Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ու քնացաւ այնպէս, Աստուծոյ խաղաղութեան մէջ, ազատուած` օրերու տագնապներէն ու տառապանքէն. ոչ մէկ կնճիռ ճակտին վրայ, ոչ մէկ խորոչ աչքերուն մէջ. ինչպէս իր կենդանութեան` նոյնպէս լեցուն ու պայծառ դիմագծով. սեւ անիմանալի վարագոյր մը միայն` իր եւ Կեանքի միջեւ։
       Իսկ հիմայ` կոտրած սա գրչէն պէտք է հոսի արցունքի փոխուած վերջին կաթիլը` գրելու համար կարճ պատմութիւն մը։ Պատուական բժիշկներ թէքնիք բառեր պիտի շարադրեն` ըսելու համար թէ Ն. Ս. Օծութիւն Վեհ. Տ. Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս շաբաթ մը առաջ ողջ էր եւ վախճանեցաւ Հինգշաբթի ժամը 1510ին։ Բայց ես կը պատմեմ այդ շաբթուան մղձաւանջը։ Ու կը պատմեմ զայն դառնութեամբ մը կեանքի դէմ` որ չի գիտեր իր մէջ հասունցած ուժերը խնայել. կը պատմեմ զայն վշտի դողով, պայքարած բայց յաղթուած զիուորի մը հաւատարմութեամբ։
       Ետ կը նայիմ։ 1934 աշնան, սաստիկ մալարիայով մը վերադարձաւ դէպի հիւսիսային Սիւրիա ըրած իր թեմական այցելութենէն։ Ամիսներով խնամքի կարօտ ապրեցաւ։ 1935 գարնան, այն օրերուն երբ Հնգցլ. Շահէ Սրբազան փառաւոր հանդէսներով կը փակէր Դպրեվանքի հինգամեայ շրջանի աշխատանքները, մալարիան կրկնեց իր յարձակումը այս անգամ ընկերացած` տիզէնդէրիի եւ ցնցղատապի։ Երեք շաբաթ հիւանդանոց մնաց եւ հիմնական դարմանումներ կրեց։ Ամառուան հանգիստով կազդուրուեցաւ։ Ընդհանրապէս շատ լաւ անցուց այս վերջին տարեշրջանը։ Հնազանդ ապրեցաւ առողջապահական կանոններու։ Գիտական մարդու զգուշութիւնը ունէր. նոյն իսկ լուծողական մը կամ քինինի դեղահատ մը չէր առներ առանց բժիշկի խորհուրդին։ Մանաւանդ բերնի առողջութեան խնամք տարաւ, զոր կատարեց անվարձք ծառայութեամբ` Ամերիկեան Համալսարանի Փրօֆէսէօր` Տքթ. Թապուրեան։ Եւ քիչ անգամ վրդովեցաւ իր առողջութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին։ Յունիսի սկիզբը միայն, Ամեն. Տ. Արիտա Ս. Պատրիարքին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին աւրուած ձուկէն, ինչպէս ուրիշներ, ինք եւս խանգարում ունեցաւ , բայց Տօքթ. Յ. Եէնիգոմշեան վստահեցուց թէ ոչ մէկ հետք մնաց անկէ։
       Գործի տեսակէտէն բեղուն տարի մը եղաւ այս իրեն համար։ Կաթողիկոսարանի եւ թեմերու պարտականութեանց հետ, վարեց նաեւ Դպրեվանքի վերին պատասխանատուութիւնը, միանգամայն շաբաթը 3 պահ դասաւանդելով։ Երկու անգամ Եպիսկոպոսական Ժողով գումարեց, Սրբալոյս Մեռոն օրհնեց, Անթիլիասի Կալուածներուն գնման մասին ձեռնարկներ ըրաւ, Խերեան Կալուածի շինութեան սկսաւ, «Դասեր Աւետարանէն » Բ. շարքը եւ «Հայ-Կիպրոս » գիրքերը հրատարակեց, տպարանը ճոխացուց եւ կարգադրութիւններ ըրաւ իր մեծ գործին` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց Պատմութեան տպագրութեան համար։ Եւ իբր լրում` Յունիսի վերջին կիրակին` Վարդապետական Գաւազանը Տըւչութիւն կատարեց երկու Նորընծաներու եւ Դպրեվանքի վկայական տուաւ 8 շրջանաւարտներու։
       Կատարելապէս հանգիստ էր։ Յուլիս 1ին ամբողջ Դպրեվանքով Այն-Նէպիի գլուխը զբօսանքի օր մը անցուցինք. ինքն ալ մեր հետն էր մինչեւ իրիկուն։ Յաջորդ օրը, Չորեքշաբթի կէսօրէ վերջ գլխու ընդհանուր անտրամադրութենէ մը գանգատելով ատամնաբոյժի գնաց, Տօքթ. Թապուրեանի։ Ատամնաբոյժը հանգուցեալին բոլոր ակռաները առողջ գտած է` ելեկտրականութեամբ փորձելով. բայց պատահմամբ երեւան հանած է ուռեցք մը քիմքին առջեւի մասը, լինտերէն անկախ։ Հանգուցեալը գանգատած է թէ լեզուն հոն կը դպի, բայց չէ գիտցած ինչ ըլլալը։ Ատամնաբոյժը բանալ ուզեր է ուռեցքը, բայց Հանգուցեալը յետաձգել տուեր է։ Յաջորդ օրը 3 Յուլիս, Հնգշաբթի, կէսօրէ վերջ Ատամնաբոյժը ճեղքած է քիմքի այդ ուռեցքը, առանց դանակ կամ ասեղ գործածելու, միայն Thermocutռre-ով, եւ թարախ հանած. բայց չէ քննուած թէ այդ թարախին մէջի միքրոպին տեսակը ի՛նչ էր։ Նոյն այդ երեկոյին է որ տաքութիւն եկած էր վրան։
       Ուրբաթ առաւօտուն, անհանգստութիւնը լսելով, սենեակը ելայ։ Արդէն Տօքթ. Թապուրեանի լուր ղրկած էր ինք, կասկածելով թէ տաքութիւնը քիմքին վրայ բացուած վէրքէն ըլլար։ Քիչ վերջը Տօքթ. Թապուրեան եկաւ Ամերիկեան Համալսարանի բժիշկներէն Տքթ. Աշգարի հետ։ Վեհ. ին անձնական բժիշկը` Տօքթ. Եէնիգօմշեան Հալէպ էր։ Մալարիա է ըսաւ բժիշկը։ Քինին եւ ասպիրին կէսօրէ վերջ սաստիկ քրտինք մը բերին, եւ հիւանդը հանգստացաւ։ Շաբած օրը սովորական աշխատանքներ ալ կատարեց. բժիշկներու հետ նստաւ խօսակցեցաւ, սուրճ առաւ, Պրն. Լ. Զէնեան ալ այցելեց, ժամ մը քովը մնաց։
       Մինչ այդ Դպրեվանք եւ Կաթողիկոսարան պարպուած էին։ Ուսանող, ուսուցիչ, սարկաւագներ եւ Վերատեսուչ Գեր. Նորայր Վարդապետ, բոլորն ալ մեկնած էին ամառուան արձակուրդի։ Վեհ. Սահակ Ս. Կաթողիկոս ալ կը պատրաստուէր 2-3 օրէն Պիքֆայեա ելլել։ Իսկ Հանգուցեալը ինք, կ'սպասէր Հ. Բ. Ը. Միութեան Վարիչ -Պատուիրակ Տիար Վ. Մալէզեանի այցելութեան, Յուլիս 7ին. անկէ յետոյ պիտի երթար Հալէպ, թեմական գործերու համար. յետոյ վերադարձին պիտի ելլէր Պիքֆայեա։ Դպրեվանքը մնացած էին միայն Հ. Փառէն եւ երկու սարկաւագներ։
       Կիրակի առաւօտ, Յուլիս 5, լուսահոգին լուր ղրկած էր որ քովը երթամ։ Գանգատեցաւ անքուն գիշեր մը անցուցած ըլլալէ եւ ջերմէ։ Ինք արդէն ինքնաշարժը բժիշկի ղրկած էր։ Օրը կիրակի ըլլալուն, ո՛չ Տքթ. Թապուրեան, ո՛չ Տքթ. Խայեաթ Պէյրութ կը գտնուէին։ Եկաւ Տկթ. Աշգար։ Մալարիայի նոր յարձակում, ըսաւ։ Մատին ծայրէն արիւն առաւ, քինին յանձնարարեց, գնաց։ Կէսօրին վերադարձաւ բժիշկը , թէ արեան քննութիւնը մալարիան հաստատեց. նորէն քինին եւ ասպիրին տուաւ քրտնցնելու համար։ Ջերմը 39. բարձրացած էր։ Սպասեցինք որ քրտնի։ Չքրտնեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ։ Կը տառապէր` ներսի սաստիկ տաքութենէ։ Կ՛ըսէր. կ'այրիմ, կը մեռնիմ։ Բժիշկի յանձնարարութեամբ միշտ սառ կը դրուէր ճակատը, ափերուն մէջ եւ բերանը։ Գիշերը հերթով հսկեցինք։ Ստամոքսէն ոչինչ կրցաւ ընդունիլ։
       Երկուշաբթի առաւօտ, ջերմութիւնը 40. 2 էր։ Կասկածնիս հաստատուեցաւ, մալարիայի նոպա մը չէր կրնար այսքան երկար տեւել, 36 ժամ։ Դաւիթ Սարկաւագը ղրկեցինք որ Տքթ. Խայեաթը կամ Տքթ. Մելքոնեանը բերէ։ Տքթ. Խայեաթ չէր գտնուած. Տքթ. Մելքոնեան եկաւ Տքթ. Թապուրեանի հետ։ Քննութեան ատեն Տքթ. Մելքոնեան երեւան հանեց Վեհափառին ձախ սրունքին ներսի կողմը նոր ուռեցք մը, շատ զգայուն եւ սաստիկ տաք։ Միացնելով զայս չորս օր առաջուան քիմքին մէջ երեւցող ուռեցքի հետ, կասկած յայտնեց որ մի՛ գուցէ արեան ընդհանուր խնդիր մը ըլլայ այս քան թէ տեղական ուռեցք մը։ Յանձնարարեց անմիջական քննութիւն լապօռաթուարի։ Կէսօրին հասաւ նաեւ Տքթ. Խայեաթ . նոյն կասկածը հաստատեց, բայց, վերջապէս վստահ ըլլալու համար, մալարիայի դէմ հիմնական դարման փորձել յանձնարարեց։ Հիւանդը միշտ տագնապի մեջ, ու կ'այրի։ Խոհեմութիւն սեպեց հիւանդանոց չփոխադրել 40. 6 աստիճան տաքութեամբ։ Բայց, ըսաւ, հոգ տանելու ենք որ հիւանդանոցի մը ընծայելիք բոլոր դիւրութիւնները տրուին։ Անմիջապէս Ամերիկեան Համալսարանի լապօռաթուարի պատասխանատու Տքթ. Սընըքճեանը ղրկեց իր կազմածներով, որ արեան, մէզի, թարախի եւ այլ քննութեանց համար պէտք եղած նիւթերը հաւաքեց գնաց։ Երեկոյեան Տքթ. Այվազեան, նորէն Տքթ . Խայեաթի յանձնարարութեամբ, խտացած սնունդի, glucos e եւ այլ հակամալարիական զօրաւոր ներարկումներ ըրաւ երակներէն, եւ անձամբ հսկեց գիշերը։
       Երեքշաբթի առաւօտ հիւանդին կացութիւնը նոյնքան լուրջ կը տեւէր։ Գիշերը չէր քնացած, ջերմը միշտ բարձր։ Մալարիայի դէմ եղած ներարկումները ոչ մէկ արդիւնք տուած էին։ Կանուխէն բժիշկին հետ իջանք Ամերիկեան Համալսարան. հազիւ բակը մեզ նշմարած, արեան քննութիւն կատարող Տքթ. Սընըքճեան պոռաց Լապօռաթուարի բարձր պատուհանէն - Septicemia Hemolytic, Streptococcus! ելանք քովը. գրաւոր տուաւ Տքթ. Խայեաթին ուղղեա իր տեղեկագիրը, ամբողջ էջ մը։ Հասկցածս սա եղաւ. Վեհափառը Septicռmie եղած է, այսինքն միքրոպը արեան մէջ մտած է եւ արագ կը բազմանայ. այդ միքրոպի անունը Streptococcus է, ամէնէն վատ տեսակէն եւ ամէնէն արագ բազմացող . յարձակման եղանակն է Hemolytic, այսինքն արեան կարմիր գնդիկները կը փճացնէ։ Նոյն միքրոպէն կային թէ ' երակներէն առնուած արեան մէջ եւ թէ՛ սրունքի ուռեցքէն առնուածին մէջ. ուրեմն միքրոպը տարածուած էր ամէն տեղ։ Ուրկէ՞ սկսաւ, ե՞րբ տարածուեցաւ -երբ մարդկօրէն մենք չենք գիտեր, կ'ըսենք, Աստուած գիտէ։
       Ընդարձակ եւ մանրամասն բժշկական տեղեկագիրներ, ստորագրուած Տօքթօրներ Մելքոնեանէ, Եէնիգօմշեանէ, Խայեաթէ, Այվազեանէ, մեզի թոյլ կուտան քաղել հետեւեալ մանրամասնութիւնները. ա ) Թէ Վեհափառին ունեցած երկու ապսէներէն կրնայ հիւանդութեան սկզբնաւորութիւնը եղած ըլլալ, կամ ուրիշ տեղ միքրոպը արեան անցած կրնայ ըլլալ, եւ այս երկու ապսէները երկրոդական կրնան ըլլալ։ Տքթ. Խայեաթ կ'աւելցնէր. Չենք գիտեր թէ միքրոպը ուրկէ մտաւ, բայց գիտենք որ ան արեան մէջ շրջան կ'ընէր արդէն։ բ ) Թէ հաւանական է որ հիւանդը ուրիշ ներքին գործարաններու մէջ եւս ապսէներ ունեցաւ որոնք գաղտնի մնացին։ գ ) Գիտնականօրէն ճիշդ էր երկու ապսէներուն ալ ճեղքուիլը։ Բայց դ ) Վեհափառին տարիքը կամ առաջուց ունեցած հիւանդութիւնները պատասխանատու չեն երբեք ներկայ հիւանդութեան։ - Իսկ մենք պատմենք։
       Տեղեկագիրը փութացուցինք Տքթ. Խայեաթի։ Թէեւ անյոյս արդիւնքին վրայ, անմիջական դարմանումի թելադրութիւններ ըրաւ Տքթ. Այվազեանին։ Յանձնարարեց Տքթ. Ճիտէճեանի` երթալ ճեղքել սրունքի ուռեցքը, եթէ հարկ է։
       Մինչդեռ բժիշկներ դեղերու եւ գործիքներու պատրաստութեամբ կ'զբաղէին, գացինք լուր տուինք Գեր. Եղիշէ Սրբազանին հիւանդութեան լրջութեան մասին. նօթ մը ձգեցինք Տքթ. Մելքոնեանի տունը Լապօռաթուարի տուած արդիւնքին մասին, եւ վերստին հեռագրեցինք Տքթ. Եէնիգօմշեանի Հալէպ։ Նախորդ օրը հեռագրած էինք որ հաճի անմիջապէս գալ. պատասխանած էր հեռագրով որ Տքթ. Խայեաթի քննութեան ենթարկենք հիւանդը եւ իրեն հաղորդենք անոր ախտաճանաչումը, զոր ըրինք։ Անկէ փութացինք Տիար Վ. Մալէզեանի քով, որ Պերութ ելած էր նոյն առաւօտ։ Վեհափառը ուզած էր որ իր կողմէ դիմաւորենք Հ. Բ. Ը. Միութեան Վարիչ-Պատուիրակը, նաւահանգիստ ելած ատեն։ Այդ անկարելի եղաւ, բայց վայրկեան մը օթեւանը հանդիպելով լուր տալ ուզեցինք թէ ծանր հիւանդ է Ն. Ս. Օծութիւնը։ Զայս միջանկեալ կը յիշեմ անոր համար որ Պր. Մալէզեան ինքն էր որ, երբ լսեց Վեհափառին հիւանդութիւնը, արթնամտութիւնը ունեցաւ թելադրելու մեզի` թէ պէտք չէ գոհանալ մէկ քանի բժիշկի գործունէութեամբ. հարկ է բժշկական կարեւոր Consultation մը գումարել եւ դարմանումի բոլոր միջոցները անոնց պաշտօնական հաւանութեամբ գործադրել։
       Վերադարձայ Տօքթ. Խայեաթին։ Համաձայնեցաւ Consultationի գաղափարին, թէեւ Լապօռաթուարը իր խօսքը խօսած, ախտաճանաչումը ճշդած եւ դարմանումի տկար միջոցները յայտնի էին։ Յանձնարարուածներէն Տքթ. Գալմէթ եւ Տքթ. Բէռն քաղաքէս բացակայ էին. բայց կրցանք ժամադրուիլ միւսներուն հետ։ Արդ, ժամը 1330ին Անթիլիաս, Հանգուցեալի գրասենեակին մէջ Consultationի նստան Ֆրանսական Համալսարանի Փրօֆէսօրներէն վիրաբոյժ Տքթ. Քոթար, Տքթ. Մելքոնեան, Ամերիկեան Համալսարանի Փռօֆէսօր Տքթ. Խայեաթ, վիրաբոյժ Տքթ. Ճիտէճեան եւ Տքթ. Այվազեան։ Ներկայ էի նաեւ ես` իբր պատասխանատու կարգադրութեանց։
       Բժիշկներ, ա ) համաձայնեցան ախտաճանաչումի ճշդութեան վրայ` թէ Սէփթիսէմի է. բ ) հաստատեցին կացութեան լրջութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով հիւանդի տարիքը եւ մէկ երիկամունքէն զրկուած ըլլալը. գ ) որոշեցին տեղ չփոխադրել հիւանդը։ Իսկ իբր դարմանումի միջոց որոշեցին, ա) ճեղքել սրունքի ուռեցքը` քանդելու համար միքրոպին հոն կազմած բոյնը. բ ) քիչ քիչ 100ական կրամ, 3-4 անգամ արեան ներարկում ընել. գ ) սրտի եւ երիկամունքի գործունէութիւնը դիւրացնող ներարկումներ ընել եւ շարունակել սնուցանել glucose ով։
       Վանքի մէջ իբր երէց, ներս կանչեցին Գեր. Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեանը. ներս մտաւ նաեւ Պրն. Լ. Զէնեան, որ այդ ժամուն եկած էր։ Բժշկապետ Քոթար բացատրեց կացութեան վտանգալի ըլլալը. արդիւնքի մասին բոլորովին վերապահ, ըսալ, թէ պիտի չխնայենք դարմանումի որեւէ միջոցի։ Ներկաներու հաւանութեամբ, բժիշկներ ստորագրեցին իրենց տեղեկագիրը, որ դատավճիռ մըն էր մեզի համար, մինչդեռ անդիի սենեակը` կը հառաչէր հիւանդը։
       Բժշկական որոշումներ գործադրուեցան անմիջապէս. ինք յուսալից չէր երբեք. կը գանգատէր ուժասպառ վիճակէն։ Երբ բժիշկներ գործիքներով կը պատրաստուէին, ակնարկեց -բոլորը պարապ տեղ են, շուտ ըրէք ինչ որ պիտի ընէք։ Սրունքին վէրքը ճեղքուեցաւ։ Երեկոյին, թարմ արիւն ներարկուեցաւ երբ ջերմը 39ի իջած էր։ Իրիկուան դէմ քրտնեցաւ եւ աւելի հանգստացաւ։ Հալէպէն հասաւ Արտաւազդ Սրբազան։ Բերուեցան նաեւ երկու նըրսեր, գիշերապահ եւ ցերեկապահ։ Հեռագրով հիւանդութիւնը ծանուցուեցաւ Թեմակալ Ս. Եպիսկոպոսներու եւ Երուսաղէմի Ս. Պատրիարքին։ Հիւանդը բժշկական կանոնաւոր հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Կէս գիշերէն վերջ 2ժամու չափ քնացաւ։
       Չորեքշաբթի, 8 Յուլիս, առաւօտուն ջերմութիւնը 38ի իջած էր, բայց արեան ճնշումը սկսած էր նուազիլ, թէեւ բազկերակը 112 կը զարնէր։ Լեզուն նախորդ օրուանէ աւելի յստակ էր, բառերը դժուար կը հնչէր, բայց կը հասկցուէին. լաւ էր նաեւ յիշողութիւնը, շնչառութիւնը միշտ արագ, եւ ինք տագնապի մէջ։ Օրը ընդհանրապէս լաւ անցուց։ Ոտքին վէրքը փոխեցին, սնունդի ներարկումներ ըրին։ Տակաւին թոյլ կը տրուէր այցելուներ քովը մտնել. բայց արգիլուած էր խօսիլ հետը, որովհետեւ շատ կը յուզուէր. վիճակէն կը գանգատէր։ Երբ Եղիշէ Սրբազան ըսաւ. «Հանգի՛ստ էք Վեհափառ », աչքերը վեր առնելով պատասխանեց. «Կը հանգստանա՜մ»։
       Կէսօրէ վերջ անձկութեամբ սպասեց Տօքթ. Եէնիգօմշեանի ժամանման` Հալէպէն։ Դամասկոսէն հասաւ Եփրեմ Սրբազան, Հ. Զարեհին հետ։ Երեկոյան ժամը 6ին այցելութեան եկաւ Տօքթ. Խայեաթ. անսպասելի կերպով քաջալերիչ գտաւ հիւանդին վիճակը։ Բժշկի «Այսօր շատ լաւ էք, Սրբազան » խօսքին պատասխանեց «Այո՛, այսօր քնացայ ալ »։ Զուարթ խօսքեր ալ ըրաւ։ «Բժիշկներն ալ իրարու վստահ չեն » դիտել տուաւ։ Իր հիւանդութեան անունը հարցուց. շրջապատողներու քրքիջէն վերջ, Տօքթ. Խայեաթ Pyaem ia է ըսաւ։ Չը հասկցաւ, աւելի բացատրութիւն ուզեց, որուն վրայ բժիշկը ըսաւ թէ թարախը բերնէն մինչեւ ոտքը գացեր է. զարմացական նայուածքով հառաչանք մը հանեց. երեք օրէ ի վեր ամէնէն լաւ վիճակն է այսօր, ըսաւ բժիշկը։ Արտօնեց հեղուկ սնունդ ստամոքսէն եւ անուշեղէն։ Բժիշկը հարցուց պտուղ կ'ուզէ՞ք. ուրախութեան ժպիտով պատասխանեց. Օ՜, շատ կը սիրեմ։ Շատ յուսալից ընդհանուր տրամադրութիւն մը ստեղծուեցաւ այն իրիկուն։
       Հինգշաբթի առաւօտուն, սակայն, վերստին սեւցան դիմագծերը։ Գիշերը լաւ չէր անցած։ Սիրտը յայտնապէս կը տկարանար. թէեւ 100 կը զարնէր, բայց շատ մեղմ էին զարկերը եւ անկանոն - 1□2□4□2□ 3. գիշերը քունի համար, սրտի զօրացման համար եղած ներարկումներ օգուտ չէին ըրած։ Երիկամունքն ալ յոգնութեան նշան ցոյց կու տար. բնականին հազիւ մէկ քսանըհինգերորդ ու հեղուկ կ'արտաքսէր։ Անկապակից խօսքեր կ'ընէր։ Տեսողութենէն գանգատեցաւ . - Դեռ աչքերս ալ պէտք է քննել տամ. ամէն ինչ կանաչ□ մանիշակ կը տեսնեմ, կ'ըսէր։ Նախաճաշ ուզեց, բայց չկրցաւ ուտել։ Արտաւազդ Սրբազանի ձեռքէն Ս. Հաղորդութիւն առաւ։ Յետոյ երկու անգամ «Մնաք բարով » ըսաւ մարող ձայնով։ Կը փորձէր տեղէն ելլել, անհանդարտ շարժումներ կ'ընէր շարունակ։ Նեղուեցաւ` երբ հիւանդապահուհին չհասկցաւ իր հարցումը` թէ ժամը քանի՞ է։ Գիրքի էջեր դարձնելով, ընթերցումի եւ գրելու շարժումներ կ'ընէր։ Երբեմն կը հառաչէր - Տէր ողորմեա։ Ժամը ատեններ սկսաւ հոգեվարքը։
       Ժամը 13ին վերջին այցելութիւնը տուաւ Տօքթ . Խայեաթ։ Տառապալից շնչառութիւն մը ունէր, անկողնի մէջ կէս նստած։ 200 կրամ արիւն առին եւ տեղը glucos e տուին։ Ա՛լ այնուհետեւ գահավէժ էր կեանքի ճամբան։ Բժշկութիւնն ալ` անձնուիրութեամբ աշխատած եւ լրացուցած իր պարտականութիւնը` կ'սպասէր վախճանին, որ ուշ չէր։ Արտօնուեցան քովը ելլել ազգականները, որոնք եկած էին Հալէպէն, Պաալպէքէն ու Պէյրութէն։ Ոչ մէկը կրցաւ հեկեկալ։ Օ՜ պատկառանքը մահուան ժամերուն։ Տօքթ. Եէնիգօմշեան հասաւ մահուան վրայ, Հալէպի մէջ ալ նոյն առաւօտ մահուան յանձնելէ վերջ մօտիկ ազգական մը։
       Եւ շունչի փոքրիկ ցնցում մը, եւ վերջ գտաւ տառապանք ու պայքար։ Չխօսեցաւ ո՛չ կեանքի վրայ, ո՛չ մահուան։ Անակնկալին առջեւ պատրաստութիւն մը, բերնէն յանձնարարութիւն մը չլսեցինք։ Չէ՞ր կասկածած։
       Չհալեցաւ մարմինը. հիւծող հիւանդութիւն մը չէր իրենը. քանի մը օրուան մէջ այրեց ցամքեցուց արիւնը միայն. կազմը մնաց նոյնը։ Կեանքի արկածով մը մեկնեցաւ անցաւորէն։ Ո՛չ տարիքը բեռ մը դարձած էր դեռ, եւ ո՛չ ընթացքը աւարտած Առաքեալին գոհունակութիւնը շահած տակաւին։ Տօքթ. Մելքոնեան, որ նոյն երեկոյ անձամբ կատարեց զմռսումը, կը բացատրէր . - Երկու տարի առաջ երբ քննեցի զինք, ըսի, Վեհափառ, լաւ կազմ ունիք, բայց տոկուն առողջութիւն մը չունիք։
       Կեանքը ուզեց որ հոս ըլլայ վերջին հանգրուանը. օրհնեալ ըլլայ Կեանքը, եւ կենդանի մնայ յիշատակը զայն լիութեամբ ապրող այս Մեծին։
       Բայց ես կը մտածեմ հիմայ, ո՜վ Վեհ ու Սիրելի, քեզմէ աւելի - Դուն երջանկութեան մէջ ես այլեւս - սա գործին վրայ, որ կանգուն կը մնար քեզմով։ Աւազուտքի մը եզերքը բարձրացած այս կմախքային կառուցուածքէն երկու սիւն մէկէն ինկան տասը ամիսներու ընթացքին, երկու սիւն քով-քովի - Շահէ եւ Բաբգէն. բայց շատ է այս։
       Նախկին որբանոց Անթիլիաս։
       Ո՜րբ Անթիլիաս։