Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)


Եւ թարմ ու ծիծաղկոտ, իր տասներկու գարուններով, գուրգուրանքի ու խանդաղատանքի ջերմիկ մթնոլորտէն ինկեր էր ան, գահավէժ անկումով, խոժոռ տուն մը՝ ուր խիստ նայուածքներու, կոպիտ վարմունքներու միայն հանդիպեր էր… ինքը՝ որ մինչեւ այդ օրը համբոյրի, գգուանքի, մշտական ծիծաղի մէջ ապրեր էր…։