Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1936 «Հասկ»ի 1-2 թիւին մէջ Պաշտօնական Յայտարարութիւն մը եղաւ որով զոյգ Կաթողիկոսներ Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. կը ծանուցանէին թէ 1936 Մարտ 29ին, կիրակի օր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրապամտի` Կաթողիկոսարանիս Ուխտի Օրուան հետեւեալ օր տեղի պիտի ունենար սրբալոյս Մեռոնի օրհնութիւն ձեռամբ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի եւ հանդիսադրութեամբ բոլոր Թեմակալ Եպիսկոպոսներու։ Եւ յիրաւի 1936 Մարտ 29ին աննախնթաց փառաւորութեամբ եւ բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեամբ կատարուեցաւ Մեռոնօրհնէքը, զոր կ'արժէ մանրամասն նկարագրել, քանի որ Մեռոնօրհնէքը ինքնին Հայաստանեայց Եկեցեցւոյ հազուադէպ տօնակատարութիւններէն մէկն է. եւ այսու Անթիլիասի կալուածը նուիրագործուեցաւ եւ մեր ուսերուն վրայ պարտականութիւն մը դրուեցաւ ի գին ամէն զոհողութեան գնել այս կալուածը իբրեւ Աշխարհամատուռը Կիլիկիոյ վտարանդի Կաթողիկոսութեան։
       «Մեռոնօրհնէքը հազուադէպ արարողութիւն մըն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոր նշանակութիւնը շատ խոր եւ շատ ընդարձակ է մա՛նաւանդ ժողովրդական ըմբռնողութեան մէջ։ Ասոր ցոյցն ու ապացոյցը տուաւ հայ ժողովուրդը Մարտ 29, Կիրակի, Կաթողիկոսարանիս մէջ։
       Ուրբաթ օրուանէ արդէն ուխտաւոր դէմքեր կ'ուրուագծուէին Անթիլիասի շրջակայքը եւ Կաթողիկոսարանի շուրջ։ Իսկ Շաբաթ երեկոյին կիսով չափ գրաւուած էր ընդարձակ ասպարէզը, որու ճակատին վրարյ շինուած էր առժամանակեայ բեմ մը եւ յարդարուած հին եւ թանկագին կերպասներով, որպէս զի հո՛ն մատուցուի Ս. Պատարագը եւ կատարուի Մեռոնօրհնէքը։
       Ըստ հրահանգի Մաշտոցին, շաբաթներ յառաջ ամէն պատրաստութիւն տեսնուած էր Մեռոնի օրհնութեան։ Տիւզեանց յիշատակ, Մեռոնի գեղարուեստական նշանաւոր կաթսան, փոխադրուած էր գանձարանէն Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցին։ Ընտիր ձիթաիւղը, Անտիոքի Թեմին Կթղ. Փխնրդ. Գեր. Խադ Սրբազանէն նուէր, Մուսա լերան անուշահոտ դափնեիւղին հետ, մարեմանօթի մէջ եփուած` Սարկաւագաց հսկողութեան ներքեւ, Ս. Կաթողիկոսի հրահանգներուն համեմատ։ Անուշահոտ ծաղկունք, հունտք եւ արմատք, ռետինք եւ խնկեղէնք, ամէնքն ալ նուէր Բերիոյ Թեմին Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբազանէն, նոյնպէս լեսուած պատարաստուած Սարկաւագաց եւ Տ. Վարդան Քահանայի ձեռքով եւ եփուած ձիթաիւղի եւ դափնեիւղի մէջ խառն, իբրեւ նիւթ անուշահոտութեան։
       Ս. Կաթողիկոսը կարգադրած էր որ ամէն Դշ. եւ Ուրբ. երեկոները Հսկում տեղի ունենայ, որուն փառապսակը եղաւ այն ժամերգութիւնն ու հսկումը, որ կատարուեցաւ վերջին Ուրբ. եւ Շբ. օրեր Թեմակալ Սրբազաններու աղօթակցութեամբ եւ ներկայութեամբ յոգնախուռն բազմութեան հաւատացեալներու։ Այնպէս որ Գալստեան Կիրակի բոլոր պաշտամունքը կատարուեցաւ Կիրակամտին, որպէս զի Կիրակիի առտու վերապահուի միայն Մեռոնօրհնէքի, որ զուգընթաց կը կատարուի Ս. Պատարագի հետ։
       Հանդէսին կանոնաւորութեան եւ շքեղութեան համար օրեր յառաջ ամէն միջոց խորհուած էր Կեդրոնական Կարգադիր Յանձնախումբի կողմէն, կազմուած Դպրեվանքի ուսուցիչներէն, նախագահութեամբ Վերատեսչին։ Ամերիկեան Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան անդամներ, Հ. Ե. Ընկերակցութեան արիներ, ոստիկանական ջոկատ մը , պիտի հսկէին կարգուկանոնի, բայց կարելի չեղաւ. որովհետեւ ամէնքն ալ անզօր մնացին ո՛չ թէ ժողովուրդի բազմութեան, այլ մարդկային փոթորիկի մը առջեւ, որ կը գլէր ամէն սահման եւ ամբարտակ։
       Ոմանք 10, 000 ոմանք 20, 000 կը հաշուէին ուխտաւորաց թիւը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել անթիւ եւ անհամար բազմութիւն մը, մէկ մասը հետիոտն եկած, Նահրէն Անթիլիաս երկարող պողոտային վրար հեղեղի մը նման, միւս մասը` շոգեկառքով։
       Հայերէն լեզուին մէջ քանի մը բառ կայ, ինչպէս` ամբոխ , խուժան, աղմուկ, ժխոր, որոնց հարազատ ստուգաբանութիւնը կարելի եղաւ ճշգրտել մարդկային այս ալեկոծ ծովուն վրայ։ Շբ. երեկոյէն մինչեւ Կիրակի երեկոյ Անթիլիասի մթնոլորտը լեցուած էր խժալուր եւ անդադրում ձայներու ալիքներով։
       Կիրակի առտու ժամը 7 30ին կազմուեցաւ թափօրը, հանդիսադիր Հայրապետը, Վեհ. Տ. Բաբգէն Կաթողիկոս զգեստաւորեալ եկեղեցի իջաւ Վեհարանէն, որու դրան առջեւ ոստիկանութիւնը զինուորական պատուով ողջունեց Ն. Ս. Օծութեան էջքը։ Ս. Կաթողիկոսը զգեստաւորուած էր Պեզճեան Արթին Ամիրայէ նուիրուած ծանրագին զգեստով։
       Թեմակալ Սրբազաններ , Գեր. Գեր. Պետրոս Արքեպս. Կիպրոսի, Եղիշէ Արք եպս. Լիբանանու, Արտաւազդ Արքեպս. Բերիոյ, Խադ Եպս. Անտիոքի, Եփրեմ Եպս. Դամասկոսի, Ամէնքն ալ լման զգեստաւորեալ։ Խադ Սրբազան, իբրեւ Արարողապետ , կիսազգեստ, Հոգ. Փառէն Ծ. Վրդ ., Դպրեվանոց Վերատեսուչ` Նորայր Վրդ. եւ Սայտայի Հովիւ Արսէն Վրդ. վեղարով, շուրջառով խաչ եւ գաւազան ի ձեռին, Նորընծայ Աբեղայք` Հ. Զարեհ եւ Հ. Դերենիկ վեղարով, շուրջառով, խաչ ի ձեռին 19 Քահանայք, շուրջառով եւ սաղաւարտով, կիսազգեստ, հինգ Սարկաւագունք, բուրուարակիր եւ քշոցակիր, դպիրք Դպրեվանուց, Կ. Պոլսի Գալֆաեան Որբանոցի Մայրապետ եւ Սարկաւագուհի Աղաւնի Քէօսէեան եւ քոյրը Դպրուհի Մարիամ։ Երկուքն ալ շապիկով եւ ուրարով. եւ հիւր դպիրներ, թափօրի առջեւէն մեծ խաչ, յետոյ Հայրապետական արծաթ գաւազան` գնդաձեւ եւ խաչազարդ գլխով ։
       Թափօրը շարժեցաւ, դպիրք սկսան երգել Խորհուրդ Խորին շարականը, ապա Հրաշափառ, եւ այլն։ Թափօրի ուղեգիծ նշանակուած էր պարտէզին դուռը եւ ապա հիւսիս արեւելք անցքը, մինչեւ բեմ։ Բազմութիւնը այնքան հոծ էր որ Թափօրը շատ դժուարաւ հասաւ բեմ, որ դժբախտաբար գրաւուած էր ժողովուրդէն. ճկուն երիտասարդներ նոյն իսկ մագլցած էին տաղաւարին տանիքը, ինչպէս նաեւ Աթոռակիւց Կաթողիկոսի բնակարանէն մինչեւ խոհանոց երկարող սենեակներու կղմինտրներուն վրայ, ծառերու վրայ, ծաղկանոցներու ցանկապատներուն վրայ, կոխոտելով, փշրելով զանոնք։
       Պատարագը սկսաւ, եւ երբ հասաւ Ողջոյնի պահը, թափօրը վերադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին, բերելու համար Մեռոնի կաթսան, անուշահոտ իւղերը եւ Ս. Աջերու արկղը։ Սարկաւագուհի Աղաւնի վերաբերում ըրաւ, իսկ Դպրուհի Մարիամ Աւետարան կարդաց։
       Երկար ատեն առաւ թափօրին երթն ու դարձը։ Ամէն ոք կ'ուզէր հպիլ սրբութեանց, իրենց ձեռքերով, թաշկինակներով. ամէն մարդ կը ճգնէր թափօրին հետ դէպի բեմ յառաջանալ. վերջապէս սրբութիւնք բերուեցան բեմ, ուր շարժելու տեղ չէր մնացած։ Վեհ. Պատարագիչը ծայրէ ծայր քաղեց Մեռոնօրհնէքի Կանոնը, ընթերցուածներ, սաղմոսներ, աղօթքներ լման պաշտուեցան, եւ ապա կատարեց Մեռոնօրհնէքը։
       Նախ ` կաթսային կափարիչը վերցաւ Տիար Միսաք Ազիրեանի կնքահայրութեամբ, որ հարիւր սիւրիական թղթոսկի նուիրեց Աթոռին եւ առաւ Ս. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը։ Ն. Ս. Օծութիւնը ապա թափեց կաթսային մէջ Բալասանը, շիշերու մէջ պատրաստ անուշահոտութիւնները, ինչպէս նաեւ Էջմիածնէն բերուած պատմական հին մեռոնները, Ջահկեցի Ղազար Ձագեցի Եփրեմ եւ Տփղիսեցի Գէորգ Ե. Կաթողիկոսներէ օրհնուած, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռիս հին մեռոնը` օրհնուած Ծերունազարդ Վեհ. Սահակ Բ. Կթղ. էն այս հեղումներէն անմիջապէս յետոյ, Վեհ . Բաբգէն Կաթողիկոս Ձայնեց Առաքելոյ Աղաւնոյ շարականը եւ երիցս օրհնեց Մեռոնը Ս. Լուսաւորչի Աջով, խաչանշան թաղելով զայն կաթսայի մէջ։
       Ժողովրդային խանդավառութիւնը իր զենիթը հասաւ, երբ օրհնուեցաւ Սրբալոյս Մեռոնը։ Բարեպաշտութիւնը յորդեցաւ, հաւատքի արտայայտութեան բոլոր ձեւերը իրագործուեցան։
       Մեռնիմ հաւատքիդ Հա՛յ ժողովուրդ։ Դուն պիտի ապրիս զօրաւոր հաւատքովդ։
       Հայր մերի ատեն Ս. Կաթողիկոսը քարոզ մը տուաւ աւուր պատշաճի, զոր հազիւ լսեցին բեմի վրայ գտնուողներ։
       Պատարագը աւարտեցաւ։ Նոյն թափօրով Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցին փոխադրուեցան Սրբալոյս Մեռոնը եւ Ս. Աջերը։ Վեհ. Պատարագիչը Եկեղեցւոյ մէջ օրհնեց ժողովուրդը եւ արձակեց։
       Հաւատացեալներու բարեպաշտութեան գոհացում տալու համար Ս. Աջերը եւ Սրբալոյս Մեռոնը Եկեղեցւոյ բեմին վրայ դրուեցան Քահանայ Հայրերու հսկողութեան ներքեւ, եւ մինչեւ երեկոյ ուխտաւորներ եկան աղօթելու եւ համբուրելու համար զանոնք։
       Ս. Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ Սրբալոյս Մեռոնը դրուեցաւ եկեղեցւոյ հարաւային կողմը, Խաչելութեան պատկերին առջեւ, ուր պիտի մնայ մինչեւ Զատիկ, որովհետեւ դեռ ուխտաւորներ կուգան ամէն կողմէ»։
      
       Մեռոնօրհնէքը բաւական ոգեւորութիւն ստեղծեց Կաթողիկոսարանին մէջ եւ շուրջը եւ կը յուսացուէր որ Կաթողիկոսարանի կալուածի գնման հայրապետական կոչը պիտի արդիւնաւորուէր եւ 1937ի սկիզբը արդէն բաւականին մեծ գումար մը գոյացած պիտի ըլլար միմիայն Կաթողիկոսարանի թեմերուն մէջ, բացի արտասահմանէն գալիք նպաստներէն։ Սակայն կը տեսնենք որ 1936 Մայիս 10ին, Անթիլիասի կալուածոց գնման ի նպաստ եղած նուէրներու գումարը, համաձայն ցուցակի, ներսէն եւ դուրսէն միմիայն 348 սիւրիական ոսկի եւ 91 ու կէս դահեկան եղած է եւ այս խորապէս ազդած էր Բաբգէն Կաթողիկոսին, բայց կը յուսար եւ կը շարունակէր Դպրեվանքի իր դասերը եւ միեւնոյն ժամանակ զանց չէր ըներ թեմական գործերը։
       Եւ ահա 1936 Յունիս 17ին թեմական այցելութիւն կուտայ Դամասկոսի եկեղեցւոյն, ուր երկիցս կը քարոզէ, հանրապետութեան Նախագահին կ'այցելէ, Յունաց պատրիարքը եւ այլ հոգեւոր պետեր այցելութեան կուգան։ Յունիս 19ին կ'այցելէ նաեւ Շամի տօնավաճառին ` Կաթողիկոսական Փոխանորդ Եփրեմ Սրբազանի եւ քահանայից հետ։ Այս վերջին թեմական այցելութիւնն էր դժբախտ Կաթողիկոսին, որ թէպէտ արտաքուստ հուժկու ու զօրաւոր կ'երեւէր, սակայն 1914ին Ամերիկայի մէջ ենթարկուած վիրաբուժական գործողութեամբ իր աջ երիկամունքը հանուելով, ստիպուած էր շարունակական դարմանումի ենթարկուիլ եւ հակառակ իր չափազանց զգոյշ ապրելակերպին տարբեր հիւնադութիւններով ալ տառապեցաւ։ Առաջին` 1934 Նոյեմբեր ամսոյ մէջ Հալէպի Թեմին այցելութիւն տալով, Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբազանի հետ մինչեւ Տէր-Զօր գնաց, շրջակայ վայրերը, հայութեան սպանդանոցները շրջեցաւ, բարոյական յուզումը եւ ֆիզիքական յոգնութիւնները ընկճեցին թէ Կաթողիկոսը եւ թէ Առաջնորդը, այնպէս որ Հալէպ վերադարձին, երկուքն ալ հիւանդացան եւ բժշկապետ Տքթ. Ալթունեանի խորհրդով իր հիւանդանոցը փոխադրուեցան Նոյմ. 16 ուրբաթ երեկոյին։ Ս. Կաթողիկոսը կը տառապէր թոքատապէ եւ մալարիայէ իսկ Արտաւազդ Սրբազան մալարիայէ։ Բայց շնորհիւ Տքթ. Ալթունեանի շուտով անցուցին, այնպէս որ արտաւազդ Սրբազան Նոյմ. 21ին, իսկ Ս. Կաթողիկոսը Նոյմ. 24ին հիւանդանոցէն կրցան ելնել եւ Նոյմ. 29ին Բաբգէն Կաթողիկոս Արտաւազդ Սրբազանի հետ վերադարձաւ Անթիլիաս։ Բայց Արտաւազդ Սրբազան թունաւոր մալարիայով ստիպուեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոցը մտնել Դեկտ. 1ին, ուր առարկայ եղաւ մասնաւոր խնամքներու եւ կրցաւ Դեկտ. 5ին բուժուած դուրս գալ եւ Դեկտ. 9ին վերադարձաւ իր Աթոռը։ Իսկ Բաբգէն Կաթողիկոս իր զօրաւոր կազմուածքին շնորհիւ եւ դեղերու օգնութեամբ շարունակեց իր գործը եւ ահա զինքը կը տեսնենք 1935 Յունիս 13ին Պրումմանայի Անգլ. հիւանդանոցին մէջ կռիփի ենթարկուած, որով չկրցաւ տեսնել եւ ոչ իսկ դպրութեան եւ սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնները որ տեղի ունեցան Կաթողիկոսարանին մէջ Մայիս 19, Երեւման Ս. Խաչի Տօնին եւ ոչ ալ աբեղայական ձեռնադրութիւնը` որ տեղի ունեցաւ Յունիս 15ին եւ 16ին յոգնախուռն բազմութեամբ, եւ նոյն իսկ Երուսաղէմի Ամեն. Ս. Պատրիարքը Թորգոմ Արքեպս. Գուշակեան Յունիս 17ին Երուսաղէմէն անակնկալօրէն կը հասնէր Անթիլիաս անձամբ շնորհաւորելու Վեհ. Կաթողիկոսները, Դպրեվանքի Վերատեսուչը, նորընծաները եւ շրջանաւարտ սաները. այդ պարտականութիւնը կատարելէ վերջ այցելեց Բաբգէն Կաթողիկոսի որ տակաւին կը գտնուէր Պրումմանայի Ֆրէնտ'զ Հօսբիթըլ հիւանդանոցը, ուրկէ հազիւ թէ Բաբգէն Կաթողիկոս կրցաւ Յունիս 28ին Անթիլիաս գալ եւ հետեւեալ օր ելաւ Պիքֆայայի հովոցը։
       Հարկ համարեցինք, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Շնորհազարդ Ս. Հեղինակի պարբերական հիւանդութեանց պատմութիւնը յիշել, ցոյց տալու համար թէ, Բաբգէն Կթղ. կը դասախօսէր, կը գրէր, կը խօսէր, կը քարոզէր, կը գործէր , բայց քայքայուած առողջութիւն մը ունէր եւ 1936 Յուլիս 3ին, առաւօտուն անհանգիստ կ' արթննայ։
       Կ'արժէ որ ողբացեալ Բաբգէն Կթղ. ի վերջին հիւանդութեան ու մահուան չորս հինգ օրերու պատմութիւնը լսենք ականատես գրողէն, զոր արձանագրած է Հասկի Յուլ. -Օգոստ. թիւի 91րդ էջին մէջ։