Ազգային
մեծ
բարերար
եւ
Կաթողիկոսարանիս
բարեկամ
եւ
բարերար
աղա
Կարապետ
Մելգոնեանի
մահուան
եւ
թաղման
եւ
փառահեղ
յուղարկաւորութեան
մասին
փափաքեցանք
յիշատակութիւն
մը
թողուլ
պատմութեանս
մէջ,
որուն
իրաւամբ
արժանի
է
հանգուցեալ
բարերարը
իր
եւ
իր
եղբօր
աննախընթաց
իշխանական
նուիրատուութեամբ,
որով
ոչ
միայն
ի
Կիպրոս
կանգնեց
կրթական
հոյակապ
Հաստատութիւն
մը,
անոր
ապագան
նիւթապէս
լիուլի
ապահովելով,
այլ
նաեւ
Հայաստանի
Համալսարանին
տարեկան
3000
անգլ.
ոսկի
յատկացուց,
Երուսաղէմի
վանքին
տարեկան
1000
անգլ.
ոսկի,
Կ.
Պոլսոյ
Պատրիարքարանին
տարեկան
1000
անգլ.
ոսկի
եւ
ի
վերջոյ
Անթիլիասի
Կաթողիկոսարանին,
իր
սննդադրամէն
տարեկան
1000անգլ.
ոսկի
յատկացուց,
որ
Կաթողիկոսարանիս
միակ
հաստատուն
եկամուտն
է,
որով
Կիպրոս,
Երուսաղէմ,
Կ.
Պոլիս,
Երեւան,
Անթիլիաս
շնորպապարտ
են
Մելգոնեան
բարեգործութեան։
Համապատասխան
Մելգոնեան
հարազատներու
բարերարութեան
մեծութեան
հայ
ժողովուրդը,
իր
կաթողիկոսներով
եւ
պատրիարքով
յորդ
զգացումներու
լայնածաւալ
արտայայտութեամբ
պանծացուց
իրենց
յիշատակը։
Աղա
Կարապետ
Մելգոնեան
վախճանեցաւ
1934
Յուլիս
23ին
Աղեքսանդրիոյ
մէջ
եւ
25ին
փառաւոր
յուղարկաւորութիւն
մը
տեղի
ունեցաւ
նախագահութեամբ
Երուսաղէմի
Պատրիարք
Ամեն .
Տ.
Թորգոմ
Սրբազանի
որ
ինքնաբերաբար
Երուսաղէմէն
փութացած
էր
Աղեքսանդրիա
միմիայն
աղա
Կարապետի
յուղարկաւորութեան
ներկայ
գտնուելու
եւ
այդու
հայ
ժողովուրդին
զգացումները,
գնահատանքը
եւ
Երուսաղէմի
Պատրիարքութեան
յարգանքը
արտայայտելու
հանդէպ
Մելգոնեան
բարերարութեան։
Հ.
Բ.
Ը.
Միութիւնը,
Մելգոնեան
բարերարութեան
օրինաւոր
տէրն
ու
գործադրողը,
կազմակերպեց
շքեղ
յուղարկաւորութիւն
թէ
'
Եգիպտոս
եւ
թէ՛
Կիպրոս։
Երբ
առողջապահական
տեսչութեան
հետ
դիակը
Կիպրոս
փոխադրելու
ձեւակերպութիւնները
լմնցան,
հանգուցեալին
դագաղը
Պուլաք
շոգենաւով
Աղեքսանդրիայէն
հասաւ
Ֆամակուսթա,
Օգոստոս
16,
Եշ.
երեկոյ
եւ
տարուեցաւ
Նիկոսիա,
ուր
Ազգ.
Գերեզմանատան
մատրան
մէջ
տեղաւորուեցաւ,
իսկ
թաղման
կարգը
կատարուեցաւ
Օգոստ.
19ին,
Կիրակի
օր,
նախագահութեամբ
Ծերունազարդ
Սահակ
Կաթողիկոսի
որ
արդէն
օդափոխութեան
համար
Ս.
Մակարայ
վանքը
կը
գտնուէր
եւ
հանդիսապետութեամբ
Բաբգէն
Աթոռակից
Կաթողիկոսի ,
որ
Օգոստոս
16ին
Պէյրութէն
Լառնագա
կը
հասնէր,
աղա
Կարապետի
յուղարկաւորութեան
ներկայ
գտնուելու
համար։
Առաւօտուն
պատարագեց
եւ
դամբանական
խօսեցաւ
Կիպրոսի
Առաջնորդ
Պետրոս
Արքեպս.
Սարաճեան,
կէսօրէն
վերջ
յուղարկաւորութիւնը
կատարուեցաւ,
որ
ատեն
Բաբգէն
Կաթողիկոս
դամբանական
մը
խօսեցաւ
ի
ներկայութեան
խուռն
բազմութեան
ամէն
ազգէ,
Հայ,
Անգլիացի,
Թիւրք,
Յոյն,
եւ
Յոյն
Արքեպիսկոպոսութեան
ներկայացուցիչ
հոգեւորականներու,
կառավարութեան
պաշտօնեաներուն,
եւ
այլն։
Ապա
յուղարկաւորութեան
թափօրը
կազմուեցաւ
դէպի
Մելգոնեան
Հաստատութիւն,
երկու
քիլոմէթր
հեռաւորութեամբ,
վերջապէս
մէկ
ժամէն
թափօրը
հասաւ
Մելգոնեան
Հաստատութիւն
եւ
երկու
փառաւոր
դպրոցներու
միջեւ
բացուած
գերեզմանին
մէջ
տեղաւորեցին
դագաղը
ի
ներկայութեան
երկու
Կաթողիկոսներու,
որ
նոյն
իրիկունը
վերադարձան
Ս.
Մակարայ
Վանքը։
1935
Յունուար
13ին
միեւնոյն
փառաւոր
յուղարկաւորութեամբ
աղա
Կարապետ
Մելգոնեանի
հարազատին
Գրիգոր
Մելգոնեանի
աճիւններն
Աղեքսանդրիայէն
Կիպրոս
փոխադրուեցան
եւ
մի
եւ
նոյն
տեղւոյն
մէջ
երկու
եղբայրներ
քով
քովի
հանգստացան
իրենց
նուիրատւութեամբ
կանգնուած
ձեռակերտի
հովանիին
ներքեւ։
1934
Հոկտ.
15ին
Դպրեվանքի
հինգերորդ
տարեշրջանը
կը
սկսէր,
որով
կը
վերջանար
հնգամեայ
շրջանը,
ուսուցչական
կազմը
նոյնն
է ,
Վերատեսուչը
նոյնն
է,
Շահէ
Եպս.
Գասպարեան
որ
1935
Յունուար
6ին
Սահակ
Ս.
Կաթողիկոսի
կոնդակով
Արքութեան
տիտղոսով
կը
պատուուի։
1935
Ապրիլ
15ին
Վեհ.
Սահակ
Հայրապետ
Երուսաղէմ
կ'երթայ
ուխտով,
ուր
շքեղ
ընդունելութիւն
մը
կ'ըլլայ
Նորին
Ս .
Օծութեան
որ
բոլոր
սուրբ
տեղերը
շրջելէ,
աղօթելէ
վերջ
գոհ
սրտով
Մայիս
7ին
կը
վերադառնայ
Անթիլիաս։
1935
Մայիս
19,
Կիրակի
օր
հանդիսաւոր
պատարագ,
պատարագիչն
է
Դպրեվանքի
Վերատեսուչ
Շահէ
Արքեպս .,
որ
ի
ժամ
Ս.
Պատարագի
իր
հինգ
տարուան
աշխատութեան
պտուղներն
պիտի
ձեռնադրէր,
նախ
17
աշակերտներ
կիսասարկաւագ
ձեռնադրեց,
յետոյ
եօթը
կիսասարկաւագներ,
որ
որոշում
տուած
էին
կուսակրօնութեան
նուիրուիլ,
ձեռնադրուեցան
Աւագ-Սարկաւագ,
յետ
Ս.
Պատարագի
Շահէ
Սրբազան
նորընծաները
ներկայացուց
Ալեփառ
Հայրապետին
որ
օրհնեց
զանոնք
եւ
խրատական
մը
խօսեցաւ։
Ամէն
ոք
ուրախ
էր,
որովհետեւ
Կիլիկիոյ
աղէտէն
ի
վեր
առաջին
սարկաւագներն
էին
որ
կը
ձեռնադրուէին։
Հնգամեայ
անաղմուկ
եւ
անխոնջ
աշխատութեանց
շրջան
մը
բոլորուեցաւ
Անթիլիասի
Կաթողիկոսարանին
մէջ։
Այդ
աշխատութեանց
արդիւնքներն
էին
որ
պաշտօնապէս
կ'ընծայուէին
հայ
ժողովուրդին։
1935
Յունիս
15
եւ
16,
յիշատակելի
օրեր
եղան
Կաթողիկոսարանի
համար։
Յուլիս
15,
կէսօրէ
վերջ
քահանայութեան
կոչումը
կատարուեցաւ
անդրանիկ
զոյգ
աբեղաներու
Շահէ
Սրբազան
Արք
եպս.
ի
նախագահութեամբ,
իսկ
հետեւեալ
օր,
Յունիս
16ին
զոյգ
ընծայացուները
Սիմոն
Փայասլեան
եւ
Հայկ
Բոլատեան
ձեռնադրուեցան
կուսակրօն
քահանայ,
կոչուելով
Զարեհ
Աբեղայ
Եւ
Դերենիկ
Աբեղայ,
նոյն
իրիկունն
ալ
վեղարի
օրհնութիւն
տեղի
ունեցաւ։
Իսկ
Ս.
Պատարագէն
վերջ
Դպրեվանքի
16
շրջանաւարտներուն
վկայականի
բաշխման
հանդէսը
տեղի
ունեցաւ
եւ
եթէ
այդ
օր
հոգեւոր
ուրախութիւնը
եւ
շրջանաւարտներու
վկայականաց
բաշխման
հանդէսը
մթագնող
պարագայ
մը
կար,
այն
ալ
Աթոռակից
Բաբգէն
Կաթողիկոսի
բացակայութիւնն
էր
որ
հիւանդ
կը
պառկէր
Պրումմանայի
Անգլիական
հիւանդանոցին
մէջ
եւ
այդ
իսկ
պատճառաւ
չկարողացաւ
կարդալ
բացման
խօսքը
վկայականաց
բաշխման
հանդէսին
առթիւ
եւ
փոխանորդաբար
Կիպրոսի
Առաջնորդ
Սրբազանը
կարդաց,
որ
հետեւեալն
է.
-
«1914ի
աշխարհաւեր
պատերազմին
հետեւանքով
Թիւրքիոյ
մէջ
Հայութեան
ջախջախումէն
յետոյ,
երբ
Կիլիկիոյ
հայերը
ապաստան
գտան
այս
ասպնջական
երկրին
մէջ,
զո՜ւրկ
իրենց
ընկերային,
հանրային
եւ
ազգային
գոյութիւնը
արտայայտող
հաստատութիւններէն,
Հայաստանեայց
Եկեղեցին
էր
միայն
որ
իր
գլուխը
ունենալով
Ծերունազարդ
վշտակիր
Վեհ.
Սահակ
Կաթողիկոսը,
իր
ուժաթափ
թեւերուն
ներքեւ
հովանաւորեց
իր
տարագիր
եւ
իրաւազուրկ
ժողովուրդը,
եւ
ձեռնարկեց
վերակազմել
անոր
ընկերային
եւ
ազգային
կենաքը։
Կաթողիկոսական
Աթոռին
հաստատումը
հո՛ս
Անթիլիասի
մէջ,
եւ
Դպրեվանքին
բացումը
ուղղակի
Կաթողիկոսարանի
աչքին
տակ,
առաջին
գործնական
ձեռնարկն
եղաւ
ի
նպաստ
մեր
ժողովուրդին
ընկերային
եւ
ազգային
կեանքին
վերակազմութեան
Մեծն
Սիւրիոյ
մէջ։
Դպրեվանքի
մէջ
դասերը
սկսան
1930
Հոկտ.
13,
Բշ.
առտու։
Եւ
այսօր
հինգ
տարի
յետոյ,
այդ
աշխատութեանց
պսակումը
հանդիսապէս
հռչակելու
համար
է
որ
հաւաքուած
ենք
այստեղ։
Հինգ
տարուան
մտաւոր
աշխատանքի
մը
համարատուութիւնն
է
նաեւ
այս
հանդէսը։
Դպրեվանքը
բացուեցաւ
մեր
տարագիր
ժողովուրդի
եկեղեցիներուն
եւ
դպրոցներուն
հոգեւոր
եւ
կրթական
մշակներ
պատրաստելու
համար։
Դպրեվանքի
Սրբազան
Վերատեսուչը
կը
խօսի
ձեզի
իրեն
աշխատութեամբ
եւ
հսկողութեամբ
հասունցած
ձեռնարկի
մասին։
Իսկ
ես
կ'ուզեմ
վեր
հանել
սա
կէտը
թէ
մարդոց
այլազան
զբաղումներուն
մէջ
ամէնէն
ազնուականը
եւ
ամէնէն
կենսականն
է,
ըստ
իս,
երիտասարդներու
մտաւորական
կեանքին
կերտումը`
անոնց
ֆիզիքականին
հետ.
այսինքն
երիտասարդը
պատրաստել
ուղեղով
եւ
նկարագրով ,
շա՜տ
փափուկ
եւ
նոյն
ատեն
շա՜տ
հաճելի
աշխատանք
մըն
է։
Անտիական
պատանիներ,
անորոշ
երազներով
եւ
երերուն
բերմունքներով
ոգեւորուած,
պէտք
է
որ
կազմաւորուին
դպրոցի
մէջ
եւ
բիւրեղանան,
ուրիշ
խօսքով`
պէտք
է
որ
կաղապար
եւ
ձեւ
առնեն
`
նետուելու
համար
կեանքի
պատերազմին
մէջ։
Դպրոցին
պարտականութիւնն
է
ի
գործ
դնել
այդ
փափուկ
աշխատանքը։
Մանուկը
պատանի
կ'ըլլայ,
պատանին`
Երիտասարդ,
զգալով
իր
ներսը
իր
ֆիզիքական
աճումին
բոլոր
եղանակաւորումներն
ու
փոփոխութիւնները։
Հսկել
որ
այս
աճումը
առողջ
ըլլայ
եւ
մաքուր,
դաստիարակութեան
կեդրոնական
խնդիրն
է։
Վասն
զի
նկարագիրն
է
որ
պիտի
կերտուի
այս
ֆիզիքական
աճումի
ընթացքին։
Իսկ
ուղեղը,
որ
հետզհետէ
կ'աճի,
կը
զօրանայ,
կը
զարգանայ
բնախօսօրէն,
պէտք
է
որ
մշակուի
եւ
ըլլայ
գանձարանը
հմտութեան։
Հայ
Եկեղեցին
եւ
Հայ
Դպրոցը`
մարմնով
առողջ
եւ
մաքուր,
եւ
զարգացուն
ուղեղով
գործիչներու
եւ
մշակներու
պէտք
ունէր,
եւ
միշտ
ունի,
եւ
մեր
Դպրեվանքը
այս
հինգ
տարիներու
ընթացքին,
ինչպէս
որ
կանխեցի
ըսել,
հնարաւորութեան
բոլոր
պայմաներուն
մէջ
յառաջ
տարաւ
այդ
փափուկ
եւ
հաճելի
աշխատանքը,
որուն
արդիւնքն
է
որ
պաշտօնապէս
կը
ներկայացուի
այսօր
մեր
Հայ
ժողովուրդին`
անոր
պաշտօնական
ներկայացուցիչներուն
առջեւ։
Այս
արդիւնքը,
վստահ
ենք
որ
անդրագոյն
տարիներու
ընթացքին,
գործնական
կեանքի
եւ
կենցաղի
ելեւէջին
մէջ ,
միշտ
ուսանելով
եւ
փորձառութեան
շինած
իմաստութեամբ,
աւելի
եւս
պիտի
հասուննայ,
եւ
Դպրեվանքի
մթնոլորտին
մէջ
կերտուած
նկարագիրներ
եւ
զարգացած
ուղեղներ`
իրենց
նախանձելի
ծառայութեամբը
պիտի
արդարացնեն
եղած
բարոյական
եւ
նիւթական
զոհողութիւնները,
եւ
պիտի
արժեցնեն
զանոնք
իրենց
ծառայութեամբը
մեր
ժողովուրդի
ծոցին
մէջ,
Եկեղեցւոյ
եւ
Դպրոցի
միջոցաւ։
Բացման
այս
քանի
մը
խօսքերը
վերջացնելու
համար
պարտք
կը
զգամ
Կաթողիկոսարանիս
շնորհապարտ
զգացումները
յայտնել
բոլոր
անոնց,
որք
իրենց
հնչուն
նպաստով
եւ
բարոյական
քաջալերանքով
օգնեցին
Դպրեվանքին
յաջողութեան,
Ամերիկայէն
մինչեւ
Էջմիածին ,
Եւրոպայէն
մինչեւ
Ծայրագոյն
Արեւելք,
Եգիպտոսէն
մինչեւ
հոս։
Շնորհակալութի՜ւն
Դպրեվանքի
Վերատեսուչ
Գեր.
Շահէ
Սրբազանին,
որ
իր
ուսուցչաց
պատուական
կաճառով,
անխոնջ
աշխատանք
թափեց
եւ
թանկագին
ծառայութիւն
ըրաւ
արդիւնաւորելու
համար
այս
հինգամեայ
ուսումնական
շրջանը։
Շնորհակալութի՜ւն
մեր
սիրելի
Հայ
Ժողովուրդին,
որ
հեռուէն
եւ
մօտէն
իր
համակրանքովն
ու
հաւատարմութեամբը
դիտեց
Կաթողիկոսարանիս
գիրկը
ծաղկող
Կրթական
այս
Հաստատութիւնը։
Շնորհակալութի՜ւն
մեր
Գեր.
Սրբազաններուն
եւ
Ձեզի
մեծայարգ
հանդիսականներ,
որ
կը
ներկայացնէք
մեր
ժողովուրդը
այստեղ,
եւ
Ձեր
սիրով
եւ
անկեղծ
հետաքրքրութեամբ
կ'ոգեւորէք
Դպրեվանքիս
առաջին
շրջանին
ամավերջի
եւ
վկայաբաշխումի
այս
հանդէսը»։
Շահէ
Արքեպս.
Գասպարեան,
հինգ
տարուան
համար
պայմանաւորուած
էր
Դպրեվանքի
վերատեսչութեան
պաշտօնին,
1930-1935
ցվերջ
Յունիսի,
որ
ատեն
իր
հինգամեայ
անխոնջ
աշխատութեան
նախախայրիքը
նուիրեց
Ազգին,
զոյգ
մը
աբեղաներ,
երեք
սարկաւագներ
եւ
տասնեակ
մըն
ալ
կիսասարկաւագներ,
որոնք
մի
մի
ուսուցչական
պաշտօն
ստանձնեցին
ի
Սիւրիա
եւ
ի
Լիբանան։
Պէտք
է
ըսել
որ
Շահէ
Սրբազան
երբ
առաջին
անգամ
Ամերիկայէն
եկաւ,
թէպէտ
մազերը
ճերմկած
բայց
առոյգ,
քաջառողջ
եւ
զօրաւոր
էր
եւ
այս
հինգ
տարուան
մէջ
չափազանց
տկարացաւ,
քանիցս
ստիպուեցաւ
հիւանդանոց
մտնել,
վերջապէս
չկրցաւ
իր
նախկին
առողջութիւնը
վերագտնել,
ուստի
առ
այժմ
բաւ
համարեց
Դպրեվանքի
ծառայութիւնը
եւ
Ամերիկա
երթալու
նպատակաւ
մեկնեցաւ,
անմոռանալի
յիշատակներ
թողլով
ի
Սիւրիա
եւ
ի
Լիբանան
եւ
մանաւանդ
Կաթողիկոսարանիս
շրջանակին
մէջ
եւ
1935
Յուլիս
30ին
մեկնեցաւ
դէպի
Թրիէսթ։
Շահէ
Սրբազանի
մեկնումէն
վերջ
նոր
շրջան
մը
կը
սկսի
այս
տարի
1935-1936։
Նախորդ
հինգ
տարիներու
աշխատանքը
հաստատուն
ուղղութիւն
մը
տուաւ
Դպրեվանքին
եւ
այդ
ընթացքով
պիտի
շարունակուի
գործը,
թէպէտ
նիւթական
եւ
ուսումնական
տարբեր
պայմաններու
մէջ
քան
նախկինը։
Անցեալ
շրջանին
աշակերտաց
թիւն
էր
40,
մինչ
նոր
շրջանին
թիւը
կը
կիսուի,
հետեւանք
նիւթականի
պակասին.
նախորդ
շրջանին
Դպրեվանքի
նպատակն
էր
Հայ
Եկեղեցւոյ
համար
հոգեւոր
պաշտօնեաներ
եւ
Հայ
դպրոցին
համար
ուսուցիչներ
պատրաստել,
մինչդեռ
նոր
շրջանին
նպատակն
է
միայն
հոգեւորականներ
հասցնել
Հայ
Եկեղեցւոյ
համար
եւ
ըստ
այնմ
ալ
կը
սահմանափակուին
մանկավարժական
ուսումներն
եւ
կ'ընդարձակուին
կրօնական
ուսումներն
եւ
մեկնող
Վերատեսչին
տեղ
պաշտօնի
կը
կոչուի
Երուսաղէմի
Ս.
Յակովբեանց
Միաբանութենէն
Հոգեշնորհ
Տ.
Նորայր
Վրդ.
Պողարեան
որ
շրջանաւարտ
է
Երուսաղէմի
Ժառանգաւորաց
վարժարանէն
եւ
յետոյ
երկու
տարի
հետեւած
է
յԱնգլիա
Մըրֆիլտի
եւ
Քինկզ
Գոլէճի
աստուածաբանական
դասերուն։
Բաբգէն
Կաթողիկոս,
ինչպէս
անցեալին
մէջ
այս
տարի
եւս
ստանձնած
է
դասեր,
Նորընծաներու,
Աւագ
Սարկաւագներու
եւ
Կիսասարկաւագներու,
ուսուցչական
կազմը
քիչ
փոփոխութեամբ
գրեթէ
նոյնն
է։
Հոկտ.
21ին
կը
սկսին
Դպրեվանքի
դասերը,
նոյնպէս
Մանկապարտէզ-Նախակրթարանն
ալ
Հ.
Բ.
Ը.
Միութեան
նպաստով
կը
շարունակուի
Կաթողիկոսարանիս
շրջափակին
մէջ։
Շահէ
Սրբազան
թէեւ
մեկնած,
սակայն
իւր
նամակներն
ու
քարթերը
հետզհետէ
կը
հասնին
Գերմանիայէն,
ուր
բաւական
մնաց,
Փարիզէն,
ուր
պատարագեց,
քարոզեց,
բանախօսութիւն
մը
ըրաւ
Նուպարեան
Մատենադարանին
մէջ,
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
եւ
Սիւրիոյ
հայութեան
մասին,
մասնակցեցաւ
Բարեգործականի
Կեդրոնական
Վարչութեան
նիստերուն
եւ
վերջապէս
Հոկտ.
7,
շաբաթ
օր
կէսօրէն
վերջ
մեկնեցաւ
Փարիզէն`
Պերլին-Վարշաւ
-Մոսկուա
-
Թիֆլիզ
գծով
Հայաստան
երթալու
համար
եւ
համաձայն
իր
գրերուն
Շահէ
Սրբազան
մեծապէս
կազդուրուած
է
այս
ուղեւորութենէն։
Իր
առողջութիւնը
որ
լուրջ
խնամքի
կը
կարօտէր,
ուրախութիւն
պատճառեց
Կաթողիկոսարանիս
մէջ
եղողներուն
եւ
բոլոր
իր
ծանօթ
բարեկամներուն.
բայց
Հոկտ.
7էն
վերջ
ոչ
նամակ
եւ
ոչ
քարթ,
ճնշիչ
լռութիւն
մը,
ոչ
մի
լուր
իր
մասին
եւ
յանկարծ
Նոյմ.
26,
Գշ.
Փարիզէն
Պ.
Մալէզեանէն
հեռագիր
մը.
«Պագշեցանք
Շահէ
Սրբազանի
վախճանքով
յԵրեւան»։
Շանթի
մը
տպաւորութիւնը
գործեց
Կաթողիկոսարանիս
մէջ
Շահէ
Սրբազանի
մահուան
գոյժը,
իսկոյն
Դպրեվանքի
դասերը
դադրեցան,
ղօղանջեց
մահուան
զանգակը,
բովանդակ
հաստատութիւնը
համակուեցաւ
սուգով,
ուսանողք
եւ
պաշտօնէութիւն
լացին ,
Աթոռակից
Ս.
Կաթողիկոս
հեռագիր
մը
ուղղեց
Էջմիածին
եւ
տեղեկութիւն
ուզեց
Շահէ
Սրբազանի
մահուան
պարագաներուն
վրայ։
Նոյմ.
27ին
հեռագիր
մը
Վեհ.
Սահակին.
«Անհուն
վշտով
համակուած
մեր
ցաւակցութիւնն
ենք
յայտնում
Շահէ
Արքեպիսկոպոսի
անակնկալ
մահուան
առթիւ,
Երեւանէն
մարմնի
փոխադրութեան,
թաղման
եւ
այլ
պարագաների
մասին
կը
հաղորդենք
գրով»։
Աղօթակից
եւ
վշտակից
ԽՈՐԷՆ
ԿԹՂ.
ԱՄԵՆԱՅՆ
ՀԱՅՈՑ
Նոյմ.
30ին
Վեհ .
Բաբգէնին.
Նոյմ.
24
առաւօտեան
Երեւանի
Ինթուրիսթ
հիւրանոցում
լուացման
յարդարման
ժամանակ
յանկարծամահ։
Մեր
կարգադրութեաբ
նոյն
օրը
Երեւան
մեկնեցին
Խորհուրդի
անդամ
երկու
Սրբազաններ։
Նոցա
վարած
բանակցութեանց
հետեւանքով,
միջազգային
օրէնքների
պահպանմամբ,
դիակահատում,
եւ
Նոյմ.
27
գիշերը
փոխադրում
էջմիածին,
թաղում
30ին
Գայիանէի
գաւթում,
առընթեր
Բաստամեանի
գերեզմանին։
Աղօթակից
վշտակից
ԽՈՐԷՆ
ԿԹՂ.
ԱՄԵՆԱՅՆ
ՀԱՅՈՑ
Դեկտ.
1.
Եպիսկոպոսական
հանդիսաւոր
պատարագ
մատուցուեցաւ
եւ
Բաբգէն
Կաթողիկոս
խօսեցաւ
յուզիչ
դամբանական
մը
եւ
ապա
հանգստեան
պաշտօն,
յետ
պատարագի
հիւրասրահին
մէջ
ընդունուեցան
ցաւակցութեան
եկող
ազգային
եւ
օտար
այցելուները,
ցաւակցական
հեռագիր,
նամակներ
ամէն
կողմէ,
բայց
ինչ
օգուտ.
Դպրեվանքի
սիւներէն
մին,
Շահէ
Սրբազան
ցմիշտ
հեռացաւ
եւ
Բաբգէն
Վեհափառ
իր
լծակից,
գործակից
ընկերէն
զրկուած`
լացաւ
ու
լացուց
իր
շուրջինները։
Կ՚արժէ
որ
Շահէ
արքեպիսկոպոսի
կենսագրական
գէթ
համառօտ
գծերն
արտատպենք
«Հասկ»ի
1935
Նոյմ.
-Դեկտ.
թուին
141
էջէն։
«Շահէ
Եպիսկոպոս,
աւազանի
անունով
Հմայեակ,
ծնած
է
Այնթապ,
1882
Յունիս
20ին
(Հին
Տոմար
),
անդրանիկը
բազմածին
ծնողաց,
Փիլաճեան
Գասպարի
եւ
Ագապիի։
Հմայեակի
նախակրթութեան
դպրոցներն
եղան
իր
ծննդավայրին
Ներսէսեան
Վարժարանը
եւ
Վարդանեան
Կրթարանը։
1896
Սեպտեմբերին
կը
մտնէ
Այնթապի
Կեդր.
Թիւրքիոյ
Ամերիկեան
Գոլէճը,
ուր
կ'
աւարտէ
ֆրէշմէն
դասարանը
1898
Հոկտեմբերին
կը
մտնէ
Արմաշի
Դպրեվանքը։
1902
Սեպտեմբերի
8ին
Աւագ
Սարկաւագ
կը
ձեռնադրուի
Դուրեան
Եղիշէ
Սրբազանի
ձեռքով։
1905
Յունիս
19ին
աւարտած
ըլլալով
Դպրեվանքի
ուսմանց
շրջանը,
կը
ձեռնադրուի
կուսակրօն
քահանայ,
դարձեալ
Դուրեան
Եղիշէ
Սրբազան
ձեռքով,
իր
երեք
դասընկերներուն
հետ։
Այս
միջոցին
Դպրեվանքի
Վերատեսուչն
էր
Թորգոմ
Ծ.
Վրդ.
Գուշակեան,
եւ
Դուրեան
Սրբազան
Առաջնորդն
էր
Զմիւռնիոյ,
ուրկէ
յատկապէս
կու
գայ
Արմաշ`
կատարելու
քառեակին
ձեռնադրութիւնը։
Ձեռնադրութենէ
յետոյ,
նորընծայ
Շահէ
Վրդ.
Դպրեվանքի
մէջ
տարի
մը
կ'աւանդէ
Հին
Ազգաց
եւ
Հայոց
քննական
պատմութեան
դասերը։
1906-1908
Առաջնորդական
Փոխանորդ
Մէրսինի
եւ
միանգամայն
Տեսուչ
Ազգային
Երկսեռ
Վարժարաններու։
1908-1911
Կաթողիկոսական
Փոխանորդ
Հալէպի
թեմին։
-
Այս
պաշտօնին
մէջ
Շահէ
Վրդ.
ի
ցոյց
տուած
կորովը
եւ
հանրօգուտ
ծառայութիւնները
մեծապէս
կը
գնահատուին
պաշտօնական
մարմիններու
կողմէ
եւ
Վեհ.
Սահակ
Կթղս.
1909
Օգոստոս
2ին
կու
տայ
իրեն
Ծայրագոյն
Վարդապետի
գաւազան,
եւ
արտօնութիւն
լանջախաչ
կրելու։
1911-1913
Առաջնորդ
Ատանայի
թեմին`
Գաւառական
Ժողովոյ
միաձայն
ընտրութեամբը։
1913-1916
կը
հետեւի
Ամերիկա,
Պոստոնի
արուարձաններէն
Քէյմպրիճի
Աստուածաբանական
Դպրոցին
(Եպիսկոպոսական
Եկեղեցւոյ
լաւագոյն
դպրոցներէն
մէկը
)
դասերուն,
նոյն
ատեն
հետեւելով
նաեւ
Հարվըրտ
Համալսարանի
փիլիսոփայական
ճիւղին,
եւ
մեծ
յաջողութեամբ
կ'աւարտէ
իր
դասընթացքը`
երկրորդ
հանդիսանալով
իր
դասարանին
մէջ,
եւ
«գովեստիւք
»
կ'ընդունի
«Պսակաւոր
Աստուածաբանութեան
»
վկայականն
ու
տիտղոսը։
1917-1930
Մեծագոյն
Պոստոնի
Թեմակալ
Հովիւ։
Այս
պաշտօնին
մէջ
էր
երբ
կոչուեցաւ
Անթիլիասի
Դպրեվանքին
Վերատեսչութեան,
եւ
ուսուցչութեան,
եւ
1913
Մայիս
24ին
բարձրացաւ
Եպիսկոպոսութեան
աստիճանին
Վեհ.
Տ.
Բաբգէն
Կաթողիկոսի
ձեռնադրութեամբ,
Անթիլիաս։
Իսկ
Վեհ.
Սահակ
Հայրապետ,
իր
Թիւ
117
եւ
1935
Յունուար
6
թուակիր
Կոնդակով
Արքութիւն
շնորհեց
ողբացեալ
Սրբազանի։
Շահէ
Սրբազան,
մարմնով
լաւ
կազմուած,
բարձրադիտակ,
ամբողջովին
ալեհեր,
բայց
ոչ
ծեր,
թաւարծի ,
կարմրայտ,
զուարթերես,
խելացի
եւ
թափանցող
նայուածքով,
ձայնեղ,
արթուն,
ժուժկալ,
գործունեայ,
հոգեսէր
եկեղեցական
մըն
է,
որ
կը
ներկայացնէ
համակրելի
անհատականութիւն
մը։
Գաղափարի
ծառայոց
եւ
կարծիքի
տէր`
իր
վարչական
պաշտօններուն
մէջ
ցոյց
տուած
է
սքանչելի
կորով
եւ
ճկնութիւն,
միանգամայն
խիստ
նախանձախնդիր
իր
կոչումին
պարտականութեանց
եւ
իր
եկեղեցւոյն
հմայքին`
լեզուով,
գրչով
եւ
գործով։
Հալէպի
եւ
Ատանայի
մէջ,
այն
շատ
փափուկ
ժամանակներուն,
իր
վարչական
կարողութիւնը
եւ
ծառայելու
կերպերը
գնահատուած
են
բարձրօրէն։
Ամերիկայի
մէջ,
ուր
կեանքը
վազք
մըն
է
շարունակ,
ո՛չ
միայն
13
տարի
հովուեց
Պոստոնի
ընդարձակ
թեմը,
այլ
նաեւ
գլխաւորաբար
իր
ջանքերով
այդ
գաղութը
տէր
եղաւ
եկեղեցւոյ
սեփական
շէնքի
մը։
Գործակցեցաւ
Հայ
Ազգային
Միութեան
եւ
հանգանակիչ
յանձնախումբերու։
Զօրավար
Անդրանիկի
հանգանակութեան
մէջ
զօրավիգ
եղաւ
անոր
եւ
գնաց
մինչեւ
Քալիֆոռնիա
անոր
հետ։
Շահէ
Սրբազան
հոգեշունչ
քարոզիչ
մըն
էր,
լաւ
պատրաստուած։
Իր
վերատեսչութեան
հինգ
տարիներու
ընթացքին
Պերութի
մէջ
ալ
ծառայեց
Եկեղեցւոյն,
իբրեւ
անդամ
Կրօն.
Ժողովոյ,
իբրեւ
Ատենապետ
Բարեգործականի
Տեղական
Մասնաժողովին
եւ
Հ.
Ե.
Ընկերակցութեան,
եւ
իր
հոգեշունչ
քարոզներով
ու
հանդիսաւոր
Պատարագներով։
Գրական
ճիւղին
մէջ
ալ
փայլեցաւ
Շահէ
Սրբազան .
-
Արեւելեան
Մամուլ,
Լոյս,
Տաւրոս,
Կոչնակ,
Սիոն,
Ազգ,
Պայքար
պարբերականներն
ու
թերթերը
զարդարուած
են
իր
ազգային
ու
կրօնական
յօդուածներով,
ուսումնասիրութիւններով,
նաեւ
քերթուածներով։
Նախնեաց
գործերէն
Փաւստոսի
պատմութիւնը
վերածած
է
աշխարհաբարի,
ուսումնասիրութեամբ
(Անտիպ
)
եւ
ծանօթութիւններով։
Պատրաստ
ունի
նաեւ
հետեւեալ
գործերը.
1.
Կրօնական
Դաստիրարակութիւն,
2.
Իմաստասիրութիւն
Սողոմոնի,
3.
Խնդիր
Երկուց
Բնութեանց,
4.
Հանգիտութիւններ
Հայ
եւ
Անգլիկան
Եկեղեցիներուն
մէջ
(Անգլիերէն),
5.
Եղիշէ
Պատրիարք
Դուրեան
(կենսագրական
փորձ
մը),
6.
Փոտ
Պատրիարք
եւ
իւր
թուղթը,
7.
Նշմարներ
Հին
Հայ
Գաւառաբարբառներու
գոյութեան
մասին,
8.
Հայկական
Միհրապաշտութեան
հետքերը,
9.
Բաղդատական
Ուսումնասիրութիւն
Յիսուսի
եւ
Եպիկտէտի
Բարոյական
ուսուցումներուն
(փիլիսոփայական),
10.
Համեմատութիւն
մը
Յունական
-
Արեւելեան
եւ
Քրիստոնէական
Բարոյագիտական
հայեցողութեանց
(փիլիսոփայական,
Անգլիերէն)»։
Էջմիածնի
լիազօր
Պատուիրակ
Գարեգին
Արքեպս.
Յովսէփեան
Դեկտ.
9ին
Երուսաղէմէն
Անթիլիաս
ժամանեց,
ուր
հիւրը
եղաւ
Վեհ.
Կաթողիկոսներուն
եւ
տեսնուեցաւ
թեմակալ
Սրբազաններուն
հետ,
որոնք
Եպիսկոպոսական
Ժողովի
պատճառաւ
Անթիլիաս
կը
գտնուէին։
Գարեգին
Սրբազան
դասախօսութիւններ
ըրաւ
Դպրեվանքիս
մէջ
Դեկտ.
11
եւ
15ին
եւ
մոգական
լապտերով
պատկերազարդեց
իր
խօսածները,
նոյն
դասախօսութիւններն
ըրաւ
Պէյրութի
Ամերիկեան
Համալսարանի
Ուէսթ-Հոլին
մէջ
հոծ
եւ
հետաքրքիր
հայ
բազմութեան
առջեւ
Դեկտ.
16ի
գիշերը։
Գարեգին
Սրբազան
Ս.
Պատարագ
մատոյց
Դեկտ.
15,
Կիրակի
օր,
Պէյրութի
Ս.
Նշան
եկեղեցւոյ
մէջ
ի
ներկայութեան
Կթղկն.
Փոխանորդ
Կարօեան
Սրբազանի,
Հալէպի
Առաջնորդ
Արտաւազդ
Սրբազանի
եւ
Անտիոքի
Կաթողիկոսական
Փոխանորդ
Խադ
Սրբազանի
եւ
խուռն
բազմութեան։
Գարեգին
Սրբազան
Բաբգէն
Կաթողիկոսի
եւ
Թեմակալ
բոլոր
Սրբազաններու
հետ
ներկայացաւ
Ն.
Վ.
Բարձր
Գոմիսէր
Կոմս
տը
Մարթէլի,
որուն
արտօնութեամբ
էր
որ
կրցաւ
Սիւրիա
մուտքի
վիզէ
ստանալ
Երուսաղէմէն։
Գարեգին
Սրբազան
երկիցս
երկար
տեսակցութիւններ
ունեցաւ
Բաբգէն
Կաթողիկոսի
եւ
Թեմակալ
Սրբազաններու
հետ,
Էջմիածնի
եւ
Կիլիկիոյ
երկու
Աթոռներու
յարաբերութեանց
մասին։
Գարեգին
Սրբազան
հետզհետէ
այցելեց
Շահ,
Հալէպ,
Անտիոք,
Պաալպէք,
Ճիպէյլ,
Արտաւազդ
Սրբազանի
առաջնորդութեամբ
եւ
Դեկտ.
25ին
վերադարձաւ
Անթիլիաս
եւ
28ին
մեկնեցաւ
Հայֆա
եւ
անտի
Երուսաղէմ
եւ
յետոյ
գնաց
Եգիպտոս։