արտագաղթը եւ աթոռի բռնագրաւումը ուխտ, փափաք ու հաւատք եթէ չը խորտակեցին, գոնէ իրենց հիմերուն վրա սասանեցուցին։
       Եղան հրապարակաւ ըսողներ եւ գրողներ . - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միացնելու է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան . - հարցումին դիւրին, բայց բանաւոր պատասխանը չէ. եթէ քաղաքական հաշիւներ նկատի չառնենք եւ եթէ Կիլիկիայի ժողովուրդը հիւրընկալուած ըլլար Պաղեստինի, Անդր - Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ, յարմար լուծումը կ'ըլլար տրուած հարցին` կամ եթէ Ս. Էջմիածնի Հայրապետութիւնը իւր անկախ ու անկաշկանդ վիճակին մէջ մնացած ըլլար, աւելի տրամաբանական կ'ըլլար ըսել - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միացնենք ընդհանրական Հայրապետութեան հետ։ Յիսուն տարի առաջ Կիլիկեցի հեղինակաւոր անձանց կողմէ առաջարկուեցաւ հոգելոյս Եսայի Պատրիարքին` միացնել Կիլիկիան Երուսաղէմի. բայց մերժուեցաւ բանաւոր առարկութեամբ. «Միութիւնը Կիլիկիոյ մահն է»։
       Ազգը յոյս ունի, որ Երուսաղէմի ընդհանուրին համակրութեան եւ սիրոյն արժանացած ներկայ Ս. Պատրիարքի օրով Ս. Տեղեաց նախանձայոյզ ոգին պահելով մէկտեղ` կրթական եւ ուսումնական տեսակէտով նոր Վենետիկ մը պիտի կազմուի եւ իբրեւ միակ հոգեւոր կեդրոն` պիտի տայ ազգին տոհմային նկարագրով զարգացեալ եւ լեզուագէտ Առաջնորդներ, քահանայացուներ եւ ուսուցիչներ։ Եթէ ազգին այս յոյսը պսակուի, որուն համար բարեսէր եւ կրթասէր ազգայինք զոհողութիւններ ալ ըրած են, Երուսաղէմ միացեալ կաթողիկոսութենէն շատ աւելի մեծ եւ անգնահատելի ծառայութիւն ըրած կ' ըլլայ։
       Պատմագրողներէն ոմանք կը դատափետեն Գրիգոր Մուսաբէկեանը, որ 1441-ին Ս. Էջմիածին գումարուած համազգային ժողովի հրաւէրը - Սիսը թողուլ եւ իբրեւ ընդհանրական Կաթողիկոս Էջմիածին երթալ - չընդունեց եւ եկեղեցւոյ միութիւնը խրամատեց։ Այս ենթադրութիւնը, եթէ չըսենք թշնամական` պարզապէս երեւակայական է, որովհետեւ ոչ թէ տարբեր Աթոռներու վրայ երկու կամ երեք Կաթողիկոսներու գոյութիւնը, նոյն իսկ մէկ Աթոռի վրայ մէկէն աւելի կաթողիկոսներ եւ աթոռակալներ գտնուեցան, բայց եկեղեցւոյ միութիւնը չը խրամատուեցաւ։
       Մուսաբէկեան եթէ Այնթապցիին նման փառասէր ըլլար, սիրով պիտի համակերպէր համազգային հրաւէրին, քանի որ ընդհանրականութիւնը աւելի հրապուրիչ էր քան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նեղ պարունակի ու օտարացեղ եւ թշնամի տարրերու մէջ։ Մուսաբէկեանց շատ մօտէն կը կարդար Եգիպտացւոց երկաթեայ կրունկին տակ ջախջախուած ժողովրդի վիրաւոր հոգեբանութիւնը, ուստի չէր կարող իր վիրաւոր Հօտը առողջ գազաններու բզկտող ճանկերուն մէջ թողուլ։ Նա կը կարդար ժողովուրդի հոգեկան ալեկոծումը հազիւ կէս - դարեայ թագաւորական շիջող շուքին ու փառքին թարմագոյն յիշատակով. մանաւանդ կը տեսնէր ժողովուրդին պիշ պիշ նայուածքը, ուղղեալ մերթ Լեւոնի բերդին եւ մերթ կաթողիկոսարանի Դարպասին, միոյն անտէրութիւնը ու դատարկութիւնը թախծութեան ամպեր կը կուտակէին, միւսին մէջ հոգեւոր Տիրոջ ներկայութիւնը ժպիտներ կը սփռէր ժողովուրդի դէմքին վրայ։
       Թողուլ ժողովուրդը այս կրկնախռով ալեկոծութեան մէջ, կը նշանակէր կենդանւոյն գերեզմանել, կամ այլասեռ եւ այլակրօն տիրողներու հանապազօրեայ կեղեքումներէն միանգամ ընդմիշտ ազատելու համար եկեղեցին մզկիթի փոխել։ Կիլիկիոյ Չանտըրները, Հայ -Իսլամները, որ մինչեւ այսօր պահած են հայրենական սովորութիւններ, այդ ողբագին ժամանակներու դառնահամ պտուղներն են։
       Աջապահեան շրջանին ալ միեւնոյն մտայնութիւնը ու հոգին կը տիրէր, թէեւ Կաթողիկոսներու կեանքը վտանգի էր Գօզան -Օղլի աւատապետի քմահաճոյքով, եղան Կաթողիկոս նահատակներ յայտնի կամ դաւադրական սպանութեամբ եւ դեղ մահու արբուցանելով. այսու ամենայնիւ ժողովուրդը հոգեւոր եւ մարմնաւոր մխիթարութենէ զուրկ չթողլու համար անմիջապէս յաջորդը կ'ընտրէին եւ աթոռը անտէր չէին ձգեր. Աթոռակալներն ալ գիտնալով հանդերձ որ կաթողիկոսական անունը մահուան կ'առաջնորդէ զիրենք, անձնուիրաբար կը համակերպէին կատարուած իրողութեան։
       Ներկայիս թէ Սուրիա եւ թէ Լիբանան ժողովուրդը, եթէ ներքին ցաւերէ եւ աղմուկներէ հանգիստ մնայ, կ'աշխատի ոչ միայն օրապահիկը ճարելու, ոչ միայն իր զաւակաց դպրոցական հարկը վճարելու այլ եւ առանց իրական եւ իսկական նպատակին թափանցելու կուտայ բազմանուն ընկերութեանց եւ միութեանց։ Առաջնորդարաններն ալ սահմանադրական կազմակերպութեամբ հնարաւորութեան սահմանին մէջ կ'աշխատին հոգեւորապէս մխիթարուած պահել ժողովուրդը, եւ մատաղ սերունդը փողոցային կեանքէ ազատելու համար դպրոցներ հաստատել օգտուելով հովանաուորող եւ տեղական իշխանութեանց կրթասէր բարեացակամութեամբ եւ շնորհիւ նպաստից Հ. Բ. Ը . Միութեան։ Փա՜ռք եւ բիւրիցս օրհնութիւն եւ աղօթք համազգային այդ միակ հաստատութեան բարգաւաճման համար, որ ներկայ ճգնաժամին նախախնամական դեր կը կատարէ։
       Խղճով, սրտով եւ հոգւով պարուրուած ու պաշարուած - ի՞նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ իր ժողովուրդի ապագան - հարցին անդորրացուցիչ լուծում մը գտնելու տագնապով կը տառապինք, դժբախտաբար անորոշութեան ու անստուգութեան մէջ կը տարուբերինք անլոյս եւ անյոյս անղեկ նաւու մը պէս. այս պատճառաւ հարկադրուեցանք ներկայիւս խնդրել Ձեր սիրելութենէն, որ անվերապահօրէն Ձեր կարծիքով եւ գաղափարով լուսաւորէք զմեզ, որպէսզի անդորրացած խղճով փակենք աչքերնիս։
      
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹՂ . ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       Հալէպ, 29 Փետրուար 1928
      
       Սոյն «Կտակ»էն ղրկեց բոլոր Առաջնորդներուն ոչ միայն իր թեմակալներուն, այլ բոլոր արտասահմանի Առաջնորդներուն, Ազգ. Ժողովոց անդամներուն, լրագիրներուն , գրողներուն եւ ազգային գործերով հետաքրքրուողներուն, ու ժամանակ մը վերջ այլեւայլ տեղերէ պատասխաններ ստացաւ որոնք մեծաւ մասամբ բանաւոր եւ օրինական կը գտնէին Աթոռակիցի մը օծումը եւ Աթոռակից անձի ընտրութիւնն ալ իր հայրապետական խոհականութեան եւ կամքին կը թողէին եւ անշուշտ ներկայ դժուարին եւ բազմապահանջ պարագաներու մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ալետատան նաւը խաղաղութեան եւ ապահովութեան նաւահանգիստը հասցնելու կարող Եպիսկոպոս մը փնտռած` եւ գտած էր զայն յանձին Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեանի եւ շատ շատեր նամակով կամ անձամբ կը գնահատէին Սահակ Կաթողիկոսի անուանումը եւ ընտրութիւնը, զոր կը փափաքէր օծել եւ յաջորդութեան խնդիրը լուծել. ուստի 1931 Մարտի 26 թուակիր Կոնդակով Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Առաջնորդ եպիսկոպոսները որ իւրաքանչիւր թեմի համար նշանակուած թիւով աշխարհական պատգամաւորներ ընտրուէին ժողովներու կողմէ եւ Ապրիլ 19ին ներկայ ըլլային ի Հալէպ։ Սակայն, այլեւայլ պատճառներով կարելի չեղաւ որոշեալ օրին կատարել ընտրութիւնը եւ միայն Ապրիլ 25ին բոլոր պատգամաւորները ներկայ էին Հալէպ, շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 8ին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս «Հրաշափառով»մտաւ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, պատգամաւորներով եւ ժողովուրդով, Աւագ Սեղանին առջեւ «Ուրախ եղէ » սաղմոսին եւ պահպանիչին յաջորդող Տէրունական աղօթքէն վերջ, պատգամաւորները գրաւեցին իրենց աթոռները նախագահութեամբ Նորին Ս. Օծութիւն Սահակ Հայրապետին եւ անմիջապէս կազմուեցաւ առժամեայ դիւան մը, Ատենապետ` երիցագոյն հոգեւորականը, Կիպրոսի Առաջնորդ Սարաճեան Արքեպիսկոպոսը, իսկ ժողովին կրտսերագոյն անդամը եղաւ Ատենադպիր` Տօքթ. Սարգիսեան։ Յետոյ պատուիրակներու ինքնութիւնը եւ օրինաւորութիւնը ստուգող ձեւակերպութիւններն եղան եւ քուէարկութեամբ ժողովին բուն դիւանը կազմուեցաւ, Տիարք Գ. Ազիրեան եւ Տօքթ. Յ. Թօփճեան Ա. եւ Բ. Ատենապետներ, իսկ Խ. Գաբիկեան եւ Հ. Փափազեան Ա. եւ Բ. Ատենադպիրներ։
       Ժողովին Ա. օրակարգն էր, Սահակ Կաթողիկոսի բացման ճառը, որով ժողովին կը բացատրէր 1928էն ի վեր իր կատարած ջանքերն, «Կտակը»ը, Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի անուանումը եւ այժմ ժողովին կը փոխանցէր օրինաւորապէս զայն ընտրելու իրաւունքը, հետեւեալ ճառով.
      
       ԽՕՍՔ ԲԱՑՄԱՆ
       Ողջո՜յն ձեզ, Սիրելի Զաւակներս.
       Այս Ժողովը հրաւիրեցինք քայլ մըն ալ յառաջ տանելու նպատակաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութիւնը այս երկրին մէջ։
       Գիտէք թէ 1915էն իվեր, տարագրութեան եւ հայրենազրկութեան հետեւանքով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ յանձին մեր, Հայ ժողովուրդին հետ կորսնցուց իր կայքն ու դիւրութիւնները, եւ ապաստան գտաւ այս ասպնջական երկրին մէջ, առանց ունենալու սակայն հաստատուն տեղ մը իր գլուխը դնելու։
       Շա՜տ նեղ եւ յուսահատական օրեր անցուցինք` մեր պաշտօնին, մեր պարտականութեան, ինչպէս նաեւ մեր պատասխանատուութեան եւ տարիքի ճնշումին տակ, եւ 1928ին դիմեցինք համօրէն Հայ ժողովուրդին, մեր ԿՏԱԿ անուն ծանօթ տետրակով եւ պարզեցինք Աթոռիս վիճակը եւ ուզեցինք իմանալ աշխարհի չորս կողմը ցիրուցան եղած Հայոց կամքն ու խորհուրդը թէ ի՞նչ պէտք ընել։
       Խելացի, փորձառու, վարչագէտ, հեռատես, ազգասէր ու եկեղեցասէր անձեր, եկեղեցական թէ աշխարհական, իրենց գրութիւններով քաջալերեցին մեզ որ ամէն գնով պահենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, եւ նկատի առնելով մեր յառաջացած տարիքը, խորհուրդ տուին մեզ, մեր ազատ կամքով ընտրել մեր յաջորդը եւ մեր ձեռքով ձեռնադրել եւ օծել զայն` ապագայ դժուարութեանց առաջքն առնելու նպատակով։
       Աթոռին ապագային ապահովութեան չափ կարեւոր էր նաեւ անոր անմիջական կազմակերպութիւնը` այս երկրին մէջ ստեղծուած նոր կացութեան եւ պայմաններու համաձայն։ Իսկ կազմակերպութեան համար անհրաժեշտ պէտք էր երկու բան. այսինքն Թեմերու կազմութիւնը եւ Կաթողիկոսարան մը։
       Սիւրիոյ մէջ, բացի Հալէպի Վիճակէն, միւս մասերը Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան ներքեւ էին. այնպէս որ Երուսաղէմի Տեսուչները եւ մեր Փոխանորդները միեւնոյն քաղաքի մէջ, իրենց պաշտօնին բերմունքով, խաչաձեւումներ կ'ունենային, ինչ որ ամենեւին հաճելի չէր թէ ' մեզի եւ թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։
       Բարեբախտաբար այս անպատեհութիւնը վերցաւ մէջտեղէն շնորհիւ Երուսաղէմի հանգուցեալ Դուրեան Եղիշէ Ս. Պատրիարքին իմաստութեան։ Այնպէս որ Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ Տեսչութիւնները թողուեցան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` իրենց եկեղեցիներով եւ դպրոցներով։ Այս կարգադրութեան հետեւանքով հինգ Թեմերու մէջ ամփոփուած եղաւ Կաթողիկոսութեանս իրաւասութիւնը, եւ մենք նկատի առնելով տեղահանութենէ եւ տարագրութենէ յառաջ եկած պայմանները, յիշեալ Տեսչութիւնները վերածեցինք Առաջնորդական Թեմերու. եւ որովհետեւ ծանօթ արիւնոտ դէպքերու պատճառաւ անկարելի էր ժողովրդական ընտրութեամբ Առաջնորդներ դնել այդ Թեմերուն գլուխը, Կաթողիկոսական Փոխանորդներ նշանակեցինք Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ Թեմերուն համար , մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրողական դրութիւնը գործադրել նորահաստատ Թեմերու մէջ, ասոնց վերջնական կազմակերպութեան հետեւանքով։
       Տարակոյս չկայ որ Թեմերու կատարեալ եւ վերջնական կազմակերպութիւնը պիտի կատարուի սահմանդրական սկզբունքով։ Իսկ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ընտրութեան մասին յիշատակութիւն մը անգամ չըլլալուն Սահմանադրութեան մէջ, Կիլիկեցիք ընկալեալ սովորութեան կը հետեւէին ընտրութեան պարագային։ Մենք սակայն պիտի մշակենք Կաթողիկոսական ընտրութեան Կանոնագիր մը, որպէսզի այսուհետեւ այդ Կանոնագրին համեմատ կատարուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ընտրութիւնը։
       Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեան համար պէտք էր նաեւ հաստատուն կայանք մը, որպէսզի վերջ գտներ մեր տեղէ տեղ թափառումն ու փոխադրութիւնը, եւ կարող ըլլայինք լրջօրէն ձեռնարկել գործի։
       Ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը յայտարարենք Պատկ. Ժողովիդ առջեւ ալ որ Նիյր Իսթ Րըլիֆ, որ այժմ կը կոչուի Նիյր Իսթ Ֆաունտեյշըն, մեր տրամադրութեան ներքեւ դրաւ Անթիլիասի մէջ Որբանոցի համար գնած իր ընդարձակ կալուածը, սկսեալ 1930 տարւոյ Յուլիսէն, տարեկան մէկ տոլար անուանական վարձքով, հինգամեայ պայմանագրութեամբ, նորոգելի երկրորդ հինգամեայ շրջանի մը համար։ Նիյր Իսթ Ֆաունտէյշընի կողմէն փորձ մըն է ասիկա, հասկնալու համար մեր ձեռնարկին յաջողութիւնը, որ հիմ պիտի ըլլայ` ապագային բոլորովին մեզի փոխանցելու այդ կալուածը։
       Նիյր Իսթի հետ պայմանագրութիւնը կնքեցինք 1930 Ապրիլին մէջ, եւ անմիջապէս սկսանք գործի` բանալու համար Դպրեվանքը, հաւաքելով կարող ոյժեր մեր շուրջը։
       Մեր Կտակին պատասխաններուն մէջ մեզի տրուած խորհուրդին համեմատ, մենք մեր ազատ կամքով մեզի Աթոռակից ընտրեցինք 1928ին Գեր. Տ. Բաբգէն Եպիսկոպոսը, որ պիտի ստանձնէր Կազմակերպութեան վերին հսկողութիւնը` մեր կողմէն։ Դպրեվանքիս Վերատեսչութեան հրաւիրեցինք Հգշն. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ . Գասպարեանը, ըստ որոշման նոյնինքն Նիյր Իսթի եւ Նիւ Եորքի ազգայնոց. իսկ Մատակարարութեան պաշտօնը յանձնեցինք Հգշն. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեանի։
       Նիյր Իսթ ո՛չ միայն Անթիլիասի կալուածը տուաւ մեզի, այլ նաեւ ապահովեց մեր Դպրեվանքին ելեւմուտքը, որուն մէջ բաժին ունին Նիւ Եորքի պատուական ազգայիններէն Կիւլպէնքեանք եւ Գարակէօզեան Եղբարք։ Նիյր Իսթ տուաւ մեզ նաեւ Անգլիերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ մը, յանձին Տքթ. Թ. Էլմըրի, պատուական եւ փորձառու անձ մը ուսուցչական ասպարէզի մէջ։
       Այս բոլոր դիւրութիւններու շնորհիւ կարելի եղաւ Դպրեվանքիս բացումը 1930 Հոկտեմբեր 13ին, 37 աշակերտներով։ Իսկ Դեկտեմբեր 28ին կատարեցինք Եկեղեցիի վերածուած շէնքին օծումը` յանուն Սրբոց Թարգմանչաց։
       Այսպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեան գործը, այս նոր միջավայրին մէջ, դրուեցաւ դրական հիմերու վրայ, եւ մենք ունեցանք ո՛չ միայն հինգ առաջնորդական Թեմեր, Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Կիպրոսի, այլ նաեւ լա՛ւ կազմակերպուած ուսումնական փոքրիկ Միաբանութիւն մը, իր Դպրեվանքով, որ տուեալ պայմաններու մէջ յաջող է, եւ յառաջիկային պիտի բարգաւաճի առաւելագոյն յաջողութիւններով։
       Կազմակերպութիւնը քայլ մըն ալ յառաջ տանելու համար, ինչպէս որ դիտել տուինք մեր խօսքին սկիզբը, որոշեցինք հրաւիրել այս Ժողովը, որուն ի պաշտօնէ անդամներն են` Թեմակալ Եպիսկոպոսունք, մեր Աթոռակիցը եւ Դպրեվանուց Վերատեսուչը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր Թեմի Եպիսկոպոսին եւ Վարչութեան կողմէն ընտրուած անդամներ։
       Որպէսզի այս Ժողովին գործառնութիւնները դրական ձեւ մը առնեն եւ Օրակարգի խնդիրները ծանօթ ըլլան իրենց ընդհանուր գիծերուն մէջ, եւ տեղի չտրուի ժամավաճառութեան, մենք նախապէս Հարցարան մը ղրկեցինք Թեմակալ Եպիսկոպոսացդ, յանձնարարելով որ ուսումնասիրէք ատոր մէջ դասաւորուած խնդիրները, խորհրդակցութեամբ ձեր նախագահած պաշտօնական մարմիններու, եւ խնամքով պատրաստուած տեղեկագիրներ եւ վիճակացոյցներ բերէք ձեզ հետ` դիւրացնելու համար այս Ժողովին աշխատութիւնները։
       Այդ Հարցարանը թերեւս շատ մանրամասնուած նկատուի եւ մասամբ ալ ամէնուն ծանօթ իրողութիւններու շուրջ։ Բայց նոր միջավայրի եւ նոր պայմաններու մէջ կազմակերպուող Կաթողիկոսարանի մը մէջ պէտք է որ գտնուին այսպէս մանրամասնուած Հարցարանի մը պատասխանները, որպէսզի պաշտօնապէս գիտնանք թէ ի՞նչ ունինք, ի՞նչ բաներու պէտք կայ, եւ մէկ խօսքով, ի՞նչ է մեր ժողովուրդին վիճակը` Կաթողիկոսութեանս կազմակերպութեան սկիզբը այս երկրին մէջ։ Այդ Հարցարանին մէջ դասաւորուած խնդիրներ եւ անոնց պատասխանները կարեւոր են նոյն իսկ իւրաքանչիւր Առաջնորդարանի համար։
       Մենք գիտենք թէ այս բոլոր խնդիրները կարելի չէ՛ այս Ժողովին յատկացուած քանի մը Նիստերու մէջ ուսումնասիրել, վճռել եւ վերջնական ձեւ տալ անոնց։ Մեր Նպատակն է Պատկ. Ժողովոյդ առջեւ դնել շարք մը խնդիրներ, որոնցմով պիտի զբաղի Կաթողիկոսարանիս Ժողովը հետեզհետէ։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ դիտել տուած ենք մեր Կոնդակին մէջ, Օրակարգը բա՛ց է ժողովականներու առջեւ։ Եթէ կան խնդիրներ, որոնք չեն գտնուիր այս Հարցարանին մէջ, թո՛ղ ներկայացուին անոնք գրաւոր կերպով, որպէսզի անցնին Օրակագին մէջ, իրենց կարեւորութեան կարգով։
       Կաթողիկոսարանս, իբրեւ Կեդրոն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Վերին Իշխանութեան եւ անոր վարչական գործառնութեանց, պէտք է ունենայ իր Ժողովը, որպէսզի իր պարբերական կանոնաւոր Նիստերուն մէջ զբաղի անոնցմով եւ ընէ հարկ եղած կարգադրութիւնները։
       Մինչեւ հիմայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չունեցաւ իր Ժողովը. մենք կ'ուզենք որ ունենայ այսուհետեւ, եւ այդ Ժողովին անդամներն ըլլան, ի պաշտօնէ, Թեմակալներ եւ Աթոռիս մէջ գտնուող կարող եկեղեցականներ, որպէսզի Կաթողիկոսարան եկող խնդիրներ նոյն ինքն Թեմակալներու խորհրդակցութեամբը եւ գիտութեամբը կարգադրուին։ Ասիկա կը նշանակէ թէ այդ Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ կամ Թեմերէն ոեւէ մէկուն մէջ, համաձայն ըլլալիք կարգադրութեան, տարին մէկ, եւ ըստ հարկին, երկու անգամ։
       Պատկ. Ժողովոյդ ուշադրութեան կը յանձնեմք նաեւ այն ընտրութիւնը, զոր ըրած եմք հետեւելով Կտակիս պատասխաններուն մէջ մեզի տրուած խորհուրդին. այսինքն ` մեր ազատ կամքով ընտրել մեզի Աթոռակից մը եւ ձեռնադրելով ու օծելով պատրաստ պահել զայն թէ՛ օգնելու համար իմ ծերութեան եւ թէ ապահովելու համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռին ապագան։ Ամէն կողմէ մեզի տրուած այս խորհուրդը շատ բանաւոր գտանք մենք, եւ նկատի առնելով Մեծ Պատերազմէն յետոյ ստեղծուած քաղաքային, ընկերային եւ ընտանեկան այն խառնակ կացութիւնը, որուն մէջ դեռ մինչեւ ցայսօր կը գտնուի Հայ ժողովուրդը ամէնուրեք, նկատի առնելով նաեւ Աթոռիս կազմակերպութեան, պահպանութեան եւ կաթողիկոսական գործերուն կանոնաւոր յառաջացման խնդիրը, Մեզի Աթոռակից ընտրեցինք Եպիսկոպոս մը, որ արդէն ծանօթ է Հայ ժողովուրդին իր բազմակողմանի ծառայութիւններով, զորս մատուցած է ազգին եւ Եկեղեցւոյն, առաջնորդական, քարոզչական, ուսուցչական, մատենագրական եւ հրապարակագրական մարզերու մէջ։
       1928ին ընտրեցինք մենք Գաղատիոյ Առաջնորդ Տ . Բաբգէն Եպիսկոպոսը մեզի Աթոռակից, երբ նա կը գտնուէր Երուսաղէմ, իր ջանքերով եւ հանգուցեալ Պատրիկ Էֆ. Կիւլպէնքեանի բարերարութեամբ հաստատուած Ընծայարանը, յաւէտ ողբացեալ Դուրեան Եղիշէ Ս. Պատրիարքի քով, իբրեւ ուսուցիչ եւ խմբագրապետ Սիոն Ամսագրի։
       Բաբգէն Սրբազան ընդունեցաւ մեր ընտրութիւնը միայն մէ՛կ պայմանով որ թոյլ տանք իրեն երկու տարի, որպէսզի շրջանաւարտ ընէ Կիւլպէնկեան Դասարանի աշակերտները, միանգամայն խոստանալով Երուսաղէմէն օգնել մեզի` Կաթողիկոսութեանս կազմակերպութեան գործին մէջ։ Միւս կողմէն մեր կատարած ընտրութիւնը մեծ գոհունակութեամբ ողջունուեցաւ բոլոր Հայութեան կողմէն, թէ՛ մեզի ուղղուած գրութիւններով եւ թէ՛ թերթերու մէջ։
       Բաբգէն Սրբազան կատարեց իր խոստումը. այնպէս որ իր բազմազբաղ վիճակին մէջ շարունակ թղթակցեցաւ մեզ հետ, մեր յանձնարարութեամբ պատրաստեց կանոնագրութիւն մը Կաթողիկոսարանիս համար. եւ ամէնէն կարեւոր դերը կատարեց Դուրեան Եղիշէ Ս. Պատրիարքի քով, Երուսաղէմի Տեսչութեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փոխանցումին մէջ. ամէն կողմ գրեց դրամական ոյժ ապահովելու համար ի նպաստ Կաթողիկոսութեանս կազմակերպութեան, եւ դիմելով Ազգային Բարերար Աղա Կարապետ Մելքոնեանի, յաջողեցաւ անոր կենսաթոշակէն տարեկան 1000 Եգիպտական Ոսկի յատկացնել տալ Կաթողիկոսարանիս։ Եւ որովհետեւ Մելքոնեան Նուիրատուութիւնը բացարձակապէս եւ անպայման կերպով յանձնուած էր Հ. Բ. Ը. Միութեան, այս տարեկան 1000 ոսկիի նպաստը Բարերարին վախճանումէն ետքն ալ մշտնջենաւորելու փափաքը Նուիրատուութեան աքտին մէջ ճշդուած օրինական տրամադրութեանց հանդէպ դժուարութեանց բախեցաւ պահ մը։ Բայց այս պահուս ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կը յայտարարեմ ձեզ թէ հարթուա՛ծ են այդ բոլոր օրինական դժուարութիւնները, շնորհիւ Բարեգործականի իմաստութեան եւ վեհանձնութեան, այնպէս որ նորակազմ Կաթողիկոսարանս մշտնջենապէս պիտի վայելէ Մելքոնեան Նուիրատուութեան հասոյթէն տարեկան 1000 Եգիպտ. Ոսկի։
       Բաբգէն Սրբազան մեր Կիրակնօրեայ Դպրոցներու հաստատութեան մէջ ալ ունեցաւ կարեւոր աշխատանք մը. բայց պէտք է յայտարարել ի պատիւ Հալէպի Ս. Առաջնորդին որ իր Կրօնական Ժողովին հետ նախաձեռնարկ եղաւ հաստատութեանը Կիրակնօրեայ Դպրոցին, որուն պէտքն ու կարեւորութիւնը բացատրած ենք մեր ծանօթ Կոնդակ ով։
       Անթիլիասի կալուածը ձեռք բերելու համար մենք գործի սկսած էինք քանի մը տարիէ ի վեր. իսկ Բաբգէն Սրբազան յաջողեցաւ մեր կողմէն ամէնէն նպաստաւոր պայմաններով խմբագրել տալ պայմանագրութիւնը։ Ն. Սրբազնութեան միջնորդութեան շնորհիւ է որ քիչ ատենէն Կաթողիկոսարանս կ'օժտուի նաեւ տպագրական մամուլով մը։
       Բաբգէն Սրբազան Երուսաղէմի մէջ իւր ստանձնած գործը ի գլուխ հանեց յաջողութեամբ, եւ ըստ իւր խոստման, մեր հրաւէրով եկաւ Անթիլիաս, 1930 Օգոստոս 13ին, եւ այդ օրէն նուիրուեցաւ իւր նոր գործին, իւր բոլոր կորովով եւ ուշադրութեամբ, եւ Դպրեվանուցս բացման հետ անցաւ ուսուցչական մարմնի գլուխը, ստանձնելով Հայերէնի բոլոր Դասերը։
       Մենք գնահատելով իւր ծառայութիւնները ի նպաստ Կաթողիկոսութեանս կազմակերպութեան եւ իւր անշահախնդրիր աշխատութիւնները եւ նկատի առնելով իւր Աթոռակցի դիրքը , Արքութեան տըւչութիւնը ըրինք մեր Մարտ 26 ամսաթիւ Կոնդակով. իսկ Կաթողիկոսական աստիճանի բարձրացումը, որքան որ մեր կամքին թողուած էր ընդհանուրին արտայայտած փափաքով ինքնին ընտրել մեր Աթոռակիցը եւ մեր ձեռքով օծել, պարտք համարեցի Պատկ. Ժողովոյդ փոխանցել այդ իրաւունքը, օրինականացնելու համար ազգին փափաքն ու կամքը, որպէսզի կարենայ լիովին կատարել իւր Աթոռակցի պաշտօնը` օգնելով մեզի մեր Կաթողիկոսական բոլոր պարտականութեանց մէջ։
       Այս Ժողովը, Թեմակալներով, հոգեւորական դասու անդամներով եւ աշխարհական պատգամաւորներով, ո՛չ միայն կը ներկայացնէ Սիւրիոյ եւ Կիպրոսի մէջ մեր իրաւասութեան տակ գտնուած Եկեղեցիները, այլ նաեւ համանման է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու նախորդ ընտրութեանց Պատգամաւորական Ժողովներուն, որոնք եթէ ըստ էութեան սահմանադրական չէին, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը ունեցած չէ Կիլիկիոյ մասին տրամադրութիւններ, ինչպէս ունի Երուսաղէմի Պատրիարքի ընտրութեան մասին, գոնէ ըստ ձեւոյն օրինական էին։ Միայն ներկայ Ժողովին աշխարհական Պատգամաւորաց թիւը սղուած է. ասոր պատճառը ըսել չեմ փափաքիր։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յառաջ ունէր 13 Թեմ, 400, 000 ժողովուրդով. ներկայ 5 Թեմերու մէջ մեր թիւը հազիւ կը հասնի 130, 000ի, որուն կարեւոր մէկ մասը արեւելեան Անատօլուէն եկածներն են։
       Առանց պարտադրելու որ գնահատէք ապագայ պատասխանատուութենէ զերծ մնալու համար ձեր ծերունի Հայրապետին ըրած կարգադրութիւնը` համաձայն բազմաց փափաքին, յանձին Բաբգէն Սրբազանի, կոչ կ'ընեմ ձեր խղճին եւ ողջմտութեան, ազգային, եկեղեցական, կրթական, տնտեսական եւ ամուսնական կազմակերպութեան ոգւոյն, փրկել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապագայ վտանգներէ, նոյն իսկ բնաջընջումէ։
       Այս Ժողովին եւ Կաթողիկոսական Ձեռնադրութեան համար ընտրեցինք Հալէպի Քառասուն Մանկանց Ս. Եկեղեցին փոխանակ Անթիլիասի, նկատի առնելով Կաթողիկոսական Աթոռին աւանդութիւնները։ Գիտէք անշուշտ որ Հալէպի այս Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր Սիսի հաւասար Կաթողիկոսանիստ Եկեղեցի մը եղած է։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները յաճախ Հալէպ կու գային եւ այս տեղերէն կը կառավարէին Թեմերը։ Այս Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է երկու անգամ Կաթողիկոսական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում։ Այդ Մատուռը եղած է դամբարանը Կաթողիկոսաց։ Վերջապէս մենք ալ Մեռոնի Օրհնութիւն եւ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն կատարած ենք այս պատմական Սրբավարին մէջ։ Ասկէ զատ, Հալէպ իբրեւ վաղեմի Թեմն ու Վիճակը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իւր բնիկ եւ նոր Հայութեամբ, արժանի համարեցինք այս պատուին։
      
       Մաղթելով ձեզի աննախանձ սէր, աստուածային շնորհ, իբրեւ մղիչ ոյժ ձեզի ձեր բոլոր ազգօգուտ եւ շինիչ գործառնութեանց մէջ, բացուած կը հռչակեմ Պատկ. Ժողովդ, եւ կ'աղօթեմ սրտագին.
      
       -Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէ՛ր, եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա՛ մեզ։
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹՂ . ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       1931 Ապրիլ
       Հալէպ
      
       Կարճ դադարէ մը ետքը դիւանը ժողովին կողմէ կարդաց գահաճառին իբրեւ պատասխան հետեւեալ ճառը.
      
       Վեհափառ Տէր,
       Թեմական Ժողովը խորին ուշադրութեամբ ունկնդրեց Ձերդ Վեհափառութեան Բացման Խօսքը եւ անհուն խնդութեամբ կ'ողջունէ Ձերդ Ս. Օծութեան այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք կ'ապահովեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապագան եւ անոր թեմերու կազմակերպութեան խնդիրները։
       Մեծ պատերազմի հետեւանքով իր հայրենիքէն վտարեալ Հայութիւնը Հոգատար կառավարութեան եւ Սիւրիոյ ու Լիբանանի հիւրասէր կառավարութեանց եւ ժողովուրդին կողմէ սիրալիր ընդունելութիւն մը գտաւ եւ իր ճակտին քրտինքով սկսաւ ոռոգել Սիւրոյ եւ Լիբանանի արգաւանդ հողը եւ լծուիլ շինարար աշխատանքի։ Թեմական Ժողովս իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս առթիւ Հոգատար եւ Տեղական Կառավարութեանց եւ ժողովուրդին։
       Եկեղեցական-թեմական կազմակերպութիւնը նոր մղում մը ստացաւ Կիլիկիոյ եւ Երուսաղէմի թեմերուն երկուութեան բարձումով, որուն համար Թեմական Ժողովս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ինչպէս Ձերդ Վեհափառութեան նոյնպէս նաեւ Երուսաղէմի Պատ. Միաբանութեան, յարգանօք յիշելով Հանգուցեալ Տ. Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի ջանքերը այս ձեռնարկին յաջողութեան համար։
       Թեմական Ժողովս սրտաբուխ բերկրութեամբ կ'ողջունէ Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան հաստատուիլը Անթիլիասի մէջ, երկար տարիներու անորոշութենէն եւ թափառումներէն ետքը, որոնց միջոցին Ձեր հօտին ցաւերուն ցաւակից եւ ուրախութիւններուն մասնակից եղաք։ Թեմական Ժողովս երախտագիտութեամբ կ'արձանագրէ այն բոլոր օժանդակութիւնները, որ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար բերին զանազան Հաստատութիւններ եւ պատուական անձնաւորութիւններ, մանաւանդ Տիարք Կ. Մելգոնեան, Գարակէօզեան Եղբարք եւ Կիւլպէնկեան։ Թեմական Ժողովս մեծ հաճոյքով տեղեկացաւ Անթիլիասի մէջ Դպրատան մը հաստատուիլը, քանի որ ան պիտի լրացնէ կենսական պահանջ մը, պատրաստելով ուսեալ հոգեւորականներ եւ իրենց պաշտօնին բարձրութեան վրայ գտնուող ձեռնհաս ուսուցիչներ մեր ազգային վարժարաններուն համար։
       Եկեղեցական, Վարչական եւ Բարեկարգական տեսակէտներով անհրաժեշտութիւն մըն էր Գերագոյն Խորհուրդի մը հաստատութիւնը Անթիլիասի մէջ։ Թեմական Ժողովս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ձերդ Վեհափառութեան այն բոլոր ջանքերուն առթիւ, զորս թափած է իր յաջորդին ընտրութեամբը Կիլիկեան Աթոռին ապագան ապահովելու համար։
       Նկատի ունենալով որ ներկայիս ոեւէ արգելք չկայ ժողովրդական ընտրութիւններ կատարելու, ժողովս կը փափաքի ամենակարճ ժամանակի մը մէջ Սահմանադրական Ժողովներու կազմութեան ձեռնարկները բոլոր Թեմերու մէջ։ Այս կերպով միայն կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել Ազգ. Իշխանութեանց վարկն ու հեղինակութիւնը։ Դարձեալ նկատի ունենալով որ Թեմական Ժողովիս առաջարկուած օրակարգի լուրջ խնդիրները կարելի չէ լուծել քանի մը նիստերու մէջ , ժողովս պատշաճ եւ նպատակայարմար կը տեսնէ թեմերու սահմանադրական ժողովներու կազմութենէն անմիջապէս ետքը հրաւիրել լիակատար թեմական ժողով մը վերջնական լուծում եւ որոշում տալու համար առաջադրրուած խնդիրներուն. ինչպէս Կաթողիկոսական ընտրութեան Կանոնագրի եւ այլն։ Մինչ այն անհրաժեշտ է այժմէն կազմել մասնագիտական յանձնախումբեր ուսումնասիրելու համար զանազան կարեւոր խնդիրներ։
       Թեմական Ժողովս կը գնահատէ Տ. Բաբգէն Սրբազանի շուրջ քառասնամեայ եկեղեցական, կրթական, վարչական գործունէութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Կաթողիկոսարանի կազմութեան առթիւ թափած ջանքերուն համար, որոնց պսակաւորումը կը մաղթէ ի բոլոր սրտէ։ Ժողովս սիրով նկատի պիտի առնէ Ձերդ Վեհափառութեան առաջարկը Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի Կաթողիկոսական թեկնածութեան մասին։
      
       Դիւան Պատգամաւորական Ժողովի
       Ատենադպիրներ Ատենապետներ
       ԽՈՐԷՆ ԳԱԲԻԿԵԱՆ Գ . ԱԶԻՐԵԱՆ
       ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Յ . ԹՕՓՃԵԱՆ
      
       Հալէպ, 25 Ապրիլ 1931
      
       Յետոյ ժողովը անցաւ կաթողիկոսական ընտրութեան, քուէարկութեան սկսելէ առաջ Բաբգէն Արքեպս. ժողովէն մեկնեցաւ եւ Առաջնորդարան քաշուեցաւ, մնացեալ ժողովականք 35 անձեր նախագահութեամբ Նորին Ս. Օծութիւն Վեհ. Հայրապետին քուէարկութեան ձեռնարկեցին։
       Պատգամաւորներն էին.
       ՀԱԼԷՊ
       1. Արտաւազդ Եպս . Սիւրմէեան
       2. Ներսէս Ա. Քհնյ . Թավուգճեան
       3. Մկրտիչ Քհնյ . Մուրատեան
       4. Գրիգոր Ա. Քհնյ . Մինասեան
       5. Արմէն Մազլումեան
       6. Աբգար Մինասեան
       7. Գրիգոր Ազիրեան
       8. Խորէն Գաբիկեան
       9. Հապիպ Սիուֆի
       10. Յովհաննէս Նահաս
       11. Տօքթ. Յ. Տէր Ղազարեան
       12. Վահրամ Փափազեան
       13. Նազարէթ Ֆըստըգճեան
       ԼԻԲԱՆԱՆ
       14. Եղիշէ Արքեպս . Կարօեան
       15. Վահան Ա. Քհնյ . Դեղարարեան
       16. Դիոնէսիոս Քհնյ . Տրէզեան
       17. Տօքթ. Յ . Թոփճեան
       18. Արամ Շալվարճեան
       19. Յակոբ Տէր Մելքոնեան
       20. Միհրան Թուրիկեան
       21. Տաճատ Սրապեան
       22. Տիրան Պապիկեան
       ԴԱՄԱՍԿՈՍ
       23. Խադ. Եպս. Աջապահեան
       24. Տօքթ. Ն . Գարակէօզեան
       25. Նազարէթ Պիլէզիկճեան
       ԼԱԹԱՔԻԱ
       26. Եփրեմ Եպս. Տոհմունի
       27. Հրաչ Փափազեան
       28. Կարապետ Իզմիրլեան
       29. Մովսէս Տէր Գալուստեան
       30. Տօքթ. Ս . Սարգիսեան
       31. Խաչատուր Գարապաճագեան
      
       ԿԻՊՐՈՍ
       32. Պետրոս Արքեպս . Սարաճեան
       33. Յարութիւն Պէտէլեան
       34. Արամ Գէորգեան
      
       ԱՆԹԻԼԻԱՍ
       35. Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեան
      
       35 քուէարկուներու 34 քուէներով, գրեթէ միաձայնութեամբ Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Բաբգէն Արքեպս. Կիւլէսէրեան եւ պատգամաւորութեամբ մը Առաջնորդարանէն Եկեղեցի առաջնորդուեցաւ, ուր Սահակ Կաթողիկոս զինքն ընդունեց Պահպանիչով եւ համբոյրով մը, պատգամաւորները շնորհաւորեցին նորընտիրը, այդ միջոցին եկեղեցի եկաւ նաեւ Եգիպտոսի Առաջնորդ Թարգոմ Արքեպս. որ կարճ ուղերձով մը շնորհաւորեց։ Նորընտիր Աթոռակիցը Պատգամաւորական Ժողովին իր շնորհակալութիւններն յայտնեց, այն վստահութեան համար, որով պատուած էին զինքը, գրեթէ միաձայնութեամբ։ Յետոյ ժողովը փակուեցաւ։
       Ամենադժուարին գործը, ընտրութիւնը կատարուած էր սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մը մէջ եւ հետեւեալ օր Հալէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցին հանդիսավայրն էր Բաբգէն Արքեպս. Կիւլէսէրեանի Աթոռակից Կաթողիկոս օծման հոգեզմայլ արարողութեան։ Ապրիլ 26ի առաւօտուն, Ս. Պատարագի միջոցին մասնակցութեամբ վեց եպիսկոպոսներու եւ մէկ Կաթողիկոսի օծուեցաւ միւս Աթոռակից Կաթողիկոսն Բաբգէն ի ներկայութեան օտար հոգեւոր պետերու, պաշտօնական անձնաւորութեանց եւ հազարաւոր ժողովուրդի եւ երկու երեք օր վերջ պատգամաւորներն վերադարձան իրենց վայրերն ու զոյգ Կաթողիկոսներն, փառաւոր յուղարկով ճանապարհ ելան Հալէպէն եւ փառաւորագոյն ընդունելութեամբ մտան Պէյրութ եւ անտի եկան Անթիլիաս։
       Թէպէտ արդէն ծանօթ է նորապսակ Աթոռակից Կաթողիկոսը հանրութեան, սակայն կ'ուզենք իր կենսագրական համառօտ գծերն եւ իր գործերն պատկերացնել ի տեղեկութիւն ապագայ սերունդին։
       Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս ծնած է Այնթապ 1868 Մարտ 23ին եւ մկրտուած է Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն մէջ Մարտ 30ին, անուանուելով Յարութիւն։ Մանկութիւնը կ'անցնէ Այնթապի թաղական վարժարաններուն մէջ, ապա արհեստով կ'զբաղի։
       1885 Նոյեմբերին կը մտնէ Այնթապի Վարդանեան Կրթարանը Վահան Քիւրքճեանի տեսչութեան տակ։
       1888ի արձակուրդին կ'երթայ Երուսաղէմ, կը մտնէ Ժառանգաւորաց վարժարանը բայց միայն մէկ օր կը մնայ եւ չ'ուզեր շարունակել, կը վերադառնայ Այնթապ Վարդանեան Կրթարանը։
       1889ին կը մտնէ Արմաշու Դպրեվանքը։
       1890ին կը ձեռնադրուի դպիր, Դպրեվանքի Վերատեսուչ Օրմանեան Սրբազանէ։
       1892 Սեպտեմբեր 29ին կը ձեռնարդրուի Աւագ Սարկաւագ, Օրմանեան Սրբազանէն։
       1895 Յունիս 18ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, դարձեալ Օրմանեան Սրբազանէն։
       1896 Մայիս 26-ին, կ'ընդունի մասնաւոր վարդապետական գաւազանը իբր թէզ ներկայացուցած ըլլալով քննական ուսումնասիրութիւն մը Եղիշէի վրայ, որ 1898ին արժանացաւ Սահակ-Մեսրոպեան մրցանակին։
       1896 Սեպտ. 21-ին, ի Պոլիս Ենի գիւղի եկեղեցական քարոզիչ կը նշանակուի։
       Օրմանեանի Պատրիարքական ընտրութենէն ետք կը նշանակուի քարտուղար անձնական դիւանի եւ քարոզիչ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյն։
       1897 Մարտ 13ին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը նշանակուի «օգնական փոխանորդ կաթողիկոսական տեղապահութեան Կիլիկիոյ», բայց բանաւոր պատճառներով կը մերժէ այդ պաշտօնը եւ Կեդր. Վարչութիւնը «ինչ ինչ պարագայից առջեւ » փոխելով իր նախկին որոշումը 1897 Սեպտեմբեր 1ին կը կարգէ զինքը Առաջնորդական Տեղապահ Ճանիկի։
       1897 Սեպտեմբեր 21ին, Պոլսոյ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կ'օրհնուի Ծայրագոյն Վարդապետ` Օրմանեան Սրբազանէ։
       1899ի վերջերը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը զինքը կ'անուանէ «Տարօնոյ Ընդհ. Վանահայր եւ Առաջնորդական Տեղապահ », եւ այդ պաշտօնով Ճանիկի վիճակէն Մուշ կը փոխադրուի։
       1900ի վերջերը կը բանտարկուի ի Մուշ, երբ Տրապիզոնի Առաջնորդ ընտրուած էր Հոկտեմբերին, եւ ընդ հսկողութեամբ կը բերուի Պոլիս։
       1901 Փետր. 22ին, Տրապիզոնի Գաւառական Ժողովը կը կրկնէ իր ընտրութիւնը, բայց չ'արտօնուիր Տրապիզոն երթալ եւ կը մնայ Պոլիս, միշտ ընդ հսկողութեամբ, եւ զարմանալի հակասութեամբ կը տրուի իրեն Գ. րդ կարգի Մէճիտիէ շքանշան (Օգոստոսին)։
       1901ին մինչեւ Սեպտ. Բերայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քարոզիչ, ապա Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ միեւնոյն ատեն Մատենադարանապետ Ազգ. Մատենադարանի։
       1906 Մարտ 7ին, Առաջնորդ կ'ընտրուի Մարաշի, բայց չ'արտօնուիր հոն երթալ։
       1907ի վերջերը կը նշանակուի Փոխ-Վանահայր եւ Վերատեսուչ Արմաշու Դպրեվանուց։
       1909ին Գաղատիոյ Գաւառական Ժողովը զինքն Առաջնորդ կ'ընտրէ, որուն կը խոստանայ, եւ միեւնոյն ատենները Տիգրանակերտէն ալ առաջնորդ կ'ընտրուի, բայց որովհետեւ Գաղատիոյ խոստացած էր, վերջինը կը մերժէ եւ կ'երթայ Գաղատիա։
       1905-1906 «Լոյս » կրօնաթերթը կը հրատարակէ երկու տարիներ։ Ազգ. Մատենադարանը կը կարգաւորէ, ուսուցչութիւն կ'ընէ թաղային վարժարաններու, Պէրպէրեանի եւ Կեդրոնականի մէջ։
       1890էն ի վեր աշխատակցած է Արեւելք, Լումայ, Բիւզանդիոն, Բիւրակն, Մասիս, Ա. Մամուլ, Արարատ, Բանասէր, Հանդէս Ամսօրեայ թերթերու եւ հանդէսներու։
       1902ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, «հաւաստիացեալ զանձնանուէր վաստակոց եւ եռանդեան բանիւ եւ գրով » կը շնորհէ վարդապետական ականակուռ լանջախաչ կրելու իրաւունքը։
       1910ին Գաղատիոյ վիճակին վրար Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Իզմիրլեան Կաթողիկոսէ։
       1913ին իր հայրենիքը Այնթապ կ'այցելէ յետոյ կ'անցնի Եւրոպա ի դարմանումն հիւանդութեան եւ ապա կ'երթայ Ամերիկա, ուր բժշկական գործողութեան կ'ենթարկուի 1914 Հոկտ. 13ին եւ երիկամունքին մին կը հանուի։
      
       Ընդհանուր պատերազմի ժամանակ Ամերիկա կը գտնուի, «Տաւրոս » թերթը կը հանէ Ա. Նազարի հետ 1918ի սկիզբը, Շահէ Վարժապետի հետ կ'աշխատի, կը քարոզէ, կը գործէ, ամենուն համար, Բարեգործականի համար, երբեք հանգիստ չ'ըներ եւ երբ զինադադարը կը կնքուի եւ Դուրեան Եղիշէ Սրբազան Երուսաղէմի Պատրիարք կ'ընտրուի, Բաբգէն Եպս. կը հրաւիրուի իբրեւ ուսուցիչ Ժառ. Վարդարանի եւ Կիւլպէնկեան դասարանի, որուն հինգ տարուան ծախքը բարեյիշատակ Պատրիկ Կիւլպէնկեան ստանձնած էր, Բաբգէն Եպիսկոպոսի ջանքերովը։ Իր ջանքերով Ամերիկայի Եպիսկոպոսական եկեղեցին Երուսաղէմի Ընծայարանին համար իբրեւ ուսուցիչ կը տրամադրէ բարեմոյն հոգեւորական մը` Հ. Պրիճմէն։
       1922 Հոկտ. 29ին կը հասնի Երուսաղէմ ուր ձեռագիրներու ուսումնասիրութիւնով կը պարապի, կ'այցելէ Սիւրիա եւ գաղթականներու թշուառութենէն չափազանց կ'ազդուի ու այդ մասին տեղեկագիրներ կը ներկայացնէ Սահակ Կաթողիկոսին, Դուրեան Պատրիարքին եւ Ազգ. Պատուիրակութեան։ 1925 Օգոստոս 23ին կը մեկնի Եւրոպա ի դարմանումն եւ Հոկտ. 15ին կը վերադառնայ եւ կը սկսի գործի իբրեւ ուսուցիչ Ժառ. Վարդարանի եւ Կիւլպէնկեան դասարանի, հինգ տարուան համար դասախօսելու խօսք տալով բարերար Պատրիկ Կիւլպէնկեանի։
       Կան մարդիկ որ չեն սիրեր պարապ ժամանակ անցընել եւ եթէ գործ չունենան գործ կը ստեղծեն։ Բաբգէն Եպիսկոպոս 60 տարիներէ ի վեր դադրած հին Սիօնին ծնունդ կուտայ եւ 1927 Յունվար 1էն սկսեալ Սիոն կը սկսի հրատարակուիլ իր խմբագրապետութեամբ, համաձայն 1926 Նոյմ. 20 թուակիր պաշտօնագրին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի. կ'արժէ այդ պաշտօնագրէն մաս մը արտատպել։
       Գերաշնորհ
      
       Տ. Բաբգէն Ս. Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան եւն. եւն.
       Ուրախ եմ յայտնելու որ Մեր եւ միաբանութեանս բաղձանքին համաձայն, որ արձագանգն է ընթերցասէր հայ հասարակութեան լուրջ խնդրանքին, Ս. Աթոռոյս Տնօրէն ժողովը հուսկ ուրեմն որոշեց ձեռնարկել Սիոնի վերստին հրատարակութեանը, յառաջիկայ 1927 տարիէն սկսելով եւ առ այդ կազմուած Խմբագրական Մարմինը միաձայն հաւանութեամբ Ձեր Սրբազան Եղբայրութեան յանձնեց Խմբագրապետի կարեւոր պաշտօնը։ Ձեր խղճամիտ ուսումնասիրողի երկերը, Ձեր հրապարակագրական կիրթ փորձառութիւնը ԼՈՅՍով եւ ՏԱՒՐՈՍով, եւ Ձեր յայտնի նախանձաւորութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հարազատ վարդապետութեանց եւ աւանդութիւններուն հանդէպ, ինքնին կ'արդարացնեն այդ անվերապահ վստահութիւնը□
       Մաղթելով Ձեզ կարողութիւն եւ յաջողութիւն ՍԻՈՆԻի
       Մնամք Աղօթարար
       ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊՍ . ԴՈՒՐԵԱՆ
       Պ . Ե.
       20 Նոյմ. 1926
       ի վանս Ս. Յակոբեանց Երուսաղէմ։
      
       Բաբգէն Եպիսկոպոս 1925 Հոկտեմբեր 15էն սկսեալ կը շարունակէ իր ուսուցչական պաշտօնը Երուսաղէմի Ս. Յակովբեանց վանուց ընծայարանին մէջ, իսկ 1927 Յունուար 1ին «Սիոն»ի խմբագրապետութիւնը կը ստանձնէ եւ երկու պաշտօնները կատարեալ ձեռնահասութեամբ եւ արդիւնաւոր կերպով կը շարունակէ մինչեւ 1930 Յունիսի վերջը։ Եւ որովհետեւ 1928ին, Սահակ Կաթողիկոսի առաջարկութեամբ ընդունած էր Աթոռակցի պաշտօնը, ուստի Յուլիսի սկիզբը Երուսաղէմէն կը մեկնի Եւրոպա դարմանումի համար եւ գրեթէ մէկուկէս ամիս վերջ Եւրոպայէն կը վերադառնայ Անթիլիաս, կը ձեռնարկէ Կաթողիկոսարանի վերակազմութեան, կը բանայ Դպրեվանքը աջակցութեամբ եւ վերատեսչութեամբ Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանի, որ այդ նպատակով եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի մէջ Նիյր Իսթ Ֆաունտէյշնի, Կիւլպէնկեան բարեհամբաւ տան եւ Գարակէօզեան պատուական հարազատներու` նոր բացուելիք Դպրեվանքի համար նիւթական օգնութիւններն ապահովելով Անթիլիաս հասած էր Բաբգէն Եպիսկոպոսէն քիչ առաջ։ Դպրեվանքը կը բացուի, ուսուցչական կազմը կ'ամբողջացուի եւ 1930 Հոկտ. 13ին կը սկսին դասաւանդութիւնք 37 աշակերտներով։
       Բաբգէն Եպիսկոպոս եւ Շահէ Ծ. Վարդապետ, հոգիի, մտքի եւ սրտի նուիրուած մշակներ լծուեցան գործի, իրենց ամբողջ կարողութիւնը տրամադրելով Կաթողիկոսարանի վերակազմութեան եւ Դպրեվանքի զարգացման, երբեմնի ամայի այս վայրը` ոգեւորուած, դպրոցականներով լեցուած, եռուզեռ մը կար ամէն կողմ։ Հետզհետէ Կաթողիկոսարանը կը զարգանար, փոքրիկ տպարան մը կը հաստատուէր, Մատենադարանի գրքերու համար կոչ կ'ուղղուէր գրասէր ազգայիններու, 1931 Մարտ 26-ին Բաբգէն Եպիսկոպոս` Վեհափառ Սահակ Հայրապետի կոնդակով Արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսով կը պատուուէր , իսկ Ապրիլ 26ին աթոռակից Կաթողիկոս կ'օծուէր եւ սակայն դարձեալ իբրեւ պարզ ուսուցիչ մը կը շարունակէր Դպրեվանքի դասերը, հոգիներ, մտքեր ու սրտեր դարբնելով, միշտ աջակից եւ գործակից ունենալով Դպրեվանքի Վերատեսուչ Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանը, զոր նորապսակ Աթոռակից Կաթողիկոսը Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր Կաթողիկոսարանին մէջ, խարտավիլակութեամբ Թորգոմ Ս. Արքեպիսկոպոսի, որ ուսուցիչն եղած էր Շահէ Սրբազանի Արմաշի մէջ։ 1932 Յունուար 1ին Կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ «Հասկ»ը կը հրատարակուի խմբագրապետութեամբ Բաբգէն Կաթողիկոսի, որ անխոնջ կ'աշխատի, կը դասախօսէ, կը գրէ, կը քարոզէ իբրեւ Կաթողիկոս թեմական այցելութիւններ կուտայ Հալէպի Թեմին, Դամասկոսի Թեմին եւ Անտիոքի նորակազմ Թեմին, նաեւ Կիպրոսի Թեմին։
       1932 Յունիսի վերջը Դպրեվանքը իր նախախայրիքը կուտար, շրջանաւարտ ընելով իր մասնաւոր ուսանողներու դասարանէն վեց երիտասարդներ, որոնք Դպրեվանք գալէ առաջ Ազգ. վարժարաններու ընթացքը աւարտած, ոմանք ուսուցչական համառօտ ծառայութեան նուիրուած եւ երկու տարիէ ի վեր աշակերտած էին Դպրեվանքի, Բաբգէնի եւ Շահէի շունչով թրծուելու եւ իրենց տոհմային մշակոյթը զարգացնելու համար եւ ահա երկու տարի վերջ Մասնաւոր Ուսանողներու դասարանի ընթացքը աւարտելով ազգին, եկեղեցւոյն եւ դպրոցին ծառայելու առաջադրութեամբ կը մեկնէին։ Սա Դպրեվանքի առաջին պտուղն էր, արդիւնք Բաբգէն Կաթողիկոսի, Վերատեսուչ Շահէ Եպիսկոպոսի, Ներքին Տեսուչ Պ. Բիւզանդ Եղիայեանի եւ ուսուցչական մարմնոյն անխոնջ ջանքերուն։
       1932 Հոկտ. 1ին սկսաւ Դպրեվանքի երրորդ տարեշրջանը, ուսուցչական նոյն կազմով, 40 աշակերտներով։ Դեկտ. 7ին Բաբգէն Կաթողիկոս Պէյրութէն մեկնեցաւ դէպի Աղեքսանդրիա, ֆրանսական Լամարթին շոգենաւով։ Վեհափառի ուղեւորութեան նպատակն էր Կաթողիկոսարանիս Բարերար Աղա Կարապետ Մելգոնեանին կենդանի խօսքով յայտնել երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն։ Բաբգէն Կաթողիկոս Եգիպտոսէն վերադարձին հանդիպեցաւ նաեւ Երուսաղէմ, Դեկտ. 27ին եւ արժանացաւ փառաւոր եւ սիրազեղ ընդունելութեան։ Հանդիսաւոր ուխտագնացութիւններ կատարեց ի Ս. Գլխադիր, Ս. Յարութիւն եւ Բեթղեհէմ։ Այցելեց նաեւ Ժառ. Վարժարան։ Ն. Վեհափառութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս 1933 Յունուար 4ին։
      
       1933 Յունիս 18ին տեղի կ'ունենայ Ծերունազարդ Հայրապետին` Սահակ Բ. ի կաթողիկոսական երեսնամեայ Յոբելեանը եւ նոյն օր Լիբանանի Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահը անձամբ Կաթողիկոսարան գալով կը շնորհաւորէ Ծերունազարդ Ս . Յոբելեարը եւ կուրծքը կը կախէ այս առթիւ Լիբանանի Ա. կարգի արժանեաց շքանշանը, 1934 տարւոյ Սեպտեմբերին միեւնոյն արժանեաց շքանշանը կուտայ Վեհ. Հայրապետին Սիւրիոյ Վսեմ. Նախագահը։
       1933 Յունիս 27ին, Շահէ Սրբազան կը մեկնի Ամերիկա թէ իր ծնողաց այցելութիւն տալու եւ թէ Դպրեվանքի նիւթականին համար նոր դիմումներ կատարելու եւ կը վերադառնայ Սեպտ. 26ին ու Հոկտ. 1ին կը սկսի Դպրեվանքի չորրորդ տարեշրջանը։
       1933ին զոյգ Կաթողիկոսներ, Սահակ եւ Բաբգէն Նոյեմբերին Հալէպ կ'երթան նորաշէն Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման եւ այս առթիւ Սահակ Կաթողիկոս արքութեան տիտղոս կը շնորհէ Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբազանի։
       Դպրեվանքի 1933-34ի դասընթացքը շարունակուեցաւ նոյն ուսուցչական կազմով։ 1934 Յուլիս 1ին Վերատեսուչ Շահէ Սրբազան Ամերիկա կը մեկնի յայցելութիւն իրեններուն եւ կը վերադառնայ 1934 Հոկտ. 18ին եւ կը սկսի Դպրեվանքի հինգերորդ տարեշրջանը։