Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.
ԲԷՐԱ

Բէրայի սահմանն է արեւելքէն խաղամոլութիւն, արեւմուտքէն պճնասիրութիւն, հարաւէն շռայլութիւն եւ հիւսիսէն խարդախութիւն ։

Ա՛լ ասանկ սահմանակիցներ ունենալէդ ետքը հանդարտ սրտով կեանք անցո՛ւր ։

Այս թաղը Պօլսոյ Բարիզն է եթէ Բարիզն իրեն նուաստութիւն չհամարիր իւր անունն Բերայի վրայ տեսնելը ։

  Անուանի են հասարակաց պարտէզներն, որք դրախտ ալ կկոչուին եւ ուր կգտնուի ծառ գիտութեան բարւոյ եւ չարի. բարւոյ ծառը դեռ պտուղներով բեռնաւորուած է, իսկ չարի ծառին վրայ ոչ թէ պտուղ, այլ տերեւ անգամ չես կարող գտնել ։

  Փողոցները բաւական լայն են. միայն թէ առաւօտներն այդ փողոցներէ անցնելու չգար, վասնզի ամեն առաւօտ կ ՚ աւլըուին եւ փոշեղէն մառախուղ մը չորս կողմը կպատէ ։

  Ունի գեղեցիկ խօսարաններ, որոնց մէջ երգեցիկ աղջիկներ մինչեւ առաւօտ եղանակով կը խօսին այլեւայլ նիւթերու վրայ։ Ունի նաեւ համալսարաններ, որոնց մէջ աղէկ թուղթ խաղալու, վարպետութեամբ դիմացինդ կողոպտելու գիտութիւնը կ ՚ աւանդուի դիւրուսոյց եղանակով ։

  Տուներուն գրեթէ երեք մասը քարուկիր է։ Այս տուները շատ քաջ են. կրակէ բնաւ չեն վախնար, բայց կայրին ։

  Ձեռագործներն մեծ կատարելութեան հասած են. գեղեցիկ սեռէն անոնք, որ գող կ ՚ ըլլային, եթէ արական սեռին վերաբերէին՝ հոս խանութներ բացած՝ մեր ազգին աղջիկներուն եւ տիկիններուն գրպաններէն ամեն օր, ամեն ժամ, ամեն վայրկեան, ամեն րոպէ բազում դրամ կքաշեն ։

  Փոքրիկ գլխարկի մը համար երկու ոսկի կ ՚ ուզեն, իսկ զայն շտկելու համար, այսինքն վրան ծաղիկ մը կապելու համար՝ մէկ ոսկի կպահանջեն։ Բարիզէն եկած գաղափարին համեմատ շապիկներ կկարեն, զոր առաջին անգամ կոճկելուդ կոճակները կբրդին, եթէ քիչ մը երկար շունչ առնես՝ կարերը կքակուին. այսպէս հասկցիր բոլոր հագուստներուն համար։ Այս տեղէն շապիկ կամ զգեստ ծախու առնողն ուշադրութեամբ եւ որոշեալ չափով շունչ առնելու է ։

Նշանաւոր է իւր լիճն, որ ձմեռ ատեն կգոյանայ Թագսիմէն մինչեւ Ղալաթիոյ Սէրայը։ Ընկերութիւն մը այդ լճին վրայ նաւակներ բանեցնելու արտօնութիւն խնդրեց, բայց չկրցաւ ստանալ ։

  Եթէ արտօնութիւն տրուած ըլլար՝ այդ մարդը մեծ գումարներ կշահէր. սակայն այս արտօնութեան հակառակեցան կիներէն ոմանք, որք բարեպատեհ առիթ կհամարէին սոյն լիճն՝ իրենց խոշոր սրունքներն արգոյ հասարակութեան ցոյց տալու համար. վասնզի երբ այդ լճակէն անցնէին՝ մինչեւ ծունկերը վեր կ ՚ առնէին իրենց շրջազգեստն։ Գալով այն կիներուն, որք նիհար սրունքներ ունէին՝ ասոնք բաւական աշխատեցան, որ շնորհուի այդ արտօնութիւնն, որպէսզի իրենք ալ ձմեռուան եղանակին մէջ կարողանային դուրս ելնելու ազատութիւնը վայելել, վասնզի ասոնք կզգուշանային իրենց տկար սրունքներն ուրիշներու ցցունելէ, միանգամ ընդ միշտ հաստատելու համար այն ճշմարտութիւնն՝ թէ կիներն իրենց տգեղ կողմերն ծածկելու համար միշտ մեծ զոհողութիւններ կ ՚ ընեն ։

Այս թաղին ազգայիններուն վրայ կատարեալ տեղեկութիւն տալու համար՝ պարտաւոր ենք շատ մասերու բաժանել զանոնք ։

Մաս մը կայ, որ բնիկ Բերացի չէ, այլ կամ Հասգիւղցի կամ Եէնի Գաբուցի է, որ ժամանակաւ շատ հարուստ ըլլալուն պատճառաւ այս թաղն եկած է եւ սնանկացած է, որպէս թէ Հասգիւղի կամ Եէնի Գաբուի մէջ սնանկանալն մեծ դժուարութիւններ ունենար։ Արդ սնանկացած բոլոր ամիրաներն գրեթէ այս թաղին մէջ կբնակին։ Եւ արդարեւ, այս թաղն շատ դիւրութիւններ կ ՚ ընծայէ այն անձերուն, որք հաստատապէս որոշած են դադրեցնել իրենց վճարումներն, եւ ասոր համար է, որ շատ վաճառականներ հոն կ ՚ երթան՝ երբ սնանկանալ փափաքին։ Շատերն ալ սնանկանալէ վերջը հոն կ ՚ երթան՝ իրենց ծանօթներէ հեռու մնալու համար. վասնզի սնանկութիւնն ժամանակաւ այնքան անպատիւ բան մը նկատուած էր, որ սնանկացող մը նորընծայ քահանայի մը պէս քառասուն օր ապաշխարանք կը քաշէր եւ տունէն դուրս չէր ելներ։ Հիմա, փա՜ռք լուսաւորութեան, սնանկութիւնն թէպէտեւ սովորական բան մը դարձած է, բայց դարձեալ կգտնուին խաւարեալ մարդեր, որոնք իրենց փոքրութիւն եւ ամօթ կը համարին ուրիշին իրաւունքն կլնելը։ Ահա այս խաւարեալներն են, որ Բէրա կգաղթեն. լոյս մաղթենք իրենց համար, որպէսզի նախապաշարումն մէկդի թողլով՝ հանդարտ խղճով սնանկանան եւ իրենց մեծ պատիւ համարին ուրիշներու ստակներն ուտելը։ Արդէն հարստանալու համար ամենէն կարճ ճանբան է աս, եւ այն բոլոր հարուստներն, զորս այսօր կտեսնենք, բայց տեսնել չենք ուզեր՝ այդ ճանբով հասած են իրենց նաւահանգիստը։ Ահա մարդ մը, որ իւր կեանքին մէջ բնաւ վաճառականութեամբ չէ զբաղած եւ այսօր Վոսփորի երկու ափերուն վրայ բարձրացած հոյակապ շէնքերու տէր է։ Ի՞նչպէս կառուցած է զանոնք. մի՛ հարցուներ, յափշտակութեամբ կառուցած է։ Ասդին դարձիր եւ կը տեսնես այնպիսի անձեր, որք իրենց կեանքին մէջ հազիւ ապրելու համար դրամ վաստկած են. բայց այդ անձերն այսօր, չգիտեմ ո՛ր կղզւոյն մէջ, տէր են այնչափ գետիններու՝ որոնցմէ Նոյ նահապետին օրէն ի վեր մաս֊մաս կը ծախեն, եւ այդ գետինները չեն սպառիր. ոչ թէ միայն չեն սպառիր, այլ որքան ծախուին՝ այնքան կ ՚ ընդարձակուին։ Ի՞նչպէս. մի հարցուներ, վասնզի պատասխանը գողութիւն է, եւ այս գողերն մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելեն հասարակութեան մէջ՝ որ կ ՚ ըսէ անոնց համար.

—Շատ խելացի, շատ ճարպիկ մարդեր են. կանխաւ պատրաստած են իրենց ապագայն ։

  Եթէ ասոնք ուրիշ հողի մը վրայ գտնուէին՝ ցմահ բանտարկութեան կդատապարտուէին ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ ո՛չ գործ ունի եւ ո՛չ եկամուտ եւ ո՛չ ալ հոգ ապրելու համար։ Այս մասին վրայ եթէ ակնարկ մը ընես՝ կզարմանաս, թէ ի՛նչպէս կապրի եւ ինչո՛ւ անօթութենէ չմեռնիր. բայց երբ իր ընթացքը քիչ մը քննես՝ կզարմանաս, թէ ինչո՛ւ միլիոնի տէր չըլլար։ Այս մասին բոլոր դրամագլուխն է իւր կրած հագուստն, զոր կշինէ՝ բարեկամներէ նախ փոխ առնելով եւ յետոյ չվճարելով։ Բոլոր հարստութիւնն իւր վրայ կը կրէ, Պիասի աշակերտներէն է։ Այդ հագուստին տէր ըլլալուն պէս՝ բարեկամէ մը քանի մը դահեկան կգտնէ եւ կ ՚ երթայ թաղին ամենէն նշանաւոր սրճարանին մէջ կնստի։ Աչերը կյառէ սրճարանին դրանը, ուսկից անծանօթի մը մտնելուն կսպասէ ճիշդ այն ձկնորսին պէս, որ կարթը կձգէ ջուրին մէջ եւ ձուկի մը գալուն կսպասէ։ Օտարական մը մտաւ՝ անոր հետ իսկոյն բարեկամ կ ՚ ըլլայ, քովը կ ՚ երթայ եւ կը սկսի խօսակցութեան.

—Ե՞րբ եկաք, կը հարցնէ անոր ։

—Եր ե կ գիշեր եկայ ։

—Ես զձեզ տեղ մը տեսած եմ, զձեզ պիտի ճանաչեմ բայց յիշողութիւնս քիչ մը տկար է ու

—Կարելի է ։

—Մարտիրոս աղային քեռորդի՞ն էք դուք ։

—Ո՞ր Մարտիրոս աղային ։

—Մարտիրոս աղա մը կար սա ինքը սա Մարտիրոս աղան, որ վերջը վերջը բան մը եղաւ ։

—Վերջաբա՞ն մի եղաւ…

—Վերջաբան մը եղաւ, ըսին այն ատենները ։

—Մարտիրոս անունով մօրեղբայր չունիմ ես ։

—Չունի՞ք մի ։

—Չունիմ ։

—Ո՞վ է ան ուրեմն, որ Մարտիրոս անունով մօրեղբայր մը ունի, որ վերջը բան մը եղաւ ներեցէ՛ք, ներեցէ՛ք, հիմա յիշեցի դուք չէք. ես ձեզի ուրիշի մը նմանցուցի Կարապետն էր այն, որ ձեզմէ աղէկ չըլլայ. բարեկամս էր եւ որ Մարտիրոս աղային քեռորդին էր. պատուական երիտասարդ մ ՚ էր, բայց վեց տարի կայ, որ զինքը տեսած չունիմ։ Մարտիրոս աղան ալ բարի մարդ մ ՚ էր, որ վերջը վերջը տէր ողորմեա, ի՞նչ եղաւ այս մարդը վերջը հա՛, վերջը շատ աղքատ եղաւ. վասնզի իր բոլոր հարստութիւնը քօնսօլիտի մէջ թաղեց խե՜ղճ Մարտիրոս աղան։ Բայց ես զձեզ ալ անպատճառ տեղ մը տեսած եմ, եւ ձեր դէմքն ինձի ծանօթ է ։

—Հաւանական է, որ Եէնի Գաբու տեսած ըլլաք ։

—Ճիշտ Եէնի Գաբու, ճիշտ, ահ, եղբայր, կաղաչեմ, որ քօնսօլիտ չխաղաք, քօնսօլիտ ը կսնանկացնէ մարդս, ինչպէս նաեւ երբեմն մարդս կսնանկացնէ քօնսօլիտ ը ։

—Ես չեմ խաղար ։

—Կեցցե՛ս. հիմա սիրեցի զքեզ ներեցէ՛ք, խօսքի բռնուեցանք եւ մոռցայ հարցնելու, թէ ի՛նչ պիտի հրամէք խահուէ՞ թէ օղի ։

—Բերանս չեմ դներ օղի ։

—Դարձեալ կեցցե՛ս, դարձեալ սիրեցի զքեզ. քանիներո՛ւ խրատ տուած եմ, որ սա անիծեալ ըմպելիքէն յետ կենան, եւ խրատս լսելի չէ եղած։ Խահուէ մը բեր։ Տունը ի՞նչպէս են, աղէ՞կ են. մայրդ ի՞նչպէս է ։

—Մայր չունիմ ։

—Դուք ողջ եղէք։ Ներելի՞ է հարցունել, թէ ինչով կզբաղիք ։

—Պզտիկ վաճառականութեամբ մը կտաւի գործ ։

—Շատ լաւ. կտաւի գործը ամենէն աղէկն է։ Հօրեղբօրորդի մը ունիմ, զոր միշտ յորդորած եմ կտաւի գործ ընել, բայց մտիկ չէ՛ ըրած իմ խօսքերս ։

—Հրամանքնի՞դ ինչով կզբաղիք ։

—Շիտակը խօսելով՝ ես հիմակուհիմա գործ մը չունիմ. մեր հօրէն մնացած քանի մը տուներ կան, անոնց եկամուտովը կապրինք. կ ՚ ուզեմ գործի մը ձեռն զարնել, բայց չգիտեմ թէ ի՛նչ գործ բռնեմ

  Այս պահուն տան սպասաւորի կերպարանքով մէկը կը մտնէ եւ ատենաբանին խօսքը կ ՚ ընդմիջէ՝ անոր ականջն բան մը փսփսալով.

—Առաջ ինչո՞ւ իմաց չտուիք ։

—Ինքն քսան ոսկի ուզած էր, մենք ալ ձեր մեծապատուութենէն այնքան ուզեցինք ։

—Տէր ողորմեա հիմա ի՛նչ ընելու է Ղալաթիա՛ գնա սենեակը բաց

—Մարդը հիմա կ ՚ ուզէ. վասնզի վար չը պիտի իջնայ եւ հոս մէկու մը պիտի տայ եղեր ։

—Ճաթելո՜ւ բան

—Ի՞նչ կայ, կհարցունէ օտարականը ։

—Ոչինչ, քսան ոսկիանոց հայելի մը ապսպրած էի, մարդն երեսուն ոսկիանոցէն բերած է եւ հիմա տասն ոսկի ալ կ ՚ ուզէ. չսպասեր ալ, որ սպասաւորը Ղալաթիայէն երթայ բերէ աս եւրոպացիները զարմանալի մարդեր են

—Եթէ կ ՚ ընդունիք՝ ես տամ եւ ժամէ մը ինձի կու տաք ։

—Չէ, չէ. ի՞նչ ըսել է, ամօթ բան է. մանաւանդ թէ ես չեմ սիրեր փոխառութիւն ընել ։

—Ի՞նչ վնաս ունի. ժամուան մը փոխառութեան խօսքը կ ՚ ըլլա՞յ եկուր, պարոն, ա՛ռ

—Աս մեծ ամօթ եղաւ շիտակը ։

—Վնաս չունի ։

—Մինաս, շո՛ւտ ըրէ, Ղալաթիայէն տասն ոսկին բեր ։

—Շատ աղէկ ։

Սպասաւորը կթռի ։

—Ներումն կխնդրեմ, բարեկամ ։

—Չարժեր ։

—Ի՞նչ բանի վրայ կխօսէինք ։

—Գործ մը բռնելու վրայ ։

—Այո՛, կ ՚ ուզեմ գործի մը սկսիլ. բայց կը վախնամ, որ դրամագլուխս կկորսնցնեմ, վասնզի հիմակուան գործերն շատ աղէկ չեն. իմ բռնած ընթացքս աւելի շահաւոր է ։

—Իրաւունք ունիք գործ բռնելու ժամանակը չէ ։

  Ժամ մը կխօսակցին գործի վրայ. սպասաւորն, որ տասը ոսկին բերելու գնացած էր՝ վազելով զբօսարանին առջեւէն անցած ատենը ներս կկանչուի իւր տէրէն.

—Ո՞ւր է, կհարցնէ իրեն, ստակը ։

—Բանալին սխալ առած եմ. փոխելու կ ՚ երթամ ։

—Ա՜յ ապուշ, շուտ ըրէ Ապուշ սպասաւորներն ալ քաշուելու բաներ չեն շիտակը. քառասուն սպասաւոր փոխեցի. աս քառասունմէկերորդը պիտի ըլլայ։ Խելքը գլուխն սպասաւոր մը կճանաչէ՞ք ։

—Չեմ գիտեր անանկ մէկը ։

Այս խօսակցութեան միջոցին մեր բարեկամը մէկէն ի մէկ զբօսարանէն դուրս կը ցատկէ եւ երեսուն տարու մէկու մը վիզը կը փաթտուի եւ կսկսի անոր հետ պագտուիլ։ Համբոյրի արարողութիւնն լմննալուն պէս՝ իւր համբոյրակիցին հետ զբօսարանին դրան առջեւ կու գայ եւ իւր բարեկամին կ ՚ ըսէ.

—Եղբայրս է, որ Մարսիլիայէն եկած է հետը տուն երթամ եւ քառորդէ մը դառնամ. ներեցէք, հազար ներումն, միլիոն ներողութիւն

Մարդն մինչեւ այսօր կը սպասէ այդ սրճարանին մէջ սպասաւորին՝ որ մինչեւ այսօր բանալին չէ կրցած գտնել, բարեկամին՝ որ եղբօրը հետ դեռ կպագտուի, եւ տասը ոսկիին՝ որ յետ դառնալու միտք չունի։ Ահա այս դասին մէկ գործն, որու ականատես ըլլալու պատիւն ունիմ։ Տարակոյս չկայ, թէ այս տեսակ գործերն այսօր վաճառականութենէն աւելի շահ կբերեն՝ եթէ ամեն օր պատահին ։

Ուրիշ մաս մը իւր բոլոր ժամերը խաղամոլութեամբ կ ՚ անցունէ. նարտ, թուղթ եւ կամ ուրիշ տեսակ խաղ մը իւր արհեստն է. ատով իւր ընտանիքը կկերակրէ կամ անօթութենէ կմեռցունէ։ Այս խաղամոլներն ալ երկու կարգի կբաժնուին, հարուստներն ոսկիով կխաղան, աղքատներն արծաթով ։

  Մաս մ ՚ ալ կայ հոս, որ միջնորդ է կամ տան, կա՛մ սիրոյ եւ կամ երբեմն երկուքին մէկէն ։

  Չմոռանանք յիշել, որ ընդհանուր կանոն մ ՚ է հոս՝ շաբաթ մը անօթի մնալ եւ դարձեալ հին հագուստներով չպտըտիլ. քսան փարա չունեցողն Ռօչիլտի տղուն պէս կը հագուի, եւ ասկից է, որ Բէրան ուրիշ թաղերէն աւելի հարուստ կկարծուի ։

  Այս թաղին մէջ կբնակին ազգին ամենէն նշանաւոր հարուստ ազգայիններն, որք վերջին տարիներս իրենց քսակը բացած են բարենպատակ գործերու համար միայն այն տեսակ բարենպատակ գործերու համար կու տան, որոնց շնորհիւ իրենց անունները լրագիրներու մէջ կը հրատարակուին եւ իրենք ալ կը փառաւորուին. իսկ լումա մը չեն տար այն բարենպատակ գործերու համար, որք ազգին պատիւը եւ փառքը կկազմեն. վասնզի այդ լումայն լրագիրներու մէջ պիտի չհրատարակուի, եւ մեծ անխելքութիւն է, որ մէկն ազգին երկու դահեկան տայ եւ անունը լրագիրներու մէջ չհրատարակուի։ Բացառութիւնները մոռանալու չէ ։

  Կայ երիտասարդութիւն մը, որ հինգ տարին անգամ մը կսթափի եւ մտքէն կ ՚ անցունէ կազմել ընկերութիւն մը՝ եթէ չկայ, իսկ կործանել՝ եթէ կայ։ Ատենօք Համակամ ընկերութիւն մը կար, այժմ չիք։ Կազմուած էր նաեւ Օժանդակ ընկերութիւն մը, որու նպատակն էր աղքատ հիւանդներու ձրիաբար բժիշկ ղրկել եւ դեղ տալ։ Այս ընկերութիւնն բաւական դրամ հաւաքեց. բայց ետքը անոր քանի մը անդամներն որ աղքատ էին, հիւանդացան, եւ իրենց հիւանդութիւնն ալ ծանր ըլլալով՝ ընկերութեան դրամով ինքզինքնին դարմանեցին, որով ընկերութիւնն ալ իւր նպատակին հասած համարուեցաւ ։

Հոս կբնակին ազգին ամենէն երեւելի բժիշկներն։ Հոս կգտնուին ընդհանրապէս ազգին ամենէն նշանաւոր հիւանդութիւններն, ինչպէս են կալուածոց հոգաբարձութեան խնդիրը, Հասունեան խնդիրը եւ այլն ։

Քարակէօզեան եղբայրներուն շինելիք վարժարանը այս թաղին գերեզմանատան մէջ պիտի բարձրանայ, եթէ քօնսօլիտ ները բարեհաճին բարձրանալ ։

Հոս ալ թաղեցին իւր թաղականէն գոհ չըլլար երբէք եւ այս պատճառաւ թաղականի կռիւները պակաս չեն ։

  Թաղային վարժարանը, Նարեկեան անուն, ուրիշ թաղային վարժարաններու հետ բաղդատելով՝ շատ խեղճ է, հարբուխէ բռնուած է աս, մինչդեռ միւսերը տենդէ կը տանջուին ։

  Թաղիս մէջ չորս եկեղեցի կայ Ս. Երրորդութիւն, Խոր վիրապ, Ոսկեբերան եւ Ս. Յարութիւն, եւ այս չորս եկեղեցիներու մէջ չորս բարեպաշտ քրիստոնեայ չկայ ։

Թաղեցին շատ զբօսասէր է. ամառուան եղանակին մէջ հասարակաց պարտէզը կամ մասնաւորաց պարտէզները կ ՚ երթան եւ ձմեռն ալ թատրոններ, պարահանդէսներ եւ ուրիշ զբօսարաններ կյաճախեն ։

  Իգական սեռն ինքզինքը բոլորովին հայելիներուն տուած է. ժամերով, օրերով, շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով եւ դարերով հայելիներու առջեւ կը կանգնի եւ ինքզինքը կգեղեցկացունէ։ Բացառութիւնը խիստ քիչ է այս մասին։ Կիներէն շատերն այն ատեն միայն կհագուին, երբ դուրս ելնել կամ հիւր ընդունիլ հարկ ըլլայ. իսկ եթէ այս հարկը չներկայանայ՝ տան մէջ գիշերազգեստով կը պտըտին. արդեօք ցերեկազգեստո՞վ կմտնեն անկողին ։

Կիներուն բամբասանքը հոս քիչ է. եթէ երբեմն բամբասանք մը ընել պէտք ըլլայ՝ խիստ քաղաքավարութեամբ կը վարուին ։

—Տիկին Ք իմացայ որ Փ ին կինը Զ ին էրիկը կսիրէ եղեր. բայց կխնդրեմ որ այս խօսքս գաղտնի մնայ քովդ ։

—Վստահ եղիր, որ մէկու մը չեմ ըսեր ։

  Լուր տուող տիկինը կմեկնի, եւ Տիկին Ք իւր դրացւոյն տունը կզարնէ։ Սպասաւորը դուռը կբանայ ։

—Տիկինդ վար կանչէ, Մինա՛ս ։

—Տիկինը չորս ժամ է որ հագուելու համար սենեակը մտաւ եւ տակաւին չելաւ ։

—Շուտ գնա՛ ըսէ՛ իրեն, որ Տիկին Ք եկած է եւ կարեւոր խօսք մը ունի ըսելու ։

Սպասաւորը վեր կը վազէ, իմաց կու տայ Տիկնոջն, որ հագուած ըլլալով՝ վար կիջնայ։

—Վեր հրամեցէք, Տիկին Ք

—Չեմ կրնար, տիկին Շ խօսք մը ընեմ եւ երթամ պիտի. վասնզի գործ ունիմ տունը ։

—Խէ՞ր է ։

—Ի՞նչպէս խէր Փ ին կինը Զ ին էրիկը կսիրէ եղեր. բայց ոտքդ պագնեմ, ուրիշի մի՛ ըսեր, գաղտնի պահէ. մնաք բարով ։

—Ասանկ բան ուրիշին կ ՚ ըսուի՞ անհոգ եղիր ։

Տիկին Ք կը մեկնի, եւ տիկին Շ սպասաւորին կ ՚ ըսէ.

—Սա հովանոցս ինձի բեր ։

Հովանոցը կբերուի, եւ Տիկին Շ ձախ թեւի փողոցը կմտնէ եւ տան մը դուռը կզարնէ։ Դուռը կբացուի, վեր կելնէ եւ կդիմաւորուի խոշոր կնիկէ մը ։

—Հրամեցէք, Տիկին Շ կ ՚ ըսէ տան տիկինը. հրամանքնիդ ալ հո՞ս կու գաք եղեր. ո՞ր հովը փչեց ասանկ ։

—Սանկ ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք. ի՞նչպէս է ձեր ամուսինը Փ ին կինը Զ ին էրիկը կսիրէ եղեր. հիմա իմացայ եւ շատ ցաւեցայ։ Ոտքդ պագնեմ, չըլլայ որ ուրիշի զրուցես. վասնզի ինծի ըսողն պատուիրեց, որ մէկու մը չըսեմ ։

—Անհոգ եղիր, կ ՚ ըսէ, եւ Տիկին Շ ին մեկնելէն անմիջապէս ետքը փողոց կը վազէ՝ իւր ծանօթներուն աւետիս տալու ։

Բայց իրա՞ւ է, որ Փ ին կինը Զ ին էրիկը կսիրէ. քաւ լիցի մեծ սուտ մ ՚ է արդէն Փ ին կինն իւր էրիկն անգամ չսիրէ։ Փ ին կինն օր մը այս լուրը ստեղծող տիկինին շրջազգեստն դիպուածով կոխած էր եկեղեցւոյն մէջ եւ զայն քիչ մը պատռած էր. այդ տիկինն ալ Փ ին կինէն վրէժ լուծելու համար՝ ասանկ արատ մը քսելու ելած էր անոր վրայ։

Բէրայի գեղեցիկ սեռին վրայ աւելի խօսիլն աւելորդ կհամարինք, քանի որ ըսինք, թէ հայելիին առջեւ միայն կեանք կ ՚ անցունէ. այսչափը բաւական է, այսչափը շատ իսկ է։

Ամառուան եղանակին մէջ այս թաղին մէջ ջուր չգտնուիր, եւ թաղեցին կստիպուի առանց ջուրի անցունել իւր օղին ։

Օդն աղէկ է, բայց կերեւի որ ամառն օդ ալ չգտնուիր. վասնզի հարուստները գեղերը կ ՚ երթան օդ առնելու ։

Բէրայի մէջ հայու ո՞րչափ տուն կայ. այս հարցման այն ատեն կրնանք գոհացուցիչ պատասխան տալ՝ երբ օրինաւոր վիճակագրութիւն մը ըլլայ։ Առանց այս վիճակագրութեան սպասելու ինչ որ ըսենք՝ վաւերական չպիտի համարուի, մանաւանդ թէ այս մասին կարծիքները համաձայն չեն։ Ոմանք կկարծեն, թէ Բէրայի մէջ երկու հազար հինգհարիւր տուն կայ. ըսողներ ալ կան, հազար հինգհարիւր է Բէրայի տուներուն թիւը… Չափազանցութիւն, չափազանցութիւն… չափազանցութիւն… իմ կարծիքովս հազիւ երեք տուն հայ կայ Բէրայի մէջ…