Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
(ՊԱՏՃԷՆ)ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       համար 1574/89
      
       Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Մկրտիչ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Արարատեան Համազգ. Մայր Աթոռոյ ի Ս. Էջմիածին
      
       Աստուածարեալ Ս . Հայրապե՛տ
       Անցեալ տարւոյ Նոյմ. 19 ամսաթիւ եւ համար 1126/388 գրութեամբ Ատանայի Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Վրդ. ի եպիսկոպոսացման պարագաները, յառաջ քան ձեռնադրութիւնը` Պատրիարքարանի հետ կատարած բանակցութիւնս, եպիսկոպոսացումը Վարչութեան հեռագրելնիս, Կրօն. Ժողովոյ հապճեպ որոշումը, Քաղաք. Ժողովին համամտութիւնը մանրամասնօրէն գրած էինք եւ խնդրած, որպէսզի հաճիք ազդարարել Պատրիարքարանի` եկեղեցւոյ միութեան հակառակ` պատրուակեալ նախանձախնդրութեամբ Ազգի կրկին հատուածոց եղբայրական սէրը չջլատել։
       Չենք գիտեր թէ մեր խնդիրը Ձեր հայրական ուշադրութեան արժանացա՞ւ թէ ոչ, միայն թէ Մուշեղ Վարդապետի եպիսկոպոսացումը վարչական շրջանակի, կամ որոշման մէջ չմնաց, հրապարակագրութեան զկծեցուցիչ նիւթ դարձաւ եւ անձնականութեան հանգամանք առաւ, հին կիրքեր եւ հաշիւներ երեւան ելան, որով Մուշեղ Եպիսկ. պարտաւորեցաւ հրապարակ իջնել ինքնապաշտպանութեան համար եւ փոքրոգի հակառակորդք այս առթիւ Կիլիկիոյ Աթոռն ալ նախատակոծ ըրին, իսկ վարչութիւնը փոխանակ իր աչքին տակ կատարուած անսանձ հրատարակութեանց վերջ մը տալու, անուղղակի քաջալերեց նոր որոշումներով, այն է` Մուշեղ Եպսկ. ի տարիներ առաջ գրած եւ հրատարակածները, նոյն իսկ գնահատուած եւ մինչեւ իսկ Իզմիրեանց մրցանակին արժանացածները` հակաքրիստոնէական եւ գայթակղեցուցիչ համարել եւ մեզ գրել «պարտ ու պատշաճը զգացնել Ձեր (մեր ) ընտրած եւ ձեռնադրած եպիսկոպոսին»։
       Եթէ իրենց ընտրած եւ ձեռնադրել տուածը լինէր, կերեւի այն ատեն գրածները եւ գրելիքները գաղթակղական չպիտի համարուէին, ինչպէս որ Կրօն. Ժողովը միեւնոյն պաշտօնագրին մէջ Մուշեղ Եպսկ. ի անցեալ հրատարակութիւնները ակնարկելով ըսած է, «եթէ երիտասարդ վարդապետի մը կողմէ արտայայտուած ատեննին կրնային ծանրակշռութենէ զուրկ մնալ եւ մեծ ազդեցութիւն չգործել, եպիսկոպոս ստորագրութեան ներքեւ, երեւցած ատեննին տարբեր նշանակութիւն կունենան»։
       Մենք այս նոր եւ օտար վարդապետութիւնը Թուրքիոյ Հայոց Կրօն. Ժողովին պաշտօնին եւ նախանձախնդրութեանը չպատշաճեցնելով` արժան չդատեցինք պատասխանել, իսկ խառն ժողովին մէկ գրութեան, որ նոյնպէս գրուած էր եպիսկոպոսական եւ յարաբերական խնդրոց մասին, պատասխանեցինք եւ յարաբերական ծրագրի մը հիմունքը կազմող ինչ ինչ առաջարկութիւննիս պարզ ու մէկին կերպով պատկերացուցինք։ Ի գիտութիւն Ձերդ Վեհափառութեան պատճէնը կը ներփակեմք։
       Պատմական ապացոյցներով հաստատուած ըլլալով, հին ատեններէ ի վեր Պատրիարքարանի անհարկի ոտնձգութիւնը եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նուաստացնելու դիտումները, այնքան չենք վշտանար կրկնուած հնարքներուն վրայ, քանի որ ապահովապէս գիտենք, որ մեզմէ առաջինները կրած են այդ ամէնը եւ մեզմէ վերջը եկողներն ալ պիտի կրեն, եթէ Ձեր Ս. Օծութիւնը Պատրիարքարանի իրաւասութեան սահմանները չճշդէ եւ չճանչցնէ. բայց խորին վիշտ կը համարիմք մեզ համար, որ պատրիարքարանը ժամանակէ մը ի վեր միեւնոյն ուղղութեան կը հետեւի հանդէպ Մայր Աթոռոյդ եւ Ընդհանրական Հայրապետիդ անձեռնմխելի իրաւանց։
       Ասոր մէկ թարմ ապացոյցը եղաւ Գէորգ Եպսկ. ի ի վարձ բազմամեայ վանական եւ Ազգային հաւատարիմ ծառայութեանց` Ձեր Վեհափառութեան շնորհած Արքութիւնը, որուն Կոնդակը Օրմանեան Պատրիարքին ղրկուած, փոխանակ Գէորգ Եպիսկոպոսին յանձնուելու, Երուսաղէմ կը ղրկուի, ուր երկար ատեն կը պահուի, եւ երբ լրագիրներու մէջ հրատարակուած կը տեսնեն, այլեւս պահելն անկարելի համարելով` ըստ տեղեկատուութեան, Ս. Օծութեանդ կը վերադարձուի խրատական կամ յանդիմանական նամակով։
       Ցաւալի՜, շատ ցաւալի է, որ երկու հայրապետական աթոռներ երկու Պատրիարքութիւններէ կը հարստահարուին, Մայր Աթոռոյ Արքութիւնը, Կիլիկիոյ եպիսկոպոսութիւնը կը մերժուին, կա՛րհամարհուին եւ կը նախատուին, եւ այսքան յանդուգն ու խիզախ վարմանց մէջ տակաւին կարգապահութիւն կը քարոզուի, ո՞յք են կարգապահները, ո՞յք են կարգամերժները, բնականաբար պատրիարքները կարգապահ են, միայն Կաթողիկոսները պէտք ունին այդ դասին, որպէսզի ժողովուրդը չյուզուի եւ չգայթակղի։
       Կարգապահութի՞ւն է որեւիցէ Պատրիարքի ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն շնորհելը Ռուսահայ հոգեւորականի մը։
       Վեհափառ Տէ՛ր, եթէ այս բոլոր իրաւակապտութեանց դէմ ներող կը գտնուիք հայրաբար, Մենք չենք կարող համբերել։ Աղքատութիւննիս պատճառ մը չէ այնքան նուաստանալու, որ պատրիարքներ իրաւունք ստանան մեր վրայ իշխելու եւ մեզ խրատ եւ ուղղութիւն տալու։ Ազգն է մեր օրապահիկը տուողը եւ Ազգն է պատրիարքները հարստացնող եւ յղփացնողը եւ միեւնոյն Ազգը կը պահանջէ մեզմէ իրաւամբ, որ մեր արժանապատուութիւնը եւ մեր պաշտօնին իրաւունքները պատրիարքներու քմահաճոյքին չզոհենք։
       Որդիական մեծարանօք եւ յարգանօք
       Մնամ Խ. Աղօթակից
       ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԿ . ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       1907 Մարտ 25
       ի Մայրավանս Սսոյ
      
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       Ի ԿԻԼԻԿԻԱ
       Համար 1574/90
       25 Մարտ 1907 Սիս
      
       Բարձրաշնորհ
       Տ. Գէորգ Սրբզն. Արքեպսկ. Սուրէնեանց, նախանդամ Սրբոյ Սինոդին Արարատեան Մայր-Աթոռոյն
       ի Ս . Էջմիածին
      
       Այն օրէն, երբ Նորին Ս. Օծութեան ծանօթանալու բարեբախտութիւնը ունեցած ենք, ի մեզ յղացած որդիական յարգանքը անայլայլ մնացած է, եւ այս զգացումը սարկաւագութենէ ցկաթողիկոսութիւն Տանն Կիլիկիոյ ո՛չ միայն չէ պակսած` ընդհակառակն աւելի զօրացած եւ զարգացած է եւ խորին յոյս մը ներշնչած է մեզ, թէ կրկին աթոռոց միջեւ դարերէ ի վեր տիրող ցրտութիւնը եւ կրճիմը պիտի բարձուի Ն. Ս. Օծութեան եւ մեր օրով։
       Այսպիսի քաղցր ներշնչմամբ մեր ընտրութեան օրէն ի վեր կարեւոր եւ կենսական խնդիրներու մասին շարունակ գրած եւ խնդրած եմք, որ իւր իմաստուն փորձառութեամբ խորհուրդներ տալու չզլանայ մեզ, նաեւ ըստ հարկին ի պատրիարքարան գրելու, որ Ս. Էջմիածնայ իրաւանց պաշտպանութեան պ ատրուակին տակ կրկին Աթոռներու հին եւ ամօթալի վէճը գրգռելու առիթներէն եւ մտադրութիւններէն խոյս տայ։
       Անշուշտ ծերութեան կամ բազմահոգ զբաղմանց պատճառաւ մեր մասնակի գրութիւնները չարժանացան ուշադրութեան եւ պատասխանի, եթէ անկորուստ հասած են Ն. Ս. Օծութեան։ Եթէ մեր եւ պատրիարքարանի միջեւ երբեմնի տեղի ունեցած եկեղեցական եւ յարաբերական խնդիրներէն չ'ախորժիր , եւ կամ չի ցանկար անոնցմով զբաղելու, բնական է թէ, երբ երկտողեայ ազդարարութիւն մը ըլլայ, պիտի զգուշանամք որ եւ է ձանձրութիւն պատճառելէ։
       Ձեր Սրբազնութիւնն ալ անշուշտ Պոլսոյ թերթերէն իմացած կ'ըլլայ այն բազմաժխոր աղմուկը որ բարձրացաւ Ատանայի Առաջնորդին եպիսկոպոսացման առթիւ։ Եթէ մեզ ուղղակի ըսեն թէ պաշտօնիդ սահմանէն արտաքոյ է եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնը, բան մը կը հասկնանք, մանաւանդ երբ կը հասկնանք թէ կաթողիկոս բառը կրկին նշանակութիւն ունի, բայց երբ կ'ըսեն ձեռնադրածդ եպիսկոպոս է միայն Կիլիկիոյ համար, բան մը չհասկնալէ զատ կասկած մի ալ կունենանք թէ Էջմիածնայ եւ Կիլիկիոյ հայկական եկեղեցին մի չէ, դաւանութեամբ, ծէսերով, եւ ձեռնադրութեամբ, մին միւսին համար յարանուանական եկեղեցի է։
       Այս խորթ եւ օտարոտի գաղափարները մեր սրտին ամենամեծ վիշտն ըլլալով ` մանաւանդ ժամանակէ մը ի վեր պատրիարքարանի բռնած ուղղութիւնը ընդդէմ ընդհանուր հայրապետութեան որուն հրամանները ըստ հաճոյս կ'ընդունուի կամ կը մերժուի, եւ շատ անգամ ալ կը քննադատէ եկեղեցին նոր կանոնի մը եւ կապանքի մը ենթարկելու նախափորձն համարելով` վիշտերնիս աւելի խորին եւ վէրքերնիս աւելի կարեվէր ըլլալու վիճակն ստացած է։
       Գէորգ Եպսկ. Երէցեանի շնորհուած «Արքութիւն»ը երկու պատրիարքաց անախորժ թուած է, եւ լսածնուս նայելով հայրապետական կոնդակը ամիսներով ի Պօլիս եւ յԵրուսաղէմ ընդ գրուանաւ թագուցանելէ յետոյ վերադարձուած է յԷջմիածին։
       Եթէ ստոյգ է այս յանդուգն եւ խիզախ եղելութիւնը մեզ կը մնայ մտածել, թէ ո՞վ որու ստորադասեալն է. հայրապետը պատրիարքներուն թէ պատրիարքները հայրապետին հնազանդելու եւ հրամաններուն պատկառ կալու պարտաւոր են։
       Այս տեսակ ցաւերս պատմող գրութիւն մ'է ներփակեալը ուղղեալ Ն. Ս . Օծութեան, կը խնդրեմք Ձեր Ս. Եղբայրութենէն, որ անձամբ մատուցանէք եւ հաճիք ժամանումը երկտողիւ մը մեզ իմացնել։ Յարգանաց եւ սիրոյ ողջունիւ
       Մնամք Աղօթարար
       (Ստոր . ) ՍԱՀԱԿ ԿԹՂԿՍ . ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       (ՊԱՏՃԷՆ)
       Թ. 782
       26 Ապրիլի 1907
       Ս . Էջմիածին
       Մկրտիչ Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի□
       Երանաշնորհ Տ. Սահակ Կաթուղիկոսի Տանն Կիլիկիոյ սիրելի եղբօր մերում ի Քս. նուիրեմք ողջոյն փրկչաւանդ Սէր եւ Օրհնութիւն։
      
       Ընկալաք զգրութիւն Ձեր ի 25 Մարտի անցելոյ Թ. 1574/89 եւ հասու եղաք յարուցեալ ինչ ինչ խնդրոց հայելոց յիրաւունս եւ ի յարաբերութիւնս Կաթողիկոսական Աթոռոյդ Կիլիկիոյ եւ յոյժ վշտացաք ի սիրտ մեր յաղագս այնոցիկ, որք լինին առիթ սոյն օրինակ սնափառ եւ ոչ էական խնդրոց։ Քաջայայտ է նաեւ Ձերումդ Սրբութեան եթէ յորպիսում փափուկ ժամանակի եւ ի ձախող հանգամանս գտանիմք, զի հոսանք ժամանակիս հալածանաց ընդդէմ եկեղեցւոյ մերում ի մի կողմանէ ի տագնապի զմեզ կացուցանեն եւ գայթ ի գայթ վարումն յոյժ կենսական խնդրոց կրթութեան եւ դաստիարակութեան կովկասաբնակ մերազնէիցն ի միւսմէ կողմանէ վշտացուցանեն զսիրտ մեր, ոյր աղագաւ եւ չկարեմք բուժել զբազմաթիւ վէրս տագնապեալ ժողովրդեան մերոյ։ Վասն որոյ պարտ անհրաժեշտ ի վերայ մեր եւ ամենեցուն կայ դարձուցանել զխորին ուշադրութիւն մեր եւ ամոքել զդառնաղէտ վիշտս համայն ժողովրդեան Ազգիս. մինչդեռ բարձի թողի արարեալ զէական եւ զկարեւորագոյն խնդիրս ընդ սնոտիս ընթանամք։
       Նաեւ գիտակ լիցի եթէ պատրիարքունք Կ. Պօլսոյ եւ Ս. Երուսաղէմի չունին իրաւասութիւն եւ ձեռնահասութիւն նսեմացուցանել զկոչումն եւ տիտղոս Կաթողիկոսին Կիլիկիոյ, զոր լրութիւն Ազգիս ճանաչէ իբրեւ երկրորդ Աթոռ Տանն Կիլիկիոյ յետ ընդհանրական եւ առաքելական նախամեծար Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի։
       Ուստի մնայ Ձերումդ Սրբութեան վեհանձնութեամբ հայել յարտաքին ձեւականութիւնս, որք ոչ բղխին ի բարենախանձ սրտից, եւ հանապազ նկրտել պայքար մղել միայն ընդդէմ վնասաբեր խոչընդոտից եւ գուն գործել ըստ ոգւոյ հոսանաց ժամանակիս տարածանել զհիմնական դաստիարակութիւն հայ մանկտւոյն եւ բարձրացուցանել զբարոյական անկեալ վիճակ ժողովրդեան գաւառաց եւ լուսաւորել զմիտս նոցա համերաշխ եղբայրութեամբ կենցաղավարել ընդ միմեանս միշտ։
       Արդ այսու հայրապետական կոնդակաւ մերով եղբայրական օրհնութեամբ խրախուսեմք զՁեզ կալ արիաբար` յայսպիսի հանգամանս, եւ ի սէր փրկչին ամենայն աշխարհի եւ ըստ անճառելի հեզութեան նորա համակերպիլ ի հովուել զհօտն, որով մարթ է յաղթել ամենայն անիրաւութեանց եւ վայելել յանբաւ երանութիւն երկնաւոր Տեառն։
       ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
       ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
      
       Կիլիկիոյ Կաթողիկոսէն`
       Օրմանեան Սրբազանի
       Համար 1574/157
       7 Մայիս 1907 Սիս
      
       Յարաբերական խնդրոյն առթիւ մեր միջեւ կատարուելիք բանակցութեան իբր նախաքայլ ի պատասխան Փետր. 23 ամսաթիւ մեր նամակին ստացանք Ապրիլ 5ին Ձեր Սրբազնութեան համար 931 եւ Մարտ 26 ինքնագիր նամակը։
       Մեր պաշտօնավարութենէն ի վեր այս խնդրոյն վերաբերմամբ մեր գրած պաշտօնագրերը եթէ ուշադրութեան առնուին, առաջին ակնարկով պիտի տեսնուի որ շարունակ շեշտած ենք համերաշխութեան պէտքը. եւ ի դիւրութիւն զանազան զիջողութիւններ եւ զոհողութիւններ ըրած ենք։
       Լաւ համոզուած ենք մենք որ, փափաքուած իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել, երբ երկուստեք կարեւորութիւն չընծայուի մասնաւոր բաներու, ակնարկութիւններու եւ հինցած որոշումներու, երբ անձնականութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմական եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը` որ պիտի ծնի համերաշխութենէ եւ յորմէ պիտի օգտուին եկեղեցին եւ ժողովուրդը։
       Ուրախ ենք որ Ձեր Սրբազնութիւնն ալ միեւնոյն զգացմամբ ոգեւորեալ կը խոստանայ գործակցիլ մեզ իրականացնելու, ինչ որ դարեր, Մեծանուն Կաթողիկոսներ եւ Պատրիարքներ չեն կարողացած ընել. բայց որովհետեւ լոկ թղթակցութեանց բառերը չեն որ պիտի ապացուցանեն յայտնուած փափաքներուն անկեղծութիւնը, կ'սպասենք որ, յաջորդական նամակներով ուղղակի պարզէք թէ ի'նչ սկզբունքներու վրայ պիտի կատարուին բանակցութիւնք, ի՛նչ հիմերու վրայ պիտի կազմակերպուի յարաբերութեանց ծրագիրը եւ թէ ի՛նչ եւ որո՛նք են Ձեր հայեացքները իբր նախաշաւիղ մեր կողմէ բանաձեւուած պայմաններու մասին։ Դուք առաջին նամակով բաւականացած էիք մեր գրածը մասերու բաժանել եւ յիշել կանուխ տարիներէ կազմուած, բայց չգործադրուած ծրագիրը։
       Գիտենք, Սրբազան եղբայր, թէ այս բանակցութեան սկսանք, Կեդր. Վարչ. Պատկ. Խառն Ժողովոյ որոշմամբ. լաւագոյն պիտի ըլլար ըստ մեզ այդ կարեւոր եւ պատուաւոր յանձնարարութեան հետ, իբր ներկայացուցիչ նուիրակ Մայր Աթոռոյ, եթէ Ն. Ս. Օծութեան Ընդհանրական Հայրապետին գրաւոր յանձնարարութիւնը կամ հրահանգը ձեռք բերած ըլլայիք, որպէս զի համաձայնութեամբ կազմուելիք ծրագրին գործադրութեան պահուն նոր եւ անակնունելի խոչընդոտներու չպատահէինք։
       Ծանօթ ենք Ս . Եղբայրութեանդ ծէսերով, աւանդութիւնով եւ Մաշտոցով նուիրագործուած բաներուն եւ բացատրութեանց անեղծ պահպանման մասին անկեղծ նախանձախնդրութեան, սակայն ներուի մեզ դիտել տալ որ` «պերճաշնորհ » նորահնար տիտղոսը կը հակառակի այն պահպանողական ոգւոյն, զոր հանդիսաւորապէս կ'ուխտենք ի ժամ ձեռնադրութեան ունենալ եւ պահել։ Ի Ս. Էջմիածին 1876ին տպեալ Ձեռնադրութեան Մաշտոցը կաթողիկոսներուն յատկացուցած է «Շնորհազարդ » տիտղոսը. «Եթէ ձեռնադրողն Կաթողիկոսն իցէ, մի ոմն յԵպիսկոպոսաց յառաջ մատուցեալ ասէ. Շնորհազարդ Ս. Հայրապետ …։ Իսկ եթէ ձեռնադրողն Եպիսկոպոս իցէ, ասէ Աւագերէցն. Հայր Սուրբ եւն. Ընդհանրական Հայրապետը մեզ ուղղեալ գրութեանց մէջ «Շնորհազարդ » տիտղոսը կը գործածէ. ըստ մեզ հարկ չկար յարաբերութեան միւս խնդիրները չմշակած` տիտղոսի յատկացուցման անմիջական կարեւորութիւն տալ։
       Կը կրկնենք ինչ որ նախորդներով ըսած ենք եւ Ձեր Սրբազնութիւնն ալ նոյն փափաքը յայտնած է. առանց բառերու եւ ակնարկութիւններու վրայ ծանրանալու ձեռք առնենք խնդիրը։ Հետեւաբար, կը սպասենք Ձեր յաջորդ նամակին, որով լուսաբանուած ըլլան ծրագրին հիմունքը կազմող սկզբունքները եւ պայմանները. ըստ ամենայնի օգտակար Ս. Եկեղեցիին, ամրապնդող եւ պահպանող ժողովուրդի հոգեւոր Միութեան, որով միայն պիտի պսակուին Ձեր եւ մեր աշխատութիւնն եւ փափաքները։
       Եղբայրական ջերմագին Սիրոյ Ողջունիւ,
       Մնամք Աղօթակից
       (Ստոր. )
       ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       ՎԵՐՋ Բ . ՀԱՏՈՐԻՆ