Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երկու Աթոռներուն յարաբերութեան ծագումը կը վերանայ շատ հին անցեալի մը։ Երուսաղէմ եղած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմ, եւ ասիկա ո՛չ միայն այն ժամանակ երբ հայոց թագաւորութիւնը կը բարգաւաճէր Տաւրոսի անառիկ գահերուն վրայ եւ Սիս էր Աթոռ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, այլ նաեւ երբ վերցաւ հայոց թագաւորութիւնն եւ վերահաստատուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Ս. Էջմիածնի մէջ, 1441ին եւ Սիս եղաւ Աթոռ Կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
       Տ. Սաւալանեան այսպէս կը պատմագրէ երկու Աթոռներու յարաբերութեանց ծագումը.
       -«Ի ժամանակս իշխանութեան Ռուբինեանց Առաքելական Աթոռն Ս. Երուսաղեմի գտանէր ընդ քաղաքական պաշտպանութեամբ թագաւորացն Կիւլիկիոյ եւ ընդ իրաւասութեամբ Կաթողիկոսին Սըսոյ. վասն որոյ իբրեւ այս ժողով (կ'ակնարկէ Սիսի 1307 ի լատինամէտ ժողովին, Անաւարզեցի Գրիգոր Կաթողիկոսի ատեն ) լինէր ի Սիս ընդդէմ հաճութեան ընդհանուր ազգին, եւ սահմանադրութիւնք նորահաստատք հակառակ հնաւանդ ծիսից կարգէին բռնութեամբք թագաւորաց, տեսեալ Սարգսի Արքեպիսկոպոսի եւ Պատրիարքի Ս. Աթոռոյն Երուսաղեմի , եթէ ի վտանգի կայ եկեղեցին Կիւլիկիոյ եւ անբիծ վարդապետութիւն սուրբ հարց, եւ ինքն կամելով անարատ պահել զեկեղեցին իւր, անսաստեալ հրամանաց արքային Օշնի եւ Կաթողիկոսին Կոստանդեայ, ի բաց հատանէ զՍ. Աթոռն Երուսաղեմի յիրաւասութենէ նոցա, եւ հանեալ առանձին հրովարտակ ի Սուլտանէն Եգիպտոսի, ինքնաձեռն վարէ զիշխանութիւն իւր յամէ 1311» (Պտմ. Երուսաղեմի, գրեաց Տիգրան Հ. Թ . Սաւալանեանց, 1872, Երուսաղէմ, ինքնաձեռագիր, էջ 603)։
       Բայց կ'երեւի թէ Սարգիս Պատրիարքի կարգադրութիւնը զուտ քաղաքական հանգամանք մը ունէր, թագաւորական ճնշումէ զերծ մնալու համար. վասն զի Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռը, հակառակ այդ կարգադրութեան, պահեց իր իրաւասութիւնը Ս. Յակոբի վրայ, եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ յաճախ այցելեցին Երուսաղէմ եւ աշխատեցան ատոր պարտքերը վճարելու։ Երուսաղէմ Եգիպտոսի Մէմլուքներուն ազդեցութեան շրջանակը մտած էր, հետեւաբար դիւրահասկնալի է Սարգիսին առած քայլը. եւ նոյնչափ դիւրահասկնալի է որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան իրաւասութիւնը կը մնար Երուսաղէմի վրայ։
       Երուսաղէմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմ նկատուած ատեն ամենեւին մտքէ անցընելու չէ որ Առաքելական Աթոռը ստորադաս դիրքի մը իջած ըլլայ. ընդհակառակն Ս. Յակոբայ Աթոռը իր աւանդական հնութեամբ եւ առաքելական նուիրականութեամբ բացառիկ յարգանքի եւ վերաբերմունքի արժանի եղած է, հոգեւոր վերին իշխանութեան մօտ, այնպէս որ Երուսաղէմի Պատրիարքներ, նոյն իսկ նուազ կարողներն ու արժանաւորները, շնորհիւ իրենց նստած Աթոռի նշանակութեան, իբրեւ համապատիւ եղբայրներ յարգուած եւ պատուուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն։
       Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկման պահերուն, երբ կաթողիկոսութիւնն ալ նուազ եւ նուաղ վիճակի մը մէջ ջանքեր կ'ընէր պահելու իր դիրքը, կարող կաթողիկոս մը գտնելու համար, Կիլիկեցիք դիմեցին իրենց պանծալի թեմին, Երուսաղեմի եւ անոր Պատրիարքը, Պօղոս Գառնեցին Սիս տարին (1418-1430)։ Անշուշտ եթէ երկու Աթոռներու մէջ իրաւասական ոեւէ կապ եւ յարաբերութիւն ջնջուած ըլլար, գոնէ անտեղի ձեռնարկ մըն էր Երուսաղեմի Պատրիարքի մը ընտրութիւնը Սիսի Աթոռին համար։
       Նոյն իսկ Ս. Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութենէն ետքը, մենք կը տեսնենք թէ Մուսաբէկեանի յաջորդը, Թօխաթցի Կարապետ Կաթողիկոս, որ երկարատեւ եւ շինարար պաշտօնավարութիւն մը ունեցաւ (1448-1477), Կիլիկիոյ Աթոռին գործերը կարգադրելէ ետքը առաջին պարտքը կը համարի իրեն այցելել Երուսաղէմ, թէ՛ ուխտի եւ թէ՛ կարգադրութիւններ ընելու նպատակով, եւ կը հոգայ Ս. Յակոբի բոլոր պակասները. վասն զի այն ատեն ալ Ս. Յակոբ պարտքի տակ ճնշուած էր, եւ Խաչ եւ Աւետարան եւ Շուրջառ, Վանքին նուիրականութիւնները աւանդ մնացած էին այլազգիներու ձեռքին մէջ։ Կարապետ Կաթողիկոս Երուսաղէմէն ուղղակի անցաւ Եգիպտոս, Մելիք Տահիրին Ս. Յակոբին իրաւունքները վերահաստատել տուաւ նորոգ ֆէրմաններով, եւ մեծ մեծ պատիւներու արժանանալէ ետքը կրկին եկաւ Երուսաղէմ, «եւ ազատեաց զԵկեղեցին ի պարտուց, եւ զՍրբութիւնսն` ի յանօրինաց»։
       Սթանօզի (Անկիւրիոյ մօտ ) Քառասնից եկեղեցւոյն թիւ 2 Ձեռագիր Աւետարանը, գրուած ՊՁԸ = 1439ին, Երուսաղէմ Սարգիս Աբեղայի ձեռքով, յիշատակագրութիւն մը ունի (էջ 475բ ) անխնամ գրչութեամբ, որուն համեմատ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Յովհաննէս (Թուլկուրանցին, 1489-1525) Կաթողիկոսն է Երուսաղէմի, 1507ին։ Երուսաղէմի Վանքին գիրքերը, զգեստներն ու սպասները, եւ այլն, դարձեալ ի վաճառ հանուած են պարտքի պատճառաւ. ըստ յիշատակագրին անհաւատ գործովք եպիսկոպոսաց, եւ Հոգեւոր Տէրը, այսինքն Յովհ. Կթղս. Թլկուրանցին, կուգայ եւ կ'ազատագրէ զանոնք.
       -«Դարձեալ ես նուաստ Մկրտիչ վարդապետ եդի զԱւետարանս յիշատակ ի Սբ. Երուսաղէմ, ի թվին ՋԾԶ (=1507). ի սոյն Ժամանակի Տր. Յոհանէս Կաթղկս. Եմի ., եւս սու(? ) եկն առ մեզ այն(? ) անիրաւ բաներ ուր անհաւատ գործաւք Եպսն. եւ իւր պս. (? ). ինչ յերկարեմ, մինչեւ զգրակալք ծածկոցն ի մեզ եկաւ. ԽԵ (=45) շուրջառ Հոգեւոր Տէրն Թափելուի(? ) յայնս ինչումն(? էր թէ զամէն թափէր. մեք այլ զոր ի յիշատակ Թուրվանդին եւ Տարւիշին, Վարդերցուարին ետուք յիշատակ ի Սբ. Յակոբ յԵրուսաղէմ. մի՛ ոք իշխեսցէ հանել զդա անտի ո՛չ ի մերոց եւ ոչ յօտարաց ու ով որ յանդգնի, զրկի ի փառաց Որդոյն»։
       Յիշատակագրիս տեղեկութիւնները արժէքաւոր են մանաւանդ այն պատճառաւ որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը Երուսաղեմի ալ կաթողիկոս է, կ'ըսէ, եւ այս պատճառաւ է որ Կաթողիկոսը կը թափէ ու կ'ազատագրէ Ս. Յակոբի նուիրական գոյքերը տաճիկներու ձեռքէն։
       Թլկուրանցիէն ետքը, Քիլիսցի Յովհաննէս նախ իբրեւ պատրիարք Երուսաղէմի եւ ապա իբրեւ կաթողիկոս Կիլիկիոյ, Ս. Յակոբը ազատեր է ուրիշ փորձանքէ մըն ալ։ Երուսաղէմի պատմագիր Աստուածատուր Եպս ., դատաստանագիր մը թարգմանած է արաբերէնէ (ժմնկգրն. Պտմ. Ս. Եղէմի. Հատոր Ա. էջ 251-254) որուն համեմատ, «Յովհաննէս Եպիսկոպոս, որդի Ղուկասու, լեալ յառաջագոյն Կաթուղիկոս Սսոյ » Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյն կառավարութեան գլուխն է , եւ վանքը կ'ազատէ Թէբայիտցի Գէորգ անուն փոխանորդի կամ գործակատարի մը հարստահարիչ տիրապետութենէն գործակցութեամբ Մկրտիչ Եպիսկոպոսի եւ Ղաննէմի որդի Մանսուրի, որ կ'երեւի թէ գործակատարն է վանքին (1517-1524)։- Քիլիսցիին ատենն է որ Համբարձման ոտնատեղւոյն մատրան գմբէթը կը նորոգուի 5000 ղրուշով, որուն պայմանագրութիւն կը կնքեն ճարտարապետին հետ Պտրքկն. Փոխանորդ Խաչատուր Եպիսկոպոս եւ Մանսուր (1529)։
       Դարձեալ, Քիլիսցիին ատենն է որ «դատական օրինօք » կը կարգադրուի Բեթղեհէմին Ղաֆար ըսած տուրքը, որ կը տրուէր արաբներուն, իւրաքանչիւր ուխտաւորի գլուխ երկու արծաթ դրամ Բերիոյ, որպէս զի էւէլ պակաս պահանջելով ուխտաւորները չնեղեն։
      
       Ազարիա Ջուղայեցին ալ, Կիլիկիոյ նշանաւոր կաթողիկոսներէն մին, 1584-1601, որ միանգամայն էր «Պատրիարք Երուսաղէմի », իր մէկ կնիքին համեմատ, ( Տե՛ս Պալճեան) շատ հոգ տարաւ եւ յոգնեցաւ Ս. Յակոբի պարտքերը վճարելու համար։
       Արդար Դաւթի պատրիարքութեան ատեն էր (1593-1610) եւ Ս. Յակոբ նորէն ինկած էր ծանր ծանր պարտքերու տակ, եւ ամէն բան գրաւ դրուած էր տաճիկ արաբներու քով։ Դարանաղցին որ անձամբ տեսած էր Ս. Յակոբին այս վիճակը, դիտել կու տայ թէ ձեռաց խաչ մը իսկ չէր մնացած վանքին մէջ։ Ազարիա կաթողիկոս գործի ձեռնարկեց լրջօրէն։ Գնաց Տիգրանակերտ, ժամանակին ամէնէն նշանաւոր Վարդապետներով ժողով մը գումարեց հոն։ Տիգրանակերտի Առաջնորդ Սրապիոն Ուրֆացի ( ապա աթոռակից կաթողիկոս Էջմիածնի Գրիգոր ԺԳ. անուամբ ), Պետրոս Կարկառեցի ( ապա աթոռակից կաթողիկոս Կիլիկիոյ, Ազարիայի մահէն ետքը ), հաւանաբար նաեւ Ղուկաս Կեղեցի, ուսուցիչ Պետրոսին եւ Սրապիոնին, տիրո՛ղ դէմքերն էին այդ ժողովին մէջ։ Որոշուեցաւ ուղղակի ժողովուրդին դիմել եւ հանգանակւոթեամբ ձեռք բերել պէտք եղած դրամը Ս. Յակոբին պարտքերը վճարելու համար։ Այս նպատակով նուիրակութեան կամ հանգանակութեամբ երեք ընդարձակ շրջանակներ գծեցին։ Առաջինը` Տիգրանակերտ, բոլոր Միջագետք, եւայլն, Սրապիոն ինքն ստանձնեց. երկրորդը` Կարնոյ փաշալըխը, մօտապաս բոլոր երկիրներով, տրուեցաւ Պետրոս Կարկառեցիին, երրորդը` Սեբաստիոյ սանճախ, Եւդոկիա, Գաղատիա, Հալէպ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սահմանները, առաւ նոյն ինքն Ազարիա կաթողիկոս։ Սիմոն կաթողիկոս Կիլիկիոյ, իր առ Փիլիպպոս կաթողիկոս Էջմիածնի ուղղեալ նշանաւոր թուղթին մէջ կ'ըսէ թէ Ազարիա եւ Պետրոս կաթողիկոսներ «վասն պարտուցն Երուսաղեմայ գնացին մինչեւ ի Հին Ջուղայ »։ Աւետարանի մը Յիշատակարանին համեմատ, Ազարիա գացած է մինչեւ Բաղէշ ։ Ազարիա, Գրիգոր Կեսարացին ալ (երիցս Պատրիարք Կ. Պոլսի ) լծեց այս հանգանակութեան գործին։
       Այս մեծ մարդիկ իրենց վարդապետներով ու եպիսկոպոսներով մտան հայ ժողովուրդին մէջ, եւ շատ դրամ հաւաքեցին, բերին Հալէպ` Ազարիա կաթողիկոսին։ Ազարիա պատգամաւորութիւն մը կազմեց, իր աշակերտ, Այնթապցի Յովհաննէս Վարդապետին նախագահութեամբ, հանգանակուած դրամէն մաս մը յանձնեց անոր եւ ղրկեց Երուսաղէմ։ Պատգամաւորութիւնը յաջողութեամբ ի գլուխ հանեց իր պաշտօնը։ Պարտքերը վճարեցին, որոնց գումարը եղած էր 60, 000 ղրշ. (մեր արդի դրամով 60, 000 ոսկի ) ազատագրեցին նուիրական գրաւները, մաքրագործեցին Վանքը Մէրտինցի հայերէ, որոնք տեղաւորուած էին հոն եւ փորձանք եղած Ս. Յակոբին, եւ վերադարձան Հալէպ, երբ վախճանած էր Ազարիա, որուն համար վերջին փառաւոր եւ յաւէտ յիշատակելի գործ մը եղաւ Երուսաղէմի պարտքերուն բարձումը։
       Ս. Յակոբ մեծ շունչ մը առաւ պարտքին բեռները նետելէ ետքը։ Բայց ասիկա երկար չտեւեց. որովհետեւ Հայաստան, Անատօլու խռոված էր։ Թիւրք եւ պարսիկ պատերազմներու հետեւանքով հայ ժողովուրդը տեղահան եւ տարագիր կ'ըլլար իր բնաշխարհէն դէպի Կ. Պոլիս եւ մօտիկ տեղեր։ Ճելալի կոչուած ապստամբներու կազմակերպեալ հրոսակները կ'ասպատակէին ամէն կողմ եւ կ'ապականէին։ Բնական է որ այս պայմաններու մէջ պիտի դադրէին Երուսաղէմի հայ ուխտագնացութիւնն ալ, նուիրակութիւններն ալ, եւ Ս. Յակոբ դարձեալ պիտի իյնար պարտքերու ներքեւ։
       Ազարիա ձեռնարկեց այս մեծ գործին, որովհետեւ ո՛չ միայն կաթողիկոսն էր Կիլիկիոյ եւ պարտաւոր էր օգնել Ս. Յակոբին, ուրիշ նշանաւոր եկեղեցականներու պէս, այլ որովհետեւ Ազարիա միանգամայն «Կաթողիկոս » կամ «Պատրիարք » էր Երուսաղէմի։
       Կ. Պոլսի Ազգային Մատենադարանին թիւ 132 Ձեռագրին («Լուծմունք Մեկնութեան Յոբայ եւ Մեկնութիւն Յոբայ ») յիշատակարանը շատ կարեւոր է այս կողմէն . - «Գրեցաւ գիրքս ածային. որ կոչի Քաղածու... ի խնդրոյ քաջ րաբունապետին մերոյ եւ տիեզերալոյս Պատրիարգին Երուսաղէմայ Ազարիայ Կաթողիկոսին Կիլիկեցւոյ, յիշատակ իւր ծնողացն եւ ի վայելումն անձին իւրոյ։ Ի թվականութեանս աբեթական տումարի ՌԽԲ» (=1593)։
       Ազարիայի յաջորդներէն, եւ Այնթապցի Յովհաննէս Դ. ի աթոռակից , Կարկառեցի Պետրոս Կաթողիկոսն ալ (1602-1608) մասնաւոր հոգածութեան առարկայ ըրաւ Ս. Յակոբը։ Տեսանք արդէն թէ Պետրոս` Ազարիա կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ կազմուած Տիգրանակերտի ժողովին երեք գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր։ Երբ Կաթողիկոս եղաւ Պետրոս` իր առաջին գործն եղաւ Ս. Յակոբին պարտքերը կարգադրել. եւ ասոր համար ինքն էր որ իր աշակերտներէն Պարոնտէր Գրիգորը, Երուսաղէմի ապագայ նշանաւոր Պատրիարքը, գործի մղեց։
       Պարոնտէր, իբրեւ ուխտի զաւակ, նուիրուած էր Ս. Յակոբին։ Նա իր պատանութեան ատեն եկաւ Երուսաղէմ, կատարեց իր ծնողաց ուխտը, վերադարձաւ իր հայրենիքը. յետոյ նորէն եկաւ Երուսաղէմ 1581ին, ատեն մը ծառայեց Ս. Յակոբին, եւ ապա Հռոմ գնաց ուխտի Ս. Առաքելոց գերեզմանին, եւ վերադառնալով անկից` եկաւ Կարկառեցւոյն քով ուսանելու համար։ Պարոնտէր նոյն իսկ դպրութեան աստիճան չունէր դեռ. բայց Կարկառեցին տեսնելով իր աշակերտին քաջութիւնը հոգեւոր եւ մարմնաւոր գործերու մէջ, զայն վերակացու կարգեց «ի վերայ մարմնաւոր բանից սուրբ Երուսաղէմայ. քանզի ի յայնմ ժամանակին էր Սուրբ Երուսաղէմ ի ներքոյ բազում եւ անթիւ պարտուց. եւ զամենայն անօթսն գրաւ եդեալ էին. եւ տառապէին բոլոր ազգս հայոց, եւ ո՛չ կարէին ազատել. զի տոկոսեաց տոկոսն օրըստօրէ առաւելոյր։ Եւ տեսեալ զնա յոյժ փոյթ եւ զուարթ ի գործս, յորում եմուտ, առաւել գտաւ քան զկարծիս կամաց նոցա իբրեւ զծառայն որ զքանքարն կրկին աճեցոյց…
       զի որպէս անուանակիրն սորին` Լուսաւորիչն մեր, թարց աստիճանի զԱզգս Հայոց ի հաւատ էած եւ յետոյ ընկալաւ զկարգ, նոյնպէս եւ սա` չեւ եւս էր առեալ աստիճան, եւ բազում ջանս եւ քաջութիւնս եցոյց, եւ զբազումս ի պարտուցն Երուսաղէմայ թէթեւացոյց։ Տեսին ըստ բանի Իմաստնոյն զգործնականն, զբարոյականն եւ զտնտեսականն կատարեաց. եւ ապա` կամեցան զքաղաքականն ի նա յանձնել. ետուն նմա զաստիճան Աւագ Սարկաւագութեան վերոյասացեալ Պետրոս սրբասնեալ կաթողիկոսն, ամենայն մեծամեծովք հայոց, եւ Դաւիթ Արքեպիսկոպոսն Սուրբ Երուսաղէմի, եւ յանձնեցին ի նա զամենայն հոգսն Երուսաղէմի»։ (Թիւ 322) Ձեռագիր Մատենադարանին Ս. Յակոբայ , թղթ. 34-36բ.
       Այս կը նշանակէ թէ Կարկառեցի՛ն է որ Պարոնտէր մը պատրաստեց Ս. Յակոբի ծառայութեան, իբրեւ հոգեբան ուսուցիչ մշակելով անոր բարձր ընդունակութիւնները։
       Յովհաննէս Դ. Այնթապցին, Ազարիային աշակերտն ու յաջորդը (1602-1621), որ արդէն Ազարիայի կողմէն, պատգամաւորութեան գլուխը, եկած էր Երուսաղէմ պարտքերը վճարելու եւ Վանքը մաքրագործելու համար, կաթողիկոսական Աթոռ բազմելէ ետքն ալ զբաղեցաւ Ս. Յակոբի պարտուց բարձման խնդրով։
       Պարոնտէր համբերութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ի գլուխ հանած էր իրեն վստահուած պաշտօնը։ Կեսարացին, որ Յովհաննէսէն Եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր 1602ին Կ. Պոլսի պատրիարքական Աթոռին վրայ, իր Մովսէս վարդապետին հետ (ապագայ կաթողիկոսն Էջմիածնի ) Երուսաղէմ կուգայ Եգիպտոսի եւ Սինայի ուխտավայրերուն այցելելէ ետքը, եւ երեւելի աշխարհական ու եկեղեցական ուխտաւորներու ներկայութեամբ, կը քննեն Պարոնտէրին գործերը, Արդար Դաւթին տեղ Պատրիարք կը կարգեն նոյն ինքն Պարոնտէր Գրիգորը, 1610ին, որու ձեռնադրութիւնը սակայն, հաւանաբար Արեւելեան Տօլվաթաւորներու փափաքով, Էջմիածնէն Աւետիք Կաթողիկոս կը հրաւիրուի ընել Ս. Յակոբայ տաճարին մէջ։
       Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սիմէոն Բ. 1646ին երուսաղէմ կուգայ պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու։ Այս առթիւ Ս. Յակոբին յիշատակ կը դնէ Շարակնոց մը , գրուած յԱտանա, 1636ին, իրեն համար, եւ ատոր մէջ իր իսկ ձեռքով յիշատակագրած է. - «Ի թվին ՌՂԵ (=1646) ես Սիմէոն Կթղկս. եկի ի Սբ. Երուսաղէմ եւ զՏէր Աստուածատուր Վարդապետն` ամենայն աշխարհի հաւանութեամբ հաստատեցաք Առաջնորդ Ս . Երուսաղիմայ. եւ եդի զՇարակնոցս զայս յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց ի Սուրբ Յակոբ. զոր լաւ բռնողն եւ խնամ տանողն օրհնի յԱստուծոյ» (Թիւ Ձեռագրիս 1984)։
       Այս Սիմէոն կաթողիկոս, որ նշանաւոր է իր առա Փիլիպպոս կաթողիկոս ուղղուած թղթով, դիտել կու տայ այդ թղթին մէջ. - «Բայց թէ պարծենամք, ունիմք եւ տեղիք. վասն զի Սուրբ Լուսաւորչի Աջն ի մեզ, Սուրբ Երուսաղէմն` թեմ»։
       Ներսէս Սեբաստացի (1648-1654) Երուսաղէմ եկած էր, իբրեւ իր թեմը, երբ Փիլիպպոս կաթողիկոսն ալ (1632-1655) Էջմիածնէն եկաւ հո՛ն եւ այս առթիւ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի ժողովը 1652ին, Սիսի եւ Էջմիածնի կաթողիկոսներուն իրաւասութիւնները ճշդելու համար։
       Թէ Երուսաղէմ ե՞րբ դադրեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմ ըլլալէ, առ այժմ ճշգրիտ բան մը չեմ գիտեր այդ մասին. որովհետեւ չեմ հանդիպած ոեւէ պատմական յիշատակագրութեան։
       Երուսաղէմի ժողովին կանոներուն մէջ ոեւէ յիշատակութիւն չկայ այս շատ կարեւոր կէտին վրայ։ Միայն ուշագրաւ պարագայ մը կայ Փիլիպպոսի ընթացքին մէջ. վասն զի նա Ս. Յակոբի տաճարին ներսը կարգ մը ձեռնարկեր կ՚ընէ. այսինքն` Աւագ խորանին բեմը բարձրացնել կու տայ, որ յառաջագոյն այնչափ ցած էր որչափ ե՛ն այժմ երկու քովնտի խորաններ. եւ տաճարին ամբողջ յատակն ալ սալել կուտայ գունաւոր մարմարներով, խոշոր մոզայիգ մը։ Բայց որոշ կերպով ըսուած չէ թէ ի՞նչ հանգամանքով, ցո՛րչափ հո՛ն էին Երուսաղէմի պատրիարք Աստուածատուր եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ներսէս։ Ես ա՛յս ձեռնարկներուն յիշատակագրութենէն այնպէս կը հետեւցնեմ որ Փիլիպպոս, իբրեւ կաթողիկոս ամենայն հայոց, ո՛չ թէ իրաւասական տեսակէտով բան մը ըրաւ, այլ իբրեւ ուխտաւոր իր ծախքով յիշատակ մը ըրաւ Ս. Յակոբին իր այցելութեան առթիւ, ինչ որ պատիւ կը բերէ իր գեղեցկագիտական ճաշակին եւ բարեպաշտական ոգւոյն։
       Ինչպէս որ Սաւալան դիտել տուած է պատմական ճշդութեամբ, Երուսաղէմ անկախ հռչակուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Սարգիս Արքեպիսկոպոսի կողմէն այն ատեն երբ կաթոլիկութեան պատճառաւ նոր տագնապ մը անցուց Կիլիկիոյ Աթոռը, եւ Սիմէոն Երեւանցի (1763-1780) եւ Ղուկաս Կարնեցի (1780-1799) կաթողիկոսաց ժամանակ ալ Կիլիկիոյ թեմերէն Հալէպի Արեւելցի հայերը շարժում մը յառաջ բերին մտնելու համար Էջմիածնի իրաւասութեան տակ , երբ պահ մը կաթոլիկներ յաջողեցան գրաւել Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Բայց շատ երկար չտեւեց այդ շարժումը, որովհետեւ Աջապահեան կաթողիկոսներ կասեցուցին զայն եւ վերստին տիրացան գրաւուած եկեղեցւոյն, 1741ին, քառամեայ գրաւումէ յետոյ։
       Երուսաղէմի Առաջնորդները Պատրիարք տիտղոսը առնելէն եւ Կիլիկիոյ Աթոռէն անջատ հռչակուելէն յետոյ ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ չհրաժարեցան իրենց պատմական իրաւասութենէն Ս. Յակոբի Աթոռին վրայ։ Այնպէս որ ո՛չ միայն Սեբաստացի Սիմէոն Բ. ի նման խիզախ կաթողիկոս մը կը պարծի Երուսաղէմով, այլ նաեւ անկէ շատ նուազ արժանիք ունեցող կաթողիկոսներ պահած են Կիլիկիոյ Աթոռին իրաւասական տիտղոսը։
       Վատիկանի հայերէն Ձեռագիրներէն թիւ 30ը Մաշտոց մըն է Ձեռնադրութեան, որուն մէջ երկու վաւերագիրներ կան.
       Ա . - Էջ 105. «Յի. Քի. ծառայ Դաւիթ Կթղկս. Ամ. Հայոց եւ Պատրիարգ Սբ. Աթոռոյն Երսղմյ. »։
       Գրեցաւ իշխանական թուղթս ի մայրաքաղաքս ի Տարսոն, ձեռամբ Սարգիս Սարկաւագին»։
       Բ . - Էջ 107-108. «Յի. Քի. ծառայ Սահակ Կթղկս. Ամ. Հայոց եւ Պտրք. Սբ. Աթոռոյն յԵմյ… մինչեւ որ պարտքն վճարվի . գրեցաւ թվին ՌՃԻԹ (=1680) եւ Օգոստոսի Բ. » (=2)։ Իսկ կնիքին վրայ փորագրուած է. «Քի. ծռյ. Սհկ. Կթղի. Հյց. Պտրգ. Սրբ. Երսղմյ. ՌՃԻԳ» (=1674)։
       Ս. Յակոբայ Մատենադարանին մէջ քանի մը կոնդակներ կան Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն, որոնք ցոյց կուտան թէ բարեկամական եւ հոգացողական յարաբերութիւնք ամուր մնացած են երկու Աթոռներու միջեւ. եւ Աջապահեան կաթողիկոսներ նոյն իսկ լեռնային Կիլիկիոյ ասպատակեալ եւ անապահով վիճակին մէջ, երբ իրենք թափառական կը շրջէին անձնական ապահովութեան համար, չեն դադրած իրենց մասնաւոր հոգածութեան առարկայ ընելէ Ս. Յակոբը, որու Նուիրակներուն ընծայած են խնամոտ աջակցութիւն մը, եւ Ս. Յակոբի համար Կիլիկիոյ եկեղեցիներուն մէջ հաստատուած գանձանակներու հասոյթները գուրգուրանքով հասուցած են Երուսաղէմի Պատրիարքներուն ձեռքը։
       Իբրեւ հետաքրքրական ապացոյց այստեղ կը յիշատակագրեմ այդ կոնդակները։
       Ա . - Կոնդակ մը Միքայէլ Ա. Կաթողիկոսէն (1737? -1758) գրուած ՌՃՂԴ =1745, Դեկտ. 20, «ի Քիլիս, ընդ հովանեաւ Սրբոյն Օհաննու Մկրտչի եկեղեցւոյն », եւ ուղղուած Շղթայակիր Գրիգոր Պատրիարքին, որով կը պաշտպանէ Քիլիսցի մհի. Ղազարը, որ Ս. Յակոբի վերաբերեալ «բեկեալ եւ կտրատեալ » անօթները նորոգել տուած է, եւ այլն, եւ ամբաստանուած է իբրեւ զեղծարար։ Միքայէլ կաթողիկոս ինքն անձամբ կը քննէ խնդիրը, եւ կը տեսնէ որ պարզապէս նախանձով զրպարտուած է մհի. Ղազար, եւ հետեւաբար պարտք կը համարէ իրեն պաշտպանել անմեղը եւ խնդրել որ մարդը հաստատուի իր առաջուան պատուին ու պաշտօնին մէջ։
       Այս կոնդակը կ'սկսի շատ յարգալիր ճակատով մը. - «Մեծի եւ երանաշնորհ Արքեպիսկոպոսի եւ Պատրիարքի մեծի յաթոռոյն Սղիմա. եւ անվանակցի սբո. Լուսաւորչին մերոյ ողջոյն եւ հանբոյր օծեալ գագաթիտ ընձեռի» (կարմրով)։
       Իսկ զողջոյն տեառնական եւ ըզսէր որդիական ընծայեմ մեծաւ փափաքանօք առ մեծապատիւ եւ գերամեծար հօրն իմոյ Տեառն, եւ հարցանեմ զկեալն մեծիդ ի դառն եւ ի ծովածուփ կետի. Տր. Քս. ի վեր անցուսցէ ըզհայրդ իմ ամենից արշաւանաց եւ եկեալ չարեաց. զայս ինչ (յ)այտ առնեմ սրբութեան », եւայլն։
       Իսկ հասցէն`
       -«Ավ. ժամանեսցի գիրս ի Սբ. քաղաքն Սաղիմ ի ձեռն նորին Պատրիարքի Տն. Գրիգոր ածաբանութեան վարդապետին եւ ի բարին, Ամէն»։
       Եփրեմ Բ. (1822-1833) մեծ գործունէութիւն ցոյց տուաւ Երուսաղէմի պարտուց բարձման խնդրին մէջ, քաջալերելով հանգանակութիւնը իր ժողովրդեան մէջ եւ ընձեռելով ամէն կերպ դիւրութիւն եւ օժանդակութիւն Ս . Յակոբի նուիրակ Հաճընցի Եփրեմ վարդապետին։
       Եփրեմ Բ. էն Ս. Յակոբի Մատենադարանին մէջ կայ երեք հատ կոնդակ եւ նամակ։
       Միքայէլ Բ. Կաթողիկոսէն (1833-1855) չորս հատ նամակներ կան գրուած «ի սուրբ աթոռս » կամ «ի հրաշալի Սբ. Աթոռս » եւ կամ «ի սբ. Աթոռս ածեան », առաջինը, 1834 Յունիս 7ին, երկրորդը` 1836(? ) Հոկտ. 11ին , երրորդը` 1838 Յնվր. 15ին եւ (չորրորդը ) ՌՄՁԸ =1839 Յնվր. ի վերջը։ Այս պաշտօնագիրներով Միքայէլ Բ. Կթղս . իր թեմականներէն ուխտաւորներ կը յանձնարարէ Ս. Յակոբի խորհրդական անդամոց։ Առաջին եւ չորրորդ պաշտօնագիրներուն ճակատները այսպէս են.
       -«Բարձրագոյն խորհրդարանի գերահրաշ Մայր Աթոռոյն Սրբոյ Յակոբեանց, վերապատուեալ խորհրդական անդամոց, երջանիկ եւ ածարեալ. Արքեպիսկոպոսաց, եռանդեան սիրով եւ յարգական պատուով զփրկչաձիրն նուիրեմ զողջոյն ի միշտ կենդանութիւն»։
       իսկ երկրորդին եւ երրորդին ճակատները.
       -«Բարեկարգ կառավարչացդ` բարեզարդ բարձրագոյն խորհրդարանի Սրբոյ ցանկալի Մայր Աթոռոյդ Մեծի Յակոբեանց սրբազանից Առաքելոց, գերապատիւ Արքեպիսկոպոս խորհրդական անդամոց զողջոյն ի Քրիստոս» կամ զողջոյն ի միշտ կենդանութիւն»։
       Միքայէլ Բ. ՌՄՁԸ =1839 Յունիս 15ին, Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Երուսաղէմի միաբան եւ Եգիպտոսի Առաջնորդ Գաբրիէլ վարդապետը, եւ իրողութիւնը կը հաղորդէ Տեղապահին եւ խորհրդականաց, որոնց խնդրանքով կատարած էր ձեռնադրութիւնը. - «Արժանընտիր Տեղապահք սբ. խորհրդածուաց խորոցն Այ ., Տեառն Պօղոսի Սրբազան Արքեպիսկոպոսի, եւ բարեկարգ կառավարիչ խորհրդական սիրելի եղբարց ի Քս. ողջոյն եւ սէր տիրաձիր նուիրեմ, ի Տէր խնդալ»։
       Այս ձեռնադրութիւնը ցոյց կուտայ, որ Երուսաղէմ, նոյնպէս Եգիպտոս, վաղեմի կապերը կը յարգեն , եւ ոչ միայն Սիսի մօտաւորութիւնը, այլ մա՛նաւանդ Կիլիկիոյ Աթոռին իրաւասութեան ճանաչումը յերեւան կը բերեն այդ յարգանքը։ - Նոյն երեւոյթը մատնանիշ պիտի ընենք նոյնպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսական եւ Կ. Պոլսի պատրիարքական աթոռներու յարաբերութեանց վրայ, այնպէս որ Կիլիկիոյ Աթոռին ամէնէն տկար շրջաններուն մէջ իսկ, զոր օրինակ, Վարժապետեան Ներսէս Ծ. Վարդապետ. Սիս կը ղրկուի Եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար, Կիրակոս Բ. Կաթողիկոսէն։
       Աւելի շահեկան է Միքայէլ Բ. ի հետաքրքրութիւնը Երուսաղէմի հետ վաղեմի յարաբերութեանց, նոյն իսկ իրենց պարզ ձեւին մէջ։ Նոյնութեամբ յառաջ կը բերեմ, բարակ կապոյտ թղթի վրայ մանրիկ նօտրով գրուած նամակ մը։
      
       ՊԱՏՐԻԱՐԳ
       Վեհափառ Սրբազան… Առաքելապատիւ Եղբայր եւ Ածընտիր. Տեղապահք Սրբոյ Աթոռոյն հոգեկիցք իմ.
       Ի վաղուց անտի յիսուսաւանդ սէրն արդարեւ թագաւորէ ի մէջ երկուց հոյակապ Աթոռոցս, որում ոչինչ կարէ լինել խոչ եւ խութ անդրդուելի սիրոյն. եւ զի մի միայն սա է ածապարգեւ մխիթարութիւն մեր իսկապէս։ Բայց` չգիտեմ ո՞ր արգել յետնորդ յայս հոգեկեցոյց շաւղաց զմեզ թողու. յայս նուագ ո՛չ անդէպ համարիմ զառածինն յիշել զբան` Անտեսութեան հետեւի մոռացութիւն. վասն զի ի բազում ժամանակաց հետէ կտրեցան երթեւեկութիւնք սիրածրար նամակաց, որք իբր լրտես բարեգուշակ զիրերացս սէր ընծայէին միմեանց, որոց ի պակասելն` պակասեցան արդարեւ եւ իմ մխիթարութեան ասպարէզ. սակայն եւ անպէս բռնութիւն հոգեւոր սիրոյն ի բաց վանէ. զառածին համբաւեալ զօրութիւն, միշտ տալով յիշել զսուրբ եղբարսդ օրհնութեամբ` եւ գովութեամբ առաջի բարեկամաց մերոց։ Ահա ի ցուցակ այսր անկեղծ սիրոյ համարձակեալ բացի զմուտ նորոգ դրան սիրանիշ գրութեան. ի հարկէ եւ դուք ջանայք զսա պահել անփակ` ի շնորհելն զպատասխանի արդեան գրոյս եւ ապագայից` յոր անձկանօք բերեմք ի հանդէս։ Արդ այսու համառօտութեամբս խնդրեմ ի ձերում սրբութենէ չթողուլ զմեզ անմխիթար եւ անգէտ զբարիոք կենցաղավարութենէ ձերմէ։ Որով եւեթ կարէք ուրախ առնել զսիրտ վշտակրիս. լերո՛ւք ողջ զօրացեալ Տէրամբ` եւ բարգաւաճեալ ամենայն քաջամասնութեամբ երջանիկ կենաց ի ցնծութիւն ոգւոյ
      
       ՄԻՔԱՅԷԼ ԿԹՂԿՈՍԻՍ
       ՄԵԾԻՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ։
       (կնիք կարմրով)
       1844։ Մարտի 31
       ի Սբ. Աթոռս Կիլիկիոյ։
      
       Մայիս 15ին գրուած է այս նամակին պատասխանը։