Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ


Երազներու եւ յոյսի այս աշխարհին մէջ պատիր

Միայն ըզՁեզ սիրեցի, անմեղութեա՜ն ծաղիկներ…

Սիրտս ու միտքս ծընան Ձեզ, երկունքով մը ցաւատանջ,

Բայց այդ ցաւոց փոխարէն, ի՜նչ անպատում բերկրութիւն

Եկաւ ճամբուս սուր փուշերն վառ վարդերու փոխարկել։

Փոթորկայոյզ կեանքիս նաւն ո՞վ գիտէ ո՞ւր պիտ՚ կորչէր

Ձեր նայուածքին լուսաշող թէ չի կառչէր ան երբէք…

Դուք եղաք ինձ սփոփանք, ո՜վ իմ հոգւոյս զաւակներ,

Հալածանքէ մ՚բարբարոս երբ թողած տուն հայրենի՜ք,

Փախըստական ու պանդուխտ, ընտանեկան տաք բոյնէս

Անհիւրընկալ, ցուրտ ափեր ինկայ բաղդով մ՚անստոյգ…։

Ամեն անոնց՝ զոր սիրտըս խոր պաշտումով մը սիրեց,

Բարեկամ ու սիրելի, ազգականներ մըտերիմ,

Մէկիկ, մէկիկ աչքիս տակ, աղէտքի սեւ օրերուն

Սուրով, հուրով բըռնամահ՝ գետին իյնալը տեսա՜յ…։

Առանց Ձեզի, ո՞վ գիտէ, գուցէ սիրտըս կը մեռնէ՜ր,

Կըրակ սիրտ մը, որ ափսո՜ս, մեծ սուգերը մարեցին.

Ձեր սիրոյն մէջ արդ տաքցած՝ կը բաբախէ՜ յուսալից…։

Օ՜հ կուզէի՜… էութիւնս համակ Ձեր մէջը ձուլել

Որպէս զի վաղն, մահէս ետք՝ Ձեր մէջ դարձեալ վերապրիմ…

Աշխարհի կեղծ սէրերը, բերկրութիւններն վաղանցուկ

Ի՜նչ են արդեօք բաղդատմամբ Ձեր մէկ անուշ ժըպիտին։

Ձեր մէջ միայն իրապէս ես ապրեցայ երջանիկ.

Գուրգուրանքի մը անկեղծ, ջերմ գորովոյ մ՚առարկայ…։

***

Այսօր Ձեր մէջ կ՚ապրիմ դեռ, ու միշտ Ձեր մէջ պիտ՚ ապրիմ

Մինչեւ այն օրն, ո՞վ գիտէ, երբ ծերութիւնն անողոք

Գայ զիս գամել ցաւերու անկողնին մէջ, անկարող.

Բայց բերանըս դողդոջուն, դարձեալ ըզՁեզ պիտ՚ օրհնէ…։

Օ՜հ կուզէի՜… որ մահը գար առնելու զիս Ձեր մէջ.

Բայց ո՞վ գիտէ, գուցէ հոն, Հիւանդանոցը մըռայլ

Կըսպասէ ինձ, չէ՞ որ հոն՝ վախճանն է հայ ուսուցչին.

Ե՛ս գիտեմ այդ, եւ սակայն այդ վախճանէն ահաւոր

Պատներեսիս, մինակուկ մեռնելէն չե՜մ վախնար ես,

Միայն վստահ ըլլայի թէ Ձեր նայուածք լուսափայլ

Պիտ՚ թափանցեն երբեմըն, ցուրտ պատերէն ներս, վըրաս,

Ձեր ճակատներ ծիծաղկոտ, պիտի հակին տըրտմանոյշ,

Ճակտիս վրայ դալկահար, ուր Ձեր հոգերն ապրեցան.

Օ՜հ, այն ատեն ես երբէ՛ք այդ վախճանէն չե՜մ սոսկար…։