ԼԲ.
ՄԱՔՐԻ
ԳԻՒՂ
Այս
գիւղին
մէջ
միշտ
փափագ
մը
կը
տեսնուի
յառաջադիմութեան,
բայց
յառաջադիմութիւն
բնաւ
չտեսնուիր։
Տասը
տարիէ
հետէ
ամեն
ջանք
ի
գործ
կդնեն
իրենց
վարժարանը
բարեկարգելու
համար,
սակայն
վարժարանը
բարեկարգութեան
երես
չտեսներ։
Այս
օրերս
վարժարանի
հոգաբարձութիւնը
հրաժարական
տուաւ
իւր
պաշտօնէն,
զոր
ուրիշներն
ստանձնել
կ
՚
ուզեն
եւ
չեն
յաջողիր։
Վարժարանը
բարեկարգելէն
առաջ
թաղեցւոյն
սիրտը
բարեկարգելու
պէտք
կայ
։
Եկեղեցասիրութիւնն
հազուագիւտ
է
թաղիս
մէջ.
ժամկոչը
ուրիշ
թաղերէն
մարդ
կը
կանչէ
եկեղեցւոյն
։
Բնիկ
գեղացին
արհեստաւոր
է
եւ
վարժարանի
վերաբերեալ
խօսքերուն
մէջ
բնաւ
չխառնուիր։
Կգտնուին
հոս
վաճառականներ,
որք
ուրիշ
թաղերէ
եկած
են
հոս,
կա՛մ
օդափոխութեան
համար
կամ
իրենց
պարտատէրներուն
չերեւալու
համար
։
Գեղիս
գլխաւոր
զբօսավայրն
է
Սաքըզ
աղաճի
կոչուած
զբօսավայրն,
ուր
սիրահարութեան
դէպքեր
շատ
կպատահին
։
Գեղիս
մէջ
ջուր
չկայ.
ուստի
հոս
կրնան
երթալ
այն
ծնողներն,
որք
կը
վախնան,
թէ
իրենց
տղաները
ջուրի
մէջ
կ
՚
իյնան
եւ
կխղդուին.
վասնզի
խմելու
իսկ
ջուր
չգտնուիր.
երբեմն
ծովուն
ջուրը
կխմեն
…
լողալ
սորվելու
համար
ծովը
մտնողները
Գիւղիս
հայ
տուներուն
թիւը
որոշ
չգիտցուիր.
վասնզի
օրէ
օր
աւելնալու
վրայ
է,
ինչպէս
նաեւ
ազգասէրներու
թիւն,
որ
վայրկենէ
վայրկեան
պակսելու
վրայ
է
։