Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
ԷՅՈՒՊ

Էյուպի մէջ երկու սուրբ կայ, որ իրարմէ կէս ժամու չափ հեռաւորութիւն ունին։ Այս սուրբերէն միոյն անունն է Աստուածածին եւ միւսինը Եղիա։ Այսօր Ս. Եղիայի Էյուպի վրայ պիտի խօսինք ։

Այս թաղին մէջ բնաւ սատանայ չկայ, գրեթէ մեծ մասամբ աղաւնիի պէս միամիտ են։ Ժողովուրդը պահպանողական ըլլալով՝ քայլ մը յառաջ գնացած չէ այն վիճակէն, որուն մէջ ստեղծած է զինքն Աստուած։ Այս թաղին մէջ պտըտողը ինքզինքն Ադամայ ժամանակակից կը կարծէ ։

Հարիւր տասը հայ տուն կայ հոս։ Ժամանակաւ երկու վարժարան ունէին, մին աղջիկներու եւ միւսը մանչերու. իսկ հիմա այդ շէնքերն այրած ըլլալով՝ աշակերտներու մէկ մասը տան մը մէջ կը խաղան եւ մէկ մասն ալ փողոցներու մէջ։ Աշխատող պզտիկ մաս մը կայ, որ հանգանակութեամբ վերաշինել կաշխատի թաղին վարժարանները ։

Ժողովուրդն իւր զաւակներուն դաստիարակութեանը համար սիրտ չհատցուներ. եթէ Աստուած կամենայ, կըսէ, մեր զաւակներն առանց վարժարան երթալու ալ կրնան ուսումնական ըլլալ ։

Հոս ո՛չ ընկերականութիւն կայ եւ ո՛չ երիտասարդութիւն, այլ առանձնասիրութիւն եւ տղա յութիւն կայ. ամեն մարդ պարտաւոր է իւր տունը քաշուիլ ու նստիլ. մեծ անիրաւութիւն է դրացւոյն տունն երթալ եւ մէկ երկու ժամ նստելով ժամանակ անցունելը ։

Այս թաղին մէջ արհեստն ալ իւր օրօրոցին մէջ է դեռ։ Էյուպի ազգայիններուն մէկ մասը բրուտ ըլլալով՝ հողէ տեսակ֊տեսակ ամաններ եւ անօթներ կը շինեն։ Հողէ տեսակ մ ՚ ալ անօթ կը շինեն, որուն հայերէնը չենք յիշեր, բայց մեր ընթերցողներուն կատարեալ գաղափար մը տալու համար յիշեալ անօթին վրայ՝ կը պարտաւորինք ըսել, թէ շատ մը կիներ հիմայ ճիշտ այդ հողէ անօթը յարդէ շինելով՝ վրան լաթ մը կ ՚ անցունեն եւ քիչ մը ծաղիկով եւ քօրտէլայով զարդարելէն ետքը իրենց գլուխը կ ՚ անցունեն ։

Այս թաղին մէջ գինետուն չկայ եւ օղի ծախուիլը արգելուած է ի՜նչ դժբախտութիւն։ Թաղեցին երեկոները ընդհանրապէս Իլիմօն Իսկէլէսի կը հանդիպի եւ հոն քանի մը գաւաթ օղի խմելէն ետքը կ ՚ երթայ իւր թաղը՝ ուր տան մը մէջ ալ գաղտնի օղի կը ծախուի։ Շատ մը ընտանիքներ իրենց զաւակներն օղիէ կտրելու համար այս թաղը կու գան, ինչպէս որ տենդ ունեցողներն ալ հիմա Միջագիւղ կ ՚ երթան՝ ջուր խմելէ կտրուելու համար ։

Ժողովուրդն եկեղեցասէր է, սակայն քարոզիչ չուզեր. եթէ տարին մէկ֊երկու անգամ Պատրիարքարանէ քարոզիչ մը ղրկուի հոն՝ թաղեցին սիրով կ ՚ ընդունի զայն այն պայմանաւ, որ քարոզը տալուն պէս թաղէն դուրս ելնէ ։

Կիները մեզի պէս ժրաջան են, վայրկեան մը պարապ չեն նստիր, էնթարի, շալվար հագած՝ ֆէսհանէ ի համար ֆէս կը հիւսեն, նստած իրենց տանը դրան սեմին վրայ, որու առջեւէն կ՚անցնի թաղին կոյանոցը։ Թաղին աշխատաւորներէ գոնէ հանգանակութիւն մ՚ալ բանային եւ անոր արդիւնքովն մաքրէին սոյն կոյանոցն, որուն մէջ երբեմն կ՚իյնան լամպիքա շատկէկ խմողները. իսկ եթէ թաղեցւոյն քիթը շահ մ ՚ ունի այդ կոյանոցին հոտէն՝ ատոր ըսելիք չունինք ։

Կիները լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ունին, եւ այս պատճառաւ երկարակեաց են. ամենէն կարճ կեանք ունեցող կինն իննսունըինը տարեկան է, եւ երբ հարիւր տարեկան կին մը մեռնի՝ ծաղիկ հասակին մէջ առ Աստուած փոխուած կը համարուի, իսկ երբ մէկ տարեկան աղջիկ մը մեռնի՝ վիժած կը սեպուի ։

Իգական սեռին մէջ փոքրիկ մաս մը կայ, որուն հետ խօսելու համար զրահ հագնելու է, վասնզի ասոնք փայտով կը խօսին, եւ եթէ կանխաւ զգուշութիւն չընես՝ գլուխդ կը պատառեն ։

Բամբասանքն հոս յուսացուածէն աւելի է, միայն թէ սահմանափակ ըլլալով՝ էնթարի շալվար ին վրայ կը դառնայ միշտ ։

Թաղին բերքն է փայտէ շինուած տղու խաղալիկներ, որոնցմէ երբեմն մեծ մարդեր ալ ծախու կ ՚ առնեն իրենց համար ։

Օդը թէպէտեւ աղէկ է, բայց բնակիչներուն թմրութեանը նայելով՝ կ ՚ երեւի որ քիչ մը թմրեցուցիչ է։ Էյուպցիներէն ոմանք փողոցը քալած ժամանակնին կը քնանան եւ աղուոր երազներ կը տեսնեն ։