ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՎԿԱՆԵՐ (1155-1843)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3.
ՆԱՀԱՏԱԿՔ Ի ԿՈՏՈՐԱԾԻ ԿԷՏԻԿ ԱՀՄԷՏ ՓԱՇԱՅԻ

1448-ին Խրիմու Հաճի-Քէրէյ կոչուած Թաթար խանին ցեղը զօրանալով` շատ պատերազմներ արին Գենուացւոց հետ, բայց չկարողացան բոլորովին յաղթել: Այս բանիս վախճանական հնարը գտնելու համար` Թաթարաց Մէնգլի-Քէրէյ խանը Օսմանցւոց Մէհէմմէտ Բ-ին դիմեց, հետը միաբանեցաւ եւ նորա ծովակալ Կէտիկ Ահմէտ փաշային օգնութեամբը եկաւ տիրեց Գենուացւոց ձեռքն եղած քաղաքներուն, այսինքն Սուդաղի, Բալըքլաւայի, Կերչի, Մանգուփի եւ Քերսոնի. բայց չկարողացաւ առնուլ նաեւ Կաֆա քաղաքը, որոյ մեծաշէն ու անառիկ Ֆռէնկհիսար եւ Հայոց բերդ կոչուած ամրոցները վերջին ապաստանարան դարձած էր Կաֆայի բնակիչներուն:

Հայք եւ Գենուացիք ամենայն զօրութեամբ միացած` մեծ քաջութեամբ պատերազմեցան Տաճկաց հետ. եւ երբ Գենուացւոց ազնուականները թուլանալով` նոցա իշխանը իւր զօրացը հետ փախաւ եւ միայն Հայերը մնացին Գենուացւոց հակառակորդին դէմ, Տաճկաց փաշան ուխտ դրաւ Հայոց հետ որ եթէ հնազանդին` ամենեւին վնաս չտայ նոցա: Հայերը քաջ ճանաչելով մահմէտականաց խարդախութիւնը, թէեւ ի սկզբան չուզեցին հաւատալ Կէտիկ Ահմետի երդմանը, բայց յետոյ Հայի պակասութենէն անճարանալով` երդումն ընդունեցին եւ 1475-ին վերջերը քաղաքը Տաճկաց տուին, որով այնուհետեւ բոլորովին վերջացաւ Խրիմէն Գենուացւոց իշխանութիւնը: Շատ ժամանակ չանցած` Հայերն ալ զոհ եղան Կէտիկ Ահմէտ փաշայի սուտ երդմանն ու սաստիկ կրօնամոլութեանը, որ մահմէտական կրօնքը` Հայոց չընդունելուն համար, խարդախութեամբ ճաշի հրաւիրելով նոցա մէջ եղած իշխաններն ու ազնուականները, անպատմելի տմարդութեամբ մէկ մէկ կոտորել հրամայեց եւ մարմինները ծովը ձգել տուաւ: Ահա Նեսվիթայի ձեռագիր Յայսմաւուրքին յիշատակարանին այս մասին պատմած խօսքերը,

…«Թուրքն ԳՃ (300) նաւօք ընդ ծովով եւ ինքն (Մէնգլի-Քէրէյ) ընդ ցամաքիւ պաշարեցին զՖէօդոսիա, յայնժամ ընդդիմացան իշխանքն եւ ազնուականքն մեր եւ ոչ ետուն զբերդն: Ապա Թուրքին ուխտ եդեալ ընդ Հայոց չմեղանչել եթէ հնազանդեսցեն, այլ ազատութիւն տալ: Տեսեալ իշխանաց մերոց եւ ազնուականաց զթուլութիւն իշխանին Ջինիւիզաց եւ զօրացն նոցին, մանաւանդ թէ իշխանն փախուստ էառ, անճար մնացեալ ի սովու, առին զերդումն եւ զքաղաքն ետուն Թուրքաց, զայս եղեւ ՋԻԴ (1475) թուին:

Իսկ Թուրքքն զկնի սուղ ինչ ժամանակաց ստեցին երդմանց եւ պայմանին իւրեանց. հանապազ հարկադրէին իշխանաց մերոց եւ ազնուականաց դառնալ ի կրօնս մահմէտական, զի դիւրաւ նուաճել (կարասցեն) զմնացեալ գռեհիկս: Բազումս Կէտիկ Ահմէտ Ղաբիտան փաշայն բռնադատէր եւ բազմիցս ի ճաշ եւ յընթրիս հրաւիրեալ զպատասխանս խնդրէր դառնալ ի հաւատոց. եւ իշխանքն մեր պատասխանեն` թէ եթէ բռնութեամբ կամ սրով կոտորես զմեզ, մեք յօժար եմք փոխել զկենցաղս զայս ընդ յաւիտենականի, քան թէ զքրիստոնէական կրօնն ընդ մահմէտականի. զի մեք չեմք վաճառօղ կամ փոխօղ հաւատ ընդ հաւատոյ, այլ սէր ընդ բարեկամի եւ բարեկամ ընդ սիրոյ: Եւ յետ բազում հարցմանց եւ պատասխանատուութեանց կրկին կեղծեալ բարեկամացան. բազմիցս իբրեւ զսէր ցուցանէր իշխանաց եւ ազնուականաց մերոց, եւ ասէր. «Այսուհետեւ ոչ է պատեհ ձեզ զսուր ընդ մէջ կապեալ առ իս գալ ի ճաշ կամ յընթրիս, այլ առանց սրոյ». եւ այլ բազում բանիւ:

«Յաւուր միում հաւատացեալ իշխանաց մերոց բանիցն փաշային, եւ մանաւանդ անճար մնացեալ` ըստ հրամանի նորին գնացին առանց սրոյ ի ճաշ առ փաշայն. զի էր բնակութիւն նորա Իսկէլէ ղաբուսին ի վերայ չորրորդ դստիկոնի պալատին. յետ ճաշելոյ նոցին ի յիջանելն ի ձիգ ձիգ աստիճանսն պալատին, դահիճքն ըստ հրամանի փաշային մի մի կոտորեալ արկին ի ծով: Այսպէս իշխանազունք մեր եւ ազնիւք կատարեցան ի Քրիստոս. ապա հրամայեաց Թուրքաց եւ Թաթարաց կոտորել զամենայն ազգս Հայոց, որք ի նմին աւուր բազմամարդ քաղաքն Ֆէօդոսիա սակաւաբնակ արարին. զի զծերս եւ զտղայս, զարս եւ զկանայս սրոյ ճարակ ետուն, եւ զարիւնս նոցա յերկիր յեղեալ իբրեւ զվտակս գետոց ընթանայր ի փողոցսն. անթիւ աղջիկք եւ մանկունք եւ մատաղ տղայք գերեալ առաքեցին ի Պօլիս առ սուլթանն. զսոյնս արարին ի Կաչարաթ եւ ի Սուրխաթ: Այսպէս բազումք իշխանաց եւ ազնուականաց եւ հասարակ ժողովրդոց մեր` յոմանս առ Աստուած կատարեցան եւ յոմանս գերի վարեցան վասն հաւատոյն եւ վասն անուանն Յիսուսի Քրիստոսի:

«Բայց անօրէն խանն Ղռիմոյն եւ դժնաբարոյն եւ ծարաւին անմեղ արեանց, եւ պատճառն կոտորման ազգիս մերոյ, ինքն եւս մնաց ամօթալի, որ ոչ միայն ոչ ետ Ղաբիտան փաշայն զորդին խանին ըստ պայմանին, այլ տարաւ ի Պօլիս առ սուլթանն, եւ նա հնազանդեցուցանելով ինքեան զմանուկն Օսման ամրափակ նզովիւք, առաքէ ի Ղռիմ, զհայրն սպանեալ նստուցանէ յաթոռ խանութեան: Յորմէ մինչեւ ցայսօր խանն Թաթարի` նստի ըստ հրամանի սուլթանին Թուրքաց. եւ մնացեալ ազգս Հայոց մինչեւ ցայսօր բնակիմք ի ձեռս Թաթար խանին, հարկատուողական պայմանիւ»: 1

1 Սոյն գլուխը ամբողջովին արտատպում ենք Յովհաննէս Տէր-Աբրահամեանի Պատմութիւն Խրիմու անուն աշխատութիւնից, տպ. Թէոդոսիա, 1865, Մասն Բ, էջ 62-66: