Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԿԵԱՆՔԻ ՍԷՐԸ


Մեր հոգւոյն խորը երկու սէր կայ թագնուած, Կեանքի Սէրը եւ Եսի Սէրը։

Անոնք այնքան խորունկ արմատ բռնած են մեր ներսիդին որ մինչեւ մահ մեր հետը կ՚ապրին եւ մեզի հետ գերեզման կը մտնեն, մինչդեռ միւս Սէրերը ժամանակի ընթացքին դէմ թոյլ ու տկար՝ կա՛մ բռնօրէն արմատախիլ կ՚ըլլան, կա՛մ կը մեռցնեն եւ կա՛մ կը մեռնին։

Նկարագրով տկար, հասարակ մարդոց քով, այս Սէրերը շատ հզօր են, այնքա՜ն հզօր որ միւս բոլոր զգացումներուն վրայ տիրաբար եւ միահեծան կ՚իշխեն, ո՛չ մէկ զոհողութեան ընդունակ կ՚ըլլան, ո՛չ մէկ նուիրական բան կը ճանչնան, ո՛չ պարտականութիւն, ո՛չ օրէնք եւ ո՛չ իրաւունք։

Կեանքի Սէրը բնազդական է մեր մէջ. ո՛չ ոք կ՚ուզէ մեռնիլ ըլլա՛յ ծեր, հիւանդկախ, դժբաղդ, անօթի։

Եսի Սէրը նոյնպէս բնազդական է, բայց ոչ առաջինին չափ զօրաւոր եւ տարամերժ, քանի որ Եսը զոհաբերողներ բաւական թուով գոյութիւն ունին պաշտելի էակի մը սիրոյն կամ ո՛ եւ է նպատակի մը յաղթանակին համար. մինչդեռ գիտակցաբար կեանքը զոհաբերող մարդիկ մատներու վրայ կը համրուին։

Պէ՞տք է որ այս երկու Սէրերը զարգացնենք ու զօրացնենք մեր մէջ, կամ պէ՞տք է որ խեղդենք զանոնք դեռ իրենց սաղմին մէջ։

Այս հարցին պատասխանելէ առաջ, նախ պէտք է բացատրենք մենք մեզի թէ՝ ի՞նչ է կեանքը, ինչո՞ւ համար գոյութիւն ունի ան, եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։

Բանաստեղծը կը դաւանի կեանքը իբրեւ արտասուաց հովիտ մը, ուր մարդ դիպուածին մէկ անգութ խաղովը կ՚իյնայ լալու, ցաւելու եւ տառապելու համար միայն։

Դուրեան աշխարհը եւ կեանքը կ՚ընդունի իբրեւ Աստուծոյ մէկ ծաղրը։

Շնական փիլիսոփայութիւնը կեանքը կ՚ընդունի իբրեւ «կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լե՛ր» ի վաղանցուկ շրջան մը՝ ուր կարելի եղածին չափ անուշը պէտք է ընդունիլ եւ լեղին մերժել։

Յոռետես խորհողները, ինչպէս Շօբէնհաուէր, Տէմիրճիպաշեան, կ՚ընդունին կեանքը իբրեւ բացարձակօրէն անիմաստ մէկ վիժուածքը քաոսին, որուն վրայ կը թագաւորէ Նիրվանան։

Քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի զայն իբրեւ մաքրագործումի եւ սրբութեան փորձաքար մը, որմէ արի եւ յաղթական դուրս եկողը պիտի ժառանգէ յաւիտենական կեանքը։

Կեանքի նպատակը սակայն, լաւ տեսնողին համար, սքանչելիօրէն պարզ է, եւ անհունապէս վսեմ իր այդ պարզութեան մէջ։

Կեանքի նպատակն է՝ կատարելագործումը մարդ էակին մտաւոր, հոգեկան ու բարոյական կարողութիւններուն, եւ կեանքը միմիայն ատոր պիտի ձգտի։

Արարիչը իր անհուն իմաստութեամբ կեանքը արթնցուց տիեզերքին վրայ, որպէսզի անիկայ ծառայէ Ճշմարիտին ու Վսեմին յաղթանակին։

Բնութեան մէջ տիեզերքը իր սկզբնական անորոշ վիճակէն լաւագոյն ու կատարեալ վիճակի մը վերածուելու համար հազարաւոր տարիներու աշխատութիւնը քրտնեցաւ։

Կենդանականութիւնն ու բուսականութիւնը, սկիզբէն ճղճիմ ու տկար, անհամար տարիներու ընթացքին մէջ փոխեցին իրենց ձեւերն ու կազմութիւնները եւ հետզհետէ զօրացան ու գեղեցկացան։

Արդ, երբ բնութեան մէջ կը տեսնենք դէպի լաւագոյնը, դէպի կատարեալը ձգելու ոգին, ինչո՞ւ մարդ-արարածը, բնութեան ստեղծագործութեանց մէջ է՛ն կարողն ու մտացին, որ ֆիզիքական ու նիւթական կեանքէն դուրս, բարոյական կեանք մըն ալ կ՚ապրի եւ կոչուած է այդ նո՛յն բարոյական կեանքին ծառայեցնելու իր ֆիզիքական կեանքը, իր մէջ կրէ ա՛յդ նոյն ոգին, եւ լաւագոյն բարոյական կեանք մը ստեղծելու համար չի գործածէ իր ուժերն ու կարողութիւնները։

Չէ՞ որ սերտ կապ մը կայ ֆիզիքական ու բարոյական կեանքին մէջ, ու եթէ ֆիզիքականը դէպի կատարեալը կը ձգտի մտածող, խօսող եւ զգացող էակին, այսինքն մարդուն մէջ, ինչո՞ւ բարոյականն ալ չի ձգտի դէպի կատարեալը։

Ու եթէ ան ուզէր իսկ մնալ իր նախնական-անասնական կեանքին մէջ, պիտի կարենա՞ր, քանի որ բնութեան անդիմադրելի օրէնքներուն, որոնց ենթակայ է ամենուն պէս ինքն ալ, անոր մղիչ ոգւոյն հետ մտքի լոյսը կը ծագէր, գիտակցութեան ուժը կ՚արթննար իր ուղեղին մէջ եւ զայն կը մղէր յառաջ, միշտ յառաջ անդիմադրելի ուժգնութեամբ։

Կանուխէն ուրեմն ըմբռնելով կեանքի գերագոյն ու սուրբ նպատակը, մենք կեանքը պիտի գործածենք անվերապահօրէն անոր փառաւոր յաղթանակին, ինչպէս կը գործածենք մեր միտքը, մեր ուժը, մեր կորովը մեր առօրեայ գործերուն յաջողութեանը համար։

Կեանքի Սէրը, ապրելու տենջանքը արդարացի է, բնական եւ օրինաւոր, սակայն եթէ հարկը պահանջէ՝ մարդ պիտի գիտնայ տալ զայ գիտակցաբար, եւ ոչ թէ պարագաներու կամ դէպքերու ազդեցութեան տակ գերագրգռուելով…։

Պիտի գիտնայ մեռնիլ եւ ասիկայ՝ կեանքի գիտակցութիւնը լիովին ըմբռնած ըլլալէ կախումն ունի. եւ որքան կանուխէն ու շիտակ ըմբռնենք այդ գիտակցութիւնը, այնքան քիչ պիտի վախնանք մահուանէ եւ մահը այլեւս պիտի դադրի մեզի սարսափ ու սոսկում պատճառելէ։

Պահպանել կեանքը, տարամերժ սիրով մը գուրգուրալ անոր վրայ, երբ մեր բարոյական կատարելագործման յաղթանակը անոր զոհաբերութիւնը կը պահանջէ, ատի՛ վատութիւն է պարզապէս։

Դժբաղդաբար շատ ցանցառ, բայց եւ այնպէս սքանչելի օրինակները ունինք մեր աչքին առջեւ կեանքի նշանակութիւնը ըմբռնողներու…։

Գիտենք գիտութեան մարդիկ, բժիշկներ, որոնք իրենց կեանքը տուած են որպէս զի գիտութիւնը ապրի, եւ գիտութեամբ մարդկութիւնը բաղդաւորուի։

Իրենց անձին վրայ կատարած են սոսկալի փորձեր. թոքախտի միքրոպներ ներարկած են իրենց արեան մէջ, ելեքտրական ցնցումներու ենթարկած են իրենց մարմինը, որպէս զի մարդկութիւնը չարչարող զանազան հիւանդութեանց գաղտնիքներուն թափանցեն, եւ մարդկային կեանքը փրկեն։

Գիտենք անվեհեր մարդիկ, որոնք ծովուն կամ կրակին մէջ նետուած են քաջաբար մարդկային կեանք մը փրկելու համար դարձեալ…։

Գիտենք ազնուական տղաքներ, որոնք հուրին ու սուրին բերանը կեցած են անվախ, որպէս զի հայրենիքը ապրի…։

Սոկրատ կամովին մահը գրկեց իր սկզբունքներուն յաղթանակին համար։

Տալ կեանքը, ամէն գեղեցիկ ու նուիրական բաներու համար, տա՛լ հայրենիքին, տա՛լ եղբօրը, տա՛լ պատւոյն, տա՛լ սկզբունքին, տա՛լ գաղափարին, տա՛լ գիտութեան, կը նշանակէ յաւիտենապէս ապրեցնել հայրենիքը, պատիւը, սկզբունքը, գաղափարը, գիտութիւնը եւ այսպէս՝ մահկանացու կեանքը անմահացնել, մշտնջենաւորել, յաւէրժացնել պաշտելի զգացումներու համար մղուած պայքարին եւ տարուած յաղթանակին մէջ…։

Ուրեմն կեանքի իրական նշանակութեանը եւ իրական արժէքին մասին, ա՛յս գիտակցութիւնը պէտք է ներշնչենք մեր զաւակներուն, մեր մատաղ սիրելիներուն, երբ անոնք դեռ եւս անգիտակից իրենց աչքերը խոշոր եւ զարմացկոտ կը բանան առաջին անգամ կեանքին եւ տերեւը, ծաղիկը ու թռչունը կը տեսնեն դեռ միայն…։