Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եպիսկոպոսական Ժողովը, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն հետ համախորհուրդ, պատրաստեց ծրագիրը այն բոլոր արարողութեանց, որոնք պիտի կատարուէին շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը, Անթիլիասի մէջ, Նոր-Մարաշ` Ս. Քառսուն Մանկանց եւ Պերութի Ս. Նշան եկեղեցիներուն մէջ։
      
       ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՆՈՐ-ՄԱՐԱՇ
      
       Շաբաթ 11 Յուլիս, կէսօրէ վերջ ժամը 4ին Կաթողիկոսարանին մէջ ներկայ էին արդէն Ամեն. Թորգոմ եւ Զաւէն Պատրիարքներ, Թեմակալ Եպիսկոպոսներ` Գեր. Եղիշէ Արքեպս. Կարօեան, Արտաւազդ Արքեպս. Սիւրմէեան, Եփրեմ Եպիսկ. Տոհմունի եւ Խադ Եպիսկ. Աջապահեան, Դպրեվանքի երեք Վարդապետներ` Տ. Փառէն Ծ. Վրդ., Տ. Զարեհ եւ Տ. Դերենիկ Վարդապետներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Եղիշէ եւ Տ . Հայրիկ Վարդապետներ։
       Ժամը 430ին Ծերունազարդ Վեհ. Տ. Սահակ Ս. Կաթողիկոս վար իջաւ Վեհարանէն, ընկերակցութեամբ Ամեն. Տ. Թորգոմ եւ Տ. Զաւէն Պատրիարքներու, Թեմակալ Եպիսկոպոսներու, մտաւ մատուռը, վերջին այցելութիւնը տալու իր սիրելի Աթոռակցին, աղօթելու անոր հոգւոյն հանգիստին համար։
       Կարճ աղօթքէ մը ետք, դարձաւ ներկաներուն, ըսաւ, տխուր մելամաղձոտ շեշտով մը։ «Կարգը իմս էր, բայց Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինեց որ ան ինձմէ առաջ երթայ□ ահա զաւակներս օրինակ առէք իրմէ , ան կ'աշխատէր շարունակ, կը գրէր, կը գործէր, ու վայրկեան մը պարապ չէր կենար□ աղօթենք որ Տէրն մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս անոր հոգին երկնային արքայութեան արժանացնէ »։ Վշտաբեկ Հայրապետը այնուհետեւ քաշուեցաւ կրկին իր սենեակը։
       Ժամը 5ին, Անթիլիասի Դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ սաներ, որոնք այս առթիւ եկած էին զանազան կողմերէ, սեւ վերարկուներ հագած, «Տարածեալ»ը երգելով վերցուցին Հանգուցեալ Վեհափառին դագաղը, եւ մատուռէն դուրս հանելով զետեղեցին զայն Քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած մասնաւոր ինքնաշարժին մէջ, եւ իրենցմէ չորս հոգի տեղ գրաւեցին դագաղին քով։
       Քիչ յետոյ դէպի Պուրճ Համմուտ սկսաւ շարժիլ թափօրը կազմուած` առաջնորդութեամբ Ամեն. Թորգոմ եւ Զաւէն Ս. Պատրիարքներէ եւ մասնակցութեամբ թեմակալ եպիսկոպոսներու, ազգային բոլոր հաստատութեանց եւ միութիւններու` Գաւառական, Քաղաքական, Ուսումնական Ժողովներու, Թաղականութեանց, Հոգաբարձութիւններու, Բարեգործականի եւն. ներկայացուցիչներէ, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի եւ Պուրճ Համմուտի տեղական քաղաքապետութեանց անդամներէ եւ բազմաթիւ ազգայիններէ, որոնք եկած էին ուղեկցելու թափօրին։
       Տխուր էր այն պահը, երբ մարդիկ անհուն կսկիծով կը դիտէին Ս. Կաթողիկոսին անշնչացեալ մարմնոյն բաժանումը այն վայրէն, որուն մէն մի խիճը, քարը, ծառն ու ծաղիկը նոյնիսկ, գուրգուրոտ ձեռքով քննած ու փայփայած էր, եւ անոնց վրայ հիւսած` իր լաւագոյն երազներն ու ծրագիրները։ Աչքեր ակամայ կը լեցուէին այն մտածումով թէ, այն` որ այնքան ջերմօրէն փարած էր այս հաստատութեան, ու այնքան նուիրումով մը կ'ուզէր անոր ջիղ ու մարմին տալ, զայն գործօն ազդակ եւ պատնէշ մը դարձնել միանգամայն, ահա յանկարծ կը ձգէր նուիրական այս գործը կիսկատար, ու կը հեռանար իր սիրելի այս վայրէն։
       Այս տխուր իրականութեան առջեւ ընկճուած, թախծոտ ու տամուկ աչքերով, հօտը կը հետեւէր անշունչ մարմնոյն, որ կ'երթար կարծես, իր վերջին թեմական այցելութիւնը տալու այն եկեղեցիներուն , որոնց մէջ իր հոգեշունչ ձայնով կեանք տուած էր երբեմն հոգիներու։
       Ժողովուրդը, տխուր իրողութեան առջեւ դեռ թերահաւատ, խուժած էր ամէն կողմէ Պէյրութէն Անթիլիաս երկարող ծառուղիին վրայ, ու կ'սպասէր իր Հայրապետին, որ կուգար ոչ թէ նորաշէն եկեղեցի մը օրհնելու, այլ օծել տալու իր քայքայուած «եկեղեցին»։
       Ինքնաշարժներու թափօրը դեռ չհասած Պուրճ Համմուտ, ամբոխը ահա կը խուժէ դագաղակիր ինքնաշարժին վրայ, ու մոլեգնութեան հասնող թափով մը կը հանէ Վեհ. ին դագաղը եւ իր ձեռքերուն վրայ բարձրացուցած իբրեւ սրբազան մասունք մը, կը շարժի դէպի Ս. Քառանից Մանկանց եկեղեցին։
       Դպրոցական տղաք, դպիրներ, նուագախում, կը միանան թափօրին, որ հսկայ ծաւալ մը առած էր, օտար անձնաւորութեանց եւ հայ սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Յուզումը, ալիքի մը պէս կը փոթորկէր անհամար բազմութիւնը, որ եկած էր ամէն կողմէ ու լեցուցած` ամէն տանիք, ամէն քար եւ ամէն տեղ` ուր մարդկային ոտքը կրնար կռուան մը գտնել կանգուն մնալու համար։
       Անօգուտ էին գրեթէ զինուորներու եւ Կարգադիր Յանձնախումբի ճիգերը` հեռացնելու համար բազմութիւնը թափօրէն։ Ամէն մարդ կ'ուզէր անձամբ տեսնել, անձամբ շօշափել Վեհ. Հօր դագաղը, որուն մէջ Ս. Հայրապետը զգեստաւորուած կը հանգչէր իր յաւիտենական քունին մէջ։
       Վերջապէս, ահա թափօրը Նոր-Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ առջեւ, որուն սպիտակափայլ սիւները մահուան սեւ ժապաւէններով պատած, որուն ջահերը սեւ ժանեակներու մէջէն տկար ու երերուն լոյս մը միայն կուտային, ստեղծելով մթնոլորտ մը միստիկ, որ աւելի կը շեշտէր մեծ կորուստին առթած ցաւը։ Մինչ նուագախումբը կը նուագէր իր թախծոտ մահերգը, Սարկաւագներ ու դպիրներ, մեղեդիներով ներս կ'առաջնորդեն Վեհ. ին մարմինը, որ կը զետեղուի դասին մէջ դրուած սեղանի մը վրայ։ Քահանայաթաղի առաջին արարողութենէն վերջ, առիթ կը տրուի ժողովուրդին վերջին անգամ դիտելու իր սիրելի Հայրապետին անշունչ մարմինը, եւ մատուցանելու իր վերջին յարգանքի բաժինը։
      
       ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ-ՄԱՐԱՇԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
       Կիրակի առտու, 2 Յուլիս, եկեղեցին լի էր արդէն խառն բազմութեամբ, իսկ փողոցները կ'եռային բոլոր Պէյրութահայութիւնը։ Ժամերգութիւնը սկսած էր արդէն ժամը 5ին, ու Ս. Պատարագը` ժամը 7ին, զոր կը մատուցանէր Գեր. Տ. Եղիշէ Ս. Արքեպս. Կարօեան, որուն կ'սպասարկէին Դպրեվանքի սարկաւագներ։
       «Ողջոյն»էն առաջ խորան բարձրացաւ Ամեն. Տ. Թորգոմ Ս. Պատրիարք, ընկերակցութեամբ Ամեն. Տ. Զաւէն Ս. Պատրիարքի եւ թեմակալ եպիսկոպոսներու, ու սկսաւ օծման արարողութիւնը. նախ օծեց Հնգցլ. Ս. Հայրապետին ճակատը, ու ապա անոր Աջը։
       Այնուհետեւ խօսեցաւ դամբանական քարոզը.
      
       Սգաւոր է Կիլիկեան Աթոռը. սգաւոր է Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին. ազգովին տխուր ենք ամէնքս ալ անմխիթար` այս դագաղին առջեւ, որուն մէջ անշնչացած կը հանգչին ներկայ Հայութեան ամենէն մեծարժէք եւ կենդանի փառքերէն մին, մեր հոգեւոր նուիրապետութեան ամենէն ականաւոր մէկ ներկայացուցիչը, աւա՜ղ, յաւէտ ողբացեալ Տ. Բաբգէն Վեհափառ, Աթոռակից Կաթողիկոսն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Վստահ եմ ցաւագինօրէն` թէ ո՛ւր որ Հայեր կ'ապրին երկրի վրայ, եւ որոնց` այժմ գուժկան հեռագիրը հասցուցած կ'ըլլայ արդէն ահաւոր բօթը, ի խոր խոցուած են բոլոր սիրտերը այս պահուս, ի լուր ո՛րքան անակնկալ նոյնքան եւ անագորոյն այս իրականութեան, որ Եկեղեցւոյ Հօտը յանկարծ կը զրկէ քաջ Հովուապետէ մը, եւ ազգային կեանքը` բազմարդիւն եւ պատուական վաստակաւորէ մը։ Չափ չունի նաեւ իմ վիշտը, երբ, դպրոցական կենակցութեամբ եւ մինչեւ իր եպիսկոպոսական աստիճանը հոգեւորական կարգակցութեամբ եւ մանաւանդ մերձ կէս դար սրտի եւ մտքի կցորդութեամբ միասին ապրած մեծ հոգիէ մը այսքան աղիտաւոր կերպով բաժնուած փրթած կը զգամ ինքզինքս։
       Ու հիմակ, իր սուգովն ընկճուած եւ իր մտածումովը խորասոյզ, մինչ կեցեր եմ ահա սրբալոյս իւղովն ու ամէնուս արցունքներովը օծուած իր աճիւնացեալ պատկերին առջեւ, յիշողութիւնս ետ կը տանի զիս քառասունեւեօթը տարիներու խորութեամբ անցեալի մը վրայ, երբ , դեռ քսաներկուամեայ երիտասարդ, իր գաւառին պարեգօտովը աչքառու, ներս կը մտնէր Դպրեվանքի սեմէն, առաջին վայրկեանէն առինքնելով ամէնուն ուշադրութիւնը` իր ձայնին վճռական շեշտովն ու հատու նայուածքովը. եւ յետոյ, երբ կը դասաւորեմ իր ուսանողական կեանքին եւ հոգեւորական ասպարէզին բոլոր հանգրուանները, Չարխափանի որդեգիր դպրութենէն սկսեալ մինչեւ կաթողիկոսական օծման նուիրագործ վայրկեանը, ինձ կը թուի տեսնել այդ բոլոր պահերուն մէջէն երկարիլը հոգեվիճակի մը, որ իր անձին ամենէն բնորոշ գիծերէն մին եղաւ միշտ. անոր անդրադարձայ առաջին անգամ` երբ իր մահագոյժին խռովքը ցնցեց զիս, ու ա'ն է որ ինծի կը յիշեցնէ հիմա Սաղմոսին այս խօսքը. «Պիտի չմեռնիմ, պիտի ապրիմ. որպէս զի պատմեմ Աստուծոյ գործերը»։
       Պարզ է թէ բնութիւնը սկիզբէն իսկ չէր օժտած զինքը ուժեղ ֆիզիքականով մը. իր դէմքին դալուկը եւ ներքնապէս տառապողի երեւոյթը կը մատնէին զայդ յաճախ իր վրայ։ Որպէսզի իր «զօրութիւնը տկարութեան մէջ » երեւան գայ, Տէրը կարծես իրեն ալ տուած էր «մարմնոյ խայթ » մը որ ստէպ կռփեց զինքը իր աշակերտութեան նախկին օրերէն մինչեւ եպիսկոպոսութեան առաջին տարիները, երբ բժշկական լուրջ գործողութիւն մը յեղաշրջեց իր գործարանաւորութիւնը։ Այնու ամենայնիւ, ամէնքէն աւելի անտարակոյս ինքը գիտակ իր այդ կացութեան, ինքն էր նաեւ որ աւելի քան որ եւ է ուրիշ մը ունէր գիտակցութիւնը հոգեկան այն ներքին ոյժին, որ իր մերձ եօթանասնամեայ կեանքի տեւողութեան գաղտնիքն եղաւ։ Տկար մարմինի մը եւ ուժեղ հոգիի մը հակամարտութեան հանդէսը եղաւ իր կեանքը։ Ապրիլը իրաւունք կը համարէր իրեն. որովհետեւ բարի գործ մը կատարելու , կարեւոր ծառայութիւններ մատուցանելու կոչումը խորապէս կը զգար իր խղճին մէջ։ Ատոր համար, ամէն անգամ որ պաշտօնի մը կոչուեացաւ ինքը կամ ասպարէզի մը դուռը բացուեցաւ իր առջեւ, մինչ ուրիշներ կը կարծէին թերեւս թէ ստիպուած պիտի ըլլար ծանրութեանց տաժանքը խնայել իրեն` ինքը անձնամատոյց յօժարութեամբ խոնարհեցուց շարունակ իր պարանոցը իրեն առաջարկուած բեռան ներքեւ, սիրով յանձն առնելով միշտ Փրկչին լուծը։ Իր քահանայութեան քառասունեւերկու, եպիսկոպոսութեան քսանվեց, եւ կաթողիկոսութեան աւելի քան հինգ տարիներու ընթացքին, հոգիի եւ մարմինի միջեւ իր անձին մէջ մղուած այդ սուր եւ յարատեւ պայքարի միջոցին, եթէ ոչ ստէպ իր շրթանց վրայ այլ յաճախ իր սրտին մէջ ունէր Դաւիթի այդ բառը. «Ոչ մեռայց, այլ կեցից եւ պատմեցից զգործս Աստուծոյ»։
       Եւ արդարեւ, իր կեանքին վաթսուն եւ ութը տարիներուն ամբողջութիւնը, իր առաջին մասովը` պատրաստութիւնը, եւ բովանդակ մնացեալովը` գործադրութիւնը եղաւ հոգեւին զգացուած այդ ուխտին. ապրիլ գործելու համար, գործելու` Աստուծոյ կամքը գործադրելու եւ անոր գործերը պատմելու համար։ - Ապրելու տենչը` մահէն սոսկումը ամենէն արդար բնազդն է հոգւոյն. ինչպէս ծաղիկը կը դառնայ արեւին, նոյնպէս ամէն կենդանի, ու մարդը մանաւանդ, կ'ըղձայ կեանքին։ Բայց ասիկա հասարակ կեանքն է` որ կը ծնի օրին մէկը, ուրիշ օր մը մեռնելու եւ մոռցուելու համար միայն։ Ճշմարիտ` գերազանց կեանքը այն է, որուն մէջ Աստուծոյ սիրոյն կրակը կայ, որ կ'ապրեցնէ մարդը Աստուծով եւ յանուն Աստուծոյ, որ մարդուն պատմել կուտայ Աստուծոյ գործերուն մեծութիւնը եւ փրկարար ոգին. ու այդպիսին միայն եղաւ երանաշնորհ Հայրապետին բովանդակ կեանքը։ Իր հզօր հոգին էր որ ընդ քարշ տարաւ շարունակ իր վատոյժ մարմինը, միշտ յաղթական` մահուան դէմ կռիւին մէջ, մինչեւ որ օր մը, այս չարաշուք օրը ահա, վար դրաւ յանկարծ անոր բեռը, շուրջ կէս դար զայն իբր ընտիր անօթ մը ծառայեցնելէ վերջ բարձր ու բարի նպատակներու արդիւնագործութեան։ Այս պատճառաւ, այդ անշարժ աճիւնները, որոնց վրայ դեռ կը տեսնենք իր կերպարանքին շիջած գիծերը, մահուան աւար մ'ըլլալէ աւելի` նշան մը, շօշափելի վկայութիւններ են ինծի համար այն տքնութիւններուն, սիրոյ եւ նուիրումի այն անդուլ ձեռնարկութեանց, որոնցմով ճգնեցաւ անիկա ու կարողացաւ փառաւորել միշտ Աստուծոյ կամքը, պատմելով անոր գործերը` իր ազգին ու եկեղեցիին պարունակին մէջ։
       Յետադարձ ակնարկ մը լոկ իր գործունէութեան վրայ` կրնայ ցոյց տալ արդարեւ թէ կեանքը, զոր ապրեցաւ անիկա, ճշմարիտ հոգեւորականի մը, ինքզինքը բարձր կոչումի մը ի սպաս ընծայաբերողի կեանքը եղաւ ստուգապէս. եւ այս` իր խօսքովն ու իր գրիչովը հաւասարապէս, եւ իր գործունէութեան զանազան կողմերովը մասնաւորաբար։
       Այո՛, իր խօսքովը. այդ բառին տակ ես կ'ուզեմ մատնանշել ընտիր, կրօնական մաքուր զարգացման եւ ներշնչումի մարդը, որ իր անձին մէջ ի յայտ եկաւ մեր եկեղեցական բեմին վրայ։ Իբր այդպիսի հոգեւորական մը, անիկա շատ կանուխէն, իր սարկաւագութեան օրերէն նոյն իսկ արդէն ուշագրաւ կը դառնար, երբ Չարխափանի կամարները արձագանգ կուտային իր թունդ շեշտերէն կալծկլտող շինիչ մտածումներու։ Փորձառութիւնը, ասպարէզին եւ կոչումին իր մէջ հետզհետէ աւելի խորունկցող գիտակցութիւնը, ժողովրդական հովուութեան միշտ ընդարձակուած դաշտերու մէջ աւելի լայնօրէն ապրուած հոգեւոր կեանքի մը զգացումը բնականաբար ժամանակին հետ միշտ ու աւելի պիտի մշակէին եւ աճեցնէին բնականէն ունեցած իր այդ շնորհքը, այնպէս որ, յետոյ, երբ կը խօսէր Հայրապետական Աթոռէն, իր բառերը պատգամի վեհութիւն ունէին, հաւասարապէս ազդող զարգացածին եւ անգրագէտին համար։ Իր հռետորութեան յատկանիշներն էին պարզութիւնը եւ ջերմութիւնը։ Պարզ էին իր խօսքերը, որովհետեւ յստակ էր իր մտածումը. ջերմ էր իր արտայայտութիւնը, որովհետեւ հաւատքի հուրը կար իր հոգւոյն խորը. մեծագոյն եւ գրեթէ միակ պայմանը` կարենալու համար պատմել, այսինքն մարդկային սիրտերուն փոխանցել Աստուծոյ խորհուրդներուն վսեմութիւնը, եւ սրբութիւնը` անոնցմէ ծնունդ առած գործերուն։ Այդ ոգւով էր որ նա, իր դեռ շատ երիտասարդ հասակին, քանի մը տարիներ, իսկապէս փառաւորեց Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորչի բեմը, ուրկէ մեր լաւագոյն քարոզիչներուն ձայնն էր հնչած միշտ։ Այդ իսկ օրերուն հրատարակած Քարոզներուն իր հատորը պիտի մնայ մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ` նմոյշ իր սրտառուչ պերճախօսութեան։
       Իր խօսքին, Աստուծոյ գործերը պատմող իր խօսքին երկրորդ միջոցը եղաւ ուսուցչութիւնը` պաշտօն` զոր, իր վարած հանրային միւս պաշտօններուն հետ կցորդաբար կամ անոնցմէ անջատօրէն, ունեցաւ Արմաշու Դպրեվանքին մէջ կարճ ատեն մը, յետոյ աւելի ընդարձակ չափով Կ. Պոլսոյ Ազգ. վարժարաններուն մէջ, եւ ապա, աւելի յօրինուածեալ կանոնաւորութեամբ, Երուսաղէմի մէջ եւ մինչեւ իսկ Անթիլիաս, կաթողիկոսական պաշտօնին միջոցին։ Իր ուսուցումին նիւթն եղաւ միշտ հոգեւոր, կրօնական եւ եկեղեցագիտական գրականութիւնը եւ Ս. Գիրքը։ Այս տեսակէտով զինքը ամենէն աւելի յատկանշող կողմը եղաւ եւրոպական ծանօթութեանց հետ ազգային հմտութիւնը ներդաշնակօրէն լծորդելու իր առաւելութիւնը, գաղտնիքը այդ ասպարէզին մէջ իր ունեցած յաջողութիւններուն, եւ այն ազդեցութեան` որով կրցաւ միշտ իրեն կապել իր աշակերտներուն սիրտը։ Սովրեցաւ միշտ, ու ջանաց շարունակ սովրեցնել ամենէն աւելի սովրելու արուեստը. սովրելու Աստուծոյ սէրը, հոգեւոր ճշմարտութիւնները, կրօնքին խորհուրդները, ազգային եկեղեցւոյ դարուց ի դարս շարունակուած կենդանի հաւատքը. պատմելով` այսպէս` այս ժողովուրդին ազգային կեանքին միշտ արդիւնաւորուած աստուածային մեծագործութեանց հրաշքները։
       Բայց իր գործերը աւելի արժանապէս եւ տեւական կերպով պատմել տալու համար, Տէրը անոր տուած էր խօսքի ոյժէն իսկ աւելի կարծես գրչի շնորհք մանաւանդ։ Բաբգէն Կաթողիկոս ուժեղ դէմք մըն էր մեր արդի գրականութեան մէջ, իբրեւ ուսումնասիրող միտք , իբրեւ կորովի խմբագիր եւ իբրեւ` մասնաւորապէս կարեւոր մատենագիր։ Կեանքին ամենամեծ մասով հրապարակային եւ վարչական պարտականութեանց նուիրուած անձ մը եւ բարձր պաշտօնատար մը ի՞նչպէս ժամանակ կը գտնէր նուիրուելու գրական, եկեղեցագիտական եւ բանասիրական այնքան երկերու, որոնք իր մտքին ու գրիչին պտուղը եղան։ Հասկնալու համար ասիկա, պէտք էր ճանչնալ անվհատ աշխատութեան եւ ջերմ հաւատքի մարդը` որ ինքը եղաւ. պէտք էր ըմբռնած ըլլալ Աստուծոյ եւ ազգին գերազանցապէս նուիրուած գործիչի այն ոգին` որ ուղղութիւն տուաւ իր գրչին։ Հաւատքին ու Հայրենիքին պաշտօնեան էր անիկա. այդպէս եղաւ ան միշտ, ու ինքն իսկ իրեն համար ուրախութիւն կը համարէր այդպէս միայն զգալ ինքզինքը. այդ երկու հրայրքներուն համաձուլուած կրակուբոց շունչն էր որ կենդանի պահեց իր հոգին, ապրելու եւ ծառայելու համար բարձր իտէալի մը։ Իր խորին համոզումն էր - ինչպէս իր բոլոր դպրոցակից ընկերներունը -թէ Աստուած մեր երջանիկ եւ քաջ նախնեաց ձեռքով սքանչելի գործեր` հրաշքներ կատարած է մեր անցեալին մէջ, իր ճակատագիրին բարձրութեան վրայ բռնելու համար մեր ազգը. ու իր մշակած գրականութեան մէջ իր մեծագոյն ճիգը եղած է ցուցնել այդ խորհուրդը. այսինքն պատմել` երգել մեր պատմութեան մէջ իրականացած Աստուծոյ գործերը։
       Այդ գաղափարը առանցքն է` որուն շուրջը կը դառնան իր բոլոր տեսութիւնները։ Ամբողջութիւնը իր ուսումնասիրութիւններուն, յօդուածներուն եւ զանազան կարգի բազմաթիւ գրուածքներուն, զորս երկար պիտի ըլլար թուարկել այս պահուս, ամէնքն ալ կը յանգին այդ մտածութեան։ Կ. Պոլսոյ Լոյսին, Ամերիկայի Տաւրոսին, Երուսաղմէի Սիոնին եւ, ի վերջոյ, Անթիլիասի Հասկին մէջ, հանդէսներ` զորս այնքան ձեռնահասօրէն լեցուց ու վարեց, այդ միտքն է որ կ'արտափայլի մէն մի էջի վրայ. նոյնը աւելի շեշտուած հաստատումով կարելի է ըսել իր միւս երկերուն եւ մանաւանդ Եղիշէի, Հայ Եկեցեցիի, Ծովքի, եւ Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ գործերուն համար։
       Ասոնցմէ առաջինը, իր տաղանդին նախախայրիքը, որով նոյն ատեն իր մուտքն ըրաւ գրական բանասիրական աշխարհին մէջ, առողջ քննադատութեան եւ մաքուր հայրենասիրութեան շունչով վերլուծումն է Հայ-քրիստոնէական դիւցազնավէպին, որուն մէջ կը պատկերացուի Հայ գիրերու գիւտին հրաշալի ցանքովը, Աստուածաշունչի Հայերէն Թարգմանութեան անմահ ձեռնարկովը եւ սրբազան գրականութեան հիմնարկումովը ստեղծուած մշակոյթին բարոյապէս պտղաբերումը հայ նոր սերունդին մէջ, որ անոր լոյսովը կարող եղաւ այլ եւս տեսնելու եւ ընդ միշտ ընտրելու ճամբան իր կոչումին, եւ համերամ խոյանքով մը վազելու դէպի ան. զարմանահրա՜շ մեծագործութիւն, արդարեւ, զոր կարելի չէ ըմբռնել՜ առանց աստուածային մատի մը շարժումն ընդունելու անոր մէջ։
       Իր Հայ Եկեղեցիովը -թո՛ղ առաւելազանց չնկատուի կոչել զայն հոս տեսակ մը փիլիսոփայութիւն այդ հոգեւոր գործարանաւորումին պատմութեւն - անիկա յաջողեցաւ ցոյց տալ թէ երկնաւոր Տէրը` ազնուախոհ մտածողներու եւ մաքուր ձեռքերու միջոցաւ ի՜նչ ամուր խորքի վրայ զետեղեց այդ նուիրական Հաստատութեան հիմունքը, եւ ի՜նչպիսի փրկարար մտատիպարի մը ճրագովը ջահաւորեց անոր սրբութեան խորանը։
       Իսկ իր Ծովքովն ու Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան ընդարձակ պատմութեամբը` սրտառուչ կենդանութեամբ նկարագրեց անիկա անփշրելի կամքը ժողովուրդի մը, որ, քաղաքական փոթորիկներէ հողմակոծուած, տառապանքէ տառապանք իր խելակորոյս վազքին մէջ` չմոռցաւ իրեն հետ տանելու իր Ուխտին Տապանակը, իր Հայրապետութիւնը, իր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին կեդրոնաձիգ ոյժը, անոր շուրջը խմբելու եւ կենսաւորելու համար միշտ` ջախջախուած գոյութեան մը բեկորները։
       Ընդունի'նք, սգաւոր ժողովուրդ, թէ կը գտնուինք դագաղին առջեւ պատուական Հայրապետի մը, որուն խօսքն ու գիրը ճշմարիտ պատմագրութիւնը եւ յաճախ պատմերգութիւնը եղան Աստուծոյ կամքին եւ գործերուն. եւ խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ, որ իրօք եւ իրաւամբ կը բացատրէ մեզի իմաստը Սաղմոսին այդ խօսքին. «Ոչ մեռայց, այլ կեցից եւ պատմեցից զգործս Աստուծոյ»։
       Խօսքն ու գիրը կենդանի ոյժեր կը լինին սակայն մարդու մը շրթանց վրայ եւ մատներուն ներքեւ, եթէ անոր անձնաւորութեան մէջ ստուգապէս կենդանի է հոգին. առանց այդ հնոցին չի կրնար եռալ կաթսան, որմէ պիտի դուրս գայ շարժիչ շոգին։ Հանգուցեալ Կաթողիկոսը ոչ միայն հոգեւոր այլ նաեւ հոգիի մարդը եղաւ միշտ։ Անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը, չեն կրնար դժկամակիլ այսպիսի յայտարարութեան մը առջեւ։
       Նորին Երանաշնորհ Սրբութիւն այդպէս յայտնուեցաւ իր կեանքին բոլոր ուղղութիւններուն վրայ. իր վարքին ու բարքին, իր յարաբերութիւններուն եւ գործառնութիւններուն, իր պարտականութիւններուն կատարման եւ իրաւունքներուն ըմբռնումին, իր վարչական եւ պաշտօնական կեանքին, իր կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ, ու մանաւանդ իր մտասեւեռած տեսլականին հանդէպ։
       Ո՞վ չի գիտեր սոսկ այդպիսի ոգիէ մը արդիւնաւորուած այն գործունէութիւնը, զոր ունեցաւ ան, դեռատի հոգեւորական, Սեւ Ծովու ափանց վրայ նախ, ի Սամսոն, ուր ինք կազմակերպեց Ճանիկի նոր թեմը, Փոքր Հայքի այդ դրան Վրայ, յետոյ Մուշի մէջ` ի Տարօն, ուր գացեր էր հայկական սարսափի ամենէն դժնդակ տարիներուն, եւ ուր հայ անցեալին տեսիլքը անանց հոգեզմայլանքներ տուեր էր իր սրտին. ապա` յաջորդաբար` Ղալաթիոյ եկեղեցին, ուր Կոլոտի դամբարանը եւ Կեդրոնականի դրացնութիւնը ներշնչումի նոր աղբիւրներ եղեր էին իրեն համար. Արմաշ, ուր անոյշ յուշքերով սփոփուեցաւ փոխվանահայրութեան եւ վերատեսչութեան պաշտօնի երկամեակին. Անկիւրիա, որուն վրայ եպիսկոպոսացաւ, Ամերիկա, ուր, հակառակ վճռական վայրկեանի մը մէջ իրեն հանդէպ ցուցուած անբարեխղճութեան, գրչի եւ բեմի արդիւնքներով փառաւորեց իր պաշտօնը, ի վերջոյ Երուսաղէմի մէջ, ուր` աւելի քան հինգ տարիներ` իր գերազանց ուսուցչին, հոգելոյս Դուրեան Պատրիարքի աջ բազուկն ու հաւատարիմ գործակիցը եղաւ վանքին մտաւորական վերակազմութեան մէջ. եւ հուսկ ուրեմն հոս, Անթիլիաս, իր անսպառ ջանքերովը այդ աւազուտին վրայ ծաղկագեղուած հոգեւոր եւ կրթական այդ ովասիսին մէջ, ուր հինգ տարիներու շքեղ եւ խոստմնալից պայծառութեան մը վրայ տխուր օր մը յանկարծ պիտի իջնէր իր կեանքին արեւը։
       Ուժգին, ուշիմ, անդուլ, անվեհեր։ Ահա՛ իր բարքին ամենէն կարկառուն գիծերը։ Խնդութիւն յուսոյ մէջ. համբերութիւն` նեղութեանց հանդէպ, եռանդուն ` հաւատքի տեսակէտով. աղօթանուէր. բայց մանաւանդ` «սէր առանց կեղծաւորութեան ». ահա՛ւասիկ իր վարքին բնիկ դրոշմը։ Անպատրուակ անկեղծութիւնը, որ երբեմն կարծես անտեսել կուտար պատշաճից կանոնները, ու վերաբերմունքի երբեմն քիչ մը խիստ թուող արտայայտութիւնները, որոնք քաղցր հոյզ պարունակող պտուղին կճեպի կարծրութիւնն էին սակայն իր վրայ, ամէնքն ալ հետեւանք ուժեղ եւ բարի հոգիի մը միայն, կը մոռնայիր իսկոյն, երբ ձեռքդ կը տանէիր բազկերակին, այսինքն երբ կը զգայիր թէ բարութիւնն էր լոկ որ կը բաբախէր իր սրտին մէջ։ Այո՛, զօրութիւն` որ բարութեան մէջ կը կատարուի. գործիչի մը համար, որ բարձրագոյն իտէալէ մը կ'առնէ իր ներքին մղումը, յաջողութեան ամենէն անհարաժեշտ պայմանն է այդ։ Չազդուիլ ատելութիւններէ, վերէն նայիլ փոքրկութիւններու վրայ, կարենալ մեկնաբանել կեանքը` իր մանուածոյ մանրամասնութիւններուն մէջ, մարդերու եւ գործերու աւելի բարի կողմերը տեսնել, ջանալով ստէպ բացատրել միայն յոռի կողմերը. կարենալու համար` ի գին մեծ զոհողութեանց եւ դժուարութիւններու թէեւ` ունենալ այդ ամէնը, հարկաւոր է որ մարդ ամէն բանէ աւելի ունենայ հոգիի ոյժ եւ սրտի բարութիւն. առանց ատոնց անհնար է տիրանալ միւս բարձրագոյն եւ աւելի կարեւոր այն յատկութեան, որ պտուղն է Աստուծոյ հանդէպ անխախտ հաւատքին եւ մարդոց վերաբերմամբ քաղցր վստահութեան, եւ զոր աւելի ընտանի բառով մը կը կոչենք լաւատեսութիւն։ Ո՞վ կ'անգիտանայ թէ Հոգելոյս Վեհին ամենէն շեշտուած առաքինութիւնն էր բարքի եւ նկարագրի այդ առողջ գիծը. լաւատեսութիւնը։ Երբեմն միամտութեան չափ պարզուկ, բայց միշտ կենդանի, կարելի է ըսել թէ մեծ չափով մը ան եղաւ իր յաջողութիւններուն բանալին։
       Միշտ կը յուսար թէ պիտի յաջողի, եւ այդ յոյսը յաճախ չխաբեց զինքը. վասնզի խորունկ զգացում ունէր թէ սահմանուած էր բան մը` օգտակար եւ տեւական գործ մը կատարելու Աստուծոյ փառքին եւ ազգին օգտին համար։ Թէ, ինչպէս ըսի, այդ յոյսը չխաբեց զինքը, կը հաստատուի ա՛յս երկրին մէջ, իր կեանքի այն վերջին գործունէութեան մէջ մանաւանդ, որուն թատրը եղաւ Անթիլիաս։ Այդ ափունքին գործարանաւորումը իբրեւ Հայրապետանոց, իբրեւ Դպրեվանք, իբր կրթարան, իբր մամուլ, ինչպէս եւ Սիւրիոյ եւ Լիբանանի զոյգ Հանրապետութեանց այս երկրամասին վրայ, երկրական ազնիւ ժողովուրդներուն գրկացը մէջ եւ Ֆրանսայի բարեացակամ նայուածքին տակ, Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան Թեմին այս նոր պարագրութիւնը` իր կազմակերպող տաղանդին եւ ազգանուէր հոգւոյն գործը եղաւ բովանդակապէս։
       Դո՛ւք, ամենէն աւելի, որ իր հոգեւոր հօտը եղաք, ժողովուրդ սգակիր, դո՛ւք որ իրմով փառաւորուած նուիրապետութեան անդամներն եղաք, սգակիր սրբազան եպիսկոպոսունք եւ դասք եկեղեցականաց, ու դուք ամէնքդ մանաւանդ, սգազգեաց նորընծայք, վարդապետք, սարկաւագունք եւ ժառանգաւորք Կիլիկեան Դպրեվանուց, ո՜հ, վստահ եմ թէ դուք ամենէն աւելի տեսաք միշտ եւ կը հաստատէք այժմ թէ ո՛րքան լրիւ ճշմարտուեցաւ իր անձին վրայ ու կեանքին մէջ՜ Սաղմոսին այդ խօսքը. «Ոչ մեռայց, այլ կեցից եւ պատմեցից զգործս Աստուծոյ»։
      
       Հիմակ, սակայն, որ` անհասանելի կամքն Աստուծոյ` իր երկրաւոր գոյութեան վախճանին է հասած ահա իր կեանքը այս դագաղին մէջ, այժմ, որ այլ եւս չ'ապրիր ան մեզ հետ եւ ի գլուխ ամէնքիդ, պէ՞տք է որ վերջացած լինի նաեւ իր գործը` այսինքն Աստուծոյ գործերը պատմելու իր գործունէութիւնը մեր մէջ։
       Թոյլ կուտամ ինծի ըսելու, ժողովո՛ւրդ եւ ժողովակա՛նք մանաւանդ Կաթողիկոսական Թեմի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ինձ թոյլ կուտամ ըսելու թէ Ձե՛ր խղճմտանքը նոյն ինքն պէտք է գլխովին ըմբոստանայ այսպիսի մտածումի մը դէմ։ Դուք ամէնքդ, որ եկած էք ձեր յուղարկաւորական վերջին յարգանքը ընծայելու իր օծեալ մարմնոյն ու նուիրական յիշատակին, դուք ամէնքդ պէտք է ի վերջոյ բաժնուիք իր դագաղէն, հոգեռանդն ուխտով մը` կենդանի պահելու իր գործը, որպէսզի կարենայ ան շարունակել ոգեւորել դեռ զձեզ աստուածային գործերու հրատարակութեամբը ձեր մէջ։ Գաղափարի մարդիկ չեն մեռնիր։ Տ. Բաբգէն Հանգուցեալ Կաթողիկոս գաղափարի մարդը եղաւ գերազանցապէս. ինք կը մեկնի ահա անդարձ , բայց իր պաշտած գաղափարը կը մնայ, եւ պէտք է մնայ ձեր մէջ։ Ձեր պարտքն է չմեռցնել` այսինքն ապրեցնել այդ գաղափարը. կենդանի պահել զայն` ձեր հոգեւոր կենդանութեա՛ն համար նոյն իսկ։ Այն զոր քիչ առաջ ընդունեցիք իբրեւ իր իսկ բերնէն աւանդուած յաւերժական հրաժեշտի հուսկողջոյն օրհնութիւն, առէք եւ ընդունեցէք զայն իբրեւ իր կտակը նուիրական` պահելու իր ծրագրած եւ ձեռակերտած եւ մշակած Դպրեվանքը, ձեր հոգեւոր յոյսերուն այդ մաքուր սերմնարանը, ու պահելու զայն համաձայն այն ուղղութեան ` զոր ինքն իսկ երկնեց եւ գծեց։ Այս է ճշմարիտ յարգանքը զոր իր հոգին պիտի սպասէր ամէնքէդ։
       Իսկ դուք ամէնքդ, որ իր ձեռնասուններն ու աշակերտներն եղաք, վարդապետք` սարկաւագունք եւ ժառանգաւորք, ծնունդներն իր հոգւոյն, մի՛ տրտմիք յուսակտուր տխրութեամբ, իր դագաղին առջեւ յիշելով Աւետարանին խօսքը. «Հարից զհովիւն եւ ցրուեսցին ոչխարքն »։ Չէ զարնուած Ձեր Հովիւը` ցորչափ կ՛ապրի անոր գործը. ու դուք ինքնին լաւագոյն սատարները պիտի լինիք այդ գործին եւ զայն ներշնչող գաղափարին պահպանման, ձեր սրտապինդ քաջութեամբն ու համբերութեամբը` աւելի քան երբեք բազմապատկելով ձեր մէջ անոր հոգւոյն ներգործութիւնը։ Իր` ձենէ միշտ բաժնուելէն ետքն է մանաւանդ որ դուք իրաւունք եւ պարտականութիւն պէտք է զգաք իւրաքանչիւրիդ` խորհելու. «Այլ չեմ միայն զի Հայր ընդ իս է »։ Այս մոխիրը չէր որ ծնաւ զձեզ, այլ իր հոգին. ա՛ն է ձեր հայրը. պահեցէք զայն միշտ ձեր մէջ կենդանի իբրեւ ձեր հոգեծնող հայրը, իբրեւ ստեղծագործող զօրութիւնը, իր հաւատքին, իր յոյսին, իր սիրտին, իր մտատիպարին, իր կեանքին բոլոր ազդուութեամբը։ Ձեր մէջ ու ձեր միջոցաւ է մանաւանդ որ անիկայ այսուհետեւ ալ պիտի հնչեցնէ մեր խիղճերուն խորանին մէջ. «Ոչ մեռայց, այլ կեցից եւ պատմեցից զգործս Աստուծոյ»։
       Չես մեռած դուն , հոգի բարի եւ Գլուխ պատուական բանաւոր հօտի երկնաւոր Հովուապետին. ներէ՛ ինծի, կրտսերագոյնիս` աշակերտական այն խումբին, որուն երիցագոյնը եղար դուն սկիզբէն եւ մնացիր ընդ միշտ` հասակաւ եւ արժանեօք միանգամայն, ներէ՛ ինծի, որ, մէկ կողմէն մահուան ցուրտէն քարացած ստուերիդ եւ միւս կողմէ իրենց ջերմ արցունքն ու սիրոյն խունկը քեզի ընծայաբերող այս ժողովուրդիդ եւ զաւակացդ առջեւ կեցած` զգացուած սրտիս հառաչանքը արտասուելով յիշատակիդ առջեւ կարենամ ըսել. Պիտի չմեռնիս դուն, պիտի ապրիս եւ ընդ երկար պիտի պատմես Աստուծոյ գործերը։ Կը բաժնուիս յաւէտ մենէ. բայց մենք պիտի չմոռնանք զքեզ, քու գործերդ, քեզմով մեր մէջ անձնաւորուած գաղափարը։ Ու պիտի ցանկանք որ քու յիշատակիդ զգացումովը արձագանգէ միշտ մեր մէջ Սաղմոսերգողին խորհուրդը. «Պիտի չմեռնիմ ես. պիտի ապրիմ` Աստուծոյ գործերը պատմելու համար»։
       Հանգի՛ստ յոգնատանջ մարմնոյդ. անդո՜րր մշտայոյզ մտացդ. խաղաղութի՜ւն հոգւոյդ, մինչ քահանայապետաբար կը մերձենաս ի մուտս յաւիտենականին։
       Աղօթենք ամէնքս յոտնկայս, սգաւոր ժողովուրդ, որպէսզի կենաց եւ անմահութեան պարգեւատուն ընդունի իր հաւատարիմ ծառային հոգին ի դասս հոգւոց երանեալ Հայրապետաց քրիստոնէական կրօնիս, ի՛ր իսկ աղօթքովն այցելէ Ազգիս եւ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, անփորձ պահէ իր սուրբ արիւնով գնեալ իր փոքրիկ Հօտը, Ազգս Հայոց, անսասան խաղաղութեան մէջ պահէ անոր նուիրապետական իշխանութիւնը, զՄայր Աթոռն Արարատեան եւ նորա քաջարթուն Գահակալը, մխիթարէ՛ եւ զօրացնէ իր ծայրացեալ ծերութեան մէջ այժմ առաւել եւս վշտաբեկ արժանաւոր Աթոռակալն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ զՏէր Սահակ Սրբազան Կաթողիկոս եւ ամէնուս շնորհէ հոգի սիրոյ եւ աստուածպաշտութեան, ամէն։
      
       ՆՈՐ-ՄԱՐԱՇԷՆ Ս . ՆՇԱՆ
       Եկեղեցական արարողութենէ վերջ, դուրս բերուեցաւ Հանգուցեալ Հայրապետին դագաղը ու կազմուեցաւ թափօրը։ Առջեւէն կ'ընթանար ոստիկանական ջոկատ մը, որմէ վերջ կուգային դպրոցական աշակերտութիւնը երկու շարքի վրայ, որոնց միջեւ Հ. Մ. Ը. Մ. ի սկաուտները, մէկ շարքի վրայ, Քնար նուագախումբը, զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ կը հետեւէին նուագախումբին, որոնցմէ վերջ կուգային Դպրեվանքի սաները, Սարկաւագները, Քհնյ. Հայրեր, Վարդապետներ ու Սրբազաններ եւ ապա դագաղը, որուն ետեւէն ահագին բազմութիւն մը։
       Հ. Ե. Ընկերակցութիւնը կը հսկէր կարգապահութեան, երկու մեծ շղթայ կազմած կ'արգիլէր ժողովուրդին խռնումը թափօրին վրայ։
       Թափօրը նախ անցաւ Անդր-Նահրի կամուրջէն, ու հանրակառքի գծով, քաղաքի կեդրոնական պողոտայէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Նշան։ Ճամբուն վրայ դադրած էին բոլոր երթեւեկութիւնները. պատշգամներու, տանիքներու վրայ խռնուած էր օտար թէ հայ հազարաւոր բազմութիւն մը որ կարելիութիւն մը չունէր հետեւելու թափօրին, որ այնքան դանդաղօրէն կը շարժէր կիզիչ արեւին ներքեւ։
      
       ԴԱԳԱՂԸ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
      
       Երկուշաբթի, 13 Յուլիս, առաւօտեան ժամը 8ին Ս. Նշան եկեղեցւոյն մէջ կատարուեցաւ Ս. Պատարագի արարողութիւն մը օտար հրաւիրեալներու համար։
       Ժամը 8ին Բ. Քօմիսէրի Փոխանորդ Պ. Մէյրիէ հասաւ իր հետեւորդներով, եւ ընդունուեցաւ եպիսկոպոսներու եւ Կարգադիր Յանձնախումբին անդամներու կողմէ, որոնք Ն. Վսեմութիւնը առաջնորդեցին եկեղեցի։ Հետզհետէ հասան Հանրապետութեան Նախագահ` Ն. Վ. Էմիլ Էտտէ, Ընդհ. Հրամանատարութեան Փոխանորդը, Երես. Ժողովի Նախագահ Էմիր Խալիտ Շէհապ, Բ. Քօմիսէրի Լիբանանի Պատուիրակ Պ. Լաֆօն, Երեսփոխաններ Շէյխ Պէշարէ Խուրի, Պ. Միշէլ Զագգուր, Ապտալլա Պէյ Պէյհում, Պապական Նուիրակը, Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքը, Մարօնիտ Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Անտիոքի Թաղ. Խորհուրդը։ Օրուան պատարագիչն էր Գեր. Խադ Եպիսկ. Աջապահեան։
       Ամեն . Տ. Թորգոմ Ս. Պատրիարք Ֆրանսերէն լեզուով քարոզ մը խօսեցաւ եւ վեր առաւ Հանգցլ. Հայրապետին կեանքին գլխաւոր գիծերը եւ իր կատարած օգտաշատ գործունէութիւնը։
       Ժամ 10ին դագաղը մասնաւոր ինքնաշարժի մէջ զետեղուելով, մեկնեցաւ Հալէպ` ընկերակցութեամբ թեմակալ եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու։
      
       ԹԱՓՕՐԻՆ ՀԱԼԷՊ ԵՐԹԸ
       Ճամբուն վրայ, Թրիփօլիի, Հոմսի եւ Համայի հայութիւնը դիմաւորեց Վեհափառ Կաթողիկոսին դագաղը եւ մատոյց իր վերջին յարգանքը։ Շատ դժուարութեամբ կարելի եղաւ անցնիլ այս կեդրոններէն, վասնզի հայ ժողովուրդը ամենեւին չէր ուզեր բաժնուիլ իր սիրելի Հայրապետէն։ Հալէպէն 40 քիլօմէթր հեռու` հայրենակիցներ եւ երիտասարդներ դիմաւորութեան եկած էին եւ բարեւի կեցած ճամբուն երկայնքին։ Իրիկուան ժամը 8ին թափօրը հասաւ Հալէպ։ Քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը փողոցները թափուած էր։ Արտաւազդ Սրբազան Քհնյ. հայրերով, եկեղեցական դասով ու յոգնախուռն բազմութեամբ Ճիտէյտէ փողոցին մէջ դիմաւորեց թափօրը։ Դագաղը վար առնուեցաւ օթօյէն եւ ուսամբարձ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին առաջնորդուեցաւ մինչ Դպրեվանքի նախկին սաներ կ'երգէին «Այսօր Ժողովեալ Սրբոցն□ » շարականը եւ զանգակին ընդհատ-ընդհատ ղօղանջները արտասուքով կը լեցնէին վշտով բաբախուն հոգիները։
       Դագաղը դրուեցաւ ատեան։
       Արտաւազդ Ս. հաւատացեալներու լռութեան մէջ հակիրճ բառերով բացատրեց ազգային սուգը, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհ. Հայրապետին հանդէպ ցոյց տրուած յարգանքին։
       Գշ. առաւօտեան ժամը 5էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6 սգակիր ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ Ս. Քառ. Մանկանց եկեղեցին փութաց վերջին անգամ տեսնելու իր Հայրապետը։ Ամբողջ օրը զինուորներ հսկեցին դագաղին։
       Դշ. առաւօտեան ժամը 7ին, Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Հալէպի Առաջնորդ Գեր. Տ. Արտաւազդ Սրբազան։ Ներկայ էին քաղաքին Վալին, Ֆրնս. Կառավարութեան ներկայացուցիչը, Հիւպատոսներ, իւլէմաներ, կառավարական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնեաներ, Քաղդէացւոց եպիսկոպոսը, Յունաց Պատր. Փոխանորդը, բոլոր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ։
       Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Դպրեվանքի նախկին սաներ, որուն աւարտումէն ետք Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ. պատարագիչ Սրբազանը խնկարկեց դագաղին շուրջը եւ «Ի Վերին Երուսաղէմ » շարականէն ետք բեմ ելաւ ու Ֆրանսերէն լեզուով խօսեցաւ դամբանական քարոզը։ Պատմեց Հանգցլ. Հայրապետին կեանքը, ցոյց տուաւ անոր մեծ արժանիքները եկեղեցական, բանասիրական եւ ուսուցչական ասպարէզներու մէջ։
       Կեսօրէ առաջ ժամը 11ին, միաբանական տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր որոշուեցաւ թաղումը կատարել նոյն օր իրիկուան ժամը 5 ին։
      
       ԹԱՂՈՒՄԸ
       Երեկոյեան ժամը 4ին, հանդիսադրութեամբ Պերութի Կթղկ. Փոխանորդ Գեր. Տ. Եղիշէ Ս. Արքեպս . Կարօեանի։ Եկեղեցական Դասը Ս։ Աստուածածին եկեղեցիէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Քառ. Մանկունք` որուն փոքր խորանին առջեւ դրուած էր դագաղը։ Հնգցլ. Տ. Բաբգէն Կթղսի. գերեզմանը բացուած էր Մկրտիչ Քէֆսիզեանի (1871-1894) կից` Ազարիա Ջուղայեցիի (1602-1609) սնարքին եւ Պետրոս Կարկառեցիի (1584-1602) կողքին։ Սկսաւ թաղման կարգը մինչդեռ հոծ բազմութեան աչքերէն անդադրում արցունքի կայլակներ կը հոսէին։ Դագաղը փոս իջեցնելէ առաջ Արտաւազդ Ս. արտասանեց իր վերջին խօսքերը։ Բաղդատեց Կարկառեցիի եւ Բաբգէն Վեհ. ի գործունէութիւնը։ Վեր հանեց երկուքին միջեւ եղած հանգիտութիւներն իբր կազմակերպիչ, ուսուցիչ ու ծածկեց հանգուցեալին գլուխը վեղարով եւ մարմինը փիլոնով։ Տ. Զարեհ եւ Տ. Դերենիկ Վարդապետներ` քահանայ հայրերու օժանդակութեամբ փոս իջեցուցին Վեհ. ի դագաղը։ Ապա Կիպրոսի Առաջնորդ Սարաճեան Սրբազան կնքեց գերեզմանը։ Հաւատացեալներ արցունքոտ աչքերով հեռացան Ս. Քառ. Մանկունք եկեղեցիէն։
       Տ. Արտաւազդ Ս. Արքեպիսկոպոսի կարգադրութեամբ, յաջորդ օրերուն, ամբողջ շաբաթը, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Լուսահոգւոյն։
      
       Ահա այսպէս, տակաւին քանի մը օրեր առաջ ողջ առողջ , հուժկու ու զօրաւոր, նոր նոր ծրագիրներ կ'որոճար Կաթողիկոսարանի պայծառացման, Դպրեվանքի զարգացման եւ ժողովուրդի բարւոյն համար, յանկարծ այդ փառաւոր ու հոյակապ կաղնին անձայն անշշուկ ինկաւ Անթիլիասի ծովափին վրայ եւ ողբացեալ Բաբգէն Կաթողիկոսի անակնկալ մահը ընդհանուր տխրութեամբ մը համակեց բոլոր զինքը ճանչցողները, ազգայիններ եւ օտարներ, համակիրներ եւ ոչ համակիրներ, գրեթէ անխտիր ողբացին այդ պատուական անձը, իբրեւ նուիրուած հոգեւորական, իբրեւ հաւատաւոր ջատագով քրիստոնէութեան, իբրեւ խղճամիտ պատմագիր, իբրեւ հմուտ եւ պրպտող բանասէր, իբրեւ պերճախօս քարոզիչ, իբրեւ վաղեմի վաստակաւոր հայ եկեղեցւոյ, իբրեւ անշահասէր մշակ հայ ժողովուրդին ծառայութեան տրամադրուած, իբրեւ արդիւնաւոր եւ անխոնջ ուսուցիչ որ յԵրուսաղէմ եւ յԱնթիլիաս կրկին հնգեակ տարիներու ընթացքին խումբը մը ուսեալ հոգեւորականներ եւ ուսուցիչներ նուիրեց ազգին, իբրեւ ուղղամիտ եւ կոչումին գիտակից խմբագիր որ ի Պոլիս «Լոյս », ի Պոսթոն «Տաւրոս », յԵրուսաղէմ «Սիոն » եւ յԱնթիլիաս «Հասկ » շաբաթաթերթերն եւ ամսաթերթերն ի լոյս ընծայեց կուռ եւ օգտակար պարունակութիւններով, Կարծես թէ Հոգելոյս Բաբգէն Կաթողիկոս իւր ամբողջ կեանքը գրելով անցուցած ըլլար, այնքան շատ են իր երկասիրութիւններն, զորս կ'արժէ մի առ մի յիշատակել իրենց թուականներով եւ տպագրութեան վայրերով։
      
       ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ Ս. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
       ՏՊՈՒԱԾՆԵՐ
       1. - Կիլիկիա, տպ . Թիֆլիզ, 1896։
       2. - Ժողովուրդին Տօնացոյցը, տպ . Կ . Պոլիս, 1901։
       3. - Ծովք-Տլուք-Հռոմկլայ, տպ. Վիեննա, 1904։
       4. - Կոլոտ. տպ . Վիեննա, 1904։
       5. - Քարոզներ . ), տպ. Կ . Պոլիս, 1904։
       6. - Եղիշէ (Քննական ուսումնասիրութիւն ) տպ . Վիեննա, 1908։
       7. - Հայ Եկեղեցին Ե. րդ դարուն մէջ, տպ. Կ . Պոլիս, 1912։
       8. - Յիշատակարան Պասմաճեան Գրիգոր Պատրիարքի, տպ . Փարիզ, 1913։
       9. - Միւնաճաթ (Թիւրքերէն աղօթագիրք ) Գ. րդ տպ. Կ. Պոլիս, 1913։
       10. - Քաջն Վարդան, տպ. Պոստոն, 1920։
       11. - Հայաստանեայց Եկեղեցի (Բանախօսութիւն ), տպ. Պոստոն, 1914։
       12. - Կենսագրութիւն Ամեն. Դուրեան Ս. Պատրիարքի, տպ. Նիւ Եորք, 1929։
       13. - Իսլամը Հայ Մատենագրութեան մէջ, տպ. Վիեննա, 1930։
       14. - Հայ Եկեղեցի, տպ. Երուսաղէմ, 1932։
       15. - Քրիստոնէական, տպ. Երուսաղէմ, 1932։
       16. - Դասեր Աւետարանէն . Շարք ), տպ. Անթիլիաս, 1934։
       17. - Դասեր Աւետարանէն . Շարք ) տպ. Անթիլիաս, 1936։
       18. - Հայ-Կիպրոս, տպ. Անթիլիաս, 1936։
       19. - Հայ Եկեղեցի (ֆրանսերէն եւ արաբերէն ), տպ. Պէյրութ, 1936։
       20. - Հայ Եկեղեցի, որուն ֆրանսերէնը եւ արաբերէնը արդէն հրատարակուած էր, այս անգամ ալ բնագիր հայերէնը, տպ. Անթիլիաս, 1939։
      
       ԱՆՏԻՊՆԵՐ
       1. - Հայ Անկիւրիա։
       2. - Վարդապետը Հայց . Եկեղեցւոյ մէջ (Կանոնագիտական ուսումնասիրութիւն)։
       3. - Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Ազգ. Մատենադարանի Կ. Պոլսի։
       4. - Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Կարմիր-Վանքին Անկիւրիոյ։
       5. - Հայ Անթէպ։
       6. - Օրմանեան Սրբազան։
       7. - Եկեղեցական Տոմարագիտութիւն։
       8. - Բարեկարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։
       9. - Նալեան եւ Նարեկացի։
       10. - Պատմութիւն Աշխարհաբարի։
       11. - Ներածութիւն Հնգամատեանի։
       12. - Աստուածաբանութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ։
       13. - Կանոնագիտութիւն Հայ Եկեղեցւոյ։
       14. - Առաջնորդ Մանկատածութեան (Մայրերու համար)։
       Եւ բազմաթիւ այլեւայլ թերաւարտ ուսումնասիրութիւններ։
       Եւ այս բազմարդիւն հոգեւորականը վախճանեցաւ 68 տարեկան հասակին մէջ, որ կրնար տակաւին երկար ատեն ծառայել հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ, մի միայն հինգ տարի, մէկ ամիս եւ տասը օր Աթոռակից Կաթողիկոսութեան պաշտօնը վարեց եւ իր ձեռնարկած գործերը մեծաւ մասամբ կիսատ թողուց եւ արդէն կանուխէն գուշակած էր իր մահը, իր Յուշատետրէն կ'առնենք հետեւեալ կտորը եւ ատով կը փակենք Եկեղեցւոյ մեծ կորուստին գլուխը։
      
       «1933 Ապրիլ 19, Դշ. »։
       «Երէկ Տօքթորը երբ կը քննէր կուրծքս, պահ մը այնպիսի գծեր անցան իր դէմքէն, որ մտահոգ ըրին զիս, բան մը չըսի, քննութիւնը լրացուց , յետոյ սկսաւ խօսիլ, շնչերակի մասին դիտողութիւն ըրաւ, չուզեցի շատ կարեւորութիւն տալ։ Բայց կ'երեւի այնքան ազդուած եմ որ գիշերը արթնցայ եւ ալ չկրցայ քնանալ, որովհետեւ տօքթորին այդ դէմքը կը պատկերանար աչքիս առջեւ, եւ ինձ կը թուէր թէ մահս փութացնող բան մը կայ ներսս, ու ես պիտի մեռնիմ առանց կատարելու պարտքս եւ առանց ի գլուխ հանելու ծրագիրներս այս փափուկ պաշտօնիս մէջ։ Բայց միթէ բժիշկներ իրենք կեանքի տէ՞րն են։ Չէ՞ որ կեանքը իր օրէնքն ունի։ Պիտի մեռնիմ, բայց գործերս կատարելէ յետոյ։ Մահը անխուսափելի է, կ'արժէր այդ մասին խօսիլ, փիլիսոփայել։ Գործի՛ նայինք։ «Մինչդեռ ժամանակս ի ձեռս է գործեսցուք զբարիս»։