Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՂԱՐԱՒՈՐԸ


ԲԱԳՐԱՏ ՎՐԴ. ԹԱՒԱՔԱԼԵԱՆԻՆ

Ա… քաղաքի մայր եկեղեցին ահագին բազմութիւն մը խռնուեր էր այդ օրը։

Քաղաքին սիրուած ու յարգուած հարուստներէն ծերունի Բագրատեանի մինուճար տղան կուսակրօն եկեղեցականի սքեմ ու վեղար պիտի ընդունէր այդ օրը Հայոց Հայրիկէն, եւ այր ու կին, ծեր ու տղայ զիրար կը հրէին, կը հրմշտկէին տեսակ մը բիրտ աճապարանքով, միշտ աւելի առաջ, դէպի դասը անցնելու յամառ ճիգերով, ուր աւելի մօտէն պիտի տեսնէին արարողութեան բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ որոշ պիտի լսէին Հայրիկին հոգեշունչ քարոզը։

Եկեղեցին իր ամենէն շքեղ ջահերը կախեր, եւ ամենէն հսկայ մոմերը վառեր էր. եւ սուրբերը իրենց ամենէն աղւոր զարդերը հագեր էին այդ օրը։

Խունկի բարդ բարդ քուլաներ վէտ վէտ ծփծփումներով կը բարձրանային կ՚անօսրանային դէպի եկեղեցւոյն գմբէթը, փաթթելով զայն թափանցիկ ու խորհրդաւոր մշուշներու մէջ, զորս արեւուն ճառագայթները շեշտակի ծակելով, լուսեղէն լեզուներու պէս կուգային հանգչիլ խորանին առջեւ ծնրադրած երիտասարդին թխահեր գլխուն վրայ։

Ժողովուրդը արարողութեան յուզիչ եւ խորհրդաւոր վսեմութեան տակ խոնարհած, պատկառոտ ու լռիկ իր աղօթքները կը խառնէր դպիրներուն քաղցրաձայն երգերուն ու ալէլուներուն։

Եւ խորանին առջեւ Հայրիկը իր ճերմակ մազերուն լուսապսակին մէջ անգամ մըն ալ վեհ ու գեղեցիկ, երկու ձեռքերը դրած իր ոտքերուն տակ խոնարհած մատաղ գլխուն վրայ, կը մրմնջէր նուիրական աղօթքները, կը սրբագործէր ուխտը եւ կ՚օրհնէր Քրիստոսի սեղանին վրայ դրուած այդ երիտասարդ, խանդով ու եռանդով զեղուն կեանքին զոհաբերութիւնը։

Ուխտը կատարուած վերջացած էր։

Նորընծան ոտքի ելաւ, եւ առաջին նայուածքը վշտագին ինկաւ դասին մօտիկ նստարանին վրայ, ուր կարծես փլած ըլլար եօթանասնամեայ ծերունի մը, արցունքներէ ուռած ու կարմրած աչքերով։

Նա՝ հայրն էր երիտասարդ Զաքէին։

Երկրորդ նայուածք մը աւելի՜ անուշ գնաց հեռուն ամբոխի ովկէանին մէջ փնտռելու պաշտուած դէմք մը, ու երեւի թէ գտաւ զայն, վասնզի թեթեւակի դողաց, եւ զինքը շրջապատող մոմերուն պէս ճերմկեցաւ, մինչ շրթունքներուն վրայ կը փթթէր իտէալին ճամբան իյնող գաղափարական մարդու գերագոյն ժպիտը, պարտականութեան եւ սրտի վեհագոյն ձգտումներուն հետեւող առաքեալի գիտակից ու խորունկ ժպիտը, որը գուցէ միակ իրական գոհունակութեան ու երջանկութեան ժպիտն ըլլայ աշխարհի վրայ։