Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԵՐ ԿՌՈՒՆԿԸ

Գետափին վրայ, կըռունկներու շարքին մէջ,
Ան իր գըլուխը ծռեց.
Դըրաւ կըտուցը թեւին տակ, ու ծեր, խոնջ,
Նուաղկոտ բիբով ըսպասեց
Իր վերջին սեւ վայրկեանին.
Երբ ընկերները ա՛լ մեկնիլ ուզեցին`
Ան չըկըրցաւ անոնց թռիչքին միանալ.
Հազիւ բացաւ աչքն ու դիտեց օդին մէջ
Խըմբակին չուն` որ կ’երթար
Երդերէն վար կըրկռալով
Յանձնուած լուրեր, բարեւներ,
Եւ արցունքներ պանդուխտի:
Ա՜հ, խեղճ թըռչուն. այդ դալկահար գըրկին մէջ
Աշնանային ցուրտ լըռութեան` կը մեռնի:
Փո՜ւճ է այլեւս երազել
Գարուն մ’հեռուն, գաղջ հոսանքները օդին
Ճախրող թեւին տակ զօրեղ,
Կամ սրունքներով ջըլեբաց
Անցքը պաղուկ առուակներէ, մեծ վըզին
Մըխըրճումները շամբերուն մէջ կանանչ,
Փուճ է այլեւս երազել:
Թեւերը հայ կըռունկին
Ա՛լ յոգնած են ճամբորդելէ: Ան եղաւ
Հաւատարի՛մ սըրտաճըմլիկ պաշտօնին,
Փոխադրեց շա՜տ արցունքներ.
Ո՜րչափ հարսեր իրենց սըրտերն հըրատապ
Իր քընքշական փետուրներուն մէջ դըրին,
Ո՜րչափ մայրեր եւ որդիներ բաժնըւած
Անոր թեւերը բեռցուցին համբոյրով…
Արդ սարսուռով մ’օրհասի
Ան վըրայէն կը թօթուէ
Մեծ վիշտն Ազգի մը նըժդեհ,
Ուխտեր յանձնուած, լացեր գաղտ
Նըշանածի մ’որ տեսաւ ա՛լ իր յետին
Վարդի թօշնումը դեռ բընա՛ւ չհամբուրուած,
Տըրտում օրհնենք մը մամու,
Սէրեր, իղձեր, կարօտներ
Ա՛լ վըրայէն կը թօթուէ:
Եւ գետափին գորշապատ
Ամայութեան մէջ բանալով վերջին հեղ
Յոգնած թռիչներն ուղղաբերձ`
Հայ բլուրներուն, գիւղերուն վրայ կիսաւեր,
Կըրկըռոցովն օրհասի
Գաղթումը ան կ’անիծէ՜:
Եւ կ’իյնայ, լուռ: Խիճերուն վրայ գետափին
Կ’որոշէ իր գերեզմանն,
Ու մըխելով կըտուցն հիր
Քարի մը տակ, բընակարան դօդօշի,
Քարշ ձըգած վիզն իր ճապուկ,
Ալիքներուն երգին մէջ
Դողով մը վեհ կը մեռնի՜…
Հոն օձ մ’որ լուռ, երկա՜ր ատեն, կը դիտէր
Այդ ճըգնաժամն ակընկառոյց բիբերով`
Գետեզերէն վեր կը սողայ
Ու վրէժէ մ’հին օրերու,
Վատ ոստումով մ’հապըշտապ
Անոր մեռած պարանոցին կ’ոլորուի…