Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա. ՀԻՒԱՆԴ ՍԷՐ


Ուրիշ առթիւ «Երկու Սէր» խորագրին տակ մենք խօսեցանք կեանքի սիրոյն, կեանքի նշանակութեան, կեանքի նպատակին մասին, եւ այդ առթիւ՝ մանրամասնօրէն պարզեցինք մեր տեսութիւնները։

Մենք տեսանք որ, կեանքը որքան ալ հրապուրիչ եւ հեշտալի պարգեւ մը թուի՝ անոր վրայ առերեւոյթօրէն նայողին համար, շատ դժուարին եւ տանջանալից ճամբայ մըն է սակայն անոնց համար ալ՝ որոնք պարտաճանաչ եւ գերազանցօրէն ազնիւ ու տոկուն նկարագրով մը օժտուած, կ՚աշխատին կեանքը իր բուն նպատակին ծառայեցնելու, եւ ոչ թէ կ՚ապրին սոսկ ապրելու հաճոյքին համար։

Եւ սակայն Նախախնամութիւնը կեանքի այս դժուարութիւնները դիւրատար եւ քաղցրօրէն հաճելի ընծայելու համար, մարդուն սրտին մէջ դրած է աստուածային կայծ մը, Սէրը, որը միահեծան կը տիրապետէ կեանքին վրայ Ադամէն ի վեր, եւ անվրէպ մահուան դառն մտածումն իսկ չի կրնար վայրկեան մը սքօղել անոր պայծառութիւնը եւ ամպոտել անոր մշտածիծաղ եւ ջինջ երկինքը…։

Եթէ կեանքը ըլլար նոյն իսկ քաոսին մէկ անիմաստ վիժուածքը, ըստ յոռետես իմաստասէրներու, դարձեալ կ՚արժէր ծնիլ՝ Սէրը ճանչնալու համար միայն։

Եւ կ՚ենթադրեմ թէ՝ Սէրը, Քրիստոսի այնքան սքանչելիօրէն տարփողած երկնաւոր վայելքներուն մէկ շատ տժգոյն ցոլքը, մէկ շատ նուաղկոտ նշոյլը ըլլալու է արձակուած երկրի վրայ, մեզի տալու համար նախահամը յաւիտենական Սէրերու գերազանց քաղցրութեանը։

Երբ Աստուած մը կ՚ըսէ, «Աստուած Սէր է» կը նշանակէ թէ՝ անանց եւ բաղձալի երջանկութիւնը մահկանացուներու պիտի տայ Սէրը միայն…։

Եւ ուրիշ ի՜նչ երջանկութիւն կրնայ տալ արդէն մեզի երկինքը։

Ի՞նչ բան կրնայ այնքա՜ն յուզել, խռովել, հրդեհել, յեղաշրջել յանկարծ մարդու մը հոգեկան աշխարհը, եւ մէկ անգամէն տիրապետել անոր կամքին, ճակատագրին, մէկ խօսքով բովանդակ էութեանը վրայ։

Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ այնքա՜ն զօրացնել ազնուացնել, բարձրացնել, կատարելագործել, պիտի ըսեմ աստուածացնել մարդը։

Դժբաղդ է ան՝ որ անընդունակ է սիրելու, եւ կեանքի մէջ քիչ չէ նմանօրինակ դժբաղդներու թիւը, նոյն իսկ եթէ աշխարհ մը վայելք ունեցած ըլլան։

Անոնք ամենախեղճօրէն աղքատ են, գետնաքարշօրէն թշուառ են, քանի որ սիրել չեն գիտեր։

Առանց սիրոյ, իրական վայելք չկա՛յ բնաւ։

Իրապէս երջանիկ է այն մարդը միայն, որը թէպէտ բաղդին խորթ զաւակը աշխարհային մեծութեանց եւ ճոխութեանց տեսակէտով, իր սրտին մէջ կը կրէ սակայն աստուածային կրակը։

Ինչքա՜ն խորունկ վշտեր, ի՜նչ անդարմանելի դժբաղդութիւններ մոռցուած են, ինչքա՜ն մեռած սրտեր վերակենդանացած են այդ աստուածային կրակին մէկ կայծէն միայն…։

Ո՞վ է այն մարդը, որը իր ամենէն յուսահատ եւ ընկճուած վայրկենին գլուխը չէ՛ բարձրացուցեր յանկարծ հպարտութեամբ, իր տխուր մտածմանց սեւ խորքերուն մէջ տեսնելով յեղակարծօրէն փայլատակիլը իր սիրելւոյն պաշտելի պատկերին։

Ո՞վ է այն մարդը, որ ինքզինքը Աստուծոյ մը չափ յաղթական չի զգար, երբ իր ձեռքին մէջ սեղմած կը պահէ իր սիրելւոյն ձեռքը։

Եւ ծերութեան տխուր օրերուն մէջն իսկ, ուր մարդ յիշատակներով կ՚ապրի միայն, արդեօք մեր միտքն ու սիրտը ամենէն աւելի գուրգուրանօք կանգ չե՞ն առներ այն ժամանակներուն վրայ՝ ուր սիրեր ու սիրուեր ենք, եւ ուր խանդավառուեր ենք սիրեցեալ էակի մը պաշտելի ազդեցութեան տակ։

Ուրեմն կեանքի շարժիչ զօրութիւնը, ամէն յառաջդիմութեան, ամէն գեղեցիկ ու վսեմ բաներու, ամէն գերազանց ուժերու, ամէն խանդի ու եռանդի աղբիւրը, Սէրը, պէտք է ընդունինք որ երկինքէն եկած է մեզի, քանի որ ունի աստուածային բնութիւն։

Սակայն ինչպէս ամէն երկնային պարգեւ երկրի վրայ իյնալուն պէս կը խաթարուի, կ’այլափոխուի, կը կորսնցնէ իր երկնային բուրմունքը, այնպէս եւ Սէրը, երկնային այդ գերազանց շնորհը կը փոխէ օրը օրին իր հրաշալի բնոյթը։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ չենք գիտեր սիրել։

Ի՞նչ կը սիրենք առ հասարակ այսօր սիրեցեալ էակին վրայ. չէ՞ որ ֆիզիքական շնորհները ամե՛ն բանէ առաջ, եւ ամե՛ն բանէ աւելի կը գրաւեն մեր աչքերը, մեր միտքը, մեր սիրտը։

Ասիկայ ահա հիւանդոտ Սէրն է։ Ասիկա՛յ մեղաւոր Սէրն է։ Ասիկա՛յ լպրիշ Սէրն է, որը իր մէջ ոչինչ ունի մաքուր ու գեղեցիկ։

Ու բնական է որ տեւական չկրնայ ըլլալ Սէրը, եթէ միայն հիմնուած ըլլայ մարմնական առաւելութիւններու վրայ, ատկից ահա կը ծագի սխալ վարդապետութիւնը թէ՝ «Սէրը տեւական զգացում մը չէ՛ երբէք»։

Գեղեցիկ մը կրնայ ուրիշ գեղեցիկ մը գերազանցել, հետեւաբար եւ մարդ կրնայ միշտ ձանձրանալ ամենէն մարմարեղէն, ամենէն փարթամ եւ հոյակապ գեղեցկութենէն քանի որ միօրինակ է ան եւ ուրիշ նոր գեղեցկութիւններ ամէն օր կրնան յանկուցանել իր աչքերը։

Ֆիզիքական գեղեցկութեան հրապոյրները, որոց տիրանալու համար հազար ու մէկ խենդութիւններ կ՚ընեն մարդիկ, կը տեւեն այնքան՝ որքան կը տեւէ վայելքը. տիրացումի յաղթանակէն ետքը՝ ալ սէրը իր վերջակէտը դրած է հոն։

Ահա թէ ինչպէս, Սէրը, այդ երկնային հրաշալի ծաղիկը կը փեթռտուի հոս, երկրի վրայ, սխալ ըմբռնողութիւններու եւ սխալ փիլիսոփայութիւններու հետեւանօք։

Չեմ ըսեր թէ՝ ֆիզիքական շնորհները չունին իրենց նշանակութիւնը Սիրոյ մէջ. գուցէ փոխադարձ համակրութիւնը առաջին անգամ դրսերեւոյթը կը ստեղծէ. բայց համակրութենէն դէպի Սէր ահագին անջրպետ կայ. եւ ֆիզիքական շնորհները չեն կրնար երբէք խորունկ ու տեւական Սէր ներշնչել ցորչափ կը մնան միայն ֆիզիքական շնորհ։

Ֆիզիքական շնորհներու վրայ հիմնուած Սէրը, մարմնական Սէր միայն կրնանք կոչել, եւ յափրացումը չուշանար։