Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՋ ՄԸ ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ


ԻՅՆՈՂ ՔԱՋԵՐՈՒՆ

Ո՜վ դուք, հայրենի երկրին լեռներուն կողքին ինկած նահատա՜կ քաջեր, դո՛ւք ինքնապաշտպանութեան համար զէն ի ձեռին կռուող մատա՜ղ առիւծներ, դո՛ւք ցեղին պատւոյն ու փրկութեանը համար մեռնող կտրիճ զաւակներ, մտիկ ըր՛էք թէ՝ ի՞նչ կ՚ըսէ ձեզի համար ապագայ պատմութիւնը, մտիկ ըրէ՛ք, եւ թո՛ղ ձեր ոսկորները խայտան ձեր անյայտ գերեզմաններուն մէջ…։

***

Ու եղան օրեր, գազանութեան վայրագութեան սարսափելի՜ օրեր, ուր անլուր ոճիրներ գործուեցան Քրիստոնեայ զօրաւոր ազգերուն աչքերուն առջեւ։

Կաթընկեր մանուկներ ճըւճըւալէն մորթուեցան, հերարձակ կոյսեր քաշկռտուելով տարուեցան լեռներն ի վար, ամուսիններ ու հայրեր կտոր կտոր ջարդուեցան, երիտասարդներ ու ծերեր խորովուեցան մաղմաղ կրակի վրայ… Օ՜ քստմնելի տեսարաններ, սարսափելի՜ բաներ տեղի ունեցան այն օրերոն մէջ, Քրիստոնեայ զօրաւոր ազգերուն աչքերուն առջեւ։

Պատկառելի եկեղեցական ծերունի հայրեր իրենց ճերմակ մազերը փռեցին անոնց ոտքերուն տակ. պաղատեցա՜ն, լացի՜ն, գթութի՜ւն աղերսելով։

Անոնք արհամարհեցին այդ պաղատանքները, ծաղրեցին արցունքները ու կոխոտեցին ճերմակ մազերը։

Երիտասարդ ուսումնականներ իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնը բարձրացուցին ստորագրուած խոստումներուն գործադրութիւնը պահանջելով։

Ուսերնին թօթուեցին անոնք, ու երեսնին մէկ կողմ դարձուցին։

Կիներ… երկչոտ կիներ իսկ համարձակեցան դիմել անոնց աղաչելով. «Ահա՛ կը մեռնինք մենք ամենքս ալ, օգնեցէ՛ք Քրիտոնեանե՜ր, օ՜հ օգնեցէք…»։

Դիւային ժպիտով մը խնդացին անոնք թշուառուհիներուն երեսին եւ կատակելով ու անոնց ուսերը մտերմօրէն ծեծելով.

«Մի՛ վախնաք, ըսին, դուք չէ՛ք հատնիր»։

Անիծեա՜լ ըլլաք, պօռացին կիները, այս շնական հեգնութեան դէմ զայրոյթէ խելռած, անիծեա՜լ ըլլաք յաւիտեան, թո՛ղ մեր ու մեր զաւակներուն արիւնը ձեր վիզը ըլլայ…։

***

Նահատա՜կ կտրիճներ, մտիկ ըրէ՛ք թէ ի՞նչ կ՚ըսէ ապագայ պատմութիւնը ձեզ համար, մտիկ ըրէ՛ք, եւ թող ձեր ոսկորները խայտան ձեր անյայտ գերեզմաններուն մէջ։

***

Արեան ձայնը արձագանգ գտաւ սակայն ցեղին արի զաւակներուն սրտին մէջ, եւ խումբ խումբ կտրիճ տղաքներ զինուեցան, ո՛րը բահով, ո՛րը կացինով, ո՛րը թուրով եւ ո՛րն ալ հրացանով։

Շատ սեւ ու կապոյտ աչքեր լացին այն օրը, շա՜տ սուր հառաչներ ու ցաւագին պաղատանքներ բարձրացան մինչեւ երկինք եւ արիւնեցին այդ երիտասարդ սրտերը. բայց անո՛նք միշտ զօրաւոր ու վէս, քակեցին իրենց վիզը շրջապատող շուշան թեւերը, երեսնին դարձուցին չի տեսնելու համար լացող սեւ ու կապոյտ աչքերը, եւ վազեցին տառապանքի երկիրը…։

Իրենց աչքերուն տակ կը փռուէր աւերակ անհունութիւն մը տեղ տեղ արեան լիճերով կարմրցած, եւ ամէն կողմ անտէր դիակներ որ ճամբաներուն երկայնքը կը փտէին, եւ անգղներ ու ագռաւներ, որոնք իրարմէ կը յափշտակէին մարդկային սիրտեր, թոքեր, լեարդներ, աղիքներ…։

Սարսռացին կտրիճները, եւ այս արիւնի ու մահուան տեսարանին առջեւ բարբարոսներու եւ մարդասպաններու կատարած վայրենի խրախճանքը տեսնելով ազնուական ու սարսափելի բարկութեամբ մը վառուեցան, ու շալկած իրենց բահերը, կացինները, թուրերն ու հրացանները անհնարին կատաղութեամբ նետուեցան անոնց վոհմակներուն մէջ, զարկի՛ն հա՛ զարկին…։

Հազարաւոր գանկեր ջարդ ու կտոր փշրեցին, սիրտեր ու թոքեր վայրագօրէն պիղծ կուրծքերէ դուրս քաշեցին, փորեր պատռեցին, աղիքներ դուրս թափեցին եւ զանոնք նետռտելով ճամբաներուն երկայնքը ինկած ողորմուկ դիակներուն.

Ահա՛, ըսին, ահա՛ արենակից եղբայրներ, աչքի տեղ աչք՝ եւ ակռայի տեղ ակռայ, հանգի՜ստ ձեր ստուերներուն»…։

***

Նահատա՜կ առիւծներ, մտի՛կ ըրէք թէ ի՞նչ կ՚ըսէ դեռ ապագայ պատմութիւնը ձեզ համար, մտի՛կ ըրէք, եւ թող ձեր ոսկորները խայտան ձեր անյայտ գերեզմաններուն մէջ…։

***

Եւ ան տղաքները իրենց թափած վրէժի արեան մէջ յոտից ցգլուխ թաթխուած, կաս կարմիր եւ չարագուշակօրէն գեղեցիկ յառաջ անցան, քալեցին, քալեցի՜ն երկա՜ր ճամբայ մը քալեցին…։

Այդ ճամբաներուն վրայ հանդիպեցան երբեմն շէն քաղաքներու, որոնք հիմա կը հեծէին փլատակներու տակ, եւ գիւղերու՝ որոնք կը մխային բոցերու մէջ, տեսան փողոցներու վրայ մանուկներ ինկած, անմե՜ղ, հրեշտակային դէմքեր արիւնլուայ, բաց, սարսափահար աչքեր, որոնք կարծես դեռ եւս գթութի՜ւն կ՚աղերսեն, երբեմն ալ խոժոռ նայուածքներ արեան վրէժը կտակելով. ցաւէ պրկուած շրթունքներ, կիսաբաց բերաններ իրենց կրած տանջանքները դեռ եւս պօռալով…։ Օ՜ սարսափելի բաներ տեսան, եւ անդին՝ բարբարոսներու խուժանը որ նոր կողոպուտներով կը յղփանար եւ ծակ ու ծուկ ինկած նոր զոհեր կը փնտռէր…։

Նետուեցան առաջ այդ կտրիճները, պատռեցին խուժանը, վերցուցին իրենց բահերը, բարձրացուցին իրենց կացինները, պինդ սեղմեցին իրենց թուրերուն ու հրացաններուն բուները եւ զարկին հա՛ զարկին, իրենց շուրջը պիղծ դիակներու կոյտեր բարձրացան։

Եկէ՛ք պօռացին անոնք անասելի զուարճութեամբ, եկէ՛ք անգղեր, ագռաւնե՛ր, գիշակեր թռչուններ, ամենքդ ալ եկէ՛ք, երամներով եկէ՛ք, ահա՛ ձեզի համար շատ ճոխ, շա՛տ պարարտ, շա՛տ աղւոր խնճոյք մը պատրաստեցինք…։

Եւ ոտքով հրմշտկելով դիակները ճամբուն մէջտեղը, թողուցին բաց երկինքին տակ. եւ իրենք ինկան գետին ծունկի վրայ, գրկեցին իրենց կորովի բազուկներուն մէջ խողխողուած մանուկները, կոյսերն ու պատանիները, ծերերն ու երիտասարդները, համբուրեցին գորովանօք ու երկիւղածութեամբ անոնց մարած աչքերը։

Ձեզի չե՛նք թողուր, ըսին, չե՛նք թողուր որ այս գարշելի դիակներուն քով երկննաք, եւ թռչունները ուտեն ձեր սուրբ մարմինները, ձեզի պիտի պահենք շա՜տ խորունկ հայրենի հողին տակ, մեր թանկագի՜ն գանձեր…։

Եւ իրենց այնպէս թուեցաւ որ այդ մարած աչքերը կը փայլէին եւ պրկուած բերանները կը ժպտէին։

***

Նահատա՜կ քաջեր, մտի՛կ ըրէք դեռ ի՞նչ կ՚ըսէ ապագայ պատմութիւնը ձեզի համար, մտի՛կ ըրէք, եւ ձեր ոսկորները թո՛ղ խայտան ձեր անյայտ գերեզմաններուն մէջ։

***

Եւ իրիկուն մը այն տղաքները ինկան քաջերու մահովը հայրենի լեռներու կշտին։

Արեւը տժգունեցաւ ու կամաց կամաց քաշուեցաւ ամպերու ետին, անգղերը չի մօտեցան անոնց եւ ո՛չ ալ ագռաւները. հսկայ արծիւներ իջան երկինքէն եւ իրենց թեւերը անոնց մարմիններուն վրայ տարածած, հսկեցին մինչեւ առաւօտ։

Եւ ընկերները փնտռելէն յոգնած, ա՛լ չէին գիտեր ո՛ր կողմը դարձնել իրենց տարտամ քայլերը. յանկարծ զգացին անոնք խունկի ու զմուռսի սրբազան անուշահոտութիւն մը որ իրենց շուրջը կը ծաւալէր զարմանալի քնքշութեամբ։

Անոնք ապշած նայեցան իրենց չորս կողմը. ո՛չ տաճար կար, ո՛չ մատուռ, ո՛չ վանք եւ ո՛չ ճգնարան։

Ահա՛ նշմարեցին հեռուն թեւաբաց հսկայ արծիւները անշարժ արձաններու պէս։

Իրենց քայլերը երագեցին, ու գտան վերջապէս նահատակ քաջերը տարածուած գետնին վրայ լուսափայլ ու ծիծաղկոտ…։

Ծունկի վրայ ինկան ձեռնամած, եւ ահա՛ արծիւները իրենց թեւերը բաղխելով ծանր ծանր հեռացան ու աներեւութացան երկնքի բարձրութիւններուն վրայ…։

Ընկերները զանոնք պատնեցին համբոյրներու եւ արցունքներու մէջ ու թաղեցին հոն, հայրենի հողին տակ։

Հանգի՜ստ ձեր ոսկորներուն, հայրենիքի թանկագի՜ն զաւակներ, թո՛ղ յաւիտեա՜ն օրհնուի, յաւիտեա՜ն ապրի ձեր պաշտելի յիշատակը։

***

Ո՜վ դուք հայրենի երկրին լեռներուն կողքին ինկած նահատա՜կ քաջեր, դո՛ւք ինքնապաշտպանութեան համար զէն ի ձեռին կռուող մատա՜ղ առիւծներ, դո՛ւք ցեղին պատւոյն ու փրկութեանը համար մեռնող կտրիճ զաւակներ, մտի՛կ ըրէք թէ ի՞նչ ըսաւ ապագայ պատմութիւնը ձեզ համար. մտի՛կ ըրէք, եւ թո՛ղ ձեր ոսկորները խայտան ձեր անյայտ գերեզմաններուն մէջ…։