Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վարդանանց պատերազմը, որ կրօնական-հայրենասիրական ջերմեռանդութեան, եւ խղճի ըմբոստութեան օր մը՝ «քրիստոնեայ» հայութիւնը հերոսացուց ընդդէմ զրադաշտական պարսիկ բռնապետութեան, ահա դարձեալ բովանդակ հայ ժողովուրդին կողմէ կը տօնուի միշտ միեւնոյն երկիւղածութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Հակառակ դարերուն, դարերուն՝ որ վիթխարի ու ծանրաքայլ՝ անցան ահաւոր հանդիսաւորութեամբը շողշողուն, փառքի ու արիւնահեղ դժբախտութեանց, յաղթանակի ու անկումի, դեռ երէկի պէս կը պայթի ու կը փայլատակէ Տղմուտի գետափանց ահագնադղորդ պայքարը՝ ուր «հնչումն ձայնից զքարանձաւս լերանց շարժէր», եւ ուր «ի բազում սուսերացն շողալ, եւ ի ճօճիլ բազմախուռն  նիզակացն իբրեւ յերկնուստ ահագին հրաձգութիւնք եռային», Եղիշէի նկարագրութեան համեմատ: Եւ այս ամէնուն մէջ ու այս ամէնուն հետ, դեռ կը տեսնուի Վարդանը, սաղաւարտը գլուխը եւ սուրը ձեռքին, կռուելով խրոխտաբար եւ որոտալով սպարապետական հրամաններ: Եւ յետոյ, անոր դիւցազնական մահը, նահատակումը «հազար երեսուն եւ վեց վկաներ»ուն:

Հայ ժողովուրդը տօնեց ու կը տօնէ տարեդարձը այս ահեղ մարտին՝ իբր «ազգային տօն» մը. գրիչն ու փանդիռը դարերով մրցակցեցան՝ ամէնէն խանդավառ դիւցազներգութիւնները վերապահելու վարդանանց քաջերու յիշատակին, եւ միլիոնաւոր բերաններ վարդանանուէր տաղերը երգեցին:

* * *

Եւ ասկէ վերջն ալ ո՛չ ոք պիտի մտածէր, ուրանալու այն հերոսական ոգին որ այդ պատմական դէպքը անմահացուց: Քննական պատմութիւնը կրնայ քննադատել վարդանանց թաքթիքի պակասը յազկերտեան բռնաւորութեան դէմ, բայց ոչ մէկ քննադատութիւն պիտի կրնար ստուեր ածել այն գեղեցկայանդուգն անձնավստահութեան, անվեհեր ուժգնութեան, կամեցողութեան գերագոյն ճիգի այն անխորտակելի պոռթկումին վրայ, որ Արտազու դաշտի փառքը ստեղծեց, եւ որ հայ պատմութեան առհասարակ անփառունակ էջերուն մշտնջենական մխիթարութիւնը եղաւ:

Ճիշդ է՝ այդ պատերազմը չմղուեցաւ մարդկային իրաւանց աւելի լայն հասկացողութեան մը, ընկերային ու քաղաքական ազատագրութեան մը իտէալին ազդեցութեամբը: Առաջին դարերու քրիստոնէական հաւատքը, որ բոլոր նորադարձներու մէջ անշիջելի հուրքը արծարծեց, եւ անոնց աղփուն գոյութիւնները պարունակ ըրաւ կրանիթեայ անպարտելիութեան մը, միացած խղճի ազատութեան ձայնին, այն ատենի հայրենասիրական ոգիի մը, եւ բռնակալ կամայականութեան մը համակերպիլ չուզելու ընդվզումին, պանծացուց այդ ժեսդը ողբերգական, արիւնահեղ, բայց հերոսական: Եւ հայ կղերը, եկեղեցիի իր միակ մտահոգութեանը մէջ, չուշացաւ սուրբերու կարգը դասել քաջազն ռազմիկները, անոր համար որ անոնք զոհաբերուած էին յանուն հայրենի եկեղեցիին ու կրօնքին: Հերոսութիւնը չէր՝ որ եկեղեցիին որդեգիրները դարձուց զանոնք, եկեղեցիին՝ որ արհամարհած էր բոլոր հերոսութիւններն ու ըմբոստական շարժումները:

Հայ կղերը, հայ թէ օտարոտի բոլոր վաւերական ու անվաւեր սուրբերը հաւաքելու եւ անմահացնելու իր փութկոտութեան մէջ, ոչ իսկ մտքէ անցուցած է յիշատակութիւնը ընել բոլոր այն միւս հերոսներուն, բոլոր այն փառաւոր մարտիկներուն, որոնք մինչեւ գերագոյն զոհաբերութիւնը կռուած են հայրենի իրաւանց, ցեղային անկախութեան եւ քաղաքական ազատութեան  ստացման կամ պահպանման համար, որոնք դարբնած կամ կառուցած են սիւները հայ գոյութեան անքանդելի հիմերուն: Փոյթ չէ՝ եթէ կղերը չէ ըրած այդ բանը: Բայց հարցը այն է, որ հայ ժողովուրդը, որ դարերու ընդմէջէն ա՛յնքան ապրած ու սնած է իր եկեղեցիին խաւարակուռ գմբէթներուն տակ, որ իր գլխուն վերեւ գտած է միշտ կղերին շիջանող «սեւ թաթը», եւ չէ ունեցած տարբեր, լուսաւէտ ազդակ մը՝ իր հանրային կեանքի ընթացքին, իր կարգին տօնած է գրեթէ միայն անոնք, որ ուրիշ որեւէ իտէալէ աւելի պայքարած են իր եկեղեցիին սիրոյն, թէեւ առանց իր եկեղեցիին մասնակցութեան, վարդանանց տօնին հետ նոյնացուցած ըլլայ իր քաղաքական-պատմական բոլոր անունները:

——————————————————

Ահա թէ ինչո՛ւ համար «Ազգային Տօն»ի մը լայնութիւնը չի կրնար բովանդակիլ իր մէջ Վարդանանց Տօնը, ահա թէ ինչո՛ւ համար հայ ժողովուրդը պարտաւոր է կանգ առնել այլապէս մեծ օրուան մը առջեւ, որ առանց եկեղեցական կամ կրօնական տօնի մը բնոյթը ունենալու, ըլլայ իսկապէս քաղաքական, նուիրուած ըլլայ իր բոլոր հերոսներուն, ազատութեան իր բոլոր առաքեալներուն եւ ռահվիրաներուն, բոլոր զոհերուն եւ նահատակներուն, հայ պատմութեան նախաշրջաններէն մինչեւ վերջին տարիներու ապստամբութեան ու կոտորածի շրջանը:

Այդ օրը պիտի ըլլար ազատութեան պաշտամունքին նուիրուած օրը, մեր հերոսներուն եւ նահատակներուն օրը:

Ազատութեան կուռքը գուցէ ուրիշ ո՛չ մէկ ժողովուրդէ ա՛յնքան ահաւոր պայքարներ եւ զոհաբերութիւններ պահանջած է որքան հայ ժողովուրդէն, եւ այսօր քաղաքական ազատագրութեան մը վաղորդայնին՝ հայ ժողովուրդին մէկ հատուածին համար, եւ կամ նախօրէին՝ անոր միւս հատուածներուն համար, ահա՛ դեռ այնքան խոր կ’ազդեն պայքարներուն եւ այդ զոհաբերութիւններուն ջերմութիւնը, մեր բոլոր հերոսութեանց թարմութիւնը:

Ու հայ ժողովուրդը ո՜րքան աւելի կը զգայ մեծութիւնը այդ ամէնուն, ջերմաջերմ խանդաղատանքը՝ փառաբանելու համար յիշատակը բոլոր յայտնի ու անյայտ հերոսներուն, փառայեղ, ինչպէս եւ հէգ ու անանուն նահատակներուն:

Վարդանանց Տօնը՝ այո՛, կը տօնենք զայն, ո՛չ թէ իբր տարեդարձը սոսկական կրօնամարտի մը՝ այլ հե՛ստ ու խրո՛խտ խիզախումի մը, ընդդէմ բացարձակ կամայականութեան, բայց ո՞ւր է Տօնը մեր բոլոր ազատամարտի շարժումներուն, օրը մեր բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն:

«Ազդակ» 1909, թիւ