Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԻՒՊԷՅՏԱ
(ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)


Արշալոյսը նոր կը ծագէր, խաւարին ստուերները հետզհետէ իրարու ետեւէ կը փախչէին, կը չքանային հեռուն լեռներուն ետին եւ անապատին վրայ ցիր ու ցան սփռուած ճերմակ վրանները կը դողդղային առաւօտեան մեղմ հովուն հպումէն։

Այդ պահուն ահա, ուժեղ ձայն մը դաշնակաւոր ոլորումներով կը բարձրանար փլփլկած մինարէթի մը գագաթէն, «Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…»։

Եւ հաւատացեալները քնաթաթախ աչքերով մէկիկ մէկիկ կ՚երեւնային իրենց վրաններուն առջեւ, փաթթուած ճերմակ պուրնուզներնուն մէջ. ու երեսի վրայ ինկած՝ երերալով աջէն ձախ, ետեւէն առաջ այլանդակ շարժումներով ու գլխու խորհրդաւոր ճօճումներով կը մռլտային. «Ալլա՜հ… Ալլա՜հ…»

Փառաբանութեան երգին վերջին նօթերը դեռ առկախ օդին մէջ՝

Զիւպէյտա՜… հնչեց յանկարծ բարձր ու իշխող ձայն մը։

Կրօնային յափշտակութեամբ վերացած այդ մարդիկը սարսռացին… ամենքը միահաղոյն ոտքի ելան, եւ գլուխնին դարձնելով դէպի մօտակայ վրանը, որը միւսներէն կը զանազանուէր իր մեծութեամբն ու ճոխութեամբը, երկիւղած պատկառանքով լռիկ խոնարհեցան մինչեւ գետին ձեռքերնին կուրծքերնուն վրայ դրած։

Բարձրահասակ ծերունի մը կեցեր էր հոն, վրանին առջեւ։

Իր խրոխտ ու ազնուական կերպարանքը, կեցուածքին վեհութիւնը արդէն որոշակի ցոյց կուտար թէ՝ նա ամբոխին պատկանող հասարակ մարդ մը չէր։

Նա՝ խուաններու ցեղապետ՝ Մալտար իշխանն էր, որուն առջեւ, Ալլահէն ետքը, կը խոնարհէր հիմա իր ամբողջ ցեղը…։

Զիւպէյտա՜… կրկնեց իշխանը։

Դեռատի արաբուհի մը դուրս ցատկեց վրանէն եւ վազելով ծերունիին մօտ իր փայլուն աչքերը բարձրացուց անոր վրայ։

Հրամայէ՛ Տէր…

Եկո՛ւր սիրելի՛ կին, ըսաւ իշխանը քաղցրութեամբ, թռչուններու դայլայլներէն շա՜տ աւելի անուշ է ինծի լսել քու ձայնիդ դայլայլը։

Եւ ցեղապետը նստաւ ծալլապատիկ թանկագին գորգին վրայ, զոր սեւ ստրուկ մը արտօրնօք փռեր էր ոտքերուն տակ։

Զիւպէյտա ինկաւ անոր ծունկերուն եւ իր երկու աղւոր ողորկ թեւերը անցուց տիրոջը վզին շուրջը։

Իշխանը երկար ու խորունկ հառաչ մը արձակեց եւ յեղակարծօրէն մթնցաւ իր պարզ ու պայծառ ճակատը։

Զիւպէյտա գլուխը բարձրացուց ու երկչոտ նայուածքով մը դիտեց զայն։

Իմ տէրս տխուր ու մտածկոտ է այս օր, մրմնջեց։

Ծերունին մատները անցուց անոր խիտ խոպոպներուն մէջ։

Լսէ՛ ինձ տղա՜յ, յարեց մեղմիւ. իրա՛ւ է, ժամանակէ մը ի վեր մահու չափ տխուր կը զգամ հոգիս… դժբաղդութեան մը նախազգացումը ունիմ, եւ չգիտեմ ինչո՛ւ ամէն վայրկեան միտքս կը չարչարէ այն ահաւոր գուշակութիւնը զոր մարգարէին շատ սիրելի շէյխ Ապուլ Ահմէտը ըրաւ ինծի Սուրբ քաղաքէն մեկնելիք օրս։

Իմ տէրս աւելի՛ սիրելի է Ալլահին ու իր մարգարէին քան բոլոր աշխարհի շէյխերը, ընդմիջեց արաբուհին, վասնզի ոչ ոք իմ տիրոջմէս աւելի՛ բարի, գթած ու ողորմած է։

Լսէ՛, սիրելի կին, շարունակեց ցեղապետը. մարգարէն Ապուլ Ահմէտին տուեր էր աստղերու մեծ գիտութիւնը. ուշ գիշեր էր, նստեր էի վրանին առջեւ, Ապուլ Ահմէտ քովս էր. նա խորունկ ուշադրութեամբ կը դիտէր երկինքը, յափշտակուած էր զննութիւնով։

Յանկարծ ուժով բռնեց թեւէս… «Ո՜վ Խուաններու իշխան, ըսաւ այնպիսի ձայնով մը որ դողացի. լսէ՜ թէ ի՞նչ կը խօսի երկինքի մեծ գիրքը քեզի համար։

Դուն որ իշխեցիր ու կ՚իշխես ցեղերու եւ ժողովուրդներու ճակատագրին վրայ, կեանքիդ վերջին օրերուն մէջ տկար կին մը պիտի իշխէ քու ճակատագրիդ ու դուն պիտի ընկճուիս ու լաս տղու մը պէս, վասնզի կեղծիքի ու ստութեան օձը պիտի մտնէ անոր սրտին մէջ ու ան պիտի խաբէ իր տէրն ու ամուսինը։

Զիւպէյտա դողաց։

Այս գուշակութիւնը մասամբ կատարուած է այսօր, սիրելի՛ կին շարունակեց ծերունին, քանի որ Մալտար իշխանը, Խուաններու հզօր ցեղապետը, քու հօրդ մեծն Ապտէլ Քէրէմի յաղթողը, կնոջ մը գերին է այսօր, քու գերիդ, տղա՜յ…։

Տէ՜ր, Տէ՜ր… այդպէս մի խօսիր, մրմնջեց աղջիկը, եւ յանկարծ բռնելով իշխանին մէկ ոտքը, դրաւ իր վզին վրայ, համբուրեց զայն։

Զիւպէյտա՜ն է քու գերիդ, ըսաւ խանդաղատանօք։

Կը վախնամ յարեց Մալտար, այնքա՜ն ցած ձայնով որ Զիւպէյտա հազիւ լսեց… կը վախնա՜մ այս սոսկալի գուշակութիւնը ամբողջովին կատարուած տեսնելէ։

Արաբուհին գլուխը վեր առաւ, եւ սիրով ու երախտագիտութեամբ լեցուն այնպիսի նայուածք մը նետեց անոր, որ Մալտարի մռայլ դէմքը զուարթացաւ իսկոյն։

Կը սիրե՞ս զիս, Զիւպէյտա, հարցուց խանդաղատանքով.

Ինչպէս մարդ կը սիրէ Աստուած։

Եւ այս ձայնը խորապէս անկեղծ թուեցաւ իշխանին։

Զիւպէյտա՛ կրկնեց դարձեալ, ինչպէ՞ս պէտք է պատժուի անհաւատարիմ ու կեղծ կինը։

Արաբուհին գլուխը ծռեց.

Պէտք է որ մեռնի, պատասխանեց թեթեւակի դողդոջուն ձայնով մը։

Ապրի՛ս, գոչեց Մալտար, որուն ճակտին վրայէն կասկածի վերջին ստուերները անհետացան, ապրի՛ս սիրելի կին, եւ երկարօրէն համբուրեց անոր ճակատը։