Տէր Եղիշէ Սարբանկացու Հրոյ Երկիր «ճանապարհորդութեան» հայերէն նորայայտ թարգմանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ ԵՂԻՇԷի ՍԱՐԲԱՆԿԱՑՒՈՅ, ՀԱՅ ՀՆԱԽՕՍԻ
      
       Սարպանկացի (՞) Տեառն Եղիշէի` Հայկազն հնախօսի բարեբաղդ Ճանապարհորդութիւն նորանշան տեղեկութեամբք, արարեալ յաշխարհն անտես, անծանօթ, կամ յերկիր Հրոյ, հանդերձ գիւտով հակոտնեայց. նկարագրութեամբ այն գաւառաց` օրինաց, կրօնից, կերակրոց, զգեստուց, կերպարանաց, աւուրց երկարութեան եւ այլ հետաքրքրական իրաց (օգնութեամբ պղնձէ տախտակի մը, զոր շինեց մեծն Աղէքսանդր, այն որ նախ այսպիսի մեծ գործոյ ձեռք զարկաւ), հանդերձ իրենց տարրագիտական եւ բժշկական գաղտնեօք եւ զարմանալեօք:
       Հրամանաւ եկեղեցական իշխանութեանց
       տպագրեալ ի
       Այն հռչակաւոր պատերազմողքն եւ նախկին խոհեմ նաւավարքն` նախանձաւորք պայծառ արեգական, յորս` մանաւանդ թէ որոնց առաջինքն եղան Գոլոմպոս, Ֆէրնանտ Գորդէզ, Բիծծարրոյ, Մակէյլան եւ այլք, միշտ ջանացին գտնել Աշխարհի նոր գաւառներ, որով յետագայք այնպէս կատարեալ ծանօթութիւն ստացան անոնց վրայ, ինչպէս Բէրուի, Մեխիգոյի, Նոր Գաղղիոյ, Սպանիոյ եւ ուրիշ անթիւ երկիրներու: Բայց ասոնք ամենքը ընդարձակ ովկիանոսի վերջին ափունքը հասնելով, իբրեւ նոր Հերակլէսք մտածութեանց սիւներ կանգնեցին եւ անոնց վրայ մտօք գրեցին, Մի անդր եւս. այն կողմերուն անուն թողլով երկիր անտես, հրատեսակ եւ անծանօթ, զոր անմատչելի կը համարէին: Այդ զարմանալի անփորձ ճամբան փառաւոր փափաք պատճառեց Տէր Եղիշէի ի Սարպանկայ, հայազգի հնախօսի, փորձելու նոյն ճամբան, զոր արգիլեց մեր հարց կամ անհոգութեան մէգն կամ լոյսն, շատ աշխատած ըլլալնուն համար` եւ ուզելով նաեւ յետագայից տարժանելի փառք ստանալու առիթ թողուլ:
       Արդ, յամի տեառն 1606, բաւական պարենով նաւ մտնելով ի Ռակուզա, ճամբայ ելաւ այն օրը, որ հիշատակ հաւատացեալ ննջեցելոց կը տօնուի *, եւ անցնելով երբեմն յաջող եւ երբեմն սպառնալից հողմով ծովուց լայն ծոցերն, հասաւ մարտի 21 ին` փառաւոր հայրապետին Ս. Բենեդիկտոսի օրը, տեսանելի երկրին դիմացը, մօտ երկու ժայռերուն, որոնց առաջին գտնողները Լոս Ռոմէրոս անունը դրեր էին, բայց չկրնալով ծովուն տեղատուութեան պատճառան երկար ատեն հօն կենալ, մեկնեցան դէպ ի Դրիսդան տէ Ագունեաս կոչուած կղզին եւ ոչ ալ այնտեղ կրցան նաւահանգիստ մտնել հողմոյն պատճառաւ, ուստի անցան Մաքիան ըսուած ծովուն կողմը, հարիւր մղոն ձախակողմը` չորս ժամուան մէջ:
       Այն տեղ, երբ կամեցաւ օրհնեալն Աստուած, մեծ գետակ մը գտնելով, որ նաւահանգստի պէս կը փակուէր, հողմուռոյց առագաստներով ներս մտան եւ երեսուն մղոն երթալով անոր մէջէն, աւելի արուեստական ճարտարութիւն երեւցաւ իրեն անիկայ, քան թէ բնութեան գործ: Այսպէս, ցամաք ելնելով, ուզեց Տէր Եղիշէ անծանօթ կոչուած երկրին նորութիւնները տեսնել եւ հետը 20 անձինք ձիաւոր առնլով, երկու ամսոյ համար պաշարաբարձ ուղտեր, հրացաններ եւ ուրիշ զէնք, դարձան դէպ յաջակողմ, ուր աւելի դաշտագետին կը տեսնուէր: Բաց, արդ, հետաքրքիր ընթերցող, աչքերդ եւ թէպէտ զարմանքն ի տգիտութենէ ծնանի, եթէ քիչ մը մտացի ես` զարմացիր այն անհատնում աշխատանաց վրայ, զորս կրեցին յիշեալ Հայն եւ իրեն ընկերներն` երբեմն գազաններէ, երբեմն ճահիճներէ, լճերէ, երբեմն ի հրէշից, երբեմն ճամբանին կորսընցնելով, երբեմն գահավէժներէ եւ միշտ պանդոկաց պակասութենէն, ամենատարժանելի կերպով: Արդ երեսներորդ օրն էր, որ Տէր Եղիշէ կը քալէր, արդէն իր երկու ընկերներէն զրկուած, յորոց մէկը վայրագ վիշապէ մը պատառեցաւ, ուղտովն հանդերձ, միւսն` հիւսիսային-արեւելեան հողմոյ բռնութեամբ լերան մը բարձրութենէն գահավիժեցաւ եւ ցաւելով ասոր վրայ, կամաւ բարձր տեղերէ կը փաղչէր եւ որչափ կարելի է զգուշութեամբ կ՚երթար: Հանդիպեցաւ որ երեսուն օրէն երեք օր վերջը ընդարձակ դաշտ մը հասաւ, որուն քովերը քանի մը բնակութեանց հետք կը նշմարուէին: Այնտեղ քիչ մը հանգչեցան: Յետոյ հօն բնակութիւն մը գտնելու յուսով, վերջապէս զարմանալի շինուածոց շատ մը աւերակներ գտան: Եւ ահա իրեն ընկերներէն Տիեկոյ անունով մէկն եւ Քաբօրալին կոչուած մարդ մը տեսան պղնձէ տախտակ մը, երեսուն ոտնաչափ բարձրութեամբ եւ նոյնչափ լայնութեամբ, չորս կողմը շրջանակով, պատկերօք եւ դրուագներով աշխատուած, որուն կամար կը ձեւացնէր յաղթական պսակի նման երկու սիւներով մարմարեայ յաղթութեան արձան մը: Տէր Եղիշէ, որ քիչ հեռու կը գտնուէր` ժայռէ բղխած աղբեր մը քով զովանալու համար, լսելով այս բանս` շուտ հօն վազեց եւ մեծ խնամքով դուրս հանելով սեպաձեւ փորագրեալ տառքը, որ ժամանակաւ եւ անձրեւօք գրեթէ աւրուած էին, անսպառ ուրախութեամբ կարդաց այն յունարէն գրերը, որոց նշանակութիւնն այս է. Մահարձան նուիրեալ փառաց Մեծին Աղեքս. Մակեդ. որ առաջին անգամ այս անհետ ճամբով, իջաւ Հակոտնեայց, եւ զօրութեամբ եւ արուեստիւ դիւրաւ հարթեցաւ: Դարձիր. թէ չես Աղեքսանդր, ով որ ես, զոր կամ բաղդ կամ խոհեմութիւն այս տեղս առաջնորդեց: Դիւրին է իջնելն, ելքն` ոչ ապահով առանց հրոյ եւ Դեմետրեայ, չեն պակասեր աղբերք… Աջակողմեան գերեզմանն քեզի կ՚ուսուցանէ:
       Այսպէս կ՚ըսէր գրութիւնն, որուն վարը կային ուրիշ գրեր, սակայն ժամանակէն մաշած ըլլալով, անկարելի եղաւ հասկնալ զանոնք, որոնց տեղ կէտեր կան ... Սաստկացաւ Տէր Եղիշէի յանդգնութիւնն, ուր յոյսը կը պակսէր եւ գրութեան ոյժը հասկընալով` կը ժողովէ բաղեղեան եւ ծառի ճիւղեր կամ դափնիներ իրեն գործածութեան համար եւ ճրագներու զօրութեամբ լուսաւորելով զայրը, զոր աջակողմը գտեր էր գրուածոց նշանովը, առանց ուրիշ բան մտածելու շարունակեց տարակուսական ճամբան: Եօթներորդ օրն էր, որ կը քալէր այն մեծ Այրին մէջ, որ ճիշդ նման էր այն ուրագներու ծայրիւ շինուած երեւելի Նաբոլիէն մինչեւ ցգեղեցիկն Բոցցուոլոյ անցքին, բայց երկայնութեամբ բոլորովին անհամեմատ էր, վասն զի եօթն օրէն վէրջը դեռ անոր ծայրը չէր տեսնուեր: Տէր Եղիշէ ճրագի առատութիւն ունէր, կերակուրնին քիչ օրուան կը բաւէր, խմելու համար միշտ աղբիւրք կը գտնուին, ըստ գրոյն «ոչ պակասեն աղբերք», այնպէս որ ճամբան շարունակելով իրենց կ՚երեւէր, թէ գրեթէ գլխիվայր ի խոր կ՚իջնեն, սակայն երկայն չգնաց, որ կերակուրնին պակսելով ստիպուեցան ուղտ մը սպանել եւ շուտ մը մէկ մասը խորոված ուտելով եւ մաս մը պահելով առաջ գնացին, առանց կարենալու ցորեկը գիշերուընէ զանազանել: Գրեթէ ապրելու յոյսը կորուսեր էին, կարծէին թէ դժոխոց մէջ պիտի գահավիժին, երբ պզտի ծակ մը տեսան, ուսկից պայծառ, սակայն անորոշ լոյս մը կը տեսնուէր, եւ լոյս ոսկւոյ: Այս նոր պայծառութենէն իրեն գոգցես, կորուսեալ յոյսը կրկին կենդանացաւ եւ անոր վրայ ապահովնալով Տէր Եղիշէ եւ արագաքայլ վազելով ինքն առաջին եղաւ, որ այրին պատէն անցաւ: Եւ իբրեւ ի պատուհանէ մ՚երկըննալով, տեսաւ իրմէ վար ընդարձակ դաշտեր` ամենքն ալ ոսկեգոյն լուսաւորեալ եւ որովհետեւ հարկ էր դարձեալ վար իջնել, զարմացան, վասն զի ուր որ առաջ ոտքերնին էր` կարծէին թէ այն տեղ գլուխնին եկեր էր, չէին մտածեր, որ յանկիւնէ անկիւն շրջան ընելով պէտք էր այսպէս ըլլալ: Արդ, այսպէս գահավէժ զառ ի վայրին ծայրը հասնելով, տեսան, որ երկիրը երկնագոյն կապոյտ էր եւ թափանցիկ: Երկու թիզ վար խոտերը ոսկւոյ երեւոյթ ունէին, ոչ նմանութեամբ կ՚ըսեմ, այլ իրականապէս, եւ այսպէս ծառերուն տերեւները եւ այն երկիրներուն ցորենի հասկերը, զորս հասկ անուանեց, մեր հասկերուն նման ըլլալուն պատճառաւ, այլ մեծութեան կողմանէ ամեն հատիկ մկան մը չափ մեծագոյն է եւ իւրաքանչիւր հասկ անոնցմէ հազար հատ ունի եւ կարծես թէ բնութիւնն զանոնք ոսկի նկարեր է, որոնք ճիշդ ոսկեգոյն կը փայլին: Պտուղք փայլուն են մէկ ծայրէ միւսը, թէպէտ եւ տեսակաւ մերիններէն տարբեր, որոնց մէջ կան ոմանք, որոց վրայ մարդկային դէմք նկարուած ունին, իբրեւ թէ բնութիւնն ուզած ըլլայ այն տեղ մարդուս զարմանալի մայր ձեւանալ: Խոտերը վրանին այնպիսի նշաններ ունէին, որոնք եբրայական տառից կը նմանէին, զորս այն ժամուն չկրցան ճանչնալ, թէ ինչ էին: Գետերը ոչ թէ ջուր, այլ կենդանի արծաթ կը բղխէին, եթէ ջուրն երկրին կատարելութեան եւ արեգական ազդու ներկայութեան պատճառաւ երեսանց այնպէս չերեւիր, ինչ որ չէ ի ներքուստ, փոխաբերաբար խօսելով: Ուրիշ ոսկեգոյն ջրեր ալ կան, որոնք կարծեմ ոսկեզօծ աւազներէն կը բղխեն, ինչպէս Սեւ եւ Կարմիր ծովերը սեւ եւ կարմիր աւազներուն պատճառաւ այդպէս կը տեսնուին եւ կը կոչուին: Ով զարմանալիք բնութեան. ձկներն ոսկի, արծաթ եւ գրեթէ մալդայի գունով խմբովին կը կտրեն ընդարձակ ծովերը: Հաւատան ընթերցողք, որ այս տեղ առասպելաբանութիւն չենք ըներ, այլ ամենայն ինչ կը ծնանի օդոյ կատարելութենէն, որ զամենայն ինչ կարծես կ՚ուզէ յոսկի դարձընել: Եւ եթէ մեր երկիրներուն մէջ, մասնաւորապէս ի Տարենտոն, ոսկեզօծ կ՚ըսուին` ոսկեգոյն ներկեալ ըլլալուն համար, արդ ինչ զարմանք, եթէ այն տեղերը աւելի կենդանի ոսկեգոյն կ՚երեւին ձկունք: Անտառները բնակող միւս կենդանիք մազոտ չեն, այլ լերկ, եւ կուրծքի եւ կռնակի մորթերնին գեղեցիկ աստղազարդ կը ցուցընեն: Իսկ երկիրը հօս չեն բանիր, հապա ինքիրենց առաջին սերմանք ինկնալով զերկրորդները կը բուսցընեն, ինչպէս մեր կողմերը բուսած վայրի կամ անտառային խոտք կոչուածքն: Հարկ չկայ զերկիրը հերկելու, վասն զի շարունակ թէպէտ եւ ոչ վնասակար երկրաշարժերով, բոլոր երկիրը կը յեղաշրջի, եւ կ՚երեւի թէ հողմն իրեն արօրոյ տեղ կը ծառայէ:
       Այն տեղ տարի մ՚ամբողջ, քանի որ նոյն Եղիշէն բնակեցաւ բնաւ անձրեւ չտեսաւ, այլ երկինքն այնպէս առատ է ցօղով, որ երկրորդ օրը կարելի է ամաններով ժողուել մեծ քանակով եւ որ աւելի զարմանալի է, ցօղէն զատ ուրիշ ջուր չի խմուիր, իսկ կերակուրն է այն յիշուած ցորենն, այլ պարզ եփուած, առանց ուրիշ փոփոխութեան կայծականց տակ, որոնք սակայն կրակի կարմիր գոյն չունին, այլ սպիտակ` արշալուսոյ ժամանակ երկնից գունով, ուստի աւելի տարրական հուր կը կարծուի, քան թէ արհեստական: Ձկները արեւուն տակ կ՚եփեն անոնք, որ այն տեղերը կը բնակին, որոնց վրայ պիտի խօսուի վերջը, իսկ միս ուտելնին ամենեւին չտեսաւ: Հապա սովորութիւն ունին խոտ մը ուտելու, որ զիրենք առանց քաղցի եւ ծարաւոյ կը պահէ քսան օր եւ փորձեց զայս Տէր Եղիշէ եւ ճշմարիտ գտաւ: Այս խոտս Պէք կը կոչուի եւ կը կարծէ Տէր Եղիշէ, որ անկէ մեր երկիրն ալ գտնուի, թէպէտ եւ ճանչցուած չէ, որուն վրայ չենք խօսիր` ուրիշ առթի պահելով զայն:
       Զգեստնին կամ ձկանց մորթ է, որք Ատլանտեան կաշւոյ պէս են եւ երբեմն մերկ կը քալեն ըստ եղանակին, ուրիշ զէնք չեն կրեր, բայց եթէ այն ձկանց քանի մը փուշերը, բայց թէ արդեօք սովորութեա՞մբ չեն կրեր, չի գիտցուիր եւ անոնց թեփովն կը զարդարուին` յիշատակներ շինելով անոնցմէ, եւ բոլոր իրենց զարդարանքն յայնմ կայացած է: Իրենց պաշտաման կամ կրօնից նկատմամբ կարելի չեղաւ ուրիշ տեղեկութիւն մը ստանալ, բայց եթէ որոշեալ ժամանակներ ամենաբարձր լերան մ՚ոտքը կ՚երթան եւ այն տեղ միաբան բարձրաձայն կ՚աղաղակեն զաշխարհ խլացընելու չափ: Ըսածնին չի լսուիր, թէպէտ եւ այնպիսի ձայներ կը լսուէին. Պարլաաէ, Սէք, Դրիֆաէ եւ այլն: Յետոյ տուն կը դառնան եւ վերը յիշուած խոտէն ուտելով` քսան օր շարունակ առանց ճաշակելու կը մնան: Իրենց տուները ձկանց ոսկորներով շինուած են եւ տանիքն այնպիսի նիւթով մը ծածկեալ, զոր անկարելի եղաւ ճանչնալ: Գլխաւոր մը ունին, որուն տեսնուեցաւ թէ ամենքն յարգանք կու տային, դիմացը երթալով մէկ ոտքի վրայ եւ միւսը գետին չի դիպցընելով եւ գլուխնին յաջակողմն ծռած բարեւելով զինքն: Կերակուրն, որով կը սնուցանեն այս իրենց գլուխը, ուրիշներէն բոլորովին տարբերէ, զոր հօս կը նշանակեմ, իրենց հրաշագործ գաղտնիք մ՚ըլլալով: Եւ ասոր համար ոչ աննշան քանակութեամբ իրենց ոսկիէն կ՚առնուն եւ ոչ պակաս վեց լիպրէէն, ինչպէս կշռուելու ատեն տեսնուեցաւ, թէ որ աչքն չխաբեց եւ դնելով զայն ի լուծումն տեսակ մը հեղկի մէջ, նման մեր գինւոյն, որուն վրայ վերջը պիտի խօսուի, եւ թողլով զայն հօն 12 ժամու չափ` վրան կ՚աւելցընեն սերմ մը, արմատ մը եւ խոտ մը, որոնք սոյն Հային տեսածին եւ ճանչցածին համեմատ` գործածական է ի հարկին, այլ ոչ թէ այս նպատակաւ եւ դնելով յետոյ զանոնք ամանի մը մէջ նման փայտէ պարզիչ գործւոյ (Lambico) այլ անփուտ իբրեւ զոսկր եւ զմարմարիոն, մաղմաղ կրակի վրայ կը դնեն. եւ անկէ բնալուծական ոգին հանելով` իրենց տիրոջը կերակուր կը շինեն, որ զարմանալի է թէ կեանքը երկարելու համար եւ թէ զծերութիւն եւ զանկեալ հասակ կենդանացնելու, զոր կը գործածեն նաեւ անոնք որ երիտասարդութեան ամաց վերջերը հասած են, որ հիանալի կերպով կը նորոգուին իբրեւ նոր փիւնիկք: Հեղանիւթն, զոր գինւոյ տեղ կը գործածեն, եւ խոտերուն հիւթը հանելով, որոց սերմը մեր մեծ շան խաղողին նման են: Եթէ նոյնիսկ այն չէ, որուն արմատը յիշեալ լուծման մէջ կը դնեն, սերմն փակեալ է կեղեւի մը մէջ ործացուցիչ ընկուզի պէս, այլ պատեալ կարճ եւ քիչ մը բոլորաձեւ փուշերով արջընգուզի նման, թէ որ այն ալ չէ, խոտին տերեւները նիզակի երկաթին պէս են, զոր մենք սովորական յոյն լեզուով քինոկլոսսա կ՚անուանենք, իսկ ռամկօրէն` շան լեզու, եթէ չենք սխալիր այս խոտիս նկատմամբ եւ կարծեմ թէ այս է այն ոսկւոյ ոգին, որ զամեն մետաղ հազարին մէկ կը շատցընէ, թէպէտ եւ անզգալի կերպով այս այն քիմիական ցօղն կը կարծուի, որու համար ըսուեցաւ. ի ցօղոյ երկնից եւ ի պարարտութենէ երկրի եղիցի վէմ մեր: Քննելով իրենց կարգերն եւ օրենքը, քիչ բան իմացուեցաւ, սակայն տեսնուածին համեմատ` բնութեան օրինօք կ՚ապրէին. յղութեան ատեն ի կանայս չեն մերձենար, իսկ զազգապղծութիւն մահուամբ կը պատժեն: Այս վախճանաւ այնքան կը խմցընեն բռնի` որ խղդուելով կամ պայթելով կը մեռնին, եւ այս է իրենց մեռցընելու կերպը եւ առ այս համառօտիւ ըսածս բաւ է:
       Քիչ մ՚ալ խօսինք իրենց օրուան երկայնութեան վրայ. ամառը չորս ժամէն աւելի չէ քան զմեր օրը, ձմեռը տասուերկու եւ վեց` ամեն արեւադարձին, պատճառները յայտնի են, սակայն իմաստասիրելու առիթ թողլու համար կը լռենք: Եղանակքն անփոփոխ են, որովհետեւ միշտ երկիրն կը ծաղկի եւ ցրտէն երկիւղ չկայ եւ ոչ ձիւնէ: Վերջապէս կարելի է կոչել շարունակ գարուն մը, որովհետեւ հօս արեւուն ջերմութիւնն կատարեալ է, վասն զի մեր զէնիտին վրայ արեւն իր բնութեան հակառակ` ճառագայթները վար կը սփռէ, ինչպէս ամենայն թեթեւ ի վեր դիմէ եւ այսպէս ամեն փոքրիկ արգելք կամ ամպոյ կամ հողմոյ եւ կամ անձրեւոյ` անոր ընթացքը կ՚արգելու, այլ ի նատիր գտնուելով` զճառագայթս վեր կը մղէ եւ այսպէս յիշեալ պարագայն բնականաբար յօգուտ իրեն կը դառնայ, սակայն ասոր վրայ իրեն գլխաւոր պատմութեան մէջ աւելի երկարօրէն պիտի խօսուի:
       Կը մնայ խօսել իրենց կերպարանաց վրայ եւ թէ ինչպէս ընդունեցան զՏէր Եղիշէ եւ ընկերները: Արդ առաջինէն սկսելով կ՚ըսեմ, որ հասակնին առ առաւելն երեք թիզ էր, կարճահասակ ծնածները երկու կամ երկուքուկէս, մազերնին բրդի նման, սակայն ոսկեգոյն եւ ծերոցը բարակ արծաթի կը նմանին, նոյնպէս յօնքն եւ այլ մասունքն: Քիթն սուր` իբրեւ զդաշոյն, որով երբեմն կը վիրաւորեն, աչքն` կարմիր, իբրեւ վառ կրակ, գոյներնին իբրեւ մեր ցորենն է, այլ աւելի պայծառ, ըղունգնին կլոր եւ բարձր իբրեւ աստղաքարեր գքուած եւ այս վասն համակրութեան, զոր ունին անոնց հետ աստղերն` անոնց դէպ ի վեր շարժումն ունենալուն համար, ինչպէս որ արեգական համար ըսուեցաւ: Ոտքերն բոլորաձեւ են` առանց արտաքսապէս ճեղքի կամ բաժանման մատանց, բայց կը տեսնուի անոնց նշաններն, այլ այնչափ կլոր չէ, որ նորօրինակ երեւի: Ուրիշ կողմանէ քանի մը դիտողութիւններ ունին քալելու մէջ, որ կարծես թէ բարձր հանճար մ՚ունին, մէջերնին դրուած կարգերով կը կանոնաւորուին, զորս այժմ չենք յիշեր համառօտութեան համար:
       Կը մնայ ըսել, թէ ինչպէս ընդունուեցաւ նոյն Եղիշէն իր ընկերներուն հետ. կը պտըտէր հրաշալեաց վրայ զարմանալով եւ Երկրին պտուղներէն ճաշակելով, տեսնալով բազմութիւն մը հիւղից` եզանց ոսկորներով շինեալ եւ շաղուածով, ինչպէս ըսինք, զինուեցան, այլ հարկ չեղաւ պատերազմիլ, վասն զի տեսնելով այն կողմանց բնակիչքը, ուրախ երեսով ընդունուեցան, նշանացի ցուցընելով իրենց, որ զիրենք կը ճանչնային, եւ այսպէս տարուեցան լերան մը ճակատը, ուր քանի մ՚ոսկեղէն արձաններ կային Աղէքսանդր Մակեդոնացւոյ արձանագրութեամբ եւ ուրիշ անուններ, որոնց Հակոտնեայք յարգանք կու տային եւ աստի կ՚իմացուի, որ Հակոտնեայք, ըստ աւանդութեան, ծանօթութիւն ունէին այն մարդոց դիմաց, իբրեւ ուրիշ անգամ իրենց երկիրը եկածի պէս եւ զիրենք ընդունեցան ուրախութեամբ: Այս առթիւ բնակեցաւ Տէր Եղիշէ տարի մը այն երկիրը` լրտեսելու անոնց ներքին զգացումը եւ ամեն բան տեսնելով` բովանդակել կրնալու չափ, եւ դառնալ մեր կողմերը, թէեւ զուրկ մնաց տասուիրեք ընկերներէ, զորս ի Հակոտնեայս եւ ի դարձին կորսնցուց, թերեւս իրենց տուած կերակրին սաստիկ սննդարար ըլլալուն պատճառաւ: