Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կիլիկիոյ կաթողիկոսաց պատմութեան մէջ հասանք նոր հանգրուանի մը։
       Մինչեւ հիմայ մեր կենսագրած կաթողիկոսներ, ինչպէս որ տեսանք, կ'ընտրուէին արժանաւորներու կամ յարմարագոյններու մէջէն, թէ՛ Կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսներէն եւ թէ՛ դուրսէն։
       Տեսանք նաեւ շրջան մը Աթոռակցութեան Կարկառեցի Պետրոսէն սկսեալ, չըսելու համար կաթողիկոսական իշխանութեան բաժանման կամ յափշտակութեան։ Բաժանում մը անտեղի, արդիւնք կիրքերու, կողմնակցութիւններու եւ փառասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ կաշառքի. որովհետեւ ժողովրդական ընտրութիւնը, բառին ամփոփ եւ մաքուր առումով, դադրած էր այլեւս։ Եւ ինչպէս որ պատահեցաւ Կ. Պոլսի պատրիարքական աթոռի շուրջ, ով որ շատ կրնար վճարել արքունի գանձուն եւ միջնորդներու, ան կը յափշտակէր պատրիարքութիւնը. միեւնոյն երեւոյթը պատահեցաւ Կիլիկիոյ աթոռին շուրջ եւս։
       Կրկին Աթոռ մէկ իշխանութիւն, թէ՛ Սիս եւ թէ՛ Հալէպ, եւ յետոյ` Կ. Պոլսի աթոռէն Կիլիկիա եւ Կիլիկիոյ աթոռէն Կ. Պոլսի պատրիարքական աթոռ, ելեւէջներ եւ երթեւեկներ, այլեւս անհանդուրժելի իրականութիւն եղած էին, եւ կարելի չէր որ երկար տեւէր այս գայթակղալի երեւոյթը, որ անբարոյացուցիչ եւ ջլատիչ հանգամանք մը ունէր։
       Իբրեւ պատմական իրողութիւն, դէպքերը մխիթարական չէին անդին ալ, Էջմիածնի Աթոռին շուրջ։ Ժամանակին պետական կամ աւատապետական բարքերն ու ըմբռնումները շատ յարմար էին այս անկարգութիւններու եւ զեղծումներու։ Շռայլ սուլթաններ, շահեր, խաներ, եպարքոսներ, ղատիներ, միւֆտիներ , եէնիչէրիներ, ոյժի եւ բռունցքի բոլոր պաշտօնեաներ` իրենց կլափը բացած էին։ Անոնց զօշաքաղութիւնը յագեցնելու համար կը քաջալերէին մրցանքը պատրիարքական եւ կաթողիկոսական աթոռներու թեկնածուներուն միջեւ։
       Եւ դրամը պիտի գար ժողովուրդէն, եկեղեցիներուն սնտուկներէն։ Կ. Պոլսի պատրիարքներ մուքաթա ըսուած տուրքը ժողովուրդէն կը գանձէին, ի հարկին կառավարական պաշտօնեաներու օժանդակութեամբ եւ կամ բուռն միջոցներով։ «Հարկապահանջութիւն » բառը հարստահարութեան եւ սարսափի իմաստ ունէր այս դարերուն։
       Ինչպէս որ կ'երեւի, Սիսի մէջ, Աջապահեան տոհմը, ուզեց վերջ տալ Կիլիկիոյ Աթոռին շուրջ պատահող այդ գայթակղութեանց, եւ Աջապահեան Տէր Յուսիկ Քահանայ իբրեւ երկուց չարեաց փոքրագոյնը, յաջողեցաւ Աջապահեան տոհմին սեփականացնել Կիլիկիոյ աթոռին կաթողիկոսութիւնը, անշուշտ տարեկան որոշեալ տուրքը վճարելով սուլթանի գանձին։
       Մեր ձեռքին տակ վաւերագիր մը չկայ կաթողիկոսութեան այս մենաշնորհին գնումը հաստատող . բայց դիտելով տիրող ուղղութիւնը այդ ժամանակներու մէջ, նոյն իսկ կուսակալներու, միւսէլիմներու եւայլ պետական պաշտօնատարներու պաշտօն գնելու սովորութիւնը, կը հետեւցնենք թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռը չէր կրնար բացառութիւն կազմել այդ դրութեան մէջ։
       Գալէմքեարեան հրատարակած է Պասմաճեան Գրիգոր Վարդապետի տրուած պատրիարքական ֆէրմանը, հայատառ, ուր կը տեսնենք թէ Կ. Պոլսի պատրիարք եղող մը, նուէրի ձեւին տակ, պիտի վճարէ տարեկան «եիւզ պին ագճէ միրի փէշքէշ » 100, 000 ագճէ (=ըստակ ) արքունի նուէր եւ «եիւզ գըրգպին ագչէ միւգատա », 140, 000 ագճէ կտրուած, որոշուած տուրք (Կնսգր. էջ 323)։
       Չենք գիտեր թէ Աջապահեան Տէր Յուսիկ քանի՞ ագճէով կամ քսակով գնեց կաթողիկոսութեան մենաշնորհը։
       Այս մենաշնորհին լաւագոյն կողմը այն եղաւ որ աժեմ-չաժեմ մարդիկ չկրցան այնուհետեւ բարձրանալ Կիլիկիոյ աթոռին, նոյն ատեն դադրեցաւ նաեւ երկու աթոռի դրութիւնը։
       Պէտք է դիտել որ Աջապահեան կաթողիկոսներ, նայելով ժամանակին եւ միջավարին, շնորհքով դէմքեր եղան բաւական լաւ պատրաստուած, գործունեայ, համակրելի հոգեւոր պետեր։
       Պէտք չէ շփոթել Աջապահեան տոհմը աջապահեան կաթողիկոսներու հետ։
       Աջապահեանք, ըստ իրենց աւանդական պատմութեան, շատ հին են։ Մանրամասն խօսեցանք այս մասին երբ քննեցինք Աջապահեանց ծագումը։
       Մեր պատմութեան համար կարեւոր կէտը սա՛ է, Աջապահեան տոհմը մինչեւ 1730ական թուականներ գոհ եղած է Ս. Լուսաւորչի Աջը պահելով իրենց տան մէջ ուղղակի իրենց հսկողութեան տակ, եւ տալով քահանաներ եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, բայց ոչ թէ Քահանայապետներ կամ կաթողիկոսներ։
       Ծերունի Յուսիկ քահանային (†1748 Յնվր . ) յղացումն է Աջապահութեան կցել նաեւ կաթողիկոսութիւնը տոհմայնացնելու կամ ժառանգական ընելու իրաւունքը։
       Ինչպէս որ ըսինք վերեւ , Աջապահեան Տոհմը արդարացուց իր ձեռք բերած մենաշնորհին առաւելութիւնները. եւ առաջին երեք Աջապահեան կաթողիկոսներ
       -Ղուկաս, Միքայէլ, Գաբրիէլ -երեքն ալ Տէր Յուսիկի զաւակ, հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, կրցան բարւոք պահել Ս. Աթոռը։ Աջպան Եփրեմ Ա . կարկառուն դէմք մըն է, Կիրակոս Ա. Մեծ տիտղոսին արժանացած է իր անձնական արժանիքներուն եւ կաթողիկոսական մեծագործութեանց համար։ Բայց Կիրակոս Բ. էն, այսինքն 1866էն յետոյ Աջապահեան տոհմը կ'եղծէ իր նկարագրին ազնուական գիծերը, անշուշտ իբրեւ հետեւանք արտաքին պատճառներու , որովհետեւ Խոզան օղլու կոչուած ձորապետին եւ նմաններուն հարստահարութեան ներքեւ վտանգուած էր կաթողիկոսութիւնը, եւ Աջապահեան կաթողիկոսներ բռնամահ եղած են իրենց կեանքին ամէնէն զարգուն եւ բեղմնաւոր տարիներուն մէջ։
       Ներքին պատճառներ ալ նուազեցուցին ժողովրդական համակրանքը հանդէպ Աջապահեան Տոհմին. որովհետեւ Աջապահեան տան մէջ տգիտութիւն, կարգաթողութիւն, դաւանափոխութիւն, եւ այլն, բարոյական հաստոյր հարուածներ եղան Աջպաններու անկման, եւ վերջապէս թէ Կիլիկիոյ ժողովուրդը, որ նորածին ազգային սահմանադրութեամբ ոգեւորուած էր, եւ թէ՛ Կ. Պոլսի պատրիարքարանը, որ միշտ թեւ թիկունք եղած է Կիլիկիոյ աթոռին, միացեալ ճակատով, խափանեցին Աջապահեան տոհմին եւ տան մենաշնորհը եւ առաջին անգամ ըլլալով 1871ին ժողովրդական քուէով եւ Կ. Պոլսի Ազգային Պատրիարքարանի հսկողութեան ներքեւ Կիլիկիոյ Աթոռին կաթողիկոս ընտրուեցաւ Մարաշցի Մկրտիչ Արքեպս. Քէֆսիզեան , որ յետոյ պիտի տեսնենք, լուրջ դժուարութիւններու բախեցաւ Սիսի մէջ, Աջպահեանց մնացորդներու կողմէն սարքուած դիմադրութեան պատճառով։
       Քէֆսիզեան, որ կը սիրէր քէյֆը, գրեթէ աստանդական ապրեցաւ Մարաշ, Անթէպ եւ Հալէպ, եւ չկրցաւ շէնցնել Աթոռը, որ բոլորովին նախանձելի վիճակի մը հասցուցած էր Մեծն Կիրակոս, եւ իր վերջին շունչը փչեց Հալէպ…։